1992. Խոճալու, Շուշի, Լաչին՝ Թուրքիա կը սպառնայ

2056

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԱՅԵԱՑՔ ԱՐԱՐԱՏԷՆ. ՀԱՅԵՐԸ ԵՒ ԹՈՒՐՔԵՐԸ գիրքէն

Տասնիններորդ գլուխ – մաս առաջին

Նախապայմաններ. Թուրքիոյ դիւանագիտական լեզուն 

1992-ի սկիզբին, նորանկախ Հայաստանը Ե. Ա. Հ. Կ.ին անդամակցելու կը ձգտէր:1 Թուրքիան կը փորձէր խոչընդոտել: Փրակայի մէջ Ե. Ա. Հ. Խ.ի յունուարեան խորհրդաժողովի օրերուն երկու թուրք դիւանագէտներ կը մօտենան Հայաստանի դիւանագէտներէն Քրիսթիան Տէր Ստեփանեանին եւ կը տեղեկացնեն, որ Անգարան Երեւանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ կը հաստատէ, եթէ Հայաստանը ճանչնայ Թուրքիոյ սահմանները եւ Ցեղասպանութեան հարցը չբարձրաձայնէ: Տէր Ստեփանեանը հեռաձայնով նախագահ Տէր Պետրոսեանին կը փոխանցէ թուրքերուն առաջարկը:

ՙԵս Տէր Ստեփանեանին ըսի` շատ կտրուկ կերպով կը պատասխանես՝ ո՛չ՚,- կը պատմէ Հայաստանի առաջին նախագահը:

Ըստ Հայաստանի դիւանագիտական շրջանակներուն մէջ պտտուող զրոյցի, ‎ֆրանսահայ Տէր Ստեփանեանը անակնկալի կու գայ նախագահին օգտագործած կոշտ բառապաշարէն եւ կը հարցնէ. ՙՍիքտիր ի՞նչ ըսել է, պարո՛ն նախագահ՚:

Վերադառնալով Երեւան` Տէր Ստեփանեանը ՙԱզգ՚ թերթին կը պատմէ Փրակայի խորհրդաժողովի մանրամասներէն. ՙԱնոնք (թուրքերը) կը պնդէին, թէ հայկական կողմը տարածքային պահանջներ ունի Թուրքիայէն եւ որպէս ապացոյց կը մէջբերէին մեր ՙԱնկախութեան Հռչակագիր՚ին մէջ իբր հողային պահանջին վերաբերող կէտերը: Անոնք Հայաստանէն կը պահանջէին հաստատել (Հայաստան-Թուրքիա) սահմաններուն անձեռնմխելիութիւնը եւ վաւերացնել Մոսկուայի ու Կարսի պայմանագիրները: Մեր հարցին, թէ ի՞նչ կ’ըլլայ, եթէ մենք գրաւոր փաստաթուղթ չներկայացնենք, թուրքերն ըսին, թէ իրենք Հայաստանի նկատմամբ կը կիրառեն վեթոյի իրաւունքը: Ա. Մ. Ն.ի ներկայացուցիչը միջնորդի դերը վերցուց՚:

Ե. Ա. Հ. Խ.ի մօտ Ա. Մ. Ն.ի դեսպան Ճոն Մարեսքան տարիներ ետք ըսած է. ՙԱնձնապէս ես էի, որ միջնորդի դեր կատարեցի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ` Թուրքիոյ առարկութիւնները վերացնելու համար: Երկու օր շարունակ միջնորդութիւններ կատարեցի` ջանալով համոզել թուրքերը, որ վերջ տան իրենց ընդդիմութեան, միեւնոյն ժամանակ թելադրելով հայոց, որ մեղմացնեն իրենց դիրքորոշումը: Ի վերջոյ, ես յաջողեցայ, եւ թուրքերը դադրեցուցին իրենց ընդդիմութիւնը: Րաֆֆի Յովհաննիսեանը լաւ պիտի յիշէ՚:

Յովհաննիսեանը լաւ կը յիշէ Ե. Ա. Հ. Խ.ի 30-31 Յունուար 1992-ի նիստը, ուր Հայաստանը պէտք է անդամակցեր կառոյցին. ՙՍկսուած էր նախապայմաններու շարքը` Կարսի պայմանագիրի ճանաչում, Հայոց Ցեղասպանութեան պնդումներէն հրաժարում: Հարցը հասաւ լիագումար նիստին: Ես պատասխանեցի, որ Թուրքիոյ բարձրացուցած նախապայմանները երկկողմ յարաբերութեանց տիրոյթէն են, բայց եթէ Թուրքիան կ’ուզէ բազմակողմանի կազմակերպութեան այս նիստին որպէս օրակարգային նիւթ յառաջ քաշել 1921-ը եւ Մոլոթով-Ռիպենթրոփի մեր տարբերակը, ապա մենք կ’առաջարկենք պատմական պտոյտը շարունակել վեց տարի ետք եւ սեղանի վրայ դնել թէ՛ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, թէ՛ ատոր ժառանգութիւնը, անոր ծնունդը դարձած 1921-ի ապօրինի պայմանագիրները: Երբ մենք կտրուկ եւ ամբողջական պատասխան տուինք, նախագահողը ընդմիջում յայտարարեց, որու ընթացքին տեղի ունեցաւ ո՛չ միայն Մարեսքայի, այլեւ պետական քարտուղար Ճէյմս Պէյքըրի եւ միւս նախարարներուն միջնորդութիւնը: Մարեսքայի բարի գործով` թուրքերը դադրեցուցին վեթոյի սպառնալիքը, եւ Հայաստանն անդամակցեցաւ Ե. Ա. Հ. Խ.ին՚:

Ե. Ա. Հ. Խ.ին անդամակցելու Հայաստանի ձգտումը խափանելու Թուրքիոյ փորձերը չխանգարեցին, որպէսզի այդ երկիրը ղարաբաղեան կարգաւորման Մինսքի Խորհրդաժողովի անդամ դառնայ: Ինչպէս ցոյց տուին յետագայ իրադարձութիւնները, պաշտօնական Երեւանը դէմ չէր ղարաբաղեան բանակցութեանց Թուրքիոյ չէզոք ներգրաւման:

Նախագահ Տէր Պետրոսեանը եւ արտաքին գործոց նախարար Յովհաննիսեանը 21 Մարտին հեռաձայնային զրոյցներ ունեցան Ճորճ Պուշի եւ Պէյքըրի հետ: ՙԶրոյցներու բովանդակութիւնն այն էր, որ Միացեալ Նահանգները, նախօրօք խորհրդակցելով Թուրքիոյ հետ, յանգած է եզրակացութեան, որ Արցախի հարցին շուրջ Ե. Ա. Հ. Խ.ի շրջանակներուն մէջ պէտք է եռակողմ բանակցութիւններ սկսին Ատրպէյճանի, Լ. Ղ.ի եւ Հայաստանի միջեւ: Ասիկա հաստատեց նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հիքմէթ Չեթինը ինծի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցի ատեն՚,- ըսած է Տէր Պետրոսեանը:

Անգարան հրաժարեցաւ Երեւանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելէ, սակայն մինչեւ 1993-ի Ապրիլը բացայայտ թշնամական գործողութիւն չէր իրականացներ` սահմանը չէր գոցած ու Հայաստանը չէր շրջափակած: Ճիշդ է, թէ թուրք-հայկական սահմանի բաց ըլլալն ալ յարաբերական էր, քանի որ սովորական անցորդներուն համար գոց էին ինչպէս Մարգարա-Ալիճան, այնպէս ալ Ախուրեան-Տողուքափը սահմանադուռերը: Սահմանը մասամբ բաց էր բեռնափոխադրումներու ու կարեւոր մարդոց` պատուիրակութեանց համար: Այսպէս, 1992-ի Փետրուարին Մարգարայի կամուրջով Հայաստանի Հանրապետութիւն անցան Ամերիկայի Հայկական Համագումարի ներկայացուցիչներ Հրայր Յովնանեանն ու Վան Գրիգորեանը: Մարտին Ախուրեան կայարան հասաւ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցու Ա. Մ. Ն.ի արեւելեան թեմի 30 վակոն օգնութիւնը` 400 հազար տոլար արժողութեամբ սննդամթերքը:

1992-ի Փետրուարի առաջին օրերուն Սթամպուլի մէջ նախագահ Թուրկութ Էօզալը բացաւ Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան (Ս. Ծ. Տ. Հ.) խորհրդաժողովը` Թուրքիա, Պուլկարիա, Մոլտովա, Ռումանիա, Ուքրաինա, Ռուսիա, Վրաստան, Հայաստան, Ատրպէյճան կազմով: Հայկական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէին արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արման Նաւասարդեանն ու Հայաստանի նախագահի` միջկուսակցական յարաբերութեանց գծով խորհրդական, արեւելագէտ-պատմաբան Վահան Փափազեանը:

ՙԱսիկա եղած է առաջին պաշտօնական պատուիրակութիւնը, զոր սահմանն անցած է ցամաքով` Մարգարա-Իգդիր-Էրզրում, հոնկէ օդանաւով` Սթամպուլ: Կը դժուարանամ վերաշարադրել զգացմունքներս, երբ անցանք Արաքսը: Հայեացքով անընդհատ բաներ մը կը փնտռէի, որոնք կրնային ինծի յիշեցնել պատմական հայրենիքս: Ծագումով` ես վանեցի եմ: Առանձին հանդիպում մը ունեցայ արտաքին գործոց նախարար Չեթինի հետ: Զիրար լաւ հասկցանք, մեր միջեւ մտերմիկ յարաբերութիւններ ձեւաւորուեցան: Առաջին հանդիպման նիւթերէն մէկն եղած է արձանագրութեան կազմումը եւ սահմանի լիարժէք օգտագործումը, այլ ոչ թէ ժամանակ առ ժամանակ բանալ-գոցելը պատուիրակութեանց երթալ-գալուն համար: Սթամպուլէն վերադառնալով Անգարա, երկար զրոյց մը ունեցայ Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի հետ գլխաւոր բանակցողին` Ճանտան Ազերի հետ՚,- կ’ըսէ Հայաստանի 1993-1996 թուականներու արտաքին գործոց նախարար Փափազեանը:

Խոճալու, Շուշի, Լաչին. Թուրքիա կը սպառնայ

1991-ի Հոկտեմբերին Թուրքիոյ մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութեանց մէջ նկատելի առաւելութեամբ յաղթեց Սուլէյման Տէմիրէլի ՙՃշմարիտ Ուղի՚ կուսակցութիւնը` յառաջ անցնելով նախագահ Թուրկութ Էօզալի ՙՄայր Հայրենիք՚էն: Պետական քաղաքականութիւնը հիմնականին մէջ կեդրոնացաւ եօթերորդ անգամ վարչապետի պաշտօնն զբաղցուցած Տէմիրէլի ձեռքին: Նախագահ Էօզալն սկսաւ աւելի շատ արտայայտել ընդդիմութեան տեսակէտները: Այս շրջանին` թրքական մամուլին մէջ ձեւաւորուած էր երկու մօտեցում: Առաջին. Թուրքիան պէտք է ձգտի կայունութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատել Կովկասի մէջ` առանց գործուն միջանտութեան, պէտք է խուսափի բացայայտ ատրպէյճանամէտ դիրքորոշումէն, բայց ձգտի հասնիլ Ատրպէյճանին ձեռնտու լուծումներու` օգտագործելով Թուրքիոյ դիւանագիտական հնարաւորութիւնները: Երկրորդ. Թուրքիան պէտք է աշխուժօրէն աջակցի Ատրպէյճանին, անհրաժեշտութեան պարագային` ռազմական օգնութիւն յատկացնէ անոր եւ ճնշում գործադրէ Հայաստանի վրայ: Այս տեսակէտը կը պաշտպանէին ազգայնական ոյժերը:

Թուրքիան ղարաբաղեան պատերազմի ողջ ընթացքին քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական օգնութիւն կը տրամադրէր Ատրպէյճանին: Միջազգային իրավիճակն ու Թուրքիոյ հնարաւորութիւնները թոյլ չտուին, որ ան ուղղակիօրէն միջամտէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան: Թուրքիան նոյնիսկ մերժեց Ատրպէյճանի նախագահ Էլչիպէյի` ռազմական դաշինք կնքելու առաջարկը, սակայն թուրք զինուորականներն ու կառավարող շրջանները անուղղակի օգնութիւն տրամադրեցին Ա. Շ. Կ.ի եւ անոր ղեկավար Թիւրքէշի միջոցով: Վերջինս Ա. Մ. Ն. այցելած էր եւ փորձած էր յարաբերութիւններ հաստատել տեղի հայկական շահախումբին հետ, ինչը Տէմիրէլի ուշադրութիւնը գրաւեց: 1992-ի Ապրիլի վերջերէն թրքալեզու հանրապետութիւններ ծրագրուող այցի պատուիրակութեան կազմին մէջ Տէմիրէլն ընդգրկեց նաեւ Թիւրքէշը: Թուրքիոյ մէջ ազգայնամոլական շարժումն ուսումնասիրող թուրք գիտնականներ Նեճտէթ Պեքմէզճին ու Նուրշէն Պիւյիւքեըլտըզը գրած են, որ թուրք ազգայնամոլներ Ատրպէյճան ղրկելու եւ հոն ճամբար հիմնելու ծրագիրը Տէմիրէլն ու Թիւրքէշը դեռ 1991-ին նախաձեռնած են:

1992-ի Մարտին Թիւրքէշը խորհրդարանի իր ելոյթներուն եւ հարցազրոյցներուն մէջ պնդեց, թէ ՙՀայաստանը, նուաճելով Ատրպէյճանի տարածքին մէկ մասը, խախտած է միջազգային կանոնները՚, ու, թէեւ չէր բացառեր Թուրքիոյ զինուած միջամտութիւնը, սակայն նախապատուութիւնը կու տար դիւանագիտական քայլերուն:

Միաժամանակ, Թիւրքէշն աշխատեցաւ արագացնել Ատրպէյճանի մէջ ՙԳորշ Գայլեր՚ի ճամբարի ստեղծումը, որուն միջոցով հնարաւոր կ’ըլլար Թուրքիայէն լրացուցիչ կամաւորներ եւ զէնք ղրկել: Ճամբարն ստեղծուեցաւ Պաքուի մօտակայքը, անունը Թիւրքէշի առաջարկութեամբ դրուեցաւ ՙՌիւզկար՚: Բացի զինավարժութիւններէ, հոն կը դասաւանդուէր նաեւ խափանարարութեան վարժութիւն: Ըստ Էլչիպէյի հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան, ճամբարին մէջ վարժուող ազգայնամոլները զինելու նպատակով Թուրքիայէն Ատրպէյճան տեղափոխուեցաւ երկու ինքնաթիռ զէնք ու զինամթերք, որոնք Պաքուի օդանաւակայանին մէջ յանձնուեցան Էլչիպէյի թիկնապահ գունդի հրամանատարին: 1991-ի կէսերուն արդէն, Թուրքիայէն օդային ճամբով Ատրպէյճան փոխադրուեցան 5000 ինքնաձիգներ, նռնականետներ եւ հանդերձանք:

1992-ի Մարտ-Ապրիլ ամիսներուն թուրք զինուորականները Կապալա քաղաքին մօտակայքը 450 ատրպէյճանցի կամաւոր պատրաստեցին: Այդ ստորաբաժանումը Ատրպէյճանի մէջ կոչուեցաւ ՙՀամալսարանական գումարտակ՚, քանի որ հաւաքագրուած կամաւորները Պաքուի համալսարանի ուսանողներ էին: Ատրպէյճանի որոշ քաղաքական գործիչներ կը հաւատային, որ այդ ստորաբաժանումը Ժողովրդային Ճակատի զօրամիաւորումներուն հիմքը կը դառնայ: Թէեւ թուրք խորհրդականները պնդեցին, որ ստորաբաժանումը ռազմական գործողութեանց մասնակցելու դեռ պատրաստ չէ, ան ղրկուեցաւ Շուշի, սակայն յաջողութիւն չունեցաւ:

Ըստ Ռուսիոյ ռազմական հետախուզութեան տուեալներուն` 1992-ի Սեպտեմբերի դրութեամբ ատրպէյճանական բանակին մէջ կար 670 թուրք զինծառայող, այդ թուին` զինուորներ, սպաներ եւ զօրավարներ: ՙԱտրպէյճան ղրկուող զինծառայողներ հաւաքագրելու ատեն թրքական կողմը նախապատուութիւնը կու տայ արեւելեան նահանգներու բնակիչներուն, որոնց խօսակցական լեզուն մօտ է ատրպէյճաներէնին, եւ որոնք իրենց հայեացքներով իսլամամէտ ՙԲարօրութիւն՚ կուսակցութեան ու ազգայնական ՙԳորշ Գայլեր՚ կազմակերպութեան կը յարին՚: ՙՃումհուրիյէթ՚ի տուեալներով` ատրպէյճանական բանակին մէջ կար մէկ թուրք զօրավար` Տրապիզոնէն նախկին երեսփոխան Եաշար Տէմիրպուլաքը: Ան իրեն հետ զրոյցին մէջ հաստատած է, որ ինքը նաեւ նախագահ Էլչիպէյի եօթը խորհրդականներէն մէկն է, սակայն այս նշանակման հետ թրքական կառավարութիւնը կապ չունի:

Թիւրքէշը Էլչիպէյի հետ շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ եւ սերտ կապեր հաստատեց անոր հետ: Թրքական կառավարող շրջանակներուն կարծիքով` Ատրպէյճանի նախագահին իշխանութիւնը վտանգող միակ ոյժը անկառավարելի վիճակի մէջ գտնուող ատրպէյճանական բանակն էր: Այդ պատճառով, անհրաժեշտ էր ստեղծել Էլչիպէյին հաւատարիմ ռազմական հզօր ստորաբաժանում մը, որու 1500–2000 վարժուած մարտիկները անոր կազմաւորած կանոնաւոր բանակին միջուկը պէտք է դառնային:

Թիւրքէշը ծրագրած էր, որ ստեղծուող ճամբարին մէջ վարժուին ո՛չ միայն ատրպէյճանցիներ, այլեւ` կամաւորներ Իւզպէկիստանէն, Ղազախիստանէն եւ Թուրքիայէն: Ճամբարի եւ կանոնաւոր բանակի ստեղծման Էլչիպէյի նախագիծին հիմնական հեղինակը ո՛չ թէ Թիւրքէշն էր սակայն, այլ` Թուրքիոյ յատուկ ծառայութիւնները եւ իշխանութեան մօտ կանգնած ՙՃշմարիտ Ուղի՚ կուսակցութեան որոշ շրջաններ: Դա բացայայտուեցաւ 1996-ին` Սուսուռլուքի դէպքէն ետք, երբ պարզուեցաւ, որ Ատրպէյճանի մէջ գործունէութիւն ծաւալելու համար Թուրքիոյ վարչապետի հիմնադրամէն ՙԱզգայնական Շարժում՚ին մեծ գումար փոխանցուած է:

Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը Թուրքիոյ մէջ կը դիտարկուէր որպէս անմիջական սպառնալիք իր անվտանգութեան ու կայունութեան, ինչպէս նաեւ խանգարում Կովկասի մէջ քաղաքական աւելի մեծ աշխուժութիւն ձեռք բերելու նպատակի իրագործման: Թուրք-հայկական լարուածութիւնը կը մեծնար Լ. Ղ.ի մէջ հայկական ինքնապաշտպանական ջոկատներու յաջողութեանց զուգընթաց: Իրադրութիւնն աւելի լարուեցաւ 1992-ի Փետրուար-Մայիս ամիսներուն` Խոճալուի, Շուշիի եւ Լաչինի ռազմական գործողութիւններէն ետք: Թուրքիոյ մէջ սկսան ռազմական միջամտութեան կոչեր հնչել:

4 Մարտ 1992-ին Իզմիրի մէջ ունեցած ելոյթին մէջ, վկայակոչելով Խոճալուի դէպքերը, Էօզալը կառավարութենէն պահանջեց ՙհայոց ոճրագործութեանց դէմ վճռական միջոցներու դիմել՚, սպառնալով հայոց յառաջխաղացումը կանգնեցնել թրքական ռազմական ոյժերով:

Հայաստանի ղեկավարութիւնը թրքական վտանգին կը վերաբերէր լրջօրէն: 10 Մարտ 1992-ին ընդունելով քոնկրէսական Ուէյն Օուընսը, նախագահ Տէր Պետրոսեանը մտահոգութիւն յայտնեց, որ Թուրքիան կը շեղի անդրկովկասեան իրադարձութեանց նկատմամբ իր իսկ յայտարարած չէզոք քաղաքականութենէն: Նախագահը ուշադրութիւն հրաւիրեց Էօզալի` քանի մը օր առաջ կատարած սպառնալից յայտարարութեան վրայ: Թուրքիոյ նախագահն սպառնացած էր գոցել Հայաստանի ճամբան դէպի Սեւ Ծով` ՙհայերը քիչ մը վախցնելու՚ նպատակով:

Տէր Պետրոսեանը 16 Մարտին ընդունեց դեսպան Վուրալը, որ Երեւան ժամաներ էր վարչապետ Տէմիրէլի յանձնարարութեամբ` ՙորոշ հանգամանքներ պարզաբանելու, Լ. Ղ.ի հիմնախնդրի կարգաւորման եւ հայ-թրքական յարաբերութեանց հեռանկարի առնչութեամբ թրքական պաշտօնական շրջանակներուն տեսակէտները ներկայացնելու ու Հայաստանի իշխանութեանց դիրքորոշման ծանօթանալու նպատակով՚: Նոյն օրը Տէր Պետրոսեանը լրագրողներուն ըսած է, որ վերջին ժամանակներս Թուրքիան Լ. Ղ.ի հարցին մէջ իր չէզոքութիւնը կորսնցուց:

Թուրքիան բաւական կոշտ ձեւով արձագանգեց Շուշիի դէպքերուն: Տէմիրէլը կառավարութեան արտակարգ նիստին յայտարարեց, թէ Շուշիի մէջ տեղի ունեցածը ՙհայոց հերթական ահաբեկչութիւնն է ատրպէյճանցիներուն նկատմամբ՚: Տէմիրէլը ՙիսկական աղէտ՚ որակեց Շուշիի անկումը եւ ընդգծեց, որ Թուրքիան այլեւս չի կրնար մնալ կողմնակի դիտորդի դերին մէջ, երբ ՙհակամարտութիւնն ուժային ճամբով լուծելու փորձն ակնյայտ է՚:

Թրքական բանակի Գլխաւոր Սպայակոյտի պետ զօրավար Տողան Կիւրէշը նկատել տուաւ. ՙՄարաջախտ Շափոշնիքովը Խորհրդային Միութեան անցեալով կ’ապրի: Անցած են բռնութեամբ, ճնշումներով, սպառնալիքներով կամք պարտադրելու ժամանակները: Ինչ որ ըսուած է` լաւ չէ: Թրքական զինուորական ոյժերը պատրաստ են ընդառաջելու մեր քաղաքական վերին իշխանութեան տուած բոլոր որոշումներուն: Աւելին ըսելու հարկ չեմ տեսներ՚:

Լաչինի գրաւման առիթով 18 Մայիսին խորհրդակցութիւն հրաւիրուեցաւ թրքական բանակի Գլխաւոր Սպայակոյտին, ապաª կառավարութեան մէջ: Ա. Մ. Ն.ի մէջ ապաքինուող նախագահ Էօզալը յայտարարեց, որ Թուրքիոյ համբերութիւնը նոյնպէս սահման ունի: Հետեւեցաւ Ա. Պ. Հ.ի զինուած ոյժերու գլխաւոր հրամանատար, մարաջախտ Եւկենի Շափոշնիքովի նախազգուշացումը` եթէ մէկ պետութիւն մըն ալ միանայ ղարաբաղեան հակամարտութեան, ապա ՙմենք կրնանք յայտնուիլ երրորդ համաշխարհային պատերազմի շեմին՚:

Թուրքիոյ իշխանութիւնները 18 Մայիս 1992-ին ստիպեցին, որ Սթամպուլի մէջ վայրէջք կատարէ Մեծն Բրիտանիայէն Հայաստան մարդասիրական օգնութիւն բերող ինքնաթիռը: Օդանաւի` զէնք փնտռելու նպատակով կատարուած զննումն անարդիւնք վերջացաւ: 6 Յունիսին ԹՈՒ-154 ինքնաթիռը, որ 146 ուղեւորներով Հալէպ-Երեւան կանոնաւոր թռիչք կը կատարէր, թրքական կողմին պահանջով երթուղիէն շեղուեցաւ մօտ 1000 քմ., վայրէջք կատարեց Անգարայի մէջ ու մօտ 7 ժամ պահուեցաւ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ դէպի Հայաստան կատարուող թռիչքներուն նկատմամբ խիստ պահանջներ պիտի ներկայացնէ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոք յայտնեց Թուրքիոյ ՙնմանօրինակ քայլերուն դէմ եւ կոչ ըրաւ առկայ խնդիրները կարգաւորելու երկխօսութեան միջոցով՚:

Թուրքիոյ խորհրդարանի 20 Մայիս 1992-ի յատուկ նիստին քննարկուեցաւ ՙՀայաստանի կողմէ Նախիջեւանի եւ Ղարաբաղի դէմ սանձազերծուած նախայարձակման հարցը՚: Հիմնական զեկուցող արտաքին գործոց նախարար Չեթինը յայտարարեց. ՙՄինչեւ այսօր Թուրքիան այս հարցին մէջ աշխատած է չէզոք դիրք գրաւել, եւ անոր դիւանագիտական ջանքերը հարցի խաղաղ կարգաւորման ուղղուած եղած են, սակայն այսուհետեւ Թուրքիան բոլոր միջազգային ատեաններուն մէջ սատար պիտի կանգնի Ատրպէյճանին: Ե. Ա. Հ. Խ.ն ընդունած է, որ Ղարաբաղը Ատրպէյճանի տարածքն է, իսկ հայերն այսօր գրաւած են նաեւ Լաչինը: Թուրքիան սահմաններու փոփոխութիւն թոյլ չի տար: Ասկէ ծագող բոլոր հետեւանքներուն համար պատասխանատու է Հայաստանը՚:

Չեթինէն բացի ելոյթ ունեցան ՙՄայր Հայրենիք՚ ու ՙԲարօրութիւն՚ կուսակցութեանց նախագահներ Մեսութ Եըլմազն ու Նեճմէտտին Էրպաքանը: Առաջինը կոչ ըրաւ Լ. Ղ.ի հակամարտութեան հարցով աւելի գործուն քաղաքականութիւն վարելու. ՙԵթէ հոն զօրք ղրկելու համար խորհրդարանի աջակցութեան կարիքն ունիք, պահանջեցէ՛ք, եւ մենք ձեզի այդ իրաւունքը կու տանք՚, իսկ Էրպաքանը կը պնդէր, թէ Թուրքիան իրաւունք ունի ռազմական միջամտութիւն իրականացնելու Նախիջեւանի հարցին մէջ: Կովկասի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութեանց վերաբերեալ Թուրքիոյ մտահոգութիւնը յստակօրէն արտայայտեց Ժողովրդավարական Ձախ Կուսակցութեան առաջնորդ Պիւլէնթ Էճեւիտը, յայտարարելով, որ ՙեթէ Հայաստանը Նախիջեւանի մէկ մասը գրաւէ, ապա Թուրքիոյ հողերուն աչք կը տնկէ: Մեզմէ Կարսն ու Արտահանը կը պահանջէ՚:

Մէկ ուրիշ առիթով Էճեւիտն ըսաւ. ՙԹուրքիան պէտք է Հայաստանին ու համաշխարհային հանրութեան նկատել տայ, որ յանձնառութիւններ ունի Նախիջեւանի հողային ամբողջականութեան եւ կարգավիճակի անխախտելիութեանն ի նպաստ, հետեւաբար, պէտք է ռազմական ոյժ կեդրոնացնէ Հայաստանի ու Նախիջեւանի սահմանային գօտիներուն մէջ, յայտարարէ, որ Նախիջեւանի վրայ որեւէ յարձակում յարձակում է Թուրքիոյ վրայ: Հայաստանը զինուորական եւ ռազմական առումով շատ լաւ է պատրաստուած, մինչդեռ Ատրպէյճանը ո՛չ անհրաժեշտ զինական միջոցներ, ո՛չ ալ մարզուած զինուորականութիւն ունի, ուստի անհրաժեշտ է ռազմական աջակցութիւն ցոյց տալ կամ տոլար յատկացնել` ռուսերու` վաճառքի հանած զէնքերը գնելու համար՚:

Նախիջեւանի առաջնորդ Հէյտար Ալիեւը 1992-ի Մայիսի կէսերուն Թուրքիոյ դիմած էր օգնութեան խնդրանքով: Շուշիի եւ Լաչինի մարտերուն ընթացքին Անգարայի ուշադրութեան կեդրոնը Նախիջեւանն էր: Ռազմական միջամտութեան կոչեր կը հնչէին Թուրքիոյ մէջ: Թրքական ընտրանիին մէջ վարչապետ Տէմիրէլն ամէնէն սթափն էր: ՙԴիւրին է խօսիլ ներխուժման մասին: Եթէ մենք մտնենք Նախիջեւան, մենք մօտակայ քսան տարուան ընթացքին ի վիճակի չենք ըլլար հոնկէ հեռանալու: Ատկէ բացի, Արեւմուտքը կը մեղադրէ Թուրքիան` նման գործողութեան համար՚,- ըսած է ան:

Տէմիրէլը 25 Մայիսին Մոսկուա մեկնեցաւ պաշտօնական այցով: Ռուս-թրքական բարձր մակարդակով բանակցութեանց առանցքային նիւթերէն էր Լ. Ղ.ի մէջ ստեղծուած վիճակը: Այս ընթացքին կ’ուժգնանան փոխհրաձգութիւնները սահմանի Երասխ-Սադարակ հատուածին մէջ: Նախիջեւանի նկատմամբ հայոց իբր թէ յարձակողական մտադրութեանց վերաբերեալ Ալիեւի պնդումներուն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանեց. ՙԱտրպէյճանական կողմը սահմանի այդ հատուածին մէջ ռազմական գործողութիւններ կը հրահրէ` նպատակ ունենալով արդարացնել երրորդ պետութեան հնարաւոր միջամտութիւնը՚:

Երրորդ պետութիւնը Թուրքիան է, զոր ամէն պատեհ առիթով կը յիշեցնէ, թէ Նախիջեւանի երաշխաւորը ինք է: 2010-ի Ապրիլի վերջերուն արտաքին գործոց նախարար Ահմէթ Տաւութօղլուն, ընդունելով Նախիջեւանի խորհրդարանի նախագահ Վասիֆ Թալիպովը, յայտարարեց, որ ՙՆախիջեւանի ապագայի հարցին մէջ Թուրքիան մեծ ներգրաւուածութիւն ունի ու կը շարունակէ ունենալ՚: Ան ընդգծեց, որ 1921-ի Կարսի պայմանագիրը օրինական է, եւ ՙԹուրքիան Նախիջեւանի կարգավիճակի երաշխաւորն է՚:

Թրքական գրկախառնութիւն Մասիսի փէշերուն

28 Մայիս 1992-ին, թուրք-նախիջեւանեան սահմանին` Արաքսի ձախ ափին, վարչապետ Տէմիրէլը հաւաքուած հազարաւոր ատրպէյճանցիներուն կը դիմէր ու կը բացականչէր. ՙՍիրելի՛ ատրպէյճանցի թուրքեր, սիրելի՛ նախիջեւանցի թուրքեր: Մենք հոս ենք ձեզի ըսելու, որ մինակ չէք: Արազի վրայով այսօր մենք կը բանանք ՙՅոյսի Կամուրջ՚ը, զոր Եգէական Ծովէն մինչեւ Չինաստան ճամբայ բանալու առաջին քայլն է՚:

Ամերիկացի լրագրող Թոմաս Կոլցն ականատեսի աչքերով կը գրէ. ՙՕդանաւին դուռը բացուեցաւ, երեւցաւ Տէմիրէլն իր նշանաւոր ֆետորայով: Ան աստիճաններով դէպի Հէյտարի գիրկը կ’իջնէր: Լուսանկարչական բազմաթիւ սարքեր եւ տեսախցիկներ պատմական պահը կ’արձանագրեն. վերջապէս, Տէմիրէլն ու Ալիեւը միասին են: Կան յամառ շշուկներ, թէ Ատրպէյճանի իշխանական ու անվտանգութեան համակարգին մէջ Ալիեւի վերելքը նախատեսուած էր Պ. Ա. Կ.ի ՙԿապոյտ Աչքեր՚ գործողութեան իրականացման հեռանկարով` 1960-70-ական թուականներուն Թուրքիոյ քիւրտերու շրջանին մէջ ապակայունութիւն հրահրել: Նայելով Հէյտարի կոկորդիլոսի անթարթ աչքերուն` հասկնալի է, թէ ուրկէ՞ կու գայ ՙԿապոյտ Աչքեր՚ անուանումը: Եւ ահա՛ այստեղ` Արարատ լերան ստուերին տակ, Տէմիրէլն ու Ալիեւը փանթրքական տօնակատարութիւն կազմակերպած էին՚:

Աշոտ Մանուչարեանը եղած է Հայաստանի նախագահի` ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականը: Ան բազմիցս մասնակցած է Երեւան-Նախիջեւան բանակցութեանց: ՙՈրոշ իմաստով` Ալիեւն այդ տարածքի արքան էր: Էլչիպէյը շատ պիտի ուզէր զայն հեռացնել, բայց անհնար էր, քանի որ Ալիեւը ժողովուրդին յարգանքը կը վայելէր: Ալիեւը շահագրգռուած էր, որ Նախիջեւանի մէջ պատերազմ չըլլայ: Մենք այդ շահագրգռութիւնն զգացինք: Ատկէ բացի, Նախիջեւանը խոցելի էր, պատերազմ սկսելու պարագային ամբողջ շրջանը ռազմադաշտի կը վերածուէր: Մեզի ալ պէտք էր զերծ մնալ երկրորդ ճակատ բանալէն: Նախիջեւանի մէջ խոր առճակատման դիմելով, մեծ վտանգ կը ստեղծուէր Թուրքիոյ հնարաւոր միջամտութեան իմաստով, մանաւանդ, որ նման միջամտութեան քայլեր Թուրքիան ըրած է: Տարբեր կարգի օգնութեանց հետ Նախիջեւանը կը ստանար նաեւ Թուրքիոյ ռազմական օգնութիւնը. հոն սկսան տեղափոխուիլ Թուրքիոյ պահեստայինները` կամաւորներու տեսքով՚,- կ’ըսէ Մանուչարեանը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը 10 Մայիս 1992-ին մտահոգութիւն յայտնած էր ղարաբաղեան հակամարտութեան սրման եւ Թուրքիոյ կառավարութեան ու քաղաքական ղեկավարներու այն յայտարարութեան կապակցութեամբ, թէ Թուրքիոյ ռազմական միջամտութիւնը բացառուած չէ:

Հայաստանի խորհրդարանի փոխնախագահ Արա Սահակեանը 1992-ի ընթացքին մասնակցած է հայ-նախիջեւանեան հանդիպումներուն: Ան կ’ըսէ, թէ սահմանի այդ հատուածին մէջ խաղաղութիւնը ձեռնտու էր Հայաստանին, եւ հնարաւոր եղաւ երկրորդ ճակատէն խուսափիլ: ՙԱյս հանդիպումներուն նախաձեռնութիւնը Տէր Պետրոսեանինն էր, իսկ մանրամասնումը եւ մշակումը կը կատարէր Մանուչարեանը: Հայաստանի իշխանութիւնները նախիջեւանեան ուղղութիւնը չէին անտեսեր: Կը կարծուէր, թէ որոշ հանգամանքներու պարագային այդ ճակատին վրայ պատերազմը կրնայ պարտադրուիլ: Այս հարցին մէջ խանգարող խութ մը կար` Թուրքիան ու Նախիջեւանի իրաւական կարգավիճակը: Մենք կ’ըմբռնէինք, որ ռազմական գործողութիւնները Նախիջեւանի տարածք փոխադրելով` Թուրքիան հակամարտութեան մէջ կը ներքաշէինք: Մեր հիմնական քաղաքական ուղղութիւնը Թուրքիան չէզոքացնելն ու հակամարտութեան մէջ անոր ներքաշումը թոյլ չտալն էր՚:

Հայաստանի նախագահը 20 Մայիս 1992-ին յատուկ յայտարարութիւն մը կը կատարէ. ՙՆախիջեւանի տարածքէն անընդհատ փորձեր կ’ըլլան ապակայունացնելու իրադրութիւնը սահմանին վրայ, եւ յառաջ կը քաշուի այն մտացածին վարկածը, թէ Հայաստանը ռազմական գործողութիւններ սկսած է Նախիջեւանի դէմ: Ակնյայտ է, որ սա տեղի կ’ունենայ երրորդ ոյժերու դրդմամբ եւ ուղղակի միջամտութեան համար քաղաքական պատրուակ ստեղծելու նպատակը կը հետապնդէ: Հայաստանը կը յայտարարէ, որ նոյնիսկ այսօր ալ պատրաստ է Նախիջեւանի հետ կնքելու համակողմանի համագործակցութեան պայմանագիր մը` Հայաստանի եւ Նախիջեւանի սահմանը լիակատար անվտանգութեան եւ կայունութեան գօտիի վերածելու նպատակով՚:

Եղա՞ծ է այնպիսի պահ մը, երբ պաշտօնական Երեւանի կամ հայկական քաղաքական շրջանակներու մօտ Նախիջեւանի մէջ նոր ճակատ բանալու գայթակղութիւն յառաջանար` նկատելով, որ ան բնիկ հայկական տարածք է եւ Ղարաբաղի հետ այդ հարցն ալ լուծելու ժամն է: Սահակեանը կ’ըսէ, թէ 90-ական թուականներու սկիզբներուն յստակ ձեւակերպուած քաղաքական նման պահանջ չկար, բայց կային տրտունջներ մասնաւոր, անձնական զրոյցներուն մէջ. ՙԱյսօր է միայն, որ քաղաքական մեծ վրիպում կը ներկայացուի Տէր Պետրոսեանի կողմէ Նախիջեւանը չգրաւելը, երբ յարմար պահը կար: Նման քննադատութիւնը զիս կ’ուրախացնէ, որովհետեւ անկէ կարելի է գոնէ եզրակացնել, որ Ատրպէյճանի դէմ ռազմական գործողութեանց ուղղութիւնն ու կշռոյթը Տէր Պետրոսեանը կ’որոշէր՚:

Մանուչարեանը կը նշէ, որ Նախիջեւանէն խորհրդային բանակին ու սահմանապահներուն դուրս գալէն ետք եթէ ոեւէ մէկուն միտքէն նման բան անցած է, ապա ատիկա արկածախնդրութիւն է. ՙԹուրքիան, յենուելով գոյութիւն ունեցող պայմանագիրներու եւ իր չհրապարակուած մտադրութեանց վրայ, կրնար լուրջ վտանգ ներկայացնել Հայաստանին` իր կործանարար հետեւանքներով: Պատմական ամէն մէկ պտոյտ հնարաւորութիւն կ’ընձեռնէ կամ չ’ընձեռներ լուծելու կամ չլուծելու առանձին խնդիրներ: Որեւէ կասկած չկայ մեր պատմական տարածքներուն մասին, բայց ամէն հարց իր պահը, ժամը, ձեւն ունի՚:

Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական շրջանակներու ներկայացուցիչները 19 Յունիս 1992-ին հրաւիրուեցան արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր անոնք տեղեկացուեցան Զանգելանէն եւ Օրտուպատէն սպառնացող հաւանական զինուած յարձակման մասին: Նոյն օրը երեկոյեան Տէր Պետրոսեանը հեռատեսիլէն յայտարարեց. ՙԱտրպէյճանի աւելի արմատական քաղաքական շրջանակներն սկսած են իրականացնել Հայաստանի հարաւային սահմաններու գրաւման եւ Հայաստանի ու Իրանի միջեւ ընդհանուր սահմանի վերացման վաղօրօք մշակուած ծրագիրները: Ատրպէյճանի աննախադէպ ռազմական աշխուժութիւնը Լ. Ղ.ի մէջ եւ Մեղրիի սահմաններուն վրայ կեդրոնացած ոյժերն ու ռազմական միջոցները կը վկայեն, որ նման ծրագիրները պետական քաղաքականութեան աստիճանի կը բարձրացուին՚:

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը 2011-ի Ապրիլին յայտարարեց, որ ՙհայկական պետականութիւնը ծագած է ատրպէյճանական պատմական հողերուն վրայ՚, պնդելով, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան հարաւը գտնուող Սիւնիքի մարզը, զոր Ատրպէյճանը Թուրքիոյ սահմանակից Նախիջեւանէն կը բաժնէ, ՙարհեստականօրէն հայոց փոխանցուած հին ատրպէյճանական տարածք է՚: ՙԱսիկա շատ բացասական հետեւանքներ ունեցաւ: Ան բաժնեց ողջ թիւրքական աշխարհը: Ճիշդ է, թէ մենք կը ջանանք եւ յետագային ալ ամէն հնարաւորը պիտի ընենք` քաղաքական քայլերով, տնտեսական նախաձեռնութիւններով, թիւրքալեզու պետութեանց հանդիպումներու միջոցով միաւորելու ողջ թրքական աշխարհը: Սակայն աշխարհագրական տեսանկիւնէն` թրքական աշխարհն այսօր մասնատուած է՚,- ըսած է Ալիեւը:

Շարունակելի

Հայացք Արարատէն. Հայերը եւ Թուրքերը, արևմտահայերենՀայեացք Արարատէն. հայերը եւ թուրքերը` պատերազմ, պաղ պատերազմ, դիւանագիտութիւն գիրքը բաղկացած է երեք մասերէ` հայ-թրքական յարաբերութիւնները 1918-1921, Խորհրդային Միութեան տարիներուն կայացած յարաբերութիւնները եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները 1988-էն այսօր: Գիրքի պատրաստութեան համար Թաթուլ Յակոբեան բազմաթիւ զրոյցներ ունեցած է պետական պաշտօնեաներու հետ, օգտագործած է բազմատեսակ աղբիւրներ, կատարած է այցելութիւններ եւ ուսումնասիրած է բազմաթիւ հրատարակութիւններ: Հեղինակը հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարիւրամեայ պատմութիւնը ներկայացնելով պատմաբանասիրականը կը միացնէ լրագրականին եւ առարկայականը` վերլուծականին:

Փափուկ կազմ, 515 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2012, Անթիլիաս,
ISBN 978-995302343-4