Հիմա Արդէն Ուրիշ Հայաստան է, Հանրապետականը Այլընտրանք Չունի

1054

Նամակ Երկրէն  

Նիկոլ Փաշինեանը այսօր Հանրապետական կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան հետ հանդիպում ունենալէ եւ հարց ու պատասխանի առաջին փորձութիւնը յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, իր հերթական քայլարշաւը ունեցաւ Երեւանի փողոցներուն մէջ եւ յետոյ Հանրապետութեան հրապարակ ուղղուեցաւ, այնտեղ հաւաքուած բազմահազար ժողովուրդին հետ իր ամէնօրեայ հանդիպումը ունենալու:

Նիկոլին ճառին մասին չեմ ուզէր այստեղ խօսիլ: Ոգեւորող ու բոցաշունչ իր ելոյթները շատ արագ կը տարածուին համացանցով եւ տասնեակ հազարաւոր դիտումներու կ’արժանանան:

Աւելի շատ կ’ուզեմ այստեղ անդրադառնալ Նիկոլի օգնականներու բացած փակագիծերուն, որոնք ապագայ իրենց գործունէութեան ուրուագիծը յստակացուցին, մանաւանդ այն սկեպտիկներուն համար, որոնք օրերէ ի վեր կը բողոքեն Նիկոլի եւ իր խմբակի շանթաժներուն, իշխանութիւնը բռնի ուժով գրաւելուն, ասոր-անոր խրատները եւ խորհուրդները չլսելուն, պատրանքներով տարուած ըլլալուն, եւայլնի մասին: Ցաւալի է, որ այս սկեպտիկները չկրցան ցարդ հասկնալ, որ Նիկոլը սկսաւ, ղեկավարեց եւ առաջնորդը դարձաւ յեղափոխութեան մը, որուն յաջողութեան չէին հաւատար ու հեգնանքով կ’արտայայտուէին նոյնիսկ յեղափոխականութիւնը աւանդական կենսաոճ դաւանող քաղաքական որոշ ուժեր: Յետ խորհրդային երկիրներուն մէջ ամէնէն խաղաղ, ամէնէն ժողովրդական, ամէնէն ծաւալուն, ամէնէն նորարար եւ ամէնէն յաջող յեղափոխութեան առաջնորդին յանկարծ սկսան աջէն ու ձախէն խրատներ ու յորդորներ կարդալ, ազգային միութեան դասեր տալ եւ պնդել, որ ան պէտք է բաւարարուի մենատէրին հրաժարականով, երկրի եւ ազգի քաղաքական ղեկը յանձնելով նոյն այդ մենատէրի սնուցած եւ աճեցուցած փոքր ու մեծ ժառանգորդներուն:

Իրա՞ւ:

Կա՞յ աշխարհի մէջ օրինակ մը, ուր ամէնէն անհաւանական պայմաններու տակ՝ քաղաքացիական անհնազանդութեան միջոցներով համաժողովրդական խաղաղ յեղափոխութիւն սկսած ու յաջողցուցած ղեկավար մը, տարիներով ամուլ գործունէութիւն ծաւալած ու մենատէրի ճշդած օրէնքներով առաջնորդուող մարդոց զիջի իր յաջողութիւնը, կամ առաջնորդուի բացառապէս անոնց խորհուրդներով: Յեղափոխութիւնը շահած ոեւէ առաջնորդ ընդհանրապէս կը թելադրէ ի՛ր պայմանները եւ ոչ թէ՝ հակառակը: Շատ պարզ է, որ ան չենթարկուիր ցարդ ոչ մէկ լուրջ փոփոխութիւն բերած մարդոց թելադրանքներուն: Յեղափոխութեան եւ անոր առաջնորդի նեկայացուցած վտանգներուն մասին այնքա՜ն շատ էին աւետարան կարդացողները, որոնց անդրադարձաւ գրող Նուշիկ Միքայէլեանը, կատարելով դիմատետրեան հետևեալ շատ ուշագրաւ գրառումը.

«Խեղճ ժողովուրդ… Ձենդ չես հանում՝ ասում են ոչխար ես… Ձենդ ես բարձրացնում՝ ասում են զգացմունքային ես եւ անհերատես… Ու ասողները հիմնականում նրանք են, որ պէտք է իրենց խելքով՝ լուծած լինէին քո ոչխար չլինելու եւ զգացմունքներին չտրուելու խնդիրը… Իսկ ահա, հենց իրենք փաստում են որ խնդիրը չեն լուծել… Հիմա կա՞յ մէկը ում պէտք է մեղադրել, թէ՞ մեղաւորն էլի ժողովուրդն է…»:

Բոլոր սկեպտիկները հաւանաբար Ապրիլ 30-ի գիշերը տեսան, որ ո՛չ ժողովուրդն է ոչխար, ոչ ալ յեղափոխութեան առաջնորդն է արկածախնդիր: Իբրեւ յեղափոխութիւնը սկսած եւ յաղթանակով աւարտած ղեկավար, Նիկոլ Փաշինեան վարչապետի պատասխանատու պաշտօնը ստանձնելու յստակ նպատակ յայտարարեց եւ իր գործընկերները այսօր բացին փակագիծը եւ 4 կէտերով բացատրեցին իրենց ծրագիրը՝

1. Նիկոլ Փաշինեանին ընտրել վարչապետ՝ սահմանադրութենէն բխած ընթացակարգին համաձայն:

2. Երկրին մէջ աշխատիլ համերաշխութեան մթնոլորտի տարածման համար, խաղաղեցնելով կիրքերը եւ զսպելով ծայրայեղական տրամադրութիւնները:

3. Ձեւաւորել համաձայնական կառավարութիւն եւ

4. Հնարաւոր ամենակարճ ժամկէտին կազմակերպել ԱԶԱՏ, ԱՐԴԱՐ եւ ԱՆԿԱՇԱՌ ընտրութիւններ՝ իսկապէս ժողովուրդի կամքը արտայայտող Ազգային Ժողով եւ իշխանութիւն ունենալու համար, իբրեւ ամենակարեւոր երաշխիք՝ մեր երկրի զարգացման եւ հզօրացման:

Պարզ եւ յստակ:

Բայց եկէք ու տեսէք, որ Հանրապետական կուսակցութիւնը դեռ եւս իր հաւանութիւնը չէ յայտնած Նիկոլի թեկնածութեան: Ոչ ալ Նիկոլի ծրագրին: Նոյնիսկ կը փորձէ տապալել ընտրութիւնները։ Մինչեւ վերջին վայրկեան առաւելագոյն շահով, կամ՝ նուազագոյն վնասով դուրս գալու համար Հանրապետականի խաղերը այս ճգնաժամին վերջ դնելուն չեն ծառայէր: Աւելին, Նոր վարչապետի ընտրութիւնը ձախողեցնելու, կամ ընտրութենէն ետք անոր գործունէութիւնը տապալելու եւ երկրի ղեկին կրկին տիրանալու փորձերը պարզապէս պիտի ծառայեն քաղաքական ճգնաժամը երկարացնելուն եւ վտանգաւոր ապակայունացումի տարածման: Յոյսով ենք, որ Հանրապետականը կը գիտակցի, թէ երկրի ներքին կեանքի յաւելեալ ապակայնուցման եւ անոր հետեւանքներուն ամբողջական պատասխանատուութիւնը կ’իյնայ միայն ու միայն իր վրայ: Հանրապետականը Նիկոլին վարչապետութեան թեր քուէարկելէ զատ այլընտրանք պարզապէս չունի: Այլընտրանքը ազգին ու պետութեան սպառնացող չափազանց մեծ վտանգն է:

Իսկ յեղափոխութեան եւ անոր առաջնորդին մասին կասկածով մօտեցող Սփիւռքի եւ Հայաստանի սկեպտիկներուն կը յանձնարարենք ամգամ մը եւս կարդալ Նուշիկ Միքայէլեանի գրառումը եւ փոխանակ Նիկոլին ու անոր չորսդին հաւաքուած փայլուն երիտասարներուն խրատներ տալու, իրենց խօսքն ու յորդորը ուղղեն Հանրապետականին, յիշեցնելով, որ երկրի մէջ ստեղծուած կացութեան պատասխանատուն նախ եւ առաջ իրե՛նք են, իրենք են նաեւ ապագայ ապակայնուցման հետեւանքներուն պատասխանատուն: Ուրեմն՝ Մայիս 1-ին Հայաստանը պիտի ունենայ նոր Վարչապետ, որուն պիտի տրուի իր ծրագիրը իրագործելու ամբողջական աջակցութիւն:

Հայաստանը տարբեր էր Ապրիլ 23-էն առաջ, տարբեր է Ապրիլ 23-էն յետոյ: Ու վե՛րջ:

Գրեցէք ինծի։

Rafdoud@aol.com

Րաֆֆի Տուտագլեան