ԱՆԻ-ին պիտի վերահրատարակէ Ստեփանոս Սապահ-Գիւլեանի «Պատասխանատուները» հատորը

1088

Հայկական ուսումնասիրութիւններու «ԱՆԻ» կեդրոնը վերահրատարակութեան  պատրաստած է Հնչակեան նշանաւոր գործիչներէն եւ կուսակցութեան տեսաբաններէն Ստեփանոս Սապահ-Գիւլեանի «Պատասխանատուները» հատորը:

Այն կարեւոր աղբիւր է 19-րդ դարու վերջը, 20-րդ դարու սկզբը հայ քաղաքական միտքի պատմութեան, այդ թուին՝ մէկ կողմէ ՍԴՀԿ եւ ՀՅԴ կուսակցութիւններու, միւս կողմէ՝ Երիտթուրքերու միջեւ վաղ շփումներու եւ գործակցութեան մասին:

Սապահ-Գիւլեանը իրադարձութիւններու մասին կը պատմէ որպէս անոնց մասնակից: Ըլլալով Հնչակեան կուսակցութեան առաջնորդներէն, ան Եւրոպայի մէջ հանդիպումներ  ունեցած է Երիտթուրքերու տարբեր ներկայացուցիչներու հետ:

Սապահ-Գիւլեանը «Պատասխանատուները» գրած է 1915-1916-ին՝ Գահիրէի մէջ: 1974-ին գիրքը վերահրատարակուած է Պէյրութի մէջ:

«Պատասխանատուներ»-ը գիրքի ինչպէս նախկին երկու, այնպէս ալ երրորդ հրատարակութիւնը պիտի ըլլայ արեւելահայերէն եւ մեսրոպեան՝ դասական ուղղագրութեամբ:

Սապահ-Գիւլեանը ծնած է Նախիջեւանի Ճահուկ, այժմ՝ Ջահրի գիւղին մէջ 1861-ին: Սորված  է Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցէն ներս:

33 տարեկանին 1894-ին, միացած է Հնչակեան կուսակցութեան, դարձած անոր առաջնորդը: Հիմնադրած եւ խմբագրած է «Երիտասարդ Հայաստան»,«Հնչակ», «Վերածնունդ», «Նոր Աշխարհ» պարբերականները: Հեղինակ է շարք մը արժէքաւոր հատորներու:

Սապահ-Գիւլեանը մահացած է 1928թ. ապրիլին, Նիւ Ճըրզիի մէջ:

http://www.arevelk.am/