«Հայաստանը սրտի ցաւով քննադատելը օգտակար է», Պէյրութի «Արարատ»ին ըսաւ Յակոբեան

1264

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100 –ամեակը նախ եւ առաջ  անցեալի սխալներէն սորվելու առիթ պէտք է հանդիսանայ. Լրագրող Թաթուլ Յակոբեան

Սապահ-Գիւլեանը իմ հանդիպած միակ  հրապարակախօսն  է, որ  դեռ 1913-ին յստակ գրած է, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւն տեղի պիտի ունենայ,  «Արարատ»ին ըսաւ Թաթուլ Յակոբեան

Թաթուլ Յակոբեանը այնպիսի լրագրող մըն է, որուն գրածին ու տեսակէտներուն հետ կրնաս համաձայն չըլլալ, սակայն  կ’ուզես կարդալ  անոր գիրը, հաշուի առնել անոր ըսածը եւ խորհրդածել հոն տեղ գտած     գաղափարներուն մասին: Ան սովորական լրագրող մը ըլլալէ անդին    պատմութեան «աւազաններու»ն մէջ լողացող եւ այդ պատմութենէն դասեր վերհանող հրապարակախօս է:  

 Թաթուլ Յակոբեան իր լրագրողական ասպարէզին կողքին հիմնադրած է «Հայկական ուսումնասիրութիւնների ԱՆԻ  Կեդրոն»ը, որ օնլայն դրոյթի     պարբերական կայքէջ մ’ունենալէ բացի հրատարակութեան կը պատրաստէ եւ կը տպագրէ մանաւանդ առաջին աշխարամարտի ընթացքին ազդեցիկ դեր եւ ներկայութիւն եղող գործիչներու աշխատութիւններն ու մենագրութիւնները:

Այդ աշխատութիւններուն վերջինը Հնչակեան բացառիկ առաջնորդ եւ    մտաւորական «Պատասխանատուները» հատորին  հրապարակութիւնն էր ու այդ առիթով էր նաեւ, որ հարցազրոյց մը կատարեցի Յակոբեանին հետ:

Հարցազրոյցի  ընթացքին  մենք խօսեցանք Ստեփան Սապահ-Գիւլեանի թողած աւանդին, անոր պատմական արժէք ներկայացնող «Պատասխանատուները» հատորին, ինչպէս նաեւ հայութեան այսօրը յուզող տարբեր հիմնախնդիրներու մասին:

Ստորեւ  հարցազրոյցը՝

– Վերջերս   ձեր  ճիգերով   վերահրատակուեցաւ    ՍԴՀԿ     առաջնորդներէն ՝ Ստեփան  Սապահ Գիւլեանի «Պատասխանատուներ» հատորը:  Ի՞նչ   պատճաով   նման  աշխատանքի մը ձեռնարկեցիք:

Շատ պատահական եղաւ Սապահ- Գիւլեանի հետ ծանօթութիւնս: Ես ի հարկէ այդ շրջանի  դէպքերուն  եւ պատմութեան  մասին  բազմաթիւ գիրքեր կարդացած եմ ու կը կարդամ, այսինքն՝ հայ քաղաքական պատմութիւնը՝ 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբը՝ առաջին հանրապետութեան շրջան:

Վերջերս, երբ   կը   կարդայի Ռէյմոնտ Գէորգեանի «The Armenian Cenocide»՝ իրօք կոթողային աշխատութիւնը,    նկատեցի, որ շատ մը պարագաներու     հեղինակը յղումներ կատարած էր Ստեփանոս Սապահ-Գիւլեանի «Պատասխանատուները» հատորին, որ  նաեւ   որոշ   պարագաներու  Գէորգեանի միակ աղբիւրը դարձած էր: Այսպիսով իմ մէջս հետաքրքրութիւն մը արթննցաւ, թէ ո՞վ է Սապահ-Գիւլեանը…

Լսած էի իր մասին որպէս Հնչակեան գործիչ, սակայն շատ կցկտուր էին տեղեկութեւններս: Լսած էի անոր «Երիտասարդ Թուրքիա» գիրքին  մասին եւ այսպէս քանի մը բաներ…  անմիջապէս գացի Ազգային գրադարան, որովհետեւ գրախանութներու մէջ, բնականաբար, չկար այդ գիրքը, եւ պատուիրեցի ամենահին օրինակը, որ հրատարակուած էր 1916 թուականին, Գահիրէ:   Փաստօրէն,Սապահ-գիւլեան հոն  քաղաքական ապաստարան գտած էր: Ան պիտի  ըլլար այն քսան անձերու շարքին, որոնք Պոլսոյ Պայազիտ հրապարակին  վրայ 1915 թուականի յունիսին կախաղան բարձրացուեցան  ու   փրկուած էր դիպուածով:

Երբ ստացայ գիրքը անյագ ձեւով սկսայ կարդալ: Այն  կարդացի մէկ-երկու գիշերուան ընթացքին, սակայն Սապահ-Գիւլեանի ոճը շատ բարդ էր, շատ դժուար էր  Սապահ-Գիւլեան կարդալը: Կարդացի եւ այս գիրքը դրի յառաջիկային հրատարակուելիք գիրքերու ցանկին  մէջ, որպէսզի երբ յարմար առիթը ընծայուի ու որոշակի գումար կրնամ յատկացնել՝ վերահրատարակեմ: Ժամանակն ալ քիչ էր, գումարն ալ չգտնուեցաւ, սակայն ես որոշեցի այդ գիրքը տպել:

Այդ գիրքը տպելու համար ինծի օգնեց  Հնչակեան գործիչ  եւ Լիբանանի  խորհրդարանի նախկին  անդամ  Պրն.  Եղիկ Ճէրէճեանը:  Մինչ այդ Գէորգ Եազըճեանը ուղղակիօրէն դիւրացուց լեզուն, որովհետեւ    իմ ձեռքիս եղած  հատորին    բացի լեզուի բարդութենէն  կային   նաեւ  դասական ուղղագրութեան ահաւոր սխալներ, իսկ լեզուն արեւելահայերէն էր, որովհետեւ հեղինակը արեւելահայ էր,   եւ  Նախիջեւանի  ծնունդ:  Գիրքը արեւմտահայ-արեւելահայ երկուութենէն հանելով ամբողջութեամբ վերածեցինք արեւելահայերէնի, ինչպէս ըսի՝ դասական ուղղագրութեամբ, սակայն արեւմտահայերէն բաժինները պահեցինք այն դէպքերուն, երբ անոր զրուցակիցը արեւմտահայ գործիչ էր, որպէսզի ոգին եւ պոլսահայ այդ սիրուն բարբառը պահպանուի:

Եւ ահա այս հատորի հրատարակման գաղափարը այսպէս ծնաւ: Ես կը կարծեմ, որ այս գիրքը շատ կարեւոր է այն առումով, որ ան լոյս կը սփռէ հայ քաղաքական երկու կուսակցութիւններու վրայ՝ Հնչակեաններու եւ Դաշնակցականներու  օրուան   թուրք քաղաքական հոսանքներուն  հետ ունեցած   յարաբերութեանց վրայ:  Այսինքն  Հնչակեաններու  պարագային ՝ Իթիլաֆ եւ Դաշնակցականներու    պարագային  Իթիհատ Վէ  Թարաքի, կամ   ինչպէս    ընդունուած է  ըսել ՝ Երիտթուրքեր: Այս էր պատճառը, որ ես հրատարակեցի այս գիրքը: Ես կուսակցական չեմ, աւելին՝ ես ո’չ Դաշնակցական եմ եւ ո’չ ալ՝ Հնչակեան, ինծի համար այդ բոլոր հրատարակուող գիրքերու շարքին մէջ  երկրորդական է տուեալ գործիչին  կուսակցական կամ ոչ կուսակցական ըլլալը: Ինծի համար Սապահ-Գիւլեանը եւ Ռուբէն Տէր Մինասեանը, որու «Հայաստանի Հանրապետութիւն» կոթողային աշխատութիւնը նոյնպէս վերահրատարակած եմ, առաջին հերթին հայ քաղաքական միտքի ներկայացուցիչներ են, երկրորդ հերթին է, որ անոնց ինչ որ կուսակցական կամ այլ անուանումներ կրնանք տալ:

– Այդ հատորի մէջ Սապահ-Գիւլեանը ինչ հարցեր արծարծած է, ինչի՞ մասին խօսած է եւ  իր մօտեցմամբ, որո՞նք են «Պատասխանատուներ»ը:

Սապահ-Գիւլեանը իմ  հանդիպած միակ  հրապարակախօսն  է ան, որ  դեռ 1913-ին յստակ գրած է, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւն տեղի պիտի ունենայ: Ի հարկէ ան չէ օգտագործած Հայոց ցեղասպանութիւն եզրը, որովհետեւ այդ եզրը աւելի ուշ հրապարակուեցաւ, բայց տողատակերուն մենք անընդհատ կը տեսնենք այդ վտանգները, որոնք   պիտի    շարունակեն  սպառնալ  հայ ժողովուրդին, եթէ շարունակուէր  համագործակցութիւնը  Երիտթուրքերու հետ: Ցեղասպանութիւնը իրանակացուելէ ետք ան արդէն 1915 թուին սկսաւ գրել հատորը եւ 1916 թուին աւարտեց, իսկ ամրան հրատարակուեցաւ, Եգիպտոսի մէջ: Այսինքն ան երկար ժամանակ չձգեց, այլ անմիջապէս գրեց: Գիտէք, որովհետեւ եթէ պատմութիւնը կը թողես եւ երեսուն տարի յետոյ սրբագրութիւններ կը կատարես, ոգին, անմիջականութիւնը կը կորսուին եւ այս իմաստով ալ արժէք ունի այս գիրքը:

Իսկ որո՞նք են պատասխանատուները… պատասխանատուները բոլոր անոնք են, որոնք համագործակցեցան երիտթուրքերու հետ: Անոնք էին՝ հայ քաղաքական ուժերը, անոնք էին հայ մեծահարուստներ, որոնք Սապահ-ԳԻւլեանի խօսքով, եթէ մէկ ոսկի կու տային Հնչակեան եւ Դաշնակցական կուսակցութիւններուն, ապա հազար ոսկի «կը թափէին» Երիտթուրքերու համար, ինչպէս նաեւ հայ մտաւորականներէն շատեր, հայ եկեղեցին, որոնք կուրօրէն հաւատացին բարենորոգումներուն՝ Երիտթուրքերու խոստումներուն: Բայց ես կ’ուզեմ քիչ մը մեղմ ըլլալ եւ ըսել, որ Համիտեան ջարդերը այնպիսի սեւ հետք ձգած էին  թրքահայութեան վրայ, որ Երիտթուրքերն ու անոնց   ծրագիրը  կը համարուէին   փրկութեան ճանապարհ:

Ասոնք էին «պատասխանատուներ»ը, բայց գիտէք ինչ կայ. Սապահ-Գիւլեան չարութեամբ չի նշեր պատասխանատուները: Ան ըսած է «տեսնում էք, որ եղաւ» եւ ոչ թէ ըսած է դուք մեղաւոր էք: Եթէ մենք պատմութիւնը դիտենք ոչ կուսակցական, ոչ անձակեդրոն շահերու տեսանկիւնէն՝ շատ աւելի դիւրին կը հասկանանք եւ կ’ընկալենք զինք: Բայց երբ մենք կուսակցական եւ եսակեդրոն ակնոցով նայինք, ապա մեզի կրնայ համակրելի չթուալ Սապահ-Գիւլեանն ու իր գործը:

Ինծի համար շատ հետաքրքրական էր այս հատորը, որովհետեւ մեր պատմութեան շատ կարեւոր եւ նոր երանգ տուաւ: Կարեւոր է այն բանով, թէ հայոց պատմութիւնը այսպիսի դիտանկիւնէ մը կը ներկայացուի: Եւ այս իմաստով է նաեւ, որ կ’արժեւորուի  Սապահ-Գիւլեանի  գործը:

– Ինչպէ՞ս     ընդունուեցաւ      գիրքի   վերահրատարկութիւնը  Հայաստանի  մէջ: 

Տակաւին տեղեակ    չեմ   այդ մասին: Սակայն ես կը կարծեմ, որ   այս  հատորը  մինչեւ իր վերահրապակուիլը   հանրութեան    մօտ  տարածուած      եւ ծանօթ   գիրք մը չէ եղած:   Հաւանաբար, եղած են  գիրքը մոռացութեան մատնելու ջանքեր, բայց միւս կողմէ կը հասկնամ նաեւ, որ 1916-ին գիրքը հրապարակուած է, այնպիսի ժամանակաշրջանի մէջ, որ անհանգիստ էր հայկական աշխարհը՝ ե’ւ Արեւելեան Հայաստանը ե’ւ Արեւմտեան Հայաստանը, եւ հաւանաբար այդքան ալ ժամանակ չկար, որպէսզի մարդիկ մանրադիտակի տակ այս ամէնը ուսումնասիրեն: Ես այդպէս կ’ենթադրեմ: Սակայն, բնականաբար, կը կարծեմ, որ շատ ուժերու կողմէ  ալ   գիրքը  բարեհամբոյր ընդունելութեան չարժանացաւ: Սակայն միւս կողմէ կը կրկնեմ, թէ իմ կարծիքով Սապահ-Գիւլեանը այդ գիրքը գրած է, որպէսզի մատնանշէ մեղաւորները: Այո, ան նշած է պատասխանատուները, սակայ այդ մէկը չէ ըրած հաւատաքննողի ձեւով, կամ դատապարտելու եւ կախաղան բարձրացնելու նպատակով: Ան այս մէկը ըրած է աւելի շատ քաղաքագիտական վերլուծական ձեւով,  ու  անոր համար ալ կարեւոր է նաեւ այս գիրքի երեւան գալը:

Ինչու հիմա ես այս բոլորը երեւան հանեցի. որովհետեւ յաջորդ տարի մենք պիտի նշենք Հայաստանի  Առաջին Հանրապետութեան հարիւրամեակը՝ հայոց պատմութեան ամենապայծառ  էջերէն մէկը,  բայց նաեւ հայոց պատմութեան ամենաբարդ շրջաններէն մէկը, նաեւ ինչ որ իմաստով՝ վերելքներու եւ վայրէջքներու, յաջողութիւններու եւ կոպիտ սխալներու ժամանակաշրջան: Եւ ես կը սիրեմ պատմութիւնը դիտել ոչ թէ սեւ ու սպիտակ, այլ՝ իր ամբողջ մերկութեամբ: Իսկ երբ պատմութիւնը կը դիտես իր ամբողջ մերկութեամբ՝ այդտեղ դուն կրնաս տեսնել ամէն ինչ: Մերկութեան մէջ կը տեսնես բոլոր գոյները:

2018 թուականին ես այլ հրապարակումներ պիտի կատարեմ, որոնք կրկին հակասական են, որոնց պատճառով զիս պիտի քննադատեն, բայց ես արդէն յաղթահարած եմ այդ  փուլը:  Ես  շատ հանգիստ  հայացքով  կը դիտեմ պատմութիւնը ու հանգիստ ձեւով  կ’ընդունիմ ինծի ուղղուած բոլոր քննադատութիւները:

– Կրնա՞ք ձեր հրատարակելիք գործերու անունները նշել, ի՞նչ հատորներ կը նախատեսէք կամ կը կը պատրաստէք. կ’ըսէք, թէ ցնցիչ պիտի ըլլան… ի՞նչ իմաստով:

Ցնցիչ պիտի ըլլան այն իմաստով, որովհետեւ այդ հատորները ադէն իսկ հրատարակուած են, բայց ինծի համար շատ կարեւոր է ժամանակը: Կրնաս որեւէ գիրք տպել որեւէ ժամանակ, որ անուշադրութեան կրնայ մատնուիլ, որովհետեւ ճիշդ ժամանակին չէ տպուած:

Ես օրինակ  յառաջիկայ Փետրուար-Մարտ ամիսներուն ընթացքին նպատակադրեր եմ, առաջին անգամ Հայաստանի մէջ ՝ արեւելահայերէնով  հրապարակել առաջին հանրապետութեան մասին, իմ կարծիքով, լաւագոյն  գործը ՝Ալեքսանդր Խատիսեանի «Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը» եւ անոր կցել նաեւ ռուսերէնով   գրուած  Խատիսեանի օրագրութիւնը, ուր ան օրը օրին կը պատմէ Տրապիզոնի, Պաթումի եւ Պոլսոյ բանակցութիւններու մասին: Այս պահի դրութեամբ իմ ձեռքի տակ այդ գործն է: Ուրիշ աշխատանքներ ալ կան, որոնց անունները հիմա չեմ ուզեր նշել, որպէսզի մարդիկ չըսեն, թէ ինչու չտպեցիր, եթէ չկրնամ հրատարակել: Հիմա ես ըսի Խատիսեան, որովհետեւ վստահ

Խատիսեանինը  այնքան կարեւոր աշխատութիւն  մըն է, որովհետեւ  գրուած է շատ սառը դատողութեամբ: Ընդհանրապէս Խատիսեան մեր քաղաքական-դիւանագիտական պատմութեան մէջ սառը մտածողութիւն ունեցող անձնաւորութիւն է, որ իր գործը արժանի է վերահրատարակութեան: Ես այդ գործի  վերահրատարակութիւնը  պիտի  ընծայաբերեմ  Հայաստանի Հանրապետութեան հարիւր ամեակին: Կը կարծեմ, որ իմ ուժերը կը ներեն, որ այլ աշխատանքներ ալ ներկայացնեմ:

– Վերադառնանք Սապահ-Գիւլեանին. Ան ինչպիսի՞ կեանք ապրեցաւ, քնադատութիւններու թիրախ դարձա՞ւ, կամ ազդուեցա՞ւ այդ բոլորէն:

Սապահ-Գիւլեանը կրնամ ըսել շատ լուրջ քաղաքական գոծիչ էր, որ Փարիզի եւ ընդհանրապէս Եւրոպայի մէջ ուսանած տարիներուն շատ ազատ ձեւով շփում ունեցած է Երիտթուրք առաջին շրջանի գործիչներէն Ահմէդ Ռըզային,  Էնվերին,   Թալէաթին  եւ ՝ միւս ոճրագործներուն  հետ: Այդ բոլորին  մասին  Սապահ-Գիւլեանը  անձամբ  պատմած է: Գրած է նաեւ, թէ ինչպիսի պայմաններու  տակ   Մուրատի հետ   ճամբորդած  է դէպի Պոլիս, կամ ինչպէս հանդիպած է Թալէաթին: Այսինքն ինք քաղաքական մարդ էր, ինքը բանաստեղծ չէր, որ ըսենք եթերային վախեր ունենար եւ ի վերջոյ այնպիսի շրջան մըն էր, որ բոլորն ալ շփում ունեցած են  թուրք    պտասխանատուներու հետ: Ընդհանրապէս, երբ շատեր կ’ուզեն քննադատել Դաշնակցութիւնը կամ Հնչակեան կուսակցութիւնը ըսելով, թէ դուք չէիք որ համագործագցեցաք Իտթիհատի եւ Իդիլաֆի հետ՝ ես ալ կ’ուզեմ ուրիշ հարց մը տալ անոնց. եթէ դուն կ’ապրիս կայսրութեան մը տարածքին եւ այդ կայսրութեան մէջ կ’իշխէ ուժ մը, հապա որո՞ւ հետ շփում պիտի ունենաս. պոլշեւիկներու հե՞տ: Այդ մէկը շատ տրամաբանական է, բայց քանի որ հարիւր տարի անց թուրքը կը զուգորդուի եաթաղանի հետ, արեան հետ, ինչ որ իմաստով շահեկան չէ: Բայց պատմութիւնը այդպէս  չէ, պատմութիւնը փաստերու շարադրանք է:  Սապահ-Գիւլեան ատկէ ետք ունեցած է բազմաթիւ ստեղծագործութիւններ, շատ գրած է եւ շատ բեղուն գրիչ ունեցած է եւ ես շատ զարմացած եմ, որ անոր գործերը չեն վերահրատակուիր:  Այս բոլորն իմանալով է, որ    այսօր կարեւոր  խնդիր է   Սապահ- Գիւլեանի գործերուն վերահրատակութիւնը:Խնդիր չէ, որ  ով պիտի ընէ ատիկա  ՝ պետութիւն, սփիւռք կամ կուսակցութիւն,  կարեւորը   անոր գործերուն    լոյս ընծայուիլն է:

Ի դէպ ըսեմ, որ Սապահ-Գիւլեանի «Պատասխանատուները» հատորը շարունակութիւն ունի, որ կը կոչուի «Փոքր Հայքի Յիշատակներ» եւ նոյնպէս իմ ուշադրութեան կեդրոնիս է:

– Ըստ ձեզի եւ պատմաբաններու այս գիրքը այսօր իր արժէքը ունի հանրութեան մէջ: Եւ եթէ չունի ի՞նչ է պատճառը:

Ոչ չունի, որովհետեւ հանրութիւնը տեղեկութիւն չունի նման հեղինակներու եւ աշխատութիւններու մասին: Սապահ-Գիւլեանը «անյայտ» անձնաւորութիւն է՝ ոչ միայն Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, այլ նաեւ՝ պատմաբաններու շրջանակին մէջ: Ես կրնամ ըսել, որ հայաստանցի շատ պատմաբաններ չեն  իսկ լսած Սապահ-Գիւլեանի անունը:

Ես այսօր 700 օրինակով տպագրեցի այս գիրքը, որ այսօրուան ծաւալով բաւական մեծ թիւ է: 200 օրինակը առած է, ինչպէս ըսի հնչակեան  գործիչ  մը, որ  չուզէր   իր անունը յայտարարուի, իսկ  մնացածը վաճառքի դրուած է՝ այս պահի դրութեամբ, Պէյրութի «Շիրակ» եւ Անթլիասի Կաթողիկոսարանի մայրավանքի գրատուներու մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Երեւանի չորս գրախանութներու մէջ: Այս պարագային ես շատ պարզ պիտի ըսեմ, թէ ես օգնութեան կարիք ունիմ: Ես կը փափաքէի, որ որոշապէս օգնեն ինծի, որպէսզի կրնամ այս գիրքը տարածել: Ես տարածեցի Պէյրութի մէջ, որ Հայկազեանի կողմէ ներկայացուեացաւ շնորհահանդէսի  մը  ընթացքին: Լաւ կ’ըլլայ  նաեւ, որ ես հնարաւորութիւն ունենամ գիրքը  ներկայացնելու Հայաստանի շարք մը կարեւոր քաղաքներու  մէջ, ուր գոյութիւն ունի քաղաքական միտք, ինչպէս նաեւ այդ մէկը ընել Սփիւռքի մէջ, եթէ ըլլայ աջակցութիւն:

Նշեցիք  Հայաստանի  Առաջին Հանրապետութեան  հիմնադրութեան հարիւր ամեակը, որ   ըստ  իս շատ կարեւոր իրադարձութիւն է: Սակայն վերջերս Սփիւռքի մէջ անհանգիստ վիճակ մը կը տիրէ, այսինքն  մինչ կուսակցութիւն մը կը գովերգէ անկախութեան հարիւր ամեակը, իսկ միւս կողմէ տարբեր կուսակցութեան պատկանող   գործիչներ     որող  վերապահութիւններ  ունին:  Յաճախ ալ   հակասական  կարծիքներ կը յայտնուին եւ մեղադրական  խօսքեր կը հնչեն: Ի՞նչ կը կատարուի ձեր կարծիքով եւ ինչո՞ւ այս մօտեցումները. մենք պէտք է անցած ըլլայինք այս բոլորը, որպէս հայ ժողովուրդ. ի՞նչ  կ’ըսէք:

Անշուշտ անցած պէտք է ըլլայինք այս փուլը եւ այս մէկը շատ վատ է: Հարցը շատ տեղին էր: Ես այս մասին յօդուած մը գրած եմ եւ ըսած եմ հետեւեալը. ի՞նչ պէտք է չընել հարիւր ամեակին եւ   այստեղ   կ’ուզեմ    կրկնել..

Առաջին՝ հաշուի առնելով հայ-ռուսական այսօրուան յարաբերութիւնները պէտք չէ վախնալ եւ ամէնուր ըսել, բայց խօսքս կը վերաբերի ոչ թէ միայն անհատներու, այլ՝ նաեւ պետական աւագանիին, թէ Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը անկում ապրեցաւ պոլշեւիկեան Ռուսաստանի հարուածներուն պատճառով: Այս մէկը հանգիստ խղճով կ’ըսեմ, բայց ես վստահ եմ, որ ո’չ Հանրապետական կուսակցութիւնը ո’չ  անոր    գործընկերները  այս մասին բարձրաձայն չեն արտայայտուիր՝ հաշուի առնելով այսօրուան իրավիճակը: Բայց ես կը կարծեմ, որ այդ պէտք է ըսել այդ մասին ոչ թէ սլաքները ուղղելով այսօրուան Ռուսիոյ իշխանութեան  դէմ,  այլ պատմութեան՝ պոլշեւիկեան Ռուսիոյ: Ո’վ քեմալականներու հետ խեղդեց առաջին Հանրապետութիւնը: Առաջին խնդիրը այս է:

Երկրորդ՝ Սփիւռքի պարագային, պէտք չէ Սփիւռքի մէջ միջոցառումները վերածել կուսակցական միջոցառումներու եւ պէտք է այդ դառնայ համազգային տօն՝ բոլորին համար, որովհետեւ   Առաջին Հանրապետութիւնը կը պատկանի ամբողջ  հայութեան:   Դաշնակցութենէն բացի,  առնուազն   եղած են  երկու կուսակցութիւններ, որոնք կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են, նոյնիսկ աւելին կրնամ ըսել՝ Ռամկավարները, որոնք այդ ժամանակ կը կոչուէին Հայ Ժողովրդական կուսակցութիւն, Հնչակեանները եւ Սոցիալիստ յեղափոխականները (էսեռները): Այնպէս որ ընդունելով հանդերձ, որ Առաջին Հանրապետութեան շրջանին տիրապետող ուժը  եղած է Դաշնակցական կուսակցութիւնը, այս մէկը պատմական փաստ է՝ ուզենք կամ չուզենք, սակայն պէտք է անոր կողքին նշել, թէ   առանձինն չէ եղած: Սակայն որեւէ մէկը եթէ կը համարձակի եւ կ’ըսէ այս իմս է՝ Սարդարապատի հերոսամարտը իմս է, ես ալ կ’ըսեմ՝ ուրեմն Կարսի անկումն ալ քուկդ է: Սակայն ես այդպէս պիտի չըսեմ, ես պիտի ըսեմ, ինչպէս Սարդարապատի հերոսամարտը կը պատկանի հայ ժողովուրդին եւ կուսակցութիւններուն, այդպէս ալ Կարսի, Սուրմալուի անկումը բոլոր կուսակցութիւններու եւ հայ ժողովուրդին  ամօթալի պարտութիւնն են: Այս է իմ մօտեցումս: Ես կը ցանկայի, որ հարիւր ամեակի միջոցառումներունիրատես մօտեցում  ցուցաբերուի: Այո տօնական է իմ տրամադրութիւնս, ասոր մասին խօսք չկայ, սա տօն է, որովհետեւ Մայիս 28-էն առաջ մենք չունէինք երկիր եւ  Մայիս 28-էն ետք  մենք ունեցանք երկիր: Սակայն տօնը չ’ենթադրէր միայն ձեւականութիւն, տօնը կ’ենթադրէ նաեւ դասեր քաղել եւ այս իմաստով Առաջին Հանրապետութիւնը պէտք է ըլլայ մեր պատմութեան ուսուցիչը: Մենք պէտք է բաց աչքերով, առանց վախնալու մէջտեղ բերենք բոլոր յաջողութիւններն ու ձախողութիւնները, որոնք տեղի ունեցած են առաջին Հանրապետութեան շրջանին, այսինքն մենք պէտք չէ փախչինք մեր պատմութենէն: Սա մեր պատմութեան մէկ մասն է եւ մենք մեր պատմութեան հետ պէտք է ճիշդ վերաբերում ունենանք ըլլայ ատիկա  թուրքերու  կամ ռուսերու   հետ  մեր  ունեցած  յարաբերութեանց առընթեր: Այս իմաստով շատ կարեւոր է, որ պատմութիւնը ամբողջութեամբ ներկայացուի՝ ամբողջ «մերկութեամբ» եւ ամբողջ գոյներով, այլ ոչ թէ պատմական դրուագներ վերցնենք եւ անոնց շուրջ ինչ որ բաներ կառուցենք եւ միայն հերոսապատումներ ներկայացնենք: Այդպէս ընելը վտանգաւոր է: Հայոց պատմութեան իւրաքանչիւր սպիտակ էջ պէտք է դառնայ քննարկման նիւթ: Հարիւր տարին բաւարար ժամանակ է, որպէսզի մենք չըսենք, թէ եթէ այս փաստը մենք մէջտեղ բերենք Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ջրաղացին ջուր կը լեցնենք: Բոլոր այն փաստերը, որոնք ես մէջտեղ կը բերեմ՝ բացարձակապէս  զիս  չի հետաքրքրեր, թէ  այդ մասին  թուրքերը կամ ազրպէյճանցիները ի’նչ պիտի ըսեն: Ես այդ կ’ընեմ, որպէսզի օգուտ դառնայ մեզի՝ հայ ժողովուրդին, մեր քաղաքական մտքին: Հետեւաբար հարիւր ամեակը պէտք է ըլլայ տօն, տօնակատարութիւն՝ ամբողջ աշխարհի հայութեան համար, որովհետեւ այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութիւնը այդ Հանրապետութեան արդիւնքն է եւ շարունակութիւնը, բայց նաեւ պէտք չէ մենաշնորհել: Մենաշնորհը միասնականութիւն չի բերեր եւ եթէ մենք կը խօսինք միասնականութեան մասին, ապա պէտք չէ բաժանումներ մտցնելով պատմութիւնը ներկայացնենք:

– Դուք յաճախ կ’այցելէք Պէյրութ եւ վերջերս Պէյրութը կրկին Միջին Արեւելեան մաշտապով դարձաւ ուշադրութան կեդրոն. Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Պէյրութը, որպէս հայկական գաղութ:

Ես կը պնդեմ այն ինչ որ ամէն անգամ ըսած եմ՝ հայկական Սփիւռքի կեդրոնը Պէյրութն է: Կը շարունակէ մնալ եւ կը կարծեմ, որ պիտի շարունակէ մնալ: Հազար բան կրնաք ըսել՝ թէ արտագաղթ կայ, կը տկարանայ, սակայն իրականութեան մէջ այնպիսի աշխոյժ կեանքով կ’եռայ, կազմակերպուած է իր բոլոր կուսակցութիւններով՝ Դաշնակցական, Հնչակեան   եւ  Ռամկավար, յարանուանութիւններով, կառոյցներով՝ Բարեգործականով, Համազգայինով, Անթլիասի Կաթողիկոսութեամբ: Երբ որ կ’ըսեմ, թէ Սփիւռքի կեդրոնն է Պէյրութը՝ այս մէկը գովաբանութիւն չէ, այլ՝ իրականութիւն եւ   այս կեդրոնի կեդրոնն ալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնն է եւ այս ալ իրականութիւն է:

Ես Պէյրութ մնացի ընդամէնը չորս օր եւ վերջին օրը զիս հրաւիրեցին  Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան»  յայտնի թատերախումբի ներկայացման՝ «Ժողովուրդի Թշնամին», որ Հենրիք Իբսենի նշանաւոր գործերէն մէկն է: Երբ ես լեցուն դահլիճը տեսայ շատ զարմացայ նախ, որ ինչպէս հնարաւոր է  այդքան   խռնուած    սրահ մը տեսնել,  որովհետեւ մեր Երեւանի սրահները այդքան լեցուն չեն ըլլար, հակառակ, որ մէկ միլիոն մարդ կ’ապրի այդտեղ: Եւ երկրորդ՝ ինծի համար շատ խորհրդանշական բնոյթ ունէր այդ ներկայացումը, որովհետեւ այդ ներկայացման մէջ ես կը տեսնէի իմ անձս, թէ ինչ որ տեղ մերժուած ես, կարծես կը մատնանշեն եւ կ’ըսեն թէ դուն ես մեղաւորը, որովհետեւ այս պատմութեան էջերը կը բանաս… բայց նաեւ դերակատարներու մէջ տեսայ այն մարդիկը, որոնք կը տեսնեմ նաեւ իրական կեանքին մէջ՝ անոնք, որոնք ինչպէս աչք կը  փակեն  ամենայոռի երեւոյթներուն անգամ՝ անարդարութեան, արտագաղթի եւ այլ երեւոյթներու դիմաց: Մէկ խօսքով, կրնամ ըսել իմ այցը Պէյրութ  շատ տեղին էր եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ, որ զիս հրաւիրեցին «Ժողովուրդի Թշնամին» հրաշալի ներկայացման:

– Ի՞նչ  կ’ուզէք     փոխանցել  Պէյրութի  ՍԴՀԿ օրկան ՝«Արարատ»ի   ընթերցողներուն:

Կ’ուզեմ ըսել, որ ինչպէս «Արարատ»ը, այնպէս ալ  Սփիւռքի  միւս  թերթերը շարունակեն իրենց երթը, որովհետեւ Սփիւռքի մէջ թերթը աւելի է քան՝ լրատուամիջոց մը, Սփիւռքի մէջ թերթը հայապահպանութեան դպրոց է, որ կարեւոր դեր կը կատարէ: Ես կը ցանկամ, որ այդ թերթերը այս դժուարին համաշխարհայնացման պայմաններուն  մէջ շարունակեն իրենց գործունէութիւնը: Կը ցանկամ նաեւ, որ «Արարատ»ը  աւելի տեղ տայ Հայաստանի մէջ կատարուող իրադարձութիւններուն՝ այս մէկը շատ կարեւոր է, որպէսզի իրական պատկեր ունենայ Սփիւռքը Հայաստանի մասին: Ես Սփիւռքի լրատուամիջոցները վերջերս սկսած եմ քննադատել, առանց անուններ յիշելու, որովհետեւ անոնք   մերթ ընդ մերթ  անուշադրութեան կը մատնեն Հայաստանի ներքին իրադարձութիւնները:

Հայաստանը սրտի ցաւով քննադատելը, ըստ իս, օգտակար է… շարունակեցէք ձեր մատները դնել Հայաստանի զարկերակի վրայ, զգացէ’ք իրական Հայաստանը… այս է իմ համեստ սրտի խօսքս ե’ւ «Արարատ»ին ե’ւ միւս լրատուամիջոցներուն:

Հարցազրոյցը ՝ Սագօ Արեանի