Անկեղծ պատրաստակամութեամբ. Կարօ Արմենեան

1390

Արդէն լայնօրէն ծանուցուած է, որ յառաջիկայ Հայաստան-Սփիւռք Խորհրդաժողովի օրակարգին վրայ պիտի գտնուի «Համազգային Խորհուրդ» մը կեանքի կոչելու վաղուց շրջանառուող գաղափարը, որ այս կէտին վրայ նաև կը վայելէ պետական բարձրաստիճան հովանաւորութիւն ՀՀ Նախագահի ուղիղ և անձնական միջամտութեամբ։ Թէ ի վերջոյ ի՞նչ ձևաւորում կ՚ըստանայ Խորհուրդի այս նախագիծը և ի՞նչ չափով ան կը հանդիսանայ հարցերու հանգուցալուծման բևեռ մեր հաւաքական կեանքին մէջ՝ դժուար է կանխագուշակել։ Ան դեռ ճամբայ ունի կտրելիք ենթակայ ըլլալով մեր այսօրուան իրականութենէն բխող թերահաւատութեան բոլոր շերտերուն։ Մէկ բան յստակ է, որ Հայաստան-Սփիւռք Խորհրդաժողովը, իր յղացքով, չունի անհրաժեշտ լիազօրութիւնը այս կարևոր խնդրով որոշումներ կայացնելու։ Ան չունի նաև անհրաժեշտ ձեռնհասութիւնը այս բարդ հարցով զբաղուելու։ Այնուամենայնիւ պէտք է հաստատել, որ Խորհրդաժողովը կը հայթայթէ մեծապէս պիտանի հարթակ մը պետական այս նախաձեռնութիւնը հանրութեան ուշադրութեան յանձնելու և առիթ ընծայելու, որ հարցը համակողմանի քննարկման ենթարկուի Խորհրդաժողովին յաջորդող ամիսներու ընթացքին։

Իրականութիւնը այն է, որ ի վերջոյ այս հարցի քննարկման գործնական դաշտը ՀԱՄԱՍՓԻՒՌՔԵԱՆ կառոյցներու ղեկավար ոլորտն է (կուսակցութիւններ, ազգային իշխանութիւններ, համասփիւռքեան ծաւալով գործող հասարակական կազմակերպութիւններ), ուր ևս գոյութիւն ունին շարք մը անհամաչափութիւններ, որոնց մասին անհրաժեշտ է, որ խօսինք մէկ այլ յօդուածով։

Այսօր կ՚ուզեմ անդրադառնալ այն իրողութեան, որ Համազգային Խորհուրդի ստեղծման գաղափարը անխուսափելիօրէն կը բախի հայրենի իշխանութիւններու ներքին քաղաքական վիճակացոյցի վաղուց գոյութիւն ունեցող բացերուն՝ հարցականներ յարուցելով, առաջին հերթին, տնտեսութենէն ներս ամրացած և ՀՀ իշխանութիւններու կողմէ հանդուրժուող մենաշնորհային համակարգի դերակատարութեան կապակցութեամբ։ Համազգային Խորհուրդի գաղափարը կ՚առաջարկուի այնպիսի ժամանակ, երբ դասակարգային հսկայ խզում մը կը պատուհասէ երկրին հաւաքական կեանքը անհնարին դարձնելով ազգային ընդհանուր համաձայնութեան մը կազմաւորումը երկրէն ներս։ Մենաշնորհային համակարգը մեծագոյն խոչընդոտն է միջին դասակարգի ձևաւորման հոլովոյթը խափանող։ Հասարակութեան այս շերտը, որակաւոր աշխատատեղերու չգոյութեան պատճառով, հետևողականօրէն կը մղուի երկրէն դուրս ամէն օր աւելի խախտելով ժողովրդագրական կշիռը հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին և Սփիւռքին միջև։ Մենաշնորհային տնտեսութեան կողմէ խթանուած այս արտագաղթը երկրի թանկագին ուժականութիւնն է, որ կը պարպէ և այդ թարմ աշխատոյժը ամէն օր կը վերածուի նոր ու անկազմակերպ ու բարոյալքուած սփիւռքի մը, որ կու գայ, իր կարգին, բարոյալքելու աւանդական Սփիւռքի հոգեբանական միջավայրը։

Կը խօսինք ազգային ճգնաժամի մը մասին, որ սերտօրէն առընչուած է մենաշնորհային համակարգի շղթայազերծած ներքին փլուզումներուն, որոնք պէտք է անյապաղ և անպայման կասեցուին ՀՀ իշխանութիւններուն կողմէ նոյն իշխանութիւններէն պահանջուող արմատական նախաձեռնութիւններով։ Առ այդ՝ գերազանցօրէն կարևոր է, որ ՀՀ իշխանութիւնները ներկայանան յառաջիկայ Հայաստան-Ափիւռք Խորհրդաժողովին մենաշնորհային համակարգի կազմախօսութեան մասին յստակ, առարկայական և խորքային վերլուծումներով յագեցած զեկուցագրով մը։ Խորհրդաժողովը պէտք է իրազեկուի, թէ ՀՀ իշխանութիւնները ի՞նչ գիտեն երկրի տնտեսութեան այս կործանարար ներքին վարակին մասին։ Յիշեալ զեկուցագիրը պէտք է պատասխան տայ առնուազն հետևեալ հարցադրութեանց.

(ա) Ովքե՞ր են մենաշնորհային համակարգի տէրերը երկրին մէջ։

(բ) Որո՞նք են մենաշնորհային ուժի պաշտօնական և անպաշտօն կառուցակարգերը տնտեսութենէն ներս։

(գ) Ի՞նչ է համակարգի ճիւղային տեղաբաշխումը։

(դ) Ի՞նչ է համակարգի աշխարհագրական տեղաբաշխումը։

(ե) Ո՞րն է համակարգին ազդեցութեան ծիրը մրցակցային դաշտէն ներս և դաշտը առևանգելու իր մեթոտները։

(զ) Որո՞նք են համակարգի քաղաքական լծակները երկրէն ներս և երկրէն դուրս։

(է) Տալ համակարգի վերջին 27 տարիներու ներդրումային գործունէութեան վերլուծութիւնը։

(ը) Տալ ճշգրիտ պատկերը համակարգի կողմէ ցարդ ստեղծուած աշխատատեղերու թիւին (տարիներու կտրուածքով)։

(թ) Տալ ազգային եկամուտի (National Income) վերաբաշխման ծաւալները և համակարգի համեմատական կշիռը այդ ծաւալներուն մէջ։

(ժ) Տալ համակարգի հարկային մուտքերու ծաւալները։

(ժա) Տալ մանրամասնեալ պատկերը մենաշնորհային համակարգի տէրերուն կողմէ ՀՀ առաջին տարիներուն գնուած արտադրողական միջոցներուն յստակ ընելով, թէ ի՞նչ գին վճարած են անոնք պետութեան և թէ ի՞նչ է այդ հարստութեան շուկայական փոխարժէքը այսօր։

(ժբ) Սեփականաշնորհման ի՞նչ պայմաններու մէջ կազմաւորուած է համակարգը անկախութեան առաջին տարիներէն սկսած և ի՞նչ աճ արձանագրած է ան տնտեսական ուժի կեդրոնացման առումով։

(ժգ) Եւ վերջապէս ի՞նչ յստակ ռազմավարութիւն ունին ՀՀ իշխանութիւնները մենաշնորհային համակարգի կազմաքանդման առընչութեամբ։

Համազգային Խորհուրդի գաղափարը կ՚ընթադրէ համազգային պատասխանատւութիւն։ Ան կ՚ենթադրէ ազգային հզօր նախանձախնդրութիւն։ Կ՚ենթադրէ քաղաքական կամք այդ գործին մէջ Սփիւռքի անկախ դատողութիւնն ու լիիրաւ մասնակցութիւնը ընդգրկելու։ Կ՚ենթադրէ անկեղծ պատրաստակամութիւն ՀՀ գործող քաղաքական մշակոյթի նորմերը քանդելու, կաշառակերութիւնը կասեցնելու, տնտեսութիւնը մաքրելու իր ցեցերէն և հայ պետականութեան նոր դարագլուխը հռչակելու։ Այդ բանը չի կրնար տեղի ունենալ որքան ատեն որ երկրի ուժականութիւնները կապտուած են բուռ մը շահագործողներու կողմէ։ Մի ակնկալէք, որ Համազգային Խորհուրդը իր գոյութեամբ գայ լռելեայն հարազատագրելու (legitimize) մեր ժողովուրդին դէմ գործուած և գործուող այս յանցագործութիւնը։

Կարօ Արմենեան

Սեպտեմբեր 12, 2017

Աղբյուրը՝ http://www.arfd.info/hy/?p=37000