Մալազկիրթ/Մանազկերտի քազա՝ ժողովրդագրութիւն. Յուշամատեան

2174
Հեղինակ՝ Տիգրան Մարտիրոսեան, 10/04/18 (վերջին փոփոխութիւն՝ 10/04/18), թարգմանութիւն՝ Վարդան Մատթէոսեան

Մալազկիրթ/Մանազկերտ հիւսիսէն դիտուած։ Խորքին կ՚երեւի Սիփան լեռը (Աղբիւր՝ Lynch, H.F.B. Armenia: Travels and Studies, volume 2: The Turkish Provinces, London, 1901)։

Մանազկերտը խիտ հայկական բնակչութեամբ գաւառակ մըն էր մինչեւ ԺԸ. դարու կէսերուն, որ օսմանեան դարաշրջանին կը տեղադրուէր Պիթլիսի վիլայէթի Մշոյ սանճագի հիւսիս-արեւելեան եզրին։ Գաւառակին տարածքը մեծաւ մասամբ կը կ՚ընդգրկէր Մեծ Հայքի Տուրուբերան աշխարհի Ապահունիքի գաւառը։ Գաւառակին գլխաւոր գիււղաքաղաքը միեւնոյն անունը ունէր։ Մանազկերտ գիւղաքաղաքը, որ հին ժամանակներուն Մանաւազակերտ անունով ծանօթ էր, պատմական Հայաստանի ամենէն անառիկ բերդերէն մէկն էր՝ աշտարակներով օժտուած իր պարիսպներուն պատճառով։  Բնակչութիւնը 30.000-35.000 հոգի կը հաշուէր, որոնք կ՚ապրէին 6.000 տուներու մէջ [1]։ Առասպել մը գիւղաքաղաքին անունը կը կապէ Ուրարտուի թագաւոր Մենուայի անունին [2]։ Ուրիշ վարկած մը կ՚առաջարկէ, որ գիւղաքաղաքը կոչուած է Հայկ նահապետի որդիներէն Մանաւազի անունով։ Ք. Ա. Դ. դարէն մինչեւ Ք. Ե. Զ. դար, Ապահունիքը պատկանած է Մանաւազեան տան նախարարներու, որոնք Մանաւազի շառաւիղ ըլլալը կը պնդէին, եւ ապա՝ Աղբիանոսեան տոհմին։ Է. դարուն, արաբական նուաճումէն ետք, նախարարները շարունակեցին գաւառակը կառավարել իբրեւ արաբ էմիրներու հպատակներ։

Տարօնէն հայ ընտանիք մը իրենց աւանդական տարազներով, որոնք կը գործածուէին Մուշի եւ Խնուսի դաշտին մէջ (Աղբիւր՝ Կարօ Սասունի, Պատմութիւն Տարօնի աշխարհի, Բ. տպագրութիւն, Անթիլիաս, 2013)

Ժ. դարու վերջաւորութեան, Մանազկերտ բիւզանդական արեւելեան ծաւալումին թիրախը դարձաւ։ Այս քաղաքականութիւնը կը նկատուէր ինքնապաշտպանութեան միջոց մը կամ դարեր առաջ արաբներու ձեռքը ինկած հողերու վերագրաւումը [3]։ Յաջորդ դարու սկիզբին, սակայն, բիւզանդացիները պիտի դիմագրաւէին սելճուքներուն՝ թուրքերու օղուզ ճիւղին պատկանող թիւրքմէնական վաչկատուն ցեղ մը, որ Ժ. դարուն սկսած էր Միջին Ասիոյ խորերու տափաստաններէն գաղթել դէպի արեւմուտք։ Սելճուքները իսլամացան Պարսկաստանի տարածքին մէջ ու ապա դէպի Փոքր Ասիա ծաւալելէ քիչ ետք։ Թէեւ մերթ ընդ մերթ արեւելեան Փոքր Ասիա արշաւած էին, բիւզանդական վերահսկողութիւնը բաւարար եղած էր՝ շրջանի հայկական եւ յունական բնակչութիւնը պահպանելու համար։ Սակայն, 1071-ին, սելճուքները պարտութեան մատնեցին բիւզանդացի կայսր Ռոմանոս Դիոգինէսի բանակը Մանազկերտի քով [4]։ Բիւզանդական պարտութիւնը Կարինը, Երզնկան եւ արեւելեան Փոքր Ասիոյ ուրիշ հայկական շրջաններ [5] բացաւ թուրք-իսլամական նուաճումին առջեւ եւ շրջանի թրքացումի ու իսլամացումի երկար գործընթացին սկիզբը նշանաւորեց [6]։ ԺԶ. դարուն, Մանազկերտը կցուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան։

Մանազկերտ. Ապրիլ 1903-ին տեղի ունեցած երկրաշարժին հետքերը եւ տեղացի աղետեալներ (Աղբիւր՝ Raymond H. Kévorkian/Paul B. Paboudjian, Les Arméniens dans l’Empire Ottoman à la veille du génocide, Paris, 1992)

Դար մը ետք, գաւառակին հայկական գիւղերը աւերուեցան օսմանա-պարսկական պատերազմներու շարքի մը ընթացքին։ 1770-ական թուականներուն, Մանազկերտի եւ դրացի Խնուսի շէյխերու բախումներուն հետեւանքով, բազմաթիւ հայկական գիւղեր կործանեցան։ Ըստ «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան»ի հեղինակներ Թադեւոս Յակոբեանի, Ստեփան Մելիք-Բախշեանի եւ Յովհաննէս Բարսեղեանի, ԺԸ. դարու առաջին կէսի 220.000 բնակիչներէն միայն շուրջ 60.000-ը երկրորդ կէսին մնացած էր [7]։ Քրտական կիսաթափառական ցեղախումբերու ներխուժումը այլափոխեց գաւառակին ժողովրդագրական պատկերը, իսկ վարելահողի եւ արօտավայրերու համար ցեղապետերու պայքարը բռնության ալիք բարձրացուց հայերու դէմ, որոնք կը տիրէին անոնց մեծ մասին։ 1828-1829-ի ռուս-թրքական պատերազմի ընթացքին, շրջանի հարիւրավոր հայ բնակիչները ռուսական նահանջին հետեւեցան ու հաստատուեցան Արեւելեան Հայաստանի ու ռուսական Անդրկովկասի մէջ։ Առիթէն օգտուելով, քիւրտերը տեղաւորուեցան լքուած գիւղերու մէջ։ 1869-ին, անգլիացի գլխաւոր հիւպատոս Ճոն Ճորճ Թէյլըր կը զեկուցէր, որ Մանազկերտի դաշտավայրը «գաւառակի հասարակաց անէծքով վարակուած էր», ակնարկելով Հասանանլի եւ Միլլանլի ցեղախումբերու քիւրտերուն, որոնց թիւը 3.500-ի կը հասնէր։ Հայերը, որոնք, անոր խօսքով, «դաշտի ժրաջան բնակչութեան գլխաւոր բաժինը կը կազմէին, մատակարարելով ամբողջ հողագործութիւնն ու առեւտուրը», թիւով 2.100 էին [8]։

Մանազկերտի գաւառակը (Աղբիւր՝ Vital Cuinet, La Turquie d’Asie: géographie administrative, statistique, descriptive et raisonée de chaque province de l’Asie-Mineure, volume 2, Paris, 1891)։

1877-1878-ի ռուս-թրքական պատերազմէն ետք, օսմանեան իշխանութիւնները քաջալերեցին Ռուսաստանէն եկող մուհաճիրներու վերաբնակեցումը Մանազկերտի գիւղերուն մէջ։ Ասոնք բաղկացած էին Հիւսիսային Կովկասի գաղթականներէ՝ չէրքէզներ, օսեր, լեզգիներ եւ չէչէններ, ինչպէս եւ Կարսի նահանգէն թուրքերէ ու կարապապաքներէ։ 1880-ական թուականներու սկիզբին, 200-ի չափ իսլամ ընտանիքներ վերաբնակեցուած են Մանազկերտի եւ Պուլանըխի գաւառակի ստորին գիւղախումբին (նահիյէ) մէջ [9], մինչ Հասանանլիի եւ Սիպկանի ցեղախումբերը գաւառակի մեծագոյն մասին կը տիրանային [10]։ Հասանանլիի ցեղակցիները կը գրաւէին Օշականի հովիտի (քրտերէն Հաւթրանկ՝ «եօթը գոյներ») մեծ մասը, որ Մանազկերտի ընդմէջէն կ՚երկարաձգուէր արեւմտեան ուղղութեամբ՝ Արածանի (Մուրատ) գետի ափերու երկայնքին [11]։ Ֆրանսացի աշխարհագրագէտ Էլիզէ Ռեքլիւ կը տեղեկացնէր, որ 1880-ական թուականներու վերջերուն, գետի վերի հովիտը բնակուած էր քրտական ցեղախումբերով, եւ որ շրջանի բնակչութեան հազուագիւտ կեդրոններու շարքին յիշատակութեան արժանի էին «Մանազկերտը, որ Թուզլա-սու գետի, կամ “Աղի գետ”, աղը կը մատակարարէր Հայաստանի մեծ մասին, եւ Մուշը» [12]։ Օշականի (Հաւթրանկ) հովիտի հողը գերազանց որակի արմտիք կը հայթայթէր, սակայն գաւառակի հարաւ-արեւելեան մասի լայնարձակ դաշտը ամայի էր ու անգործածական՝ հողագործական աշխատանքի համար։ Ահա թէ ինչու, քրտական ներհոսքի կողքին, Մանազկերտի գիւղերու հայկական տուներու թիւը այնքան մեծ չէր ինչպէս, օրինակ, Պուլանըխի դրացի քազային մէջ [13]։

1) Ղուկաս Ինճիճեանի Աշխարհագրութիւն չորից մասանց աշխարհի գիրքին կողքի էջը (Վենետիկ, Ս. Ղազար, 1822)։

2) Գարեգին Սրուաձնտեանցի Համով-հոտով գիրքին կողքի էջը (Պոլիս, 1884)։

1883-ին, օսմանեան իշխանութիւնները Մանազկերտին քազայի կարգավիճակը տուին եւ անոր տարածքը մուծեցին Պիթլիսի վիլայէթին մէջ։ Իսլամներու թիւը բարձրացնելու համար, իշխանութիւնները նորակազմ քազային կանխամտօրեն աւելցուցին Էրզրումի վիլայէթի Գարայազի քազան, որ գրեթէ ամբողջութեամբ քիւրտերով բնակուած էր [14]։ Որպէս հետեւանք, Մանազկերտի սահմանները ձգուեցան դէպի հիւսիս-արեւմուտք՝ Տուարածատափի (Գարայազ) հովիտէն անդին, Տութաղ (Թութակ) գիւղաքաղաքի հիւսիս-արեւմուտքէն անցնելով։ Ժողովրդագրական ու վարչական ձեռնածումներու պատճառով, ԺԹ. դարու վերջաւորութեան, քազայի բնակչութեան մեծ մասը իսլամներէ բաղկացած էր։ Մանազկերտի հայերու թիւը նուազեցաւ 1894-1896-ի համիտեան ջարդերուն ժամանակ ու անկէ ետք, երբ հարիւրաւոր մարդիկ սպաննուեցան ու հազարաւորներ ալ փախան Ռուսաստան։ Ջարդերու վաղորդայնին, Սպարկերտէն, Խիզանէն եւ Պիթլիսի նահանգի այլ գաւառներէ հայ բնակիչներ վերաբնակեցան Մանազկերտի կարգ մը գիւղերու մէջ, ինչ որ չափով մը բարելաւեց հայկական ժողովրդագրութեան պատկերը։ Սակայն, Մայիս 1903-ին, Սիփան լերան մօտերը կեդրոնացած աղէտալի երկրաշարժ մը Մանազկերտի շուրջ 700 հայերու կեանքը հնձեց, հինգ մօտակայ գիւղեր քանդեց եւ 17 այլ գիւղեր աւերեց [15]։ 1912-1913-ի առաջին պալքանեան պատերազմէն ետք, օսմանեան իշխանութիւնները սատար հանդիսացան մուհաճիրներու նոր վերաբնակեցումին Մանազկերտի գիւղերու մէջ։

Բնակչային աղիւսակ առնուած Պիթլիսի 1308 (1892) Սալնամէէն։

Այս ուսումնասիրութիւնը հիմնուած է կարգ մը աղբիւրներու վրայ, զորս կարելի է գտնել «Պուլանըխի քազա. Ժողովրդագրութիւն» յօդուածին մէջ (http://www.houshamadyan.org/mapottomanempire/vilayet-of-bitlispaghesh/kaza-of-bulanik/locale/demography.html)։ Գրագէտ Գեղամ Տէր Կարապետեանի կողմէ հաւաքուած՝ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի 1902 Մշոյ դաշտի ու շրջակայքի քաղաքներու եւ գիւղերու բնակչութեան մարդահամարը, ազգագրագէտ Արիստակէս Տէր Սարգսեանցի (Տեւկանց) 1878-ի ուղեգրութիւնը [16], Մանազկերտի առաջնորդական տեղապահ Յովհաննէս քհնյ. Տէր Աւետիսեանի Մայիս 28, 1915 թուակիր նամակը Գէորգ Ե. Սուրէնեանց կաթողիկոսին [17] եւ ժամանակակից մտաւորական ու պատմաբան Կարօ Սասունիի Տարօնի մասին պատումը [18] լրացուցիչ տուեալներ հայթայթած են։

Մանազկերտի գիւղերու թիւին մասին աղբիւրներու մէջ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնը անմիջապէս ակնյայտ կը դառնայ։ Ըստ Մխիթարեան աշխարհահագրագէտ Ղուկաս Ինճիճեանի, ԺԷ. եւ վաղ ԺԸ. դարերուն 360 հայկական գիւղ կար գաւառակին մէջ։ 1760-ական թուականներուն, անոնց թիւը իջած էր 100-ի, իսկ ուշ ԺԸ. դարուն՝ 20-ի [19]։ «Լումայ» պարբերականին մէջ հրատարակուած «Մշոյ աշխարհ» խմբագրականին հեղինակները թելադրած են, որ 1870-ական թուականներուն ամբողջական թիւով 64 գիւղ կար [20]։ Այս թիւը համաձայն էր 1871, 1872 եւ 1873 տարիներու օսմանեան տարեգիրքերուն (սալնամէ), որոնք պետութեան ու նահանգներու վիճակագրական տուեալներ կը պարունակէին [21]։ 1878-ին, Տեւկանց 16 հայկական եւ 75 քրտական գիւղերու թիւը կու տար, իսկ 1880-ին Մշոյ առաջնորդ Գրիգորիս եպս. Ալեաճեան 23 հայկական բնակավայր կը յիշէր։ Վանի ռուս փոխհիւպատոս Ալեքսէյ Գոլիւպաքին կը զեկուցէր, որ 1880-ական թուականներու կէսերուն գիւղերու ամբողջական թիւը 147 էր [22]։ Գարեգին եպս. Սրուանձտեանց 49 հայկական գիւղ կը հաշուէր Մանազկերտի եւ Պուլանըխի գաւառակներուն մէջ [23]։ 1891-ին, ֆրանսացի աշխարհագրագէտ Վիթալ Քիւնէ բնակավայրերու գումարը 50 կը նկատէր [24]։ 1898-ի օսմանեան սալնամէն ամբողջական թիւով 126 գիւղ կը նշէր։ Ռուսական սպայակոյտի գնդապետ Վլատիմիր Մայեւսկի 1899-ին 149 գիւղ յիշած է, որոնցմէ 21-ը հայկական էին [25]։ Ա. Աշխարհամարտի նախօրեակին, Պատրիարքարանը 26 հայկական գիւղ հաշուած էր (Ռէմոն Գէորգեանն ու Փօլ Փապուճեանը վերանայումի ենթարկած են այդ թիւը՝ 39 գիւղ, օգտագործելով իրենց մատչելի լրացուցիչ տուեալներ Պատրիարքարանի մարդահամարէն) [26]։ Թէոդիկը (Թէոդորոս Լապճինճեան) 1915-էն առաջ 25 հայկական գիւղերու գոյութիւնը յիշած է [27]։ Յովհաննէս քհնյ. Տէր Աւետիսեանը տեղեկացուցած է 27 հայկական գիւղերու կամ 1.089 տուներու գոյութիւնը 1915-էն առաջ։

Հայկական գիւղերու թիւը միայն նոյնական եղած է երկու սկզբնաղբիւրներու մէջ. 1899-ի Մշոյ առաջնորդարանի կողմէ կատարուած տուներու հաշուարկը, որ 1912-ին վերահրատարակուեցաւ վիճակագիր Ա-Դոյի (Յովհաննէս Տէր Մարտիրոսեան) [28] կողմէ, եւ առաջնորդարանի քարտուղար Նազարէթ Մարտիրոսեանի կողմէ պատրաստուած տուներու եւ բնակչութեան հաշուարկը։ Երկուքն ալ 40 գիւղի գոյութիւնը հաղորդած են Մանազկերտի համար։ Այս զուգադիպութեան պատճառը այն էր, որ Ա-Դոյի թիւերը հայթայթուած էին Մարտիրոսեանի կողմէ, որ յետոյ գիւղերու բնակչութեան տուեալները թարմացուցած եւ 1916-ին հրատարակած է «Վան-Տոսպ» պարբերականին մէջ [29]։ Ըստ երեւոյթին այդ թիւը Ա-Դոյէն ու Մարտիրոսեանէն փոխ առնելով, Սասունի յայտնած է, որ Եղեռնէն առաջ գաւառակին մէջ 126 գիւղ կար, որոնցմէ քառասունը հայաբնակ էին [30]։ Որքան որ յարակարծական երեւի, հայ հեղինակներու մեծամասնութիւնը Մանազկերտի հայաբնակ գիւղերու թիւը պակասաւոր կերպով յիշած է։ Միւս կողմէ, ռուս հեղինակներ Գոլիւպաքին եւ Մայեւսկի գիւղերու ընդհանուր թիւին լաւագոյն գնահատումը կը թուին տուած ըլլալ։

Մանազկերտի հին պարիսպներուն յատակագիծը (Աղբիւր՝ Lynch, H.F.B. Armenia: Travels and Studies, volume 2: The Turkish Provinces, London, 1901)։

Մինչեւ 1870-ական թուականներու վերջերուն, օսմանեան սալնամէներն ու հայկական վիճակագրութիւնները շատ մօտ էին իրարու։ Էրզրումի վիլայէթի 1871-ի սալնամէն կը հաստատէր, որ Մանազկերտի մէջ 1.876 հայ եւ 3.218 իսլամ տղամարդ կար, իսկ 1872-ի սալնամէն 1.976 հայ եւ 2.518 (պէտք է կարդացուի 3.518) իսլամ տղամարդ կը հաշուէր։ Մշոյ առաջնորդարանի հաշուարկ մը կը համաձայնէր, որ 5.494 տղամարդիկ կ՚ապրէին գաւառակի 1.510 տուներուն մէջ, որոնցմէ 1.976 հայ էին, իսկ 3.518՝ իսլամ [31]։ 1873-ի սալնամէն կը յիշէր 2.024 հայ եւ 3.929 իսլամ տղամարդիկ՝ 1.510 տուներու մէջ [32]։ Տեւկանց, բացառաբար, 2.687 հայ եւ 9.746 քիւրտ բնակիչներու գոյութիւնը կը տեղեկացնէր [33]։ Հիմնուելով առաջնորդարանի 1880-ի հաշուարկի մը վրայ, Ալեաճեան եպս. 5.089 հայ տղամարդ ու կին կը յիշէր՝ 487 տուներու մէջ [34]։ Յաջորդ տասնամեակին, սակայն, օսմանեան եւ հայկական վիճակագրութիւններու այս զուգադիպութիւնը անհետացած է։ Պիթլիսի վիլայէթի 1892-ի սալնամէն կը յիշէր 14.649 բնակիչներ Մանազկերտի մէջ (10.066 իսլամներ եւ 4.583 հայեր) [35]։ 1898-ի սալնամէն, որ կը թուի Մայեւսկիի հաշիւին հիմքը եղած ըլլալ, 570 հայ տուն նշած է [36]։ Վահան եպս. Մինասեան (Պարտիզակցի) թելադրած էր, որ գիւղական շրջաններու մէջ իւրաքանչիւր տուն ութ հոգինոց միջին մը ունէր [37]։ Վերոյիշեալ թիւը ութով բազմապատկելու պարագային, հայերու գումարը 4.560 կը դառնայ։ Ի տարբերութիւն, 1890-ական թուականներէն առաջնորդարանի հաշուարկ մը 1.149 հայկական տուներու կամ 8.043 բնակիչներու գոյութիւնը կը յայտնէր [38]։ Քիւնէի գնահատումով, 1891-ին, Մանազկերտի 21.000 բնակիչներէն 12.000-ը քիւրտ էին, իսկ 9.000-ը՝ հայ [39]։ Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, ըստ Մարտիրոսեանի, 11.166 հայ բնակիչներ կ՚ապրէին 1.351 տուներու մէջ [40]։

Ընդհանրապէս, օսմանեան եւ հայկական աղբիւրներու անհամաձայնութիւնը կը վերագրուի Սան Ստեֆանոյի եւ Պերլինի խաղաղութեան դաշնագրերու հետեւանքներուն՝ 1877-1878-ի ռուս-թրքական պատերազմի աւարտէն ետք։ Դաշնագրերը օսմանեան կառավարութեան կը պարտադրէին բարենորոգումներ կատարել արեւելեան վիլայէթներուն մէջ, զանոնք կոչելով «հայերու կողմէ բնակուած նահանգներ»։ Օսմանեան իշխանութիւնները անհանգստացած էին եւրոպական պետութիւններու հայանպաստ միջամտութենէն, որ կոչուած էր երաշխաւորելու անոնց ապահովութիւնը քիւրտերու, չէրքէզներու եւ այլ իսլամական խումբերու դէմ։ Հետեւաբար, անոնք հայկական բնակչութեան յաճախակի թերահաշուառումին ձեռնարկին [41]։ Պիթլիսի վիլայէթի 1892-ի սալնամէին մէջ, Մանազկերտի հայկական բնակչութեան թիւը 1.7 անգամ աւելի փոքր է, քան Մշոյ առաջնորդի հաշուարկը, եւ 1.9 անգամ աւելի փոքր, քան Քիւնէի տեղեկագրին թիւը։ 1893-ին, օսմանեան մարդահամար մը Մշոյ սանճագի հինգ գաւառակներէն չորսին (Մանազկերտ, Պուլանըխ, Վարդօ եւ Սասուն) հայկական բնակչութեան թիւը 25.873 հոգի կը հաշուէր։ Քիւնէի տեղեկագրին մէջ, այս գաւառակներուն հայկական բնակչութիւնը տրուած է, համապատասխանաբար, իբրեւ 9.000, 10.361, 7.994 եւ 8.339։ Ընդհանուր գումարը՝ 35.744, օսմանեան մարդահամարի թիւէն գրեթէ 1.4 անգամ աւելի մեծ է։

1) Գեղամ Տէր Կարապետեան (Մշոյ Գեղամ, 1865-1918), հայ գրող եւ ազգագրագէտ (Աղբիւր՝Գեղամ Գեւոնեանի հաւաքածոյ, Փարիզ)։

2) Կարօ Սասունիի Պատմութիւն Տարօնի աշխարհի առաջին տպագրութեան կողքի պատկերը (Պէյրութ, 1957)։

3) Պիթլիսի վիլայէթի 1892-ի Սալնամէի կողքի պատկերը (Աղբիւր՝ Փրինսթընի համալսարան)։

1890-ական թուականներուն, բնակչութեան թիւերու անհետեւողականութիւնը զարգացաւ, իսկ 1900-ական թուականներուն սկիզբին, վիճակագրական դիմակայութեան մը յանգեցաւ։ Ա. Աշխարհամարտէն առաջ կատարուած օսմանեան մարդահամար մը Մանազկերտի իսլամներու անհաւանական 30.929 թիւը կու տար, իսկ հայերու թիւը 4.438 կը դառնար [42]։ Փոխադարձաբար, ըստ Պատրիարքարանի կողմէ կատարուած մարդահամարի մը, քրիստոնեայ բնակչութեան թիւը (գրեթէ բոլորը հայեր ըլլալով) 11.931 էր [43]։ Օսմանեան սալնամէներէն մեկնելով, Մայեւսկի յայտնած է, թէ հայերը Մանազկերտի ընդհանուր բնակչութեան 13 առ հարիւրը կը կազմէին [44]։ Միւս կողմէ, Քիւնէ յայտարարած է, թէ հայերը ընդհանուր բնակչութեան 43 առ հարիւրը կը հաշուէին [45]։ Հետազօտողները, բարեբախտաբար, իրենց տրամադրութեան տակ ունին Կարօ Սասունիի «Տաճկահայաստանը ռուսական տիրապետութեան տակ» աշխատութիւնը, ուր 1915-ի գարնան դէպի Մուշ ռուսական յառաջխաղացքին ու Մուշէն նահանջին հետեւանքով՝ Մանազկերտի ու Պուլանըխի գաւառակներէն Արեւելեան Հայաստան ու Ռուսական կայսրութեան այլ նահանգներ հեռացուած հայերու թիւը 34.000 գնահատուած է[46]։

Ապրիլի կէսերուն, ռուսական զօրքերը յառաջացած էին մինչեւ Տութաղ, իսկ օսմանեան բանակը արագընթաց նահանջի մը ձեռնարկած էր, ճանապարհին հայկական գիւղերը թալանելով։ Ռուսերը յաջորդ ամիս Մանազկերտ գիւղաքաղաքը հասան, ինչ որ գրեթէ բոլոր հայ գիւղացիներուն ջարդերէ խուսափելու բախտը պարգեւեց։ Քանի մը տասնեակ հայ պատանիներ սպաննուեցան Պանզդէ, Խարապա Ղասմիկ, Խոթանլու, Մարմուս, Մոլլապաղ, Մոլլա Մուսթաֆա, Նորատին եւ Ռուստամգէտիկ գիւղերուն մէջ։ Բացառելով Վարի Պուլանըխի նահիյէի կարգ մը գիւղերու բնակիչները, որոնք սպաննուեցան, Պուլանըխի գաւառակի հայերու մեծամասնութիւնն ալ ջարդերէ ազատեցաւ, Մայիս 14-16-ին փախչելով դէպի Մանազկերտ [47]։ Եթէ երկու գաւառակներուն համար միայն օսմանեան տուեալները օգտագործուին (Մանազկերտ՝ 4.438, Պուլանըխ՝ 14.662), հայերու գումարը 19.100 պիտի ըլլար։ Միւս կողմէ, եթէ միայն Պատրիարքարանի նախապատերազմական թիւերը օգտագործուին (Մանազկերտ՝ 11.931, Պուլանըխ՝ 25.953), հայերու թիւը 36.984 կը դառնայ։ Միայն Մանազկերտի, Պուլանըխի, Մուշի եւ Վանի քանի մը գիւղերէ շուրջ 5.653 հայեր փախուստ տուին՝ Յուլիսի կէսերուն ռուսական զօրքերու անակնկալ նահանջի քանի մը օրուան ընթացքին [48]։ Ըստ ուրիշ աղբիւրի, Մայիսի վերջերուն Պուլանըխի, Խլաթի (Ախլաթ) եւ Խնուսի գաւառակներէն դէպի Մանազկերտ փախչող հայերու թիւը շուրջ 20.000 էր [49]։ Ուրեմն, կարելի է ըսել, թէ Կ. Սասունի բաւարար ճշգրտութեամբ հաղորդած է Մանազկերտի եւ Բուլանըխի՝ փախուստի դիմած հայ բնակչութեան թիւը։

Ուրիշ օսմանեան աղբիւր մը, որ կը գտնուի «Հայկական գործունէութիւններ արխիւային փաստաթուղթերուն մէջ, 1914-1918» հաւաքածոյին մէջ, նշած է, որ տեղահանութեան ենթարկուելիք, կամ, ըստ աղբիւրին, «տեղափոխուած ու հեռացուած» Մանազկերտի հայերու թիւը 4.430 էր՝ ըստ օսմանեան արձանագրութիւններու, իսկ Պուլանըխի հայերու թիւը՝ 14.309 [50]։ Սակայն, 18.739-ի գումարը կը տարբերի հայկական աղբիւրներու թիւերէն։ 1918-ին Հալէպ հրատարակուած հայկական ամբաստանագիր մը Մանազկերտի եւ Պուլանըխի վերապրողներու թիւը շուրջ 25.000 կը նկատէր [51]։ Թէեւ ցեղասպանութեան վերապրողներու խումբի մը կողմէ ստորագրուած ամբաստանագիր  մը նուազ ճշգրտութիւն ունի, քան մարդահամար մը կամ հաշուարկ մը, այդ թիւը տակաւին 1,3 անգամ աւելի մեծ է, քան երկու գաւառակներու օսմանեան թիւը։ Ըստ Մշոյ առաջնորդարանի հաշուարկի մը,  որուն արդիւնքները հրատարակուած են Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, Մանազկերտը 11.166 հայ բնակիչ ունէր, որոնք 1.351 տուներու մէջ կ՚ապրէին։ Այս թիւը 2,5 անգամ աւելի մեծ է, քան միեւնոյն գաւառակին օսմանեան թիւը։

Ստորեւ տրուող ցուցակին մէջ կը ներկայացուին Մանազկերտի այն գիւղերը, որոնք հայկական մեծ բնակչութիւն կամ հայկական (երբեմն՝ առանց ազգութիւններու յստակ նշումի) տուներու որոշ թիւ մը ունեցած են, կամ նախապէս հայերէ բնակուած էին։ Անոնց ներկայ թրքացած անունները կը յիշուին սուրանկիւն փակագիծերու մէջ։ Երբ ներկայ անունները առանձնացուած չեն, անոնց տեղադրութեան մահալլեսիներուն («թաղամասեր») անունները տրուած են։ Քանի որ այս ուսումնասիրութեան աղբիւրները իրարու անհամաձայն տուեալներ հայթայթած են, գիւղերու ամենէն ճշգրիտ թիւի ճշդումը անիրագործելի նկատուեցաւ։ Բացի եթէ նշուած ըլլայ, ստորեւ ներկայացուած տուեալները քաղուած են շուրջ 25 տարի՝ 1890-ական թուականներէն մինչեւ 1915 ժամանակաշրջանը ընդգրկող աղբիւրներէ։

Սեղմել քարտէսին վրայ մեծցուած տարբերակը տեսնելու համար (քարտէսը պատրաստեց՝ Տիգրան Մարտիրոսեան)։
Մանազկերտի շրջանի հայաբնակ գիւղերը օսմանեան ժամանակաշրջանի իրենց անուններով։ Փակագիծերու մէջ ներկայացուած են գիւղերուն այժմու անունները՝
Ապտոտրէք [Kulcak]; Ատա [Adalar]; Ատաքենդ [Adakent]; Ածուխ [Erence]; Աղվերան [Akören]; Ակներ (ներքին) [Aşağıkıcık]; Ակներ (վերին) [Yukarıkıcık]; Ալաճախան [Alacahan]; Ալակոր [Uyanık]; Ալեար [Alyar]; Աշդանախան [Gökçeali]; Ավթընա [Susuz]; Այնախոճա [Aynalıhoca]; Պակրան [Bekirhan]; Պանանիշ [Düzceli]; Պանէ [Muratkolu]; Պանզդէ [Usluca]; Պասթամ [Bademözü]; Պոսդանխաեա [Bostankaya]; Պոյիչափղուն [Boyçapkın]; Չիչ [Çiçek]; Տամիան [Boyundere]; Տերիք/Դերիկ [Çayırdere]; Ճապալվերտի [Bulutpınar]; Տոլաղպաշ [Dolabaş]; Տորախան [İyikomşu]; Տորլի [ներկայ անունը անյայտ]; Տուկնուք [Konakkuran]; Կերանլըղ [Gölağılı]; Ղարապուլաղ [Karabulak]; Ղարաճան [Karacan]; Ղարաղաեա [Karakaya]; Ղարղալըղ (ներքին) [Aşağıkargalık]; Ղարղալըղ (վերին) [Yukarıkargalık]; Ղազկէօլ [Kazgöl]; Ղլըչի [Kılıççı]; Կունտիֆիլան [Ulusu]; Հաճիպօթ [Dikbıyık]; Հաճիխան [Selekutu]; Հաճի Եուսուֆ [Hacıyusuf]; Հասան Փաշա [Hasanpaşa]; Հասունան [Tatlıca]; Հըսէ [Karakoç]; Հէյպորան [Gülkoru]; Ինտրիզիկէղ [Sıradere]; Քամիշլու (ներքին) [Aşağıkamışlı]; Քամիշլու (վերին) [Yukarıkamışlı]; Քանիքոր [Hancağız]; Քարահասան [Karahasan]; Քէօշք [Aşağı Köşk]; Քէսան [Ergeçidi]; Խալխալ [Alikalkan]; Խան [Han]; Խանիկեղ [Hanoğlu]; Խանիկ [Dirimpınar]; Խարապա Ղասմիկ [Beşçatak]; Խարապախանի [Şekerova Mahallesi]; Խարապակորեկ [Yüncüler]; Խարապասոր [Ahmetabat]; Խարապքար [Akyemiş]; Խարաղաճ [Karaağaç]; Խարալի [Karaali]; Խասմիք [Arslankaya]; Խազան [Kazanbey]; Խոշաճին [Üçoymak]; Խոթանլու [Kotanlı]; Գուշթիան [Şehittahir]; Քութքան [Doğantaş]; Կծու [Tur. unknown]; Քուրուճա [Kuruca]; Քզըլեուսուֆ [Kızılyusuf]; Լիասօր [Kuruyaka]; Լիսօր [Suluca]; Մանազկերտ [Malazgirt]; Մանտասօր [Çatmaoluk]; Մարմուս [Koçaklar]; Մեզրէ [Mezraaköy]; Միրզէ [Ocakbaşı]; Մխճին [ներկայ անունը անյայտ]; Մոլլա Ալի [Beşdam]; Մոլլապաղ [Mollabaki]; Մոլլատարման [Molladerman]; Մոլլա Հասան [Mollahasan]; Մոլլա Մուսթաֆա [Gündüzü]; Նատարշէյխ [Atabindi]; Նորատին [Nurettin]; Օղճին [Okçuhan]; Օզօր [Oğuzhan]; Փանէք [Fenek]; Փիշեան [Tıkızlı]; Փրեմասեան [Aradere]; Բուզքոփաք [Kızkapan]; Ռոշքան [Balkaya]; Ռուստամգէտիկ [Rüstemgedik]; Սարդաուդ [Sarıdavut]; Շամէ [Geçimli]; Շէպօ [Adaksu]; Շէյթանովա [ներկայ անունը անյայտ]; Շիրվանշէխ [Oyacık]; Սնճան [ներկայ անունը անյայտ]; Սուլտուզ [ներկայ անունը անյայտ]; Սուլթանլու [Sultanlı]; Սուլթանմուտ [Doğansu]; Սումալանթրաք [Yeni Mahallesi]; Թաթարղազի [Tatargazi]; Թոնդրակ [Hasretpınar]; Դուզիկ [Alınca Mahallesi]; Դուզլա [Aktuzla]; Վարտաւ [Bintosun]; Եարամիշ [Yaramış]; Եքմալ [Odaköy]; Զըրքրաշ [Çiçekveren]; Ժանժալու [Gençali]; Զիրաքլու [Zirekli]

Ապտոտրէք [Kulcak]

Լայնութիւն՝ 38.988935 Երկայնութիւն՝ 42.564788
— Գիւղը Մանազկերտէն 18 քիլոմեթր (11 մղոն) դէպի հարաւ կը գտնուէր։

Յակոբեան եւ այլք պնդած են, որ Ի. դարու սկզբնաւորութեան գիւղը հայաբնակ էր։

Ատա [Adalar]

Լայնութիւն՝ 39.127105 Երկայնութիւն՝ 42.523451
—    Գիւղը Մանազկերտէն երեք քիլոմեթր (երկու մղոն) դէպի հարաւ-արեւմուտք կը գտնուէր։ Ներկայիս գիւղաքաղաքի հարաւարեւմտեան թաղամաս մըն է։

Արեւմտահայաստանի եւ Արեւմտահայութեան Հարցերու Ուսումնասիրութեան Կեդրոնը (այսուհետեւ՝ ԱՈՒԿ) Ատանը իբրեւ հայաբնակ գիւղ նշած է՝ Մշոյ սանճագի բնակավայրերու շարքին։ Մայեւսկի 60 քրտական տուն յիշած է։

Ատաքենդ [Adakent]

Լայնութիւն՝ 39.412480 Երկայնութիւն՝ 42.517996
—    Գիւղը Մանազկերտէն 30 քիլոմեթր (19 մղոն) դէպի հիւսիս կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի աջափնեայ հարկատու Քերսիկի աջ ափին։

Մշոյ դաշտի ու շրջակայից 1902-ի Պատրիարքարանի մարդահամարը գիւղը կը յիշէ իբրեւ աւերուած հայկական եկեղեցի մը եւ հին գերեզման մը ունեցող բնակավայր։ Արդար է ենթադրել, ուրեմն, որ նախապէս հայաբնակ էր։

Ածուխ [Erence]

Լայնութիւն՝ 39.324812 Երկայնութիւն՝ 42.271201
—    Գիւղը Մանազկերտէն 32 քիլոմեթր (մղոն) դէպի հիւսիս-արեւմուտք կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի աջափնեայ հարկատու Խնուսի (Հընըս) աջ ափին։

Յակոբեան եւ այլք գիւղը տեղադրած են հին Ապահունիք գաւառին մէջ եւ պնդած, որ ինչ-ինչ աղբիւրներ Ածուխը նոյնացուցած են Պուլանըխի գաւառակի Լաթար կամ Դալարիք բնակավայրին հետ։ Փաւստոս Բուզանդը գիւղին անունը կապած է Սասանեան պարսիկներու կողմէ Տիրան Արշակունի (339-350) թագաւորի կուրացումին հետ, թերեւս որովհետեւ թագաւորը, ըստ աւանդութեան, վայրը անիծած էր։ Արդար է ենթադրել, որ նախապէս գիւղը հայաբնակ էր։ ԱՈՒԿ-ը գիւղին անունը իբրեւ Ասու նշած է, Ածուխը յիշելով իբրեւ հայաբնակ՝ Մշոյ սանճագի բնակավայրերու շարքին։ Մայեւսկի 15 քրտական տուն յիշած է։

Աղվերան [Akören]

Լայնութիւն՝ 38.970916 Երկայնութիւն՝ 42.556969
—    Գիւղը Արծկէ (Ատիլճեւազ)-Մանազկերտ ճանապարհին վրայ կը գտնուէր՝ Մանազկերտէն 20 քիլոմեթր (12 մղոն) դէպի հարաւ։

Մայեւսկի 15 քրտական տուն յիշած է։ Յակոբեան եւ այլք յայտնած են, որ 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, գիւղը 55 տուն ունէր՝ առանց ճշդելու ազգային պատկանելիութիւնը։

Ակներ (ներքին), Ակներ (ստորին) [Aşağıkıcık]

Լայնութիւն՝ 39.267819 Երկայնութիւն՝ 42.382781
—    Գիւղը Մանազկերտէն 19 քիլոմեթր (12 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւմուտք կը գտնուէր՝ Արածանիի (Մուրատ) աջ ափի եւ անոր հարկատու Խնուսի ձախ ափի գրեթէ կէս ճանապարհին։

Ա-Դօ յայտնած է, թէ գիւղը հինգ հայկական եւ տասնհինգ քրտական տուն ունէր։ Այսպէսով, հայ բնակիչներու թիւը 40 պիտի ըլլար։ Մայեւսկի 8 քրտական տուն յիշած է։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, թէ՛ Ակներ Ներքին եւ թէ՛ Ակներ Վերին գիւղերը 48 հայկական (351 բնակիչ) եւ 29 քրտական (183 բնակիչ) տուն ունէին։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարի թիւերուն, Ա. Աշխարհամարտի նախօրեակին, երկու Ակներ գիւղերը (ըստ երեւոյթին՝ Ակներ Ներքին մէկ քարընկէց հեռու գտնուող Շէյթանօվա գիւղակին հետ) 422 հայ բնակիչ ունէին՝ 57 տուներու մէջ։ Թէոդիկ 150 հայկական տուն յիշած է, ըստ երեւոյթին երկու Ակներ գիւղերուն մէջ, 1915-էն առաջ։ Սասունի 5 հայկական տուն յիշած է ցեղասպանութենէն առաջ։ Ըստ Եղեռնէն վերապրող Մանուկ Օվէեանի գնահատումին, 35 հայ տուն կար, ըստ երեւոյթին՝ երկու գիւղերուն մէջ։

Ակներ (վերին) [Yukarıkıcık]

Լայնութիւն՝ 39.293190 Երկայնութիւն՝ 42.388038
—    Գիւղը Մանազկերտէն 21 քիլոմեթր (13 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւմտուք կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի աջ ափի եւ անոր հարկատու Խնուսի ձախ ափի գրեթէ կէս ճանապարհին։

Յակոբեան եւ այլք թելադրած են, որ ուշ ԺԹ. դարուն գիւղը 30 տուն ունէր՝ հայ եւ քիւրտ բնակչութեան միջեւ հաւասարապէս բաժնուած։ Ա-Դօ հաստատած է, թէ գիւղը 30 հայկական եւ 10 քրտական տուն ունէր։ Այսպէս, հայ բնակիչներու թիւը 240 պիտի ըլլար։ Մայեւսկի 15 քրտական տուն յիշած է։ Տէր Կարապետեան հաստատած է, թէ 10 հայ տուն (75 բնակիչ) կար, առանց մանրամասնելու, թէ վերին կամ ստորին բնակավայրն էր։ Քանի որ Ակներ Վերինը աւելի փոքր բնակավայր մը կը թուի ըլլալ՝ Ակներ Ներքինի բաղդատմամբ, Տէր Կարապետեանի թիւը կը յատկացուի Ակներ Վերինին։ Սասունի 30 հայկական տուն յիշած է ցեղասպանութենէն առաջ։

Ալաճախան [Alacahan]

Լայնութիւն՝ 39.399953 Երկայնութիւն՝ 42.558040
—    Գիւղը Մանազկերտէն 29 քիլոմեթր (18 մղոն) դէպի հիւսիս կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի աջ ափին մօտ։

Մշոյ դաշտի ու շրջակայից 1902-ի Պատրիարքարանի մարդահամարը գիւղը կը յիշէ իբրեւ աւերուած հայկական եկեղեցի մը եւ հին գերեզման մը ունեցող բնակավայր։ Արդար է ենթադրել, ուրեմն, որ նախապէս հայաբնակ էր։

Ալաքոր, Ալիքոր, Օլիքուր, Վալաքոր [Uyanık]

Լայնութիւն՝ 39°37’11.96” Երկայնութիւն՝ 42°40’84.12”
—    Գիւղը Մանազկերտէն 29 քիլոմեթր (18 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւմուտք կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի վերի հոսանքին մօտ։

Յակոբեան եւ այլք յայտնած են, որ 1878-ին, ըստ երեւոյթին երբ հայերը գիւղը լքած են 1877-1878-ի ռուս-թրքական պատերազմին ընթացքին, գիւղը 13 խառն քրտական եւ թրքական տուներ ունէր։ Մայեւսկի 20 քրտական տուն յիշած է։

Ալեար, Ալնար, Ալա [Alyar]

Լայնութիւն՝ 39°29’20.36” Երկայնութիւն՝ 42°55’49.89”
—    Գիւղը Մանազկերտէն 16 քիլոմեթր (10 մղոն) դէպի հիւսիս կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի ձախ ափին։

Յակոբեան եւ այլք պնդած են, որ գիւղը նախապէս հայաբնակ էր։ Սակայն, Ի. դարու սկզբնաւորութեան քրտաբնակ էր, ըստ երեւոյթին՝ համիտեան ջարդերուն հայերու փախուստէն կամ սպանութենէն ետք։ Մայեւսկի 22 քրտական տուն յիշած է։

Աշտանախան [Gökçeali]

Լայնութիւն՝ 39.069500 Երկայնութիւն՝ 42.935900
—    Գիւղը Մանազկերտէն 35 քիլոմեթր (22 մղոն) դէպի հարաւ-արեւելք կը գտնուէր։

ԱՈՒԿ-ը յիշած է Աշտանախանը իբրեւ հայաբնակ գիւղ մը՝ Մշոյ սանճագի բնակավայրերու շարքին։ Ըստ Յակոբեանի եւ այլոց, Ի. դարու սկզբնաւորութեան, ըստ երեւոյթին՝ համիտեան ջարդերու ընթացքին հայերու փախուստին կամ սպանութենէն ետք, գիւղը 15 քրտական տուն ունէր։

Ավթընա, Ավթանա, Ավթունէ [Susuz]

Լայնութիւն՝ 39.252058 Երկայնութիւն՝ 42.778434
—    Գիւղը Մանազկերտէն 24 քիլոմեթր (15 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւելք կը գտնուէր՝ Պատնոց (Փաթնոս) գիւղաքաղաքին մօտ։

Չի ստուգուած աղբիւրներ կը թելադրեն, որ սկզբնապէս գիւղի անունը «Ջուր չկայ» էր։ Ըստ երեւոյթին, գիւղանունը բառացիօրէն թարգմանուած է քրտերէնի («աւթընա»), իսկ ապա՝ թրքերէնի («սուսըզ»)։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 12 հայկական (79 բնակիչ) եւ 6 քրտական (31 բնակիչ) ունէր (աղիւսակին մէջ, այլուր, նշուած է 12 հայկական տուն՝ 92 բնակիչով, եւ 9 քրտական տուն՝ 6 բնակիչով)։ քահանայ Տէր Աւետիսեան 12 հայկական տուն յիշած է ցեղասպանութենէն առաջ։

Այնախոճա, Իգնախոճա, Իգնա-Խոճա, Էքնախոճա, Իգանախոճա, Իգնախոճէն, Իգնաքաճիա, Իգնա [Aynalıhoca]

Լայնութիւն՝ 39.164935 Երկայնութիւն՝ 42.465860
—    Գիւղը Մանազկերտէն եօթը քիլոմեթր (5 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւմուտք կը  գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի աջ ափին։

Տեւկանց հաղորդած է 49 հայ բնակիչներու գոյութիւնը 1878-ին։ Ա-Դօ հաստատած է, որ 25 հայկական եւ չճշդուած թիւով քրտական տուներ կային գիւղին մէջ։ Այսպէս, հայ բնակիչներու թիւը 200 պիտի ըլլար։ Մայեւսկի յիշած է 15 հայկական եւ ո՛չ մէկ քրտական տուն։ Տէր Կարապետեան գրած է, որ 13 հայկական տուն կար՝ 94 բնակիչով։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 40 հայկական տուն (380 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ քրտական տուներու եւ բնակիչներու չճշդուած թիւ մը։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարի տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 360 հայ բնակիչ ունէր, որոնք կ՚ապրէին 40 տուներու մէջ։ Թէոդիկ 60 հայկական տուն յիշած է 1915-էն առաջ, իսկ Սասունի՝ 25 հայկական տուն։

Պակրան, Բակրան, Բակերան, Բեկրան, Պակրա, Պեակրան [Bekirhan]

Լայնութիւն՝ 39.037064 Երկայնութիւն՝ 42.513146
—    Գիւղը Մանազկերտէն 12 քիլոմեթր (7 մղոն) դէպի հարաւ կը գտնուէր։

Տեւկանց հաղորդած է 70 հայ բնակիչներու գոյութիւնը 1878-ին։ Ա-Դօ հաստատած է, որ 15 հայկական եւ 30 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Այսպէս, հայ բնակիչներու թիւը 120 պիտի ըլլար։ Մայեւսկի յիշած է 2 հայկական եւ 10 քրտական տուն։ Տէր Կարապետեան գրած է, որ 8 հայկական տուն կայր՝ 49 բնակիչով։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 15 հայկական տուն (126 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ 30 քրտական տուն (181 բնակիչ)։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարի տուեալներուն, զորս Գէորգեան թարմացուցած է ցեղասպանութեան իր համապարփակ պատմութեան մէջ [52], Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 155 հայ բնակիչ ունէր։ Թէոդիկ 20 հայկական տուն յիշած է 1915-էն առաջ, իսկ Սասունի՝ 15 հայկական տուն։ Վերապրող Ակօ Սարգսեանի գնահատումով, հայ տուներու թիւը 15 էր։

Պանանիշ, Բինեանիշ, Բենամիշ [Düzceli]

Լայնութիւն՝ 39.175382 Երկայնութիւն՝ 42.727987
—    Գիւղը Մանազկերտէն 16 քիլոմեթր (10 մղոն) դէպի արեւելք կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի ձախափնեայ հարկատու Գարագայայի աջ ափին։

Նախապէս գիւղը ծաղկուն հայկական բնակչութիւն ունեցած էր։ ԺԹ. դարու կէսերուն, սակայն, գիւղը արդէն ամայի էր, քանի որ հայ ընտանիքները պարտադրուած էին իրենց ունեցուածքը լքել ու փախչիլ, ըստ երեւոյթին՝ 1828-1829-ի ռուս-թրքական պատերազմին ընթացքին։ Մայեւսկի 30 քրտական տուն յիշած է։

Պանէ, Պանի [Muratkolu]

Լայնութիւն՝ 39.356116 Երկայնութիւն՝ 42.560268
—    Գիւղը Մանազկերտէն 23 քիլոմեթր (14 մղոն) դէպի հիւսիս կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի ձախ ափին։

Մշոյ դաշտի ու շրջակայից 1902-ի Պատրիարքարանի մարդահամարը գիւղը կը յիշէ իբրեւ աւերուած հայկական եկեղեցի մը եւ հին գերեզման մը ունեցող բնակավայր։ Արդար է ենթադրել, ուրեմն, որ նախապէս հայաբնակ էր։ Ըստ Յակոբեանի եւ այլոց,  1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, ըստ երեւոյթին՝ հայերու փախուստէն կամ սպանութենէն ետք համիտեան ջարդերուն ընթացքին, գիւղը 13 հայկական տուն ունէր։

Պանզտէ, Պանզդէ, Պանզտէն, Փանզտէն, Պանզդէն, Պանզտա [Usluca]

Լայնութիւն՝ 39․263152 Երկայնութիւն՝ 42․758210
—    Գիւղը Մանազկերտէն 23 քիլոմեթր (14 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւելք կը գտնուէր՝ Պատնոց (Բադնոս) գիւղաքաղաքին մօտ։

Ա-Դօ հաստատած է, որ 25 հայկական եւ անյայտ թիւով քրտական տուներ կային գիւղին մէջ։ Այսպէս, հայ բնակիչներու թիւը 200 պիտի ըլլար։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 26 հայկական տուն (237 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ 15 քրտական տուն կամ 96 բնակիչ (աղիւսակին մէջ, այլուր, 32 հայկական տուն կամ 300 բնակիչ եւ 12 քրտական տուն կամ 2 բնակիչ)։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարի տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 237 հայ բնակիչ ունէր՝ 26 տուներու մէջ, եւ չորս քիւրտ բնակիչ։ Թէոդիկ նշած է 20 հայկական տուն 1915-էն առաջ։ Քահանայ Տէր Աւետիսեան 35 հայկական տուն յիշած է ցեղասպանութենէն առաջ, իսկ Սասունի՝ 25։

Պասթամ, Պասթան [Bademözü]

Լայնութիւն՝ 39․402988 Երկայնութիւն՝ 42․422628
—    Գիւղը Մանազկերտէն 30 քիլոմեթր (19 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւմուտք կը գտնուէր։

ԱՈՒԿ-ը յիշած է Պասթամը իբրեւ հայաբնակ գիւղ՝ Մշոյ սանճագի բնակավայրերու շարքին։ Մայեւսկի 8 քրտական տուն յիշած է։

Պոստանխաեա, Պոստանղաեա, Պոստանկաեա, Կարապարտէզ [Bostankaya]

Լայնութիւն՝ 39․203570 Երկայնութիւն՝ 42․656882
—    Գիւղը Մանազկերտէն 13 քիլոմեթր (18 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւելք կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի ձախափնեայ հարկատու Գարագայայի աջ ափին մօտ։

Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարին, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 51 հայ բնակիչ ունէր՝ հինգ տուներու մէջ։ Եղեռնի վերապրող Իսրայէլ Պաղտասարեանցի գնահատանքով, չորս հայկական տուն կար։

Պոյիչափղուն, Պոյիչապղուն, Փոյի Չափղուն, Կապխուս Մեծ, Չափղուն Մեծ, Պոյուք-Կապխուս, Պոյուք-Չափղուն, Պոյի Չափղուն [Boyçapkın]

Լայնութիւն՝ 39․313307 Երկայնութիւն՝ 42․333262
—    Գիւղը Մանազկերտէն 26 քիլոմեթր (16 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւմուտք կը գտնուէր՝ Ղազ (Քազ) լճակի հարաւային ափին մօտ։

Ա-Դօ հաստատած է, որ 6 հայկական եւ 33 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Այսպէս, հայ բնակիչներու թիւը շուրջ 50 պիտի ըլլար։ Մայեւսկի 30 քրտական տուն յիշած է։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարի տուեալներուն, որոնք թարմացուած են Գէորգեանի կողմէ, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 57 հայ բնակիչ ունէր։ Սասունի 6 հայկական տուն յիշած է ցեղասպանութենէն առաջ։

Չիչ [Çiçek]

Լայնութիւն՝ 39․006435 Երկայնութիւն՝ 42․724290
—    Գիւղը Մանազկերտէն 22 քիլոմեթր (14 մղոն) դէպի հարաւ-արեւելք կը գտնուէր՝ Սիփան լերան հիւսիս-արեւմտեան լանջի մը մօտ։

Յակոբեան եւ այլք կը թելադրեն, որ մինչեւ համիտեան ջարդերը գիւղը հայաբնակ եղած է։

Տամիան, Տէմեան, Թեմեան [Boyundere]

Լայնութիւն՝ 39․003600 Երկայնութիւն՝ 42․554914
—    Գիւղը Մանազկերտէն 16 քիլոմեթր (10 մղոն) դէպի հարաւ կը գտնուէր՝ Մանազկերտ-Խլաթ ճանապարհին մօտ։

Լինչ գիւղը կոչած էր Demian եւ զայն նկարագրած իբրեւ քրտական բնակավայր մը։  ԱՈՒԿ-ը Տամիանը նշած է իբրեւ հայաբնակ գիւղ՝ Մշոյ սանճագի բնակավայրերու շարքին։ Մայեւսկի 15 քրտական տուն յիշած է։ Մշոյ դաշտի ու շրջակայից 1902-ի Պատրիարքարանի մարդահամարը գիւղը կը յիշէ իբրեւ աւերուած հայկական եկեղեցի մը եւ հին գերեզման մը ունեցող բնակավայր։ Արդար է ենթադրել, ուրեմն, որ նախապէս հայաբնակ էր։  Յակոբեան եւ այլք թելադրած են, որ 1900-ական գիւղը 10 տուն ունէր՝ անորոշ ազգային պատկանելիութեամբ։

Տերիկ, Տերիք, Տերեկ, Դերիկ, Թերիք, Թերիկ, Թերեկ, Կերեք [Çayırdere]

Լայնութիւն՝ 39․121799 Երկայնութիւն՝ 42․412537
—    Գիւղը Մանազկերտէն 13 քիլոմեթր (8 մղոն) դէպի արեւմուտք կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի ձախ ափին մօտ, Մանազկերտ-Կոփ ճանաապարհի վրայ։

Տեւկանց հաղորդած է 245 հայ բնակիչներու գոյութիւնը 1878-ին։ Ազգագրագէտ Մանուէլ Միրախորեան Տերիքը նկարագրած է իբրեւ Մանազկերտի գլխաւոր հայկական գիւղերէն մէկը 1880-ական թուականներու կէսերուն[53]։ Յակոբեան եւ այլք թելադրած են, որ 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, գիւղը 58 տուն ունէր՝ անորոշ ազգային պատկանելիութեամբ։ Միրախորեան 55 հայկական տուն յիշած է։ Ա-Դօ հաստատած է, որ 60 հայկական եւ անորոշ թիւով քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Այսպէս, հայ բնակիչներու թիւը 480 պիտի ըլլար։ Տէր Կարապետեան գրած է, որ 43 հայկական տուն կար՝ 315 բնակիչով։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 95 հայկական տուն (722 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ 3 քրտական տուն կամ 11 բնակիչ։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարի տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 922 հայ բնակիչ ունէր՝ 120 տուներու մէջ։ Գրագէտ Ատրպետ (Սարգիս Մուպայաճեան) հաղորդած է 150 հայկական տուներու գոյութիւնը ցեղասպանութենէն առաջ[54]։ Թէոդիկ 180 հայկական տուն յիշած է 1915-էն առաջ, իսկ Սասունի՝ 60 հայկական տուն։ Տերիքը պէտք չէ շփոթել համանուն հայաբնակ վայրին՝ պատմական Աշտիշատ գիւղի (մերօրեայ Իւչթեփէն) հետ՝ Մշոյ գաւառակին մէջ, որ Մուշ քաղաքէն 27 քիլոմեթր (17 մղոն) դէպի հիւսիս կը գտնուէր։

Ճապալվերտի, Ճապավերտի, Ճամալվերտի [Bulutpınar]

Լայնութիւն՝ 39․340184 Երկայնութիւն՝ 42․655202
—    Գիւղը Մանազկերտէն 24 քիլոմեթր (15 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւելք կը գտնուէր։

Տէր Կարապետեան հաստատած է, որ հինգ հայկական տուն կար՝ 21 բնակիչով։ Յակոբեան եւ այլք թելադրած են, որ 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, գիւղը 75 տուն ունէր, որոնցմէ շատեր հայաբնակ էին։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 5 հայկական տուն կամ 34 բնակիչ ունէր, ինչպէս եւ 6 քրտական տուն՝ անորոշ թիւով բնակիչներով։

Տոլաղպաշ, Թոլաղպաշ, Թոլախպաշ, Թոլաղ-Պաշ, Տոլակպաշ, Տոլազպաշ [Dolabaş]

Լայնութիւն՝ 39․227112 Երկայնութիւն՝ 42․578233
—    Գիւղը Մանազկերտէն 10 քիլոմեթր (6 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւելք կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի ձախ ափին մօտ։

Տեւկանց հաղորդած է 281 հայ բնակիչներու գոյութիւնը 1878-ին։ Ա-Դօ հաստատած է, որ 40 հայկական եւ 10 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Այսպէս, հայ բնակիչներու թիւը 320 պիտի ըլլար։ Մայեւսկի 35 հայկական եւ 15 քրտական տուն յիշած է։ Տէր Կարապետեան գրած է, որ 20 հայկական տուներ կային՝ 150 բնակիչով։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 40 հայկական տուն (330 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ 4 քրտական տուն (19 բնակիչ)։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարի տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 300 հայ բնակիչ ունէր, որոնք 40 տուներու մէջ կ՚ապրէին։ Թէոդիկ 80 հայկական տուն յիշած է 1915-էն առաջ, իսկ Ատրպետ՝ 68 հայկական տուն։ Սասունի 40 հայկական տուն յիշած է ցեղասպանութենէն առաջ։

Տորախան, Տուրախան, Թորախան, Թորոխան [İyikomşu]

Լայնութիւն՝ 39․430250 Երկայնութիւն՝ 42․258503
—    Գիւղը Մանազկերտէն 39 քիլոմեթր (24 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւմուտք կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի աջափնեայ հարկատու Խնուսի՝ իր կարգին ձախափնեայ հարկատու Քոփալ Սուին ձախ ափին։

Յակոբեան եւ այլք թելադրած են, որ 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, գիւղը 80 տուն ունէր, որոնք գրեթէ հաւասարապէս բաժնուած էին հայերու եւ քիւրտերու միջեւ։ Ա-Դօ հաստատած է, որ 30 հայկական եւ 50 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Այսպէսով, հայ բնակիչներու թիւը 240 պիտի ըլլար։ Մայեւսկի 30 հայկական եւ 60 քրտական տուն յիշած է։ Տէր Կարապետեան գրած է, որ 8 հայկական տուն կար՝ 49 բնակիչով։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 12 հայկական տուն (108 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ 85 քրտական տուն (360 բնակիչ)։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարի տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 268 հայ բնակիչ ունէր։ Սասունի 30 հայկական տուն յիշած է ցեղասպանութենէն առաջ։

Տորլի, Թորլի, Թորլու [ներկայ անունը անյայտ է]

Մօտաւոր տեղադրութիւն. Լայնութիւն՝ 39․214528 Երկայնութիւն՝ 42․513689
—    Տորլիի ճիշդ տեղադրութիւնը անծանօթ է։ Ըստ Յակոբեանի եւ այլոց, փոքրիկ գիւղ մըն էր, որ կը գտնուէր Մանազկերտէն 9 քիլոմեթր (6 մղոն) դէպի հիւսիս՝ Արածանի (Մուրատ) գետի աջ ափին։

Այս գիւղը թերեւս գոյութիւն չունի։ Տորլի նշուած է Ա. Աշխարհամարտէն ետք հրատարակուած ռուսական տեղագրական քարտէսի մը մէջ, մօտաւորապէս Յակոբեանի եւ այլոց թելադրած միեւնոյն վայրին մէջ [55]։ Պորլու անունով գիւղ մը, որուն հնչիւնը գրեթէ նոյնական է Տորլիի (Տորլու) հետ, մօտաւորապէս նոյն վայրին մէջ նշուած է Լինչի եւ Օսվալտի Հայաստանի քարտէսին մէջ [56]։ ԱՈՒԿ-ը նշած է Տորլին իբրեւ հայաբնակ գիւղ՝ Մշոյ սանճագի բնակավայրերու շարքին։

Տուկնուք, Թուքնուք, Թիւքնուք, Տուքնուք, Տիկնիք, Տակնուք, Տիկնուկ, Տիւկուք [Konakkuran]

Լայնութիւն՝ 39․282819 Երկայնութիւն՝ 42․508314
—    Գիւղը Մանազկերտէն 15 քիլոմեթր (10 մղոն) կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի աջ ափին։

Տեւկանց հաղորդած է 70 հայ բնակիչներու գոյութիւնը 1878-ին։ Ռուսական սպայակոյտի գնդապետ Վլատիմիր Ֆիլիփով Տուկնուքը նկարագրած է իբրեւ Մանազկերտի ամենամեծ գիւղերէն մէկը 1880-ական թուականներու սկզբնաւորութեան[57]։ Լինչ գիւղը Dignuk կոչած է եւ նշանաւոր քիւրտ շէյխերու քանի մը տուներ առանձնացուցած։ Յակոբեան եւ այլք համաձայն եղած են, որ Dugnuk հայկական շատ մեծ գիւղ մըն էր։ Գիւղը Պուտնուկ կոչելով, Միրախորեան 30 հայկական եւ 10 քրտական տուն յիշած է։ Ա-Դօ հաստատած է, որ 80 հայկական եւ 260 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Այսպէս, հայ բնակիչներու թիւը 640 պիտի ըլլար։ Մայեւսկի 15 հայկական եւ 185 քրտական տուն յիշած է։ Տէր Կարապետեան գրած է, որ 42 հայկական տուն կար՝ 316 բնակիչով։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 45 հայկական տուն (438 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ 135 քրտական տուն (904 բնակիչ)։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարի տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 438 հայ բնակիչ ունէր՝ 44 տուներու մէջ, եւ 200 քիւրտ բնակիչ։ Թէոդիկ 130 հայկական տուն յիշած է 1915-էն առաջ։ Ատրպետ 48 հայկական տուն յիշած է ցեղասպանութենէն առաջ, իսկ Սասունի՝ 80 հայկական տուն։

Կերանլըղ, Գերանլըղ, Գիրանլըղ, Գիրալը, Գիրալու [Gölağılı]

Լայնութիւն՝ 39․251659 Երկայնութիւն՝ 42․444702
—    Գիւղը Մանազկերտէն 14 քիլոմեթր (9 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւմուտք կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի աջ ափին մօտ։

Ա-Դօ հաստատած է, որ 9 հայկական եւ 30 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Այսպէսով, հայ բնակիչներու թիւը 270 պիտի ըլլար։ Մայեւսկի 25 քրտական տուն յիշած է։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 8 հայկական տուն (72 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ 68 քրտական տուն (405 բնակիչ)։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարի տուեալներուն, գիւղը 82 հայ բնակիչ ունէր։ Սասունի 9 հայկական տուն յիշած է ցեղասպանութենէն առաջ։

Ղարապուլաղ, Գարապուլաղ, Գարապուլաղիկ [Karabulak]

Լայնութիւն՝ 39․062205 Երկայնութիւն՝ 42․951763
—    Գիւղը Մանազկերտէն 36 քիլոմեթր (22 մղոն) դէպի հարաւ-արեւելք կը գտնուէր՝ Աշտանախան եւ Զիրաքլու գիւղերուն միջեւ։ Ներկայիս, ըստ երեւոյթին, գիւղը անջատ բնակավայր չի նկատուիր։

ԱՈՒԿ-ը Ղարապուլաղը յիշած է իբրեւ հայաբնակ գիւղ՝ Մշոյ սանճագի բնակավայրերուն շարքին։ Ըստ Յակոբեանի եւ այլոց, 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, ըստ երեւոյթին՝ հայ բնակիչներու փախուստէն կամ սպանութենէն ետք համիտեան ջարդերուն ընթացքին, գիւղը 19 քրտական տուն ունէր։

Ղարաճան [Karacan]

Լայնութիւն՝ 39․536148 Երկայնութիւն՝ 42․548622
—    Գիւղը Մանազկերտէն 44 քիլոմեթր (27 մղոն) դէպի հիւսիս կը գտնուէր։

1902-ի Մշոյ դաշտի եւ շրջակայքի Պատրիարքարանի մարդահամարին մէջ, գիւղը կ՚երեւի իբրեւ բնակավայր մը, որ աւերուած հայկական վանք մը եւ հին գերեզմանատուն մը ունի։ Արդար է ենթադրել, ուրեմն, որ նախապէս հայաբնակ էր։
Մայեւսկի յիշած է 25 քրտական տուներ։

Ղարաղայա, Խարակաեա, Կարախաեա, Կարաքաեա, Քարաքաեան, Խարախաեա [Karakaya]

Լայնութիւն՝ 39․211353 Երկայնութիւն՝ 42․603704
—    Գիւղը Մանազկերտէն 9 քիլոմեթր (6 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւելք կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի ձախափնեայ հարկատու Գարագայայի աջ ափին։

Տեւկանց հաղորդած է 280 հայ բնակիչներու գոյութիւնը 1878-ին։ Յակոբեան եւ այլք նշած են, որ Ղարաղայա Մանազկերտի ամենամեծ հայաբնակ գիւղերէն մէկն էր եւ որ 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան 80, իսկ Ա. Աշխարհամարտէն առաջ՝ 114 հայկական տուն ունէր։ Ա-Դօ հաստատած է, որ 50 հայկական եւ 5 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Այսպէսով, հայ բնակիչներու թիւը 400 պիտի ըլլար։ Մայեւսկի 50 հայկական եւ 10 քրտական տուն յիշած է։ Տէր Կարապետեան գրած է, որ 32 հայկական տուն կար՝ 235 բնակիչով։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 78 հայկական տուն (725 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ 6 քրտական տուն (38 բնակիչ)։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարի տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 725 հայ բնակիչ ունէր՝ 78 տուներու մէջ, եւ երեք քիւրտ բնակիչ։ Թէոդիկ 60 հայկական տուն յիշած է 1915-էն առաջ, իսկ Ատրպետ՝ 115 հայկական տուն։ Սասունի 50 հայկական տուն յիշած է ցեղասպանութենէն առաջ։ Վերապրողներ Պօղոս Ֆրզէեանի եւ Օհաննէս Պոնպէեանի գնահատումով, հայկական տուներու թիւը 70 էր։

Ղարղալըղ Ներքին, Խարկալըղ Ներքին, Քարկալըղ Ներքին, Կարկալըք Ներքին, Խարապալըխ Ներքին, Քարկալըխ Մեծ [Aşağıkargalık]

Լայնութիւն՝ 39․442148 Երկայնութիւն՝ 42․624598
—    Գիւղը Մանազկերտէն 34 քիլոմեթր (21 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւելք կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի աջ ափին։

Տէր Կարապետեան հաստատած է, որ 12 հայկական տուն կար՝ 80 բնակիչով։ Յակոբեան եւ այլք նշած են, որ 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, գիւղը 65 հայկական եւ քրտական խառն տուն ունէր, եւ որ այլ անորոշ աղբիւրներ Ղարղալըղը նոյնացուցած են Մեծ Հայքի Այրարատ նահանգի Ծաղկոտն գաւառի Անգեղ ամրացուած բնակատեղիին։

Ղարղալըխ Վերին, Ղարկալըղ Վերին, Քարկալըղ Վերին, Կարկալըք Վերին, Խարապալըխ Վերին, Ղարղալըխ Փոքր, Քարկալըղ Փոքր [Yukarıkargalık]

Լայնութիւն՝ 39․422780 Երկայնութիւն՝ 42․630633
—    Գիւղը Մանազկերտէն 32 քիլոմեթր (20 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւելք կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի ձախ ափին։

Տէր Կարապետեան հաստատած է, որ 4 հայկական տուն կար՝ 25 բնակիչով։ Յակոբեան եւ այլք թելադրած են, որ 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, գիւղը 20 տուն ունէր՝ անորոշ ազգային պատկանելիութեամբ։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, երկու Ղարղալըղ գիւղերէն միայն մէկը նշուած է, որ 4 հայկական տուն ունէր՝ 30 բնակիչով, եւ 4 քրտական տուն՝ անորոշ թիւով բնակիչներով։ Քահանայ Տէր Աւետիսեան յիշած է 4 տուն ցեղասպանութենէն առաջ։

Ղազկէօլ, Քազկէօլ, Խազղունք, Խազտուղք, Խազղուղի [Kazgöl]

Լայնութիւն՝ 39․340029 Երկայնութիւն՝ 42․345359
—    Գիւղը Մանազկերտէն 28 քիլոմեթր (17 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւմուտք կը գտնուէր՝ Ղազ (Քազ) լճակի արեւելեան ափին մօտ։

Մայեւսկի 30 քրտական տուն յիշած է։ Տէր Կարապետեան հաստատած է, որ 15 հայկական տուն (100 բնակիչ) կար։

Ղլըճի, Խլընճի, Խլեչլու [Kılıççı]

Լայնութիւն՝ 39․168661 Երկայնութիւն՝ 42․418438
—    Գիւղը Մանազկերտէն 12 քիլոմեթր (7 մղոն) դէպի արեւմուտք կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի աջ ափին։

Յակոբեան եւ այլք թելադրած են, որ 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան գիւղը 20 տուն ունէր՝ ազգային անորոշ պատկանելիութեամբ։ Մայեւսկի 20 քրտական տուն յիշած է։

Կունտիֆիլան, Կունտեֆէյաթ, Ֆէյաթ, Ֆէյաթքէօյ [Ulusu]

Լայնութիւն՝ 39․306274 Երկայնութիւն՝ 42․269871
—    Գիւղը Մանազկերտէն 29 քիլոմեթր (18 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւմուտք կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի աջափնեայ հարկատու Խնուսի ձախ ափին։

Ըստ Յակոբեանի եւ այլոց, 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, ըստ երեւոյթին՝ հայ բնակիչներու փախուստէն կամ սպանութենէն ետք համիտեան ջարդերուն ընթացքին, գիւղը 12 քրտական տուն ունէր։ Մայեւսկի 15 քրտական տուն յիշած է։

Հաճիպօթ, Հաճի Պօթի, Հաճիփօթ, Հաչիպօթ [Dikbıyık]

Լայնութիւն՝ 39․348847 Երկայնութիւն՝ 42․594863
—    Գիւղը Մանազկերտէն 23 քիլոմեթր (15 մղոն) դէպի հիւսիս կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի ձախափնեայ հարկատու Շամի ձախ ափին։

Ա-Դօ հաստատած է, որ 8 հայկական եւ 25 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Այսպէսով, հայ բնակիչներու թիւը 65-ի շուրջ պիտի ըլլար։ Մայեւսկի 30 քրտական տուն յիշած է։ Յակոբեան եւ այլք նշած են, որ 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, գիւղը 33 տուն ունէր, որոնցմէ մէկ քանին հայաբնակ էր։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարի տուեալներուն՝ Գէորգեանի թարմացումով, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 79 հայ բնակիչ ունէր։ Սասունի 8 հայկական տուն յիշած է ցեղասպանութենէն արաջ։

Հաճիխան [Selekutu]

Լայնութիւն՝ 39․054675 Երկայնութիւն՝ 42․645085
—    Գիւղը Մանազկերտէն 14 քիլոմեթր (9 մղոն) դէպի հարաւ-արեւելք կը գտնուէր։

ԱՈՒԿ-ը յիշած է Հաճիխանը իբրեւ հայաբնակ գիւղ՝ Մշոյ սանճագի բնակավայրերու շարքին։ Յակոբեան եւ այլք նշած են, որ 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, ըստ երեւոյթին՝ հայ բնակիչներու փախուստէն կամ սպանութենէն ետք համիտեան ջարդերուն ընթացքին, գիւղը արդէն ամայի էր։

Հաճի Եուսուֆ [Hacıyusuf]

Լայնութիւն՝ 39․358619 Երկայնութիւն՝ 42․616128
—    Գիւղը Մանազկերտէն 25 քիլոմեթր (15 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւելք կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի ձախափնեայ հարկատու Շամի ձախ ափին։

Մայեւսկի 25 քրտական տուն յիշած է։ Յակոբեան եւ այլք նշած են, որ 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, գիւղը 25 տուն ունէր՝ առանց ազգային պատկանելիութիւն յստակացնելու։

Հասան Փաշա, Հսէն Փաշա, Հսէնփաշէն [Hasanpaşa]

Լայնութիւն՝ 39․343570 Երկայնութիւն՝ 42․497789
—    Գիւղը Մանազկերտէն 22 քիլոմեթր (14 մղոն) դէպի հիւսիս կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի աջ ափին մօտ։

Ա-Դօ հաստատած է, որ 7 հայկական եւ 42 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Այսպէսով, հայ բնակիչներու թիւը շուրջ 60 պիտի ըլլար։ Տէր Կարապետեան գրած է, որ 6 հայկական տուն կար՝ 37 բնակիչով։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 6 հայկական տուն (59 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ 100 քրտական տուն (643 բնակիչ)։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարի տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 47 հայ բնակիչ ունէր՝ 6 տուներու մէջ, եւ 80 քիւրտ բնակիչ։ Թէոդիկ յիշած է 6 հայկական տուն 1915-էն առաջ, իսկ Սասունի՝ 7 հայկական տուն ցեղասպանութենէն առաջ։

Հասունան, Հասուններ, Հասուքան, Հասու, Հասունա, Խասուքան, Խասուն, Խասունա, Խասունան, Փասոն [Tatlıca]

Լայնութիւն՝ 39․246591 Երկայնութիւն՝ 42․558793
—    Գիւղը Մանազկերտէն 11 քիլոմեթր (7 մղոն) դէպի հիւսիս կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի ձախ ափին մօտ։

Լինչ նկարագրած է գիւղը, զոր կոչած է Հասունա, իբրեւ քրտական բնակավայր, բայց ընդունած է, որ նախապէս հայաբնակ էր, ինչպէս ամայի գերեզման մը ցոյց կու տայ։ Յակոբեան եւ այլք նշած են, որ 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, գիւղը 36 տուն ունէր՝ առանց ազգային պատկանելիութիւն յստակացնելու։ Ա-Դօ հաստատած է, որ 30 հայկական եւ 3 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Այսպէսով, հայ բնակիչներու թիւը 240 պիտի ըլլար։ Մայեւսկի 36 քրտական տուն յիշած է։ Սասունի 30 հայկական տուն յիշած է ցեղասպանութենէն առաջ։

Հըսէ, Հասէ, Հըսըն, Հասի, Հրսէ, Խոսէ, Քասէ, Արսէ [Karakoç]

Լայնութիւն՝ 39․264347 Երկայնութիւն՝ 42․328836
—    Գիւղը Մանազկերտէն 23 քիլոմեթր (14 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւմուտք կը գտնուէր։

Յակոբեան եւ այլք նշած են, որ 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, գիւղը 15 տուն ունէր՝ առանց ազգային պատկանելիութիւն յստակացնելու։ Ա-Դօ հաստատած է, որ 8 հայկական եւ 33 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Այսպէսով, հայ բնակիչներու թիւը շուրջ 65 պիտի ըլլար։ Մայեւսկի 15 քրտական տուն յիշած է։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 12 հայկական տուն (72 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ 88 քրտական տուն (451 բնակիչ)։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարի տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 72 հայ բնակիչ ունէր՝ 9 տուներու մէջ, եւ 80 քիւրտ բնակիչ։

Հէյպորան, Խէյպորան, Խէրէպատէ, Խարապէ [Gülkoru]

Լայնութիւն՝ 39․097265 Երկայնութիւն՝ 42․647931
—    Գիւղը Մանազկերտէն 10 քիլոմեթր (6 մղոն) դէպի հարաւ-արեւելք կը գտնուէր՝ Մուշ-Ղարաքիլիսէ (Աղրի) ճանապարհին վրայ։

Յակոբեան եւ այլք նշած են, որ գիւղը հայաբնակ էր մինչեւ համիտեան ջարդերը եւ որ 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, 20 տուն ունէր՝ առանց ազգային պատկանելիութիւն յստակացնելու։ ԱՈՒԿ-ը Հէյպորանը յիշած է իբրեւ հայաբնակ գիւղ՝ Մշոյ սանճագի բնակավայրերու շարքին։

Ինտրիզիկէղ, Ինտրիզի գիւղ, Ինտրիզի գեղ, Ինդրիզի գեղ, Ինդրիճի գեղ, Էնտրիս, Էնդրիս գիւղ, Էնտրիզ [Sıradere]

Լայնութիւն՝ 39․275582 Երկայնութիւն՝ 42․182189
—    Գիւղը Մանազկերտէն 34 քիլոմեթր (21 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւմուտք կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի աջափնեայ հարկատու Խնուսի ձախ ափին մօտ։

Ա-Դօ հաստատած է, որ 10 հայկական եւ 40 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Այսպէսով, հայ բնակիչներու թիւը 80 պիտի ըլլար։ Մայեւսկի 13 քրտական տուն յիշած է։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 8 հայկական տուն (61 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ 10 քրտական տուն (51 բնակիչ)։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարի տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 105 հայ բնակիչ ունէր՝ 12 տուներու մէջ, եւ 30 քիւրտ բնակիչ։ Սասունի 10 հայկական տուն յիշած է ցեղասպանութենէն առաջ։

Քամիշլու (ներքին), Քամեշ (ներքին), Քամեշլու [Aşağıkamışlı]

Լայնութիւն՝ 39․141074 Երկայնութիւն՝ 42․813088
—    Գիւղը Մանազկերտէն 23 քիլոմեթր (15 մղոն) դէպի արեւելք կը գտնուէր։

Յակոբեան եւ այլք յիշած են Քամիշլուն իբրեւ մէկ բնակավայր։ Նոյնը ըրած է Մայեւսկին՝ հինգ քրտական տուն նշելով։ Թուրքիոյ հայկական տեղանուններու առցանց տուեալներու շտեմարանը՝ Index Anatolicus, առանձնացուցած է երկու բնակավայրեր՝ Վերին Քամիշլու եւ Վարին Քամիշլու։

Քամիշլու Վերին, Քամէշ Վերին, Քամէշլու [Yukarıkamışlı]

Լայնութիւն՝ 39.133967 Երկայնութիւն՝ 42.833472
—    Գիւղը Մանազկերտէն 25 քիլոմեթր (16 մղոն) դէպի արեւելք կը գտնուէր։

Ըստ Յակոբեանի եւ այլոց, 1881-ին, ըստ երեւոյթին՝ 1877-1878-ի ռուս-թրքական պատերազմին գիւղը հայերու կողմէ լքուելէ ետք, 78 քիւրտ բնակիչ ունէր եւ, Ի. դարու սկզբնաւորութեան, 15 քրտական տուն։

Քանիքոր, Քանիքորիք, Քանիքորք, Քանիկոր, Կանիկոր, Կանիկուրք [Hancağız]

Լայնութիւն՝ 39.311684 Երկայնութիւն՝ 42.516156
—    Գիւղը Մանազկերտէն 19 քիլոմեթր (12 մղոն) դէպի հիւսիս կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի աջ ափին։

Ա-Դօ հաստատած է, որ 15 հայկական եւ 50 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Այսպէսով, հայ բնակիչներու թիւը 120 պիտի ըլլար։ Մայեւսկի 5 հայկական եւ 45 քրտական տուն յիշած է։ Տէր Կարապետեան գրած է, որ 5 հայկական տուն կար՝ 30 բնակիչով։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 5 հայկական տուն (56 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ 80 քրտական տուն կամ 471 բնակիչ։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարի տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 54 հայ բնակիչ ունէր՝ 5 տուներու մէջ, եւ 50 քիւրտ բնակիչ։ Թէոդիկ 10 հայկական տուն յիշած է 1915-էն առաջ, իսկ Սասունի՝ 15 հայկական տուն։

Քարահասան[Karahasan]

Լայնութիւն՝ 39.006436 Երկայնութիւն՝ 42.613628
—    Գիւղը Մանազկերտէն 17 քիլոմեթր (10 մղոն) դէպի հարաւ-արեւելք կը գտնուէր։

Մայեւսկի 20 քրտական տուն յիշած է։ Գիւղը նշուած է 1902-ի Պատրիարքարանի Մշոյ դաշտի եւ շրջակայքի գիւղերու մարդահամարին մէջ իբրեւ բնակավայր մը, որ աւերուած հայկական եկեղեցի մը եւ հին գերեզմանատուն մը ունէր։ Արդար է ենթադրել, ուրեմն, որ նախապէս հայաբնակ էր։

Քէօշկ, Քիոշկ, Քոշկ, Քէշկ, Քէչք [Aşağı Köşk]

Լայնութիւն՝ 39.419813 Երկայնութիւն՝ 42.760345
—    Գիւղը Մանազկերտէն 36 քիլոմեթր (22 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւելք կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի ձախափնեայ հարկատու Շամի ձախ ափին։

Տէր Կարապետեան հաստատած է, որ 12 հայկական տուն կար՝ 85 բնակիչով։ Յակոբեան եւ այլք թելադրած են, որ 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, գիւղը 30 խառն հայկական եւ քրտական տուն ունէր։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 2 հայկական տուն (17 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ 7 քրտական տուն՝ անորոշ թիւով բնակիչներով։ Քահանայ Տէր Աւետիսեան 2 հայկական տուն յիշած է ցեղասպանութենէն առաջ։

Քէսան, Քէճան, Կէճան, Քէսա [Ergeçidi]

Լայնութիւն՝ 39.380021 Երկայնութիւն՝ 42.580438
—    Գիւղը Մանազկերտէն 27 քիլոմեթր (17 մղոն) դէպի հիւսիս կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի ձախ ափին։

ԱՈՒԿ-ը Քէսանը նշած է իբրեւ հայաբնակ գիւղ մը՝ Մշոյ սանճագի բնակավայրերու շարքին։  Գիւղը նշուած է 1902-ի Պատրիարքարանի Մշոյ դաշտի եւ շրջակայքի գիւղերու մարդահամարին մէջ իբրեւ բնակավայր մը, որ աւերուած հայկական եկեղեցի մը եւ հին գերեզմանատուն մը ունէր։ Արդար է ենթադրել, ուրեմն, որ նախապէս հայաբնակ էր։ Յակոբեան եւ այլք թելադրած են, որ 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, գիւղը 16 տուն ունէր՝ ազգային անյայտ պատկանելիութեամբ։ Սասունի 8 հայկական տուն յիշած է ցեղասպանութենէն առաջ։

Խալխալ [Alikalkan]

Լայնութիւն՝ 39.265416 Երկայնութիւն՝ 42.266797
—    Գիւղը Մանազկերտէն 27 քիլոմեթր (17 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւմուտք կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի աջափնեայ հարկատու Խնուսի ձախ ափին մօտ։

ԱՈՒԿ-ը Խալխալը նշած է իբրեւ հայաբնակ գիւղ մը՝ Մշոյ սանճագի բնակավայրերու շարքին։  Մայեւսկի 20 քրտական տուն յիշած է։ Յակոբեան եւ այլք թելադրած են, որ 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, գիւղը 15 տուն ունէր՝ ազգային անորոշ պատկանելիութեամբ։

Խան [Han]

Լայնութիւն՝ 39.274953 Երկայնութիւն՝ 42.295502
—    Գիւղը Մանազկերտէն 26 քիլոմեթր (16 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւմուտք կը գտնուէր։

ԱՈՒԿ-ը Խանը նշած է իբրեւ հայաբնակ գիւղ մը՝ Մշոյ սանճագի բնակավայրերու շարքին։

Խանիկեղ, Խանօղլի, Խանօղլու [Hanoğlu]

Լայնութիւն՝ 39.134167 Երկայնութիւն՝ 42.440153
—    Գիւղը Մանազկերտէն 9 քիլոմեթր (5 մղոն) դէպի արեւմուտք կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի ձախ ափին մօտ, Մանազկերտ-Պիթլիս ճանապարհոն վրայ։

Ա-Դօ հաստատած է, որ 15 հայկական եւ 20 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Այսպէսով, հայ բնակիչներու թիւը 120 պիտի ըլլար։ Մայեւսկի 22 հայկական եւ 4 քրտական տուն յիշած է։ Տէր Կարապետեան գրած է, որ 21 հայկական տուն կար՝ 150 բնակիչով։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 28 հայկական տուն (234 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ քրտական տուներու չճշդուած թիւ մը։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարի տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 234 հայ բնակիչ ունէր՝ 30 տուներու մէջ։ Ատրպետ սխալ կերպով նոյնացուցած է Վերին Խանիկեղ եւ Ստորին Խանիկեղ բնակավայրերը, յիշելով 45 եւ 38 հայկական տուն, յաջորդաբար, ցեղասպանութենէն առաջ։ Թէոդիկ 80 հայկական տուն յիշած է 1915-էն առաջ, իսկ Սասունի՝ 15 հայկական տուն ցեղասպանութենէն առաջ։

Խանիկ, Խանիկքէօյ, Խանք [Dirimpınar]

Լայնութիւն՝ 39.208975 Երկայնութիւն՝ 42.475752
—    Գիւղը Մանազկերտէն 9 քիլոմեթր (5 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւմուտք կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի աջ ափին մօտ։

Յակոբեան եւ այլք թելադրած են, որ 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, գիւղը 20 տուն ունէր՝ ազգային անորոշ պատկանելիութեամբ։ Ա-Դօ հաստատած է, որ 5 հայկական եւ 35 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Այսպէսով, հայ բնակիչներու թիւը 40 պիտի ըլլար։ Մայեւսկի 10 հայկական եւ 10 քրտական տուն յիշած է։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը մէկ հայկական տուն (5 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ մէկ քրտական տուն՝ անորոշ թիւով բնակիչներով։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարի տուեալներուն, որոնք թարմացուած են Գէորգեանի կողմէ, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 51 հայ բնակիչ ունէր։ Սասունի 5 հայկական տուն յիշած է ցեղասպանութենէն առաջ։

Խարապա Ղասմիկ, Խարապ Ղասմիկ, Խարապախասմիկ, Խարապա Խասմի, Խասեմի [Beşçatak]

Լայնութիւն՝ 39.195789 Երկայնութիւն՝ 42.503904
—    Գիւղը Մանազկերտէն 6 քիլոմեթր (4 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւմուտք կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի աջ ափին։

Ըստ Յակոբեանի եւ այլոց, ուշ 1890-ական թուականներուն, գիւղը 13, իսկ Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, 90 հայկական տուն ունէր։ Ա-Դօ հաստատած է, որ 47 հայկական եւ 60 քրտական տուն կար գիւղին մէջ (թերեւս սխալմամբ, «Խարապախանի» անունով կ՚երեւի անոր ցանկին մէջ)։ Այսպէսով, հայ բնակիչներու թիւը շուրջ 380 պիտի ըլլար։ Տէր Կարապետեան գրած է, որ 20 հայկական տուն կար՝ 151 բնակիչով։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 31 հայկական տուն (234 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ 60 քրտական տուն (473 բնակիչ)։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարի տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 234 հայ բնակիչ ունէր՝ 31 տուներու մէջ, եւ 50 քիւրտ բնակիչ։ Թէոդիկ 60 հայկական տուն յիշած է 1915-էն առաջ, իսկ Ատրպետ՝ 90։ Սասունի 47 հայկական տուն յիշած է ցեղասպանութենէն առաջ (թերեւս սխալմամբ, «Խարապախանի» անունով կ՚երեւի անոր ցանկին մէջ)։

Խարապախանի, Խարապէքէն [Şekerova Mahallesi]

Լայնութիւն՝ 39.006884 Երկայնութիւն՝ 42.707734
—    Գիւղը Մանազկերտէն 21 քիլոմեթր (13 մղոն) դէպի հարաւ-արեւելք կը գտնուէր։

ԱՈՒԿ-ը Խարապախանին նշած է իբրեւ հայաբնակ գիւղ մը՝ Մշոյ սանճագի բնակավայրերու շարքին։

Խարապակորեկ, Խարապակորիկ, Խարապա Կորկ, Կորկ [Yüncüler]

Լայնութիւն՝ 39.229656 Երկայնութիւն՝ 42.765559
—    Գիւղը Մանազկերտէն 22 քիլոմեթր (13 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւելք կը գտնուէր՝ Պատնոց (Բադնոս) գիւղաքաղաքին մօտ։

Մայեւսկի 15 քրտական տուն յիշած է։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 9 հայկական տուն (81 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ 42 քրտական տուն կամ 310 բնակիչ (աղիւսակին մէջ, այլուր, 9 հայկական տուն կամ 65 բնակիչ, ինչպէս եւ 11 քրտական տուն կամ 5 բնակիչ յիշուած են)։ Յակոբեան եւ այլք նշած են, որ 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, գիւղը նշանաւոր քիւրտ ցեղապետի մը նստավայրն էր։

Խարապասոր, Խրպասոր, Խարապասար, Սարպասար [Ahmetabat]

Լայնութիւն՝ 39.401925 Երկայնութիւն՝ 42.721571
—    Գիւղը Մանազկերտէն 33 քիլոմեթր (20 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւելք կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի ձախափնեայ հարկատու Շամի աջ ափին։

Տէր Կարապետեան յայտնած է, թէ 5 հայկական տուն (29 բնակիչ) կար։ Յակոբեան եւ այլք ենթադրած են, որ 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան գիւղը 19 հայկական եւ 70 քրտական տուն ունէր։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 13 հայկական տուն (76 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ 18 քրտական տուն՝ անորոշ թիւով բնակիչներով։

Խարապքար, Խարապքոր, Խարապա-քորու [Akyemiş]

Լայնութիւն՝ 39.193972 Երկայնութիւն՝ 42.756236
—    Գիւղը Մանազկերտէն 19 քիլոմեթր (12 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւելք կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի ձախափնեայ հարկատու Գարագայայի աջ ափին։

Մայեւսկի գիւղը Խարապկոփ կոչած է՝ 25 քրտական տուն յիշելով։ Քահանայ Տէր Աւետիսեան 6 հայկական տուն յիշած է ցեղասպանութենէն առաջ։

Խարաղաճ [Karaağaç]

Լայնութիւն՝ 39.414923 Երկայնութիւն՝ 42.580894
—    Գիւղը Մանազկերտէն 30 քիլոմեթր (19 մղոն) դէպի հիւսիս կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի աջ ափին մօտ։

Տէր Կարապետեան յայտնած է, թէ 19 հայկական տուն (131 բնակիչ) կար։ Յակոբեան եւ այլք թելադրած են, որ 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան գիւղը 26 տուն ունէր՝ անորոշ ազգային պատկանելիութեամբ։

Խարալի, Ղարալի, Քարալի [Karaali]

Լայնութիւն՝ 39.039065 Երկայնութիւն՝ 42.547506
—    Գիւղը Մանազկերտէն 12 քիլոմեթր (7 մղոն) դէպի հարաւ կը գտնուէր։

Գիւղը Կարա Ալի կոչելով, Լինչ զայն նկարագրած է իբրեւ չէրքէզ բնակավայր մը։ Ա-Դօ հաստատած է, որ 6 հայկական եւ 30 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Այսպէսով, հայ բնակիչներու թիւը շուրջ 50 պիտի ըլլար։ Մայեւսկի 20 քրտական տուն յիշած է։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 6 հայկական տուն (43 բնակիչ), ինչպէս եւ 30 քրտական տուն (205 բնակիչ)։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարի տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 58 հայ բնակիչ ունէր՝ շուրջ 8 տուներու մէջ։ Սասունի 6 հայկական տուն յիշած է ցեղասպանութենէն առաջ։

Խասմիկ, Խասմի, Էրզի Խասմիկ, Էրզի Խասեմի, Էրզաղի Խասմիկ [Arslankaya]

Լայնութիւն՝ 39․201621 Երկայնութիւն՝ 42․360556
—    Գիւղը Մանազկերտէն 16 քիլոմեթր (10 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւմուտք կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի աջ ափին մօտ։

Տեւկանց հաղորդած է 140 հայ բնակիչներու գոյութիւնը 1878-ին։ Ա-Դօ հաստատած է, որ 44 հայկական եւ 75 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Այսպէսով, հայ բնակիչներու թիւը շուրջ 355 պիտի ըլլար։ Մայեւսկի 50 հայկական եւ 40 քրտական տուն յիշած է։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 75 հայկական տուն (643 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ 43 քրտական տուն (200 բնակիչ)։ Ըստ Յակոբեանի եւ այլոց, Ղասմիկ Մանազկերտի ամենամեծ հայաբնակ գիւղերէն մէկն էր, իսկ 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, 50 հայկական եւ 30 քրտական տուն ունէր։ Տէր Կարապետեան հաստատած է, որ 25 հայկական տուն կամ 200 բնակիչ կար։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարի տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 663 հայ բնակիչ ունէր՝ 67 տուներու մէջ, եւ 50 քիւրտ բնակիչ։ Թէոդիկ 100 հայկական տուն յիշած է 1915-էն առաջ, իսկ Ատրպետ՝ 100։ Սասունի 44 հայկական տուն յիշած է ցեղասպանութենէն առաջ։ Վերապրող Յարութիւն Դաւիթեանի գնահատականով, հայկական տուներու թիւը 67 էր։

Խազան, Խազանան [Kazanbey]

Լայնութիւն՝ 39․069841 Երկայնութիւն՝ 42․894326
—    Գիւղը Մանազկերտէն 32 քիլոմեթր (20 մղոն) դէպի հարաւ-արեւելք կը գտնուէր՝ Պիթլիս-Ղարաքիլիսէ ճանապարհին վրայ։

ԱՈՒԿ-ը Խազանը նշած է իբրեւ հայաբնակ գիւղ մը՝ Մշոյ սանճագի բնակավայրերու շարքին։ Ըստ Յակոբեանի եւ այլոց, 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, ըստ երեւոյթին՝ հայ բնակիչներու փախուստէն կամ սպանութենէն ետք համիտեան ջարդերուն ընթացքին, գիւղը 15 քրտական տուն ունէր։

Խոշաճին, Խոշաչին, Խոշաճի, Քոսաճի [Üçoymak]

Լայնութիւն՝ 39․180971 Երկայնութիւն՝ 42․744573
—    Գիւղը Մանազկերտէն 19 քիլոմեթր (12 մղոն) դէպի արեւելք կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի ձախափնեայ հարկատու Գարագայայի ձախ ափին։

Ա-Դօ հաստատած է, որ 5 հայկական եւ 15 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Այսպէսով, հայ բնակիչներու թիւը 40 պիտի ըլլար։ Մայեւսկի 26 քրտական տուն յիշած է։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 3 հայկական տուն (27 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ 12 քրտական տուն (89 բնակիչ)։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարի տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 43 հայ բնակիչ ունէր։ Սասունի 5 հայկական տուն յիշած է ցեղասպանութենէն առաջ։

Խոթանլու, Խոթանլի, Կոթանլի, Կոթանլու, Քոթանլու, Քէօթանլու, Քէօթանլէ [Kotanlı]

Լայնութիւն՝ 39․141323 Երկայնութիւն՝ 42․248451
—    Գիւղը Մանազկերտէն 25 քիլոմեթր (16 մղոն) դէպի արեւմուտք կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի ձախ ափին։

Տեւկանց հաղորդած է 210 հայ բնակիչներու գոյութիւնը 1878-ին։ Ֆիլիփով նկարագրած է Խոթանլուն իբրեւ Մանազկերտի ամենամեծ գիւղերէն մէկը 1880-ական թուականներուն։ Միրախորեան նկարագրած է Խոթանլուն իբրեւ Մանազկերտի գլխաւոր հայաբնակ գիւղերէն մէկը 1880-ական թուականներու կէսերուն, նշելով 25 հայկական եւ 20 քրտական տուն։ Մայեւսկի 20 հայկական եւ 10 քրտական տուն յիշած է։ Ա-Դօ հաստատած է, որ 65 հայկական եւ 10 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Այսպէսով, հայ բնակիչներու թիւը 520 պիտի ըլլար։ Տէր Կարապետեան հաստատած է, որ 12 հայկական տուն (83 բնակիչ) կար։  Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 45 հայկական տուն (400 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ 23 քրտական տուն (113 բնակիչ)։ Ըստ Յակոբեանի եւ այլոց, 1890-ական թուականներու վերջերուն, 45 տուն կար՝ 25 հայկական եւ 20 քրտական։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարի տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 400 հայ բնակիչ ունէր՝ 50 տուներու մէջ, եւ 40 քիւրտ բնակիչ։ Թէոդիկ 50 հայկական տուն յիշած է 1915-էն առաջ, իսկ Սասունի՝ 65 հայկական տուն ցեղասպանութենէն առաջ։

Գուշթիան, Կուշթիան, Քուսշթիան, Քոշթիան, Քուսթիա [Şehittahir]

Լայնութիւն՝ 39.235967 Երկայնութիւն՝ 42.275670
—    Գիւղը Մանազկերտէն 25 քիլոմեթր (16 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւմուտք կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի աջափնեայ հարկատու Սուլթան-Նուրետինի աջ ափին։

Ա-Դօ հաստատած է, որ 15 հայկական եւ 120 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Այսպէսով, հայ բնակիչներու թիւը 120 պիտի ըլլար։ Մայեւսկի յիշած է 10 հայկական եւ 50 քրտական տուն։ Տէր Կարապետեան հաստատած է, որ 12 հայկական տուն (112 բնակիչ) կար։  Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 6 հայկական տուն (54 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ 90 քրտական տուն (530 բնակիչ)։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարի տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 52 հայ բնակիչ ունէր՝ 6 տուներու մէջ, եւ 100 քիւրտ բնակիչ։ Սասունի 15 հայկական տուն յիշած է ցեղասպանութենէն առաջ։

Կուտկան [Doğantaş]

Լայնութիւն՝ 39․441442 Երկայնութիւն՝ 42․484142
—    Գիւղը Մանազկերտէն 33 քիլոմեթր (21 մղոն) դէպի հիւսիս կը գտնուէր։

Գիւղը նշուած է 1902-ի Պատրիարքարանի Մշոյ դաշտի եւ շրջակայքի գիւղերու մարդահամարին մէջ իբրեւ բնակավայր մը, որ աւերուած հայկական եկեղեցի մը եւ հին գերեզմանատուն մը ունէր։ Արդար է ենթադրել, ուրեմն, որ նախապէս հայաբնակ էր։ Մայեւսկի 15 քրտական տուն յիշած է։

Կծու [ներկայ անունը անյայտ է]

—    Այս գիւղին տեղադրութիւնը կարելի չէ ճշդել։

Գիւղը կը յիշուի ԺԵ. դարու կաթողիկոսական նամակի մը մէջ իբրեւ Մշոյ դաշտի Եղրդուտի Ս. Յովհաննէս վանքի պատկանող կալուած։ Յակոբեան եւ այլք թելադրած են, որ գիւղը հայաբնակ էր մինչեւ համիտեան ջարդերը։ ԱՈԿ-ը Կծուն յիշած է իբրեւ հայաբնակ գիւղ՝ Մշոյ սանճագի բնակավայրերու շարքին։

Քուրուճա, Ղուրուճա, Քուրուճ, Խրուճեն [Kuruca]

Լայնութիւն՝ 39․361075 Երկայնութիւն՝ 42․383291
—    Գիւղը Մանազկերտէն 28 քիլոմեթր (17 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւմուտք կը գտնուէր՝ Ղազ (Քազ) լճակի հիւսիսարեւելեան ափին մօտ։

Գիւղը ենթադրաբար կը նոյնանայ Ապահունեաց Ս. Նիկողայոս վանքի տեղադրութեան հետ։ Կարելի է ենթադրել, ուրեմն, որ գիւղը նախապէս հայաբնակ էր։ Մայեւսկի 30 քրտական տուն յիշած է։

Քզըլեուսուֆ, Քեզլեուսուֆ, Քեզեուսուֆ, Քիզիլեուսուֆ, Քզել Եուսուֆ [Kızılyusuf]

Լայնութիւն՝ 38.948825 Երկայնութիւն՝ 42.664450
—    Գիւղը Մանազկերտէն 24 քիլոմեթր (15 մղոն) դէպի հարաւ-արեւելք կը գտնուէր՝ Արծկէ (Ատըլճեւազ)-Մանազկերտ ճանապարհին վրայ, Մանազկերտ գաւառակի հարաւարեւելեան ծայրը։

Գիւղը հայաբնակ վայր մըն էր, որ Սիփան լերան հիւսիս-արեւմտեան լանջերուն մօտակայքը գտնուող ժայռային բլուրներուն այլ գիւղերու հետ, որոնք քերներ կամ քրաներ կը կոչուէին տեղական խօսուածքով, ուշ միջնադարեան հայկական իշխանութիւն մը կազմած կ՚ըլլայ, որ ենթադրաբար մինչեւ ԺԸ. դարու վերջաւորութեան գոյութիւն ունեցած է։ Մայեւսկի 25 քրտական տուն յիշած է։ Տէր Աւետիսեան նշած է 5 հայկական տուներու գոյութիւնը ցեղասպանութենէն առաջ։

Լիասօր [Kuruyaka]

Լայնութիւն՝ 39․286661 Երկայնութիւն՝ 42․776674
—    Գիւղը Մանազկերտէն 26 քիլոմեթր (16 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւելք կը գտնուէր՝ Պատնոց (Բադնոս) գիւղաքաղաքի հիւսիս-արեւմուտքը։

ԱՈՒԿ-ը Լիասօրը յիշած է իբրեւ հայաբնակ գիւղ՝ Մշոյ սանճագի բնակավայրերու շարքին։

Լիսօր [Suluca]

Լայնութիւն՝ 39.304512 Երկայնութիւն՝ 42.753264
—    Գիւղը Մանազկերտէն 25 քիլոմեթր (15 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւմուտք կը գտնուէր՝ Պատնոց (Բադնոս) գիւղաքաղաքի հիւսիս-արեւմուտքը։

ԱՈՒԿ-ը Լիսօրը յիշած է իբրեւ հայաբնակ գիւղ՝ Մշոյ սանճագի բնակավայրերու շարքին։ Մայեւսկի 43 քրտական տուն յիշած է։

Մանազկերտ, Մանաւազակերտ, Մանաւազկերտ, Մանազկիրտ, Մանազճիրտ, Մանացկերտ, Մանցկերտ, Մանձկերտ, Բերդ, Բերդաւան [Malazgirt]

Լայնութիւն՝ 39.146145 Երկայնութիւն՝ 42.540960
—    Գիւղաքաղաքը Մուշէն 102 քիլոմեթր (63 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւելք եւ Կոփէն (Պուլանըխ) 24 քիլոմեթր (15 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւելք կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի ձախ ափին մօտ։

Ըստ Յակոբեանի եւ այլոց, հին ժամանակներուն գիւղաքաղաքը ծանօթ էր Բերդ անունով եւ մաս կը կազմէր Ապահունիքի գաւառին, իսկ Ի. դարու սկզբնաւորութեան, 65 հայկական եւ 100 քրտական տուն ունէր։ Տեւկանց հաղորդած է 560 հայ բնակիչներու գոյութիւնը 1878-ին։ Ֆիլիփով նկարագրած է Մանազկերտը իբրեւ մեծ գիւղաքաղաք մը 1880-ական թուականներու սկզբնաւորութեան։ Առանց որոշակի աղբիւրներու յիշատակութեան, Յակոբեան եւ այլք նշած են, որ անցեալին, ենթադրաբար՝ վաղ արդի շրջանին, Մանազկերտի մէջ 6.000 տուն կար՝ 30.000-35.000 բնակչութեամբ։ Քիւնէ յայտնած է, որ 1891-ին 213 խառն տուն կար Մանազկերտի մէջ։ Գոլիւպաքին նշած է, որ 170 տուն կար՝ 80 հայկական, 10 թրքական եւ 80 քրտական [58]։ Լինչ ընդունած է, որ Մանազկերտը երբեք չէր վերականգնած իր իսլամ տէրերուն տակ, եւ որ հայերը, որոնց գիւղաքաղաքը իր բարգաւաճումը կը պարտէր, գրեթէ վտարուած էին մօտակայ թաղամասերէն [59]։ Միրախորեան նշած է, որ գիւղաքաղաքի 200 տուներէն 85 կամ 90-ը հայկական էին, իսկ մնացեալը՝ մեծամասնութեամբ քրտական։ Ապրիլ 1903-ին գիւղաքաղաքը հարուածող աւերիչ երկրաշարժին հետեւանքով, բնակչութեան գրեթէ մէկ երրորդը մահացած էր։ Ա-Դօ հաստատած է, որ 80 հայկական եւ 200 քրտական տուն կար գիւղաքաղաքին մէջ։ Այսպէսով, հայ բնակիչներու թիւը 640 պիտի ըլլար։ Մայեւսկի 50 հայկական եւ 350 քրտական տուն յիշած է, ներառեալ 30 թուրք բնակիչներ։ Տէր Կարապետեան հաստատած է, որ 51 հայկական տուն (381 բնակիչ) կար գիւղաքաղաքին մէջ։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղաքաղաքը 126 հայկական տուն (945 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ 236 քրտական տուն (1.147 բնակիչ)։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարի տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 945 հայ բնակիչ ունէր՝ 126 տուներու մէջ, եւ 350 քիւրտ ու թուրք բնակիչ։ Թէոդիկ 200 հայկական տուն յիշած է 1915-էն առաջ։ Պատմաբան ու աշխարհագրագէտ Թադեւոս Յակոբեան պնդած է, որ ցեղասպանութենէն առաջ, գիւղաքաղաքին բնակչութիւնը 5.000-ի կը հասնէր, որուն մեծամասնութիւնը հայեր էին [60]։ Սասունի 80 հայկական տուն յիշած է ցեղասպանութենէն առաջ։

Մանտասօր [Çatmaoluk]

Լայնութիւն՝ 39.019290 Երկայնութիւն՝ 42.766605
—    Գիւղը Մանազկերտէն 25 քիլոմեթր (15 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւելք կը գտնուէր։

Յակոբեան եւ այլք յայտնած են, որ 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, ըստ երեւոյթին երբ հայերը փախուստի դիմած կամ սպաննուած են համիտեան ջարդերուն ընթացքին, գիւղը 9 քրտական տուն ունէր։

Մարմուս, Մարմոս, Մարմուզ, Մարմոնց [Koçaklar]

Լայնութիւն՝ 39.231187 Երկայնութիւն՝ 42.703090
—    Գիւղը Մանազկերտէն 17 քիլոմեթր (10 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւելք կը գտնուէր։

Տեւկանց հաղորդած է 105 հայ բնակիչներու գոյութիւնը 1878-ին։ Ըստ Յակոբեանի եւ այլոց, Մարմուս Մանազկերտի ամենամեծ գիւղերէն մէկն էր։ Ա-Դօ հաստատած է, որ 25 հայկական եւ 50 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Այսպէսով, հայ բնակիչներու թիւը 200 պիտի ըլլար։ Մայեւսկի 30 հայկական եւ 40 քրտական տուն յիշած է։ Տէր Կարապետեան հաստատած է, որ 10 հայկական տուն (76 բնակիչ) կար գիւղին մէջ։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 37 հայկական տուն (300 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ 36 քրտական տուն կամ 256 բնակիչ (աղիւսակին մէջ, այլուր, յիշուած են 37 հայկական տուն՝ 320 բնակիչով, եւ 14 քրտական տուն՝ անորոշ թիւով բնակիչներով)։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարի տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 300 հայ բնակիչ ունէր՝ 37 տուներու մէջ, եւ 50 քիւրտ բնակիչ։ Թէոդիկ 25 հայկական տուն յիշած է 1915-էն առաջ։ Քահանայ Տէր Աւետիսեան 20 հայկական տուն յիշած է ցեղասպանութենէն առաջ, իսկ Սասունի՝ 25։ Վերապրողներ Մարտիրոս Սարգիսեանի եւ Սարգիս Խաչատուրեանի գնահատումով, հայկական տուներու թիւը 40 էր։

Մեզրէ, Մայզրա, Մեզրա [Mezraaköy]

Լայնութիւն՝ 39.176671 Երկայնութիւն՝ 42.611570
—    Գիւղը Մանազկերտէն 7 քիլոմեթր (4 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւելք կը գտնուէր։

ԱՈՒԿ-ը Մեզրէն նշած է իբրեւ հայաբնակ գիւղ մը՝ Մշոյ սանճագի բնակավայրերու շարքին։ Մայեւսկի 20 քրտական տուն յիշած է։ Յակոբեան եւ այլք թելադրած են, որ 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, գիւղը 20 տուն ունէր՝ ազգային անորոշ պատկանելիութեամբ։

Միրզէ [Ocakbaşı]

Լայնութիւն՝ 39.372803 Երկայնութիւն՝ 42.684191
—    Գիւղը Մանազկերտէն 28 քիլոմեթր (17 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւելք կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի ձախափնեայ հարկատու Շամի ձախ ափին։

Գիւղը նշուած է 1902-ի Պատրիարքարանի Մշոյ դաշտի եւ շրջակայքի գիւղերու մարդահամարին մէջ իբրեւ բնակավայր մը, որ աւերուած հայկական եկեղեցի մը եւ հին գերեզմանատուն մը ունէր։ Արդար է ենթադրել է, ուրեմն, որ նախապէս հայաբնակ էր։

Մխճին, Մխչին, Մեխճին, Մեղճին [ներկայ անունը անյայտ է]

Լայնութիւն՝ 39․259746 Երկայնութիւն՝ 42․465304
—    Գիւղը Մանազկերտէն 15 քիլոմեթր (9 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւմուտք կը գտնուէր։

Ըստ Յակոբեանի եւ այլոց, 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, գիւղը 45 տուն ունէր, որոնք գրեթէ հաւասարապէս բաժնուած էին հայերու եւ քիւրտերու միջեւ։ Ա-Դօ հաստատած է, որ 15 հայկական եւ 30 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Այսպէսով, հայ բնակիչներու թիւը 120 պիտի ըլլար։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարի տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 145 հայ բնակիչ ունէր։ Սասունի 15 հայկական տուն յիշած է ցեղասպանութենէն առաջ։

Մոլլա Ալի, Մալաալի, Մալա Ալի [Beşdam]

Լայնութիւն՝ 39.440371 Երկայնութիւն՝ 42.386639
—    Գիւղը Մանազկերտէն 35 քիլոմեթր (22 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւմուտք կը գտնուէր։

Յակոբեան եւ այլք յայտնած են, որ 1878-ին, ըստ երեւոյթին երբ հայերը գիւղը լքած են 1877-1878-ի ռուս-թրքական պատերազմին ընթացքին, գիւղը 33 քրտական տուն ունէր։ Մայեւսկի 6 հայկական եւ 20 քրտական տուն յիշած է։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 3 հայկական տուն (25 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ 53 քրտական տուն (263 բնակիչ)։

Մոլլապաղ, Մոլլապախ, Մալապախ, Մոլապապ, Մոլապապա, Մոլլապապա, Մոլլաբաբա [Mollabaki]

Լայնութիւն՝ 39.194077 Երկայնութիւն՝ 42.557398
—    Գիւղը Մանազկերտէն 5 քիլոմեթր (3 մղոն) դէպի հիւսիս կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի ձախափնեայ հարկատու Գարագայի ձախ ափին։

Ա-Դօ հաստատած է, որ 10 հայկական եւ 30 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Այսպէսով, հայ բնակիչներու թիւը 80 պիտի ըլլար։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 20 հայկական տուն (145 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ 13 քրտական տուն (81 բնակիչ)։ Յակոբեան եւ այլք յայտնած են, թէ 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, գիւղը 75 հայկական տուն ունէր՝ առանց ազգային յստակ պատկանելիութեան։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարի տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 110 հայ բնակիչ ունէր՝ 17 տուներու մէջ, եւ 30 քիւրտ բնակիչ։ Թէոդիկ 30 հայկական տուն յիշած է 1915-էն առաջ, իսկ Ատրպետ՝ 75։ Սասունի 10 հայկական տուն ցեղասպանութենէն առաջ։

Մոլլատարման [Molladerman]

Լայնութիւն՝ 39.010059 Երկայնութիւն՝ 42.526778
—    Գիւղը Մանազկերտէն 16 քիլոմեթր (10 մղոն) դէպի հարաւ կը գտնուէր։

Գիւղը նշուած է 1902-ի Պատրիարքարանի Մշոյ դաշտի եւ շրջակայքի գիւղերու մարդահամարին մէջ իբրեւ բնակավայր մը, որ աւերուած հայկական եկեղեցի մը եւ հին գերեզմանատուն մը ունէր։ Ենթադրելի է, ուրեմն, որ նախապէս հայաբնակ էր։

Մոլլա Հասան, Մալա Հասան [Mollahasan]

Լայնութիւն՝ 39.370547 Երկայնութիւն՝ 42.651232
—    Գիւղը Մանազկերտէն 27 քիլոմեթր (17 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւելք կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի ձախափնեայ հարկատու Շամի աջ ափին։

Տէր Կարապետեան հաստատած է, որ 5 հայկական տուն կամ 31 բնակիչ կար գիւղին մէջ։ Յակոբեան եւ այլք յայտնած են, թէ 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, գիւղը 100 հայկական ու քրտական խառն տուն ունէր։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 15 հայկական տուն (84 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ 23 քրտական տուն՝ անորոշ թիւով բնակիչներով։ Թէոդիկ 5 հայկական տուն յիշած է ցեղասպանութենէն առաջ։

Մոլլա Մուսթաֆա, Մելա Մսթաֆա, Մալա Մսթաֆա, Մալա-Մեսթաֆա [Gündüzü]

Լայնութիւն՝ 39.202840 Երկայնութիւն՝ 42.267569
—    Գիւղը Մանազկերտէն 25 քիլոմեթր (16 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւմուտք կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի աջ ափին մօտ։

Ա-Դօ հաստատած է, որ 30 հայկական եւ 80 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Այսպէսով, հայ բնակիչներու թիւը 240 պիտի ըլլար։ Մայեւսկի 10 հայկական եւ 50 քրտական տուն յիշած է։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 28 հայկական տուն (217 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ 125 քրտական տուն (739 բնակիչ)։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարի տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 217 հայ բնակիչ ունէր՝ 30 տուներու մէջ, եւ 40 քիւրտ բնակիչ։ Սասունի 30 հայկական տուն յիշած է ցեղասպանութենէն առաջ։

Նատարշէյխ [Atabindi]

Լայնութիւն՝ 39․464451 Երկայնութիւն՝ 42․608564
—    Գիւղը Մանազկերտէն 36 քիլոմեթր (22 մղոն) դէպի հիւսիս կը գտնուէր։

1902-ի Պատրիարքարանի Մշոյ դաշտի եւ շրջակայքի գիւղերու մարդահամարին մէջ, գիւղը նշուած է իբրեւ բնակավայր մը, որ աւերուած հայկական եկեղեցի մը եւ հին գերեզման մը ունէր։ Ենթադրելի է, ուրեմն, որ նախապէս հայաբնակ էր։ Ըստ Յակոբեանի եւ այլոց, 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, գիւղը 24 հայկական եւ 50 քրտական տուն ունէր։

Նորատին, Նորաթի, Նորատի, Նորաթին, Նարատին, Նուրատին, Նուրետին, Նուրեթին, Օձին, Օծին [Nurettin]

Լայնութիւն՝ 39․228654 Երկայնութիւն՝ 42․418106
—    Գիւղը Մանազկերտէն 15 քիլոմեթր (9 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւմուտք կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի աջափնեայ հարկատու Սուլթան-Նուրետինի աջ ափին։

Միրախորեան Նորատինը նկարագրած է իբրեւ Մանազկերտի գլխաւոր հայաբնակ գիւղերէն մէկը 1880-ական թուականներու կէսերուն եւ 60 տուն յիշած։ Յակոբեանի եւ այլք համաձայն եղած են, որ Նորատինը ամենամեծ հայաբնակ գիւղերէն մէկն էր եւ նշած են, որ 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, գիւղը 115 հայկական եւ 30 քրտական տուն ունէր։ Ա-Դօ հաստատած է, որ 90 հայկական եւ 30 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Այսպէսով, հայ բնակիչներու թիւը 720 պիտի ըլլար։ Մայեւսկի 60 հայկական եւ 10 քրտական տուն յիշած է։ Տէր Կարապետեան հաստատած է, որ 53 հայկական տուն (402 բնակիչ) կար գիւղին մէջ։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 161 հայկական տուն (1.742 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ 10 քրտական տուն (84 բնակիչ)։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարի տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 1.671 հայ բնակիչ ունէր՝ 161 տուներու մէջ, եւ 6 քիւրտ բնակիչ։ Թէոդիկ եւ Ատրպետ 150 հայկական տուն յիշած են 1915-էն առաջ, իսկ Սասունի՝ 90 տուն ցեղասպանութենէն առաջ։ Վերապրող Ղուկաս Սիմոնեանի գնահատումով, հայկական տուներու թիւը 150 էր, իսկ բնակիչներու թիւը՝ 2.000։

Օղճին, Օխչեան, Օխչի, Օխչիա, Օխչին, Հոխճին, Հողչին, Ողճեան, Ողճին [Okçuhan]

Լայնութիւն՝ 39․153403 Երկայնութիւն՝ 42․478884
—    Գիւղը Մանազկերտէն 5 քիլոմեթր (3 մղոն) դէպի արեւմուտք կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի ձախ ափին մօտ։

Տեւկանց հաղորդած է 28 հայ բնակիչներու գոյութիւնը 1878-ին։ Մայեւսկի 15 հայկական եւ 20 քրտական տուն յիշած է։ Տէր Կարապետեան հաստատած է, որ 6 հայկական տուն (42 բնակիչ) կար գիւղին մէջ։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 11 հայկական տուն (90 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ 41 քրտական տուն (237 բնակիչ)։ Ըստ Յակոբեանի եւ այլոց, 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, գիւղը 55 խառն հայկական եւ քրտական տուն ունէր։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարի տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 90 հայ բնակիչ ունէր՝ 11 տուներու մէջ, եւ 60 քիւրտ բնակիչ։ Թէոդիկ 25 հայկական տուն յիշած է ցեղասպանութենէն առաջ։

Օզօր, Օկուզ, Օկուս [Oğuzhan]

Լայնութիւն՝ 38․968647 Երկայնութիւն՝ 42․625247
—    Գիւղը Մանազկերտէն 21 քիլոմեթր (13 մղոն) դէպի հարաւ-արեւելք կը գտնուէր՝ Արծկէ (Ատըլճեւազ)-Մանազկերտ ճանապարհին վրայ։

Մայեւսկի 10 քրտական տուն յիշած է։ Յակոբեան եւ այլք յայտնած են, թէ 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, գիւղը չճշդուած ազգութեամբ 20 տուն ունէր։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 6 հայկական տուն (39 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ 8 քրտական տուն՝ անորոշ թիւով բնակիչներով։

Փանէք, Փանիք, Փէնէք [Fenek]

Լայնութիւն՝ 39․487246 Երկայնութիւն՝ 42․386037
—    Գիւղը Մանազկերտէն 37 քիլոմեթր (23 մղոն) դէպի հիւսիս կը գտնուէր։

Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 7 հայկական տուն (51 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ 24 քրտական տուն (104 բնակիչ)։

Փիշեան, Փիշուան [Tıkızlı]

Լայնութիւն՝ 39․445827 Երկայնութիւն՝ 42․432101
—    Գիւղը Մանազկերտէն 35 քիլոմեթր (22 մղոն) դէպի հիւսիս կը գտնուէր։

ԱՈՒԿ-ը Փիշեանը յիշած է իբրեւ հայաբնակ գիւղ՝ Մշոյ սանճագի բնակավայրերու շարքին։ Մայեւսկի 15 քրտական գիւղ յիշած է։

Փրեմասեան, Փէյմասեան, Փիրամասեան, Փիւրամասի, Փիւրմասի, Փրեմասիան, Փիրմասեան, Փրէ Մասեան [Aradere]

Լայնութիւն՝ 39.318773 Երկայնութիւն՝ 42.547978
—    Գիւղը Մանազկերտէն 19 քիլոմեթր (12 մղոն) դէպի հիւսիս կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի ձախ ափին, ըստ երեւոյթին՝ այժմ անգոյ կամուրջի մը շատ մօտ։ Ասկէ կը բխի գիւղի «pre masî» անունը, որ քրտերէն «ձուկի կամուրջ» կը նշանակէ։

Ա-Դօ հաստատած է, որ 3 հայկական եւ 30 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Այսպէսով, հայ բնակիչներու թիւը շուրջ 25 պիտի ըլլար։ Մայեւսկի 16  քրտական տուն յիշած է։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարի տուեալներուն, որոնք թարմացուած են Գէորգեանի կողմէ, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 27 հայ բնակիչ ունէր։ Թէոդիկ 5 հայկական տուն յիշած է 1915-էն առաջ։ Սասունի 3 հայկական տուն յիշած է ցեղասպանութենէն առաջ։

Բուզքոփաք [Kızkapan]

Լայնութիւն՝ 39.266080 Երկայնութիւն՝ 42.715241
—    Գիւղը Մանազկերտէն 20 քիլոմեթր (12 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւելք կը գտնուէր։

ԱՈՒԿ-ը Բուզքոփաքը յիշած է իբրեւ հայաբնակ գիւղ՝ Մշոյ սանճագի բնակավայրերու շարքին։ Մայեւսկի 30 քրտական բնակավայր յիշած է։

Ռոշքան [Balkaya]

Լայնութիւն՝ 39.419285 Երկայնութիւն՝ 42.316713
—    Գիւղը Մանազկերտէն 35 քիլոմեթր (22 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւմուտք կը գտնուէր։

Մայեւսկի 20 քրտական տուն յիշած է։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 2 հայկական տուն (15 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ 19 քրտական տուն (92 բնակիչ)։

Ռուստամգէտիկ, Ռուստամգէտուկ, Ռուստամգէդիկ, Ռուստամգէդուկ, Ռուստամգեադուկ, Ռեստամգէդիկ, Ռստամգէտուկ, Ռեստամգյադուկ, Ռստամ, Ռոստոմաշէն [Rüstemgedik]

Լայնութիւն՝ 39.149456 Երկայնութիւն՝ 42.305882
—    Գիւղը Մանազկերտէն 21 քիլոմեթր (13 մղոն) դէպի արեւմուտք կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի ձախ ափին։

Տեւկանց հաղորդած է 490 հայ բնակիչներու գոյութիւնը 1878-ին։ Ֆիլիփով Ռուստամգէտիկը նկարագրած է իբրեւ Մանազկերտի ամենամեծ գիւղերէն մէկը 1880-ական թուականներու սկզբնաւորութեան։ Միրախորեան Ռուստամգէտիկը նկարագրած է իբրեւ Մանազկերտի գլխաւոր հայաբնակ գիւղերէն մէկը 1880-ական թուականներու կէսերուն եւ 80-էն 90 հայկական տուն յիշած։ Յակոբեան եւ այլք համաձայնած են, որ Ռուստամգէտիկը շատ մեծ հայկական գիւղ մըն էր։ Ա-Դօ հաստատած է, որ 136 հայկական եւ 15 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Այսպէսով, հայ բնակիչներու թիւը շուրջ 1.090 պիտի ըլլար։ Մայեւսկի 10 հայկական եւ 90 քրտական տուն յիշած է։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 210 հայկական տուն (1.411 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ չորս քրտական տուն կամ 18 բնակիչ։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարի տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 1.800 հայ բնակիչ ունէր՝ 210 տուներու մէջ։ Թէոդիկ 280 հայկական տուն յիշած է 1915-էն առաջ, իսկ Սասունի՝ 136 հայկական տուն ցեղասպանութենէն առաջ։  Ըստ վերապրողներ Միսաք Գասպարեանի եւ Մխիթար Մեսրոպեանի գնահատումին, հայկական տուներու թիւը 250 էր։

Սարդաուդ, Սարդաւուդ, Սարադաւուդ, Սարեդաւուդ, Սերդաուդ [Sarıdavut]

Լայնութիւն՝ 39.017312 Երկայնութիւն՝ 42.592095
—    Գիւղը Մանազկերտէն 14 քիլոմեթր (9 մղոն) դէպի հարաւ-արեւելք կը գտնուէր՝ Խլաթ-Մանազկերտ ճանապարհին վրայ։

Լինչ գիւղը յիշած է Սերդուտ անունով եւ զայն նկատած է չէրքէզական բնակավայր մը։ Ա-Դօ հաստատած է, որ 5 հայկական եւ 30 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Այսպէսով, հայ բնակիչներու թիւը 40 պիտի ըլլար։ Մայեւսկի 30 քրտական տուն յիշած է, ներառեալ՝ 20 օսեթական տուն։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 5 հայկական տուն (37 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ 38 քրտական տուն (261 բնակիչ)։ Ըստ Յակոբեանի եւ այլոց, 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, գիւղը 35 հայկական եւ քրտական խառն տուն ունէր։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարի տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 49 հայ բնակիչ ունէր։ Սասունի 5 հայկական տուն յիշած է ցեղասպանութենէն առաջ։

Շամէ, Շամ, Շամի [Geçimli]

Լայնութիւն՝ 39.383000 Երկայնութիւն՝ 42.716300
—    Գիւղը Մանազկերտէն 30 քիլոմեթր (19 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւելք կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի ձախափնեայ հարկատու Շամի ձախ ափին։

Տէր Կարապետեան հաստատած է, որ 5 հայկական տուն կար՝ 32 բնակիչով։ Ըստ Յակոբեանի եւ այլոց, 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, գիւղը 10 հայկական եւ 60 քրտական տուն ունէր։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 5 հայկական տուն (35 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ 7 քրտական տուն՝ անորոշ թիւով բնակիչներով։ Քահանայ Տէր Աւետիսեան 2 հայկական տուն յիշած է ցեղասպանութենէն առաջ։

Շէպօ, Շէպու, Շապօ, Շէփօ [Adaksu]

Լայնութիւն՝ 38.963604 Երկայնութիւն՝ 42.591698
—    Գիւղը կը գտնուէր Մանազկերտէն 21 քիլոմեթր (13 մղոն) դէպի հարաւ՝ Արծկէ (Ատըլճեւազ)-Մանազկերտ ճանապարհին վրայ։

ԱՈՒԿ-ը Շէպոն յիշած է իբրեւ հայաբնակ գիւղ՝ Մշոյ սանճագի բնակավայրերու շարքին։ Լինչ Շէպոն նկարագրած է իբրեւ մեծ քրտական գիւղ մը։ Մայեւսկի 40 թրքական տուն յիշած է։ Գիւղը նշուած է 1902-ի Պատրիարքարանի Մշոյ դաշտի եւ շրջակայքի գիւղերու մարդահամարին մէջ իբրեւ բնակավայր մը, որ աւերուած հայկական եկեղեցի մը եւ հին գերեզման մը ունէր։ Ենթադրելի է, ուրեմն, որ նախապէս հայաբնակ էր։ Յակոբեան եւ այլք թելադրած են, որ 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, գիւղը 35 տուն ունէր՝ ազգային անորոշ պատկանելիութեամբ։

Շէյթանովա, Շէյթանաւա [ներկայ անունը անյայտ է]

Լայնութիւն՝ 39.269519 Երկայնութիւն՝ 42.356104
—    Գիւղը Մանազկերտէն 19 քիլոմեթր (12 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւմուտք կը գտնուէր՝ Ակներ Ներքին (այժմ՝ Aşağıkıcık) գիւղին արեւմուտքը։

Ա-Դօ հաստատած է, որ 3 հայկական եւ 20 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 11 հայկական տուն (91 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ 14 քրտական տուն (89 բնակիչ)։ Սասունի 5 հայկական տուն յիշած է ցեղասպանութենէն առաջ։

Շիրվանշեխ, Շիրվանշէյխ [Oyacık]

Լայնութիւն՝ 39.198932 Երկայնութիւն՝ 42.786630
—    Գիւղը Մանազկերտէն 22 քիլոմեթր (14 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւելք կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի ձախափնեայ հարկատու Գարագայայի ձախ ափին։

Մայեւսկի 35 քրտական տուն յիշած է։ Ըստ Յակոբեանի եւ այլոց, Ի. դարու սկզբնաւորութեան, ըստ երեւոյթին՝ հայ բնակիչներու փախուստէն կամ սպանութենէն ետք համիտեան ջարդերուն ընթացքին, գիւղը 22 քրտական տուն ունէր։ Շիրվանշեխը պէտք չէ շփոթել Պուլանըխ գաւառակի համանուն հայաբնակ գիւղին հետ։

Սնճան, Սէնճան, Սնջան [ներկայ անունը անյայտ է]

—    Սնճանի ճիշդ տեղադրութիւնը անծանօթ է։ Ամենայն հաւանականութեամբ, փոքրիկ գիւղ մըն էր, որ Մանազկերէն 10-12 քիլոմեթր (6-7 մղոն) դէպի հարաւ կը գտնուէր՝ Սնճանի-գետակ (Սնճանայ ջուր) գետին մօտ։

Միրախորեան թելադրած է, որ գիւղը Մանազկերտէն հարաւ կը գտնուէր, շուրջ մէկ ու կէս ժամ ոտքով դէպի հարաւ, եւ որ նախապէս հայաբնակ էր, ինչպէս կը փաստեն 1880-ական թուականներուն տակաւին կանգուն խաչքարերը [61]։ Յակոբեան եւ այլք համաձայնած են, որ գիւղը բնակուած էր հայերով, որոնք զայն լքած են ԺԹ. դարու վերջերուն, ըստ երեւոյթին՝ 1877-1878-ի ռուս-թրքական պատերազմին ընթացքին։ Մայեւսկի 25 քրտական տուն յիշած է։

Սուլտուզ, Սուլթուզ, Սոլտուզ [ներկայ անունը անյայտ է]

Մօտաւոր տեղադրութիւն. Լայնութիւն՝ 39.150742 Երկայնութիւն՝ 42.507874
—    Սուլտուզի ճիշդ տեղադրութիւնը անծանօթ է։ Ամենայն հաւանականութեամբ, Մանազկերտի մօտ փոքրիկ գիւղ մըն էր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի ձախ ափին մօտ, ուր միջնադարեան կամուրջի մը աւերակները կանգուն էին մինչեւ ԺԹ. դարու կէսերուն։ Ներկայիս, թերեւս Մանազկերտի հիւսիս-արեւմտեան արուարձան մը ըլլայ։

Գիւղը թերեւս գոյութիւն չունի ներկայիս։ Տէր Կարապետեան հաստատած է, որ երեք հայկական տուն կար՝ 20 բնակիչով։ Յակոբեան եւ այլք նշած են, որ 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, գիւղը հայկական ու քրտական 25 խառն տուն ունէր։

Սուլթանլու, Սուլթանլի, Սուլթանլէ [Sultanlı]

Լայնութիւն՝ 39.174812 Երկայնութիւն՝ 42.326481
—    Գիւղը Մանազկերտէն 19 քիլոմեթր (12 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւմուտք կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի աջ ափին։

Ֆիլիփով Սուլթանլին յիշած է իբրեւ Մանազկերտի ամենամեծ գիւղերէն մէկը 1880-ական թուականներու սկզբնաւորութեան։ Ա-Դօ հաստատած է, որ 40 հայկական եւ 110 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Այսպէսով, հայ բնակիչներու թիւը 320 պիտի ըլլար։ Մայեւսկի 15 հայկական եւ 70 քրտական տուն յիշած է։ Տէր Կարապետեան հաստատած է, որ 8 հայկական տուն կար՝ 56 բնակիչով։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 15 հայկական տուն (116 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ 110 քրտական տուն (670 բնակիչ)։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարի տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 116 հայ բնակիչ ունէր՝ 18 տուներու մէջ, եւ 100 քիւրտ բնակիչ։ Թէոդիկ 40 հայկական տուն յիշած է 1915-էն առաջ, իսկ Սասունի՝ 40 հայկական տուն ցեղասպանութենէն առաջ։ Ըստ խումբ մը վերապրողներու գնահատումին, հայկական տուներու թիւը 14 էր։

Սուլթանմուտ, Սուլթանմութ [Doğansu]

Լայնութիւն՝ 39137707 Երկայնութիւն՝ 42738769
—    Գիւղը կը գտնուէր Մուշ-Ղարաքիլիսէ ճամբուն վրայ՝ Մանազկերտէն 17 քիլոմեթր (11 մղոն) դէպի արեւելք, Արածանի (Մուրատ) գետի ձախափնեայ հարկատու Գարագայայի ձախ ափին մօտ։

Գիւղը նախապէս հայաբնակ էր, ինչպէս ցոյց կու տայ սրբավայրի մը, ենթադրաբար՝ վանքի մը գոյութիւնը, որ գիւղին մօտակայքը գտնուած է մինչեւ ԺԹ. դարու վերջերուն։ Հայերու կողմէ գիւղի լքումէն ետք, ըստ երեւոյթին՝ 1877-1878 ռուս-թրքական պատերազմի ընթացքին, սրբավայրը քանդուած է տեղացի քիւրտ շէյխի մը կողմէ։ Մայեւսկի 100 քրտական տուն յիշած է։ Յակոբեան եւ այլք հաստատած են, որ 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, գիւղը 100 տուն ունէր՝ ազգային անյայտ պատկանելիութեամբ։

Սումալանթրաք, Սումալինթրաք, Պաթմա Ումար, Պաթմա Ամարա [Yeni Mahallesi]

Լայնութիւն՝ 39.275981 Երկայնութիւն՝ 42.538902
—    Գիւղը Մանազկերտէն 14 քիլոմեթր (9 մղոն) դէպի հիւսիս կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի ձախ ափին։

ԱՈՒԿ-ը Սումալանթրաքը յիշած է իբրեւ հայաբնակ գիւղ՝ Մշոյ սանճագի բնակավայրերու շարքին։ Յակոբեան եւ այլք հաստատած են, որ 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, գիւղը 22 տուն ունէր՝ անյայտ ազգային պատկանելիութեամբ։

Թաթարղազի, Թաթարխազի, Թաթար-Ղազի [Tatargazi]

Լայնութիւն՝ 38.961840 Երկայնութիւն՝ 42.527379
—    Գիւղը Մանազկերտէն 20 քիլոմեթր (12 մղոն) դէպի հարաւ կը գտնուէր։

Թաթարղազի կ՚երեւի Մշոյ դաշտի եւ Պուլանըխի հայաբնակ գիւղերու ազգագրագէտ Բենսէի (Սահակ Մովսիսեան) ցուցակին մէջ [62]։ Գիւղը նաեւ կ՚երեւի Մշոյ դաշտի եւ շրջակայքի 1902-ի Պատրիարքարանի մարդահամարին մէջ, իբրեւ հայկական աւերուած եկեղեցի մը ու հին գերեզմանատուն մը ունեցող բնակավայր։ Ուրեմն, ճիշդ է ենթադրել, որ նախապէս հայաբնակ էր։ Մայեւսկի յիշած է 30 քրտական տուն։

Թոնդրակ, Թունդրակ, Թունդրաս, Թունտրաս, Թոնդրաս, Թոնրակ, Թոնդրակս, Թոնդրուկ, Թոնդուրակ, Թանդերլու, Թանդուրեկ, Թոնդուրեկ, Թունդրասուլատար [Hasretpınar]

Լայնութիւն՝ 39.092678 Երկայնութիւն՝ 42.450861
—    Գիւղը Մանազկերտէն 9 քիլոմեթր (6 մղոն) դէպի հարաւ-արեւմուտք կը գտնուէր։

Տեւկանց հաղորդած է 126 հայ բնակիչներու գոյութիւնը 1878-ին։ Միրախորեան Թոնդրակը նկարագրած է իբրեւ Մանազկերտի գլխաւոր հայաբնակ գիւղերէն մէկը 1880-ական թուականներու կէսերուն եւ 50 հայկական ու 20 քրտական տուն յիշած։ ։ Յակոբեան եւ այլք յայտնած են, թէ Թոնդրակ հայաբնակ մեծագոյն գիւղերէն էր Մանազկերտի մէջ, եւ 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, գիւղը 50 հայկական ու քրտական խառն տուն ունէր։ Ա-Դօ հաստատած է, որ 35 հայկական եւ 110 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Այսպէսով, հայ բնակիչներու թիւը 280 պիտի ըլլար։ Մայեւսկի 10 հայկական եւ 110 քրտական տուն յիշած է։ Տէր Կարապետեան հաստատած է, որ 11 հայկական տուն կար՝ 80 բնակիչներով։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 35 հայկական տուն (215 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ 110 քրտական տուն (675 բնակիչ)։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարի տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 171 հայ բնակիչ ունէր՝ 24 տուներու մէջ, եւ 100 քիւրտ բնակիչ։ Թէոդիկ 40 հայկական տուն յիշած է 1915-էն առաջ, իսկ Սասունի՝ 35 հայկական տուն ցեղասպանութենէն առաջ։

Դուզիկ [Alınca Mahallesi]

Լայնութիւն՝ 39.175648 Երկայնութիւն՝ 42.669879
—    Գիւղը Մանազկերտէն 12 քիլոմեթր (7 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւելք կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի ձախափնեայ հարկատու Գարագայի ձախ ափին։

ԱՈՒԿ-ը Դուզիկը նշած է իբրեւ հայաբնակ գիւղ՝ Մշոյ սանճագի բնակավայրերու շարքին։ Մայեւսկի 8 քրտական տուն յիշած է։ Ըստ Յակոբեանի եւ այլոց, 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, ըստ երեւոյթին՝ հայ բնակիչներու փախուստէն կամ սպանութենէն ետք համիտեան ջարդերուն ընթացքին, գիւղը 8 քրտական տուն ունէր։

Դուզլա [Aktuzla]

Լայնութիւն՝ 39.329745 Երկայնութիւն՝ 42.289478
—    Գիւղը Մանազկերտէն 30 քիլոմեթր (19 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւմուտք կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի աջափնեայ հարկատու Խնուսի ձախ ափին։

ԱՈՒԿ-ը Դուզլան յիշած է իբրեւ հայաբնակ գիւղ մը՝ Մշոյ սանճագի բնակավայրերու շարքին։

Վարտաւ, Պարտաւ, Պերտաւ, Բարդաւ, Բերդեւ [Bintosun]

Լայնութիւն՝ 39.338027 Երկայնութիւն՝ 42.779013
—    Գիւղը կը գտնուէր Պիթլիս-Ղարաքիլիսա ճանապարհին վրայ՝ Մանազկերտէն 30 քիլոմեթր (19 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւելք։

Ըստ Յակոբեանի եւ այլոց, 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, գիւղը 2 հայկական եւ 30 քրտական տուն ունէր։

Եարամիշ, Եարամեշ, Եարալմիշ, Եարալմեշ, Վերմիշ, Վերնաշեր [Yaramış]

Լայնութիւն՝ 39․039948 Երկայնութիւն՝ 42․564865
—    Գիւղը կը գտնուէր Խլաթ-Մանազկերտ ճանապարհին վրայ՝ Մանազկերտէն 12 քիլոմեթր (7 մղոն) դէպի հարաւ։

Լինչ գիւղը կոչած է Եարալմիշ եւ զայն նկարագրած է իբրեւ չէրքէզական բնակավայր մը։ Ա-Դօ հաստատած է, որ գիւղը 7 հայկական եւ 47 քրտական տուն ունէր։ Այսպէսով, հայերու թիւը 56 պիտի ըլլար։ Մայեւսկի 35 քրտական տուն յիշած է, ներառեալ՝ 15 օսեթական տուն։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 8 հայկական տուն ունէր՝ 57 բնակիչով, եւ 57 քրտական տուն՝ 325 բնակիչով։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարի տուեալներուն, որոնք թարմացուած են Գէորգեանի կողմէ, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 73 հայ բնակիչ ունէր։ Սասունի 7 հայկական տուն յիշած է ցեղասպանութենէն առաջ։

Եքմալ, Եկմալ, Եաղման, Եակման [Odaköy]

Լայնութիւն՝ 39.036114 Երկայնութիւն՝ 42.525205
—    Գիւղը Մանազկերտէն 12 քիլոմեթր (7 մղոն) դէպի հարաւ կը գտնուէր։

Տեւկանց հաղորդած է 35 հայ բնակիչներու գոյութիւնը 1878-ին։ Ա-Դօ յայտնած է, թէ 15 հայկական տուն կար, ինչպէս եւ քրտական տուներու չճշդուած թիւ մը։ Այսպէսով, հայ բնակիչներու թիւը 120 պիտի ըլլար։ Մայեւսկի 12 հայկական տուն յիշած է։ Տէր Կարապետեան հաստատած է, որ 8 հայկական տուն կար՝ 58 բնակիչով։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 17 հայկական տուն (160 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ քրտական տուներու եւ բնակիչներու չճշդուած թիւ մը։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարի թիւերուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 17 (20՝ Գէորգեանի թարմացած պատումին մէջ) հայկական տուն ունէր՝ 160 բնակիչով, եւ մէկ քրտական տուն՝ երեք բնակիչով։ Թէոդիկ 60 հայկական տուն յիշած է 1915-էն առաջ։ Սասունի 15 հայկական տուն նշած է ցեղասպանութենէն առաջ։

Զըրքրաշ, Զըրքըրաշ, Զըքրաշ, Զքրաշ, Զըրքէշ [Çiçekveren]

Լայնութիւն՝ 39.440315 Երկայնութիւն՝ 42.332350
—    Գիւղը Մանազկերտէն 37 քիլոմեթր (23 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւմուտք կը գտնուէր։

ԱՈՒԿ-ը Զըքրաշը նշած է իբրեւ հայաբնակ գիւղ՝ Մշոյ սանճանգի բնակավայրերու շարքին։ Մայեւսկի 60 քրտական տուն յիշած է։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, գիւղը 2 հայկական տուն ունէր (17 բնակիչ) եւ 47 քրտական տուն (200 բնակիչ)։

Ժանժալու, Գայաճալու, Գայճալու, Գանճալու [Gençali]

Լայնութիւն՝ 39.064010 Երկայնութիւն՝ 42.872676
—    Գիւղը Մանազկերտ գաւառակի հարաւարեւելեան ծայրը կը գտնուէր՝ Մանազկերտէն 30 քիլոմեթր (19 մղոն) դէպի հարաւ-արեւելք։

Յակոբեան եւ այլք նշած են, թէ 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, գիւղը 43 տուն ունէր, առանց ճշդելու ազգային պատկանելիութիւնը։

Զիրաքլու, Զերաքլու, Զիրեքլու [Zirekli]

Լայնութիւն՝ 39.043465 Երկայնութիւն՝ 42.973806
—    Գիւղը Մանազկերտ գաւառակի հարաւարեւելեան ծայրը կը գտնուէր՝ Մանազկերտէն 39 քիլոմեթր (24 մղոն) դէպի հարաւ-արեւելք, Սիփան լերան հիւսիսարեւմտեան լանջի մը մօտ։

Ըստ Յակոբեանի եւ այլոց, 1850-ական թուականներուն, գիւղը 26 հայկական տուն ունէր (213 բնակիչ), իսկ 1900-ական թուականներու սկիզբներուն, 34 հայկական տուն կամ 297 բնակիչ։

  • [1] Թադեւոս Յակոբեան, Ստեփան Մելիք-Բախշեան եւ Յովհաննէս Բարսեղեան, Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան, Երեւան, Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւն, հ. 3, էջ 679։
  • [2] Թադեւոս Յակոբեան, Հայաստանի պատմական աշխարհագրութիւն, գլ. 3, Երեւան, Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւն, 2007, էջ 159։
  • [3] David, Nicolle, Manzikert 1071: The Breaking of Byzantium, Oxford, Osprey Publishing, 2013, p. 10.
  • [4] Christopher Beckwith, Empires of the Silk Road: A History of Central Eurasia from the Bronze Age to the Present, Princeton, Princeton University Press, 2009, pp. 168-169.
  • [5] Յակոբեան, նշ. աշխ., էջ 292։
  • [6] Gary Leiser, “Manzikert,” in Medieval Islamic Civilization: An Encyclopedia, Josef W. Meri (ed.), London: Routledge, 2006, volume 1, p. 477.
  • [7] Վաթսուն հազարի թիւը հեղինակի մօտաւոր հաշուարկն է՝ Ղուկաս Ինճիճեանի եւ Յակոբեանի ու այլոց տուեալներու հիմամբ։
  • [8] Inclosure in No. 25, Consul Taylor to the Earl of Clarendon, Erzeroom, March 19, 1869, Turkey No 16, 1877, pp. 16-36, No. 13/1.
  • [9] Գարեգին Սրուաձնտեանց, Համով-հոտով, Կ. Պոլիս, Կ. Պաղտատլեան (Արամեան) տպարան, 1884, էջ 101։
  • [10] Ա-Դօ (Յովհաննէս Տէր-Մարտիրոսեան), Վանի, Բիթլիսի եւ Էրզրումի վիլայէթները, Երեւան, տպարան Կուլտուրա, 1912, էջ 147։
  • [11] Սրուանձտեանց, նշ. աշխ., էջ 100-101։
  • [12] Élisée Reclus, The Universal Geography, volume 9: South-Western Asia, London, J.S. Virtue & Co., 1891, pp. 185-186.
  • [13] Ա-Դօ, նշ. աշխ., էջ 147։
  • [14] Vladimir T. Mayewski, Voenno-statisticheskoe opisanie Vanskogo i Bitlisskogo vilayetov (The Military Statistics of the Van and Bitlis Provinces), Tiflis, Caucasus Military District Headquarters Press, 1904), Population Statistics, p. 126. (ռուս․)
  • [15] Review of the Permanent Seismic Committee of the Russian Imperial Academy of Sciences, volume 2, Saint Petersburg, Imperial Academy of Sciences Press, 1905, p. 94.
  • [16] Արիստակէս Տեւկանց (Տէր-Սարգսենց), Այցելութիւն ի Հայաստան, 1878, Երեւան, ՀՍՍՀ Գիտութիւնների Ակադեմիայի հրատարակութիւն, 1985։
  • [17] Յովհաննէս քհնյ. Տէր-Աւետիսեանի նամակը Կաթողիկոս Գէորգ Ե. Սուրէնեանցին, Մայիս 28, 1915, Երեւան, ՀՍՍՀ Կենտրոնական Պետական Պատմական Արխիւ, ֆիլմ 57, ցուցակ 2, գրանցում թ. 692, էջ 17-20։
  • [18] Կարօ Սասունի, Պատմութիւն Տարօնի աշխարհի, Բ. տպագրութիւն, Անթիլիաս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայոց Կաթողիկոսութեան տպարան, 2013։
  • [19] Ղուկաս Ինճիճեան, Աշխարհագրութիւն չորից մասանց աշխարհի, հատոր Ա., Վենետիկ, Ս. Ղազար, 1822, էջ 112։
  • [20] Լումայ, Թիֆլիս, գլուխ 1, Յունուար 1897։
  • [21] Naci Okcu, Hasan Akdağ, Salname-i vilayet-i Erzurum (1287/1870-1288/1871-1289/1872-1290/1873): Erzurum il yıllığı (Էրզրումի վիլայէթի տարեկան սալնամէ [1870, 1871, 1872, 1873]), Erzurum, Atatürk Üniversitesi İlahiyat Fakültesi, 2010, pp. 205, 317, 442.
  • [22] Kolyubakin, Alexey. Materialy dlya voenno-statisticheskogo obozreniia Aziatskoi Turcii (Materials for Military-Strategic Review of Asiatic Turkey), volume 8. (Tiflis, 1890), chapter 2. (ռուս․)
  • [23] Սրուանձտեանց, նշ. աշխ., էջ 101։
  • [24] Vital Cuinet, La Turquie d’Asie: géographie administrative, statistique, descriptive et raisonée de chaque province de l’Asie-Mineure, volume 2, Paris, 1891, p. 590.
  • [25] Mayewski, op. cit., Geographical Study, p. 202 and Statistical Study, pp. 121-125.
  • [26] Kévorkian, Raymond, and Paul Paboudjian. Les Arméniens dans l’Empire Ottoman à la veille du genocide. (Paris: ARHIS, 1992), pp. 59, 497-498.
  • [27] Թէոդիկ, Գողգոթա թրքահայ հոգեւորականութեան եւ իր հօտին աղէտալի 1915 տարիին, Թեհրան, ա. հ., 2014, էջ 142։
  • [28] Ա-Դօ, նշ. աշխ., էջ 157։
  • [29] Նազարէթ Մարտիրոսեան, «Համաեւրոպական պատերազմի ընթացքում ամայացած Արեւելեան Հայաստանի գաւառների վիճակագրութիւնը», Վան-Տոսպ, թ. 14 եւ 15, 1916։
  • [30] Սասունի, նշ. աշխ., էջ 319։
  • [31] Լումայ, Թիֆլիս, գլուխ 1, Յունուար 1897։
  • [32] Okcu, Akdağ, op. cit., pp. 205, 317, 442.
  • [33] Տեւկանց, նշ. աշխ., էջ 91։
  • [34] Մասիս, Կ. Պոլիս, Նոյեմբեր 24, 1880։
  • [35] Salname-i Vilayet-i Bitlis 1310  (Պիթլիսի վիլայէթի սալնամէ, 1892), Provincial Document Printing Office, 1308 (1890). (օսմանեան թուրք․)
  • [36] Mayewski, op. cit., Statistical Study, p. 220.
  • [37] Մասիս, February 5 (no. 17). Constantinople, 1881.
  • [38] Ա-Դօ, նշ. աշխ., էջ 157։
  • [39] Cuinet, op. cit., p. 590.
  • [40] Մարտիրոսեան, նշ. աշխ., Վան-Տոսպ, թ. 14, 1916, էջ 7։
  • [41] Տե՛ս, օրինակ, Hüseyin Kâzım Kadri. Balkanlardan Hicaza: Imparatorlugun Tasfiyesi. 10 Temmuz Inkilâbı ve Netayiciin, ըստ Vahakn Dadrian, Warrant for Genocide: Key Elements of Turko-Armenian Conflict, New Brunswick, Transaction Publishers, 2003, p. 173, եւ Robert Tatoyan, The Question of Western Armenian Population Number in 1878-1914, Yerevan, The Armenian Genocide Museum-Institute Press, 2015, այս տեսակէտին աւելի խորացած քննարկումի մը համար։
  • [42] Kemal Karpat, Ottoman Population, 1830-1914: Demographic and Social Characteristics, Madison, The University of Wisconsin Press, 1985, p. 174.
  • [43] Raymond Kévorkian, The Armenian Genocide: A Complete History, London, A.R. Mowbray, 2012, p. 349.
  • [44] Mayewski, op. cit., Population Statistics, p. 125.
  • [45] Cuinet, op. cit., p. 590.
  • [46] Կարօ Սասունի, Տաճկահայաստանը ռուսական տիրապետութեան տակ (1914-1918), Պոստոն, տպ. «Հայրենիք», 1927, էջ 68, 75։
  • [47] Kévorkian, op. cit., pp. 349-350.
  • [48] Մշակ, Թիֆլիս, Սեպտեմբեր 18, 1915 (թիւ 204)։
  • [49] Հայաստան, Սոֆիա, Յունիս 6, 1915 (թիւ 25)։
  • [50] Ahmet Tetik (ed.), Armenian Activities in the Archive Documents, 1914-1918, volume 1, Ankara, Genelkurmay Basım Evi, 2005, pp. 163, 151.
  • [51] Ամբաստանագիր-տեղեկագիր Բաղէշի կուսակալութեան, տե՛ս Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, հատոր ԺԵ., Պէյրութ, Հայկազեան Գոլէճ, 1995, էջ 542։
  • [52] Kévorkian, Raymond. The Armenian Genocide: A Complete History. London: A.R. Mowbray, 2012.
  • [53] Մանուէլ Միրախորեան, Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի, հատոր Գ., Կ. Պոլիս, Պարտիզպանեան տպարան, 1885, էջ 60-66։
  • [54] Մշակ, Թիֆլիս, Սեպտեմբեր 29-30 (թիւեր 213, 214)։
  • [55] Geoportal of the Russian Geographical Society, Chart sheet no. 21, Special-purpose map of European Russia, 1:420 000, Corps of Topographical Engineers, 1920.
  • [56] H.F.B. Lynch and F. Oswald, Map of Armenia and adjacent countries (The material compiled by W. Shawe), 1:1,000.000, London, Longmans & Co., 1901.
  • [57] Philippov, Vladimir. Voennoe obozrenie Aziatskoi Turcii (A Military Review of Asiatic Turkey). (Saint Petersburg: A.E. Landau Publishing House, 1881), p. 22. (ռուս․)
  • [58] Kolyubakin, op. cit., cited in Fyodor Gryaznov, Voennyi obzor peredovogo teatra v Aziatskoi Turcii (Military Review of the Front Theater of Operations in Asiatic Turkey), (Saint Petersburg: Military Printing Office, 1897), p. 98. (ռուս․)
  • [59] Lynch, H.F.B., Armenia: Travels and Studies, volume 2: The Turkish Provinces, London, New York, Longmans, Green, & Co., 1901, p. 275.
  • [60] Թադեւոս Յակոբեան, «Մանազկերտ», Հայկական Սովետական Հանրագիտարան, հ. 7, Երեւան, ՀՍՍՀ Գիտութիւնների Ակադեմիայի հրատարակչութիւն, 1981, էջ 210։
  • [61] Միրախորեան, նշ. աշխ., էջ 55-56։
  • [62] Բենսէ (Սահակ Մովսիսեան), Հարք (Մշոյ Բուլանըխ), տե՛ս «Հայ ազգագրութիւն եւ բանահիւսութիւն», հ. 3, Երեւան, ՀՍՍՀ Գիտութիւններու Ակադեմիայի հրատարակչութիւն, 1972, էջ 74։

http://www.houshamadyan.org/arm/mapottomanempire/bitlispagheshvilayet/kazaofmalazgirt/locale/malazgirtdemography.html