Սփիւռքահայ դիտորդները կը ներկայացնեն հայութեան ոչ-իշխանական տարրերը

952

Կիրակի օր Հայաստանի մէջ պիտի կայանան հերթական խորհրդարանական ընտրութիւնները։ Կ’ուզեմ տեսակէտս արձանագրել ընտրութիւններուն հետեւելու համար Հայաստան ուղղուելիք սփիւռքահայ դիտորդներուն մասին, որոնք` ստացած տեղեկութիւններուս համաձայն, թուով շուրջ 300 են եւ պիտի ընդգրկուին «Քաղաքացի Դիտորդ» նախաձեռնութեան մէջ։ Վերջինս բաւական գոհացուցիչ դեր կատարեց 2015 թուականի սահմանադրական հանրաքուէին ժամանակ։

Որքան որ հնարաւոր եղաւ հեռուէն հետեւիլ նախընտրական արշաւին, շատ բան չէ փոխուած նախորդ ընտրութիւններէն ի վեր։ Իշխանութեան լծակներուն տէր եւ տիրական Հանրապետական Կուսակցութիւնը կը շարունակէ վերահսկել եւ իր խմբակային շահերուն համար գործի (կամ անգործութեան) լծել Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը, ոստիկանութիւնը, դատախազութիւնը, դատարանները, տեղական ինքնակառավարման մարմինները, դպրոցներն ու մանկապարտէզները։ Այդ պատճառով ալ ընդդիմադիրները պարտաւոր են ո՛չ միայն մրցիլ իշխող կուսակցութեան, այլ` փաստօրէն պայքարիլ իշխանական համակարգին դէմ։ Կուսակցութիւնը այդ համակարգի միայն մէկ, արարողակարգային (ֆորմալ) մասնիկն է։ Այդ պատճառով ալ դիտորդ ըլլալը Հայաստանի մէջ ինքնաբերաբար հոմանիշ դարձած է ընդդիմադիր եւ հակաիշխանական ըլլալուն։ Հայաստան մեկնող սփիւռքահայ դիտորդներն ալ անխուսափելիօրէն արդէն իսկ մաս դարձած են առկայ այս մթնոլորտին։ Հայաստանաբնակ մտերիմներուս մէջ եղան մարդիկ, որոնք ինձմէ եւս խնդրեցին քաջալերել այս համեմատաբար նոր երեւոյթը` աւելցնելով թէ «այս անգամ սփիւռքէն մեր ուզածը դրամ չէ», բայց ունիմ նոյնքան մտերիմ այլ հայաստանաբնակ բարեկամներ, որոնք տարիներ շարունակ հարցականի տակ առած են ընդդիմադիր այլազան կազմակերպութիւններու եւ անհատներու անբասիրութիւնը եւ հիմա ալ շատ վերապահ են (չըսելու համար աւելին) սփիւռքահայ դիտորդի նոր երեւոյթին հանդէպ` ենթադրելով թէ անիկա անկեղծ հայրենասիրութեան ծննունդ չէ։

Չեմ գիտեր թէ ո՛ր երկիրներէն պիտի ժամանեն այդ 300 սփիւռքահայ դիտորդները եւ հասարակութեան ո՛ր խաւերը կը ներկայացնեն անոնք։ Այս նախաձեռնութեան ետին կանգնած հանրայայտ արուեստագէտներէն ոեւէ մէկուն հետ անձնական ծանօթութիւն չունիմ։ Մի քանի շաբաթ առաջ, պատահաբար ծանօթացայ ամերիկահայ երիտասարդ դիտորդի մը, որ իր դոկտորական ատենախօսութեան առնչութեամբ կ’այցելէր Միշիկընի Համալսարանի հայագիտական կեդրոնը Տիրպորն քաղաքին մէջ, ուր կ’աշխատիմ։

Կարեւորն ըստ իս այս քայլը արժեւորելն է իր խորհրդանշական իմաստով։ Այս փոքր շարժումը ի մի կը բերէ բազմակարծութիւնը, մարդու իրաւունքներու յարգումը ու ժողովրդավարական սկզբունքները բարձր գնահատող սփիւռքահայ անձինք, որոնք միաժամանակ կը հաւատան, որ ժամանակակից Հայաստանին առաջին հերթին անհրաժեշտ է ժողովրդավարական ամուր հիմքերով քաղաքական համակարգ։

Դիտորդներուն մէջ գերմարդիկ չկան ու 300 դիտորդ աւելի կամ պակաս ունենալը`2000 տեղամասերու վրայ բաժնուած, որակական տարբերութիւն պիտի չյառաջացնէ։

Այս դիտորդներուն ետին սփիւռքահայ հանրածանօթ եւ աւանդական կառոյցներէն որեւէ մէկը չկայ, ո՛չ դասական երեք կուսակցութիւնները, ո՛չ Կիլիկեան աթոռը, ո՛չ կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքները, ո՛չ Բարեգործականը, ո՛չ Հայկական Համագումարը (Armenian Assembly)։

Այդ առումով, սփիւռքահայ դիտորդներն ալ իրենց կարգին կը ներկայացնեն արտասահմանի հայութեան ընդդիմադիր կամ առնուազն ոչ-իշխանական տարրերը։ Անոնց գործունէութեան մասին միայն հարեւանցի ակնարկներ եղան կուսակցութիւններու հակակշռին տակ գտնուող սփիւռքեան լրատուամիջոցներուն մէջ քանի որ սփիւռքի աւանդական կառոյցները այսպիսի երեւոյթով մը հրճուելու պատճառ չունին։

Տեղեակ չեմ թէ ինչպէ՛ս կը ֆինանսաւորուին այս դիտորդներու Հայաստան փոխադրութիւնն եւ անոնց այնտեղ կեցութեան ու գործունէութեան ծախսերը։ Պիտի ենթադրեմ, որ այս շարժումը կը ղեկավարուի բարձր եկամուտ ունեցող բեմադրիչներու, դերասանի ու երգիչի կողմէ որովհետեւ անոնց աշխատանքին բնոյթը իրենց մեծ հնարաւորութիւն կու տայ իրենց ժամանակը ըստ իրենց հայեցողութեան կարգաւորելու։ Պարագան նոյնը չէ անշուշտ այն սփիւռքահայերուն համար, որոնք ամսականաւոր պաշտօնեաներ են ոչ-հայկական հաստատութիւններու մէջ։ Կ’ենթադրեմ, որ սփիւռքահայ դիտորդներու քանակն աւելի կ’ըլլար եթէ ընտրութիւնները տեղի ունենային ամառը։

Սակայն, կարեւորն այն է, որ այս նախաձեռնութիւնը որբ չմնայ։ Եթէ այս նախաձեռնութիւնը ոգեշնչող գաղափարախօսութիւնն ու առաջնահերթութիւններու սանդղակը պէտք է արմատաւորուին ու ազդեցիկ դառնան սփիւռքահայութեան մէջ, անհրաժեշտ է, որ նման աշխարհայեացք ունեցող սփիւռքահայ անհատներն ու փոքր խմբակները գտնեն համագործակցութեան ուղիներ եւ անպայման ունենան հանրութեան հետ մշտական կապ ապահովող անկախ լրատուական հարթակ։

Արա Սանճեան

Միշիկըն-Տիրպորնի համալսարանի դասախօս, դոկտոր

Աղբյուրը՝ https://www.facebook.com/ara.sanjian