Ո՛չ զինեալները, ո՛չ անոնց սատարող ցուցարարները որեւէ ակնկալութիւն ունէին օտար երկիրներէն. Արա Սանճեան

1575

Միշիկըն-Տիրպորնի համալսարանի դասախօս դոկտ. Արա Սանճեան Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ կը գրէ.

Վերջին երկու շաբաթուան երեւանեան դէպքերուն լաւագոյն երեսակներէն մէկն այն էր, որ ո՛չ ոստիկանութեան կեդրոնատեղին գրաւած զինեալները եւ ո՛չ ալ անոնց սատարող մի քանի հազար ցուցարարները որեւէ ակնկալութիւն ունէին օտար երկիրներէն եւ անոնց դեսպանատուներէն։

Անոնց նպատակը հայրենի ժողովուրդը աշխուժացնելն էր իբրեւ միակ վճռորոշ գործօն։ Ի տարբերութիւն նախորդ շարժումներուն, ներառեալ` 1988ին, որուն ականատեսն եղած եմ, Հայաստանի մէջ քաղաքականութեան հասունացման կարեւոր դրսեւորում է մատնանշածս։

Յուսով եմ կ՛արմատաւորուի յաջորդ շարժումներուն ժամանակ։