Նոր գիրքեր

995

Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսածհայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններուն` ի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեանմասնաւորաբար` գրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներունՏուեալներուն կցուած են հրատարակութեան բովանդակութեան առնչուած անհրաժեշտ եւ հակիրճ բացատրութիւններ: Տուեալները երբեմն քաղուած են պարբերական մամուլէն եւ կրնան պակասաւոր ըլլալ:

«Ազդակ», 90-ամեակի բացառիկ թիւ, 8 Մարտ 2017, 450 էջ (Ա-4) (Հ. Յ. Դ.ի Լիբանանի պաշտօնաթերթ-օրաթերթին պատմութիւնը, գնահատական գիրեր, հարցազրոյցներ, յուշեր, լուսանկարներ եւ առնչակից զանազան նիւթեր):

«Աւրորա», խմբագիր՝ Էնթընի Սլայտ, անգլերէնէ թարգմանեց Էվրիմ Քաեա, հրատարակութեան պատրաստեց Սօսի Տոլանօղլու, «Արաս» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, 2017 (Մեծ Եղեռնի գեհենէն վերապրած չմշկածագցի Արշալոյս Մարտիկեան – Աւրորա Մարտիկանեանի ականատեսի վկայութիւնները) (թրքերէն):

– Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան (աշխատասիրեց), «Բարսեղ Կանաչեան (1885-1967). Կեանքի մը երաժշտացումը», Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, Պէյրութ, 2017:

– Գասարճեան Յակոբ Ս., «Նուիրում Ռ. Ա. Կ.ի ճամբով – Յիսնամեայ գործունէութեան արձանագրութիւն», հաւաքեց եւ խմբագրեց Յովիկ Էօրտեքեան, «Տիգրան Մեծ» հրատարակչութեան տպարան, Երեւան, 2016, 332 էջ(17 x 23.4 սմ.) (լիբանանահայ կուսակցական, հասարակական եւ քաղաքական գործիչ, Լիբանանի խորհրդարանի երբեմնի երեսփոխան, գործարար Յակոբ որդի Սեդրակի Գասարճեանի կեանքն ու գործունէութիւնը, անոր ելոյթները, հարցազրոյցներ անոր հետ, սեւ-ճերմակ եւ գունաւոր բազմաթիւ լուսանկարներ հայ եւ օտար երեւելի դէմքերու հետ):

– Եուհաննիսեան Իսակ (աշխատասիրեց), «Հայոց ցեղասպանութիւն. Արմատները եւ հետեւանքները (1915-1923)», «Սալես» հրատարակչութիւն, Թեհրան, 2017 (պարսկերէն):

«Լիբանանի հայերը (Բ.). Գիտաժողովի նիւթեր (14-16 մայիս 2014)», «Հայկական սփիւռք» մատենաշար թիւ 2, հրատարակութիւն Հայկազեան համալսարանի «Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոն»ի, Պէյրութ, 2017, 366 էջ (նշուած գիտաժողովին կարդացուած զեկուցումները, առնչակից բազմաբնոյթ զանազան նիւթեր, արաբերէն եւ անգլերէն ամփոփումներ):

– Կասիմլի Մուսա, «Ատրպէյճանը, Հայաստանը եւ Թուրքիան 1920-1994 թուականներուն. Իսկական պատմութիւնը», «Ինսան» հրատարակչութիւն, Մոսկուա, 2016, 616 էջ (ատրպէյճանցի պատմաշինարարի մը հերթական զառանցանքները…) (ռուսերէն):

– Ճէրէճեան Եղիկ, «Ս. Վահագն (Գրիգոր Նալպանտեան)», խմբագիր՝ Երուանդ Փամպուքեան, հրատարակութիւն«Հրասիրտները» մատենաշարի թիւ 2, Պէյրութ, 2017 (հնչակեան գործիչ-ֆետայիի (1972, Սեբաստիա – 1948, Խորհրդային Հայաստան) կեանքն ու մղած ազատագրական պայքարը Հայրենիքին եւ արտերկրի տարբեր վայրերու մէջ):

«Մեծ եղեռնի առաջին վաւերագրողը – Շաւարշ Միսաքեան», խմբագիր՝ Երուանդ Փամպուքեան, հրատարակութիւն «Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամ»ի թիւ 9, տպարան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Անթիլիաս, 2017:

«Յուշամատեան ոգեկոչման», հրատարակութիւն Հ. Հ.ի պաշտպանութեան նախարարութեան, Երեւան, 2017: Մեկենաս՝ սփիւռքահայ բարերար Միքայէլ Քորուքեան (Արցախեան ազատամարտի ընթացքին, մինչեւ 1994-ի մայիսեան զինադադարը զոհուած եւ Եռաբլուրի մէջ հանգչող 559 հերոսներու կենսագրութիւնները):

«Շիրակ երգարան 2016 – Սայաթ Նովա», Բ., լրամշակուած հրատարակութիւն, մտայղացումը, իրագործումը եւ յառաջաբանը՝ Կարապետ Հաննէսեանի, Սայաթ-Նովայի կենսագրութեան հեղինակ՝ Երուանդ Տէր Խաչատուրեան, տպարան «Շիրակ», Պէյրութ, 2016 (Սայաթ Նովայի 57 երգերու բնագիրները՝ անոնց արեւմտահայերէն հանդիպադրութեամբ, հայ եւ օտար գրողներու տեսակէտներ Սայաթ Նովայի արուեստին մասին):

Պատրաստեց՝ Գէորգ Եազըճեան