Հարսնիք լեռներուն մէջ

1355

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն

Քառասունչորսերորդ գլուխ

16 Հոկտեմբեր 2008ին, Գանձասարի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ բակին մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսիոյ թեմի առաջնորդ Եզրաս Եպս. Ներսիսեանը կ’աղօթէր, որ Տէրը միաբան սիրով պահէ եւ խոր ծերութեան արժանացնէ երկու հարիւր զոյգ նորապսակները: Աշնանային գոյնզգոյն անտառներու մէջ` երկու հարիւր հայ աղջիկներ ու տղաք նոր գոյն մը բերած էին: Հայ աղջիկներուն հարսանեաց սպիտակը նոր խորհուրդ ունէր:

ՙԱստուած թող ձեզ բոլոր փորձութիւններէն հեռու պահէ: Այս նուիրական վայրին մէջ այս պսակադրութիւնը բոլորիս համար տօն է յաղթական, տօն սիրոյ եւ հաւատի՚,- 13-րդ դարուն կառուցուած եկեղեցւոյ բակին մէջ կանգնած երկու հարիւր զոյգերուն կը դիմէր Եզրաս Սրբազանը:

Նոյն օրը Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ (Ղազանչեցոց) եկեղեցւոյ բակին մէջ, այս անգամ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի աղօթքով, տեղի կ’ունենար ուրիշ 500 զոյգերու պսակադրման արարողութիւնը: Երեկոյեան, բոլոր 700 զոյգերը Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն կը քալէին վար` դէպի մարզադաշտ, ուր տեղի կ’ունենար հայկական ամենամեծ հարսնիքը:

Այս աննախադէպ միջոցառման մտայղացումը ռուսիաբնակ ազգային բարերար եւ գործարար, ծնունդով Մարտակերտի Վանք գիւղէն Լեւոն Հայրապետեանինն էր: Ան էր նաեւ հարսնիքին գլխաւոր հովանաւորն ու կնքահայրը: Ան հայ աղջիկներուն ու տղոց գլուխներուն վրայ խաչ պահեց Գանձասարի եւ Շուշիի մէջ:

Դիմելով նորապսակներուն եւ մարզադաշտին մէջ հաւաքուած հազարաւոր քաղաքացիներուն, Լ. Ղ. Հ.ի նախագահ Բակօ Սահակեանն ըսաւ, որ միջոցառումը համաժողովրդային տօնակատարութեան վերածուած է, որովհետեւ միջոցառման կազմակերպիչներուն ցանկութիւնը ճիշդ այդ եղած է:

ՙԱյս հարսանեաց հանդէսը աննախադէպ է իր ձեւով, բովանդակութեամբ եւ իմաստով: Արցախեան մեծ հարսնիքը լաւագոյն ձեւն է յաւերժացնելու բոլոր զոհուած ազատամարտիկներուն յիշատակը, լաւագոյն նուէրն է բոլոր անոնց, որոնք այս պահին կը գտնուին Հայրենիքի պաշտպանութեան դիրքերուն վրայ եւ կ’ապահովեն անոր անվտանգութիւնը: Սա նաեւ ընտանիքի հանդէպ մեր նախնիներէն ժառանգած յարգանքի ու աւանդոյթներու շարունակութիւնն է՚:

700 զոյգերուն եւ արցախահայոց երկար յիշելիք այս աննախադէպ հարսնիքը Լեռնային Ղարաբաղի ամրապնդման եւ հզօրացման համար կարեւորագոյն նշանակութիւն եւ իմաստ ունի: Հայրենիքը կը պահեն ու կը պաշտպանեն ո’չ միայն զէնքով, այլեւ` գերանդիով, բահով, ազատագրուած հողին վրայ պարզապէս ապրելով, ընտանիքներ կազմելով ու երախաներ բերելով այդ ազատագրուած հայրենիքին համար:

Դիմելով նորապսակներուն, Պարգեւ Սրբազանն անոնց մաղթեց անսահման երջանկութիւն, սէր ու զաւակներ, որպէսզի աւելի’ ամրանայ Արցախ ամրոցը: ՙԱստուծոյ օրհնութեամբ, մեր բարերարներուն անմիջական զօրակցութեամբ եւ մեր իշխանութեան հոգատար վերաբերմունքին շնորհիւ այսօր այստեղ` նորոգուած մարզադաշտին մէջ, 700 նորապսակ զոյգեր, 700 հայ նոր ընտանիքներ կը շնորհաւորենք: Ձեր ծնողները երկիրն ազատագրեցին ճիշդ ա’յս օրուան համար՚:

Ծմակահող. ոչ ոք մոռցուած է

Դուք երբեւէ տեսա՞ծ էք, թէ պատերազմին մէջ երիտասարդ որդիները կորսնցուցած մայրերն ինչպէս նուէրներ կը ստանան: Այդպէս տխուր ու յուսահատ նուէր ստացողներ կարելի չէ տեսնել որեւէ պարգեւատրման արարողութեան ժամանակ: Ամբողջովին սեւ հագուստներով որդեկորոյս մայրերը մէկ շարքով նստած էին դպրոցի բակին մէջ, եւ լսելով իրենց սպաննուած որդիներուն անունները, կարգով կը մօտենային եւ կը ստանային նուէրները` իւրաքանչիւրին մէկ զոյգ կօշիկ ու տասը հազարական դրամ:

Անոնցմէ ոմանք անձայն կը յաղթահարէին 20 ոտնաչափ հեռաւորութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի Ազատամարտիկներու Միութեան կողմէ նուէրներ յանձնող, միջին հասակը անցած տղամարդէն կը ստանային իրենց բաժինը, եւ գլուխը ցած` կը վերադառնային իրենց տեղը` սեւ հագուստներով միւս կանանց մօտ: Քանի մը մայրեր անձայն լացով կը մօտենային, կը ստանային թղթէ արկղով կօշիկներն ու ծրարով տասը հազար դրամը, իսկ մայրերէն քանի մը հոգին 20 ոտնաչափ տարածութիւնն ու ետդարձը անցնելով` ամբողջ մարմնով կը հեկեկային:

Ատիկա ո’չ այնքան պարգեւատրման արարողութիւն էր, որքան վերադարձ պատերազմի ողբերգական օրերուն, երբ այս մայրերը մարտի դաշտ կը ճամբէին իրենց երիտասարդ որդիները: Ծմակահողէն պատերազմ գացած 36 ազատամարտիկներէն տասն սպաննուեցան կռուի դաշտին մէջ:

Եթէ ղարաբաղեան պատերազմը մէկ ամիս շուտ վերջանար` Նելսոն Մկրտումեանը կենդանի կը մնար: Անոր մայրը` Վալիա Մկրտումեանը, շնորհակալութիւն կը յայտնէր քանատահայոց, որոնք Ծմակահողի դպրոցի բակին մէջ Նելսոնի եւ միւս իննը սպաննուած ազատամարտիկներուն համար յուշարձան կառուցած են: Չնայած յառաջացած տարիքին եւ որդիի կորուստին, տիկին Վալիան երեք վայրկեան տեւած շնորհակալական ելոյթի ժամանակ միայն պահ մը չկրցաւ զսպել արցունքները, երբ 12 Ապրիլ 1994ը` խրամատին մէջ Նելսոնի մահուան օրը յիշեց:

Ծմակահողը Մարտակերտի շրջանի գիւղերէն է: Ան Գանձասար տանող ճամբուն վրայ է` անտառներու մէջ պահուըտած:

12 Յուլիս 2009ին ամբողջ գիւղը հաւաքուած էր իննամեայ դպրոցի բակին մէջ, ուր Թորոնթոյի դաշնակցականներուն տրամադրած միջոցներով նորակառոյց յուշարձանը կը բացուէր: Ռաֆֆի Պէքմէզեանը յիշեց, որ երբ առաջին անգամ Ծմակահող եկած էր` ընկերոջը տեսութեան, եւ փորձած էր հասկնալ, թէ ի՞նչ է պէտք ընել գիւղի մարդոց օգնած ըլլալու համար, զարմանքով տեղեկացած էր, որ հազար ու մէկ դժուարութիւն ունեցող գիւղին ազատամարտիկներու յուշարձան է պէտք:

ՙԾմակահողի եւ Արցախի ժողովուրդը ընդհանրապէս մինակ չէ եւ իր թիկունքին ունի Հայաստանի եւ սփիւռքի ժողովուրդը: Ես եւ Վիգէնն ունինք մանկութեան ընկերներ, որոնք զոհուած են Ղարաբաղի մէջ՚,- ըսաւ քանատահայ բարերարը: Նոյն օրը բացուեցաւ Ծմակահողի ակումբին նորոգուած շէնքը, որու նորոգութեան գումարը յատկացուցած է մէկ ուրիշ թորոնթոյահայ` Վիգէն Արապեանը:

Ծմակահողի տասը զոհերու յուշարձանի բացման պատիւը տրուեցաւ բարերար Ռաֆֆի Պէքմէզեանին եւ ազատամարտին զոհուած Եկոր Գաբրիէլեանի որդիին` Սեւակին:

Դպրոցի տնօրէն Էլմիրա Սարգսեանն ըսաւ. ՙԶոհուած ազատամարտիկներու դասարաններու նստարաններուն այսօր անոնց երախաները կը նստին: Այսօր ունեցանք յուշարձան-յուշաղբիւր, եւ ամէն մէկ երախայ, անցնելով անոր կողքով, հայրենասիրութեան առաջին դասը կը ստանայ՚:

Կալիա Առուստամեանը Լ. Ղ. Հ.ի Զոհուած Ազատամարտիկներու Միութեան նախագահն է: Ան ըսաւ, որ 12 Յուլիսը թէ’ ուրախ ու թէ’ տխուր օր է: ՙՈւրախ է, քանի որ մեր բարեկամները կը յիշեն մեր տղաները եւ նման յուշարձան կը կանգնեցնեն: Տխուր է, քանի որ մեր որդիները մեզի հետ չեն: Անոնք մեզի հետ չեն, բայց մեր կողքին են անոնց մարտական ընկերները, զորս մենք իբրեւ մեր որդիները կ’ընդունինք եւ ամէն անգամ անոնց հանդիպելով` կ’ուրախանանք: Այս հողը արիւնով սրբացած հող է, թող ո’չ ոք մտածէ, թէ այս հողերը ետ պիտի տանք: Այնպէս ընենք, որ այս հողերուն վրայ մեր երախաներուն ծիծաղը, երգն ու երաժշտութիւնը լսուին՚:

Քնարիկ Սարուխանեանը ազատամարտիկ որդին` Նուէրը կորսնցուցած է 18 տարեկանին: Ան միջոցառման եկած էր միւս որդիի` Նորայրի երկու դուստրերուն հետ: Թոռնուհիներուն ձեռքերը բռնած, ան, միջոցառման միւս մասնակիցներուն նման, ՙԵրազ Իմ Երկիր Հայրենի՚ երգի հնչիւններուն տակ մօտեցաւ եւ ծաղիկներ դրաւ Ծմակահողի զոհուած տասը ազատամարտիկներու նորաբաց յուշարձանին:

Գիւղին բոլոր բնակիչները կը մօտենային յուշարձանին եւ ծաղիկներ կը դնէին անոր պատուանդանին: Անոնցմէ մէկը` Գուրգէն Սերճանեանը գամուած էր սայլակին եւ տխրութեամբ կը հետեւէր սեւ հագուստներով մայրերու պարգեւատրման արարողութեան: Վերջաւորութեան կարդացին նաեւ անոր անունը: Գուրգէնը սայլակը հրող երիտասարդի մը օգնութեամբ մօտեցաւ եւ խորհրդանշական յուշանուէր մը ստացաւ:

ՙ1996ի Դեկտեմբերին վիրաւորուած եմ դիպուկահարի կրակոցէն: 13 տարեկան մէկ որդի ունիմ: Ընտանիքս թոշակովս կը պահեմ: Պատերազմի առաջին օրէն մինչեւ վերջին օրը կռուած եմ: Շարժումն սկսաւ թէ չէ` կամաւոր գրուեցայ եւ մինչեւ վիրաւորուելուս օրը` ծառայեցի՚,- ըսաւ ան:

Դիպուկահարներուն կրակոցները հրադադարէն ի վեր հարիւրաւոր մարդկային կեանքեր խլած են, ուրիշ հարիւրաւորներ գամուած են սայլակներուն` շփման գիծին այս ու այն կողմը:

Ոչ խաղաղութիւն, ոչ պատերազմ

1994ի մայիսեան հրադադարէն ի վեր ղարաբաղ-ատրպէյճանական շփման գիծին վրայ ամենալուրջ փոխհրաձգութիւնն արձանագրուեցաւ 2008ի Մարտի առաջին օրերուն, երբ Հայաստանը ներքաղաքական բախումներու ներքաշուած էր: Մարտակերտի հիւսիս-արեւելեան հատուածին մէջ 4 Մարտի գիշերը բռնկուած փոխհրաձգութեան հետեւանքով ատրպէյճանական կողմը տուաւ ութը սպաննուած, իսկ ղարաբաղեան կողմը` երկու վիրաւոր:

Հայաստանի վարչապետ Սերժ Սարգսեանը լրատուամիջոցներուն ըսաւ. ՙԱտրպէյճանցիք մեր մարտական դիրքերէն մէկուն վրայ գրոհ ձեռնարկած են: Անոնք ժամանակաւորապէս յաջողած էին այդ դիրքը գրեթէ գրաւել: Համապատասխան կառոյցներու միջոցով մենք Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեանն առաջարկեցինք սադրանքը դադրեցնել ու մեր դիրքերէն ետ քաշուիլ, բայց մերժում ստացանք: Սակայն կ’ուզեմ ձեզ տեղեկացնել, որ այս ժամի դրութեամբ այդ դիրքը կը գտնուի մեր հսկողութեան տակ, եւ հակառակորդը, բազմաթիւ դիակներ ձգելով, ճողոպրած է՚:

Ատրպէյճանական կողմը յայտարարեց, թէ հայե’րն են սադրանքի դիմած եւ թէ փոխհրաձգութեան ընթացքին 12 հայ եւ 4 ատրպէյճանցի սպաննուած է: Այս տեղեկատուութիւնն ակնյայտօրէն սխալ էր, քանի որ ղարաբաղեան կողմը փոխհրաձգութեան ընթացքին որեւէ զոհ չէր տուած: Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւն այցելեց Թարթարի շրջան, ուր նախօրեակին փոխհրաձգութիւն տեղի ունեցած էր: ՙԵթէ Հայաստանը նորէն փորձէ սադրանքի դիմել` պատասխանը շատ աւելի կարծր պիտի ըլլայ: Վերջերս առաջին գիծին վրայ ստեղծուած իրադրութիւնը Հայաստանի ներքաղաքական եւ սոցիալական իրավիճակին հետ կապուած է՚,- ըսած էր Ապիեւը:

Ե. Ա. Հ. Կ.ի Մինսքի Խումբին համանախագահները համատեղ յայտարարութեամբ մը ափսոսանք յայտնեցին փոխհրաձգութեան հետեւանքով մարդոց զոհուելու փաստին կապակցութեամբ եւ կողմերուն յորդորեցին ՙվերականգնել փոխադարձ վստահութիւնը շփման գիծին երկայնքով, յետագայ առճակատումներէն, բռնութեան ծաւալումէն եւ ռազմատենչ հռետորութենէն ձեռնպահ մնալ՚: Անոնք Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կոչ ըրին` ՙհաւանութիւն տալ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հիմնարար սկզբունքներուն, որոնք կողմերուն ներկայացուած են 2007ի Նոյեմբերին` Մատրիտի մէջ՚:

Միջազգային կազմակերպութեանց եւ ռազմական փորձագէտներու տուեալներով` 1994ի մայիսեան հրադադարէն ի վեր հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերը զինուորականութեան եւ քաղաքացիական բնակչութեան շրջանին մէջ տուած են մօտ 3000 զոհ, որոնց մեծ մասն արձանագրուած է հրադադարի խախտումներու եւ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ ականներու պայթիւններու հետեւանքով: Ատրպէյճանական կողմը հաղորդած է, որ 2008ի ընթացքին հակառակորդը 1250 անգամ խախտած է հրադադարը, իսկ հայկական կողմին պնդումով` Ատրպէյճանը նոյն տարուայ ընթացքին հրադադարը խախտած է 3500 անգամ:

Ատրպէյճանը կը շարունակէ ռազմական ծախսերն աւելցնել, եւ անդադար կը յայտարարէ, թէ պատրաստ է խնդիրը լուծելու ռազմական միջոցով: Մինչ Ատրպէյճանի ռազմական ելեւմուտքը 2003ին մօտ 130 միլիոն տոլար էր` 2010ին անիկա երկու միլիառ տոլարէն աւելի է:

ՙՀայերը կը յայտարարեն, թէ պատերազմը յաղթած են, սակայն այդպէս չէ: Պատերազմը դեռ չէ վերջացած, վերջացած է անոր միայն առաջին փուլը, որու ընթացքին հայերը, արտասահմանեան օգնութեան շնորհիւ, յաջողած են ատրպէյճանական հողերուն մէկ մասը բռնագրաւել՚,- տարբեր առիթներով յայտարարած է նախագահ Իլհամ Ալիեւը:

Հայաստանը եւ Լեռնային Ղարաբաղը նման ռազմատենչ յայտարարութիւնները սովորաբար անպատասխան կը ձգեն: Նոր պատերազմը կրնայ բռնկիլ ճիշդ այն ժամանակ, երբ Ատրպէյճանը վերջնականապէս համոզուի, որ ռազմական առաւելութեան հասած է: Շատ դժուար է կանխատեսել, թէ ղարաբաղեան նոր պատերազմն ի՞նչ վերջ կ’ունենայ, սակայն Ատրպէյճանի ու Վրաստանի գլխաւորած սպառազինութեանց նոր մրցավազքը Հարաւային Կովկասի մէջ` մտահոգութեանց տեղիք կու տայ: 2008ի օգոստոսեան հնգօրեայ պատերազմը ցոյց տուաւ, որ ՙսառեցուած՚ հակամարտութիւնները կրնան ՙհալիլ՚:

Քոսովօն, Հարաւային Օսիան եւ Աբխազիան

7-լոյս 8 Օգոստոս 2008ի գիշերը վրացական զինուած ոյժերը յարձակում սկսան Հարաւային Օսիայի ուղղութեամբ` Ցխինվալ քաղաքն աննախադէպ հրթիռահրետակոծութեան ենթարկելով: Անմիջապէս հետեւեցաւ Մոսկուայի պատասխանը. ռուսական հրասայլերը քանի մը ժամերու եւ օրերու ընթացքին ո’չ միայն ետ մղեցին վրացական ոյժերը, այլեւ` բուն Վրաստանի տարածքը ներխուժեցին եւ Կորի քաղաքն ու շարք մը ուրիշ բնակավայրեր գրաւեցին: Ռուսական զրահամեքենաները մինչեւ Թպիլիսիի մատոյցները` մայրաքաղաքէն ընդամէնը 35 քմ. հեռու հասան:

Ամերիկեան օգնութեամբ վարժեցուած եւ զինուած վրացական բանակը քանի մը օրերու ընթացքին շարքէ հանուեցաւ: Տասնեակներով սպաներ ու զինուորներ մարտական գործողութեանց գօտիէն պարզապէս փախան: Վրաստանի ռազմական ենթակառուցուածքները լրջօրէն վնասուեցան, ոչնչացուեցան մեծ քանակութեամբ հրասայլեր, հրետանի եւ ուրիշ զրահամեքենաներ: Հնգօրեայ պատերազմի ընթացքին վրացիներն ու օսերը հարիւրաւոր զոհեր տուին քաղաքացիական բնակչութեան եւ զինուորականներու շրջանին մէջ: Հազարաւոր վրացիներ տեղահանուեցան Հարաւային Օսիայէն:

Միխէիլ Սաակաշվիլիի` ռազմական ոյժ կիրառելու որոշումը կոպիտ սխալ դուրս եկաւ: Ռուսիոյ հաւանական յարձակումէն ամերիկացիներու` Վրաստանը պաշտպանելու անոր ակնկալիքները չարդարացան: Ն. Ա. Թ. Օ.ին յառաջիկայ տարիներուն անդամակցելու Վրաստանի հնարաւորութիւնները էապէս նուազեցան: Նախագահ Տմիթրի Մետվետեւը 26 Օգոստոսին յայտարարեց, որ Մոսկուան կը ճանչնայ Հարաւային Օսիայի եւ Աբխազիոյ անկախութիւնը:

ՙՀաշուի առնելով աբխազ եւ օս ժողովուրդներուն ազատ կամքի դրսեւորումը, առաջնորդուելով Մ. Ա. Կ.ի կանոնադրութեամբ եւ 1970ին ստորագրուած ՙՄիջազգային իրաւունքի կանոններու մասին հռչակագիր՚ին դրոյթներով, Հելսինքիի 1975ի եզրափակիչ փաստաթուղթով, միջազգային իրաւունքի ուրիշ հիմնարար փաստաթուղթերով` ես Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսիայի անկախութիւնը ճանչնալու հրամանագիրներ ստորագրած եմ՚,- հեռատեսիլային ելոյթին մէջ ըսաւ Ռուսիոյ նախագահը: Մետվետեւը նաեւ կոչ ըրաւ միւս պետութեանց ղեկավարներուն` հետեւելու իր օրինակին. ՙԱսիկա դիւրին ընտրութիւն մը չէ, բայց ա’յդ է մարդոց կեանքը պահպանելու միակ հնարաւորութիւնը՚:

Մինչեւ 2008ի կէսերը Հարաւային Օսիայի եւ Աբխազիոյ բնակչութեան մեծ մասը ռուսական անձնագիր ստացած էր: Սակայն մինչեւ օգոստոսեան պատերազմը քիչ հաւանական կը թուէր, որ Մոսկուան ճանչնայ երկու միաւորները, որոնք անկախութիւն հռչակած էին Խորհրդային Միութեան փլուզման նախօրեակին: Քիչերը կը հաւատային, որ իր տարածքին ունենալով մօտ երկու տասնեակ ազգային ինքնավարութիւններ, այդ թուին` նոյնինքն Վրաստանի դրացնութեամբ` Հիւսիսային Կովկասի մէջ, Մոսկուան վճռական կ’ըլլայ ու Հարաւային Օսիայի եւ Աբխազիոյ անկախութիւնը կը ճանչնայ:

Ռուսիան Արեւմուտքին որոշակի օրինակով ցոյց տուաւ, որ պատրաստ է ամենակոշտ քայլերու դիմելու, երբ իր շահերը կը վտանգուին: Ռուս-վրացական պատերազմը ո’չ միայն ցոյց տուաւ Վրաստանի խոցելիութիւնը անդրսահմանային բեռնափոխադրումներու հարցերուն մէջ, մասնաւորապէս հարցականի տակ դնելով Ատրպէյճան-Վրաստան-Թուրքիա ոյժանիւթային միջանցքին կենսունակութիւնը, այլեւ` ի յայտ բերաւ Ռուսիոյ միջամտելու պատրաստակամութիւնը եւ միջազգային մեքանիզմներու` ռազմական զարգացումները զսպելու անընդունակութիւնը:

Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպայի` Քոսովոյի անկախութիւնը ճանչցած երկիրները դատապարտեցին Ռուսիոյ կողմէ Հարաւային Օսիայի ու Աբխազիոյ ճանաչումը: Բացի Նիքարակուայէն, Վենեզուելայէն եւ Խաղաղական Օվկիանոսին մէջ գտնուող փոքրիկ Նաուրուէն, նոյնիսկ Ռուսիոյ դաշնակից կամ Ա. Պ. Հ.ի պետութիւններէն որեւէ մէկը Աբխազիոյ ու Հարաւային Օսիայի անկախութիւնը չէ ճանչցած:

Ատրպէյճանը անօրինական որակեց ինչպէս Քոսովոյի, այնպէս ալ Հարաւային Օսիայի եւ Աբխազիոյ անկախութիւնը: Բայց Ատրպէյճանի համար ռուս-վրացական պատերազմը դաս եղաւ: Եթէ Սաակաշվիլին յաջողէր իրականացնել իր մտադրութիւնը` ոյժի սպառնալիքի եւ ոյժի գործադրման միջոցով իրեն ենթարկեցնէր Հարաւային Օսիան` ատիկա կրնար նաեւ Ատրպէյճանի ախորժակը բանալ: Վրաստանի ստորացուցիչ պարտութենէն յետոյ Ատրպէյճանը, չնայած շարունակուող ռազմական հռետորութեան, Լեռնային Ղարաբաղի դէմ նոր պատերազմ սկսելու պարագային հաւանաբար հաշուի կ’առնէ, որ հետեւանքները կրնան անկանխատեսելի ու աղէտալի ըլլալ:

Հայաստանը ո’չ Քոսովոյի, ո’չ ալ Հարաւային Օսիայի ու Աբխազիոյ անկախութիւնը կը ճանչնայ, բայց ի տարբերութիւն Ատրպէյճանի` դատապարտած ալ չէ: Նախագահ Սարգսեանն ըսած է. ՙՈւնենալով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը` Հայաստանը չի’ կրնար ճանչնալ նոյնանման իրավիճակի մէջ գտնուող մէկ ուրիշ կազմաւորում, քանի դեռ չէ ճանչցած Լ. Ղ. Հ.ն: Անջատման միջոցով ինքնորոշման իրաւունքի իրագործումը ժամանակ պահանջող հոլովոյթ մըն է, որու հետեւանքով այդ ինքնորոշման մտքին պէտք է բոլոր շահագրգռուած կողմերը յարմարին, ինչպէս եղաւ Խ. Ս. Հ. Մ.ի փլուզման կամ Չեխոսլովաքիոյ պարագաներուն: Ճիշդ այդ մասին են մեր բանակցութիւններն Ատրպէյճանի հետ` Լեռնային Ղարաբաղի հարցով: Մեր գերագոյն նպատակն է խաղաղ, բանակցութեանց միջոցով համոզել ատրպէյճանական կողմը, որ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման ճանաչումը, ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումը անխուսափելի է՚:

Ուրիշ հարցազրոյցի մը մէջ նախագահ Սարգսեանն ըսած է. ՙՄենք իրաւունք չունինք ճանչնալու այդ երկիրներուն անկախութիւնը, քանի դեռ չենք ճանչցած Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը: Մեր ժողովուրդն այդ քայլը չի հասկնար: Այժմ կը հարցնէք` իսկ ինչո՞ւ Ղարաբաղի անկախութիւնը չենք ճանչնար: Մենք կը կարծենք, թէ անկախութեան ճանաչումը հոլովոյթի վերջին քայլն է: Մենք այնքան ուժեղ չենք` միակողմանիօրէն ճանչնալու համար Ղարաբաղի անկախութիւնը եւ ատորմով իսկ վերջացած սեպելու հոլովոյթը՚:

Քոսովոյի անկախութեան հռչակման ու ճանաչման Ստեփանակերտի մէջ զուսպ կերպով արձագանգեցին: Խորհրդարանի նախագահ Աշոտ Ղուլեանն ըսաւ, որ Քոսովոյի անկախութեան հռչակումը անցած փուլ է Լ. Ղ. Հ.ի համար, քանի որ Լ. Ղ.ն անկախութիւն հռչակած է 1991ի Սեպտեմբերին: ՙՔոսովոյի անկախութեան հռչակման կրնայ հետեւիլ ճանաչման հոլովոյթը, ինչը հետաքրքրական է մեզի համար: Հոլովոյթը կրնայ իսկապէս նախադէպ ըլլալ, եւ մենք ուշադրութեամբ կը հետեւինք, թէ Քոսովոյի անկախութեան հռչակման ի՞նչ պիտի հետեւի՚,- ըսած է ան:

Լ. Ղ. Հ.ի Ազգային Ժողովի խմբակցութիւնները Քոսովոյի խորհրդարանի` 17 Փետրուար 2008ին ընդունած անկախութեան հռչակագիրին վերաբերեալ տարածեցին յայտարարութիւն մը, ուր կը պաշտպանուէր ազատ ինքնորոշման իրաւունքը եւ կ’ողջունուէր միջազգային հանրութեան կեցուածքը Քոսովոյի բնակչութեան մեծամասնութեան մարդկային եւ քաղաքացիական իրաւանց յարգման հարցին շուրջ. ՙԱշխարհի երկիրներու խորհրդարաններուն կոչ կ’ընենք հետեւողական ըլլալու ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ կազմաւորուած պետութեանց ճանաչման հարցին մէջ` երկակի չափանիշներէն ձեռնպահ մնալով՚:

Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսիայի պարագային Լ. Ղ. Հ.ն շնորհաւորեց` նախագահի մակարդակով:

Ռուսիան մէկ կողմէ դատապարտելով Քոսովոյի անկախութեան հռչակումն ու ճանաչումը, միւս կողմէ` ճանչնալով Հարաւային Օսիան ու Աբխազիան, կը յայտարարէ, որ ատիկա չի կրնար նախադէպ ըլլալ Լեռնային Ղարաբաղի պարագային: Ա. Մ. Ն.ն ու Եւրամիութիւնը կը յայտարարեն, որ Քոսովօն չի կրնար նախադէպ ըլլալ Լեռնային Ղարաբաղի համար: Սա միջազգային յարաբերութեանց մէջ ՙերկակի չափանիշ՚ կը կոչուի:

Մայենտորֆի հռչակագիրը

Ռուսիան գիտակցեցաւ, որ Վրաստան ռազմական ներխուժումէն յետոյ կարիք ունի ցոյց տալու, որ Կովկասի մէջ կրնայ նաեւ խաղաղ ներգրաւում ապահովել, ինչպէս նաեւ ընդգծել, որ ի տարբերութիւն Հարաւային Օսիայի եւ Աբխազիայի` ոչ բոլոր ՙսառեցուած՚ հակամարտութիւնները պէտք է լուծուին ոյժի գործադրման միջոցով: Մոսկուայի ուղղակի միջամտութեան եւ ռուս-ատրպէյճանական յարաբերութեանց աննախադէպ ջերմացման շնորհիւ էր նաեւ, որ Ալիեւը որոշ չափով նուազեցուց ռազմական հռետորութիւնը:

2 Նոյեմբեր 2008ին Մոսկուայի մօտակայ Մայենտորֆ դղեակին մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները հանդիպեցան Տմիթրի Մետվետեւի միջնորդութեամբ: Մինչ այդ Սերժ Սարգսեանն ու Իլհամ Ալիեւը 6 Յունիսին բանակցած էին Սանքթ Փեթերպուրկի մէջ: Մայենտորֆի մէջ ստորագրուեցաւ հինգ կէտնոց եռակողմ հռչակագիր մը, զոր նշանակալից էր շարք մը իմաստներով:

Անիկա 1994ի մայիսեան հրադադարէն յետոյ ստորագրուած առաջին փաստաթուղթն է, որուն տակ չկայ հակամարտութեան հիմնական կողմին` Լեռնային Ղարաբաղին ստորագրութիւնը: Սերժ Սարգսեանը մոսկովեան հռչակագիրին մասին ըսած է, որ հայկական կողմին համար ՙկարեւոր է, թէ ստորագրուած է փաստաթուղթ մը, որ հակամարտութեան ռազմական միջոցով լուծումը կը բացառէ՚:

ՙԻ հարկէ, ասիկա սոսկ հռչակագիր է, իսկ մենք շատ ուրախ կ’ըլլայինք զայն պայմանագիրի հասցնելով: Ես փաստաթուղթին կարեւորութիւնը չեմ ուզեր թերագնահատել: Նաեւ ուրախ եմ, որ Ատրպէյճանը ստորագրած է փաստաթուղթ մը, որ հակամարտութեան լուծման համար կ’ընդունի միջազգային իրաւունքի բոլոր սկզբունքները եւ ո’չ միայն տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը՚:

Ընդդիմութեան առաջնորդ եւ առաջին նախագահ Տէր Պետրոսեանը մտահոգիչ սեպեց, որ ՙհռչակագիրը վերջնականապէս կը թաղէ Ե. Ա. Հ. Կ.ի 1994ի Պուտափեշթի գագաթաժողովի կայացուցած որոշումը, որով Լ. Ղ.ն հակամարտութեան երրորդ լիիրաւ կողմ ճանչցուած էր, իսկ ատիկա կը նշանակէ, որ Լ. Ղ. Հ.ն որեւէ դերակատարութիւն պիտի չունենայ իր բախտը վճռող բանակցութեանց յետագայ հոլովոյթին մէջ՚: Առաջին նախագահն ընդգծած էր, որ մոսկովեան հռչակագիրին տակ դրուած Սարգսեանի եւ Ալիեւի ստորագրութեամբ` ՙղարաբաղեան կարգաւորման աւարտական փուլին սկիզբը ազդարարուած է՚:

Տէր Պետրոսեանի կարծիքով` անընդունելի էր ՙղարաբաղեան հակամարտութիւնը պիտի կարգաւորուի միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու եւ կանոններու, ինչպէս նաեւ անոնց ծիրին մէջ ընդունուած որոշումներու եւ փաստաթուղթերու հիման վրայ՚ ձեւակերպումը£ ՙՄտահոգիչը ո’չ այնքան ՙմիջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն ու կանոններուն՚ վերաբերող դիւանագիտական նրբասացութիւնն է, որքան ՙանոնց ծիրին մէջ ընդունուած որոշումներու եւ փաստաթուղթերու՚ յիշատակումը£ Վերջիններուս տակ, անկասկած Ատրպէյճանի պահանջով, նկատի են առնուած Մ. Ա. Կ.ի Գլխաւոր Համաժողովի եւ Ե. Խ. Խ. Վ.ի բանաձեւերը, որոնց մէջ կը ճանչցուի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ կը պահանջուի հայկական զօրքերուն անվերապահ դուրսբերումը Լ. Ղ.ին յարակից ատրպէյճանական տարածքներէն՚:

Պաշտօնական Երեւանը նախագահի եւ արտաքին գործոց նախարարի բերանով բազմիցս յայտարարած է եւ փաստաթուղթերու տակ ստորագրելով հաստատած, որ մատրիտեան փաստաթուղթն իբրեւ բանակցութեանց հիմք կ’ընդունի: Լրագրողներու հետ զրոյցներէն մէկուն մէջ պատասխանելով ՙո՞րն է փոխզիջումներու այն սահմանը կամ կարմիր գիծը, որմէ այն կողմ Հայաստանը երբեք չ’անցնիր, եւ, ընդհանրապէս, Հայաստանը կը պատկերացնէ՞ Լ. Ղ.ն Ատրպէյճանի կազմին մէջ` դաշնային պետութեան կամ որեւէ ուրիշ ձեւով՚ հարցումներուն, Սերժ Սարգսեանն ըսած է, որ պէտք է ընդունուի Լ. Ղ.ի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը:

ՙԼ. Ղ.ի ժողովուրդը հազարաւոր տարիներ ապրած է այս տարածքին մէջ եւ հիմա պէտք է այնպիսի պայմաններ ստեղծուին, որպէսզի Լ. Ղ.ի ժողովուրդը հնարաւորութիւն ունենայ շարունակելու իր անվտանգ գոյութիւնը այդ տարածքին: Խորհրդային ժամանակաշրջանը, երբ Լ. Ղ.ն գտնուած է Ատրպէյճանի կազմին մէջ, ցոյց տուած է, որ անհնար է Լ. Ղ.ի անվտանգ գոյութիւնը Ատրպէյճանի կազմին մէջ: Լ. Ղ.ն կրնա՞յ Ատրպէյճանի կազմին մէջ այս կամ այն կերպ ըլլալ կամ ոչ. ես կրնամ պատասխանել, որ ատիկա կարելի է որոշել հանրաքուէի միջոցով` հարցնել ղարաբաղցիներուն կարծիքը: Որեւէ հանրաքուէ միայն մէկ արդիւնք պիտի ունենայ` ղարաբաղցիները Ատրպէյճանի կազմին մէջ ըլլալ չեն փափաքիր: Ես նախագահ Իլհամ Ալիեւին ըսած եմ, որ եթէ ատրպէյճանցիները կը փափաքին ցոյց տալ, որ լրջօրէն հետաքրքրուած են Լ. Ղ.ի անվտանգ կեանքի ու ապագայի հարցերով` թող ներդրումներ կատարեն, լուրջ ներդրումներ կատարեն Լ. Ղ.ի մէջ, ապացուցեն, որ Ատրպէյճանը պատրաստ է ներդրումներ ընելու եւ համոզելու Լ. Ղ.ի ժողովուրդը, որ Ատրպէյճանը կրնայ իրենց անվտանգութեան երաշխաւոր ըլլալ: Թերեւս անկէ յետոյ հանրաքուէի ժամանակ ղարաբաղցիները փափաք յայտնեն մնալու Ատրպէյճանի կազմին մէջ: Եթէ օր մը հրաշք պատահի եւ Լ. Ղ.ն Ատրպէյճանի կազմին մէջ յայտնուի` շատ կարճ ժամանակ յետոյ հոն որեւէ հայ չի մնար՚:

2008ի Հոկտեմբերին նախագահ Սարգսեանը կրկնեց, որ ՙկարգաւորման գործընթացը կ’ընթանայ Մինսքի Խումբի ծիրին մէջ` ՙմատրիտեան սկզբունքներ՚ու հիման վրայ: ՙՂարաբաղեան խնդիրի կարգաւորումը հնարաւոր է եթէ Ատրպէյճանը ճանչնայ Լ. Ղ.ի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը, եթէ Լ. Ղ.ն ցամաքային սահման ունենայ Հ. Հ.ի հետ եւ եթէ միջազգային կազմակերպութիւններն ու առաջատար երկիրները երաշխաւորեն Լ. Ղ.ի ժողովուրդին անվտանգութիւնը՚:

Պաքուի իշխանութիւնները տեսականօրէն չեն բացառեր, որ Լ. Ղ.ի մէջ կրնայ քուէարկութիւն կատարուիլ: ՙՎերջնական կարգավիճակին որոշումը կրնայ տեղի ունենալ մէկ տարի, թերեւս` 10 տարի կամ 100 տարի յետոյ, կամ կրնայ երբեք ալ տեղի չունենալ: Ժամանակը ցոյց կու տայ՚,- ըսած է Ալիեւը:

2009ի Ապրիլին Ալիեւը յայտարարեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ անվտանգ ցամաքային կապ տրամադրելու հարցին մէջ խնդիր չի տեսնէր, իսկ ղարաբաղեան հարցի մանրամասնութեանց մէջ Ատրպէյճանի ուղեղը նկատուող, արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմովը աւելցուց, որ ՙԼաչինը հաւասարապէս կարեւոր է նաեւ Ատրպէյճանի համար իբրեւ փոխադրական միջանցք դէպի Նախիջեւան՚: Սեպտեմբերին Լաչին գացած է Ե. Ա. Հ. Կ.ի դիտարկման խումբը` կողմերուն համար յատուկ զեկոյց պատրաստելու նպատակով:

Քրաքովէն Աթէնք

Միջազգային հանրութեան լուռ հաւանութեամբ` Ատրպէյճանը սահմանադրական փոփոխութեանց հանրաքուէ կատարեց 2009ի Մարտին: Ըստ պաշտօնական տուեալներուն` մասնակիցներուն 92 տոկոսը նախագահի պաշտօնին երկու անգամէն աւելի առաջադրուելու սահմանադրական արգելքը վերացնելուն կողմ արտայայտուած է: Այսպիսով, իշխանութիւնը հօրմէ ժառանգած Իլհամ Ալիեւը երկրի նախագահի պաշտօնին մինչեւ կեանքի վերջը վերընտրուելու հնարաւորութիւն ստացաւ:

Ալիեւը 2008ի Հոկտեմբերին նախագահի պաշտօնին վերընտրուած էր քուէներուն շուրջ 89 տոկոսով: Ի տարբերութիւն Հայաստանի, Ատրպէյճանի մէջ ընդդիմութիւնը ջախջախուած է եւ ներքաղաքական պայքարէն դուրս մղուած: Ժողովրդավարութեան արեւմտեան պահանջներն Ատրպէյճանի մէջ այն աստիճան կ’անտեսուին եւ կ’ոտնահարուին, որ ընդդիմութիւնը նախագահական ընտրութեանց մասնակցիլն անիմաստ կը նկատէ: Ատրպէյճանը աննախադէպ կերպով բարելաւեց եւ խորացուց իր յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ` Մոսկուայի բարեհաճ վերաբերմունքն ապահովելով ղարաբաղեան գործընթացին մէջ:

2009ի ընթացքին, ամէն ժամանակէ աւելի, ղարաբաղեան կարգաւորման գործընթացին վրայ ազդեցութիւն ձգեց հայ-թրքական յարաբերութեանց մէջ սպասուող յառաջընթացը: Հայկական կողմը հետեւողականօրէն կը պնդէ, որ երկու գործընթացները զուգահեռ են, մինչդեռ թրքական կողմն ամենաբարձր մակարդակով կը յայտարարէ, որ քանի դեռ հակամարտութեան գօտիին մէջ սթաթուս քուոյի փոփոխութիւն տեղի չէ ունեցած, Թուրքիոյ խորհրդարանը Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները դժուար թէ վաւերացնէ:

Տարուան ընթացքին Հայաստանի և Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ կայացաւ վեց հանդիպում. 28 Յունուարին` Ցիւրիխի, 7 Մայիսին` Փրակայի, 4 Յունիսին` Սանքթ Փեթերպուրկի, 17 Յուլիսին` Մոսկուայի, 8 Հոկտեմբերին` Քիշնեւի եւ 22 Նոյեմբերին` Միւնիխի մէջ:

2009ին ղարաբաղեան կարգաւորման նշանակալի իրադարձութիւնը Աքուիլայի գագաթաժողովին Մեծ Ութնեակի ղեկավարներէն երեքին՝ Ռուսիոյ, Ա. Մ. Ն.ի եւ Ֆրանսայի նախագահներ Տմիթրի Մետվետեւի, Պարաք Օպամայի եւ Նիքոլա Սարքոզիի 10 Յուլիսի համատեղ յայտարարութիւնն էր, ուր անոնք հակամարտութիւնը կարգաւորել կը յորդորեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներուն:

Մեծ Ութնեակի 1997ի Տենվըրի գագաթաժողովէն յետոյ սա երկրորդ դէպքն է, երբ համաշխարհային երեք ուժային կեդրոնները յատկապէս կը կարեւորեն ղարաբաղեան կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը: Աքուիլայի համատեղ յայտարարութենէն բացի` հրապարակուեցան նաեւ կարգաւորման այն հիմնարար սկզբունքները, որոնք Ռուսիոյ, Ա. Մ. Ն.ի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարները Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին իբրեւ կարգաւորման հիմնարար սկզբունքներու նախնական տարբերակ ներկայացուցած էին 2007ի Նոյեմբերին` Մատրիտի մէջ:

Հիմնարար սկզբունքներն են` Լ. Ղ.ն շրջապատող տարածքներու վերադարձ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան, Լ. Ղ.ի վերջնական իրաւական կարգավիճակի յետագայ որոշում իրաւականօրէն պարտաւորեցնող կամարտայայտութեան միջոցով, Լ. Ղ.ի` անվտանգութեան եւ ինքնակառավարման երաշխիքներ տրամադրող միջանկեալ կարգավիճակ, Հայաստանը Լ. Ղ.ին կապող միջանցք, ներքին տեղահանուած անձանց եւ փախստականներու` իրենց նախկին մշտական բնակութեան վայրերը վերադառնալու իրաւունք, անվտանգութեան` խաղաղապահ գործողութիւն ներառող միջազգային երաշխիքներ:

Մատրիտեան փաստաթուղթին մասնակի գաղտնազերծումը Հայաստանի մէջ մտահոգութեանց եւ տարաբնոյթ մեկնաբանութեանց տեղիք տուաւ: Իշխանութիւնները կրկնեցին, որ բանակցութիւններն այս փաստաթուղթի յենքով պիտի շարունակեն: Եղան քաղաքական ոյժեր, որոնք յայտարարեցին, թէ այդ փաստաթուղթը Հայաստանի եւ Լ. Ղ.ի շահերէն չի բխիր: Հայաստանի հասարակութեան մէկ հատուածն ընդհանրապէս կը մերժէ որեւէ փոխզիջում եւ անընդունելի կը նկատէ ամէն հանգուցալուծում, որ Լ. Ղ. Հ.էն որեւէ տարածք կը վերադարձնէ Ատրպէյճանին:

Յուլիսի վերջերուն Լեհաստանի Քրաքով քաղաքին մէջ կայացաւ Մինսքի Խումբի համանախագահներուն աշխատանքային հանդիպումը, որու ընթացքին պատրաստուեցաւ մատրիտեան փաստաթուղթի նորացուած տարբերակը: Ամերիկացի միջնորդ Մեթիւ Պրայզան յայտարարեց. ՙՀամանախագահները ամենայն զգուշութեամբ կշռադատեցին 2007ի Նոյեմբերէն՝ մատրիտեան փաստաթուղթի ներկայացումէն ի վեր երկու կողմերուն արտայայտած դիրքորոշումները: Այնուհետեւ, հիմք ընդունելով 10 Յուլիս 2009ին մեր երեք նախագահներուն յայտարարութեամբ տրուած ցուցումը, պատրաստեցինք մատրիտեան փաստաթուղթի նորացուած տարբերակը՚:

Նորացուած կամ լրամշակուած տարբերակը որքանո՞վ է նորացուած` տեղեակ են միջնորդներն ու հակամարտութեան կողմերուն ղեկավարները: Կասկած չկայ, որ փաստաթուղթի կէտերուն նոյնիսկ տեղափոխումը կամ մանրամասնութեան մը փոխումը կրնայ գլուխն ի վար շրջել փաստաթուղթը եւ անընդունելի դարձնել կողմերէն մէկուն, միւսին կամ երրորդին համար, քանի որ ՙսատանան նոյնինքն մանրամասնութեանց մէջ է՚: Ի տարբերութիւն Մատրիտի մէջ ներկայացուած 14 կէտնոց փաստաթուղթին, որու առաջին կէտին մէջ կը նշուի Լ. Ղ.ի մէջ ժողովուրդի վճիռ (փլեպիսցիթ) կայացնելը, նորացուած մատրիտեանը կը սկսի ՙԼ. Ղ.ն շրջապատող տարածքները Ատրպէյճանի վերահսկողութեան վերադարձնել՚էն, իսկ ՙժողովուրդի վճիռ՚ եզրը ՙիրաւականօրէն պարտաւորեցնող կամարտայայտութիւն՚ անորոշ իմաստով բառակապակցութիւն դարձած է:

2009ի Դեկտեմբերի առաջին օրերուն Աթէնքի մէջ կայացաւ Ե. Ա. Հ. Կ.ի նախարարներու տարեկան հանդիպումը, որու ծիրին մէջ ղարաբաղեան կարգաւորման շուրջ երկու յայտարարութիւն ընդունուեցաւ: Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովն ու Պեռնար Քուշնէրը եւ Ա. Մ. Ն.ի պետական քարտուղարի տեղակալ Ճէյմս Սթայնպէրկը 1 Դեկտեմբերին Աթէնքի մէջ հանդիպում մը ունեցան Էտուարտ Նալպանտեանի ու Էլմար Մամէտեարովի հետ, որու աւարտին ՙՀայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները վերահաստատեցին չլուծուած հարցերը կարգաւորելու եւ, մասնաւորապէս, Հելսինքիի եզրափակիչ փաստաթուղթին մէջ ամրագրուած` ոյժ կամ անոր սպառնալիքը չկիրառելու, տարածքային ամբողջականութեան, ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման սկզբունքներու հիման վրայ համաձայնութեան հասնելու ուղղութեամբ եռանդուն կերպով աշխատելու իրենց յանձնառութիւնը՚: Նոյն սկզբունքները կը նշուէին նաեւ 2 Դեկտեմբերին Ե. Ա. Հ. Կ.ի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Խորհուրդի յայտարարութեան մէջ:

Պաշտօնական Երեւանը ձեռքբերում սեպեց այն փաստը, որ Ատրպէյճանը, առաջին անգամ ըլլալով, ուրիշ սկզբունքներու հետ կ’ընդունի նաեւ ինքնորոշման սկզբունքը: Լ. Ղ. Հ.ի իշխանութեան դիրքորոշումը յստակ չէր: Պաշտօնական Ստեփանակերտը կը նշէր, որ մատրիտեան կամ նորացուած մատրիտեան առաջարկներ չէ ստացած: Հայաստանի մէջ, առաջին նախագահ Տէր Պետրոսեանին սատարող ընդդիմութիւնը ընդգծեց, թէ Հայաստանն առաջին անգամ ըլլալով նման բարձր մակարդակով ընդունած է Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը: Ուրիշներ քննադատեցին իշխանութիւնները, ըսելով, որ քանի դեռ վերջնականապէս չեն ճշդուած Լ. Ղ.ի մէջ կատարուելիք քուէարկութեան մանրամասնութիւնները, նման ձեւակերպումներ կարելի չէր թոյլ տալ, քանի որ անոնք կրնան հայկական կողմին դէմ աշխատիլ: Իբրեւ ղարաբաղեան խնդիրի կարգաւորման հիմք տարածքային ամբողջականութեան ու ինքնորոշման իրաւունքները կողք-կողքի ամրագրելը Հայաստանի եւ Լ. Ղ.ի համար կրնայ ընդունելի ըլլալ միայն այն պարագային, երբ անոր կը հետեւին յստակ ձեւակերպում մը եւ նոյնքան յստակ երաշխիքներ, թէ Լ. Ղ.ի մէջ տեղի պիտի ունենայ հանրաքուէ, որով Լ. Ղ.ի ժողովուրդը առանց սահմանափակումներու պիտի որոշէ իր ճակատագիրը:

Յ. Գ. 

Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ), Կիւմրիի, Ստեփանակերտի, Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Արևմտահայերեն-Արցախեան-օրագիր

Փափուկ կազմ, 555 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2010, Անթիլիաս,
ISBN 978-995301815-7:
Գինը՝ 7.000 դրամ ($14.00):