Ապրիլ 24-ի օրը հեռու մնալ ներքին լարուածութիւն յառաջացնող քայլերէ. Արամ Ա.

1163

Երկուշաբթի, 23 Ապրիլ 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ միաբանական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։

Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գծերով պարզեց Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող իրադարձութիւնները։ Ան շեշտեց, որ մեր եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ, սոսկ դիտողի կրաւորական վիճակին մէջ մնալ ի տես հայրենիքէն ներս պարզուող ներկայ բողոքի ու ընդվզումի արտայայտութիւններուն։ Հայրենիքը ժողովուրդն է. եկեղեցին ժողովուրդն է։ Հետեւաբար, ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եկեղեցւոյ կոչումն է՝ միշտ օրէնքի սահմաններուն մէջ եւ մեկնելով հայրենիքի գերագոյն շահերէն։

Ապրիլ 24-ի նախօրեակին, մեր Սուրբ Աթոռին միաբանութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեց Ապրիլ 24-ի նուիրականութիւնն ու խորհուրդը անաղարտ պահելու հրամայականը՝ յատկապէս յիշեցնելով, թէ Ապրիլ 24-ը սովորական օր չէ մեր ժողովուրդին համար. մեր նահատակները յիշելու եւ անոնց սրբազան կտակը մեր զաւակներուն ու աշխարհին յիշեցնելու նուիրական օր է։ Աշխարհը մեզ կը դիտԷ։ Հետեւաբար, բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութեամբ ու երկիւղածութեամբ հարկ է Ապրիլ 24-ի խորհուրդն ու ոգին յարգել ու արժեւորել։

Հետեւաբար, Վեհափառ Հայրապետն ու միաբանութիւնը կոչ ուղղեցին մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն Ապրիլ 24-ի օրը հեռու մնալու ներքին լարուածութիւն յառաջացնող քայլերէ եւ յարգելու մեր նահատակներուն յիշատակն ու պատգամը։