Նոր հրատարակութիւններ. կը ներկայացնէ Գէորգ Եազըճեան

1021

Աբրահամեան Հրանդ, «Արցախը 18-19-րդ դարերում», Հ. Հ. Գ. Ա. Ա.ի Պատմութեան հիմնարկի հրատարակութիւն, Երեւան, 2015:

Արթինեան Յովսէփ (պատրաստեց), «Գուրգէն Եանիգեանի արարքին արձագանգներու եւ հայ-թրքական հակամարտութեան մասին հրապարակումներու մատենագիտութիւն (ըստ«Զարթօնք» եւ«Արարատ» օրաթերթերուն, 1973-1995) (վերանայուած)», Բ. հրատարակութիւն, հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2016, 226 էջ (20.6 x26.7 սմ.) (3000-է աւելի հրապարակումներու մատենագիտական տուեալները):

«Արձագանգ 2. Կեսարիա, Նոր Կեսարիա եւ ժառանգորդներ», խմբագիր՝ Լեւոն Ճերմակեան, հրատարակութիւն Կեսարիոյ բարեսիրական ընկերակցութեան – Պէյրութ, տպագրութիւն՝ Duo Print, Պէյրութ, 2015, 256 էջ (17.1 x 24.6 սմ.) (նիւթեր Արմաւիրի մարզի Նոր Կեսարիա աւանին մասին, Կեսարիոյ առնչուած պատմական, ազգագրական, բանահիւսականնիւթեր, տեղեկութիւններ հրատարակիչ միութեան ե անոր վարչութիւններու կազմերուն մասին եւ այլն):

Բախչինեան Հենրիկ, «Գրիգոր Նարեկացու գանձարանը – Վերլուծութիւն եւ քննութիւն», հրատարակութիւն Հ. Բ. Ը. Մ.ի Վահրամ Ապտալեան մշակութային հիմնադրամի, տպարան «Շիրակ», Պէյրութ, 2016:

Բարխուդարեան Վլատիմիր եւ Ալեքսանեան Հ.,«Ռուսաստանի հայ գաղթօճախների պատմութիւն», Հ. Հ. Գ. Ա. Ա.ի Պատմութեան հիմնարկի հրատարակութիւն, Երեւան, 2015:

Թունեան Վալերի, «Հայկական հարց – Առասպելաստեղծման հայեցակէտ», Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2015, 398 էջ (Հայկականհարցի 1878-1916 ժամանակաշրջանի պատմութեան ատրպէյճանական խեղաթիւրումները եւ յերիւրանքները, անոնց մերկացումը եւ դատապարտումը, օգտագործուած գրականութեան ցանկ, ծանօթագրութիւններ) (ռուսերէն):

Խառատեան Ալպերթ, «Արեւմտահայ մամուլն իր պատմութեան աւարտին (1900-1922)», գիտական խմբագիր՝ Սուրէն Սարգսեան, Հ. Հ. Գ. Ա. Ա.ի Պատմութեան հիմնարկ, «Մեսրոպ արք. Աշճեան» մատենաշար թիւ 126, Երեւան, 2015, 534 էջ + 16 էջ լուսանկարներ ու ներդիր (Ա-5) (լուսանկարներ, անգլերէն ամփոփում, օգտագործուած գրականութեան, յիշատակուած անձնանուններու, տեղանուններու եւ պարբերականներու ցանկեր: Հրատարակութեան երաշխաւորած է Պատմութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդը):

Միրօղլու-Մուհթարեան Արմաւենի, «Պոլսահայերը (1923-1939)», Հ. Հ. Գ. Ա. Ա.ի Պատմութեան հիմնարկի հրատարակութիւն, Երեւան, 2016:

Յովսէփեան Մարիամ, «Հ. Յ. Դ. կուսակցական եւ համակիր պարբերական մամուլը Օսմանեան Թուրքիայում 1909-1915 թթ. Եւ 1918-1923 թթ.», Հ. Հ. Գ. Ա. Ա.ի Պատմութեան հիմնարկի հրատարակութիւն, Երեւան, 2016, 309 էջ:

«Նիւթեր Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութեան համար», ԺԲ.հատոր, խմբագիր՝ Երուանդ Փամպուքեան, Պէյրութ, մայիս 2016, 464 էջ (Ա-4) (Մեծ Եղեռնի շրջանի եւ յետեղեռնեան վկայութիւններ հայոց մեծագոյն ողբերգութեան մասին, Ռոստոմը եւ 1917-ի Ընկերվարական միջազգայնականի Սթոքհոլմի խորհրդաժողովը, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր: Մատենաշարը լոյս կը տեսնէ Հ. Յ. Դ. Բիւրոյին որոշումով):

Շաքալլի Անասթասիա, «Կիպրոսի հայերը», աջակցութեամբ եւ մասնակցութեամբ ԱլեքսանտրՄիքայէ լՀաճիլարի, հրատարակութիւն«Ֆիլէֆթերոս»թերթի, Նիկոսի, 2016, 335 էջ (Կիպրոսի հայկական գաղութին պատմութիւնը հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը, տարբեր ոլորտներու մէջ երեւելի կիպրահայերու կենսագրութիւններ, օգտագործուած աղբիւրներու ցանկ, քարտէսներ, լուսանկարներ) (յունարէն):

Պալեան Արշակ, «Սիմոն Վրացեանի հասարակական-քաղաքական եւ պետական գործունէութիւնը», Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2016:

Ջամալեան Դաւիթ, «Հայ-ատրպէճանական հակամարտութեան քարոզչական նկարագիրը – Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի հոգեբանական անվտանգութեան խնդիրը հայ-ատրպէճանական հակամարտութեան համաթէքսթում», խմբագիր՝ Ն. Մարտիրոսեան, Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2015, 163 էջ:

«Սփիւռքահայ քաղաքական հոսանքներն ու գաղութները խորհրդային գաղտնի փաստաթուղթերու մէջ (1945-1991, ընտրանի)», կազմեց, թարգմանեց, ծանօթագրեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց՝ Գէորգ Եազըճեան, «Էտիթ փրինթ»հրատարակչութիւն, Երեւան, 2016, 352 էջ(17.1 x 24 սմ.) (մեծագոյն մասը ռուսերէնէ թարգմանուած շուրջ 90 փաստաթուղթ, 1120-է աւելի լեզուական, կենսագրական  եւայլ բնոյթի ծանօթագրութիւններ, անձնանուններու, տեղանուններու, հրապարակուած փաստաթուղթերու վերնագիրներու ցանկեր):

Տէրտէրեան Գասպար Մեթր, «Մեր հողային պահանջատիրութիւնը միջազգային հանրային իրաւունքին մէջ (Տարագիր արեւմտահայութեան համասփիւռքեան քոնկրէսին՝ ՏԱՀՔ-ի հրամայականը)», Բ. տպագրութիւն, Պէյրութ, 2016:

Պատրաստեց՝ Գէորգ Եազըճեան