«Հալէպահայութիւնը վերանորոգ հաւատքով ու ոգիով պիտի շարունակէ ազգային, եկեղեցական կեանքը»

1253

ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻն ՀԱԼԷՊ ԺԱՄԱՆՈՒՄԸ ԵԶԱԿԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ ՍՏԵՂԾԵՑ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄՕՏ

Հալէպի ազատագրման ու յաղթանակի ուրախութիւնն ու ցնծութիւնը կրկնապատկուեցան, երբ Հինգշաբթի, 5 Յունուար 2017-ի կէսօրուան ժամը 2:00-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր շքախումբի անդամներով ժամանեց Հալէպ, շնորհաւորեց Հալէպի ազատագրումն ու ոգեւորեց հալէպահայութիւնը:

Նորին Սրբութիւնը Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ դիմաւորուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի, Պատկան Մարմնի, ՀՀ Հալէպի Փոխհիւպատոս Արմէն Գէորգեանի, Ազգային Վարչութեան անդամներուն, Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ճորճ Շահինեանի, թեմական եւ ազգային ներկայացուցիչներու, ՀՄԸՄ-ի եւ Գերմանիկ Վասպուրական Մշկթ. Միութեան արի-արենուշներուն եւ փողերախումբերուն, հալէպահայ միութիւններու պատասխանատուներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին կողմէ:

Վեհափառ Հայրապետին ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Տէր Թորգոմ Ծայրագոյն Վարդապետ Տօնիկեան, ՀոգեշՆորհ Տէր Յովակիմ Աբեղայ Բանճարճեան, Գերշ. Տէր Նորայր Եպս. Աշըգեան:

Քահանաներուն կողմէ մատուցուած աւանդական աղ ու հացի օրհնութենէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը «Հրաշափառ»ով մուտք գործեց Ս. Աստուածածին Եկեղեցի, ուր հանդիսապետեց Կանոնական աղօթքը:

Եկեղեցւոյ մէջ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան Հոգեւորականաց Դասուն, Սզգ. Իշխանութեան, միութիւններուն եւ հալէպահայութեան անունով ողջունեց վեհափառ հայրապետը եւ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ ազատագրուած Հալէպին մէջ արժանի դարձուց մեզ հայրապետական հրաշալի այս այցելութեան:

Այնուհետեւ վեհափառ հայրապետը անդրանիկ իր պատգամին ընդմէջէն, խօսքը ներկայ բազմութեան ուղղելով ըսաւ.

«Անցնող հինգ տարիներու ընթացքին տագնապեցաք, տառապեցաք եւ ահաւոր դժուարութիւններու դիմաց կանգուն մնացիք որպէս Սուրիոյ հայութիւն եւ յատկապէս որպէս Հալէպի հայ համայնք: Ճիշդ է, որ անցնող հինգ տարիներու ընթացքին այս դժուար պայմաններուն մէջ ես ձեզի հետ չեղայ, սակայն կը վստահեցնեմ ձեզի, որ աղօթքիս ճամբով, աշխատանքիս ճամբով դուք իմ կեանքիս մէջ մնացիք մնայուն ու առանցքային ներկայութիւն:

Անցնող հինգ տարիներուն ընթացքին շրջապատուեցաք ահաւոր դժուաութիւններով: Յաճախ մահն ու սարսափը շրջապատեցին ձեր կեանքը, սակայն շնորհիւ ձեր քրիստոնէական հաւատքին, ամուր կամքին ու վառ յոյսին Հալէպի հայութիւնը մնաց կանգո՛ւն, մնաց ներկա՛յ, եւ այսօր եկած եմ ձեզի ըսելու, որ մենք միասնաբար ընդհանրապէս Սուրիոյ հայութիւնը ու յատկապէս հալէպահայութիւնը պիտի առաջորդենք դէպի վերականգնում, դէպի մեր համայնքային կեանքի վերակազմակերպում ու վերաշխուժացում:

Ճիշդ է անցնող հինգ տարիներու ընթացքին պայմաններու բերումով մեր սիրելի զաւակներէն ոմանք հեռացան, սակայն ինչպէս կը լսէի Շահան սրբազանէն ու այսօր կը տեսնեմ ու կը վկայեմ, Հալէպահայութիւնը ներկա՛յ է ու կը շեշտեմ՝ Հալէպահայութիւնը կանգուն է եւ վերանորոգ հաւատքով ու ոգիով պիտի շարունակէ իր ազգային, եկեղեցական կեանքը:

Երէկ պատեհութիւնը ունեցանք հանդիպելու Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահին հետ: Նախագահը մեծ գահատանքով, սիրով խօսեցաւ ձեր մասին, Սուրիոյ հայութեան մասին: Նախագահի մը կողմէ նման մօտեցում եզակի երեւոյթ է, իսկ Սուրիոյ հայութիւնը արժանի է նման գնահատանքի, որովհետեւ դուք այս երկրին ձեր հաւատարմութեամբ , անոր իսլամ եւ քրիստոնեայ ժողովուրդին նկատմամբ ձեր հաւատարմութեամբ արժանի եղաք նախագահին, երկրի պետական պատասխանատուներուն եւ Սուրիոյ իսլամ ու քրիստոնեայ ժողովուրդին գնահատանքին՝ հաստատելով որ Սուրիան դարեր շարունակ եղած է կրօններու եւ քաղաքակրթութիւններու համակեցութեան երկիր»:

Ապա վեհափառ հայրապետը բարձրօրէն գնահատեց Բերիոյ Թեմի Առաջնորդը, որ պատերազմի տարիներուն ժողովուրդին կողքին մնաց՝ հաւատարիմ իր ծառայողական առաքելութեան: Նորին Սրբութիւնը գնահատեց նաեւ հալէպահայ կազմակերպութիւններն ու միութիւնները եւ յատկապէս հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան նուիրուած հայ տղաքը, որոնք իրենց պատուաբեր մօտեցումով, կեանքին գնով տէր կանգնեցան մեր ժողովուրդին, մեր ընտանիքներուն:

Եզրափակելով վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Կը վստահեցնեմ ձեզի, ժողովո՛ւրդ հայոց, որ մեր ամբողջ ժողովուրդը ձեզի հետ եղաւ, ձեզի հետ եղաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ձեզի հետ եղան նուիրապետական մեր զոյգ Աթոռները, Հայ Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիները, մեր բոլոր կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները, որովհետեւ մեզի համար սուրիահայ գաղութը պատմական գաղութ է: Սուրիահայ գաղութին վերականգնումը համահայկական մտահոգութիւն է, համահայկական յանձնառութիւն: Այստեղ եկանք ձեզի յայտնելու, որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ամբողջական նուիրումով յանձնառու կը մնայ
սուրիահայութեան վերականգնումի անյետաձգելի առաքելութեան»:

Յայտնենք, որ Նորին Սրբութիւնը յառաջիկայ ժամերուն եւ օրերուն Հալէպի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան Կեդրոնական Մարմնին եւ Ազգ. Երեսփոխանսկան Ժողովին ու մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ, պիտի ընդունի Սուրիոյ խորհրդարանի անդամները, քրիստոնեայ համայնքապետերը, Հալէպի Մուֆթին եւ իսլամ կրօնաւորները, պետական պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ պիտի մասնակցի Խթման պաշտօնական ընթրիքին։

Զատկուան օրը տեղի պիտի ունենայ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան հայրապետական Ս. Պատարագ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիներու դպրաց դասերուն մասնակցութեամբ, որմէ ետք եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ժողովրդային ընդունելութիւն-աջահամբոյր։

Վեհափառ Հայրապետը պիտի այցելէ նաեւ Հալէպի բերդն ու եկեղեցիները, ապա Հայ Կաթողիկէ Ս. Երրորդութիւն եւ Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցիներուն մէջ ժողովրդային հանդիպումներ պիտի ունենայ։

Աղբյուրը՝ http://www.kantsasar.com/news/?p=15291