Ինչու՞ Սխալ Է (էր) Երեւանի Մէջ Եղածը. Անդրանիկ Տագէսեան

1851

Մի քանի լուսաբանական նախատուեալներէ ետք միայն կը փափաքիմ տեսակէտս առանց ծամծմելու ըսել:

  • Երեւանի մէջ պատահած դէպքին մասին բարեկամներէ լսեցի: Չհետեւեցայ լուրերուն: Բացարձակ արդար ըլլալու համար ըսեմ որ բարեկամներս ըսին թէ «Էրեբունիի ճամփան փակ է» եւ թէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին դէմ (կամ իր ընթացքին դէմ) զինական քայլ մը առնուած է:
  • Համաշխարհային լրատուութիւնը առաջնային տեղ տուած է պատահածին:
  • Կը գրեմ այս մտածումներս՝ առանց գիտնալու մանրամասնութիւնները պատահածին:
  • Ինծի համար – հայկական ծիրին մէջ – Հայաստանի Հանրապետութեան պետական շահը գերիվեր է որեւէ այլ բանէ: Այլ խօսքով՝ ազգայնօրէն զիս շահագրգռողը հայկական գերագոյն շահն է:

Անցնիմ նիւթիս:

Կը հաւատամ որ ի՛նչ ալ ըլլան դրդապատճառները, ի՛նչ ալ ըլլայ դէպքը կամ դէպքերը, ի՛նչ ալ ըլլան հետեւանքները, ո՛վ կամ ո՛վքեր ալ ըլլան անոր ետին կանգնողները, անկէ օգտուողները, վնասուողները…. Համոզուած եմ որ սխալ է (կամ էր) եղածը (կամ պատահողը):

Երեւանի մէջ պատահածը, բացարձակապէս սխալ է (էր):

Ինծի համար խնդիրը սկզբունքային է:

Ան կապ ունի իմըճին հետ:

Մեզմէ ոմանք գիշեր լուսցուցին հետեւելով Թուրքիոյ զինուորական յեղաշրջումին զարգացումներուն: Զոհերուն, պաշտօնազրկուածներու, ձերբակալուածներու թիւերը, կառոյցներու հասցուած վնասները ոմանց ուրախացուցին կամ տխրեցուցին:

Ես ամէնէն շատ հետաքրքրուած էի Թուրքիոյ իմըճին հասցուած վնասով:

Երկրագունդը – բոլոր անոնք որոնք լուրերու կը հետեւին ընդհանրապէս – լսեցին, իմացան, հասկցան որ Թուրքիան վերջին յիսուն տարիներուն հինգ հատ զինուորական յեղաշրջում ունեցեր է: Խայտառակութեան, հեգնանքի սիւնին գամուեցաւ Թուրքիան ի՛ր իսկ բանակայիններու ձեռքով:

Մատի փաթթոց դարձաւ: Ժխտակա՛ն նիւթ դարձաւ ան: Լուսարձակի, բացասական, գէ՛շ լուսարձակի տակ առնուեցաւ Թուրքիան:

Նոյնիսկ իրեն աջակից պետութիւններ ու հաղորդամիջոցներ տհաճութիւն արձանագրեցին Թուրքիոյ հասցէին:

Թուրքիան ‘սեւ ցանկ’ի անցաւ: Աննախանձելի վիճակի մէջ դրուեցաւ: Դադրեցաւ օրինակելի, ժողովրդավար իսլամ պետութեան իմըճը ունենալէ: Աւելի կասկածի տակ առնուեցաւ իր մասին ի՛ր ցուցադրած դրական պատկերը:

Աշխարհը ասանկ է. համաշխարհայնացումի հաղորդամիջոցները ցնցիչ գէշ նիւթ կը փնտռեն մատի փաթթոց դարձնելու, մինչեւ որ նոր, ուրիշ գէշ-ցնցիչ նիւթ մը ծնի որ շուքի մէջ դնէ նախորդ գէշ-ցնցիչ լուրը, եւ նոյնիսկ մոռացութեան մատնէ յառաջացած տպաւորութիւնը:

Թուրքերը արջի ծառայութիւն մատուցին Թուրքիոյ, որ դարձաւ վերջին երկու օրերու համաշխարհային պախառակութեան եւ հեգնանքի գլխաւոր առարկան: Անշքացան նոյնիսկ Իրաքի եւ Հալէպի պատերազմին խժդժութիւնները, երկրորդական դարձանբոլոր միւս լրատուութիւնները, նոյնիսկ՝ Նիսի ահասարսուռ ջարդարարութիւնը:

Մե՞նք՝ հայե՞րս զիրենք վար պիտի առնէինք պախառակութեան այդ սիւնէն:

Մե՞նք՝ հայերս պիտի փրկէինք զիրենք համաշխարհային պախառակութեան, համաշխարհային տհաճութեան իրենց վիճակէն:

Եւ … անձնազոհաբա՞ր: Որու՞…:

Ասիկա ի՞նչ տխմարութիւն է:

Մե՞նք ալ էքշըն կ’ուզէինք ընել. դրական, ցնցիչ էքշըն մը ընէինք որ հակադրուէր Թուրքիոյ ժխտականութեան՝ հայկական դրականութեամբ: Եւ ոչ թէ մեր (մեծ կամ պզտիկ) էքշընին բացասականութեամբ երկրորդականացնէինք, նուազեցնէինք-նսեմացնէինք Թուրքիոյ հանդէպ յառաջացած ժխտական հետաքրքրութիւնները:

Ժամանակն է որ բոլոր բոլորս, բոլոր այն հայերը որոնք կը ձգտին Հայաստանի Հանրապետութեան, հայ ժողովուրդին լուսէ ապագային, վարուին իբրեւ պետականակիր անհատներ:

 

Անդրանիկ Տագէսեան

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն