Հայաստանի մայրամուտը. 1920ի աշուն

1778

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն

Քառասուներորդ գլուխ

Ատրպէյճանի մէջ խորհրդային կարգեր հաստատուելէն անմիջապէս ետք, հայ պոլշեւիկները 1920ի Մայիսի առաջին օրերուն երկշաբաթեայ խռովութիւն բարձրացուցին Հայաստանի մէջ: Ապստամբութեան կեդրոններն էին Ալեքսանտրապոլը, Կարսը, Սարիղամիշը, Պասարկեչարը, Նոր Պայազէտը եւ Դիլիջանը: Հիմնական ընդվզող զանգուածը զինուորականութիւնն էր: Խորհրդարանի 5 Մայիսի արտակարգ նիստին ընդունուեցաւ Խատիսեանի կառավարութեան հրաժարականը, եւ Դաշնակցութեան Բիւրօն, Օհանճանեանի նախագահութեամբ, ստանձնեց իշխանութիւնը: Խռովութիւնը ճնշուեցաւ, պոլշեւիկներ Սարգիս Մուսայէլեանը, Ստեփան Ալավերտեանը, Ղուկաս Ղուկասեանը եւ ուրիշ առաջնորդներ մահապատժի ենթարկուեցան:

Հայ պոլշեւիկներուն դէմ պայքարը իր հետքը թողեց հայ-ռուսական կապերուն վրայ: Գաղափարական առումով` Դաշնակցութիւնը հակապոլշեւիկեան էր, սակայն ո’չ հակառուսական: Որոշ հայ ղեկավարներ կը պնդէին Ժողկոմխորհի հետ փոխըմբռնման հասնելու հրամայականին վրայ, թէեւ 1918-1919ի ընթացքին կը թուէր, թէ խորհրդային պետութեան կործանումը հեռու չէ:

ՙԴէպի ո՞ր Ռուսիան պէտք է շրջուէր Հայաստանը` Մոսկուայի Ժողկոմխորհի՞, կամաւորական եւ քազաքային կեդրոն Եքաթերինոտարի՞, Սիպերիոյ մէջ Քոլչաքի վարչակարգի՞, թէ՞ Պալթիքայի եւ Արքթիքայի հակապոլշեւիկեան վարչութեանց ու բանակներու կողմը: Հայաստանը բոլորի համակրանքն ու ճանաչումը կը փորձէր շահիլ զգուշութեամբ: Չէզոքութիւն հռչակելով մոլեգնող ռուսական քաղաքացիական պատերազմին մէջ` Երեւանի կառավարութիւնը յայտնի կը դարձնէր, որ Հայաստանը վստահելի բարեկամն ու դրացին պիտի ըլլար որեւէ Ռուսիոյ, պայմանով որ այդ Ռուսիան յարգէր Հայաստանի անկախութիւնը: Հայ ներկայացուցիչները կ’երթային Մոսկուա, Եքաթերինոտար, Տոնի Ռոսթով, Մուրմանսք, Օմսք եւ Իրքութսք: Աշխարհագրական մօտիկութեան եւ հաւանական օգնութեան նկատառումները Հայաստանը կը ստիպէին կեդրոնացնելու ջանքերը Հարաւային Ռուսիոյ զինուած ոյժերու հրամանատարութեան հետ՚:

Մինչեւ 1920ի Ապրիլը զօրավար Անթոն Տենիքինի սպիտակ զօրքերը ջախջախիչ պարտութիւն կրեցին Կարմիր Բանակէն, որ դէպի Հիւսիսային Կովկաս, ապա Անդրկովկաս կը շարժէր: Հայաստանի ղեկավարութիւնը Ապրիլի վերջին պատուիրակութիւն մը ղրկեց Մոսկուա` Ռուսիոյ ճանաչումն ակնկալելով: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր խորհրդարանի փոխնախագահ Լեւոն Շանթը, անոր կազմին մէջ էին Համբարձում Տէրտէրեանն ու Լեւոն Զարաֆեանը: Հայկական պատուիրակութիւնը 30 Ապրիլին դուրս եկած էր Երեւանէն եւ առաջադրանք ստացած` Ռուսիոյ կողմէ Հայաստանի (ներառեալ Ղարաբաղը) անկախութիւնը ճանչնալուն, Թրքահայաստանի` Հայաստանին կցումն ընդունելուն, Հայաստանի ներքին գործերուն չմիջամտելուն հասնիլ:

Բացայայտօրէն, Շանթի պատուիրակութեան առաւելամոլական առաջադրանք մը տրուած էր, ինչը պարզապէս անհնար էր կեանքի կոչել:

Կողմերուն միջեւ առաջին հանդիպմանը` 28 Մայիսին, արտաքին գործոց ժողովրդական կոմիսար Կրիկորի Չիչերինը կը նշէ, որ Ռուսիան կը ձգտի բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատելու ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ` թուրքերու հետ եւ վերջիններուս աջակցիլ եւրոպացի գաղութարարներու դէմ անոնց պայքարին մէջ: Չիչերինը կը տեղեկացնէ, որ Ռուսիան կը փափաքի նուազեցնել հայ-թրքական տարաձայնութիւնները, ինչը կը դիւրացուի, եթէ Հայաստանը խոստանայ չմիջամտել Մուսթաֆա Քեմալի գործողութիւններուն վերջինիս` Դաշնակիցներուն դէմ պայքարին մէջ:

Չիչերինը կ’առաջարկէ Ռուսիոյ միջնորդութիւնը Հայաստանի եւ Մուսթաֆա Քեմալի իշխանութեան միջեւ: Շանթը կը պատասխանէ, որ հայ-թրքական յարաբերութիւնները քննարկելու լիազօրութիւն չունի: Եւրոպացի դաշնակիցները հաստատած էին միացեալ Հայաստանի նոր քարտէսը, որ կը ներառէր Արեւմտեան Հայաստանի մեծ մասը` դէպի Սեւ Ծով ելքով: Չիչերինը կ’առարկէ եւ կը յիշեցնէ, որ եւրոպացիները յաճախ խաբած են հայերը, Հայկական Հարցն անհրաժեշտ է առանձնացնել եւրոպական կործանարար միջամտութենէն եւ խորհրդային միջնորդութեան միջոցով արդարացի լուծում տալ անոր:

Շանթը 3 Յունիսին Երեւանը կը տեղեկացնէ, թէ բանակցութիւններն սկսած են, Չիչերինը հաւաստիացուցած է եւ թէ Ռուսիան Հայաստանին խորհրդային կարգեր պարտադրելու մտադրութիւն չունի:

Թրքական պատուիրակութեան սպասուող այցը, ինչպէս նաեւ Անդրկովկասէն պոլշեւիկներուն բողոքները խորհրդային ղեկավարութիւնն ստիպեցին դանդաղեցնելու բանակցութեանց ընթացքը: Արտաքին գործոց ժողկոմի տեղակալ Քարախանը Տէրտէրեանի հետ մասնաւոր զրոյցին մէջ հասկցնել կու տայ, թէ պէտք է հրաժարիլ արեւմտահայկական հողերէն, փոխարէնը` ընդարձակ տարածքներ ակնկալել Անդրկովկասի մէջ: Անոր թոյլ կու տան տեսնել Հայաստանի քարտէսի ուրուագիծը, որ կը ներառէր ո’չ միայն Ղարաբաղը, Զանգեզուրն ու Նախիջեւանը, այլեւ` Ախալքալաքը, Ախալցխան եւ Պորչալուի մեծ մասը: Վրացա-խորհրդային 7 Մայիս 1920ի պայմանագիրով` Թիֆլիսի նահանգը որոշուած էր ձգել Վրաստանին, սակայն Քարախանը հասկցնել կու տայ, որ այդ հարցը դեռ բաց է:

Այս ընթացքին, Խորհրդային Ատրպէյճանի արտաքին գործոց կոմիսար Հուսէյնովի պատուիրակութիւնը Մոսկուայի մէջ կը փորձէր խոչընդոտել հայ-խորհրդային պայմանագիրին, եթէ անոր մէջ Ղարաբաղը, Զանգեզուրն ու Նախիջեւանը Հայաստանի մաս ճանչցուին: Այսուհանդերձ, հայ եւ ատրպէյճանցի համայնավարները, այդ թուին` Անասթաս Միկոյեանն ու Աւիս Նուրիճանեանը, բողոքներ կը ղրկէին խորհրդային ղեկավարութեան, ըստ որոնց` ՙԴաշնակները բանակցութեանց նպատակով Մոսկուա պատուիրակութիւն ղրկած են, բայց միաժամանակ անողոքաբար կ’ոչնչացնեն համայնավարները՚:

Յունիսի վերջերուն Չիչերինը Շանթը կը զգուշացնէ, որ եթէ Հայաստանի մէջ հետապնդումները շարունակուին` Ռուսիան բանակցութիւնները կը դադրեցնէ: Տէրտէրեանը կը գրէ, որ այդ հանդիպման ընթացքին Չիչերինը նախկին առաջարկներէն կը նահանջէ եւ կը ներկայացնէ նոր առաջարկ մը` Ղարաբաղը զիջիլ Ատրպէյճանին, Զանգեզուրը նկատել վիճելի, Նախիջեւանը միացնել Հայաստանին:

Ան կը տեղեկացնէ հայ բանագնացները, թէ բանակցութիւնները կ’ընդհատուին ու կը շարունակուին Երեւանի մէջ եւ թէ զանոնք ռուսական կողմէն պէտք է վարէ Ռուսիոյ Կոմկուսի Կենտկոմի լիազօր ներկայացուցիչ Պորիս Լեկրանը: Տէրտէրեանը եւ Զարաֆեանը ռուսական նոր առաջարկներն ընդունելու կողմնակից էին` իրենց կեցուածքը հիմնաւորելով Խորհրդային Ռուսիոյ կողմէ Հայաստանի անկախութեան ճանաչումով: Շանթը դէմ էր, քանի որ պատուիրակութիւնը Հայաստանին Ղարաբաղի միացումն ապահովելու ցուցում ստացած էր Երեւանի մէջ:

Երբ խորհրդային առաքելութիւնը կը պատրաստուէր դուրս գալու Մոսկուայէն, Լեկրանը եւ անոր խորհրդական Սահակ Տէր Գաբրիէլեանը կը հանդիպին Շանթի պատուիրակութեան հետ: Լեկրանը կ’ընդգծէ, որ Նախիջեւանը Հայաստանին պիտի անցնի, իսկ Զանգեզուրը, թէեւ ժամանակաւորապէս, վիճելի տարածք պիտի նկատուի, աւելցնելով` ՙԿարող եմ հաւաստիացնել, որ Հայաստանի անվիճելի մասը պիտի ճանչցուի՚:

21 Յուլիս 1920ին Լեկրանը կը շարժէր դէպի Երեւան, սակայն Հայաստանի իշխանութիւնները կ’արգիլեն անոր մուտքը` առարկելով, թէ տիրող պայմաններուն մէջ ան իր խումբով Ռուսիոյ պաշտօնական պատուիրակութիւն չի կրնար նկատուիլ եւ թէ սովորական ճամբորդներու պէս սահմանին վրայ զննութեան պիտի ենթարկուի: Լեկրանին ցոյց տրուած վերաբերմունքէն անհանգստացած` Թիֆլիսի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Տիգրան Պէկզատեանը կը դիմէ Վրաստանի կառավարութեան` Լեկրանը Թիֆլիս հրաւիրելու համար:

Մինչ Հայաստանի ղեկավարութիւնը կը ձգձգէր Լեկրանի հետ հանդիպումը` սպասելով Շանթի պատուիրակութեան վերադարձին, Դրոյի եւ Նժդեհի զօրքերուն դէմ ատրպէյճանցիք Կարմիր Բանակի օգնութեամբ մարտեր կը մղէին Նախիջեւանի, Զանգեզուրի եւ Ղազախի հատուածներուն մէջ: 8 Օգոստոսին Դրօն խորհրդային ոյժերուն դէմ երկօրեայ մարտերէ յետոյ կը հեռանայ Գորիսէն` հիասթափեցնելով Նժդեհը: 10 Օգոստոսին կը գրաւուի Սիսիանը: Թուրքերուն առջեւ Նախիջեւանի ճամբան բաց էր:

Լեկրանը 29 Յուլիսին Թիֆլիսէն հեռագրած էր Երեւան եւ խորհուրդ տուած` չսպասելով Շանթի վերադարձը` բանակցութիւնները վերսկսիլ: Շանթը միայն Օգոստոսի սկիզբներուն դուրս եկած էր Մոսկուայէն: Կ’որոշուի Լեկրանի հետ հանդիպիլ Թիֆլիսի մէջ: Չիչերինի առաջարկած համեմատաբար նպաստաւոր պայմաններով չբաւարարուած Հայաստանի կառավարութիւնը աւելի նուաստացուցիչ համաձայնագիր մը շուտափոյթ կերպով կնքելու ստիպուած էր:

Թիֆլիսի մէջ, հայկական պատուիրակութեան ներկայացուցիչներ Արշակ Ճամալեանը եւ Արտաշէս Պապալեանը Լեկրանէն կը պահանջեն, որ Կարմիր Բանակը հեռանայ Զանգեզուրէն եւ Նախիջեւանէն, մինչդեռ 11րդ բանակը, դիրքաւորուելով Գորիս-Նախիջեւան հատուածին մէջ, վերջնագիր կը ներկայացնէ եւ դէպի Հայաստան շարժելու արտօնութիւն կը խնդրէ Մոսկուայէն: Կարմիր Բանակը գրաւման տակ կը պահէր Ղարաբաղը, Զանգեզուրն ու Նախիջեւանը: Անօգնական Նժդեհը 6 Սեպտեմբերին Խուստուփի լեռները կը քաշուի եւ Կապանը խորհրդային կը յայտարարուի:

Հայկական պատուիրակութիւնը 10 Օգոստոսին Թիֆլիսի մէջ Լեկրանի հետ կնքած էր հայ-ռուսական համաձայնագիրը, որով ՙՌ. Խ. Ֆ. Ս. Հ.ի եւ Հայաստանի զօրքերուն միջեւ ռազմական գործողութիւնները դադրեցուած կը նկատուին 10 Օգոստոսէն՚: Ռուսական զօրքերը կը գրաւեն վիճելի Ղարաբաղը, Զանգեզուրն ու Նախիջեւանը:

Երրորդ կէտին մէջ կ’ըսուէր, որ ՙվիճելի տարածքներուն` խորհրդային զօրքերու կողմէ գրաւումը չի կանխալուծէր այդ տարածքներուն հանդէպ Հայաստանի կամ Ատրպէյճանի իրաւունքի հարցը: Ռ. Խ. Ֆ. Ս. Հ.ն այս ժամանակաւոր գրաւումով մտադիր էր բարենպաստ պայմաններ ստեղծել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ տարածքային վէճերը խաղաղօրէն լուծելու այն հիմքերով, որոնք պիտի սահմանուին Ռ. Խ. Ֆ. Ս. Հ.ի եւ Հայաստանի միջեւ ամենամօտ ապագային ստորագրուելիք խաղաղութեան պայմանագիրով՚:

Նոյն օրը Փարիզի խաղաղութեան վեհաժողովին մէջ ստորագրուած էր Սեւրի դաշնագիրը, որ կը սահմանէր դէպի Սեւ Ծով ելքով միացեալ Հայաստան` ներառեալ Արեւմտեան Հայաստանի մէկ մասը: Սեպտեմբերի կէսերուն Երեւան հասած Շանթի պատուիրակութիւնը կը պնդէր, որ ինչ գնով ալ ըլլայ` նախեւառաջ պէտք է համաձայնութեան գալ ռուսերուն հետ, որպէսզի անոնք զօրքերը դուրս բերեն Ղարաբաղէն, Զանգեզուրէն եւ Նախիջեւանէն, մինչեւ իսկ եթէ ատիկա Սեւրի դաշնագիրը վտանգի տակ դնէ:

ՙՍահմաններու վերաբերեալ հայ ժողովուրդը` յանձինս իր ղեկավար շրջանակներուն, մեծ սխալ գործեց` չափազանց մեծ պահանջներ առաջադրելով, առանց հաշուի առնելու իր ոյժերն ու միջազգային կարողութիւնները: Մենք մինչեւ Կիլիկիա պահանջելով` անկարելի դարձուցինք որեւէ բանաւոր համաձայնութիւն ո’չ միայն թուրքերուն հետ այն պահուն, երբ անոնք տկար էին եւ անոնց հետ դեռ կարելի էր խօսիլ, այլ նաեւ շահագրգռուած մեծ պետութեանց հետ: Ճիշդ է, որ մեր մէջ կային քաղաքական գործիչներ, ինչպէս Ռուբէն Տէր Մինասեանն ու Յովհաննէս Քաջազնունին, որոնք չափաւոր պահանջներու կողմնակից էին, բայց ճնշող մեծամասնութիւնը ՙզիջումներ՚ու մասին նոյնիսկ լսել չէր ուզեր՚,- կը գրէ Խատիսեանը:

Կարսի անկումը

1920ի Օգոստոսի վերջերէն թրքական զօրքերը կը յարձակին Կողբի, Սարիղամիշի եւ Օլթիի ուղղութեամբ: Փաստօրէն, Հայաստանն ստիպուած էր միաժամանակ պատերազմելու ռուսերուն եւ թուրքերուն դէմ, եւ ինչպէս ցոյց տուին յետագայ իրադարձութիւնները, անոնք միասնաբար կը գործէին:

Հ. Յ. Դ.ի Բիւրոյի կոչը. ՙԸնկերնե’ր, թշնամին նորէն կը ծեծէ մեր դուռերը: Սարիղամիշի շրջանին մէջ արիւնոտ դէպքեր տեղի կ’ունենան: Տաճիկ փաշաները կ’ուզեն արեան մէջ խեղդել Հայաստանը եւ բնաջնջել հայ աշխատաւոր ժողովուրդը: Ամէն ընկեր պարտական է իրեն դնելու կուսակցութեան տրամադրութեան տակ եւ անմիջապէս կատարելու իրեն տրուած հրահանգը: Ընկերնե’ր, դէպի գո’րծ, դէպի ճակա’տ՚:

Ժողովուրդին յատուկ կոչով կը դիմէ նաեւ վարչապետ Օհանճանեանը` յիշեցնելով 1918ի հերոսական օրերը Սարդարապատի մէջ. ՙԹշնամին պարտուած կ’ըլլայ ա’յն օրը միայն, երբ ամէնքդ իբրեւ մէկ անձ ոտքի կը կանգնիք սպառազինուած ու զոհուելու պատրաստ՚:

Հոկտեմբերի վերջերուն Քեազիմ Քարապէքիրի զօրքերը Կարսը գրաւեցին գրեթէ առանց դիմադրութեան: Նահանգապետ Ստեփան Ղորղանեանն ըսած է. ՙԿարսը ինկաւ ոչ պարտուած, ան մեր ոճրագործ անհոգութեան զոհը դարձաւ՚:

Գրաւելով Կարսը` թրքական զօրքերը կը շարժին դէպի Ալեքսանտրապոլ: 3 Նոյեմբերին Օհանճանեանը Քարապէքիրին զինադադար կ’առաջարկէ, սակայն թուրքերը կը ձգձգեն եւ աւելի կը խորանան հայկական տարածքներուն մէջ:

Միայն 18 Նոյեմբերին, երբ Քարապէքիրն արդէն Ալեքսանտրապոլ մտած էր, հայկական կողմը կը յաջողի ստորացուցիչ զինադադար կնքել: 23 Նոյեմբերին Ալեքսանտրապոլ կ’երթայ Հայաստանի Բիւրօ-կառավարութեան պատուիրակութիւնը` թուրքերուն հետ բանակցութիւններ սկսելու: Խատիսեանի ղեկավարած պատուիրակութիւնը պարտաւորուած էր հրաժարելու Սեւրի դաշնագիրէն` Երեւանի գիտութեամբ:

Երբ արեան մէջ թպրտացող Հայաստանը կը բզկտուէր թուրքերուն եւ ռուսերուն միջեւ, ճակատագիրի հեգնանքով, 22 Նոյեմբերին Ա. Մ. Ն.ի նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընը կը հռչակէ աւելի քան 160 հազար քառակուսի քմ. տարածքով Հայաստանի քարտէսը: Այս նախագիծին մասին հայկական պատուիրակութիւնը կը տեղեկանայ Ալեքսանտրապոլի բանակցութեանց ընթացքին:

30 Նոյեմբեր-լոյս 1 Դեկտեմբերի գիշերը տեղի կ’ունենայ խորհրդակցութիւն Հ. Յ. Դ.ի Բիւրոյի, Հ. Յ. Դ.ի Հայաստանի Կ. Կ.ի, խորհրդարանին մէջ Հ. Յ. Դ.ի խմբակցութեան, կառավարութեան անդամներու եւ քանի մը ճանչցուած գործիչներու մասնակցութեամբ: Խորհրդակցութիւնը պէտք է Լեկրանի վերջնագիրին պատասխան տար: Դրօն յայտարարեց, որ ինքը պոլշեւիկներուն դէմ կռուող զօրք չունի, հայ զինուորը ռուսերուն վրայ չի կրակէր:

Պաքուի մէջ Սարգիս Կասեան (նախագահ), Ասքանազ Մռաւեան, Սահակ Տէր Գաբրիէլեան, Ալեքսանտր Պէկզատեան, Իսահակ Տովլաթեան եւ Աւիս Նուրիճանեան կազմով 22 Նոյեմբերին ձեւաւորուած էր Հայաստանի Ռազմա-Յեղափոխական Կոմիտէն: Մէկ շաբաթ յետոյ Կոմիտէն Ատրպէյճանէն անցած էր Քարվանսարա (Իջեւան) եւ Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգեր հռչակած: 2 Դեկտեմբերին, մէկ կողմէ Դրոյի ու Տէրտէրեանի, միւս կողմէ` Լեկրանի միջեւ Հայաստանի խորհրդայնացման համաձայնագիրը կը կնքուի:

Հայաստանը կը յայտարարուի անկախ սոցիալիստական խորհրդային հանրապետութիւն, որու կազմին մէջ կը մտնէին Երեւանի նահանգը իր բոլոր գաւառներով, Կարսի նահանգին մէկ մասը, Գանձակ նահանգի Զանգեզուր գաւառը եւ Ղազախ գաւառին մէկ մասը, Թիֆլիս նահանգին այն մասերը, որոնք Հայաստանի տիրապետութեան տակ էին մինչեւ 28 Սեպտեմբեր 1920ը:

Հայաստանի խորհրդայնացման օրերուն Ալեքսանտրապոլի մէջ կը շարունակուէին հայ-թրքական բանակցութիւնները: Կասեանը Դիլիջանէն Քարապէքիրին հեռագիրով կը տեղեկացնէ Հայաստանի խորհրդայնացման լուրը: Իր կարգին, Վրացեանը հեռագիրով հայկական պատուիրակութիւնը կը տեղեկացնէ կառավարութեան հրաժարականի մասին` հասկցնել տալով, որ պէտք է թուրքերուն պայմաններն ընդունիլ եւ ստորագրել Ալեքսանտրապոլի դաշնագիրը:

Խատիսեանը թուրքերուն հետ անպայման հաշտութեան դաշնագիր կնքելու հրահանգ ստացած էր: Երկրորդ նիստին` 27 Նոյեմբերին, հայկական պատուիրակութիւնը, նախապէս ստանալով վարչապետ Վրացեանի թոյլտուութիւնը, Սեւրի դաշնագիրէն կը հրաժարի:

ՙ30 Նոյեմբերին թուրքերը ղրկեցին դաշնագիրի իրենց նախագիծը` սահմաններով: Անոնց ծրագիրով` Հայաստանը 27 000 քառակուսի քիլոմեթր կը ձգուէր. Կարսի նահանգը եւ Սուրմալուի գաւառը կ’անցնէին Թուրքիոյ, իսկ Նախիջեւանն ու Զանգեզուրը կը դրուէին Ատրպէյճանի հովանաւորութեան տակ: Հայաստանին իրաւունք կը տրուէր ունենալու 1200 զինուոր, 20 գնդացիր եւ 8 թնդանօթ՚:

2 Դեկտեմբեր 1920ին Հայաստանի մէջ նոր կառավարութիւն կը հաստատուի: Խատիսեանը հրահանգ կը սպասէր` ստորագրե՞լ Ալեքսանտրապոլի դաշնագիրը, թէ՞ ոչ: Երեկոյեան ժամը 6ին Դրօն հեռագրաթելի մօտ կը հրաւիրէ Խատիսեանը. ՙՅեղափոխական կառավարութեան անունէն կը յայտնեմ ձեզի, որ դուք ազատ էք ստորագրելու դաշնագիրը կամ ոչ՚: Խատիսեանը կը հարցնէ. ՙԱրդեօք կառավարութիւնը ստորագրելո՞ւ կողմն է, թէ՞ մերժելու: Մենք որոշ եւ պարզ հրահանգներ կը սպասենք՚: Դրօն կը պատասխանէ. ՙԵս ձեզի ըսի արդէն: Գործեցէ’ք ըստ ձեր հասկացողութեան: Ես կը խօսիմ ընկեր Սիլինի եւ իմ անունէն՚:

Երեկոյեան ժամը 8ին կը կայանայ խորհրդաժողովի չորրորդ եւ վերջին նիստը: Հայկական պատուիրակութիւնը կը յայտարարէ, որ կ’ընդունի դաշնագիրը, որմէ յետոյ կը սկսի դաշնագիրին ընթերցումը յօդուած առ յօդուած: ՙՔննութեան ընթացքին յաջողեցանք յօգուտ մեզի մասնակի մանր փոփոխութիւններ մտցնել, ինչպէս օրինակ Աղբաբայի մէկ մասը (Կարսի նահանգ) Հայաստանի սահմաններուն մէջ մտցնելը, զօրքերու քանակը 1200էն մինչեւ 1500 հոգի բարձրացնելը: Երկար վիճաբանութիւններ եղան Անիի, Նախիջեւանի եւ Սուրմալուի մասին, բայց թուրքերը որեւէ զիջում չըրին: Գիշերուայ ժամը 2ին (2-լոյս 3 Դեկտեմբերի) երկու պատուիրակութիւնները ստորագրեցին դաշնագիրը՚,- կը գրէ Խատիսեանը:

Հայաստանի մէջ իշխանութիւնը ժամանակաւոր կերպով, մինչեւ Յեղափոխական Կոմիտէի գալը, կ’անցնի զօրահրամանատարութեան, որուն գլուխ կը կանգնի Դրօն, իսկ Ռ. Խ. Ֆ. Ս. Հ.էն Հայաստանի զօրահրամանատարութեան կից կոմիսար կը նշանակուի Սիլինը:

Ըստ համաձայնագիրին` հայկական բանակի հրամանատարական կազմը պատասխանատուութեան պիտի չենթարկուէր այն գործերուն համար, զորս կատարած էր բանակի շարքերուն մէջ մինչեւ Հայաստանի մէջ խորհրդային իշխանութեան յայտարարումը:

Ռազմա-Յեղափոխական Կոմիտէի եօթը անդամներէն հինգը` Կասեան, Մռաւեան, Տէր Գաբրիէլեան, Պէկզատեան եւ Նուրիճանեան կը նշանակուին Կոմունիստական Կուսակցութենէն, երկուքը` Դրօ եւ Տէրտէրեան` ձախ դաշնակցականներէն:

Նոր իշխանութիւնը Հայաստանի մէջ կ’ընդունուի գրեթէ առանց դիմադրութեան, բացառութեամբ Զանգեզուրի, ուր զինուած ոյժերու հրամանատար Նժդեհը քանի մը ամիս կը պայքարի եւ անկախութիւնը կը պահպանէ:

ՙՆախկին նախարարներուն եւ խորհրդարանի անդամներուն մէկ մասը Երեւանը ձգեց 2 Դեկտեմբերին եւ լեռներով գնաց Վրաստան, բայց ճամբուն վրայ ձերբակալուեցաւ եւ ետ բերուեցաւ Երեւան, ուր բանտարկուած մնաց: Միւս մասն ուղեւորուեցաւ դէպի Զանգեզուր եւ տեղ հասաւ ապահով կերպով: Դաշնակցական նախկին նախարարներէն ազատօրէն կ’ապրէին միայն Վրացեանը, Քաջազնունին, Խատիսեանը, Տիգրանեանը եւ Կիւլխանտանեանը: Խորհրդարանի դաշնակցական անդամներուն մէկ մասն իրեն ձախ դաշնակցական յայտարարեց եւ փորձեց խմբակ կազմել, սակայն յաջողութիւն չունեցաւ: Մէկ մասը մտաւ Կոմունիստական Կուսակցութեան մէջ, միւս մասը երկու-երեք ամիս յետոյ հեռացաւ Հայաստանէն՚,- կը գրէ Խատիսեանը:

Ըստ Վրացեանի` 2 Դեկտեմբերը հասարակութեան վրայ առանձնապէս ազդեցութիւն չէր ձգած. ՙՇատ յուզուած էին միայն տաճկահայերը, որոնք դառն կերպով կը սգային անկախութեան խորտակումը: Գաւառները, հաղորդակցութեան միջոցներու դժուարութեան պատճառով, մեծ մասամբ յանկարծակիի եկած էին, բայց հոն ալ առանձնապէս ափսոսանք չէր նկատուեր: Ոմանք նոյնիսկ ուրախ էին. վերջապէս ռուսը կու գայ ու մեզ կը փրկէ, տաճիկներէն ալ կ’ապահովուինք, հաց ալ կ’ունենանք, նաւթ ալ կու գայ, կեանքն աւելի դիւրին կը դառնայ: Ա’յս էր ընդհանուր մտայնութիւնը՚:

4 Դեկտեմբերին Երեւան կու գայ նոր կառավարութիւնը` Կասեանի նախագահութեամբ: Նոյն օրը Սթալինը ՙԿեցցէ~ Սովետական Հայաստանը՚ յօդուածին մէջ կը գրէ. ՙՍովետական Ատրպէյճանը 1 Դեկտեմբերին կամաւոր կերպով հրաժարեցաւ վիճելի նահանգներէն եւ յայտարարեց ՙԶանգեզուրի, Նախիջեւանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի փոխանցումը Սովետական Հայաստանին՚:

Մռաւեանը գրած է. ՙ12 Դեկտեմբեր 1920ին Քրեմլինի մէջ ընդունելով Խորհրդային Հայաստանի պատուիրակներ Տէր Գաբրիէլեանն ու Մռաւեանը` Լենինը հետաքրքրուեցաւ, թէ Ատրպէյճանի հետ վիճելի տարածքային հարցերն ինչպէ՞ս լուծուած են: Տէր Գաբրիէլեանը պատասխանեց, որ այդ հարցերը իրենց ճիշդ լուծումը գտած են՚:

Հայաստանի Յեղկոմի նախագահ Կասեանը 1921ի Յունուարին պատասխան նամակ կը յղէ Ատրպէյճանի Յեղկոմի նախագահ Նարիմանովին, ուր մասնաւորապէս կ’ըսուէր. ՙՀ. Խ. Ս. Հ.ի Յեղկոմը եղբայրական հրճուանքով ընդունեց Ատրպէյճանի խորհրդային կառավարութեան 30 Նոյեմբեր 1920ի որոշումը Զանգեզուրի, Նախիջեւանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մասին: Այդ որոշումը դրացի երկիրներու միջեւ նոր, պատմութեան մէջ չեղած փոխյարաբերութեանց կենսական օրինակ է: Խորհրդային Ատրպէյճանի անշահախնդիր որոշումը Խորհրդային Հայաստանը տոգորեց վստահութեան նոյն զգացումով եւ պատրաստակամութեամբ ձեռք մեկնեց իր դարաւոր դրացիին՚:

  Խորհրդային Հայաստանը

Հայաստանի ղեկավարումէն Հ. Յ. Դ.ի հեռացումը երկրի անկախութեան կորուստ դեռ չէր նշանակեր: Երկու տարի` 1920ի Դեկտեմբերէն մինչեւ 1922ի Դեկտեմբերը, Խորհրդային Հայաստանը թէեւ ձեւականօրէն, բայց անկախ էր: Հայ համայնավարները 1920ի Մայիսին իշխանութիւնը դաշնակցական կառավարութենէն զէնքի ոյժով գրաւելու անյաջող փորձ ըրած էին: 1921ի Փետրուարին համայնավարներուն դէմ ապստամբեցան իշխանութիւնը քանի մը ամիս առաջ առանց կրակոցի յանձնած դաշնակցականները:

Պատճառը պոլշեւիկներուն իրականացուցած հալածանքներն ու բռնութիւններն էին զինուորականութեան, մտաւորականութեան եւ դաշնակցականներուն նկատմամբ: Մօտ 1500 հայ սպաներ Ատրպէյճան եւ Ռուսիա քշուեցան, 2000էն աւելի մարդ բանտ նետուեցաւ: Իրենց կարգին, թուրքերը Շիրակի սովահար գիւղերը կը կողոպտէին: Թուրք-պոլշեւիկներէն հիասթափութիւնն ու զզուանքը կատարեալ էին:

ՙՀայաստանի Կոմիտէին յանձնարարութեամբ ես քանի մը տեսակցութիւն ունեցայ Յեղկոմի նախագահ Կասեանի եւ Չեքայի վարիչ Աթարպէկեանի հետ, որոնց ամէն կերպ կ’աշխատէի համոզել այս կոյր քաղաքականութեան վերջ տալ՚,- կը գրէ Վրացեանը, որ մինչեւ վերջ ալ դէմ էր յեղափոխութեան:

Կարօ Սասունին կը յաւելէ. ՙՎրացեանը եւ քանի մը ուրիշ ընկերներ նախապէս համաձայն չէին ապստամբութեան: Փետրուարի առաջին օրերուն սկսած խելագար հալածանքները եւ գաղտնի գնդակահարութիւնները ստիպեցին զանոնք` կողմնակից դառնալու յեղափոխութիւն յառաջացնելուն՚:

Լոյս 10 Փետրուարի գիշերը 200է աւելի դաշնակցականներ կը ձերբակալուին Երեւանի մէջ: Այս դէպքը եղաւ վերջին կաթիլը, որմէ յետոյ պայթեցաւ ժողովրդային զայրոյթը: Զար գիւղին մէջ տեղի կ’ունենայ խորհրդակցութիւն եւ կ’որոշուի յեղաշրջում իրականացնել: Ապստամբ ոյժերու պետ կը նշանակուի անկուսակցական սպայ Կուռօ Թարխանեանը:

18 Փետրուարին ապստամբները գրաւեցին Երեւանը: Վրացեանի ղեկավարութեամբ ստեղծուեցաւ ՙՀայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէ՚ն եւ Յեղկոմը Ղամարլու-Վետիի շրջան հեռացաւ: Վրացեանը կը նկարագրէ. ՙ18 Փետրուարին Երեւանն այլեւս զարդարուած էր եռագոյն դրօշակներով: Մանաւանդ յուզիչ էր ու ցնցիչ այն վայրկեանը, երբ ժողովրդային ցասման տակ խորտակուեցան պոլշեւիկեան արիւնոտ բանտին ու Չեքային դուռերը եւ հազարաւոր բանտարկեալներ դուրս եկան եռագոյն դրօշակներով պճնուած փողոցը, ուր զանոնք ողջունեց ՙՄեր Հայրենիքը՚: Աւա¯ղ, անոնց մէջ չկային Համազասպը, Բանուոր Սերկօն, հերոս գնդապետ Ղորղանեանը եւ ուրիշներ, որոնք մեռած էին պոլշեւիկեան կացիններուն տակ՚:

2 Ապրիլին Յեղկոմը Երեւան վերադարձաւ ռուսական բանակին օգնութեամբ: ՙՓրկութեան Կոմիտէ՚ն բոլոր կռուող ոյժերուն եւ գրեթէ ողջ մտաւորականութեան հետ, շուրջ 10 հազար հոգի, ոտքով, ուժասպառ եւ հիւծուած հասաւ Զանգեզուր, հոնկէ` քանի մը ամիս յետոյ Արաքսի վրայով` Պարսկաստան:

Այս իրադարձութիւնները որոշակի ազդեցութիւն ձգեցին յետագայ ամիսներուն Խորհրդային Ռուսիոյ իշխանութեանց կայացուցած որոշումներուն մէջ: 16 Մարտին յօգուտ Ատրպէյճանի վճռուեցաւ Նախիջեւանի ճակատագիրը: Յուլիս ամսին միւս վիճելի տարածքի` Ղարաբաղի հարցն ալ վճռուեցաւ ի նպաստ Ատրպէյճանի: Անշուշտ, Նախիջեւանի եւ Ղարաբաղի հարցերը յօգուտ Ատրպէյճանի վճռելու Մոսկուայի քաղաքականութեան պատճառներն աւելի խոր էին, ինչպէս Ատրպէյճանի կարեւորութիւնը Հայաստանի հետ համեմատած, Պաքուի նաւթը, սակայն ոչ-վերջին դերը կատարեց Ատրպէյճանի հաւատարիմ կեցուածքը Մոսկուայի նկատմամբ:

1922ի Յունուարին Երեւանի մէջ տեղի կ’ունենայ Հայաստանի Խորհուրդներու առաջին համագումարը, որ կ’ընդունի Հ. Խ. Ս. Հ.ի առաջին սահմանադրութիւնը եւ Անդրֆետերացիայի կազմաւորման հաւանութիւն կու տայ: 12 Մարտին Անդրկովկասի երեք հանրապետութեանց լիազօր ներկայացուցիչներու համաժողովը կ’ընդունի դաշնային պայմանագիր, որով կը հիմնադրուի Հանրապետութիւններու Դաշնային Միութիւնը:

Դեկտեմբերին, Անդրկովկասի Խորհուրդներու` Պաքուի մէջ կայացած առաջին համագումարը կ’որոշէ Հանրապետութիւններու Դաշնային Միութիւնը վերածել դաշնային հանրապետութեան, ընդունիլ Անդրկովկասի Խորհրդային Ֆետերաթիւ Սոցիալիստական Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը:

30 Դեկտեմբեր 1922ին տեղի կ’ունենայ Խ. Ս. Հ. Մ.ի Սովետներու առաջին համագումարը, որ կ’ընդունի Խ. Ս. Հ. Մ.ի ստեղծման հռչակագիրը եւ կը հաստատէ միութենական պայմանագիրը: Հայկ. Խ. Ս. Հ.ն Անդրֆետերացիայի կազմին մէջ կը մտնէ Խ. Ս. Հ. Մ.ի մէջ` Ռ. Խ. Ֆ. Ս. Հ.ի, Ուքրաինայի եւ Պելառուսիոյ հետ միասին:

1936ին, Խ. Ս. Հ. Մ.ի Սովետներու ութերորդ համագումարին կ’ընդունուի երկրին նոր սահմանադրութիւնը, կը լուծարուի Անդրֆետերացիան եւ հանրապետութիւններն առանձին-առանձին մաս կը կազմեն Խ. Ս. Հ. Մ.ին:

Յ. Գ. 

Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ), Կիւմրիի, Ստեփանակերտի, Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Արևմտահայերեն-Արցախեան-օրագիր

Փափուկ կազմ, 555 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2010, Անթիլիաս,
ISBN 978-995301815-7:
Գինը՝ 7.000 դրամ ($14.00):