Քայլ արա՝ մերժի՛ր Սերժին

1063

Հիմա կարգ մը իմաստակներ սկսած են աջ ու ձախ սարսափ տարածել, թէ հայեր ջան, եթէ յանկարծ այս ռեժիմը փոխուի, գիտե՞ք ի՜նչ քաոս կը ստեղծուի, գիտե՞ք որ Հայաստանը քար ու քանդ կը լինի, Ադրբեջանն էլ մեզ կը ջախջախի…

Իյա՜, իրօ՞ք…

Ուրեմն միայն Սերժիկի՞ պատճառով է որ մենք շնչելու բախտին արժանացած ենք այս երկրին մէջ, եւ եթէ ինքը չըլլայ, երկիրը կը վերջանա՞յ, ոտնատա՞կ կ’երթայ…

Աստուած իմ…

Ուրեմն այդպէս, եթէ օրից մի օր Սերժիկը ինֆակտ ունենայ եւ աշխարհից հեռանայ մենք պիտի կորսնցնե՞նք Հայաստանը, քաոսի մէ՞ջ պիտի իյնանք, բանակը պիտի քանդուի՞, արեւն ալ այլեւս Հայաստանի վրայ պիտի չծագի՞:

Լաւ էլի, հերիք է այլեւս ժողովուրդին վախցնէք անկայունութեամբ ու քաոսով:

12 օր է տասնեակ հազարաւորներ ցոյց կ’ընեն Հայաստանի մէջ, ու բացի Սերժի անձնական պահակագունդին վերածուած ոստիկանութենէն, ոչ ոք օրէնք չխախտեց, ոչ մէկ քաոսային արարք եղաւ. Սերժը ոչ Հայաստանն է, ոչ Հայութեան աստուածը…

Իր գործը վատ-աղէկ ըրած-պրծած քաղաքական գործիչ է ու վերջ:

Այսօր թէ քաղաքական ուժերուն, եւ թէ Երեւանի ցուցարարներուն մէջ կան բազմաթիւ ղեկավարներ, որոնք կրնան երկրի ղեկը ստանձնել եւ արժանավայել գործ կատարել:

Երեւի ձեր մտահոգութիւնը ոչ թէ Սերժիկն է, այլ անոր ստեղծած կերակրամանը, որուն շուրջ դուք անյագ ախորժակով նստած, լափելու մշակոյթին մաս կազմած եք եւ հիմա- երբ արդէն նոր իշխանութիւններ պիտի գան, դուք սարսափած եք, որ լափամանէն պիտի զրկուիք: Ոչինչ, դուք այնքան ճարպիկ ու ճկուն էք, որ նորերուն ալ շուտով կը յարմարիք…

Ուրեմն՝ քայլ արա՝ մերժի՛ր Սերժին։

Րաֆֆի Տուտագլեան

Ֆեյսբուք