Արցախ՝ բեկում ռազմաճակատին վրայ. 1993

2639

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն

Քսաներեքերորդ գլուխ

1992ի ամրանը եւ աշնանը ղարաբաղեան ոյժերը կենաց ու մահու կռիւ կը մղէին: Աւելի քան կէս տարի ռազմական գործողութիւնները հիմնականին մէջ կը ծաւալուէին Մարտակերտի շրջանին մէջ: Հայերն ու ատրպէյճանցիներն այդ մարտերուն իրենց լաւագոյն տղաքը կը կորսնցնէին: Այս ժամանակաշրջանին սպաննուեցան Լէոնիտ Ազկալտեանը, Աշոտ Ղուլեանը, Սամուէլ Շահմուրատեանը եւ շատ ուրիշներ:

20 Հոկտեմբերին Լեւոն Տէր Պետրոսեանը պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը կը վստահի իր նախկին գաղափարակից, ընդդիմութեան շարքերն անցած Վազգէն Մանուկեանին` քաղաքական եւ հոգեբանական առումով արդարացուած քայլ կատարելով: Նախ, ասով նուազագոյնի կը հասցուի ռազմի դաշտին վրայ ընդդիմութիւն-իշխանութիւն հաւանական հակասութիւնը, երկրորդ` ընդդիմութեան վրայ ալ բեռ, իսկ պատերազմին մէջ յետագայ անյաջողութեանց պարագային` պատասխանատուութեան բաժին կը դրուի:

ՙՄենք քաղաքական ծանր վիճակի մէջ էինք: Շուշիի փայլուն յաղթանակէն քիչ ժամանակ յետոյ կորսնցուցած էինք Շահումեանը, Մարտակերտի մեծ մասը, Արծուաշէնը, խուճապ կը տիրէր ռազմաճակատին վրայ: Ընդդիմութիւնը համախմբուած էր ուժեղ դաշինքի մը մէջ, քաղաքական պայքար կը մղուէր, եւ ռազմական տեսակէտէն անելանելի թուացող այդ վիճակին մէջ Տէր Պետրոսեանը պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնն առաջարկեց ինծի՚,- կը գրէ Մանուկեանը:

Անոր վարչապետութեան օրերուն` 4 Մայիս 1991ին ստեղծուած էր Պաշտպանութեան Կոմիտէն` ապագայ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Մանուկեանը համոզուած էր, որ Հայաստանը պէտք է ունենայ բանակ, ո’չ թէ ՙփարթիզանական, ֆետայական խումբեր, որոնք մեր ժողովուրդը կործանման կը տանին՚: Ան կը կարեւորէր, բայց չէր բացարձակացներ կուսակցութեանց եւ անհատներու դերը ղարաբաղեան պատերազմին մէջ:

ՙՀ. Յ. Դ.ն դերակատարութիւն ունէր, բայց ատիկա մասնիկ մըն էր ամբողջի մէջ: Ա. Ի. Մ.ն ունէր ջոկատներ, մասնիկ մըն էր, Հ. Հ. Շ.ի մասնակցութիւնն այնքանով էր, որ պետական վարչամեքենային մէջ էր: Պատերազմը կը յաղթէ պետութի’ւնը, ո’չ թէ կուսակցութիւնը: Պատերազմին կը պարտուի պետութի’ւնը: Կուսակցութեանց օգտագործած բոլոր ջանքերը չնչին նշանակութիւն ունէին` համեմատած պետական ջանքերուն հետ: Անձերէն ալ շատ բան կախուած էր: Բայց ամենակարեւորն այն էր, որ կային տասնեակ հազարաւոր հայեր, որոնք իրենց կեանքը տալու պատրաստ էին յանուն Ղարաբաղի: Բացի այդ, Ղարաբաղը հերոսութիւն ցոյց տուաւ, ամբողջ ժողովուրդը մասնակից էր այդ պատերազմին, որովհետեւ անիկա անոնց համար վերացական պատերազմ չէր միայն, այլ նաեւ` իրենց ընտանիքը, տունը պաշտպանելու հարց էր: Եթէ Հայաստանի մէջ կը բոցկլտար հայրենասիրութիւնը` ղարաբաղցիներուն համար, բացի հայրենասիրութենէն, կար դիմակայելու որոշակի խնդիր` քու տունդ գրաւելու եկած են՚:

Հրանդ Մարգարեանը կը հաւատայ, որ յաղթանակ տարաւ հայ ժողովուրդը, իսկ պայքարը ղեկավարեց պետականութիւնը: Ազգային ազատագրական պայքարը նաեւ պետական պայքար դարձաւ. ՙԿրնայ քիչ մը կոպիտ հնչել, բայց Ղարաբաղի պայքարը պարտադրուեցաւ պետականութեան: Հայաստանը Ղարաբաղի պայքարին տէր կանգնելէ ուրիշ ելք չունէր: Հոն (Ղարաբաղի մէջ) իրական ոյժ կար, այդ իրական ոյժն ամէն վայրկեան կացութիւններ կը ստեղծէր, իսկ այդ կացութիւններն, ուզէինք թէ ոչ, կ’ազդէին Հայաստանի արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան վրայ: Եւ որպէսզի այդ ոյժը կարենային սանձել կամ ղեկավարելի դարձնել, պետութիւնը մասնակցելու պարտաւոր էր: Ես չեմ ըսեր, որ այդ ժամանակ` Ղարաբաղին տէր չկանգնելու գիտակցաբար որոշում կար, իսկ Հ. Յ. Դ.ն հակառակը կը պարտադրէր: Իշխանութեան ներսը անորոշութիւններ եւ ինքնավստահութեան պակաս կային: Բայց Հայաստանի պետութիւնը համոզուեցաւ, որ պէտք է տէր կանգնիլ Ղարաբաղի պայքարին: Այո’, պետականութեան դերն իսկապէս մեծ էր՚:

Շարժանկարի բեմադրիչ Տիգրան Խզմալեանն ուրիշ կարծիք ունի: Ան վտանգաւոր եւ վնասակար կը նկատէ այն հաստատումները, թէ պատերազմը յաղթած է հայոց բանակը: Անոր կարծիքով` առանցքային էր արցախցիներու, Երեւանէն, Կիւմրիէն, ուրիշ բնակավայրերէ գացած կամաւորներուն եւ սփիւռքէն եկած մօտ մէկ տասնեակ տղոց դերը:

ՙԿամաւորական ջոկատները բանակի մէջ միաւորելու փորձ եղաւ: Այդ բանակը խայտառակ պարտութիւններ կրեց 1992ի ողջ ընթացքին: 1993էն փոփոխութիւն կատարուեցաւ. պաշտպանական մարտերը յանձնուեցան տարածքային ջոկատներուն, կոպիտ կերպով ըսած` ամէն գիւղ կը պահէր այդ գիւղի գումարտակը, ջոկատը եւ ճիշդ այդ պատճառով ալ հնարաւոր եղաւ ատրպէյճանական գունդի դէմ դնել հայկական գումարտակ, գումարտակի դէմ` դասակ: Տղաները կը կռուէին` իմանալով, որ երկու հարիւր մեթր ետեւը` թիկունքին, իրենց գիւղն է, երախաները, կանայք եւ մայրերը: Դիմացէն կու գային Պաքուէն եւ ուրիշ տեղերէ ատրպէյճանցիներ, որոնք միտքով իրենց տունն էին, իսկ անոնց դիմաց կանգնած տղաները տան համար կը կռուէին: Ամէն ինչ էր այն գաղափարը, թէ ղարաբաղցի կռուող գիւղացին մինակ չէր, եւ թէ մարդ մը Երեւանի մէջ ձգած է ընտանիքը, երախան, աշխատանքը, ուսումը եւ եկած է իրենց գիւղը` իրենց հետ իրենց հացը ուտելու, իրենց հետ մեռնելու՚:

Ռոպէրթ Քոչարեանը սփիւռքի եւ Հայաստանի կամաւորներու մասնակցութեան մասին ըսած է. ՙԻրականին մէջ` անոնք քանի մը հոգի են, թէեւ կան պայծառ, շատ յայտնի անուններ, ինչպէս օրինակ, Մոնթէ Մելքոնեանն էր: Հայաստանցի կամաւորներուն դերն ալ չափազանցուած է: Ղարաբաղի մէջ կռուիլը մեծ պարծանք էր: Մէկ ամիս Ղարաբաղի մէջ կռուածներն անթաքոյց հպարտութեամբ կը վերադառնային Երեւան: 1991ին, դուրսէն եկածներուն թիւը ջոկատներու մարտիկներուն 8-10 տոկոսը կը կազմէր: Իսկ այժմ անոնց թիւը Լ. Ղ. Հ.ի Պաշտպանութեան Բանակին մէջ աւելի քիչ տոկոս կը կազմէ՚:

Տիգրան Խզմալեանը քանի մը անգամ շփուած է Մոնթէի հետ. ՙԱնոր ներկայութիւնն Արցախի մէջ խորհրդաւոր ոյժ մը կու տար: Մոնթէն պարզապէս փոխեց բանակին մարտավարութիւնը, ան վարժուած մարդ էր, փարթիզանական գործողութիւնները շատ լաւ կը հասկնար: Պատերազմին կային մարդիկ, ի դէմս Մոնթէի, Լէոնիտ Ազկալտեանի եւ Քոմանտոսի, որոնք բարոյական նկարագիր ձգեցին: Մենք յաղթեցինք հիմնականին մէջ բարոյական առաւելութեան շնորհիւ: Ասիկա գաղափարապաշտական կը հնչէ, բայց մենք զէնք, զինամթերք, կենդանի ոյժ չունէինք, ունեցածնիս` ոգի’ն էր՚:

Վահան Շիրխանեանը կը հաւատայ, իր իսկ խօսքերով` ՙհայ ազգի առասպելին՚. ՙԻ հարկէ` Մոնթէ Մելքոնեանը հսկայական գործ ըրած է, բայց ան այդ չէր կրնար ընել, եթէ անոր շուրջը չ’ըլլային այն տղաները, որոնք գացած էին կամաւոր զոհուելու, որոնց ընտանիքները կամաւոր ղրկած էին յաղթելո’ւ եւ եթէ պէտք է` զոհուելո’ւ համար: Այդ մարդիկ չէին փախած ընտանիքէն, ընտանիքը զանոնք պատերազմի դաշտ ճամբայ դրած էր շատ լաւ հասկնալով, որ իրենց որդին, հայրը, ամուսինը կրնայ զոհուիլ: Լաւագոյն, ամենանուիրեալ, ամենաազնիւ մղումներով տղաները առջեւէն կ’երթային, եւ անոնք զոհուեցան: Յամենայն դէպս, անոնց մեծագոյն մասը զոհուեցաւ: Մեծագո’յն մասը՚:

Պատերազմը եւրոպական մամուլին մէջ լուսաբանած լրագրողներէն Վիգէն Չեթերեանը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական յաղթանակին ուրիշ տեսանկիւնէ կը նայի` շատ պարագաներու զայն Պաքուի մէջ տիրող խառնակ վիճակին հետեւանքը սեպելով. ՙԻշխանութեան համար պայքար կ’ընթանար հին համայնավար պաշտօնադասին եւ Ժողճակատին միջեւ: Երբ ատրպէյճանական վերնախաւը կը յաջողէր միաւորուիլ մէկ առաջնորդի շուրջ` Ատրպէյճանը կարեւոր յաղթանակներու կը հասնէր, կամ ամենաքիչը` ան կը յաջողէր ճնշում բանեցնել Ղարաբաղի եւ Հայաստանի ոյժերուն վրայ: Նման բան տեղի ունեցաւ երկու անգամ. առաջինը` 1992ի ամրանը, երբ իշխանութեան եկաւ Էլչիպէյը` Ատրպէյճանի զօրքերը յարձակման անցան եւ Ղարաբաղի քառորդ մասը գրաւեցին, եւ երկրորդ անգամ` 1993ի Դեկտեմբերին, երբ Ալիեւն իր ձեռքը վերցուց ղեկավարումը: Արագօրէն փոփոխուող ճակատային գիծը երկու կողմերու ռազմական թուլութեան մասին կը վկայէր՚:

Հայաստանի նախկին վարչապետներէն Հրանդ Բագրատեանն ուրիշ բացատրութիւն կու տայ. ՙՄենք պատերազմը յաղթեցինք, որովհետեւ հող սեփականաշնորհած էինք, մեր գիւղացին իր հողին համար կը կռուէր: Հայաստանը Ատրպէյճանէն աւելի ժողովրդավարական էր, յաղթեցինք, որովհետեւ աւելի քիչ փչացած էինք: Այդ պատերազմն էութեամբ ազգային-ազատագրական էր: Յաղթեցինք, որովհետեւ մեր զինուորին առջեւ առհասարակ աւելի ազնիւ նպատակ էր դրուած, ինչը զայն աւելի քաջ կը դարձնէր՚:

Հարաւկովկասեան երեք հակամարտութեանց մէջ յաղթանակած արցախցիները, աբխազները եւ օսերն իրենց յաջողութիւնը կը բացատրեն յանուն հայրենիքի եւ արդար գործի իրենց կռիւով, մինչդեռ վրացական եւ ատրպէյճանական զինուած խմբաւորումները զաւթիչներ էին` տունուտեղ կորսնցնելու հոգեբանութենէն զուրկ: Չեթերեանն անվիճելի ճշմարտութիւն նկատելով այս պնդումը, հարց կու տայ` նոյն տրամաբանութեամբ, ինչպէ՞ս բացատրել իրենց տունը նկատող ատրպէյճանցիներու խուճապահար փախուստը Քելպաճարէն, Ղուպաթլուէն, Զանկելանէն, Ճեպրայիլէն, Աղտամէն եւ Ֆիզուլիէն: Աբխազիայի Կալիի շրջանին մէջ վրացիները բացարձակ մեծամասնութիւն կը կազմէին, սակայն գրեթէ առանց կռուի լքեցին իրենց տուները:

Ատրպէյճանը կը պարտուի

24 Ապրիլ 1992ին Հայաստանի հարաւային Կապան քաղաքը կը ռմբահարուէր: Պատմութեան ուսուցիչ Ալպէրթ Թումանեանը կը յիշէ. ՙԱննախադէպ հրետակոծութիւն էր, զոհեր եղան բնակիչներուն մէջ: Այդ ժամանակ արդէն խօսակցութիւններ կային, որ մերձակայ Զանկելանի շրջանին գիւղերը պէտք է չէզոքացնել: Վիճակը կը շարունակէր գէշնալ, մղձաւանջային ամիսներ էին: Պէտք էր միայն պատկերացնել վիճակը, երբ ձայնասփիւռով օդային տագնապ կը յայտարարուէր: 10 Դեկտեմբերին սկսան հակառակորդին կրակակէտերը վերացնելու գործողութիւնները՚:

Միջազգային ասպարէզին մէջ Հայաստանի ղեկավարութեան յարաբերութիւնները էապէս կը նպաստէին, որ պատերազմին մէջ Երեւանը յաղթանակներու յոյս ունենայ: Վազգէն Մանուկեանը կը վկայէ, որ սկզբնական շրջանին Տէր Պետրոսեանը կողմնակից չէր տարածքներ վերցնելուն եւ դժկամութեամբ ընդունած է Կապանի մերձակայ ատրպէյճանական գիւղերուն գործողութիւնը: Միւս կողմէ, սակայն, Մանուկեանը կը նշէ. ՙՏէր Պետրոսեանի յարաբերութիւնները Ելցինի եւ արեւմտեան պետութեանց ղեկավարներուն հետ էապէս կը նպաստէին, որ մենք առանց հարուածներ ստանալու կարենանք յառաջ երթալ՚:

Հայաստանի առաջին նախագահին մօտիկ նախկին պաշտօնեայ մը ըսաւ. ՙԿապանի գործողութիւնը դիւանագիտական իմաստով Հայաստանը դրաւ շատ ծանր վիճակի մէջ: Այդ օրերուն Սթոքհոլմի մէջ բանակցութիւններ տեղի կ’ունենային: Անիկա պէտք է իրականացուէր, թոյլտուութիւնը կար, բայց ժամանակացոյցը ճիշդ չէր ընտրուած՚:

7-9 Դեկտեմբերին Ժնեւի մէջ ղարաբաղեան ոչ-պաշտօնական բանակցութիւններ տեղի կ’ունենային Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Ռուսիոյ, Ա. Մ. Ն.ի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ, իսկ քանի մը օր յետոյ` 11-15 Դեկտեմբերին, Սթոքհոլմի մէջ` Մինսքի Խումբի հանդիպում եւ Ե. Ա. Հ. Խ.ի արտաքին գործոց նախարարներու նիստ կային: Այս իրադարձութիւնները համընկան եւ անմիջապէս յաջորդեցին Կապանի ռազմական գործողութեան:

Վազգէն Մանուկեանը կը յիշէ. ՙԿապանի գործողութեան ժամանակ 10-11 գիւղ վերցուցինք, հակառակորդին տարածքը մտանք, ինչ որ ատրպէյճանցիներուն համար անսպասելի էր: Մենք հաշուարկած էինք, որ երբ Կապանի գործողութիւնն սկսինք` հակառակորդն ի’նչ գործողութիւններ կը սկսի: Մեր հաշուարկներով` անոնք պիտի յարձակէին Սեւանի ուղղութեամբ, ուստի հոն ծուղակներ պատրաստած էինք: Էլչիպէյը յայտարարած էր, որ պէտք է Սեւանի մէջ լոգնայ: Մենք Կապանի ուղղութեամբ գրոհեցինք` ատրպէյճանցիները յարձակեցան Սեւանի ուղղութեամբ: Եթէ անոնք Սեւան հասնէին` ատիկա հոգեբանական մեծ նշանակութիւն պիտի ունենար պատերազմի յետագայ ընթացքին վրայ: Մենք մտանք Զանկելան` ատրպէյճանցիները յարձակեցան Վարդենիսի ուղղութեամբ, բայց պարտուեցան՚:

Զանկելանի շրջանի գիւղերու գրաւմանն ատրպէյճանցիները կը պատասխանեն Կապանի ուժգին հրետակոծութեամբ: 12 Դեկտեմբերին, հացի հերթին մէջ 19 խաղաղ բնակիչ կը սպաննուի: Վարդան եւ Տիգրան Մնացականեաններն այդ օրը իրենց մայրը կորսնցուցած են: Ընտանիքին հայրը` Ժուտէքս Մնացականեանը կը պատմէ, որ երբ ռմբահարումները կը սկսէին` մօտակայ շէնքերուն բնակիչները ապաստարանը կը հաւաքուէին: ՙԵրբ հացի բեռնատարը եկաւ` մարդիկ դուրս եկան հաց գնելու: Անոնց մէջ էր կինս` Արինէն: Մարդիկ հերթի մէջ էին երբ ռումբը մօտերն ինկաւ: Դուրս եկայ ապաստարանէն, տեսայ, որ Արինէն ինկած է շէնքի բակին մէջ: Ան չէր կրնար շարժիլ, բեկորը ողնուղեղը կտրած էր: Ուղղաթիռով քանի մը շատ ծանր վիրաւորներու հետ կինս ալ Երեւան տեղափոխեցին ու վիրահատեցին: Ան ինծի յոյս կու տար, թէ լաւ կ’ըլլայ: Բայց ընդամէնը 17 օր ապրեցաւ: Ան 43 տարեկան էր՚,- ափսոսանքով կը յիշէ Մնացականեանը:

Նախագահ Էլչիպէյի մամուլի քարտուղար Արիֆ Ալիեւը կ’ըսէ, որ 1992ի Դեկտեմբերը շատ ծանր շրջան էր նաեւ Ատրպէյճանի համար: Հայկական ոյժերը Զանկելանի մէջ քանի մը գիւղեր գրաւած էին: Այդ օրերուն, ՙՆիւ Եորք Թայմզ՚էն երկու լրագրող արձանագրուած էր նախագահին հետ հարցազրոյցի համար. ՙՆերս մտայ ըսելու, որ լրագրողները եկած են: Էլչիպէյը չափազանց տխուր էր, նստած էր յոգնած տեսքով: Առաջարկեցի զրոյցի ժամանակը փոխել: Ըսաւ. ՙՈ’չ, թող ներս գան՚: Հարցերը հիմնականին մէջ նաւթի եւ Ղարաբաղի մասին էին: Վերջաւորութեան` լրագրողները հարցուցին. ՙՈրեւէ ուղերձ ունի՞ք ամերիկացի ժողովուրդին՚: Էլչիպէյն ըսաւ. ՙԻնչ որ կ’ուզէի ըսել` ըսի: Ես ձեզի ուրիշ բան մը կ’ուզեմ ըսել: Մեր լրագրողները, ի տարբերութիւն ձեզի, աշխարհին մէջ շրջելու հնարաւորութիւն չունին: Գացէ’ք Երեւան, Թպիլիսի, Քիշնեւ, Մոսկուա, գրեցէ’ք յօդուածներ Տէր Պետրոսեանի, Շեւարտնածէի, Սնեկուրի, Ելցինի, ի’մ մասին եւ նիւթերու այդ շարքը վերնագրեցէ’ք այսպէս` ՙԴժբախտ նախագահներ՚ ՚:

Անկախութեան առաջին տարիները ծանր էին նախկին խորհրդային հանրապետութեանց, առաջին կարգին անոնց համար, որոնք արիւնալի պատերազմներու ներքաշուած էին: Ատրպէյճանի հետ օր-օրի ընդլայնուող պատերազմէն բացի, Հայաստանը եւ Ղարաբաղը կը պայքարէին խաւարի, ցուրտի, սովի եւ շրջափակման դէմ: 7 Դեկտեմբերին Տէր Պետրոսեանը ուղերձներ յղած էր Մ. Ա. Կ.ի, Ա. Պ. Հ.ի, ուրիշ երկիրներու ղեկավարութեանց, որոնց մէջ շրջափակման հետեւանքով Հայաստանի մէջ ստեղծուած ծանր վիճակը կը նկարագրուէր: 1992ի ընթացքին Հայաստանի տնտեսական անկումը կազմեց աւելի քան 50 տոկոս, որուն մօտ կէսը շրջափակման գործօնով պայմանաւորուած էր: Լրջագոյնը հացի խնդիրն էր:

Սուրիոյ նախագահ Հաֆէզ Ասատը Հայաստանին նուիրեց վեց հազար թոն հացահատիկ, զոր Լաթաքիայէն Թուրքիայով հասցուեցաւ Երեւան: Այդ ընթացքին կը շարունակուէր խոստացուած 100 հազար թոն հացահատիկի ներկրումը երկիր: 400 թոն հացահատիկով բարձուած առաջին շարժակազմը 3 Նոյեմբերին Կարս-Կիւմրի երկաթուղիով բերուեցաւ Հայաստան:

Եթէ աշխարհի խոշոր երկիրներուն օգնութիւնը չ’ըլլար` Հայաստանն ու Ղարաբաղը աւելի մեծ զրկանքներ կը կրէին 1992-1994 թուականներուն: 1993ի Փետրուարին, աշխարհահռչակ շանսոնիէ Շառլ Ազնաւուրն իր հետ Հայաստան բերաւ ֆրանսահայ համայնքի հաւաքած 40 թոն սննդամթերքը, հագուստը եւ մանկական սնունդը: Հայրենիքին կ’օգնէին ամերիկահայերը, իսկ ամերիկեան կառավարութեան տրամադրած նաւթը Երեւանի ու միւս քաղաքներու տասնեակ հազարաւոր ընտանիքներու համար սաստիկ ցուրտէն պաշտպանուելու երանելի փրկութիւն էր:

Հայաստանն արտաքին աշխարհի հետ կապող միակ յուսալի ճամբան Իրանով կ’անցնէր: Թեհրանի մէջ Հայաստանի դիւանագիտական առաքելութեան ղեկավար Վահան Բայբուրդեանը կը յիշէ. ՙԱրաքս գետի վրայ զինուորական կամուրջ կար, բայց մենք համոզուեցանք, որ ան ինքզինք այդքան ալ չ’արդարացնէր: Ատրպէյճանցիք Նախիջեւանի ջրամբարին ջուրը կը հաւաքէին, մէկ անգամէն կը հոսեցնէին, այդ կամուրջը կը քշէր-կը տանէր, եւ, փաստօրէն, հայ-իրանական կապերը կը խզուէին: Կամուրջը կարգի բերելը երկու-երեք օր կը տեւէր, եւ այդ ընթացքին, Հայաստանի մէջ շատ ծանր վիճակ կը ստեղծուէր, սպառողական ապրանքներուն գիները մէկ անգամէն կը բարձրանային: Քանի մը տարի յետոյ Արաքսի վրայ կամուրջ կառուցեցինք: Պատերազմի տարիներուն` Իրանը Հայաստանի համար բաց ելք էր դէպի արտաքին աշխարհ՚:

Երեւանի եւ Ստեփանակերտի նկատմամբ Պաքուի տնտեսական, ռազմական եւ մարդկային առումներով առաւելութիւնն ակնյայտ էր: Վերջաւորութեան, սակայն, Ատրպէյճանը ո’չ միայն չկրցաւ Ղարաբաղն իրեն ենթարկել, այլ կորսնցուց նաեւ յարակից մօտ 8.000 քառակուսի քիլոմեթր տարածք` Լ. Ղ. Ի. Մ.էն գրեթէ մօտ երկու անգամ աւելի:

Վիգէն Չեթերեանը կ’ընդգծէ պատերազմներուն Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի (Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսիայի մէջ) պարտութեան պատճառներէն հետեւեալը. 1990ականներու սկզբին փլուզուած էր ո’չ միայն Խորհրդային Միութիւնը, այլեւ` Ատրպէյճանը ու յատկապէս` Վրաստանը: Պաքուն եւ Թպիլիսին այլեւս չէին վերահսկեր համապատասխանաբար Լեռնային Ղարաբաղը եւ Աբխազիան ու Հարաւային Օսիան:

ՙՄինչեւ 1994, վրացական պետութիւնը չէր վերահսկեր նոյնիսկ Թպիլիսիի կեդրոնը, եւ զանազան անօրինական զինուած խմբաւորումներ իրենց կարգերը կը հաստատէին Վրաստանի մէջ: Նմանօրինակ պատկեր էր Ատրպէյճանի մէջ, ուր կեդրոնական կառավարութեան իշխանութիւնը շրջաններուն մէջ չէր տարածուեր նոյնիսկ նախագահ Ալիեւի իշխանութեան գալէն ետք` 1993ի կէսերուն: Վրաստանը եւ Ատրպէյճանը չէին վերահսկեր Աբխազիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքը, այդ պատճառով չէին կրնար զանոնք ՙկորսնցնել՚: Անոնք միայն կը փորձէին այդ տարածքները ներառել իրենց պետական կառոյցներուն մէջ` անյաջող կերպով՚,- կը գրէ ան:

Եթէ Ռուսիոյ օգնութեամբ հնարաւոր էր ղարաբաղցիներու յաղթանակն ատրպէյճանցիներու, իսկ աբխազներու յաղթանակը` վրացիներու նկատմամբ, ինչպէս կը հաւատան Պաքուի ու Թպիլիսիի մէջ, ապա ինչո՞ւ Մոսկուան ի վիճակի չեղաւ յաղթելու կովկասեան ի’ր պատերազմը: Եթէ պատերազմներուն մէջ առաջնայինը զէնքն ու մարդկային պաշարներն են` ապա Ռուսիան պէտք է կարճ ժամանակի մէջ ջախջախէր չեչէնական զինուած խմբաւորումները 1994-1996 թուականներու պատերազմին: Սակայն 150 միլիոննոց Ռուսիան առաջին ռուս-չեչէնական պատերազմին պարտութիւն կրեց մէկ միլիոննոց Չեչէնիայէն եւ ստիպուած եղաւ շատերու կողմէ ստորացուցիչ որակուող հաշտութիւն կնքել:

Սուրէթ Հուսէյնովը կը հեռանայ Մարտակերտէն

1993ը պատերազմական երեք տարիներէն Ատրպէյճանի համար ամենաանյաջողն էր: Մարտի վերջերէն մինչեւ Նոյեմբեր ղարաբաղեան ոյժերը ո’չ միայն ազատագրեցին մէկ տարի առաջ գրաւուած Մարտակերտի շրջանը, այլեւ` անցան հակայարձակման ու գրաւեցին Ղարաբաղին յարակից վեց շրջան, որոնցմէ չորսը` Քելպաճարը, Ղուպաթլուն, Ճեպրայիլը եւ Զանկելանը` ամբողջութեամբ, երկուքը` Աղտամն ու Ֆիզուլին` մասամբ:

3 Յունուարին Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահները համատեղ յայտարարութեամբ յորդորեցին անյապաղ դադրեցնել արիւնահեղութիւնը, վերջ տալ բնակավայրերու ռմբահարումներուն, շրջափակումին, միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտումներուն, ներառեալ` ՙպատանդառումն ու բարբարոսական վերաբերմունքը գերիներուն նկատմամբ՚:

1993ը կը սկսի խորհրդապահական բանակցութիւններով: 5-8 Յունուարին Մոսկուայի մէջ կը շարունակուին նախորդ տարի սկսած շփումները ՙ5+1՚ ձեւաչափով (Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Ռուսիոյ, Ա. Մ. Ն.ի եւ Թուրքիոյ նախագահներուն ներկայացուցիչներն ու Ե. Ա. Հ. Խ. Մինսքի Խորհրդաժողովին նախագահը): Կը պատրաստուի ռազմական գործողութեանց դադրեցման համաձայնագիր, սակայն Պաքուն անսպասելիօրէն ետ կը կանչէ իր պատուիրակը: 18-24 Յունուարին Ռաֆայելլին կ’այցելէ Պաքու, Երեւան ու Ստեփանակերտ, մինչեւ տարածաշրջան գալը Թուրքիոյ մէջ կը հանդիպի Ե. Ա. Հ. Խ.ի մէջ այդ երկրի ներկայացուցիչին հետ, իսկ այցի վերջաւորութեան, Մոսկուայի մէջ կը տեսակցի Քոզիրեւի հետ:

Խաղաղութիւն հաստատելու փորձ կ’ընեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդները: 6-8 Փետրուարին Զուիցերիոյ մէջ կը հանդիպին Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ու Կովկասի իսլամներու հոգեւոր առաջնորդ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէն եւ համատեղ յայտարարութիւն կը տարածեն` կոչ ընելով` ՙդադրեցնել արիւնահեղութիւնը, անվերապահօրէն ազատ արձակել պատանդները, ի թիւս որոնց կան բազում կանայք եւ երախաներ, մարդասիրական վերաբերմունք ցուցաբերել ռազմագերիներուն նկատմամբ՚:

Պատերազմը, սակայն, կը շարունակուէր: Մինչեւ Փետրուարի վերջերը ղարաբաղեան ոյժերն ազատագրեցին Մարտակերտի շրջանի նախապէս գրաւուած շուրջ մէկուկէս տասնեակ գիւղերը: Ղարաբաղեան ոյժերուն յառաջխաղացումը պայմանաւորուած էր նաեւ անով, որ հակասութիւններ յառաջացած էին Մարտակերտի ճակատը վերահսկող Սուրէթ Հուսէյնովի եւ Ժողճակատին միջեւ: Հուսէյնովը Փետրուարին մեղադրուեցաւ շրջանին պաշտպանութիւնը սխալ կազմակերպելու եւ այդ տարածքէն ռազմամիաւորումներն ու ծանր զինանոցը ետ քաշելու հրաման արձակելու համար:

Հուսէյնովը ազատեցին Մարտակերտի շրջանին մէջ նախագահի լիազօր ներկայացուցիչի պաշտօնէն, որմէ յետոյ ան իր զօրքերով քաշուեցաւ Կեանճա` պահպանելով իր ստորաբաժանումը, զոր, ըստ էութեան, Ատրպէյճանի ազգային բանակին մաս չէր կազմած: Մինչ այդ` 20 Փետրուարին, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնէն ազատուած էր Ռահիմ Ղազիեւը, զայն փոխարինած էր Տատաշ Ռզաեւը:

22 Փետրուարէն 1 Մարտը Մինսքի Խումբի հանդիպում մը տեղի կ’ունենայ Հռոմի մէջ: 1 Մարտին, Անտրէյ Քոզիրեւը Մոսկուայի մէջ կ’ընդունի Թուրքիոյ իր գործընկերը: Հիքմէթ Չէթինը զրոյցի ընթացքին կ’առաջարկէ ձեւ մը գտնել, որպէսզի Անգարան եւ Մոսկուան համագործակցին Պոսնիոյ եւ Ղարաբաղի հակամարտութեանց կարգաւորման մէջ: Քոզիրեւը համաձայնութիւն կու տայ Չէթինի` Պաքու եւ Երեւան միասին այցելելու առաջարկին, ապա կ’աւելցնէ. ՙՀնարաւոր է` նաեւ Ստեփանակերտ՚:

Չէթինի հետ միասին հակամարտութեան շրջան այցելելու արտաքին գործոց նախարար Քոզիրեւի համաձայնութիւնը կը զարմացնէ Վլատիմիր Քազիմիրովը: Թուրքիան արդէն ապացուցած էր, որ չի’ կրնար ղարաբաղեան կարգաւորման հարցին մէջ կառուցողական դեր խաղալ: Չէթինը Մոսկուայէն կ’երթայ Պաքու` իր եւ Քոզիրեւի համատեղ այցը նախապատրաստելու համար: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը կը հանդիպի Էլչիպէյի հետ, եւ Մոսկուան, Ուաշինկթընը, Փարիզն ու Լոնտոնը կը տեղեկացնէ, որ Ատրպէյճանի նախագահը, ընդհանուր առմամբ, կ’ողջունէ ռուս-թրքական նախաձեռնութիւնը:

Ա. Մ. Ն.ի պետական քարտուղար Ուորըն Քրիսթոֆըրը Չէթինի հետ հեռաձայնային զրոյցին մէջ կասկածի տակ կը դնէ ռուս-թրքական նախաձեռնութեան նպատակայարմարութիւնը: Ամերիկացիք կը կարեւորէին Մինսքի Խումբին գործունէութիւնը եւ Ռուսիան զսպելու կը ձգտէին: Իր կարգին, Չէթինը կ’ողջունէ ամերիկացիներուն հնարաւոր միացումը ռուս-թրքական նախաձեռնութեան: Սակայն ո’չ Քոզիրեւ-Չէթին համատեղ այցը կայացաւ եւ ո’չ ալ կրակը դադրեցաւ, քանի որ Թուրքիան հայոց` Շուշիէն եւ Լաչինէն հեռացումը նախապայման կը դնէր:

Մարտի կէսերէն յետոյ ՙ5+1՚ ձեւաչափով նոր հանդիպում մը կայացաւ Ժնեւի մէջ: Այս օրերուն ղարաբաղեան ոյժերը կը շարունակէին յառաջխաղացումը եւ վերահսկողութեան տակ կը վերցնէին Մարտակերտի` աւելի առաջ գրաւուած գիւղերը: Կը թուէր, թէ անոնք կը շարունակէին խորանալ Մարտակերտի ուղղութեամբ, սակայն հակառակորդին համար անակնկալօրէն, փոխեցին ուղղութիւնը դէպի Քելպաճար, առանց որու գրաւման` Մարտակերտի պաշտպանութիւնը չափազանց դժուար կ’ըլլար:

Յ. Գ.

Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ), Կիւմրիի, Ստեփանակերտի, Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Արևմտահայերեն-Արցախեան-օրագիր

Փափուկ կազմ, 555 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2010, Անթիլիաս,
ISBN 978-995301815-7:
Գինը՝ 7.000 դրամ ($14.00):