Կէրմիր Կովը Իւրան Կաշին Փոխում Չի

806

Երկու տարի առաջ, երբ Հայաստանի իշխանաւորներն ու անոնց սպասարկուները Հայաստանի Սահմանադրութիւնը սարքովի ընտրութիւններով պարտադրեցին մեր ժողովուրդին, շատերս բողոքեցինք, որ կողմ ըլլալով հանդերձ նոր Սահմանադրութեան գլխաւոր սկզբունքներուն եւ համակարգային արդէն աւելի քան անհրաժեշտ դարձած փոփոխութիւններուն, դէմ ենք ընտրակեղծիքներուն եւ ժողովուրդի քուէն փոխելու բոլոր նպատակներուն, որքան ալ որ երկնատուր պարգեւի նման հրաշալի ըլլայ նոր սահմանադրութիւնը:

Այդ օրերուն, ընկերներուս հետ վէճ-վիճաբանութիւններու ընթացքին, յաճախ կը լսէի հետեւեալ առարկութիւնը. «Ճանըմ, հերիք է բողոքես, Հայաստանի մէջ 1995-էն ի վեր ոչ մէկ ընտրութիւն արդար եւ ազատ եղած է, հիմա ինչու կ՛ակնկալես, որ Սահմանադրութիւնը արդար ընտրութիւններով անցնի: Հիմա եթէ համակարգային փոփոխութիւնները սկսինք, նոր սահմանադրութիւնը կեանքի կոչենք, յաջորդ ընտրութիւնները աւելի լաւ կ’ըլլան, արդարադատութիւնը մեր երկրին մէջ վերջապէս կը դառնայ իրապէս արդար, լուրջ ընդդիմութիւն կ’ունենանք Ազգային Ժողովին մէջ՝ առնուազն 30 տոկոս, իշխանութիւնները պարտադրաբար հաշուետու կ’ըլլան, մեր երկրի ճակատագիրը մէկ մարդու ձեռքը չի մնար, քանի որ նոր սահմանադրութիւնը խորհրդարանական է եւ կուսակցութիւններու դերը կը բարձրացնէ, ոչ մէկ ուժ կրցած է մեծամասնութիւն դառնալ Ազգային ժողովին մէջ, եւ հիմա արդէն այս սահմանադրութեամբ ստիպուած համախոհութիւն պիտի ստեղծուի…», եւայլն եւայլն:

Քանի մը ամիս յետոյ ընտրութիւններ տեղի ունեցան եւ համակարգային փոփոխութիւնները ի՞նչ տուին մեզի: Այսպէս՝ ընտրախախտումները փոխարինուեցան նախադէպը չունեցող ընտրակաշառքով, իշխող օլիգարխիկ խաւը աւելի ամրացուց իր դիրքերը՝ գրաւելով Ազգային Ժողովի աթոռներուն աւելի քան 50 տոկոսը, ընդդիմութիւնը ոչ թէ 30, այլ նոյնիսկ 10 տոկոս չկրցաւ ունենալ խորհրդարանին մէջ:

Աւելի՛ն, իշխող կուսակցութեան առաջնորդը, որ նաեւ երկրի նախագահն է, ոչ միայն ամրացուց իր եւ իր կուսակցութեան դիրքերը, այլեւ քաղաքական եւ տնտեսական ուժը ամբողջութեամբ կեդրոնացուց իր ձեռքերուն մէջ, աւելի եւս ամրագրելով մէկ մարդով ամբողջ քաղաքական դաշտը տնօրինելու իր աշխատելաոճը: Օլիգարխիան իշխանութիւնը գնեց եւ մի քանի աթոռ հոս ու հոն բաշխելով՝ իրեն ենթարկեց քաղաքական դաշտի բոլոր դերակատար ուժերը՝ ձախակողմեան եւ աջակողմեան: Եւ սա կոչուեցաւ համաձայնական իշխանութիւն…

Երկու տարի անցած է արդէն խոստացուած համակարգային փոփոխութիւններէն եւ այս փոփոխութիւնները ի՞նչ բերած են մեր ժողովուրդին՝ թող ժողովուրդը ըսէ: Հաւանաբար միակ փոփոխութիւնը այն պիտի ըլլայ, որ նոյն մարդուն պարոն նախագահ ըսելու փոխարէն պարոն վարչապետ պիտի ըսենք: Իշխանաւորներու խոստումները հիմա շատ աւելի մեծ ու շատ աւելի փանջունիական են, քան անցեալին… Բայց դեռ ընկերներ ունիմ, որոնք յամառօրէն կը պնդեն, թէ ժամանակ է պէտք՝ տեսնելու համար համակարգային փոփոխութիւններու բարիքները: Մէկ-երկու տարիէն կարելի չէ մեծ փոփոխութիւններ տեսնել, երկար շունչ պէտք է ունենալ, օրէնքներ որդեգրել, համաձայնագրեր կնքել, եւայլն:

Տեսականօրէն, այո, այդպէս է: Բայց կ’ուզեմ ընկերներուս յիշեցնել, որ Հայաստանի նախորդ Սահմանադրութիւնները, որդեգրուած 1995-ին եւ 2005-ին, տեսականօրէն պէտք է ապահովէին արդար եւ ժողովրդավար Հայաստան: Անոնք ալ նոր սկիզբ աւետեցին, եւ գոնէ տեսականօրէն՝ ոչ մէկ վատ բան կար այնտեղ գրուած: Բայց այդպէս ալ Հայաստանը արդար չեղաւ, ժողովրդավարութիւնը չկայացաւ, խոստացուած նոր սկիզբն ալ մնաց ընդամէնը՝ խոստում: Տեսականն ու գործնականը փարսախներով հեռու մնացին իրարմէ, երկիրը տուժեց, ժողովուրդն ալ բռնեց արտագաղթի ճամբան:

Հայրենադարձութեան փոխարէն տեղի ունեցաւ հայրենալքութիւն…

Նախորդ երկու սահմանադրութիւններուն, ինչպէս նաեւ այս վերջինին, դրական գնահատական տուած էին միջազգային մասնագէտներն ու եւրոպական համապատասխան յանձնաժողովները: Բայց նոր սահմանադրութիւններուն բերած իրական, խորքային փոփոխութիւնը քիչ էր, սահմանափակ: Իսկ հիմա ինչո՞ւ տարբեր պիտի ըլլայ, մանաւանդ երբ նոր սահմանադրութիւնը, նախորդներուն նման, կոպիտ եւ աներեւակայելի խախտումներով որդեգրուեցաւ, անտեսուեցաւ ժողովուրդին քուէն, կամքը, ձայնը…

Սահմանադրութիւնը փոխուեցաւ, բայց նոյն մարդիկը մնացին իրենց դիրքերուն եւ աթոռներուն վրայ: Եւ ինչպէս վերը նշեցի, յայտարարուեցաւ, որ նոր սահմանադրութենէն բխած ընտրական նոր օրէնքը պիտի կանխէ ընտրախախտումները: Այդպէս ալ եղաւ, ընտրախախտումները ընտրատարածքներուն մէջ կանխուեցան եւ փոխարինուեցան Հայաստանի պատմութեան մէջ իր նմանը չունեցող, աննախընթաց ընտրակաշառքներով: Սա արդէն բարոյահոգեբանական աղէտ է եւ քաղաքական այնպիսի մշակոյթ ստեղծած է, որմէ ետդարձ ընելը բարդ է, շատ աւելի բարդ, քան մենք կ’երեւակայենք:

Տեսականօրէն, կը հաւատամ ընկերներուս ըսածներուն, բայց երբ 25 տարի է նոյն մարդիկը, նոյն կեղծարարները, իշխանութիւնը զաւթող նոյն ուժերն են տեսութիւնը գործի վերածողը, հաւատքս արդէն օդը կը ցնդի: Արցախցիները կ’ըսեն՝ կէրմիր կովը իւրան կաշին փոխում չի: Այսինքն՝ կարմիր կովը իր կաշին չի փոխեր: Նոյնն են եւ ա՛յս մարդիկը, որոնք կրնան 40 հատ նոր սահմանադրութիւն որդեգրել, համակարգային փոփոխութիւններ նախաձեռնել, բայց իրենց կաշին կը մնայ անփոփոխ…

Գրեցէ՛ք ինծի:

Րաֆֆի Տուտագլեան

rafdoud@aol.com