Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ

1978

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՍՏՈՒԱԾՈՐԴՒՈՅՆ ԾՆՆԴԵԱՆ ԲԱՐԻ ԼՈՒՐԸ ԱՒԵՏԵՑ ՏԱԳՆԱՊԱՀԱՐ ԲԱՅՑ ԿԱՆԳՈՒՆ ՀԱԼԷՊԷՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետ Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնին առիթով Ուրբաթ, 6 Յունուար 2017-ի առաւօտուն, հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Այս առիթով, Նորին Սրբութեան կողքին խորանին վրայ Տիրոջ սեղանին ծառայութիւն բերին Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան եւ Անթիլիասէն Վեհափառ Հայրապետին ընկերացող Միաբան հայրեր՝ Գերշ. Տ. Նորայր Եպս. Աշըգեան, Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Բանճարճեան ու Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեան։

Տէրունական մեծ տօնին առիթով մատուցուած հայրապետական Պատարագը տարբեր ոգեւորութիւն ստեղծեց հալէպահայութեան կեանքէն ներս, որովհետեւ Վեհափառ Հայրապետը իր այս պատարագով ողջ Հալէպը դրաւ Տիրոջ սեղանին վրայ՝ Աստուծոյ հայրական պաշտպանութեան յանձնելով քաղաքը, եւ իր Ս. Աջին հովանաւորութեան՝ հալէպահայութիւնը։ Նորին Սրբութեան պատգամը իր կարգին իւրայատուկ մթնոլորտ ստեղծեց շրջանէն ներս։ Դեր քանին մը շաբաթներ առաջ Գողգոթայ ապրող հալէպահայութեան առջեւ, շնորհիւ Հովուապետին հոգեպարար խօսքերուն, նոր յոյսեր եւ յոյզեր մարմին առին։ Տխուր դէմքեր՝ ժպիտով գեղեցկացան, անյոյս աչքեր՝ Քրիստոսով յուսադրուեցան, մշուշոտ միտքեր՝ լոյսի եկան, այլ խօսքով՝ Հալէպի մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները նորոգութիւն է որ ապրեցան։

Իր արտասանած խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Մի՛ վախնաք՝ զի Աստուած ընդ մեզ է։ Կազդուրուեցէ՛ք՝ որովհետեւ առանձին չէք, ողջ հայութիւնը ձեր կողքին է։ Մեր ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին ինչե՜ր չտեսաւ։ Ի՛նչ մահեր յարձակեցան մեր վրայ, բայց Քրիստոսով մենք յաղթական դուրս եկանք։ Ահա, Հալէպը եւս իր խաղաղութիւնը ունեցաւ՝ այս մշուշն ալ փարատեցաւ։ Խաղաղութեան իշխանին ծնունդը, թող որ առիթ ըլլայ որ մենք գտնենք մեր մտքի ու հոգիի անդորրութիւնը։ Մանկացեալ Փրկիչին աւետիսը, թող որ այսօր հաւատքի նորոգութիւն բերէ մեզի, յոյսով պարուրէ մեզ եւ աստուածային սիրով գունաւորէ մեր կեանքը»։

Կենարար Պատարագի աւարտին Եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ հօտ եւ հովիւ հանդիպեցան իրարու հետ։ Նորին Սրբութիւնը մէկ առ մէկ օրհնեց այն բազմութիւնը, որոնք Ս. Ծննդեան տօնին առիթով եկած էին շնորհաւորելու Հայրապետը եւ իրենց սէրն ու շնորհակալութիւնը յայտնելու Հովուապետին՝ անցնող շուրջ հինգ տարիներու ընթացքին իր ցուցաբերած հայրական յատուկ սիրոյն ու լայն օժանդակութեան համար։

Հանդիպման աւարտին խումբ մը երիտասարդներ հետեւեալ խօսքը հասցէագրեցին Նորին Սրբութեան. «Շնորհակալ ենք Աստուծմէ, որ դուք մեր հովուապետն էք եւ միջազգային բեմերու վրայ՝ մեր քաջ պաշտպանը»։

http://www.armenianorthodoxchurch.org/archives/18273