Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէ հայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսած` հայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններուն` ի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեան, մասնաւորաբար` գրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներուն: Տուեալներուն կցուած են հրատարակութեան բովանդակութեան առնչուած անհրաժեշտ եւ հակիրճ բացատրութիւններ: Տուեալները երբեմն քաղուած են պարբերական մամուլէն եւ կրնան պակասաւոր ըլլալ:
Նոր հրատարակութիւններ
– Բաբգէնեան Վիգէն, «Հայաստանը, Աւստրալիան եւ Մեծ պատերազմը», Սիտնի – Աւստրալիա, 2016 (Մեծ Եղեռնի, Անթիլիասի որբանոցի կազմաւորման, Մեծ Եղեռնէն ետք Աւստրալիոյ՝ հայ ժողովուրդին, մասնաւորաբար Անթիլիասի որբանոցին ցուցաբերած օժանդակութեան մասին):
– Գովան Եդուարդ (հաւաքեց), «Թրքերէնէ հայերէն ասութիւններու այժմէական բառարան», հրատարակութիւն Ուսուցչաց հիմնարկի, Իսթանպուլ, 2016, 888 էջ (15 x 17.5 սմ.): Տպագրութեան մեկենասն է Էմմա Գարատէմիր-Գիւլէկէչը՝ ի յիշատակ իր եղբօր՝ Տիգրան Գարատէմիրի:
– Թաշճեան Վահէ, «Առօրեայ կեանքը անդունդին մէջ. Ցեղասպանութեան օրագրութիւններ 1915-1918»,«Պերկահն» հրատարակչատուն, Նիւ Եորք – Լոնտոն, 2017, 220 էջ (15. x 23 սմ.) (անգլերէն):
– «Ժորժ Սարգիսեան՝ թարգմանիչը», Ա.-Դ. հատոր (Դ. հատորը՝ երկու մասով), նիւթերու համադրում եւ խմբագրութիւն՝ Արա Արծրունի, հրատարակութիւն Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, Պէյրութ, 2017, ընդհանուրը՝ 1872 էջ: Մեկենասներ՝ տէր եւ տիկին Սինան եւ Անժել Սինանեան (լիբանանահայ վաստակաշատ արուեստագէտ, Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի երկարամեայ բեմադրիչ Ժորժ Սարգիսեանի թարգմանած բոլոր՝ 25 թատրերգութիւնները):
– Խառատեան Ալպէրթ, Գէորգեան Լիդա (խմբագիրներ), «Հայ պարբերական մամուլի պատմութիւն (1900-1922)», Բ. հատոր, ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի հրատարակութիւն, Երեւան, 2017, 787 էջ:
– Ղազարեան Վաչէ (կազմող), «Ազգային պատուիրակութեան գործունէութիւնը 1915-1916 (վաւերագրեր)», հրատարակութիւն Հ. Բ. Ը. Մ.ի Վահրամ Ապտալեան մշակութային հիմնադրամի, տպարան «Շիրակ», Պէյրութ, 2017, xxx + 482 էջ (21 x 26.5 սմ.) (փաստաթուղթերու ժողովածու, հրապարակուած փաստաթուղթերու ցանկ, ներածութիւն, հարուստ ծանօթագրութիւններ, անձնանուններու եւ տեղանուններու միացեալ ցանկ, փաստաթուղթերուն զգալի մասը թարգմանուած է անգլերէնէ կամ ֆրանսերէնէ):
– ալ-Մաանի Մուհամմէտ Աթալլահ, «Հայերը Մաանի մէջ. 1915-2016», Յորդանան, 2017 (Յորդանանի հարաւային Մաան քաղաքի հայկական գաղութին պատմութիւնը) (արաբերէն):
– Չիֆթճեան Գրիգոր եպս., «Ուղեւորութիւն Աըրպատականի հայոց թեմում հայկական յուշարձանների հետքերով», Ա. հատոր, Դաւրէժ (Թաւրիզ), 2017, 546 էջ (Պարսկահայքի շուրջ 95 պատմական յուշարձաններու մասին պատմական եւ արդի տեղեկութիւններ ու անոնց լուսանկարները): Դիմել՝ arajnordaran.tavriz@gmail.com:
– Պայրամեան Սուրէն, «Հայկական գաղութային կառոյցները Եգիպտոսի մէջ», Գահիրէ, 2017:
– Պուրունսուզեան Սարգիս, «Տամասկոսի հայերը», հրատարակութիւն Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութեան Գիրքերու սուրիական ընդհանուր խորհուրդի, Տամասկոս, 2016 (արաբերէն):
– Սարգիսեան-Վիզոյեան Արաքսի, «Անթառամ յուշեր (Թող ներէ ինծի Աստուած՝ վշտացած եմ Իրմէ)», Պէյրութ, 2017 (Հ. Բ. Ը. Մ.ի եւ Թէքէեան մշակութային միութեան Հալէպի կառոյցներու հասարակական եռանդուն գործիչին յուշերը):
– Սնապեան Պօղոս, «Գիրքերու հետ – Գրախօսականներ», Ա. հատոր, խմբագիր՝ Թամար Սնապեան-Սուրճեան, մեկենաս՝ Տ. Մեսրոպ քահանայ Լագիսեան, հրատարակութիւն Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, Պէյրութ, 2017, 192 էջ (16.5 x 23.4 սմ.) (գրախօսութիւններու ժողովածու): Ժողովածուն ձօնուած է Պօղոս Սնապեանի ծննդեան 90-ամեակին:
– Վարդանեան Վրէժ, «Աղթամարի կաթողիկոսութեան պատմութիւն», «Հայ Եկեղեցու պատմութիւն» մատենաշար, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի տպարան, 2017, 336 էջ + 1 ներդիր: Լոյս տեսած է «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ (Աղթամարի կաթողիկոսութեան պատմութիւնը 1113-էն մինչեւ 1895):
Պատրաստեց՝ Գէորգ Եազըճեան