Հայաստանի մէջ աննախանձելի իրավիճակին առնչութեամբ սփիւռքահայ կառոյցներու մեծամասնութիւնը՝ մեղաւոր

1426

Միշիկըն-Տիրպորնի (ԱՄՆ) համալսարանի դասախօս դոկտ. Արա Սանճեան Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ կը գրէ.

Իմ վաղուց կրկնուող տեսակէտիս ամփոփումը Հայաստանի մէջ առկայ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային աննախանձելի իրավիճակին առնչութեամբ սփիւռքահայ կառոյցներու մեծամասնութեան մեղաւորութեան մասին։

Մեղաւոր են ԲՈԼՈՐ ակնառու կրօնական, քաղաքական-կուսակցական ու բարեսիրական կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները քանի որ թէեւ իրենց բոլոր ղեկավարները քիչ թէ շատ կը գիտակցին Հայաստանի մէջ բնակչութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ ատոնց ազատօրէն կ’անդրադառնան իրենց նեղ, անձնական զրոյցներուն ժամանակ, բայց միաժամանակ անոնք միահամուռ ամենայն ջանք կը թափեն, որ Հայաստանի մերօրեայ իրականութեան ստուերոտ երեսները երբեւիցէ սփիւռքի մէջ հրապարակային քննարկման առարկայ չդառնան, որպէսզի պարզ սփիւռքահայ արհեստաւորը, գրասենեկային պաշտօնեան, տանտիկինը, աշակերտն ու ուսանողը կարելիին չափ անտեղեակ մնան Հայաստանի իսկական իրավիճակէն եւ շարունակեն երազային Հայաստան մը պատկերացնել` տարագիր հայրենաբաղձի կամ զբօսաշրջիկի մը միամտութեամբ։

Մեղաւոր են որովհետեւ քառորդ դարէ ի վեր շարունակ իրենց բարոյական հեղինակութիւնը չօգտագործեցին Հայաստանի իրերայաջորդ իշխանութիւններէն հրապարակայնօրէն ու հետեւողականօրէն պահանջելու, որ վերջիններս լիուլի կատարեն իրենց սահմանադրական պարտականութիւնները, չկեղծեն ընտրութիւնները, երաշխաւորեն դատաիրաւական համակարգի արդարութիւնը, պայքարին կաշառակերութեան ու տնտեսական չարաշահումներու դէմ։

Մեղաւոր են որովհետեւ սփիւռքէն Հայաստան ուղղուած նիւթական եւ այլ տիպի օժանդակութիւնները սահմանափակեցին մի քանի նեղ, սովորաբար` ապաքաղաքական բնագաւառներու մէջ եւ հետեւողականօրէն իրենց տեսադաշտէն դուրս պահեցին լաւ պետութիւն մը ունենալու համար շատ անհրաժեշտ կառավարման եղանակներու բարեփոխման, մարդու իրաւունքներու յարգման եւ անկախ լրատուութիւն ապահովելու բնագաւառները։

Կարդալ նաև՝

Երեւան եւ … Պէյրութ. Արա Սանճեան

Ո՛չ զինեալները, ո՛չ անոնց սատարող ցուցարարները որեւէ ակնկալութիւն ունէին օտար երկիրներէն. Արա Սանճեան