Թաթուլ Յակոբեան եւ Ժամանակակից Հայ Պատմութեան Քննական Ներկայացումը

1168

Կազմակերպութեամբ Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան ԿԵդրոնին, Երեքշաբթի, 1 Նոյեմբեր 2016, երեկոյեան համալսարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանրածանօթ լրագրող, Սիվիլիթաս հիմնադրամի քաղաքական փորձագէտ, Անի Կեդրոնի հիմնադիր Թաթուլ Յակոբեանի զեկուցումը՝ «ԱՆԻ Կեդրոնը եւ Ժամանակակից Հայ Պատմութեան Քննական Ներկայացումը» նիւթով:

Բացման խօսքին մէջ, Կեդրոնի տնօրէն Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, նշեց որ «Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան հռչակումը նոր կացութաձեւի մը առջեւ դրաւ հայութեան այն հատուածը որ ինքզինք պատասխանատու կը զգայ իր ազգին հանդէպ»:

Ան կարեւորեց հայ նորագոյն պատմութեան կարգ մը էջերու քննական մօտեցումի այս հանդիպումը եւ յոյս յայտնեց որ ձեռնարկը դուռ բանայ կարգ մը թապուներու գիտախօսոյթին, ապա ակնարկելով ներկայացուելիք գիրքերուն, ան ըսաւ. «Թաթուլ Յակոբեանին այս փունջ մը գիրքերը խթան են մեր մտադրոյթին գործելաձեւը բարեկարգելու, մղիչ են մեր mindsetին հրամցուած հայկական ամէն բան հալած իւղի տեղ չընդունելու, այլ մեկնելով մեր գերագոյն շահերէն քննականօրէն մօտենալու եւ արծարծելու»:

Ապա ամբիոն հրաւիրեց օրուան զեկուցաբերը:

Թաթուլ Յակոբեան նախ ամփոփ ներկայացուց Անի Կեդրոնը, անոր հիմնադրումին նպատակները եւ ծաւալած գործունէութիւնը, հրատարակած գիրքերը, ընդգծելով որ Կեդրոնը նպատակ կը հետապնդէ հայ նորագոյն պատմութեան խնդրայայրոց, հակասական եւ հակադիր կեցուածքներու տեղիք տուող հարցեր հանրային քննարկումի ներկայացնել՝ թէ՛ անոնց մասին չվերատպուած գրականութիւնը վերահրատարակելով եւ թէ՛ գիտաժողովներ կազմակերպելով:

Ապա ան մանրամասն ներկայացուց Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան առաջին վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունիին կեանքը, ծաւալած քաղաքական գործունէութիւնը, ապրած ընտանեկան ողբերգութիւնները եւ ծանրացաւ անոր պետական առաքինի, անշահախնդիր մարդու կերպարին:

Յակոբեան մատնանշեց որ հայ իրականութիւնը յուզող քաղաքական շարք մը խնդիրներ, ինչպէս՝ պետական արեւելումի հարցը, երրորդ ուժի պարագան եւն. ունին հարիւրամեայ հայ անցեալ մը, եւ ափսոսանք յայտնեց թէ դար մը առաջ, հայ մտաւորական իրականութիւնը աւելի ազատ կը դրսեւորէր իր տեսակէտերը, աւելի լայնամիտ քննարկումներ տեղի կ’ունենային քան այսօր:

Յակոբեան անհրաժեշտ համարեց կարծրատիպերու կազմաքանդումը, թապուներու արծարծումը, որպէսզի մենք աւելի գիտակից եւ փորձառու կարենանք արծարծել մերօրեայ քաղաքական այլեւալ խնդիրները: Յակոբեան օրինակներ տուաւ հարիւրամեակ մը առաջ հայ իրականութիւնը յուզող քաղաքական վերիվայրումներէն, ծանրացաւ Քաջազնունիի «ՀՅ Դաշնակցութիւնը Անելիք Չունի Այլեւս» գիրքի հրատարակութեան առթած արձագանգներուն եւ մատնանշեց որ Ռուբէն Դարբինեան, Արշակ Ջամալեան, Սիմոն Վրացեան եւ Վահան Նաւասարդեան անջատ գիրքերով պատասխանած ու վերլուծած են Քաջազնունիի գիրքը: Հուսկ, ան ընդգծեց որ հինգ գիրքերու այս հոյլը իւրայատուկ դրսեւորումն է հայ քաղաքական մտքի 20րդ դարասկիզբի որակին:

Իր զեկոյցէն ետք, ներկաներու զանազան հարցումներով, մատնանշումներով, հաստատումներով ու հակաճառութիւններով ուշագրաւ մթնոլորտ մը տիրեց սրահէն ներս: Հարց դրուեցաւ անհատի, դէպքի թէ իրադարձութեան գնահատումին մէջ հայեցակարգային խնդիրներուն:

Ձեռնարկի վերջաւորութեան ներկաները իրենց շարունակեցին արծարծել բարձրացուած նիւթերը՝ բակին մէջ, հիւրասիրութեան ընթացքին:

Թղթակից, Պէյրութ