Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէ հայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսած` հայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններուն` ի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեան, մասնաւորաբար` գրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներուն: Տուեալներուն կցուած են հրատարակութեան բովանդակութեան առնչուած անհրաժեշտ եւ հակիրճ բացատրութիւններ: Տուեալները երբեմն քաղուած են պարբերական մամուլէն եւ կրնան պակասաւոր ըլլալ:
– Ա-Դօ, «Վան 1915 – Մեծ դէպքերը Վասպուրականի մէջ», թարգմանութիւն հայերէնէ, հրատարակիչ` «Կոմիտաս» Հիմնարկ (Լոնտոն), 2018 (անգլերէն):
– Աքչամ Թաներ, «Սպանութեան հրամաններ. Թալաաթ փաշայի հեռագիրները եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը», Ցեղասպանութեան պատմութեան Փալկրէյվ հետազօտութիւններ, Ա. Մ. Ն., 2018, 261 էջ (նախաբան, յառաջաբան, հինգ յաւելուածներ, վերջաբան, օգտագործուած գրականութեան եւ յատուկ անուններու ցանկեր) (անգլերէն):
– Գրիգորեան Մարինա (կազմող), «Սումկայիթ. Խօսում են ատրպէյճանցի վկաները», հրատարակութիւն Հ. Հ.ի նախագահի աշխատակազմի Հանրային կապերու տեղեկատուական կենտրոնի, Երեւան, 2018 (Սումկայիթի երեք մարդասպաններու դատական թղթածրարներուն մէջ ատրպէյճանցի ականատեսներու վկայութիւնները հայոց դէմ կիրառուած վայրագութեանց մասին):
– «Լիբանանահայ համայնքը 1915-1990 թուականներին ըստ արխիւային փաստաթղթերի», գլխաւոր խմբագիր` Ամատունի Վիրաբեան, կազմող` Գոհար Աւագեան, կենսագրական ծանօթագրութիւններու հեղինակ եւ սրբագրիչ` Գէորգ Եազըճեան, հրատարակիչ` Հայաստանի Ազգային արխիւ, Երեւան, 2017, 540էջ (14,6 x 20,6 սմ.) (ներածական, 152 փաստաթուղթ, 634 ծանօթագրութիւն, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր): Ժողովածուն հրատարակութեան երաշխաւորած է Հայաստանի Ազգային արխիւի գիտական խորհուրդը եւ լոյս տեսած է Հ. Հ.ի սփիւռքի նախարարութեան դրամաշնորհով:
– Հայրիկեան Պարոյր, «Ազատութեան ճանապարհի բանտերում (Իմ բանտարկեալի յուշերից)», Բ. գիրք` 1974-1977, խմբագիր` Սուսաննա Գրիգորեան, դասական ուղղագրութեան սրբագրիչ` Լուսինէ Աւետիսեան, Ա. Ի. Մ. հրատարակչութիւն, Երեւան, 2017, 550 էջ (15 x 20,4 սմ.) (Հայաստանի անկախութեան համար պայքարած գործիչի յուշագրութեան շարունակութիւնը. Ա. գիրքը կ’ընդգրկէր 1965-1973 շրջանը):
– Յարութիւնեան Աւագ, «Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հասարակական եւ դիւանագիտական գործունէութիւնը (1918-1920 թթ.)», Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի տպարան, 2018: Հովանաւոր` Վահան Մարտիրոսեան:
– Յովհաննիսեան Հենրիկ, «Սուրէն Քոչարեանի գրական բեմը», Երեւան, 2018 (հռչակաւոր դերասանին եւ ասմունքողին կեանքը ու անոր բեմական արուեստին առանձնայատկութիւնները):
– Չոլաքեան Յակոբ, «Արեւմտահայերէնի քերականութիւն (Կանոնակարգ եւ խնդիրներ)», Ա. գիրք, «Ասողիկ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2017, 216 էջ(14,6 x 20,6 սմ.) (արեւմտահայերէն խօսքի մասերուն ձեւաբանութիւնն ու շարահիւսական իւրայատկութիւնները, տարբերակներու կանոնակարգման հարցերը): Հրատարակուած է Հ. Հ.ի Սփիւռքի նախարարութեան դրամաշնորհով, տպագրուած` Հ. Հ.ի Գ. Ա. Ա.ի Հրաչեայ Աճառեանի անուան Լեզուի հիմնարկի Գիտական խորհուրդին որոշումով:
– Պեյլէրեան Արթուր, «Մեծ Տէրութիւնները, Օսմանեան կայսրութիւնը եւ հայերը ֆրանսական դիւաններու մէջ 1914-1918», Բ. հրատարակութիւն, յառաջաբանը` Ժան-Պաթիսթ Տիւրոզելի, վերջաբանը` Յարութիւն-Ռեմոն Գէորգեանի, «Սիժեսթ» հրատարակչութիւն, Փարիզ, 2018 (ֆրանսերէն):
– Սէթեան Վահան, «Պասքերու հայկական ծագումը», Լոս Անճելոս, 2017 (անգլերէն):
– Վարդիվառեան Յակոբ, «Մեծ երազի ճամբուն ուղեւորները եւ համապարփակ պատմութիւն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան», Գ. հատոր,«Հայ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութիւն», Նիւ Ճըրզի, 2018, 932 էջ:
– Տէր Գաբրիէլեան Գէորգ, Նեդոլեան Արա, Ջալոյեան Վարդան, Սարգսեան Իզապէլլա, Մարգարեան Անոյշ, Սեֆերեան Նազարէթ (թարգմ.),«Հանդուրժողականութեան եւ անհանդուժողականութեան դրսեւորումները հայ գրականութեան մէջ», հրատարակիչ` Եւրասիա համագործակցութիւն հիմնադրամ, «Լիմուշ» հրատարակչութեան տպարան, Երեւան, 2017, 348 էջ (հայերս «քաղաքակրթելու» եւրոպական հերթական ծրագիրը): «Հրատարակւում է Հայաստանում եւ Վրաստանում Նիտերլանտների Թագաւորութեան դեսպանութեան աջակցութեամբ` Եւրասիա համագործակցութիւն հիմնադրամի (ԵՀՀ)կողմից իրականացուող «Կրօնական անհանդուրժողականութեան եւ խտրականութեան դէմ պայքարի խթանումը Հայաստանում» նախագծի շրջանակում»: