Ցեղասպանութեան ճանաչումը` Երեւանի օրակարգին մէջ

887

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԱՅԵԱՑՔ ԱՐԱՐԱՏԷՆ. ՀԱՅԵՐԸ ԵՒ ԹՈՒՐՔԵՐԸ գիրքէն

Քսաներկուերորդ գլուխ

Հայաստանը եւ Թուրքիան 1998-2002 թուականներուն

Ցեղասպանութեան ճանաչումը` Երեւանի օրակարգին մէջ

18 Դեկտեմբեր 1996-ին Փարիզի մէջ ֆրանսահայոց հետ հանդիպման ընթացքին Լ. Ղ. Հ.ի նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեանը յայտարարեց, որ Թուրքիան` իբրեւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ ցեղասպանութիւն իրագործած պետութիւն, Ե. Ա. Հ. Կ.ի շրջանակներուն մէջ ընթացող ղարաբաղեան կարգաւորման բանակցութեանց մասնակցելու իրաւունք չունի. ՙՀայաստանը պէտք է Թուրքիոյ դիրքերը թուլացնէ` Ցեղասպանութեան հարցն ու պահանջատիրութիւնը արծարծելով: Մենք փոխհատուցելու խնդիր ունինք՚:

Ստանձնելով Հայաստանի նախագահի պաշտօնը, Քոչարեանը մօտ մէկուկէս տարի ետք Մ. Ա. Կ.ի ամպիոնէն հնչեցուցած իր ելոյթով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը դրաւ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին մէջ: Թէ այդ քայլը Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց եւ ղարաբաղեան կարգաւորման ի՞նչ տուաւ` կը շարունակէ վէճի ու հակասական մեկնաբանութեանց տեղիք տալ:

Նախագահի պաշտօնն ստանձնելէն քանի մը ամիս ետք Քոչարեանը յայտարարեց, որ Ցեղասպանութիւնը օրակարգ բերելու հարցին մէջ ՙմօտաւորապէս եօթը տարի ուշացած ենք՚: ՙՄենք այս նիւթը անկախութիւնը ձեռք բերելէն անմիջապէս յետոյ պէտք է բարձրացնէինք՚:

Ցեղասպանութեան հարցը արտաքին քաղաքականութեան օրակարգ բերելու նպատակը, Քոչարեանի խօսքերով, ՙառաջին կարգին, հարցին նկատմամբ ուշադրութիւն գրաւելն է՚: ՙՑեղասպանութեան փաստը կրնայ ամբողջ աշխարհը ճանչնալ, բայց շատ կարեւոր է, որ մենք նոյնինքն Թուրքիոյ հետ երկխօսութիւն սկսինք հարցին շուրջ, որ թուրք ժողովուրդն այդ տարիներու իրադարձութեանց մասին ճշմարտութիւնը գիտնայ: Հեռանկարի, երկարատեւ նպատակներու առումով, համոզուած եմ, թէ ինչ որ կ’ընենք, ճիշդ կ’ընենք: Չենք ըներ թշնամի ձեռք բերելու համար: Ճիշդ հակառակը, կը փորձենք գուցէ այս ճամբով վերացնել այն թշնամութիւնը, զոր ձեւաւորուած է եւ կ’արտայայտուի նաեւ միջպետական յարաբերութեանց մէջª Թուրքիոյ կողմէ շրջափակումը շարունակելով, Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութեանց հաստատումը մերժելով՚:

Աւելի ուշ, ‎Քոչարեանի մէկ ուրիշ մեկնաբանութիւնը որպէս մեղադրանք կը հնչէր Հայաստանի առաջին նախագահի հասցէին. ՙՆախապէս (Ցեղասպանութեան ճանաչման) հարցով ուղղակիօրէն չէին զբաղեր: Հայաստանը, նաեւ միջազգային տարբեր ատեաններու մէջ, փորձեց իր յստակ մօտեցումը ձեւակերպել հարցին վերաբերեալ: Մենք չենք կարծեր, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը միայն սփիւռքի հարցն է: Հայաստանն իբրեւ պետութիւն, այդ հարցին վերաբերեալ իր տեսակէտը յստակօրէն ձեւակերպելու պարզապէս պարտաւոր էր՚:

Ցեղասպանութեան հարցը օրակարգ բերելով` Երեւանը Անգարային յստակ ուղերձ կը յղէր, որ Թուրքիոյ կողմէ ճանաչումը տարածքային պահանջատիրութեան իրաւական հիմքեր չստեղծեր Հայաստանի համար: Թուրք լրագրող Պիրանտի հետ զրոյցին մէջ Քոչարեանը բացատրած է. ՙՑեղասպանութենէն տուժած անձանց ժառանգները կրնան դատարաններու միջոցով փորձել փոխհատուցման խնդիրներ լուծել: Եթէ սփիւռքահայ մը թրքական դատարան դիմէ եւ փաստաթուղթերով ապացուցէ, որ իր նախնին որեւէ դրամատան մէջ այդ տարիներուն գումար մը ունեցած է եւ այսօր այդ մարդն ատոր օրինական ժառանգն է, ի՞նչ որոշում պէտք է կայացնէ թրքական դատարանն այդ մարդու իրաւունքներու վերականգնման հարցով` անկախ Ցեղասպանութեան ճանաչումէն՚:

Քոչարեանը բացատրած է ուրիշ ցեղասպանութեան մը օրինակով. ՙՀրեաները Գերմանիայէն տարածք չեն ուզեր, բայց Հոլոքոսթէն տուժած մարդիկ փոխհատուցման խնդիր կը դնեն՚:

Նախագահի պաշտօնին Ծիծեռնակաբերդ‎ իր առաջին ապրիլքսանչորսեան այցի ընթացքին Քոչարեանը յայտարարած էր, որ ՙբանակցութեանց սեղանին վրայ պէտք է ըլլայ նաեւ Ցեղապանութեան հարցը՚, ինչպէս նաեւ ցանկալի համարած, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ տեղ գտնէ պետութեան վերաբերմունքը Ցեղասպանութեան նկատմամբ: ՙԲայց, վերջ ի վերջոյ, այդ խնդիրը պէտք է լուծեն հայ ժողովուրդն ու Ազգային Ժողովը՚:

2005 թուականին սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէ կայացաւ: Ինչպէս առաջին` 1995 թուականի սահմանադրութեան, այնպէս ալ բարեփոխուածին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին խօսք չկար:

Հայաստանի առաջին նախագահն ու անոր քաղաքական խումբը մերժելի կը սեպեն Քոչարեանի` Թուրքիոյ հարցով որդեգրած դիրքորոշումը: Հրաժարականին նախորդած իր յայտնի ՙՊատերա՞զմ, Թէ՞ Խաղաղութիւն. Լրջանալու Պահը՚ յօդուածին մէջ Տէր Պետրոսեանը գրած էր. ՙՄի՞թէ ես չեմ գիտեր հերոս ձեւանալու, ազգային բոլոր իղձերու իրականացնողը ներկայանալու, ժողովուրդին ամէն գնով հաճելի երեւալու աժան հնարքները: Մի՞թէ ես չէի կրնար գիշեր-ցերեկ հայհոյել թուրքերուն, Մ. Ա. Կ.ի առջեւ բարձրացնել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը՚: Առաջին նախագահը սպառած կը նկատէր այն տեսակէտը, որ եթէ Հայաստանը խիստ կեցուածք ընդունի Թուրքիոյ նկատմամբ, անոր առջեւ Ցեղասպանութեան ճանաչման, Կարսի պայմանագիրը չեղեալ յայտարարելու, հայկական հողերը վերադարձնելու հարցերը դնէ, ապա Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը աւելի զիջող կը դառնան Լ. Ղ.ի հարցին մէջ: ՙԱյդպիսի կեցուածքը ո՛չ միայն որեւէ օգուտ չի բերեր Լ. Ղ.ի խնդրի լուծման, այլեւ նոր բարդութիւններ կը յառաջացնէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութեանց մէջ, որոնք աւելի եւս կը ծանրացնեն Հայաստանի ու Լ. Ղ.ի դրութիւնը: Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ համար ատիկա Հայաստանի ծաւալապաշտական նկրտումներն ապացուցելու լրացուցիչ կռուան կը հանդիսանար՚:

Տասնամեայ դադարէն ետք վերադառնալով քաղաքականութիւն, առաջին նախագահը 2007-ի Դեկտեմբերին Ազատութեան հրապարակին մէջ հաւաքուած տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներուն կը պատմէր. ՙ1997-ին երբ վարչապետ Քոչարեանին առաջարկեցի գլխաւորել ՙՀայաստան-Սփիւռք Յարաբերութեանց Համակարգման Պետական Խորհուրդ՚ը, ան հրաժարեցաւ` պատճառաբանելով այն հանգամանքը, որ Խորհուրդի գործունէութեան ծրագիրին մէջ կը բացակայի Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ կէտը: Երբ խնդրեցի հիմնաւորել իր տեսակէտը, Քոչարեանն ըսաւ. ՙԵթէ մտցնենք այդ կէտը, ապա սփիւռքը կ’ոգեւորուի եւ նիւթական աւելի մեծ օգնութիւն կը ցուցաբերէ Հայաստանին: Աւելին, եթէ Հայաստանը պաշտօնապէս ներկայացնէ Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջը, ապա Թուրքիան տեղի կու տայ եւ մէկ տարիէն կը բանայ հայ-թրքական սահմանը, աւելի անկողմնակալ դիրք կը գրաւէ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ եւ այլեւս ջանասիրաբար չի պաշտպաներ Ատրպէյճանի դիրքորոշումը՚:

Տէր Պետրոսեանի վերադարձը քաղաքականութիւն մտահոգութիւն եւ, որոշ իմաստով, խուճապ յառաջացուց իշխանական վերնախաւին մէջ: Հայկական գրեթէ բոլոր հեռատեսիլի կայաններով անոր նկատմամբ աննախադէպ սեւ քարոզչութիւն սկսաւ: Նախագահի թեկնածու, վարչապետ Սերժ Սարգսեանը իր նախկին ղեկավարը մեղադրեց ՙՂարաբաղը Ատրպէյճանին յանձնելու՚ մտադրութեանց համար, իսկ Քոչարեանը զայն ՙթրքամէտ՚ պիտակեց: ՙՀ. Հ. Շ.ին (Տէր Պետրոսեանին) օտար է ազգային գաղափարախօսութիւնը, ան պատրաստ է Ցեղասպանութիւնը մոռնալու եւ Հայաստանը Թուրքիոյ կցորդի վերածելու՚,- հարցազրոյցի մը մէջ հեգնեց Քոչարեանը:

Ի պատասխան, Տէր Պետրոսեանը յայտարարեց, որ ինքը Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու շառաւիղ է, իր մեծ հայրը մասնակցած է Մուսա Լերան հերոսամարտին, իր` այդ օրերուն եօթնամեայ հայրը ուտելիք եւ ջուր կրած է դիրքեր, իսկ մայրը այդ օրերուն ծնած է քարանձաւի մը մէջ. իր գերդաստանէն երեք սերունդ այս կամ այն կերպ պայքարած է թուրքերուն դէմ:

ՙԱւելի առաջ` 1896-ին, Զէյթունի ապստամբութենէն ետք, մեծ հայրս վեց ամիս անցուցած է թրքական բանտերուն մէջ: Հայրս 1939-ին գլխաւորած է Ալեքսանտրէթի սանճաքը Թուրքիոյ յանձնելու ծրագիրին դէմ ուղղուած հայկական շարժումը, իսկ ես 1966-ին` Ցեղասպանութեան առթիւ կազմակերպուած ցոյցի ատեն ձերբակալուած եւ մէկ շաբաթ բանտարկուած եմ Երեւանի բերդին մէջ, երբ Քոչարեանն ու Սարգսեանը ցեղասպանութիւն բառն անգամ չէին լսած: Զիս ՙթրքամէտ՚ կ’անուանեն այն պատճառով, որ նախագահութեանս օրօք ես բազմիցս պնդած եմ հայ-թրքական յարաբերութեանց կարգաւորման անհրաժեշտութեան վրայ եւ որ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը իբր թէ երբեւէ չեմ բարձրացուցած: Փաստերէն առաջինն ստոյգ է, քանի որ իսկապէս պնդած եմ եւ այսօր ալ կը կարեւորեմ հայ-թրքական յարաբերութեանց շուտափոյթ կարգաւորումը, իսկ երկրորդը չի համապատասխաներ իրականութեան: Իշխանութեանս օրօք է կառուցուած Ցեղասպանութեան թանգարանը: Առաջին անգամ Հայաստանի մէջ ես կազմակերպած եմ Ցեղասպանութեան նուիրուած հեղինակաւոր միջազգային գիտաժողով: Ճիշդ է սակայն, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը ես Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հիմքին չեմ դրած` ատիկա անժամանակ եւ վտանգաւոր գտնելով՚,- տասնեակ հազարաւոր մարդոց կը բացատրէր Տէր Պետրոսեանը:

Թուրքիոյ հանդէպ Քոչարեանի քաղաքականութիւնը կը քննադատեն նաեւ առաջին նախագահին համախոհները: Տէր Պետրոսեանի խորհրդական Լիպարիտեանի խօսքերով` Քոչարեանը կը կարծէր, որ Թուրքիոյ համար ՙայս շատ ցաւալի հարցը բարձրացնելով, ան կը հակադարձէ Թուրքիոյ այն պնդման, որ յարաբերութեանց կարգաւորումէն առաջ պէտք է լուծուի ղարաբաղեան հակամարտութիւնը՚: ՙՀետեւութիւնը հետեւեալն էր. որպէսզի Հայաստանը Ցեղասպանութեան հարցը չբարձրացնէ, Թուրքիան պէտք է ետ կանգնի իր նախապայմանէն, զոր իր կարգին, կը թուլցնէ Ատրպէյճանի բանակցային դիրքերը: Քոչարեանը կը հաւատար, որ իր մարտավարական քայլին ջերմօրէն կը վերաբերին սփիւռքի մէջ, սփիւռքը կը բազմապատկէ երկրին մէջ ներդրումները, այս կերպ լուծելով Հայաստանի տնտեսական դժուարութիւնները՚:

Փափազեանին համար ակնյայտ է, թէ ինչո՞ւ Քոչարեանը Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը դրաւ արտաքին քաղաքականութեան առանցքին: ՙԱն ինծի եւ շատերու ըսած է, որ սփիւռքի հետ աշխատիլ չենք գիտեր, լաւ աշխատելու պարագային կարելի է տարեկան 500 միլիոն տոլար գումար բերել՚,- կը հեգնէ արտաքին գործոց նախկին նախարարը: Փափազեանի խօսքերով` հայ-թրքական յարաբերութեանց մէջ կարեւորագոյնը Ցեղասպանութեան հարցն է: ՙՀայ-թրքական խնդիրներուն մէջ առկայ է հսկայ կնճիռ մը: Անոր հատ մըն ալ աւելցնել, կը նշանակէ մոռնալ հայ-թրքական յարաբերութեանց կարգաւորման մասին: Կար նաեւ երկրորդ պատճառ, թէ ինչո՞ւ մենք զայն արտաքին քաղաքականութեան օրակարգային հարց չենք դարձուցած պետական մակարդակով: Ի սկզբանէ պարզ էր, որ երբ պետական մակարդակով քննարկման առարկայ կը դարձնենք, ապա թրքական կողմը շատ յստակ ու պարզ պաստասխան ունի. դուք կ’ըսէք, թէ եղած է ցեղասպանութիւն, մենք կ’ըսենք` չէ եղած: Եկէ՛ք քննարկենք` եղա՞ծ է, թէ՞ չէ եղած: Ինչը եւ տեղի ունեցաւ. 2009-ի ցիւրիխեան արձանագրութեանց մէջ ներառնուեցաւ կէտ մը` պատմաբաններու ենթայանձնաժողովի մասին: Մենք կը գիտակցէինք, որ այդ պահը կրնայ գալ եւ նաեւ այդ պատճառով է, որ երկկողմ յարաբերութեանց քննարկման նիւթ չէինք դարձներ: Ատկէ պէտք էր խուսափիլ, ինչը մենք չէինք ըներ, չնայած բազմաթիւ հարուածներ ստացած ենք թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ, իբր թէ ապազգային ենք, դաւաճան ենք, մոռացութեան կու տանք մեր ազգի ամենամեծ ողբերգութիւնը: Պետութեան շահերը կը պահանջէին այդ հարցը պետական քաղաքականութեան առարկայ չդարձնել, եւ մենք կը գտնէինք, որ ա՛յդ էր ճիշդը: Այսօր ես աւելի կը համոզուիմ, որ մենք ճիշդ էինք՚:

Երկրորդ նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեանն ու անոր շրջապատը հրապարակային յայտարարութեանց մէջ կը պնդէին, որ Ցեղասպանութեան հարցը օրակարգ բերելը չի վնասեր Երեւան-Անգարա կարգաւորման հեռանկարին: Անկախութեան առաջին եօթը տարիներուն այդ հարցը օրակարգին մէջ չէր, սակայն թուրքերը յարաբերութիւններ չհաստատեցին:

Վարդան Օսկանեանը Քոչարեանի նախագահութեան բոլոր տասը տարիներուն եղած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը, մինչ այդ` ղարաբաղեան բանակցութեանց մէջ հայկական կողմէ հիմնական բանակցողը: Ան հայ-թրքական յարաբերութիւնները պայմանականօրէն կը բաժնէ երեք փուլի: Առաջին` 1991-1993 թուականները, երբ դեռ չկար Ղարաբաղի հետ կապուած պայմանը, Թուրքիան ճանչցած էր Հայաստանի անկախութիւնը, սակայն կը մերժէր դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել: Անգարան կը փորձէր ՙլուծել երկու հարց` սահմաններու ճանաչման եւ Ցեղասպանութեան խնդիրները, բայց չեղաւ, որովհետեւ ներկայացուած տրամաբանութիւնն անընդունելի էր՚: Երկրորդ փուլը 1993-1998 թուականներն էին, երբ ՙազատագրուած տարածքներու առկայութեամբ, Թուրքիան արդէն երրորդ նախապայմանը դրաւ` այդ տարածքներուն վերադարձը՚: 1993-1998-ին Ցեղասպանութեան հարցը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգ չէր ներառնուած, ՙմեր քաղաքականութիւնը Թուրքիոյ նկատմամբ աւելի բարեացակամ էր՚, Անգարան առաջին երկու նախապայմանները ՙժամանակաւորապէս անտեսած էր եւ շեշտը հիմնականին մէջ ղարաբաղեան հիմնախնդրին վրայ կը դնէր՚: Երրորդ փուլը` 1998-ի իշխանափոխութենէն մինչեւ 2007 թուականն է: ՙԻրավիճակն այսօր քիչ մը աւելի բարդ է: Սա պէտք է արձանագրել, որովհետեւ այդ երեք նախապայմաններն այժմ կը դրուին մեր առջեւ միաժամանակ եւ բաւական վճռականօրէն` ճանչնալ Թուրքիոյ սահմանները, հրաժարիլ Ցեղասպանութեան խնդիրէն եւ լուծել Լ. Ղ.ի հարցը յօգուտ Ատրպէյճանի՚,- արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը ձգելէն քանի մը ամիս առաջ յայտարարեց Օսկանեանը:

Օսկանեանը համաձայն չէ, որ արտաքին քաղաքական օրակարգին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցին առկայութիւնը Թուրքիոյ հետ յարաբերութեանց բարելաւման կը խանգարէ: Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը Հայաստանի արտաքին քաղաքական օրակարգին մէջ չէ եղած մինչեւ 1998 թուականը, սակայն ատիկա չէ նպաստած որ Թուրքիա բանայ Հայաստանի հետ սահմանը եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատէ: Ատկէ բացի, Թուրքիան կը շարունակէ Հայաստանի հետ յարաբերութեանց բարելաւման գլխաւոր խոչընդոտ նկատել ո՛չ միայն Ցեղասպանութեան խնդիրը, այլեւ` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը: ՙԹուրքիոյ տարբեր ներկայացուցիչներ մէկ պատճառաբանութենէն միւսին կ’անցնին յարաբերութիւններ չհաստատելու համար: Առաջինը` անոնք կ’ըսեն, որ Հայաստանը տարածքային պահանջներ ունի, թէեւ ոեւէ հայ պաշտօնեայ երբեք նման հարց չէ բարձրացուցած եւ ո՛չ մէկ գործող պայմանագիր մերժուած է կամ փոխարինուած: Երկրորդ` անոնք կը նշեն Հայաստանի աջակցութիւնը Ցեղասպանութեան ճանաչման միջազգային գործընթացներուն: Բայց եթէ հայերը` Ցեղասպանութեան զոհերը, ժամանակակից Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները չեն պայմանաւորեր Օսմանեան Կայսրութեան գործած յանցանքներուն ճանաչմամբ, Թուրքիան բարոյական ու քաղաքական ի՞նչ հիմք ունի ակնկալելու, որ Հայաստանը կրնայ հրաժարիլ իր անցեալէն կամ մոռնալ զայն: Երրորդը Թուրքիոյ համերաշխութիւնն է Ատրպէյճանի հետ: Թուրքիան կը պնդէ, որ Լ. Ղ.ի հարցը պէտք է շուտափոյթ կերպով լուծուի, կամ, առնուազն, կարգաւորման ուղղութեամբ յառաջընթաց արձանագրուի յօգուտ Ատրպէյճանի՚:

Արտաքին գործոց ուրիշ նախարար մը` Ալեքսանդր Արզումանեանը նկատել կու տայ, որ անկախ անկէ, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրը արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին մէ՞ջ է, թէ՞ ոչ, անիկա ճանչցուած է Հայաստանի անկախացումէն առաջ եւ ետք: ՙՄիացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին մէջ ճանաչումը աւելի մօտ եղած է 1989-ին, իսկ Եւրոպական Խորհրդարանը ճանչցած է 1987-ին: Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է ամէն կերպ աջակցին այն խումբերուն, որոնք ճանաչման ուղղութեամբ կ’աշխատին, բայց առանց օրակարգի հարց դարձնելու: Օրակարգ բերելը հայ-թրքական յարաբերութեանց մէջ կ’ընկալուէր որպէս յաւելեալ խոչընդոտ, որպէս նախապայման: Ատիկա Թուրքիոյ հետ անկեղծ երկխօսութեան հնարաւորութիւնը կը բարդացնէ: Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ձեւակերպումը որպէս Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերակայութիւն, հայ-թրքական յարաբերութեանց մէջ կը խանգարէ նաեւ խուսանաւելու առումով՚,- կը կարծէ Արզումանեանը:

Նախքան օրակարգի հարց դարձնելը, Հայոց Ցեղասպանութիւնը 1996-ին ճանչցած էին նաեւ Գանատայի Համայնքներու Պալատը (23 Ապրիլ), Յունաստանի խորհրդարանը (25 Ապրիլ) եւ Ա. Մ. Ն.ի Ներկայացուցիչներու Տունը (11 Յունիս): 3 Ապրիլի 1997-ին զայն ճանչցաւ Լիբանանի խորհրդարանը:

Քոչարեանի նախագահութեան առաջին ամիսներուն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցան նաեւ Պելճիքայի եւ Ֆրանսայի օրէնսդիրները, սակայն այդ երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ գործընթացն աւելի շուտ սկսած էր:

Հայոց Ցեղասպանութիւնը 29 Մայիս 1998-ին քուէարկութեամբ ճանչցաւ Ֆրանսայի Ազգային Ժողովը: Օրինագիծը ընդամէնը մէկ նախադասութիւն էր. ՙՖրանսան հրապարակաւ կը ճանչնայ 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութիւնը՚:

Նախագահ Քոչարեանը ողջունեց Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին որոշումը:

Թուրքիոյ արձագանգը կոշտ էր: Արտաքին գործոց նախարար Իսմայիլ Ճեմը յոյս յայտնեց, որ Ֆրանսայի խորհրդարանի վերին պալատը` Ծերակոյտը, հաւանութիւն չի տար նշուած փաստաթուղթին: Թուրքիոյ վարչապետ Եըլմազը 28 Մայիսին յայտարարած է, թէ Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը կրնայ էապէս վատթարացնել թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւնները: Վարչապետ Լիոնէլ Ժոսփէնին յղած նամակին մէջ ան գրած է, թէ թուրքերը յոյժ զգայուն են ցեղասպանութիւն հասկացութեան նկատմամբ եւ համոզուած են, որ զիրենք կը մեղադրեն յանցագործութեան մը համար, զոր իրենք չեն կատարած:

Ե. Ա. Հ. Կ.ի գագաթաժողով Սթամպուլի մէջ

Ե. Ա. Հ. Կ.ն միաձայնութեամբ (քոնսենսուս) գործող կազմակերպութիւն մըն է եւ անոր աւելի քան 50 անդամներէն իւրաքանչիւրն իրաւունք ունի վեթօ դնելու որեւէ նախաձեռնութեան կամ առաջարկի վրայ: Այսպէս, 1992-ի Յունուարին Թուրքիան կը փորձէր վեթօ դնել Ե. Ա. Հ. Կ.ին Հայաստանի անդամակցութեան վրայ եւ իր մտադրութենէն հրաժարեցաւ միջազգային, առաջին կարգին` ամերիկեան յորդորներէն ետք միայն:

1999-ի Նոյեմբերին Թուրքիան կը պատրաստուէր Սթամպուլի մէջ հիւրընկալել Ե. Ա. Հ. Կ.ի գագաթաժողովը: Հայաստանը նախապէս կ’առարկէր` ունենալով շարք մը պատճառներ, սակայն որոշ ժամանակ ետք Երեւանը փոխեց իր կեցուածքը:

Անգարայի վերաբերմունքը չփոխուեցաւ: Հայաստանի մէջ 1998-ի փետրուարեան իշխանափոխութենէն ետք Թուրքիոյ Ա. Գ. Ն.ի տարածած առաջին յայտարարութեան մէջ յոյս կը յայտնուէր, որ Քոչարեանը դրական քայլեր կը ձեռնարկէ Լ. Ղ.ի խնդիրը լուծելու ուղղութեամբ: Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակն ըսած էր, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութեանց բարելաւումը կախուած է անկէ, թէ արդեօք միջոցներ կը ձեռնարկուի՞ն ղարաբաղեան հարցը կարգաւորելու ուղղութեամբ:

Քանի մը օր ետք նախագահի պաշտօնին ընտրուելու կապակցութեամբ Քոչարեանին շնորհաւորական ուղերձ յղեց Տէմիրէլը: 5 Յունիսին, Ս. Ծ. Տ. Հ.ի Եալթայի գագաթաժողովի շրջանակներուն մէջ կայացաւ Քոչարեանի եւ Տէմիրէլի միջեւ առաջին հանդիպումը: Հայաստանի նախագահն ըսած է, որ ՙհայ-թրքական յարաբերութիւնները պէտք չէ պայմանաւորուած ըլլան ուրիշ հարցերով կամ ուրիշ երկիրներու, մասնաւորապէս Ատրպէյճանի հետ եղած խնդիրներով՚, իսկ ՙնման մօտեցման պարագային Հայաստանն ալ կրնայ Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութիւնները պայմանաւորել բազմաթիւ հիմնախնդիրներով՚: Քոչարեանի խօսքերով` ՙանհրաժեշտ է ստեղծել աշխատանքային խումբ, ճշդել գոյութիւն ունեցող խնդիրները, քննարկել եւ փորձել գտնել անոնց կարգաւորման ուղիները՚: Երեւանի ու Անգարայի յարաբերութեանց մէջ գլխաւոր խնդիրը երկխօսութեան բացակայութիւնն է: Հայաստանի նախագահն ընդգծած էր, որ երկու երկիրներուն միջեւ առկայ հարցերը պէտք է լուծել առանց նախապայմաններու, բանակցութեանց սեղանին շուրջ, աւելցնելով, որ Հայաստանը եւ Թուրքիան ՙկրնան նոյնիսկ դաշնակիցներ ըլլալ՚:

1998-ի աշնան Քոչարեանը մերժեց Անգարայի հրաւէրը եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրման 75-ամեակի տօնակատարութեան ներկայ չգտնուեցաւ: ՙԵս չեմ կարծեր, որ հիմա կրնամ մասնակցիլ տօնական միջոցառումներու երկրի մը մէջ, որուն հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունինք, սակայն որեւէ արգելք չեմ տեսներ գործնական հանդիպումներու մասնակցելու հարցով: Մեր մեղքով չէ, որ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չկան, մենք չենք, որ հայ-թրքական սահմանը գոց կը պահենք, մենք չենք, որ մեր երկկողմ յարաբերութիւնները կը պայմանաւորենք երրորդ երկրի հետ յարաբերութիւններով՚,- բացատրած էր Հայաստանի նախագահը:

Հայաստանը ձգտած է իրարմէ անջատելու ղարաբաղեան եւ հայ-թրքական հարցերը: Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը, ընդհակառակը, փորձած են միջազգային հանրութեան մօտ տպաւորութիւն ստեղծել, թէ Երեւան-Անգարա փակուղիին պատճառը ղարաբաղեան խնդրի չկարգաւորուած ըլլալն է: Միջազգային հանրութիւնը խրախուսած է ղարաբաղեան եւ հայ-թրքական հարցերու միաժամանակեայ լուծումը: Նման փորձ կատարուեցաւ 1999 թուականին, երբ շրջանառութեան մէջ դրուած էր տարածքներու փոխանակման տարբերակով ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կարգաւորելու հեռանկարը:

Կը թուի, թէ Հայաստանի ղեկավարութիւնը հակուած էր քննարկելու այդ գաղափարը: Քոչարեանը բացատրած է. ՙԿայ փակուղի, եւ փակուղիէն դուրս գալու միակ ճամբան բոլոր հնարաւոր տարբերակներու քննարկումն է: Եւ այդ համաշարադրանքին մէջ, այո՛, կար տարածքներու փոխանակման գաղափարը, զոր բաւական կը տարբերի անկէ, ինչ տպագրուեցաւ մեր մամուլին մէջ: Բայց, այնուամենայնիւ, այդ տարբերակը ես չեմ ընդունած: Պէտք է ըսեմ, որ տարբերակն ունէր իր տրամաբանութիւնը. կ’ենթադրուէր, որ ան տարածաշրջանին երկարատեւ խաղաղութիւն պիտի բերէր՚:

Աւելի ուշ` իր նախագահութեան վերջին շաբաթներուն, ի պատասխան Տէր Պետրոսեանի քննադատութեան, Քոչարեանն ըսած է. ՙՄեղրին յանձնելու տարբերակը Փոլ Կոպլի առաջարկն է, զոր պարբերաբար շրջանառութեան մէջ կը դրուի: ՙՏարածքներու փոխանակման սկզբունքներ՚ կոչուող տարբերակն ընդամէնը մէկ անգամ քննարկուած է համանախագահող երկիրներէն մէկուն ներկայացուցիչին հետ: Եթէ պատասխանը դրական ըլլար, անիկա յետագային կը մշակուէր ու Մինսքի Խումբի առաջարկ կը դառնար: Այդ տարբերակը մերժած է թէ՛ հայկական, եւ թէ՛ ատրպէյճանական կողմը: Մեր իշխանավարման ընթացքին տարածքներու փոխանակման սկզբունքները մերժած ենք` պատճառաբանելով, որ Իրանի հետ սահմանը չենք կրնար կորսնցնել: Այն թուղթը, զոր Տէր Պետրոսեանը կը թափահարէ, ես երբեւէ չեմ տեսած՚:

2008-ի Փետրուարին, Տէր Պետրոսեանը Ազատութեան հրապարակին մէջ հաւաքուած տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներու համար մէջբերումներ կ’ընէր ՙտասը տարի պահուած՚ փաստաթուղթէն` զայն որակելով ՙմեծագոյն դաւադրութիւն Հայաստանի հանդէպ՚: Տէր Պետրոսեանը Մեղրիի եւ Ղարաբաղի փոխանակման փաստաթուղթէն ընթերցեց երկու յօդուած, ըստ որոնց` ՙնախկին Լ. Ղ. Ի. Մ.ի տարածքը եւ Լաչինի շրջանը կը փոխանցուի Հայաստանին, Մեղրիի շրջանը 1988-ի սահմաններով կը փոխանցուի Ատրպէյճանին՚: Համաձայնագիրն ոյժի մէջ մտնելէն անմիջապէս ետք ՙկը սկսի Մեղրիի շրջանի բնակչութեան եւ ներկայիս Աղտամի, Ֆիզուլիի, Ճեպրայիլի, Ղուպաթլիի, Զանգելանի, Քելպաճարի շրջաններուն մէջ բնակող հայոց անվտանգ եւ կամաւոր տեղափոխումը Հայաստանի տարածք՚: Ապա Տէր Պետրոսեանը շարունակեց. ՙՀայաստանի մէջ այս դաւադրութիւնը խափանուեցաւ երկու մարդու շնորհիւ: Անոնք Կարէն Դեմիրճեանն ու Վազգէն Սարգսեանն էին, որոնք խափանեցին այդ ծրագիրը, եւ ատոր գինը անոնց կեանքն էր՚:

Հարցազրոյցի մը մէջ Տէր Պետրոսեանն ըսած է, որ ինքը երբեք չէր դիմեր այնպիսի կարգաւորման, որու պարագային Հայաստանը զրկուեր հարաւային դրացիին` Իրանի հետ ընդհանուր սահմանէն, որ ՙՀայաստանի համար, ռազմավարական առումով Ղարաբաղէն աւելի կարեւոր է՚:

Տարածքներու փոխանակման գաղափարը 1992-ին յառաջ քաշած էր Ա. Մ. Ն.ի պետական քարտուղարութեան նախկին աշխատակից Կոպլը: Ըստ էութեան, 2001-ի Ապրիլին, երբ Ա. Մ. Ն.ի աջակցութեամբ Ֆլորիտայի Քի Ուէսթ քաղաքին մէջ բանակցութիւններ տեղի կ’ունենային, կարգաւորման հիմքին նոյնպէս դրուած էր Կոպլի գաղափարը, ճիշդ է` փոփոխութիւններով ու նորամուծութիւններով:

2008-ի Փետրուարին, արտաքին գործոց նախարար Օսկանեանը Մեղրին Ղարաբաղի հետ փոխանակելու Տէր Պետրոսեանի յայտարարութիւնները որակեց ընդամէնը Կոպլի ծրագիր, զոր շրջանառութեան մէջ է դրուած 90-ական թուականներու սկիզբներուն եւ 2000-ին կտրականապէս ու վերջնականապէս մերժուած: Ան ընդգծեց, որ Մինսքի Խումբը նման առաջարկ երբեւէ չէ ներկայացուցած: Աւելին, ինչպէս պնդեց Օսկանեանը, դեռ 1994-ին Հայաստանի ղեկավարութիւնը նեղ շրջանակի մէջ քննարկած է Կոպլի ծրագիրը, եւ Տէր Պետրոսեանը կարծիք յայտնած է, որ եթէ Նախիջեւանի հիւսիսային` Հայաստանի անմիջական յարակից մասը, մինչեւ Իրանի սահմանը, տրուեր Հայաստանին, ապա ատիկա ընդունելի տարբերակ կ’ըլլար:

Աւելի կանուխ` 1988-ին, տարածքներու փոխանակման ճանապարհով ղարաբաղեան հարցի լուծումը յառաջ քաշած էր Նոպէլեան Մրցանակի դափնեկիր, մարդու իրաւունքներու պաշտպան Անտրէյ Սախարովը: 2002-ին Ալիեւն ըսած է. ՙԵրբ Սախարովը հոս եկաւ, խօսակցութիւն եղաւ Մեղրին Ատրպէյճանին փոխանցելու, իսկ Լաչինէն Հայաստանի համար միջանցք բանալու մասին, որպէսզի այդ հարցը լուծուի: Ատրպէյճանը ասոր չհամաձայնեցաւ: Այդ մասին ինծի Թուրքիոյ մէջ ըսած են հանգուցեալ Էօզալը, յետագային` Տէմիրէլը: Չեմ կրնար ըսել, որ ի վերջոյ հայերը կը համաձայնէի՞ն, բայց, ամէն պարագայի, նման տրամադրութիւններ կային: Սակայն ատրպէյճանական կողմը լիովին դէմ եղաւ՚:

Նախագահ Էօզալի խորհրդական Ճենկիզ Չանտարը կը յիշէ. ՙ1991-ին Էօզալը զիս Պաքու ղրկեց առաջարկութեամբ մը, որով կը փորձէր Ղարաբաղի հարցին մէջ ճշդել Մութալիպովի ճկունութիւնը: Այդ առաջարկութեան էութիւնը տարածքներու փոխանակումն էր: Պատերազմը նոր սկսած էր: Ըստ այդ առաջարկութեան` Ատրպէյճանը Հայաստանին կը զիջի Լաչինն ու Ղարաբաղի մէկ մասը, իսկ Ղարաբաղի միւս մասը Շուշիով, ինչպէս նաեւ Մեղրին, Ատրպէյճանին կը տրուին: Մութալիպովն ըսաւ, որ այդ առաջարկութիւնը չի կրնար ընդունիլ: Մտածեցի, թէ ան Իրանի գործօնը հաշուի կ’առնէ: Մութալիպովի բացատրութիւնն ուրիշ էր: Ան ըսաւ, որ Զանգեզուրը ատրպէյճանական հող եղած է եւ զայն Սթալինը հայոց տուած է: Ինչո՞ւ մենք պէտք է ատրպէյճանական Լաչինը փոխանակենք ատրպէյճանական Զանգեզուրի հետ՚:

1999 թուականը ղարաբաղեան կարգաւորման գործընթացին մէջ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ երկկողմ ձեւաչափով բազմակի հանդիպումներու տարի էր: Մոսկուայի, Ուաշինկթընի, երկու անգամ` Ժնեւի, ապա Եալթայի մէջ բանակցութիւններէն ետք, Քոչարեանն ու Ալիեւը 11 Հոկտեմբերին հանդիպեցան Հայաստան-Նախիջեւան սահմանագլխուն` Սադարակի մէջ: Սադարակեան հանդիպման յաջորդ օրը Ա. Մ. Ն.ի փոխնախագահ Ալպէրթ Կորը Քոչարեանին եւ Ալիեւին յղած ուղերձին մէջ զանոնք կը քաջալերէր եւ յոյս կը յայտնէր, որ եթէ նախագահներն իրենց աշխատանքի ներկայ փուլը կարենան մինչեւ Նոյեմբերին կայանալիք Ե. Ա. Հ. Կ.ի գագաթաժողովը վերջացնել, ապա ՙՍթամպուլի մէջ Ե. Ա. Հ. Կ.ի ողջ ընկերակցութիւնն իր աջակցութիւնը կը յայտնէ ձեռք բերուած յառաջընթացին՚:

Սթամպուլի գագաթաժողովին նախորդող եւ յաջորդող ամիսներուն հայկական, ատրպէյճանական եւ միջազգային մամուլին մէջ եղան բազմաթիւ հրապարակումներ, թէ բանակցութեանց մէջ քննարկուած է Մեղրին Լաչինի հետ փոխանակելու հնարաւորութիւնը. Մեղրին կը տրուի Ատրպէյճանին, Լաչինը Լ. Ղ.ի հետ` Հայաստանին, Մեղրիով Հայաստանին կը տրուի գերիշխան ճամբայ մը, որով Հայաստանը կրնայ գերիշխան ձեւով, այսինքն` առանց հատելու Ատրպէյճանի սահմանագիծը, հաղորդակցութեան մէջ մտնել Իրանի հետ: Այս շրջանին, աննախադէպ աշխոյժ էին կովկասեան տարածաշրջանին մէջ կենսական շահեր ունեցող ուժային կեդրոններն ու դրացի երկիրները` առաջին կարգին Ա. Մ. Ն.ն ու Թուրքիան:

Տէմիրէլը 19 Հոկտեմբերին յայտարարեց, թէ ՙմօտ օրերս կ’իրականանայ հայ-ատրպէյճանական հաշտութիւնը՚, միայն թէ ՙառանց Ռուսիոյ բարերար դերին` անիկա հնարաւոր չէ ապահովել՚: ՙԿովկասի մէջ հնարաւոր չէ հաշտութեան մասին խօսիլ` առանց նկատի առնելու Ռուսիան: Եթէ լուծում իրականացնելու կոչուած ձեռնարկին նկատի չառնուի Ռուսիան, ապա ձեռնարկը կը ձախողի, որովհետեւ Ռուսիան տակաւին կը պահէ իր մեծ պետութիւն ըլլալու ներոյժը՚:

Ա. Մ. Ն.ի պետական քարտուղարի օգնական Սթիվըն Սեսթանովիչը 20 Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ վարչապետ Վազգէն Սարգսեանի հետ հանդիպման ժամանակ առաջարկեց, որ Թուրքիան եւ Հայաստանը իրարու մայրաքաղաքներուն մէջ տեղեկատուական կեդրոններ բանան` որպէս առաջին քայլ դիւանագիտական յարաբերութեանց հաստատման ճամբուն վրայ: Սեսթանովիչը կ’ըսէր, որ Անգարան դրական պատասխան տուած է ամերիկեան առաջարկութեան: Նոյն օրը Սեսթանովիչն ու Մինսքի Խումբի ամերիկացի միջնորդ Քերի Քաւանօն Երեւանի մէջ հանդիպեցան Քոչարեանի, Վազգէն Սարգսեանի, Օսկանեանի եւ Սերժ Սարգսեանի հետ: Յաջորդ օրը Սեսթանովիչն ու Քաւանօն ղարաբաղեան բանակցութիւնները շարունակեցին Պաքուի մէջ` Ալիեւի, արտաքին գործոց նախարար Թո‎ֆ‎իկ Զուլֆուկարովի եւ պաշտպանութեան նախարար Սա‎‎ֆար Ապիեւի հետ:

Այս հանդիպումէն երեք օր ետք հրաժարական կու տան Զուլֆուկարովն ու Ալիեւի աշխատակազմի կարեւոր դէմքերէն Էլտար Նամազովը: Աւելի առաջ հրաժարական տուած էր նախագահի խորհրդական Վա‎‎ֆա Կուլուզատէն: Յետագային Զուլֆուկարովն ու Նամազովը հաստատած են, որ Սթամպուլի գագաթաժողովի նախօրեակին կողմերը լրջօրէն քննարկած են տարածքներու փոխանակման տարբերակը: Երկուքն ալ պնդած են, որ հրաժարական տուած են` իրենց անհամաձայնութիւնն արտայայտելով տարածքներու փոխանակման առաջարկին:

ՙՍթամպուլի գագաթաժողովի նախօրեակին ձեռք բերուած էր համաձայնութիւն մը, զոր, իմ կարծիքով, Ատրպէյճանի շահերուն չէր համապատասխաներ: Այդ պատճառով, որոշեցի իմ քանի մը գործընկերներուն հետ հրաժարական տալ: Այդ համաձայնագիրը հաւասարազօր էր Ղարաբաղին անկախութիւն տալուն, անշուշտ` ոչ տը-եուրէ, այլ` տը-ֆաքթօ՚,- ըսած է Նամազովը:

Ալիեւն իր հրապարակային ելոյթներուն մէջ ընդունած է, որ 1999-ի ընթացքին քննարկուած են տարբերակներ, որոնք հակասած են Ատրպէյճանի շահերուն, միւս կողմէ պնդած է, թէ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններէն Հայաստանն է ետ կանգնած. ՙՄենք քանի մը անգամ հանդիպեցանք (Քոչարեանի հետ), երկու անգամ մեկնեցայ Ժնեւ, հանդիպեցանք (Հայաստան-Նախիջեւան) սահմանին: Կրնամ ըսել, թէ դիրքորոշումները հնարաւոր եղաւ շատ մօտեցնել 1999-ի Հոկտեմբերին: Բայց Հայաստանի խորհրդարանին մէջ կատարուած ահաբեկչութենէն ետք Հայաստանը հրաժարեցաւ այն փոքր յառաջընթացէն, որուն հասած էինք՚:

Դժուար է միանշանակ կերպով պնդել, թէ գագաթաժողովի նախօրեակին ո՞ր կողմն է նախնական համաձայնութենէն հրաժարած: Յստակ չէ, թէ որքանո՞վ մօտ եղած են համաձայնութեան: Հակասական են նաեւ տեղեկութիւնները, թէ ի՞նչ կապ կրնար ըլլալ Հայաստանի խորհրդարանին մէջ իրականացուած ոճրագործութեան եւ ղարաբաղեան կարգաւորման միջեւ:

18-21 Հոկտեմբերին կայացաւ Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատուիրակութեան այցը Մոսկուա, զոր կը գլխաւորէր խորհրդարանի նախագահ Կարէն Դեմիրճեանը: 26 Հոկտեմբերին Ալիեւն ընդունեց պետական քարտուղարի տեղակալ Սթրոպ Թելպոթը, Սեսթանովիչը եւ Քաւանօն: 27 Հոկտեմբերին Քոչարեանը հեռաձայնով զրոյց ունեցաւ Ելցինի հետ: Նոյն օրը Հայաստանի նախագահը Երեւանի մէջ ընդունեց Պաքուէն ժամանած ամերիկեան պատուիրակութիւնը: Վարչապետ Վազգէն Սարգսեանի ու արտաքին գործոց նախարար Օսկանեանի մասնակցութեամբ այդ բանակցութիւնները աւելի քան հինգ ժամ տեւած են: Այդ հանդիպումէն անմիջապէս ետք վարչապետը աճապարած է Ազգային Ժողով, իսկ Օսկանեանը ամերիկեան պատուիրակութեան ուղեկցած է օդանաւակայան: Կարճ ժամանակ ետք, երբ ամերիկեան պատուիրակութիւնը Երեւանէն Մոսկուայով Անգարա կ’ուղեւորուէր` թրքական իշխանութեանց հետ ղարաբաղեան քննարկումները շարունակելու համար, Հայաստանի Ազգային Ժողովին մէջ կրակոցներ կը լսուին. ահաբեկչութեան զոհ կը դառնան խորհրդարանի նախագահ Կարէն Դեմիրճեանը, վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը, ինչպէս նաեւ մէկ նախարար ու հինգ երեսփոխան, որոնց թուին` խորհրդարանի նախագահին երկու տեղակալները:

Ահա՛ այս համընկնումն է պատճառ դարձած պնդելու, թէ ահաբեկչութիւնը կապուած էր ղարաբաղեան կարգաւորման հետ: Աւելին` կը շրջանառուէին տեսակէտներ, թէ կարգաւորման` տարածքային փոխանակումներ ենթադրող տարբերակին առաջին կարգին դէմ էին Դեմիրճեանն ու Վ. Սարգսեանը: Կրակահերթերէն սպանուած խորհրդարանի նախագահի այրին` Ռիմա Դեմիրճեանը կը պատմէ. ՙԴէպքէն քանի մը օր առաջ Կարէնն այդ մասին երկու անգամ կիսուած է ինծի եւ որդիիս հետ: Ան ինծի եւ Ստեփանին ըսաւ, թէ որոշուած է Մեղրիով ճամբայ ձգել: Ան ըսաւ, թէ բոլորը համաձայն են, նոյնիսկ ուրախացած, որովհետեւ մեծ գումարներ խոստացած են: Կը մտածէին այդ գումարներով Հայաստանը կարգի բերել: Վազգէնը շատ շուտով Կարէնի կողմն անցաւ, համոզուեցաւ, որ Մեղրին կարելի չէ տալ: Ան կ’ըսէր, որ զինք համոզել չեն կրնար, որովհետեւ Մեղրին տալը Հայաստանի վերջն է՚:

Պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեանն ալ հաստատած է, որ տարածքներու փոխանակման տարբերակը քննարկուած է բաւական լրջօրէն. ՙԵս` որպէս պաշտպանութեան նախարար, մասնակցած եմ այդ փաստաթուղթի քննարկումներուն: Մեղրիի տարբերակի մասին առաջին անգամ ինծի ըսած է Վ. Սարգսեանը: Անկէ ետք Սադարակի մէջ Քոչարեան-Ալիեւ եւ Ապիեւի ու իմ հանդիպման ժամանակ այդ մասին խօսած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը: Այնուհետեւ այդ տարբերակն ինծի ներկայացուց Քոչարեանը եւ ըսաւ, որ լաւ լուծում է՚:

1999-ի ընթացքին տարածաշրջան քանի մը անգամ այցելած ամերիկացի պաշտօնաթող դիւանագէտ Փիթըր Ռոզընպլաթը պնդած է. ՙ27 Հոկտեմբերի սոսկալի սպանդի նախօրեակին վարչապետ Սարգսեանը նախագահին հետ ամբողջովին համաձայն եղած է: Ես այդպէս տեղեկացուած եմ: Սարգսեանին հանդիպած եմ սպանութենէն քանի մը օր առաջ եւ տպաւորութիւն ստացայ, որ ան լիովին չ’արտայայտուիր բանակցութեանց մասին, սակայն անոնք, որոնք Սարգսեանի հետ եղած են կեանքի վերջին քանի մը օրերուն, ինծի կ’ըսեն, թէ լիովին համաձայն եղած է Քոչարեանի հետ՚:

Մեղրիի տարբերակը ամերիկացիք առաջարկած էին: Մինսքի Խումբի համանախագահ միւս երկիրները` Ռուսիան եւ Ֆրանսան, մանրամասնօրէն տեղեկացուած չէին: Ամերիկացիք ստացած էին Ալիեւի նախնական համաձայնութիւնը: Գաղափարին բովանդակութիւնը հետեւեալն էր. Արցախը Լ. Ղ. Ի. Մ.ի նախկին սահմաններով` մօտ 4.4 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածքով, եւ Լաչինով կը միացուէր Հայաստանին, իսկ փոխարէնը` Նախիջեւանը Մեղրիով` Ատրպէյճանին: Հայկական կողմն ամերիկացիներուն առաջարկած էր շօշափել Թուրքիոյ տեսակէտը Անիի աւերակներն ու Արարատ սարը Հայաստանին վերադարձնելու հնարաւորութեան մասին որպէս տարածքներու փոխանակման բաղկացուցիչ մաս: Թրքական կողմին արձագանգը չափազանց կոշտ եղած է. պետական քարտուղարի տեղակալ Թելպոթը Անգարայի մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքէն ուղղակի դուրս հրաւիրած են: Անին ու Արարատը ետ ստանալու հեռանկարը, զոր եղած է Կարէն Դեմիրճեանի գաղափարը, ոգեւորած է նաեւ Վազգէն Սարգսեանը: Ընդհանուր առմամբ, Հայաստանի ղեկավարութիւնը` նախագահ Քոչարեանն ու վարչապետ Վ. Սարգսեանը, կողմ եղած են լրջօրէն քննարկելու տարածքներու փոխանակման տարբերակը, եթէ Անիի ու Արարատի վերադարձի հարցն ալ ներառնուեր կարգաւորման փաթեթին մէջ: Ազգային Ժողովի նախագահ Դեմիրճեանը սկիզբը դէմ արտայայտուած է տարածքներու փոխանակման գաղափարին, սակայն Անիի ու Արարատի վերադարձի հեռանկարը զայն ալ ոգեւորած է, թէեւ մինչեւ վերջ ալ ան հաւանութիւն չէ տուած:

27 Հոկտեմբերի առտուան ժամը 10-ին, Բաղրամեան պողոտայի թիւ 26-ին` Հայաստանի նախագահի նստավայրին մէջ, կը սկսին հայ-ամերիկեան բանակցութիւնները, որոնք պէտք է ճակատագրական դառնային: Բանակցութեանց հայկական կողմէն մասնակցած են նախագահ Քոչարեանը, վարչապետ Վ. Սարգսեանը եւ արտաքին գործոց նախարար Օսկանեանը, ամերիկեան կողմէն` Թելպոթը, Սեսթանովիչը եւ Հայաստանի մէջ Ա. Մ. Ն.ի դեսպան Մայքլ Լեմոնը: Հանդիպումը շարունակուած է մօտ հինգ ժամ, որմէ ետք Սարգսեանն ու Օսկանեանը խորհրդարան աճապարած են: Սակայն, Թելպոթի խնդրանքով, Օսկանեանը ամերիկեան պատուիրակութեան ուղեկցած է օդանաւակայան, որպէսզի ճամբան շարունակեն խօսակցութիւնը:

2001 թուականի գարնան Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կը քննարկէին Քի Ուէսթի տարբերակը, որ նոյնպէս կ’ենթադրէր տարածքներու փոխանակում, սակայն ի տարբերութիւն 1999-ի առաջարկներուն, Ատրպէյճանը Նախիջեւանի հետ ցամաքային կապ հաստատելու համար անցում` ՙգերիշխան միջանցք՚ կը ստանար (Քի Ուէսթի փաստաթուղթին մէջ օգտագործուած է sovereign passage ձեւակերպումը):

27 Հոկտեմբեր 1999-ի ահաբեկչութիւնն ու Թելպոթի այցին համընկնումը բրիտանացի հետազօտող Թոմաս տէ Վաալը ՙշատ ապշեցուցիչ՚ կ’որակէ եւ կը մէջբերէ ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտին խօսքերը, թէ կողմերը ՙշատ, շատ մօտ էին՚ համաձայնութեան հասնելուն, եւ որ տեղի ունեցած սպանդը ՙմարդկային, քաղաքական եւ աշխարհաքաղաքական աղէտ էր՚: Խօսակցութիւններ կը շրջանառուէին, թէ ահաբեկիչներուն յանձնարարուած էր կանխել վերահաս ճեղքումը Ղարաբաղի հարցով` ազատուելով Վ. Սարգսեանէն, որ պատրաստ էր պաշտպանելու խաղաղութեան համաձայնագիրը: Այդուհանդերձ, որոշ այլ հանգամանքներ ենթադրել կու տան, որ յարձակման ժամկէտը պարզապէս համընկած էր բանակցութեանց հետ, իսկ ահաբեկչութիւնը հաւանաբար ներքաղաքական դրդապատճառ ունէր. սպանդի գիշերը խորհրդարանին մէջ (ահաբեկչութիւնը իրականացուցած) Յունանեան եղբայրները չէին յիշատակած Ղարաբաղը: Եթէ ծրագրուած էր խափանել խաղաղութեան գործընթացը, ապա Սարգսեանը պիտի չըլլար ակնյայտ թիւ մէկ թիրախը, քանի որ այդ պահուն դեռ ակնյայտ չէր, որ ան խաղաղութեան համաձայնագիրը կը պաշտպանէ:

27 Հոկտեմբերի ահաբեկչութիւնը, ատոր հետեւանքով Հայաստանի մէջ ստեղծուած ճգնաժամային վիճակը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի մէջ հրաժարականներու շարքը խոչընդոտեցին Սթամպուլի գագաթաժողովին ակնկալուող յառաջընթացը: Ե. Ա. Հ. Կ.ի` 17-19 Նոյեմբերին կայացած բարձր մակարդակի այդ խորհրդաժողովի շրջանակներուն մէջ տեղի ունեցան շարք մը հանդիպումներ` Քոչարեան-Քլինթըն, Քոչարեան-Ալիեւ, Քոչարեան-Տէմիրէլ: Այս վերջին հանդիպումէն ետք Թուրքիոյ նախագահն ըսած է. ՙՀայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութեանց բարելաւումը կախուած է հայ-ատրպէյճանական յարաբերութեանց յաջող ընթացքէն: Հայաստանի հետ սահմանի բացման հարցը նոյնպէս կապուած է այդ խնդրին հետ: Յոյսով եմ, որ մօտ ապագային հակամարտութիւնը խաղաղ լուծում կը գտնէ՚: Քոչարեանի խօսքերով` ՙպէտք չէ աւելորդ սպասումներ ունենալ, յարաբերութեանց կարգաւորումը թրքական կողմին նոյնքան անհրաժեշտ է, որքան մեզի՚ եւ առայժմ կարելի չէ խօսիլ այն մասին, որ Թուրքիան հրաժարած է Հայաստանի հետ յարաբերութեանց կարգաւորումը Լ. Ղ.ի խնդրի լուծմամբ պայմանաւորելու իր նախապայմանէն:

Ե. Ա. Հ. Կ.ի Սթամպուլի գագաթաժողովի օրերուն տեղի կ’ունենայ նաեւ հանդիպում մը Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ: Անիի աւերակներու եւ Արարատ սարի հարցին շուրջ խօսակցութիւն կը բանայ Օսկանեանը, սակայն Ճեմի հակազդեցութիւնը խիստ էր: Թուրքիան Հայաստանին նոյնիսկ բուռ մը հող զիջիլն անընդունելի կը նկատէր:

Ղարաբաղեան կարգաւորման տարածքներու փոխանակման կամ անորմէ ածանցեալ առաջարկները թէեւ անընդունելի եղած են ինչպէս հայկական, այնպէս ալ ատրպէյճանական կողմերուն համար, սակայն բանակցութեանց տարբեր փուլերուն անոնք քննարկուած են: Ատրպէյճանը Նախիջեւանի հետ ցամաքային անմիջական կապ հաստատելու կը ձգտէր, սակայն ատոր դիմաց, ակնյայտօրէն, պատրաստ չէր զիջումներ ընելու Լ. Ղ.ի եւ Լաչինի հարցերուն մէջ: Միւս կողմէ, Երեւանը Լ. Ղ.ն ու Լաչինի միջանցքը Հայաստանի կազմին մէջ տեսնելու կը ձգտէր, սակայն անվտանգութեան եւ այլ պատճառներով պատրաստ չէր զրկուելու Իրանի հետ ընդհանուր սահմանէն:

2000. Հայաստանի պատուիրակութիւնը Կարսէն կը վռնտուի

Իսլամամէտ ՙԲարօրութիւն՚ կուսակցութեան արգիլումէն, իսկ վարչապետի պաշտօնէն Էրպաքանի ստիպողական հրաժարումէն ետք, Թուրքիոյ մէջ կառավարութիւնը մինչեւ 1999-ի Յունուարը կը գլխաւորէր Մեսութ Եըլմազը: Յունուարէն մինչեւ Մայիս վարչապետի աթոռն զբաղցուց Պիւլէնթ Էճեւիտը: 1999-ի Ապրիլին կայացած խորհրդարանական ընտրութեան մէջ յաղթեց Էճեւիտի Ժողովրդավարական Ձախ Կուսակցութիւնը, ստանալով քուէներուն 22 տոկոսը: Տեւլէթ Պահչելիի ՙԱզգայնական Շարժում՚ը շահեցաւ ընտրողներու ձայներուն մօտ 18 տոկոսը, ՙՄայր Հայրենիք՚ը` աւելի քան 13 տոկոսը, ՙՃշմարիտ Ուղի՚ն` 12 տոկոսը: Արգիլուած ՙԲարօրութիւն՚ի յենքով 1997-ի վերջերուն ստեղծուած իսլամամէտ ՙԱռաքինութիւն՚ կուսակցութիւնն ստացաւ քուէներուն աւելի քան 15 տոկոսը: Կուսակցութեան նախագահը Էրպաքանի մտերիմներէն մէկն էր` Ռեճայի Քութանը: Կուսակցութեան հիմնադիրներուն մէջ էր Ապտուլլահ Կիւլը: Թուրքիոյ նոր կառավարութիւնը գլխաւորեց Էճեւիտը: Ան վարչապետի պաշտօնին մնաց մինչեւ 2002-ի Նոյեմբերը, երբ խորհրդարանական ընտրութեան մէջ յաղթեց իսլամամէտ ուրիշ կուսակցութիւն մը` ՙԱրդարութիւն Եւ Զարգացում՚ը:

Թուրքիոյ նախագահ Տէմիրէլը 2000-ի Յունուարին ուղերձ յղեց Հայաստանի իր գործընկերոջ` նշելով, որ ՙխաղաղութիւն, կայունութիւն եւ բարեկեցութիւն հաստատելու համար մեր պատասխանատուութիւնը տարածաշրջանին համար ընդհանուր է՚, իսկ ՙմինչեւ այժմ Կովկասի մէջ առկայ չկարգաւորուած որոշ հարցեր կը խոչընդոտեն մեր տարածաշրջանին մէջ կայունութեան հաստատման՚: Տէմիրէլը կը գրէր, որ հանդիպումներ ունեցած է Ալիեւի ու Շեւարտնածէի հետ: ՙԵս կը թարմացնեմ Ե. Ա. Հ. Կ.ի սթամպուլեան գագաթաժողովին մէջ ըրած առաջարկութիւնս Կովկասի մէջ բազմակողմ համագործակցութեան ֆորում-դաշինքի ստեղծման վերաբերեալ: Գաղափարը, զոր պաշտպանեցին Ալիեւն ու Շեւարտնածէն, խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ բարեկեցութիւն կը բերէ ո՛չ միայն կովկասեան տարածաշրջանին, այլեւ` ողջ Եւրասիոյ՚:

Թրքական կողմի այս եւ յետագային առաջարկած ՙ‎ֆորում-դաշինք՚ներու ու ՙհարթակ՚ներու նախաձեռնութիւնը չէր կրնար կեանքի կոչուիլ բազմաթիւ պատճառներով: Թուրքիան գոց կը պահէ իր դրացի Հայաստանի հետ սահմանը, կը հրաժարի անոր հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելէ, ղարաբաղեան հարցին մէջ բացայայտօրէն կ’աջակցի Ատրպէյճանին: Ասոնցմէ բացի, նման ձեւաչափերով համագործակցութեան արդիւնաւէտութիւնը չնչին է, հաշուի առնելով տարածաշրջանի երկիրներու արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւնները: Համագործակցութեան պատրաստակամութեան նման յայտարարութիւններով Անգարան հաւանաբար կը ձգտէր միջազգային հանրութեան ըսել, որ Երեւանի նկատմամբ իր քաղաքականութիւնը կառուցողական է, իսկ աշխարհի տարբեր երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւերու շրջանառումը միայն կը բարդացնէ հայ-թրքական (գոյութիւն չունեցող) երկխօսութիւնը:

Այն օրերուն, երբ Տէմիրէլը ուղերձ կը յղէր Քոչարեանին, Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ կը քննարկուէր Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու օրինագիծը: Նախագահ Տէմիրէլն ու վարչապետ Էճեւիտը 22 Փետրուար 2000-ին նամակ մը յղած էին Ֆրանսայի իրենց գործընկերներ Շիրաքին ու Ժոսփէնին, շեշտելով, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը թուրք-ֆրանսական յարաբերութեանց կը վնասէ: ՙԱնգարան պատրաստ է բարելաւելու իր յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ, մինչդեռ օրինագիծին հաստատումը կը խոչընդոտէ այդ գործընթացը՚,- իր գործընկերոջ գրած էր Էճեւիտը:

7 Նոյեմբեր 2000-ին, երեքուկէսժամեայ գիշերային քննարկումներէ ետք, Ֆրանսայի Ծերակոյտը ճանչցաւ 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Տարուան ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցան կամ նախկին ճանաչումը վերահաստատեցին Շուէտի խորհրդարանի Արտաքին Քաղաքականութեան Յանձնաժողովը` զեկոյցի տեսքով, Լիբանանի խորհրդարանը, Ուրուկուէյի Ծերակոյտը, Եւրախորհրդարանը, անուղղակի կերպով` Իտալիոյ Երեսփոխաններու Պալատը: Նոյեմբերին Վատիկանի մէջ Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Պապի եւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ստորագրած համատեղ յայտարարութեան մէջ օգտագործուած էր ՙցեղասպանութիւն՚ բառը:

2000-ի Հոկտեմբերին Ա. Մ. Ն.ի Քոնկրէսին մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը նախագահ Պիլ Քլինթընի միջամտութենէն ետք հանուեցաւ Ներկայացուցիչներու Տան օրակարգէն: Քլինթընն իր քայլը փաստարկած էր անով, որ Միացեալ Նահանգները պէտք չէ վնաս հասցնէ իսլամ առանցքային դաշնակից Թուրքիոյ հետ կապերուն:

Նախագահ Քոչարեանը ՙմեծ նուաճում՚ որակեց թիւ 596 օրինագիծին շրջանառութեան փաստը, քանի որ ՙայսպիսի լայն քննարկումներ Ցեղասպանութեան հարցը երբեք չէ ունեցած՚: ՙՈչ ոք կը կասկածի, որ այդ որոշումը կրնար անցնիլ, եթէ դրուեր քուէարկութեան՚,- ՙՌոյթըր՚ին ըսած է Քոչարեանը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածեց հաղորդագրութիւն մը, յիշեցնելով, որ ՙԹուրքիան 1991-ին ճանչցած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը` պայմանով, որ ան յարգէ միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքները դրացիներու` այդ թուին Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութիւնները կառուցելու ատեն, ինչպէս նաեւ յարգէ սահմաններու անձեռնմխելիութեան միջազգայնօրէն ընդունուած սկզբունքը՚: Թուրքերու կարծիքով` ՙՀայաստանը միջազգային սկզբունքներուն հակասող քաղաքականութիւն կը վարէ, ինչն ալ կը խանգարէ Երեւանը` բնականոն դարձնելու յարաբերութիւնները Անգարայի հետ: Մենք բացատրեցինք Հայաստանին, որ հաշտուի իր պատմութեան հետ եւ դրացիներու նկատմամբ թշնամանքի քաղաքականութեան վերջ տայ՚:

Մինչ այդ, Թուրքիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը Հայաստանի վերաբերեալ յայտարարութիւն մը տարածեր էր Յունիսին` կապուած Կարսէն հայկական պատուիրակութեան վտարման հետ: Թրքական կողմը սպառնալից ոճով կ’ընդգծէր, որ ՙՀայաստանի հանդէպ քաղաքականութիւնն անփոփոխ կը մնայ, իսկ հարկ եղած պարագային մենք կրկին նոյն կերպ կը վարուինք՚: Թուրքիոյ Ա. Գ. Ն.ի փոխխօսնակի յայտարարութեան մէջ նման վարուելակերպը կը պատճառաբանուէր Հայաստանի` Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչմանն ուղղուած ջանքերով եւ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ընթացքով:

Ի պատասխան, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ափսոսանք յայտնեց, որ ՙթրքական իշխանութիւնները պաշտօնապէս հրաւիրուած հայկական պատուիրակութիւնն արգիլած են մասնակցելու Կարսի համաժողովին՚, իսկ ՙմիջադէպը համահունչ չէ վերջերս հայ-թրքական երկխօսութեան մէջ արձանագրուած յառաջընթացին եւ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման չի նպաստեր՚:

Կարսի մէջ տեղի ունեցած միջադէպն ուշագրաւ էր նաեւ անով, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութեանց զարգացմամբ ամէնէն շատ շահագրգռուած է նոյնինքն Կարսի մարզին բնակչութիւնը: Կարսի քաղաքապետ Նայի‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎ֆ Ալիպէյօղլուի նախաձեռնութեամբ սահմանի բացման օգտին կազմակերպուած ստորագրահաւաքին շուրջ յիսուն հազար մարդ մասնակցեցաւ: Սակայն այս նախաձեռնութիւնները վիժեցնել ուզողներու ջանքերն ապարդիւն չանցան: Չորս անձէ կազմուած հայկական պատուիրակութիւնը հազիւ տեղաւորուած էր Կարսի պանդոկներէն մէկուն մէջ, երբ անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներէն մէկը` ներկայացնելով արտաքին եւ ներքին գործոց նախարարութեանց հրամանը, հրաւիրեալ հայերէն պահանջեց անյապաղ լքել Թուրքիոյ տարածքը: Ան տեղւոյն վրայ արձանագրութիւն կազմեց եւ հայերը ոստիկանական ինքնաշարժով սահման տանելով` երկրէն դուրս հանեց:

Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման համար Հայաստանի իշխանութեանց գործադրած ջանքերը ջղայնացուցին թուրքերը եւ անոնք, ի պատասխան, դժուարացուցին վիզային կարգը: 2001-2002 թուականներուն Հայաստանի քաղաքացիները ուրիշ երկիրներու քաղաքացիներուն նման Թուրքիա մուտք գործելու այցագիրը օդանաւակայաններուն մէջ կամ ցամաքային սահմանադուռերուն վրայ ստանալու հնարաւորութիւն չունէին: Հայաստանի քաղաքացիներն իրենց այցագիրները մօտ մէկ տարի երրորդ երկիրներու մէջ կը ստանային:

Հռոմի Պապը Ծիծեռնակաբերդի մէջ. ՙՅիշէ՛, Տէ՛ր, այս ազգին տառապանքը եւ օրհնէ՛ Հայաստանը՚

29 Յունուար 2001-ին Ֆրանսան Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցաւ օրէնքի մակարդակով, երբ նախագահ Ժակ Շիրաքն ստորագրեց Ազգային Ժողովի եւ Ծերակոյտի` 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող, աւելի առաջ ընդունած բանաձեւը: Այսպիսով, խորհրդարանական բանաձեւը Ֆրանսայի օրէնքի վերածուեցաւ, ինչը կը նշանակէ, որ ոչ ոք այլեւս կրնար ժխտել պատմական այդ իրողութիւնը երկրի տարածքին մէջ: Այդ օրէնքին առկայութիւնը արդէն ճամբայ կը բանար մէկ ուրիշ օրէնքի համար, զոր Հայոց Ցեղասպանութեան փաստին ժխտումը կը պատժէր քրէօրէն:

Ինչպէս ուրիշ երկիրներու պարագային ալ ըրած էր, Անգարան դատապարտեց Ֆրանսայի քայլը եւ Փարիզէն ետ կանչեց իր դեսպանը: Թուրք-‎ֆրանսական տնտեսական եւ ռազմական շարք մը գործարքներ չեղեալ յայտարարուեցան: Ֆրանսան Թուրքիոյ մէջ խոշոր ներդրող եւ անոր զէնք ծախող գլխաւոր երկիրներէն մէկն է: Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Սապահէտտին Չաքմաքօղլուն օրէնքի վաւերացումէն ետք յոխորտաց. ՙԱտիկա շատ սուղ պիտի նստի Ֆրանսայի վրայ՚: Նախագահ Քոչարեանը Ցեղասպանութեան օրէնքի ընդունման համար երախտագիտութիւն յայտնեց Ֆրանսային:

Հայոց Ցեղասպանութիւնը միջազգային հանրութեան, առաջին կարգին` կաթոլիկ աշխարհի ուշադրութեան կեդրոնը յայտնուեցաւ 2001-ի Սեպտեմբերին` Հռոմի Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Պապի Հայաստան այցելութեան օրերուն: 26 Սեպտեմբերի առտուն, մինչ Հռոմի Պապը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի եւ երկու Եկեղեցիներու բարձրաստիճան հոգեւորականներու ուղեկցութեամբ Ծիծեռնակաբերդի բարձունք կ’այցելէր` յարգանքի տուրք մատուցելու 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, յուշահամալիրը կը գտնուէր շանսոնեէ Շառլ Ազնաւուրը: Երբ Հռոմի Պապն ու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը մօտեցան Անմար Կրակին, աշխարհահռչակ հայազգի երգիչը յանպատրաստից կատարած ՙԱւէ Մարիա՚ երգով ցնցեց ներկաները:

Յուշակոթողին մօտ հաւաքուած բազմութեան մէջէն ողբի ձայներ լսուեցան, երբ Փարքինսոնի հիւանդութեամբ տառապող 81-ամեայ Պապը, աստիճաններէն դանդաղօրէն իջնելով` կարմիր վարդ մը դրաւ Անմար Կրակին մօտ եւ աղօթք յղեց առ Աստուած` անմեղ զոհերու հոգիներու հանգստութեան համար, ապա Գարեգին Բ.ին հետ ձեռք-ձեռքի վեր բարձրացաւ: Հռոմի Պապին ու Հայոց Կաթողիկոսին հանդիսապետութեամբ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ:

ՙՈ՜վ դատաւոր ողջերու եւ մեռեալներու, լսէ՜ ողբը, զոր կը բարձրանայ այս վայրէն` Մեծ Եղեռնի վիհերէն, կոչը մեռեալներու, անմեղ արեան աղաղակը, որ կ’աղերսէ Աբէլի արեան պէս: Ինչպէս Ռաքելը, զոր կու լայ իր որդիներուն համար, որովհետեւ անոնք այլեւս չկան, լսէ՜, Տէ՜ր, Հռոմի Եպիսկոպոսին ձայնը, զոր կ’արձագանգէ իր նախորդներէն մէկուն` Պենետիքթոս ԺԵ.ի աղաչանքին, որ 1915-ին ձայն բարձրացուց ի պաշտպանութիւն ծանրօրէն վշտահար ու բնաջնջման շեմին հասած հայ ժողովուրդին: Նայէ՜ այս երկրի ժողովուրդին, որ այսքան երկար ժամանակէ ի վեր իր վստահութիւնը Քու վրադ դրաւ, որ մեծ տանջանքներու մէջէն անցաւ եւ Քեզի հանդէպ հաւատարմութեան մէջ երբեք չթերացաւ: Ննջեցեալներուն համար կը հայցենք հանգիստ` խաղաղութեան մէջ, որ անվախճան է: Տէ՜ր, ողորմեա՜, Քրիստո՜ս, ողորմեա՜, Տէ՜ր, ողորմեա՜՚,- աղօթեց Սրբազան Քահանայապետը:

Անգլերէնով կարդացած աղօթքին մէջ Պապը ՙՄեծ Եղեռն՚ն արտասանեց հայերէնով` խուսափելով ՙցեղասպանութիւն՚ բառին անգլերէն համարժէքը օգտագործելէն: 2000-ի Նոյեմբերին Վատիկանի մէջ Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Պապի եւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ստորագրած համատեղ յայտարարութեան մէջ օգտագործուած էր ՙցեղասպանութիւն՚ բառը, որուն դէմ Թուրքիան բողոքած էր:

Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Պապը դիտեց Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկին ցուցանմոյշները: Ան թանգարանին նուիրեց Հռոմի Պենետիքթոս ԺԵ. Պապին նկարը եւ այն նամակին բնօրինակը, զոր վերջինս 1915-ի Սեպտեմբերին գրած էր Օսմանեան Կայսրութեան սուլթան Մեհմէտ Ե.ին: Նամակին մէջ գրուած է, որ Հռոմի Պապը լուր ստացած է, որ Արեւմտեան Հայաստանի գիւղերու ու քաղաքներու ամբողջ բնակչութեան կը պարտադրուի ձգել իրենց տուները` աներեւակայելի տանջանքներով ու չարչարանքներով ղրկուելու համար արգելափակման հեռաւոր վայրերը, ուր անոնք բարոյական եւ ամենասոսկալի նիւթական թշուառութեան ու տանջանքներու պիտի ենթարկուին: Պապը Մեհմէտ Ե.էն խնդրած էր գթալ հայ ժողովուրդին եւ միջամտել անոնց համար:

Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի տարածքին մէջ Պապի անունէն տնկուեցաւ եղեւնի մը, որու ցուցատախտակին գրուած է. ՙՅիշէ՜, Տէ՜ր, այս ազգի որդիներուն տառապանքը եւ օրհնէ՜ Հայաստանը՚:

2002. հայկական Եռագոյնը Սթամպուլի մէջ

Թուրքիան Հայաստանի քաղաքացիներուն համար 10 Յունուար 2002-ին վերականգնեց նախկին այցագրային կարգը:

28 Փետրուարին Սթամպուլի մէջ բացուեցաւ Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան (Ս. Ծ. Տ. Հ.) Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութիւնը: Թուրքիոյ մէջ վեր բարձրացաւ հայկական Եռագոյնը: Սա Հայաստանի առաջին դիւանագիտական առաքելութիւնն էր Թուրքիոյ մէջ` 1991-էն ի վեր:

Տարածաշրջանին մէջ Հայաստանը իր չորս դրացիներէն միայն երկուքին` Վրաստանի եւ Իրանի հետ ունի դիւանագիտական յարաբերութիւններ ու բաց սահմաններ: Միւս երկուքը` Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը շրջափակման տակ կը պահեն Հայաստանը, այդ եղանակով փորձելով տնտեսապէս ծունկի բերել Երեւանը եւ ստիպել զիջումներու դիմել Լ. Ղ.ի, ինչպէս նաեւ հայ-թրքական հարցերուն մէջ: Աշխարհի մէջ դժուար է գտնել ուրիշ պետութիւն մը, որու արտաքին սահմաններուն շուրջ ութսուն տոկոսը գոց ըլլայ: Հայաստանի վիճակը կը բարդանայ նաեւ անով, որ Թուրքիան ու Ատրպէյճանը կը ձգտին զայն դուրս ձգելու տարածաշրջանային ոյժանիւթային, հաղորդակցական եւ տնտեսական նախագիծներէն:

Հայաստանի իշխանութիւններն եկած էին այն համոզման, որ Անգարան Երեւանի հետ յարաբերութիւններ չի հաստատեր, քանի Լ. Ղ.ի հարցով դեռ չկայ այնպիսի յառաջընթաց մը, զոր Ատրպէյճանի նուազագոյն պահանջները կը բաւարարէ: Միւս կողմէ, առիթի պարագային, անոնք թուրքերու հետ շփումներէն չէին խուսափեր:

Համաշխարհային Տնտեսական Ֆորումի շրջանակներուն մէջ, 2 Փետրուար 2002-ին Նիւ Եորքի մէջ կայացաւ հանդիպում մը արտաքին գործոց նախարարներ Օսկանեանի եւ Ճեմի միջեւ: Առանց յստակ օրակարգի ընթացող բանակցութիւնները, թէկուզ ապարդիւն, բայց օգտակար էին: Ճեմը միջազգայնօրէն ճանաչում ունեցող թուրք դիւանագէտներէն էր եւ 1999-ին առանցքային դերակատարութիւն ունեցած էր թուրք-յունական յարաբերութեանց բարելաւման գործին մէջ:

ՙԱռաջին օրէն յայտնի էր, որ Ճեմի հետ հանդիպումները որեւէ տեղ պիտի չտանին, ես որեւէ յոյս չեմ ունեցած: Կը զգայի, որ Թուրքիան կաղապարուած քաղաքականութիւն մը կը վարէ, եւ Ճեմը որեւէ բան փոխելու ի վիճակի չէր, պարզապէս` փրոթոքոլային կապը պահելու համար կը հանդիպէինք՚,- կ’ըսէ Օսկանեանը:

15 Մայիսին Օսկանեանը եւ Ճեմը հանդիպեցան Իսլանտայի մայրաքաղաքին մէջ` Եւրօ-Ատլանտեան Գործակցութեան Խորհուրդի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքի շրջանակներուն մէջ: Ռէյքեաւիքի մէջ կայացաւ նաեւ եռակողմ հանդիպում մը` Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Վեյալաթ Կուլիեւի մասնակցութեամբ: Օսկանեանը ՙկառուցողական եւ օգտակար՚ որակած է Թուրքիոյ նախաձեռնութեամբ կայացած երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն առաջին հանդիպումը՝ յատուկ կերպով նշելով, որ այս, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ իր հանդիպումները բնաւ չեն նշանակեր, թէ Թուրքիան Լ. Ղ.ի հարցով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ իբրեւ միջնորդ հանդէս կու գայ: Չմանրամասնելով Ճեմի հետ իր առանձնազրոյցը, Օսկանեանը նշած է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով երկխօսութիւն սկսած է եւ լրացուցիչ ՙխողովակներ՚ու կարիք չկայ` նկատի ունենալով Թուրք-Հայկական Հաշտեցման Յանձնաժողովը:

Օսկանեանի եւ Ճեմի միջեւ վերջին հանդիպումը կայացաւ 25 Յունիսին, Սթամպուլի մէջ, Ս. Ծ. Տ. Հ.ի գագաթաժողովի նիստէն առաջ: Զայն նախորդած էին հայ եւ թուրք դիւանագէտներու խորհրդապահական շփումները Թուրքիոյ, Եւրոպայի եւ Հայաստանի մէջ: Օսկանեան-Ճեմ իւրաքանչիւր հանդիպումէն ետք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը յատուկ կերպով կը յայտարարէր, որ Լ. Ղ.ի հակամարտութեան կարգաւորման խնդրին մէջ նոր միջնորդներու կարիքը չկայ եւ ՙԹուրքիան ալ ատիկա շատ լաւ կը հասկնայ՚: 11 Յուլիս 2002-ին Ճեմը հրաժարական տուաւ: Թուրքիոյ մէջ մինչեւ խորհրդարանական ընտրութիւնն ու նոր կառավարութեան ձեւաւորումը Շիւքրիւ Սինա Կիւրէլը փոխարինեց Ճեմը` արտաքին գործոց նախարարի պարտականութիւնները կատարելով մինչեւ նոյն տարուայ 19 Նոյեմբերը: Այդ ընթացքին` 15 Սեպտեմբերին, Նիւ Եորքի մէջ կայացաւ անոր հանդիպումը իր հայ գործընկեր Օսկանեանի հետ:

Շարունակելի

Հայացք Արարատէն. Հայերը եւ Թուրքերը, արևմտահայերենՀայեացք Արարատէն. հայերը եւ թուրքերը` պատերազմ, պաղ պատերազմ, դիւանագիտութիւն գիրքը բաղկացած է երեք մասերէ` հայ-թրքական յարաբերութիւնները 1918-1921, Խորհրդային Միութեան տարիներուն կայացած յարաբերութիւնները եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները 1988-էն այսօր: Գիրքի պատրաստութեան համար Թաթուլ Յակոբեան բազմաթիւ զրոյցներ ունեցած է պետական պաշտօնեաներու հետ, օգտագործած է բազմատեսակ աղբիւրներ, կատարած է այցելութիւններ եւ ուսումնասիրած է բազմաթիւ հրատարակութիւններ: Հեղինակը հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարիւրամեայ պատմութիւնը ներկայացնելով պատմաբանասիրականը կը միացնէ լրագրականին եւ առարկայականը` վերլուծականին:

Փափուկ կազմ, 515 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2012, Անթիլիաս,
ISBN 978-995302343-4