Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Պատգամը Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի Յուշակոթողի Բացման

1069

Սոյն գրութիւնը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին պատգամն է արտասանուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ կառուցուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակի Յուշակոթողի բացման, Չորեքշաբթի 21 Մարտ 2018-ին, ներկայութեամբ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Ն.Վ. Բակօ Սահակեանքի, Հայաստանէն եւ Սփիւռքի զանազան երկիրներէն ժամանած անձնաւորութիւններու եւ ժողովրդային հոծ բազմութեան։ Յուշակոթողին ծախսերը հոգացին Զուիցերիայէն Ազգային Բարերար Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան։

Ցեղասպան թուրքին եաթաղանին դիմաց, անմահանուն Դանիէլ Վարուժան ամուր վճռակամութեամբ ու ապագայատեսիլ հաւատքով զինք ծնող ժողովուրդին կը խոստանար ըսելով՝

«Մե՛նք, զաւակներդ օգոստափառ,

Պիտի կերտենք նո՜ր Արշալոյս…»։

Եւ չուշացաւ «նո՜ր արշալոյսը» հայ ժողովուրդին…։

Աւելի քան հինգ դարեր ստրկութիւն ու հալածանք, ցեղասպանութիւն ու աքսոր ապրած հայ ժողովուրդը իր հայրենի դարաւոր հողին վրայ Մայիս 28, 1918-ին կերտեց իր անկախութիւնը, իր կեանքի «նո՜ր արշալոյսը»։

Ճի՛շդ է, պայմանները պարտադրեցին որ Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը երկար կեանք չունենայ. սակայն «թշուառ ու անտէր» դարձած հայրենի հողին վրայ ծածանեցաւ եռագոյնը՝ դրօշը անկախութեան։ Դա՛րձեալ ճիշդ է, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչակարգը փոխուեցաւ. սակայն հակառակ ահաւոր դժուարութիւններու, հայ ժողովուրդը մնաց հաւատարմօրէն կառչած իր սրբազան հողին ու մշակոյթին՝ անկախութեան երազը իր սրտին։

«Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ» (Հռոմ. Ց։ 31), ըսած է Առաքեալը։ Աստուած իր ճամբէն առաջին գալող ժողովուրդին հետ եղաւ։ Սեպտեմբեր 21, 1991-ին հայ ժողովուրդը դարձեալ կերտեց իր «նոր արշալոյսը», այս անգամ Արցախի բարձրաթռիչ լեռներէն մինչե՜ւ Արարատեան դաշտ։

Մարդկային դարաւոր պատմութիւնը կը վկայէ թէ՝ ազգերու անկախութիւնը կը նուաճուի հաւաքական հաւատքով ու արիւնով եւ կը պահուի հաւաքական քրտինքով ու կամքով։

Հայաստանի Հանրապետուեթան 100-ամեակին առիթով Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս կանգնած այս Յուշակոթողը՝

“Անլռելի զանգակատուն” է՝ ի լուր համայն հայութեան ու մարդկութեան ազատ ու անկախ Հայաստանին ու Արցախին յաղթանակը աւետող։

Սիրոյ ու երախտագիտութեան խորհրդանիշ է՝ այն բոլոր յայտնի թէ անյայտ հերոսներուն, որոնք իրենց արիւնը թափեցին հայրենիքի անկախութեան ճանապարհին վրայ։

Յարգանքի ու գնահատանքի շօշափելի արտայայտութիւն է՝ այն բոլոր հայորդիներուն, որոնք անանձնական նուիրումով ու ամբողջական յանձնառութեամբ գործեցին ու ծառայեցին՝ ի խնդիր Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման։

Դիտեցէ՛ք պահ մը ձեր շուրջը…։

Մայր Տաճարի աջին գտնուող Նահատակաց Մատուռը յիշեցում մըն է՝

Հայութեան ու համայն մարդկութեան, թէ հայ ժողովուրդին պահանաջատիրութիւնը կը շարունակուի, պէ՛տք է շարունակուի, որպէս նուիրական կտակը մեր նահատակներուն, մինչեւ մեր բռնաբարուած իրաւունքներու վերատիրացումը։

Մայր Տաճարի ձախին գտնուող այս Յուշակոթողը կոչ մըն է՝

Հայրենաբնակ հայութեան, ամրօրէն կառչած մնալու մեր հերոսներուն արիւնով ու սուրբերուն աղօթքով շաղախուած հայրենի սրբազան հողին։

Արցախի հայութեան, քաջօրէն պաշտպանելու մեր պատմական հողը ու իր ինքնորոշման արդար իրաւունքը։

Սփիւռքի հայութեան, գործնապէս մասնակից դառնալու Հայաստանի ու Արցախի անկախութեան ամրապնդման համազգային առաքելութեան։

Նայեցէք այս Յուշակոթողին… ան կազմուած է երեք ամրակուռ սիւներէ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ, ԱՐՑԱԽ եւ ՍՓԻՒՌՔ, որոնք միասնաբար, որպէս անբաժան ու անբաժանելի երրորդութիւն, կը բարձրանան դէպի երկինք, դէպի անմահութիւն, դէպի յաղթանակ։ Ահա կենդանի խորհրդանիշը ամաբողջական, միացեալ ու միակամ հայութեան։

Այս Յուշակոթողը յուշարար մըն է, թէ հայ ժողովուրդի ազատութեան ու Հայաստանի անկախութեան պայքարը կը շարունակուի, պէ՛տք է շարունակուի, մինչեւ վերականգնումը ամբողջական Հայաստանին՝ ամբողջական հայութեամբ։

Սովորական Յուշակոթող մը չէ սա. այլ յուշ առթող, հաւատք ներշնչող ու կամք կռանող յաւերժախօս պատգամ է՝ մեր ժողովուրդի պատմութեան վերջին հարիւր տարիներու ընդերքներէն ժայթքող ու մեզ լուսապայծառ ապագային բացող։

Սովորական Յուշակոթող մը չէ սա. այլ ուխտավայր է՝ մեր ազգին ու հայրենիքին գերագոյն արժէքներուն ու ձգտումներուն համար պայքարելու մեր ուխտն ու յանձնառութիւնը ամրացնող։

Այս խոր գիտակցութեամբ ու պայծառ տեսլականով հարկ է մօտենալ այս Յուշակոթողին ու վերանորոգուիլ անոր խորհուրդով ու պատգամով։

Փառք ազատ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան,

Փա՜ռք ազատ ու անկախ Արցախի Հանրապետութեան,

Փա՜ռք անկախութիւն կերտող հայ ժողովուրդին։

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Անթիլիաս, 21 Մարտ 2018