Նոր Հրատարակութիւններ. Գէորգ Եազըճեան

1327

Այսուհետ սփիւռքահայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար պիտի ղրկենք մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսածհայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններուն` ի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեան,մասնաւորաբար` գրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներունՏուեալներուն կցուած են հրատարակութեան բովանդակութեան առնչուած անհրաժեշտ եւ հակիրճ բացատրութիւններ: Տուեալները երբեմն քաղուած են պարբերական մամուլէն եւ կրնան պակասաւոր ըլլալ:

Տուեալներուն եւ ամբողջ ցանկերուն հրապարակումն ու արտատպումը թոյլատրուած են՝ պատրաստողի անուան յիշատակման պարտադիր պայմանով:

Ահմարանեան Յովհաննէս, «Մարմնաւոր հրեշտակը՝ Գրիգոր Նարեկացի», Լոս Անճելոս, 2016:

Արթինեան-Թոքաթլեան Շուշան, «Մեծ հօրս եւ մեծ մօրս ոդիսականը Ուրֆայէն եւ Կերմիրէն Պէյրութ», Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան հրատարակչական հիմնադրամ թիւ 18, տպարան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Անթիլիաս-Լիբանան, 2016 (Մեծ եղեռնէն վերապրողներու յուշեր)(անգլերէն):

Դադայեան Խաչատուր, «Հայոց տնտեսական ցեղասպանութիւն», «Էտիթ փրինթ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2016, 516 էջ (17 x 24 սմ.(մինչեւ Մեծ եղեռնը հայոց դերը Օսմանեան պետութեան տնտեսութեան մէջ, հայեր եւ ելիգործարարներու կենսագրութիւններ, հայոց պատկանող ընկերութիւններ, բացատրական բառարան, բազմահարիւր դիմանկարներ, լուսանկարներ եւ համայնապատկերներ):

Մարտիրոսեան Հայկ, «Գերմանական միսիոներական գործունէութիւնն Օսմանեան կայսրութիւնում. Մարաշի կայանը (1896-1919 թթ.)», Երեւան, 2016: Հատորը լոյս տեսած է Հ. Հ. Գ. Ա. Ա.ի Արեւելագիտութեան հիմնարկի Գիտական խորհուրդին որոշումով:

Մինասեան Գէորգ, «Պելկիան եւ հայերը», Պրիւքսէլ, 2016, 370 էջ (Պելճիքայի հայկական գաղութը՝ 3-րդ դարէն մինչեւ մեր օրերը, պատմութիւն, երեւելի պելճիքահայերու կենսագրութիւններ):

Յովհաննիսեան Ռիչըրտ Գ. (խմբագիր), «Հիւսիս-արեւելեան Միջերկրականի հայկական համայնքները – Մուսա Տաղ-ՏէօրթԵոլ-Քեսապ», «Հայկական պատմական քաղաքներ եւ նահանգներ» մատենաշար թիւ 14, «Մազտա»հրատարակչութիւն, Լոս Անճելոս, 2016 (ԵուՍի. Էլ. Էյ. համալսարանին մէջ նշուած տարածաշրջանի հայութեան վերաբերեալ գիտաժողովին նիւթերը)(անգլերէն):

Նալպանտեան Յովսէփ, «Հայ գիրքը Ամերիկայի մէջ (յաւելուած)», Լոս Անճելոս, 2016, 76 էջ (ամերիկահայ 327 հրատարակութիւններու մատենագիտութիւնը):

Շառոյեան Լեւոն, «Լեռնականներու վերջին շառաւիղը՝ Սիմոն Սիմոնեան», հեղինակային հրատարակութիւն, տպարան«Էտիթ Փրինթ», Երեւան, 2016, 68 էջ (Ա-5)(սփիւռքահայ մեծանուն մտաւորականի վաստակին համակողմանի ներկայացումը):

Վարդիվառեան Յակոբ, «Մեծ երազի ճամբուն ուղեւորները եւ համապարփակ պատմութիւն Ռամկավար ազատական կուսակցութեան – Վերակազմեալ հնչակեան կուսակցութիւն, Գաղափարակցական միութիւն, Ազատական կուսակցութիւն, Հայ ազգային ազատական միութիւն», հրատարակութիւն Թէքէեան մշակութային միութեան, Նիւ Ճըրզի, 2016:

Քասունի Երուանդ, «Մտորումներ Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցի իմասին», տպագրութիւն «Քէստէնեան», Պէյրութ, 2016, 502 էջ (17 x 24 սմ.) (հեղինակի՝ Պէյրութի«Ջանասէր» պարբերաթերթի իր խմբագրած ժամանակաշրջանին – 1991-2007 – հոն լոյս տեսած հրապարակումները Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ եւ յարակից հարցերու մասին, յաւելուած՝ նոյն Եկեղեցւոյ առնչուած տարբեր փաստաթուղթեր եւ զանազան նիւթեր):

Քովաքս Ֆրէնք Լ., «Հայկական դրամահատութիւնը դասական ժամանակաշրջանին», «Դասական դրամագիտական հետազօտութիւններ» մատենաշար թիւ 10, հրատարակութիւն Դասական դրամագիտական խմբակի, Ա. Մ. Ն., 2016, 142 էջ (շուրջ Ք. Ա. 275-էն մինչեւ շուրջ Ք. Ե. 252 հատուած հայկական կամ հայ ազգի թագաւորներու հատած աւելի քան 300 դրամներու ալպոմ-նկարագրութիւնը, բազմաթիւ գունաւոր լուսանկարներ) (անգլերէն):

Օլկուն Աւետիս, «Զառացի դերձակուհի Վարդանոյշին յուշերը», Սթամպուլ, 2016 (հանրապետական Թուրքիոյ մէջ Սեբաստիոյ նահանգի Զառա գաւառի քրիստոնեայ, ծպտեալ եւ իսլամացուած հայոց տառապալից կեանքին մասին) (թրքերէն):

Պատրաստեց՝ Գէորգ Եազըճեան