Արցախը համայնավարութեան տարիներուն

1467

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն

Քառասունմէկերորդ գլուխ

23 Փետրուար 2001ին Ատրպէյճանի նախագահ Հէյտար Ալիեւը Միլլի Մեճլիսի պատգամաւորներուն, բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն, Պաքուի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներուն, բայց նախ եւ առաջ ատրպէյճանցի ժողովուրդին կը հաւաստիացնէր, որ խորհրդային տարիներուն, երբ ինքը կը ղեկավարէր, ամէն ինչ ըրած է Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը պահպանելու համար:

ՙՂարաբաղի մէջ տնտեսական շահաւէտ պայմաններ կը ստեղծէինք, որովհետեւ Ղարաբաղի նկատմամբ խտրականութեան հարցը միշտ յառաջ կը քաշուէր: Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը պահպանելու համար` մենք մարզին լուրջ ուշադրութիւն կը դարձնէինք: Որոշ սիրողականներ (դիլետանտ) յետագային զիս մեղադրեցին ատոր համար: Ես այդ ըրի, որովհետեւ, նախ` անհրաժեշտ էր Ղարաբաղն ատրպէյճանցիներով բնակեցնել, երկրորդ` Ղարաբաղի ու հայոց կողմէ այդ հարցին յառաջադրումը կանխել՚:

Ալիեւը տարին քանի մը անգամ Ղարաբաղ կ’այցելէր` նախ եւ առաջ լեռնաշխարհի իրական տիրոջ ո’վ ըլլալը ցոյց տալու համար: 2002ի ամառը Ատրպէյճանի նախագահը երկրի առաջատար լրատուամիջոցներու խմբագիրներուն հետ հանդիպման ընթացքին կը մանրամասնէ, թէ ինչպէս հնարաւոր եղած է Ղարաբաղի նկատմամբ վերահսկողութիւնը պահել:

ՙԱռաջին, ի հարկէ, խորհրդային համակարգն ի’նքը այդ թոյլ կու տար: Երկրորդ, ես կը խօսիմ այն ժամանակաշրջանին մասին, երբ առաջին քարտուղար էի եւ Ղարաբաղի զարգացման շատ կ’օգնէի: Միեւնոյն ժամանակ կը ջանայի փոխել ժողովրդագրութիւնը: Ղարաբաղը յառաջ քաշեց ուսումնական հիմնարկ մը բանալու հարցը: Մերինները բոլորը դէմ էին: Որոշեցի բանալ, պայմանով, որ հիմնարկն ունենայ երեք բաժին` ատրպէյճանական, ռուսական եւ հայկական: Բացինք: Յարակից շրջաններէն մենք ատրպէյճանցիները կը ղրկէինք ո’չ թէ Պաքու, այլ` Ղարաբաղ: Այս եւ այլ միջոցներով ես կը ջանայի, որ Ղարաբաղի մէջ աւելի շատ ատրպէյճանցիներ ըլլան, իսկ հայոց թիւը` կրճատուի՚:

1982ին Ալիեւը Մոսկուա կը տեղափոխուի, զայն կը փոխարինէ Քեամրան Պաղիրովը: Հինգ տարի յետոյ` 1987ի աշնան, Ալիեւը Քաղբիւրոյէն կը հեռացուի: Վաֆա Կուլուզատէն կը նշէ, որ իշխանութեան ղեկին Կորպաչովի գալուստով` Քրեմլինի մէջ Ալիեւի դիրքերը երերուն էին:

ՙԱյդ ժամանակ ես Կենտկոմի վարչանիին մէջ կ’աշխատէի: Սկսաւ հակաալիեւեան արշաւը, զոր կը ղեկավարէին Պաղիրովն ու երկրորդ քարտուղար Քոնովալովը: Երբ Քոնովալովը վերադարձած էր Մոսկուայէն, մեզի պատմեց, թէ որքան փոփոխուած է արարողակարգը. եթէ նախապէս Ալիեւը գլխաւոր քարտուղարէն յետոյ երրորդը կամ հինգերորդը կը կանգնէր, ապա այժմ` քսանհինգերորդը՚:

Խմբագիրներուն հետ զրոյցին մէջ Ալիեւը կ’ըսէր, թէ Ատրպէյճանէն իր հեռանալէն ետք իրավիճակը Ղարաբաղի մէջ սկսաւ վատթարանալ, Հայաստանի ազդեցութիւնը մեծցաւ:

ՙԵրբ 1987ին սրութեամբ դրուեցաւ ղարաբաղեան հարցը` Քաղբիւրոյէն հեռանալս, հրաժարականս անհրաժեշտ էր միայն ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման համար: Պատահական չէ, որ ղարաբաղեան ճգնաժամն սկսաւ հրաժարականէս 20 օր յետոյ: Փորձեցի միջամտել գործին` զիս մեկուսացուցին: 1991ի Փետրուարին պատգամաւոր ընտրուեցայ Նախիջեւանէն եւ Պաքու եկայ: Ելոյթ ունենալով նստաշրջանին մէջ` ըսի, որ Լ. Ղ.ն արդէն կորսուած է: Լ. Ղ.ն գրաւուեցաւ դեռ այն ժամանակ, երբ Ատրպէյճանը Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ էր: Կը հասկնա՞ք: Այդ մասին պէտք է իմանալ՚:

Ալիեւն անվերապահօրէն ճիշդ էր իր ներկայացուցած պնդումներէն մէկուն մէջ` խորհրդային համակա’րգը թոյլ կու տար Լ. Ղ.ն պահել Ատրպէյճանի սահմաններուն մէջ: Խորհրդային իշխանութեան հաստատման առաջին տարիներուն էր, որ Լ. Ղ.ն ինքնավար մարզի կարգավիճակով մտցուած էր Ատրպէյճանի կազմին մէջ: Երբ Խ. Ս. Հ. Մ.ի փլուզումն սկսաւ` Ստեփանակերտի վրայ Պաքուի ազդեցութիւնը պայմանական դարձաւ. Լ. Ղ.ն Ատրպէյճանին այլեւս չէր ենթարկուեր:

Պատմական անբնականութիւն

Խորհրդային Միութեան կառավարման պետական համակարգին մէջ միութենական 15 հանրապետութիւններէն բացի եղած են նաեւ ինքնավար հանրապետութիւններ, մարզեր եւ օքրուկներ: Անդրկովկասի մէջ կային նման հինգ ինքնավարութիւններ, երեքը` Վրաստանի (Աբխազիա, Աճարիա եւ Հարաւային Օսիա), երկուքը` Ատրպէյճանի մէջ (Նախիջեւան եւ Լեռնային Ղարաբաղ):

Խորհրդային ինքնավարութեանց տրամաբանութիւնը կը յուշէր, որ Ղարաբաղի մէջ պէտք է ղարաբաղցիներ (ազգի իմաստով) բնակէին, մինչդեռ աշխարհի մէջ նման ժողովուրդ եւ լեզու գոյութիւն չունի: Երկրորդ անբնականութիւնը` միութենական 15 հանրապետութիւններէն միակը Հայաստանը եւ ժողովուրդներէն միակը հայերն էին, որոնք, միութենական հանրապետութեան կարգավիճակ ունենալով, միութենական դրացի հանրապետութեան սահմաններուն մէջ մէկ ուրիշ ազգային միաւորում ունէին ի դէմս Լ. Ղ. Ի. Մ.ի:

Ռուսիոյ Կոմունիստական (Պոլշեւիկեան) Կուսակցութեան Կենտկոմի Կովկասեան Բիւրոյի 3 Յունիս 1921ի լիագումար նիստին հաստատուած է. ՙՀայկական կառավարութեան հռչակագիրին մէջ նշել Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին պատկանելու մասին՚:

Այս որոշման համապատասխան, քանի մը օր յետոյ` 12 Յունիսին, կ’ընդունուի Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի հետ վերամիաւորելու Հայաստանի Ժողկոմխորհի հրամանագիրը Հ. Խ. Ս. Հ.ի Ժողկոմներու Խորհուրդի նախագահ Ալեքսանտր Միասնիկեանի ստորագրութեամբ, որ Ատր. Խ. Ս. Հ.ի Յեղկոմի յայտարարութեան եւ Հայկ. ու Ատր. Խ. Ս. Հ.ի կառավարութեանց միջեւ եղած համաձայնութեան հիման վրայ կը յայտարարէ, որ Լեռնային Ղարաբաղն այժմէն Հայկ. Խ. Ս. Հ.ի անբաժան մասը կը կազմէ:

Սակայն 4 Յուլիս 1921ին Կովկասեան Բիւրոյի լիագումար նիստին կը դրուի ղարաբաղեան հարցը: Սթալինի ներկայութեամբ քննարկման ընթացքին երկու տեսակէտներ յառաջ կու գան` իւրաքանչիւրը երկուական տարբերակներով.

Առաջին` ա) Ղարաբաղը ձգել Ատրպէյճանի սահմաններուն մէջ, բ) հանրաքուէ կատարել ամբողջ Ղարաբաղի մէջ` ինչպէս հայ, այնպէս ալ իսլամ բնակչութեան մասնակցութեամբ, երկրորդ` ա) Ղարաբաղի լեռնային մասը մտցնել Հայաստանի կազմին մէջ, բ) հանրաքուէ կատարել միայն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, այսինքն` հայոց շրջանին մէջ:

Կովկասեան Բիւրօն կ’որոշէ. ՙԼեռնային Ղարաբաղը Հայկ. Խ. Ս. Հ.ի կազմին մէջ մտցնել, հանրաքուէ կատարել միայն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ՚: Նարիմանովը կ’ընդդիմանայ. ՙՆկատի առնելով Ատրպէյճանի համար ղարաբաղեան հարցին ունեցած կարեւորութիւնը, անհրաժեշտ նկատել զայն յետաձգել` Կենտկոմին մէջ վերջնականապէս որոշելու համար՚: Կովկասեան Բիւրօն տեղի կու տայ եւ կը վճռէ. ՙՆկատի առնելով, որ Ղարաբաղի հարցը լուրջ տարաձայնութիւններ յառաջ բերած է, Կովկասեան Բիւրօն անհրաժեշտ կը նկատէ զայն յետաձգել` Կենտկոմին մէջ վերջնականապէս որոշելու համար՚:

Սակայն հարցը Կենտկոմ չի տեղափոխուիր: Յաջորդ օրը` 5 Յուլիսին, Կովկասեան Բիւրօն իր լիագումար նիստին, որուն դարձեալ ներկայ էր Սթալինը, առանց քուէարկութեան կ’որոշէ Լեռնային Ղարաբաղը ձգել Ատրպէյճանի սահմաններուն մէջ:

ՙԵլլելով իսլամներու եւ հայոց միջեւ ազգային խաղաղութեան անհրաժեշտութենէն եւ Վերին ու Ներքին Ղարաբաղի տնտեսական կապերէն, Ատրպէյճանի հետ անոր մշտական կապէն, Լեռնային Ղարաբաղը ձգել Ատր. Խ. Ս. Հ.ի սահմաններուն մէջ` անոր տալով լայն ինքնավարութիւն Շուշի քաղաքին մէջ վարչական կեդրոնով, որ կը մտնէ ինքնավար մարզի կազմին մէջ՚,- կ’որոշուի այս նիստին:7

Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը Ղարաբաղին նոյնիսկ ինքնավարութիւն տրամադրելէ կը խուսափէր եւ անընդհատ կը փորձէր ձգձգել: Հարցը քանի մը անգամ քննարկուած է Կովկասեան Բիւրոյին եւ անոր փոխարէն ձեւաւորուած Անդրկովկասի Երկրամասային Կոմիտէին մէջ: 1922ի աշնանը Կոմիտէն Լեռնային Ղարաբաղի առաջնորդ նշանակեց Արմենակ Քարակոզովը: 1923ի գարնանն Անդրկովկասի Երկրամասային Կոմիտէն հերթական անգամ Պաքուէն պահանջեց իրագործել Լեռնային Ղարաբաղին լայն ինքնավարութիւն տրամադրելու որոշումը:

7 Յուլիս 1923ին Ատրպէյճանը կ’ընդունի ՙԼեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի կազմաւորման հռչակագիր՚ը, կ’որոշուի ՙԼեռնային Ղարաբաղի հայկական մասէն կազմաւորել ինքնավար մարզ` որպէս Ատր. Խ. Ս. Հ.ի բաղկացուցիչ մաս, կեդրոնը` Խանքենդի վայրին մէջ՚:

Պաքուի իշխանութիւնները միայն երկու տարի յետոյ ձեւաւորեցին Լ. Ղ. Ի. Մ.ը, բացի այդ` վարչական կեդրոն ընտրուեցաւ ո’չ թէ Շուշին, այլ` Ստեփանակերտը (այդ ժամանակ` Խանքենդի): Եւ ամենակարեւորը` պատմականօրէն եւ աշխարհագրականօրէն Ղարաբաղին մաս կազմող շարք մը հայահոծ տարածքներ Լ. Ղ. Ի. Մ.ի կազմ չներառուեցան:

ՙՄենք Ենք, Մեր Սարերը՚

Խ. Ս. Հ. Մ.ի կեդրոնական մարմիններուն առջեւ Ղարաբաղի հարցն արթնցնելու լուրջ փորձեր ձեռնարկուած են Հայրենական Մեծ Պատերազմին մէջ Խորհրդային Միութեան տարած յաղթանակէն անմիջապէս յետոյ: 1945ի Նոյեմբերին Հայաստանի Կենտկոմի առաջին քարտուղար Գրիգոր Յարութիւնեանը (Յարութիւնով, Արութինով) կը դիմէ Սթալինին եւ երկրորդ քարտուղար Մալենքովին:

Յարութիւնեանը կ’ընդգծէ, որ մարզի 153 հազար բնակիչներէն 137 հազարը հայ է, Ղարաբաղի գիւղատնտեսութիւնը նման է Հայաստանի լեռնային մասին, եւ Ղարաբաղը Հայաստանի կազմին մէջ մտցնելը անոր զարգացման շատ աւելի կը նպաստէր եւ տնտեսութեան ղեկավարումը կը բարելաւէր:

Ի պատասխան Յարութիւնեանի առաջարկի, նոյն տարուայ 10 Դեկտեմբեր թուականակիր նամակով` Ատրպէյճանի առաջնորդ Միր Ճաֆար Պաղիրովը Մալենքովին կը գրէ, որ դէմ չէ Լ. Ղ. Ի. Մ.ը, բացի Շուշիի շրջանէն, Հայաստանին միացնելու առաջարկին, սակայն միաժամանակ նկատել կու տայ, որ պէտք է քննարկել նաեւ Հայաստանի` ատրպէյճանցիներով բնակեցուած Ազիզպէկովի, Վետիի եւ Քարաբագդարի շրջաններն Ատրպէյճանին փոխանցելու հարցը: Բացի այդ, Պաղիրովը, վկայակոչելով վրացիներուն յաւակնութիւնները Պելոկանի, Զաքաթալայի եւ Քախիի շրջաններուն նկատմամբ, դէմ չ’արտայայտուիր այդ հարցը եւս քննարկելուն, պայմանով, որ քննարկուի Վրաստանի` ատրպէյճանցիներով բնակեցուած Պորչալուի շրջանն Ատրպէյճանին միացնելու խնդիրը: Ատրպէյճանի ղեկավարը կ’առաջարկէ քննարկել Տաղստանի Տէրպէնտի եւ Ղասումքենդի շրջաններն ալ Ատրպէյճանին փոխանցելու հեռանկարը:

Հայաստանի ղեկավարութիւնը, վկայակոչելով տասնեակ հազարաւոր սփիւռքահայոց հայրենադարձութիւնը, 1946ին Մոսկուայի մէջ խորհրդակցութիւններ կը կատարէ: Խօսք կ’ըլլար նաեւ Նախիջեւանը Հայաստանին միացնելու մասին: Յարութիւնեանը Մալենքովի մտադրութիւնները կը շօշափէ:

Սթալինը ծրագրած էր պատժել Թուրքիան, քանի որ վերջինս պատերազմի առաջին տարիներուն ակնբախ բարեացակամ վերաբերմունք ցուցաբերած էր ֆաշիստական Գերմանիոյ նկատմամբ, եթէ չըսենք` համագործակցած էր անոր հետ` Խորհրդային Միութեան դէմ պատերազմին մէջ: Ապագային Թուրքիայէն ազատագրուելիք հայկական տարածքներուն մէջ ծրագրուած էր կուսակցութեան մարզային երկու կոմիտէ ստեղծել, եւ քարտուղարներն արդէն նշանակուած էին: Կարսի մարզկոմի քարտուղարի պաշտօնին հաստատուած էր Հայաստանի Կոմկուսի Կենտկոմի բարձրաստիճան աշխատակից Անտոն Քոչինեանը:

1965ը Հայաստանի մէջ ազգային զարթօնքի տարի եղաւ: 24 Ապրիլին Երեւանի մէջ զանգուածային հզօր ցոյց մը կը կազմակերպուի, որուն մասնակիցները, դատապարտելով 1915ի Ցեղասպանութիւնը, յառաջ կը քաշէին նաեւ հայկական գրաւուած հողերու վերադարձի հարցը:

Մուշեղ Օհանճանեանը 1962-1974ին Լ. Ղ. Ի. Մ.ի Մարզխորհուրդին նախագահը, այսինքն` մարզին երկրորդ դէմքը եղած է: Այդ տարիներուն թէ’ Օհանճանեանը եւ թէ’ Մարզկոմի առաջին քարտուղարը տարին քանի մը անգամ Երեւան կ’երթային ու Հայաստանի ղեկավարներուն հետ հանդիպումներ կ’ունենային: Ան կը պատմէ, որ 1964ին, հերթական անգամ այցելելով Երեւան, հանդիպած է ղարաբաղցի քանդակագործ Սարգիս Պաղտասարեանի հետ: Վերջինիս արհեստանոցին մէջ իր ուշադրութիւնը գրաւած է կրաքարէ քանդակուած ՙՂարաբաղցիները՚ գործը: Կը պայմանաւորուին քանդակը տեղադրել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:

1965ին, Ստեփանակերտի դրացնութեամբ, ճամբեզրի բլուրի մը վրայ, կարմիր տուֆով կը կառուցուի ՙՄենք Ենք, Մեր Սարերը՚ կամ` աւելի յայտնի անունով` ՙՏատիկ-Պապիկ՚ քանդակը: Անիկա ազգային ինքնութեան, զարթօնքի, արցախահայութեան հպարտութեան եւ տոկունութեան խորհրդանիշ կը դառնայ:

ՙԱյդ տարիներու ամենամեծ իրադարձութիւնն եղաւ 1965ին, երբ 13 մտաւորականներ Բագրատ Ուլուպապեանի գլխաւորութեամբ դիմում կը գրեն Կենտկոմ` առաջին քարտուղար Պրեժնեւին` Ատրպէյճանի տնտեսական խտրական քաղաքականութեան դէմ՚,- կ’ըսէ Օհանճանեանը:

28 Յունիս 1965ին Խ. Մ. Կ. Կ.ի Կենտկոմին յանձնուած նամակին տակ ստորագրած բոլոր 13 արցախցիները համայնավար էին: Նամակը հասցէագրուած էր Խ. Մ. Կ. Կ.ի Կենտկոմի գլխաւոր քարտուղար Լէոնիտ Պրեժնեւին, Խ. Ս. Հ. Մ.ի Նախարարներու Խորհուրդի նախագահ Ալէքսէյ Քոսիկինին եւ Խ. Ս. Հ. Մ.ի Գերագոյն Խորհուրդի Նախագահութեան նախագահ Անասթաս Միկոյեանին:

ՙԼեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան 85 տոկոսը հայ է, եւ անոնք այս հողին վրայ անյիշելի ժամանակներէ ի վեր կ’ապրին: Իսկ հողը անոր վրայ ապրողին կը պատկանի: Այս ճշմարտութիւնը շատ լաւ հասկցած են անոնք, որոնք 1920ին Ղարաբաղը տուած են նոր ստեղծուած Խորհրդային Հայաստանին: Սակայն յետագային Սթալինի թեթեւ ձեռքով բեկանուած է Ղարաբաղի վերամիաւորումը Հայաստանի հետ: Դիմելով Ձեզի, մենք համոզուած ենք, որ Խ. Մ. Կ. Կ.ի Կենտկոմը եւ խորհրդային կառավարութիւնը, որոնք միշտ եւ ամէնուրէք կը պաշտպանեն բոլոր ազգերուն շահերը, անյապաղ իրենց բարի ուշադրութիւնը կը դարձնեն ղարաբաղցի հայոց օրինական ձայնին եւ մարզը կը վերամիաւորեն Հայկ. Խ. Ս. Հ.ի հետ՚:

Ղարաբաղը Հայաստանի հետ վերամիաւորելու պաշտօնական նախաձեռնութեամբ Հայաստանն ու անոր ղեկավարութիւնը փորձ մը եւս կ’ընեն 1972ին` օգտագործելով Սուսլովի` արձակուրդի մէջ ըլլալու առիթը: Կոմկուսին քարտուղարութիւնը Քիրիլենքօն կը վարէր: Քարտուղարութեան որոշումով` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեանց կը յանձնարարուի հարցը համատեղ ուսումնասիրել եւ լուծում առաջարկել: Երկու երկիրներուն ղեկավար քառեակները` Կոմկուսի առաջին եւ երկրորդ քարտուղարները, Նախարարներու Խորհուրդին եւ Գերագոյն Խորհուրդին նախագահները, շաբթուան վերջին երկու օրերուն կը հանդիպին նախ մէկ, ապա միւս հանրապետութեան տարածքին, բայց որեւէ համաձայնութեան չեն գար:

Լ. Ղ. Ի. Մ.ը Հայաստանին միացնելու խնդրանքով 30 Սեպտեմբեր 1972ին Խ. Մ. Կ. Կ.ի Կենտկոմ նամակ կը ղրկուի Հայաստանի Կոմկուսի Կենտկոմի առաջին քարտուղար Քոչինեանի եւ Նախարարներու Խորհուրդի նախագահ Պատալ Մուրատեանի ստորագրութիւններով:

ՙԱյդ նամակը գրուեցաւ Քաղբիւրոյի անդամ Ալեքսանտր Շելեփինի` Երեւան կատարած այցէն յետոյ: Հայաստանի ղեկավարութեան եւ անոր միջեւ խօսակցութիւն եղած էր Ղարաբաղի մասին, եւ Շելեփինը խոստացած էր հնարաւորինս աջակցիլ հարցի` մեզի համար դրական լուծման: Ան շատ ազդեցիկ դէմք մըն էր, Պ. Ա. Կ.ի նախագահ Սեմիչասթնիի հետ մտերիմ ընկերներ էին: Նամակն ստանալէն ետք Շելեփինը խօսակցութիւն ունեցած էր Պրեժնեւի հետ: Անոր յամառ պնդումներէն յետոյ Քաղբիւրոյի որոշմամբ ստեղծուեցաւ յատուկ յանձնաժողով մը` Ղարաբաղի հիմնախնդիրը քննարկելու եւ առաջարկութիւն կայացնելու համար՚,- կը գրէ Խորհրդային Հայաստանի նախկին փոխվարչապետներէն Ալեքսան Կիրակոսեանը:

1973ի Յուլիսին կը լրանար Լ. Ղ. Ի. Մ.ի ձեւաւորման 50ամեակը: Մարզի առաջին երկու դէմքերը` Մարզկոմի առաջին քարտուղար Գուրգէն Մելքումեանը եւ Մարզխորհուրդի Գործկոմի նախագահ Մուշեղ Օհանճանեանը, յոբելեանը բարձր մակարդակով նշելու նպատակով հրաւէրներ կը ղրկեն ծնունդով ղարաբաղցի քանի մը տասնեակ մարաջախտներու, զօրավարներու, ակադեմիկոսներու, կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի գործիչներու: Սակայն Պաքուի մէջ պատրուակ կը բերեն, թէ Յուլիսը բերքահաւաքի եռուն շրջան է, Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը հնարաւորութիւն չունի մասնակցելու միջոցառման, ուստի նպատակայարմար է միջոցառումը աշնան յետաձգել:

1 Հոկտեմբերին Մելքումեանը կ’ազատեն պաշտօնէն եւ Պաքուի մէջ աշխատանքի կը տեղափոխեն: Անոր փոխարէն Պորիս Գէորգովը կ’ուղարկեն:

ՙԵս անոր (Գէորգովին) զեկուցեցի, որ 50ամեակը նշելու համար նախապատրաստական աշխատանքներ արդէն կատարուած են: ՙՈ’չ մէկ Մոսկուա, ո’չ մէկ Երեւան: Հրաւիրելու ենք միայն դրացի ատրպէյճանական շրջաններէն, մեզի հետ մրցակից ինքնավար հանրապետութիւններէն եւ մարզերէն` Աբխազիա, Նախիջեւան, Տաղստան, Հարաւային Օսիա: Հայաստանէն հրաւիրելու ենք միայն Գորիսէն` իբրեւ դրացի շրջան՚,- իրեն բնորոշ կոպիտ ոճով ըսաւ Գէորգովը: Ըսի, որ հրաւէրներն արդէն ղրկած ենք: ՙՉեմ գիտեր, դո’ւք պատասխանը տուէք՚,- ընդմիջարկեց ան: Թոյլ չտուին հրաւիրել թէ’ Մոսկուայէն եւ թէ’ Հայաստանէն՚,- կը պատմէ Օհանճանեանը:

Յոբելեանը կը նշուի 11 Նոյեմբերին: Ներկայ էին Ալիեւն ու Ատրպէյճանի միւս ղեկավարները: Քանի մը ամիս յետոյ Մարզգործկոմի նախագահի պաշտօնէն կ’ազատուի եւ Պաքու կը տեղափոխուի նաեւ Օհանճանեանը ու նախարարի մը տեղակալի պաշտօնը կը զբաղցնէ: Մելքումեանի եւ Օհանճանեանի` տօնակատարութեանց համամիութենական նշանակութիւն տալու եւ Լ. Ղ. Ի. Մ.ի հայկականութիւնն ընդգծելու նպատակը յաջողութիւն չ’ունենար:

Հայաստանի հետ վերամիաւորման նոր փորձ

Ղարաբաղեան հարցը կրկին ուշադրութեան կեդրոնը յայտնուեցաւ 1977ին, երբ Խ. Ս. Հ. Մ.ի նոր սահմանադրութեան նախագիծը կը քննարկուէր: Խ. Ս. Հ. Մ.ի Նախարարներու Խորհուրդի Նախագահութեան 23 Նոյեմբերի նիստի արձանագրութեան մէջ կը նշուէր, որ ՙտասնամեակներ առաջ Լեռնային Ղարաբաղն արհեստականօրէն միացուած է Ատրպէյճանին՚:

ՙՀաշուի չեն առնուած մարզին պատմական անցեալը, անոր ազգային կազմը, ժողովուրդին ցանկութիւնը եւ տնտեսական շահերը: Անցած են տասնամեակներ, եւ Ղարաբաղի հարցը կը շարունակէ հոլովուիլ` անհանգստութիւն եւ անբարեացակամութեան պահեր ստեղծելով դարաւոր բարեկամութեամբ շաղկապուած երկու դրացի ժողովուրդներուն միջեւ: Պէտք է Լեռնային Ղարաբաղը (հայերէն` ՙԱրցախը՚) միացնել Հայկ. Խ. Ս. Հ.ին՚:

Այդ տարիներուն Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարը Կարէն Տէմիրճեանն էր: ՙԿարէնի դիւանին մէջ պահպանուած է գրառում մը` 1977ի սահմանադրութեան ընդունման ժամանակ. երբ կը փորձէին Ղարաբաղին հանրապետութեան կարգավիճակ տալ` Սուսլովը չէ համաձայնած՚,- կ’ըսէ Ռիմա Տէմիրճեանը եւ կը շարունակէ. ՙԱն կը սպասէր Ղարաբաղի հարցի պայթիւնը: Ան Քաղբիւրօ երբեք չէր մտներ կամ դիմումներ չէր ուղարկեր` առանց համոզուած ըլլալու, որ պատասխանը դրական կ’ըլլայ: Ան կ’ըսէր, որ երբ կը դիմես եւ հարցը չի լուծուիր` կը նշանակէ, թէ հարցը կը փակես՚:

Հէյտար Ալիեւի համար ՙղարաբաղեան պայթիւնը՚ տհաճ նորութիւն էր, բայց ոչ` անակնկալ. ՙԱնոնք այս հարցը բարձրացուցած են նաեւ 1950 եւ 1960ական թուականներուն: 1977ին Խ. Ս. Հ. Մ.ի սահմանադրութիւնը պատրաստելու նպատակով ձեւաւորուեցաւ յանձնաժողով մը, զոր կը գլխաւորէր Պրեժնեւը: Մինչ յանձնաժողովը մէկ տարիէ աւելի սահմանադրութեան նախագիծը կը նախապատրաստէր, շատ եւ շատ առաջարկութիւններ եղան, այդ թուին` Ղարաբաղը Հայաստանին կցելու վերաբերեալ: Այդ ժամանակ ես այդ մէկը կանխեցի, բայց այդ ընելը դժուար էր: Ես կանխեցի իմ կամքի ոյժով` իմ ողջ էութեամբ պաշտպանելով ատրպէյճանցի ժողովուրդին ազգային շահերը՚:

1980ականներու կէսերուն խորհրդային տնտեսութիւնը խոր ճգնաժամի մէջ կը մտնէր: Խանութներէն կը վերանային առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքները: Պետական ելեւմտացոյցին պակասորդը ահաւոր չափերու հասաւ, մեծ եկամուտներ բերող օղիի վաճառքն արգիլուեցաւ: Նաւթի համաշխարհային գիներուն անկումը եւ Արեւմուտքի` Խ. Ս. Հ. Մ.ը թուլացնելու ձգտումն ալ առաջնային նշանակութիւն ունեցան կայսրութեան անսպասելիօրէն արագ կործանման մէջ:

Տնտեսական ճգնաժամին հետ խորհրդային ղեկավարութիւնը բախուեցաւ ուրիշ խնդիրի մը, զոր տասնամեակներ շարունակ այս կամ այն կերպ խեղդուած էր: Կորպաչովի Վերակառուցումը եւ Հրապարակայնութիւնը կայսրութեան յատկապէս փոքր ժողովուրդներուն հնարաւորութիւն կու տար խօսելու ազգային հարցերու մասին:

Ըստ էութեան` Վերակառուցումով ու Հրապարակայնութեամբ սկիզբ դրուեցաւ ղարաբաղեան պայքարի նոր փուլին: Շարժման գլխաւոր ներշնչողներէն ու ղեկավարներէն էր երիտասարդ տնտեսագէտ Իկոր Մուրատեանը: Ան արմատներով Ղարաբաղէն էր, մեծցած էր Պաքուի մէջ, ապա 1980ականներու սկզբին Երեւան հաստատուած: Մուրատեանը կ’աշխատէր Հայաստանի Պետական Փլանին մէջ, լաւ կապեր ունէր Մոսկուա հաստատուած եւ կեդրոնական իշխանութեան մարմիններուն մէջ աշխատող ղարաբաղցիներու հետ:

Կը սկսի Ղարաբաղը Հայաստանի հետ վերամիաւորելու ստորագրահաւաքը: Շարժման մէջ ներգրաւուած մարդիկ ընդհուպ մինչեւ 1988ի կէսերը ղարաբաղեան հարցին լուծումը կը տեսնէին Խորհրդային Միութեան շրջանակներուն մէջ: Շատ կարեւոր էր, որ Շարժումը հակախորհրդային չ’ընկալուէր, աւելին` Շարժման ղեկավարութիւնն ամէն առիթով կը փորձէր մոսկովեան ատեաններուն մէջ ղարաբաղցիներուն պայքարը դնել Վերակառուցման եւ Հրապարակայնութեան լոյսի տակ, անոր օրինական տեսք տալ:

Թէեւ Շարժման կեդրոնը Մուրատեանն էր, սակայն ժամանակի ընթացքին ուրիշ անհատներ եւս սկսան ներգրաւուիլ Ղարաբաղը Հայաստանին միաւորելու երանելի գործին:

Առաջին ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէի անդամներէն Մանուէլ Սարգսեանը կը յիշէ. ՙ1987էն` Ղարաբաղի մէջ տարբեր անձեր, խումբեր Իկորէն առանձին աշխատած են: Օգոստոսին, Ղարաբաղի եռանդուն գործիչները եւ Իկորն իր խումբով միացած են, այդ ժամանակ եռանդուն գործիչներու իրական շրջանակ մը ստեղծուած է: Ես ու Իկորը Հայաստանի մէջ էինք: Ղարաբաղի մէջ շատ յստակօրէն կ’աշխատէին Արթուր Մկրտչեանը, Էմիլ Աբրահամեանը` Հատրութի, Արքատի Կարապետեանը` Ստեփանակերտի, Վլատիմիր Պօղոսեանը` Մարտունիի, Սլաւիկ Առուշանեանը` Ասկերանի եւ Վիգէն Շիրինեանը` Մարտակերտի մէջ՚:

Մուրատեանը կ’աւելցնէ նաեւ քանի մը անհատներ ալ, որոնք պատասխանատու էին Շարժման ծաւալման համար. ՙՍլաւիկ Միրզոյեանը` Ասկերանի, Գրիգոր Ուլուպապեանը, Կամօ Սաֆարեանը եւ Լօրէնց Յարութիւնեանը` Մարտունիի ու Վիգէն Գրիգորեանը` Հատրութի մէջ: Ստեփանակերտի եւ ողջ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Շարժման կազմակերպման մէջ առանձնայատուկ դեր կը խաղար Կոմունիստական Երիտասարդական Միութեան Մարզային Կոմիտէի հրահանգիչ Արքատի Կարապետեանը: Շուտով ան դարձաւ Ղարաբաղի մէջ շատ թէ քիչ կարեւոր բոլոր գործողութիւնները համադրողը: Ղարաբաղի կուսակցական վարչամեքենայէն Շարժման ղեկավարներուն առանձնայատուկ օգնութիւն ցոյց տուած են Շրջկոմի առաջին քարտուղար Վաչագան Գրիգորեանը եւ Ակրոարդի նախագահ Հենրիխ Պօղոսեանը՚:

Ի տարբերութիւն Իկոր Մուրատեանի եւ Շարժման ուրիշ առաջնորդներու, Խորհրդային Միութեան մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս յայտնի այլախոհ Պարոյր Հայրիկեանն ու անոր համակիրները անհաւանական կը գտնէին ղարաբաղեան հարցին հայանպաստ լուծումը, քանի դեռ Հայաստանն անկախ չէ:

24 Հոկտեմբեր 1987ին Երեւանի մէջ կը սկսի լոյս տեսնել ՙԱնկախութիւն՚ շաբաթաթերթը, զոր անկախութեան գաղափարը կը տարածէր: Մինչեւ 1988ի Փետրուարի վերջերուն ցոյցերը շատ քիչերու միտքով կ’անցնէր, որ Հայաստանը կրնայ Խորհրդային Միութենէն անկախանալ: Գարնանը երբ Երեւանի մէջ վերսկսան հանրահաւաքները` Հայրիկեանի կողմնակիցները Մովսէս Գորգիսեանի գլխաւորութեամբ յառաջ կը քաշէին անկախութեան գաղափարը:

ՙԱրցախեան շեշտադրմամբ այդ շարժումը Մոսկուան յատկապէս խրախուսեց, որպէսզի մենք անկախութենէն հեռանանք: 1987ին վերջացաւ կալանքիս ժամկէտը, վերադարձայ Հայաստան: Սեպտեմբերին ազդարարեցինք ստեղծումը Ազգային Ինքնորոշում Միաւորման, որու հիմնադիրներն էին Մովսէս Գորգիսեանը, Մեխակ Գաբրիէլեանը, Սուսաննա Աւագեանը, Ռազմիկ Մարկոսեանը եւ ես՚,- կ’ըսէ Հայրիկեանը:

Սակայն Հայրիկեանի ու անոր համախոհներուն քարոզած անկախութեան գաղափարն այդ օրերուն հայաստանցիներու բացարձակ մեծամասնութեան համար անհասկնալի եւ անընդունելի էր: Յամենայն դէպս, այդպէս էր ո’չ միայն 1988ին, այլեւ` մինչեւ 1989ի գարունը:

ՙ1988ի Մարտին զիս կրկին կալանաւորեցին: Պատճառները քանի մը հատ էին: Նախ, Հայաստանը Խորհրդային Միութեան մէջ ժողովրդավարական շարժումներու յենակէտ դարձած էր: Երկրորդ, մենք կոչով դիմեցինք հայոց եւ ատրպէյճանցիներուն, ըսելով, որ համայնավար Ռուսիան կը փորձէ Արցախի հարցն օգտագործելով` մեզ իրարու դէմ հանել: Ատիկա 1988ի Մարտին էր: Մենք կը տարածէինք թռուցիկներ, որոնց մէջ կ’ըսուէր, թէ Մոսկուան է Արցախը հայ ժողովուրդէն վերցուցած ու Ատրպէյճանին տուած, եւ Մոսկուան ալ պէտք է վերադարձնէ՚,- կ’ըսէ Հայրիկեանը:

Հայրիկեանը Մոսկուայի մէջ կը ձերբակալուի մամուլի ասուլիսէ մը անմիջապէս յետոյ, որու ընթացքին ան Սումկայիթի մէջ տեղի ունեցած հայկական ջարդերուն համար Մոսկուան մեղադրած էր: Երեւան տեղափոխուելէ եւ չորս ամիս կալանքի տակ պահուելէ ետք Հայրիկեանը Եթովպիա կ’արտաքսուի:

Մուրատեանը կը գրէ, որ 1986-1987 թուականներուն տարբեր հայեացքներու տէր հայ այլախոհներն ազատութեան մէջ էին, սակայն անոնց մեծամասնութիւնը չուզեց մասնակցիլ Շարժումին. ՙԱնոնց տարբեր արտայայտութիւններէն կարելի է ենթադրել, որ անոնք Շարժումը Պ. Ա. Կ.ի կողմէ հրահրուած, իսկ անոր մասնակցիլը` անիմաստ կը սեպէին: Բացառութիւն էր միայն Հովիկ Վասիլեանի ՙՀայ Դատ՚ անուանուող խումբը՚:

1987ի Օգոստոսէն Հոկտեմբեր ինկած ժամանակահատուածին կը նախապատրաստուի ղարաբաղցիներու` Մոսկուա գացող եւ Մուրատեանի ղեկավարած պատուիրակութեան այցը: Մոսկուա գացողները Խ. Ս. Հ. Մ.ի ղեկավարութեան կը յանձնէին կազմակերպուած եւ փաստացի տեղի ունեցած հանրաքուէի` տասնեակ հազարաւոր ստորագրահաւաքին արդիւնքները:

Նկարիչ Էմիլ Աբրահամեանն Արթուր Մկրտչեանի եւ միւս հատրութցիներուն հետ տեղւոյն վրայ կը կազմակերպէր ստորագրահաւաքն ու պայքարի միւս միջոցառումները: Ան ղարաբաղեան պատուիրակութեանց մոսկովեան այցերը պայքարի բացայայտ առաջին լուրջ քայլը կը նկատէ. ՙԱսոր կարեւորութիւնը հետեւեալն էր. ժողովուրդը պէտք է հասկնար, որ կատարուած է քայլ մը, որուն մէջ անմիջականօրէն ինքն է ընդգրկուած: Ղարաբաղի մէջ Շարժման գործողութեանց վերաբերեալ մտավախութիւն կար, աւելի շատ` իշխանական շրջանակներուն մէջ: Ան կը հետապնդէր նաեւ ուրիշ նպատակներ` չստորագրողներուն զղջումը, իսկ այդ գործին ներգրաւուածներուն համոզումը, որ իրենց ձայնն արդէն տեղ հասած է՚:

Աբրահամեանի անդամակցած պատուիրակութեան կազմին մէջ Ղարաբաղի երեք շրջաններէ իննը մարդ ընդգրկուած էր: ՙՊատուիրակութիւնը Մուրատեանը կը գլխաւորէր: Գերագոյն Խորհուրդի մէջ մեզ չընդունեցին, բայց մեզ ընդունեց Խ. Մ. Կ. Կ.ի Կենտկոմի` Ազգութիւններու Հարցերու Ենթաբաժինէն Վեաչեսլաւ Միխայլովը: Ան մեզի շատ բաներ չխոստացաւ, բայց խոստացաւ, որ Ղարաբաղի հարցը կը քննարկուի նոր լոյսի տակ, կ’աշխատին վիճակէն դուրս գալու նոր ելքեր առաջարկել: Մեզի չըսին` դուք որեւէ բան մի’ ընէք, կամ այդ ամէնն անիմաստ է: Ըսին, որ կը հասկնան մեզ, այդ խնդիրին կ’անդրադառնան: Բայց խոստումներ չկային՚:

18 Հոկտեմբեր 1987ին Երեւանի մէջ` Կենտկոմի շէնքին մօտ, կը կայանայ ղարաբաղեան հարցով առաջին ցոյցը` ի բողոք հայաբնակ Չարտախլու գիւղին մէջ շարունակուող ապօրինութեանց: Բնապահպանական շարժման մէջ ընդգրկուած Խաչիկ Ստամպոլցեանը կը յիշէ. ՙՂարաբաղի հարցով առաջին փողոցային երթ-հանրահաւաքը կազմակերպեց Իկոր Մուրատեանը: Անոնք Պռոշեան փողոցէն մինչեւ Տէմիրճեան փողոցի հատուածը երթի փորձ մը ըրին, բայց ոստիկանութիւնը ցրեց՚:

Ատրպէյճանի Շամխորի շրջանի Չարտախլու հայկական գիւղին մէջ 1987ի ամրանը վէճ ծագած էր տեղի բնակիչներուն եւ շրջանի ատրպէյճանական ղեկավարութեան միջեւ: 1 Դեկտեմբերին ատրպէյճանական ոստիկանութեան աշխատակիցները Չարտախլուն կը շրջապատեն: Տասնեակներով գիւղացիներ ոստիկանութեան տեղամասեր կը տարուին եւ ծեծի կ’ենթարկուին, քանի որ համայնական տնտեսութեան նոր նախագահի նշանակման կ’ընդդիմանային:

20 Դեկտեմբեր 1987ին` Խ. Ս. Հ. Մ.ի Պ. Ա. Կ.ի օրը, շուրջ հազար հոգիի մասնակցութեամբ ցոյց մը տեղի կ’ունենայ Օփերայի հրապարակին մէջ: Հիմնական նիւթը Ղարաբաղի խնդիրն էր: Ժողովրդային շարժումը կամաց-կամաց, բայց անդառնալիօրէն թափ կը հաւաքէր ու անշրջելի կը դառնար:

Էմիլ Աբրահամեանը կ’ըսէ, որ Հայաստանի եւ Ղարաբաղի մէջ հայ ժողովուրդը մեծապէս ոգեւորած էին Կորպաչովի խորհրդական Աբէլ Աղանպէկեանի` Փարիզի մէջ ըսած խօսքերը: 16 Նոյեմբեր 1987ին հայ համայնքին հետ հանդիպման ընթացքին Աղանպէկեանը հրապարակաւ պաշտպանած էր Ղարաբաղն ու Նախիջեւանը Հայաստանի հետ միաւորելու գաղափարը:

1987ի աշնանը բնապահպանական խնդիրներուն նուիրուած հանրահաւաքներ կը կազմակերպուէին Երեւանի մէջ: Այդ հանրահաւաքներուն ալ առաջին անգամ ըլլալով հրապարակաւ կը հնչեն Ղարաբաղը Հայաստանի հետ միաւորելու կոչեր ու պահանջներ: Բնապահպանական խնդիրները Հայաստանի մէջ 1980ական թուականներուն սրած էին: Մեծամօրի հիւլէակայանի թափօններուն համար 1985ին պէտք է պատրաստուէր տարածաշրջանային գերեզմանոց նոյնինքն ատոմակայանի տարածքին մէջ, որ պէտք է ծառայէր նաեւ Ատրպէյճանի ու Վրաստանի շողարձակող թափօններուն համար:

Ըստ բնապահպան Կարինէ Դանիէլեանի` ատիկա վտանգաւոր նախագիծ մըն էր, զոր Կարէն Տէմիրճեանը կանգնեցուց: ՙՁեւաւորուեցաւ կորիզ մը, որ անհանգստացած էր բնապահպանական նմանատիպ խնդիրներով: Բնապահպանական շարժումն սկսաւ ձեւաւորուիլ քանի մը խնդիրներու շուրջ` հիւլէակայանի թափօններ, Սեւանայ լիճ, ՙՆաիրիտ՚ գործարան, Երեւանի, Ալավերտիի ու Քիրովականի (Վանաձոր) օդի աղտոտուածութիւն՚,- կ’ըսէ Դանիէլեանը:

1987ին կը հրապարակուի Զօրի Բալայեանի ՙԵրեւանը Աղէտի Մէջ՚ յօդուածը ՙԼիթերաթուրնաեայ Կազէթա՚ի մէջ, որմէ յետոյ կը կազմակերպուի հանրահաւաք մը Օփերայի հրապարակին մէջ` նուիրուած Երեւանի օդային աւազանի աղտոտուածութեան հարցին:

ՙԶօրին ելոյթ ունեցաւ: Անոր ելոյթին վերջին խօսքերը զիս շատ զարմացուցին: Եթէ չեմ սխալիր, ըսաւ` ՙկեցցէ¯ Մեծ Հայքը՚ կամ ՙծովէ ծով Հայաստան՚: Ես քիչ մը վախցայ, բայց հանրահաւաքը շատ հանգիստ կերպով անցաւ՚,- կը յիշէ Դանիէլեանը:

Բնապահպանական շարժումն յաջողութիւններ ունէր, երբ սկսաւ ղարաբաղեան պայքարը: Դանիէլեանը կ’ըսէ, որ Խաչիկ Ստամպոլցեանը բերած էր թուղթի էջեր, որոնց վրայ ստորագրութիւններ կը հաւաքէին. ՙԶօրի Բալայեանը կազմակերպած էր, ատիկա 1987 թուականն էր: Մենք կը ստորագրէինք եւ կը դիմէինք Կորպաչովին, որ Ղարաբաղի խնդիր կայ եւ Ղարաբաղի պատկանելիութեան հարցը պէտք է վերանայիլ՚:

Ղարաբաղեան Շարժումը կը ստուերէր բնապահպաններուն մտահոգութիւնները: Վերջիններուս մեծ մասը միացաւ Ղարաբաղեան Շարժման` բնապահպանական խնդիրները աւելի յարմար ժամանակներու ձգելով:

Ըստ Խաչիկ Ստամպոլցեանի` ՙՄենք բնապահպաններով որոշեցինք դադրեցնել, դանդաղեցնել բնապահպանական շարժումը, քանի որ կար աւելի կարեւոր ազգային հարց մը` Ղարաբաղը՚:

Լուսանկարը՝ Շուշին խորհրդային տարիներուն

Յ. Գ. 

Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ), Կիւմրիի, Ստեփանակերտի, Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Արևմտահայերեն-Արցախեան-օրագիր

Փափուկ կազմ, 555 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2010, Անթիլիաս,
ISBN 978-995301815-7:
Գինը՝ 7.000 դրամ ($14.00):