Հ.Յ.Դ. Պոլսոյ Կեդրոնական Կոմիտէն մահուան կը դատապարտէ լրտես Արտաշէսը

2461

ԼՐՏԵՍ ԱՐՏԱՇԷՍԻ ԱՀԱԲԵԿՈՒՄԸ «Դրօշակ»ի 1895ի 6րդ համարի (Յունիս) առաջին էջին վրայ կը կարդանք. ԼՐՏԵՍ ԱՐՏԱՇԷՍԻ ՍՊԱՆՆՈՒՄԸ Կ. Պոլիս Կոմիտէի որոշմամբ մահի դատապարտւեցաւ լրտես Արտաշէսը: Վճիռը գործադորուեցաւ ամենայան յաջողութեամբ: Միեւնոյն համարի «Նամակ Պոլսից»ը կու տայ Կեդրոնական Կոմիտէի վճռին պատճառաբանութիւնը եւ այլ մանրամասնութիւններ. – Նամակ Պոլսից Արտաշէսը բնիկ պոլսեցի էր եւ ոստիկանութեան լրտես ու յայտնի մատնիչ: Լրտես Արտաշէսը իր շահատակութեան գլխաւոր ասպարէզ ընտրած էր խեղճերու, արհեստաւոր եւ մշակ դասակարգի հասարակութիւնը, որուն կը հետապնդէր ամէն տեղ, սրճարաններու մէջ, թէ արհեստանոցները, հանրային զուարճութեան  վայրերէն սկսած մինչեւ խաներու մութ անկիւնները, ուր կ’ապաստանի պանդուխտ հայաստանցին: Իբրեւ մասնագէտ լրտես, իր գործին տէրն էր այդ գարշելին եւ յոյժ վտանգաւոր, որովհետեւ հոգեբանութիւնը միջոց ընտրած էր իր քստմնելի ձեռնարկութեան մէջ: Անգամ մը, որ իր որսին հոտը կ’առնէր, ալ անիկա կորսուած էր. շատ հեռուէն արդէն կը նետէր իր թակարդին անտանելի պարանները: Կը սկսէր խօսակցութիւն մը, անվերջ ուր իր խօսակցին սիրտը կը ջանար գրաւել նախ, ջանալով շահագրգռուել այն ամէն չնչին բաներով, որ անոր սիրելի ըլլար կը թուին: Խեղճ մարդուն սիրտը կը տաքնայ կամաց կամաց վատահոգի Արտաշէսին վրայ, մինչեւ լրտեսը իր ճարտար հարցումներով հեռուն կը տանի անփորձ մարդը, դէպի անոր գործերը, դէպի հայրենիքը եւ վերջապէս դէպի անոր սրտին խորքերը, անոր հոգուն թաքստոցը սպրդելու համար… Եւ պարզամիտ պանդուխտ հայաստանցիները՝ խաբուելով գարշելի լրտեսի քաղցր, անոյշ լեզուէն, կը բացէին, գաղտնիքներ կը հաղորդէին, յայտնութիւններ կ’անէին եւ հետեւեալ օրը կամ քանի մը օր յետոյ կ’երթային բանտերու, մութ ու խոնաւ բանտերու մէջ քաւելու իրենց մեղքերը, առանց հասկանալու թէ իրենց մատնողը, ձերբակալել տուողը իրենց բարեկամ Արտաշէսն էր: Եւ եթէ պզտիկ կասկած մըն ալ ունէին, այն էլ կը փարատէր դժողքի ծնունդ Արտաշէսը իր բանտային այցելութիւններով, կեղծ մխիթարութիւններով, սուտ կարեկցութիւններով: Լրտես Արտաշէսը երբեմն կատաղի յեղափոխական մը կը դառնար իրեն որսերուն առջեւ. պոլսեցիներուն յատուկ պոռոտախօսութեամբ եւ կեղծ ոգեւորութեամբ շանթեր կ’արձակէր թուրք բռնակալութեան դէմ, անոր գարշութիւնները կը ներկայացնէր պերճախօս կերպով, ինքզինքն ալ յաճախ զոհ մը ներկայացնելով այդ հարստահարութիւններուն, կոկորդիլոսի արցունքներ կը թափէր իր թշուառ եղբայրներուն վրան, եւ երկնքի օգնութիւնը սպառած համարելով, յեղափոխութեան վրայ մատնանիշ կ’ընէր, իբրեւ միջոցի մը, ամէնուն ալ ազատութիւն պիտի պարգեւէր: Ինչպէս չհաւատար խեղճ մարդը, երբ այդ համոզուած տանջուած կեղծող գարշելին գրպանէն յեղափոխական թերթ մը հանէր եւ կու տար իր խօսակցին, պաղատելով, որ ան ալ ուրիշներուն տար, որպէսզի սուրբ գործը արագ յառաջադիմէ: Քանի մը օրէն ետքը բանտերը նորէն կը լեցուէին բազմաթիւ զոհերով, որոնց բոլոր յանցանքը միամտութիւնն էր եղած: Մասնագէտ լրտեսի այդ յատկութիւններն ու անոնց ճարտար կիրառութիւնները չէին կարող վրիպել ոստիկանութեան նախարարի օգնական արիւնկզակ Հիւսնի պէյէն. Արտաշէսը շատ շուտով սկսաւ գնահատուիլ եւ այնպիսի դիրք մը գրաւել գաղտնի ոստիկանութեան նուիրապետութեան մէջ, որ շատ ու շատ թուրքերու ալ նախանձը սկսաւ շարժիլ: Լրտես Արտաշէսի շահատակութիւններ վերջապէս աչքի զարկին, երբ մանաւանդ զոհերն սկսան օրէն օր աւելի բազմանալ. բան մը, որ նպաստեց վերջապէս այդ դժկալի երեւի գործին հեղինակը որոնելու եւ գտնելու: Լրտեսի այդ ստոր գործունէութիւնը մանրամասնօրէն տեղեկագրուեցաւ ու ներկայացուեցաւ «Հ. Յ. Դաշնակցութեան» Պոլսոյ Կեդրոնական Կոմիտէին, որ եւ իր Մարտ ամսու նիստերէն մէկուն մէջ՝ Ի նկատի ունենալով, թէ լրտես Արտաշէսը գաղտնի ոստիկանութեան մէջ յայտնի, յարգուած, ճարպիկ եւ վատահոգի լրտես մըն է, որու ի պաշտօնէ լրտեսութիւնը անվիճելի կերպով կը հաստատուի բազմաթիւ փաստերով եւ իրողութիւններով, առանց տարակոյսի հետք մը թողնելու. Ի նկատի առնելով, որ լրտես Արտաշէսի ձեռքով բազմաթիւ ձերբակալութիւններ, խուզարկութիւններ, բանտարկութիւններ, մատնութիւններ տեղի ունեցան, մանաւանդ սկսեալ այս տարուայ Յունուար ամսէն, որոնց միակ յանցաւոր ըլլալը վկաներով կը հաստատուի. Ի նկատի ունենալով, որ կեղծ յեղափոխական ձեւանալով, բազմաթիւ միամիտներ խաբած եւ դաւած է, նոյնիսկ յեղափոխական թերթեր տալով եւ խուզարկութեանց ժամանակ բոլորովին անմեղ մարդոց բնակարանները յեղափոխական թերթեր ձգած եւ անմեղ մարդոց բանտարկութեան, դատապարտութեան եւ աքսորման հեղինակ ըլլալը ու յանցաւորութիւնն կը հաստատուի բազմաթիւ փաստերով եւ վկայութիւններով. Ի նկատի ունենալով, որ լրտես, մատնիչ Արտաշէսը շնորհիւ իր ընդունակութեան, ճարպիկութեան, զարգացման եւ սրամտութեան (յատկութիւններ, որոնցմէ կատարելապէս զուրկ են թուրք լրտեսները), վերջերս կատարեալ պատուհաս մը եղած էր հայ հասարակութեան համար, Լրտես Արտաշէսը մահուան դատապարտեց Եւ այդ վճռի գործադրութիւնը յանձնեց իր իրաւասութեան ներքեւ գտնուող խմբերէն Թ. ի ահաբեկիչներուն: Լրտես Արտաշէսի մահուան վճիռը ահաբեկիչները ամենայն յաջողութեամբ կատարեցին Ապրիլի 3ին, Երկուշաբթի երեկոյան ժամը 7ին Ղալաթիա փողոցի մը մէջ: Մինչդեռ լրտես Արտաշէսը մահամերձ վիրաւորուած, դաշոյնի վէրքերէն մահուան տագնապի մէջ գետինը կը տապլտկէր, ոստիկանութիւնը փութաց օգնութեան եւ մեր սիրելին հիւնդանոց փոխադրեց, ուր եւ քանի մը ժամ ետքը իր սեւ հոգին Սուլթան Համիդին աւանդեց: Իր աւանդական սովորութեան համեմատ ոստիկանութիւնը բազմաթիւ մարդիկ ձերբակալեց, իբր ոճրի հեղինակ, ի միջի այլոց նորէն ձերբակալեց այն 8-10 անձերը, որոնց ամիս մը առաջ բանտարկել տուած էր լրտես Արտաշէսը, բայց 15 օր բանտարկութենէն ետքը անպարտ արձակուած էին: Չնայելով բազմաթիւ ձերբակալութիւններուն, ոչ մէկուն վրայ կրցան ապացոյցի նշան մը գտնել: Մահուան վճիռը գործադրող ահաբեկիչները՝ շնորհիւ վեհափառ սուլթանի, ազատ կը շրջին քաղաքի մէջ: «Նիւթեր Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար», Ա. Հատոր , էջ 148-149