Բացառուած չէ, որ մօտ օրերս Ատրպէյճան փորձէ վրէժ լուծել․ «Հայ Ձայն»

921

«Սահմանային լարուածութիւնը կարելի է ընդհանրապէս որեւէ բանով չպայմանաւորել, քանի որ Ատրպէյճան միշտ ալ կը փորձէ խոցելի տեղեր գտնել կամ շփման գիծի ողջ երկայքով լարուած պահել իրավիճակը»,- «Հայ Ձայն»ի հետ զրոյցի ընթացքին նշեց Թաթուլ Յակոբեան, յիշեցնելով նախորդ տարուայ Դեկտեմբերի 29-ին Տաւուշի հատուածին մէջ Ատրպէյճանի կատարած ներթափանցման փորձը:

«Բայց պէտք է նաեւ մէկ բան ալ հասկնալ, որ 25 տարի առաջ փետրուարեան այս օրերուն տեղի ունեցաւ Խոջալուի գործողութիւնը, որուն ընթացքին արցախեան ուժերը վերահսկողութեան տակ առին Խոջալուն: Այժմ Ատրպէյճան Խոջալուն վերածած է հակահայկական ամենանշանակալի հակաքարոզչութեան: Կը կարծեմ, որ այս գործողութիւնը հաւանաբար  պայմանաւորուած էր այս դէպքով՝ վրէժ լուծելու, հայերուն վնաս պատճառելու փորձ ճիշդ այս օրերուն: Բայց ատրպէյճանական մամուլին հետեւելով կը հասկնաս, որ ատրպէյճանական կողմը իսկապէս շատ լուրջ կորուստ կրած է, ոչ միայն արդէն պաշտօնապէս յայտարարուած  5 զոհին մասին է խօսքը, այլեւ այն հոգեբանական կոտրուածութեան, որ կը նկատուի ատրպէյճանական մամուլին մէջ: Ակնյայտ է, որ անոնք շատ ուժեղ հարուած ստացած են, բան մը, որ նոյնիսկ չեն կրնար թաքցնել», – նշեց մեր զրուցակիցը, աւելցնելով, որ այս գործողութիւնը տեղի ունեցաւ Իլհամ Ալիեւին՝ իր կինը երկրի փոխնախագահ նշանակելու դէպքէն ետք, որ քարոզչութեան վերածուեցաւ: Մեհրիպան Աիլեւայի գովաբանութենէն ետք այսօրուայ լրահոսը բաւական ընկճուած էր:

Յակոբեանին կարծիքով, հաւանական է, որ մօտ օրերս Ատրպէյճան փորձէ վրէժ լուծել:

Անդրադառնալով այն մտայնութեան, որ սահմանի վիճակի սրացումը Ատրպէյճան կ’օգտագործէ իր ներսը եղած խմորումները ճնշելու կամ ժողովուրդին ուշադրութիւնը շեղելու նպատակով, մեր զրուցակիցը նշեց, որ այդ մէկը Ատրպէյճանի մէջ շատ ընդունուած ձեռագիր է, երբ ամէն անյաջողութիւն կը պամանաւորեն հայերու մեղաւորութեամբ: «Կ’ուզէի դէպք մը յիշեցնել, երբ Հունկարիա Ատրպէյճան վերադարձուց Ռամիլ Սաֆարովը, Ազատութեան ռատիոյի տեղական ծառայութեան այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը  վերաբերիք այն հանգամանքին, որ ատրպէյճանցին քնացած հայ սպա սպանած է, ատրպէյճանցի մը ըսած էր, որ Սաֆարով մարդ սպանած է, բայց հայ մարդ: Այսինքն՝ այնքան բարձր է հակահայկականութեան աստիճանը, որ երիտասարդ սերունդը նման ձեւակերպումներ կու տայ: Կը նշանակէ, որ հայն այս սերունդին համար մարդ չէ»,- յայտնեց Յակոբեան:

Վերջինս աւելցուց, որ այսօրուան իրադրութիւնը՝ աշխարհագրութիւնը, դիրքաւորումները, որ ունինք ե՛ւ  ղարաբաղա-ատրպէյճանական շփման գիծով, ե՛ւ Հայաստան-Ղարաբաղ պետական սահմանով, մեր օգտին է: Անգամ եթէ  Ատրպէյճան նման ներթափանցումներ  կ’ընէ զինք պէտք է զսպել այսօրուան իրադրութեան սահմաններուն մէջ: «Այսօր կը հնչեն կարծիքներ, որ այս վիճակի առաջընթացը կանխելու համար աւելի լաւ է Ատրպէյճանին առաւել մեծ ցաւ պատճառել: Ըստ իս՝ այդ քայլին մէջ մեծ վտանգ կայ, քանի որ այն կրնայ լայնածաւալ պատերազմի յանգեցնել, որուն ժամանակ վստահ չեմ, որ յաջողութեան անիւը դէպի մեր կողմ կը պտըտի, քանի որ  Ատրպէյճան զէնքի մեծ մատակարարումներ կը ստանայ գլխաւորապէս Պելառուսէն, Ռուսիայէն եւ Իսրայէլէն, եւ վերջերս հրապարակուած զեկոյցի մը համաձայն, Ատրպէյճան վերջին 4 տարիներու ընթացքին 20 անգամ աւելի զինուած է, քան՝ մենք: Այսօր հայրենասիրութեամբ կռիւ տալ ժամանակակից սարքաւորումներուն դէմ, անհնար է: Ատրպէյճանը պէտք է զսպել այսօրուայ իր սահմաններուն մէջ»,- յայտնեց Յակոբեան:

http://haydzayn.am