Երեւանի մէջ 2016ի Օգոստոսին լոյս տեսաւ պատմաբան Գէորգ Եազըճեանի կազմած, թարգմանած, ծանօթագրած եւ հրատարակութեան պատրաստած «Սփիւռքահայ Քաղաքական Հոսանքները Եւ Գաղութները Խորհրդային Գաղտնի Փաստաթուղթերու Մէջ (1945-1991, Ընտրանի)» փաստաթուղթերու ժողովածուն՝ 352 էջ ծաւալով:
Ժողովածուին մէջ լոյս տեսած են սփիւռքահայ քաղաքական հիմնական ուղղութիւններու (հայ համայնավարներ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն, Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն) եւ գլխաւոր գաղութներու (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Եգիպտոս, Իրան, Լիբանան, Սուրիա, Ֆրանսա, եւ այլն) վերաբերեալ շուրջ 90՝ զգայացունց բովանդակութեամբ փաստաթուղթեր, որոնց գրեթէ բոլորը կը կրեն «գաղտնի», «յոյժ գաղտնի» կամ նման նշումներ: Բացի քանի մը հատ բնագրային հայերէն փաստաթուղթերէ, մնացեալները արեւմտահայերէն թարգմանուած են ռուսերէնէ: Փաստաթուղթերուն մեծագոյն մասը առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ այս ժողովածուով:
Նիւթը ընթերցողին աւելի ընկալելի դարձնելու համար, էջերուն տակ բերուած են աւելի քան 1120 ծանօթագրութիւններ, որոնցով կը կատարուին ճշդումներ, հայերէնացումներ, կը տրուին կենսագրական տուեալներ յիշատակուող անձերու մասին կամ՝ յստակացուցիչ տեղեկութիւններ յիշատակուող կարգ մը դէպքերու մասին, եւ այլն: Ժողովածուին վերջաւորութեան տեղ գտած անձնանուններու, տեղանուններու եւ փաստաթուղթերու վերնագիրներուն ցանկերը մեծապէս կը դիւրացնեն հետաքրքրասէրներուն եւ ուսումնասիրողներուն փնտռտուքի աշխատանքը:
Ժողովածուն կարեւոր սկզբնաղբիւր է նշուած ժամանակաշրջանի հայ գաղութներու, անոնց մէջ գործած քաղաքական հոսանքներու եւ Հայրենիք-սփիւռք յարաբերութեան պատմութեան համար:
Հատորը նախատեսուած է պատմաբաններու, հայկական քաղաքական հոսանքներու եւ գաղութներու, Հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններու պատմութեան ուսումնասիրողներու ու անոնցմով հետաքրքրուողներու, ինչպէս նաեւ, առհասարակ, պատմական ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ հետամուտ եւ իրենց ազգի ներկայով ու ապագայով մտահոգ բոլոր հայոց համար: