«Գուրգէն Եանիգեանի Արարքին Արձագանգներու Եւ Հայ-Թրքական Հակամարտութեան Մասին Հրապարակումներու Մատենագիտութիւն»

1488

«Գուրգէն Եանիգեանի Արարքին Արձագանգներու Եւ Հայ-Թրքական Հակամարտութեան Մասին Հրապարակումներու Մատենագիտութիւն (Ըստ «Զարթօնք» Եւ «Արարատ» Օրաթերթերուն, 1973-1995 Թթ.) (Վերանայուած)» -Պատրաստեց Յովսէփ Արթինեան

Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութենէն եւ Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրութեան ճիւղէն ընթացաւարտ Յովսէփ Արթինեանը կրնա՞ր նման դժուարին աշխատանքի մը չնուիրուիլ, զայն կեանքի չկոչել որպէս հեղինակային հրատարակութիւն եւ հատորը չնուիրել «Գէորգ Աճէմեանի եւ Սարհատ Սարհատեանի յիշատակին, որոնք այս գիրքին նիւթին մասին շատ բան գիտէին, բայց իրենց հետ տարին»:

226 լայնշի էջերու վրայ յոգնատանջ աշխատանք, որպէս վարձքի չսպասող մարդ՝ ճշմարտութեան հրապարակում: Այս է եղածը, որու մասին Միսաք Մեծարենցը պիտի արձանագրէր. «Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական»:

Ու ահա՛ գտնուածը «Զարթօնք» եւ «Արարատ» օրաթերթերուն մէջ (1973-1995 թուականներ):

Այս երկասիրութիւնը կը բացուի Շահան Շահնուրէն եկող մէջբերումով՝ որպէս խմբագրական.

Ա՛զգ,

Կռուէ՛ ամբողջութեամբը քու միսերուդ:

Եթէ միսերդ ինկան պատառ-պատառ՝

Կռուէ՛ դնդերներո՛վդ, ջիղերո՛վդ, երակներո՛վդ:

Եթէ պայքարը զանոնք լափեց՝ կռուէ՛ ոսկորներո՛վդ:

Եթէ ոսկորներդ փշրուեցան՝ կռուէ՛ ծուծո՛վդ:

Եթէ ծուծ չմնաց՝ կռուէ՛ աճիւններո՛վդ:

Եթէ անոնք ալ տարտղնուեցան, կորսուեցան, չքացան,

Այն ատեն, կռուէ՛, ա՛զգ, հերոսո՛վդ:

 

Ահա՛ թէ որպիսի անիմանալի ոյժի մը կռթնելու է ազգը «երբ չի մնում ելք ու ճար»…

Ինչպէս աշխատասիրողը հաստատած է՝ վերի խօսքերը առնուած են Շահան Շահնուրի «Թերթիս Կիրակնօրեայ Թիւը» հատորէն (տպ. «Սեւան», Պէյրութ, 1958, էջ 9):

Նման խօսքերով իր ժողովուրդին դիմողը կրնա՞ր Արարատը չունենալ իր սիրտին ու հոգւոյն մէջ, ինչպէս ձախողած է հաստատել Վազգէն Շուշանեանը:

Այս երկը լոյսին բերողը իր մուտքի խօսքին մէջ կը գրէ. «27 Յունուար 1973-ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆոռնիոյ նահանգի Սանթա Պարպարա քաղաքի մէկ պանդոկին մէջ, հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած կարնեցի 77-ամեայ ծերունի Գուրգէն Եանիգեանը սպաննեց երկու թուրք դիւանագէտներ, իբր վրէժ 1915-ին թուրքերու կողմէ իր գերդաստանին բնաջնջման»:

Գիրքը կազմողը կը շարունակէ. «Սոյն արարքը ցնցիչ ազդեցութիւն ունեցաւ հայ, թուրք եւ համաշխարհային հանրային կարծիքին վրայ: Այս պատճառաւ սկսաւ աճիլ հետաքրքրութիւնը հայերու, Հայաստանի եւ Հայ Դատի նկատմամբ:

Թէ ինչպիսի՞ զարգացումներ տեղի ունեցան անկէ ետք՝ ներհայկական եւ արտաքին գետիններու վրայ, քիչ թէ շատ ծանօթ է դէպքին ժամանակակիցներուն: Այդ գծով մանրամասնեալ տեղեկութիւններ այսօր կարելի է գտնել մամուլին մէջ»:

Աշխատասիրողը այդ բոլորը յայտնաբերած է «Զարթօնք» եւ «Արարատ» օրաթերթերու 1973-1995 թուականներուն հրատարակուած թիւերուն մէջ:

Յովսէփ Արթինեան կը խոստովանի. «Նկատի ունենալով, որ այդ եւ անոր յաջորդող ժամակաշրջանին զարգացումները կարեւոր են՝ մեր ազգային կեանքին վրայ ձգած իրենց հետքերով, նպատակայարմար գտայ անոնղ մատենագիտա-ժամանակագրական ցուցակի մը պատրաստութիւնը՝ իբր վաւերագրութիւն այդ ժամանակաշրջանի զարգացումներուն «Զարթօնք» եւ «Արարատ» օրաթերթերուն ընդմէջէն: Այդ ուղղութեամբ եզրակացութիւններ հանելու փորձ չեմ ըրած՝ այդ մէկը ձգելով անաչառ պատմաբաններուն: Փորձած եմ առարկայականօրէն ներկայացնել փաստերը միայն»:

Կազմողը իր շնորհակալութիւնները յայտնած է հայկական այն կազմակերպութեանց եւ անհատներուն, որոնք նեցուկ կանգնած են իրեն այս գործը իր լրումին հասցնելու մէջ: Նրբանկատութիւն մը, որ գնահատելի է:

Այնուհետեւ Յովսէփ Արթինեան ընթերցողին կը մատուցանէ գլխաւոր հերոսին՝ Գուրգէն Եանիգեանի (1895-1984) մանրամասն կենսագրականը՝ քաղուած «Սփիւռք» թերթի Յունուար 1990-ի թիւ 1 եւ 2-էն՝ որոշ փոփոխութիւններով: Կենսագրականին վերջաւորութեան գրուած է. «Գուրգէն Եանիգեանի սրբազան մասունքները, Սփիւռքի ցուրտ հողին յանձնուած Անդրանիկի, Հայկական ազատագրական պայքարի հին ու նոր ֆետայիներու աճիւններուն նման, հայրենադարձի կը սպասեն»: Կը յիշեցուի, թէ Եռաբլուրի պանթէոնին մէջ տարիներէ ի վեր կայ Եանիգեանին խորհրդանշական գերեզմանը, ու կը շեշտուի իրաւամբ. «Յետմահու հայրենադարձէ ետք միայն, Գուրգէն Եանիգեանի՝ հողեղէ՛ն մարդուն կենսագրութիւնը վերջ պիտի գտնէ»: Հայրենադարձութեան պահանջ մը, որ օր առաջ պէտք է իրականութեան վերածել՝ հայրենի պետականութեան նախաձեռնութեամբ կամ աջակցութեամբ՝ եթէ իսկապէս տէր կը կանգնին հայկական ազատագրական պայքարին:

Այնուհետեւ աշխատասիրողը կը ներկայացնէ նշուած թերթերուն մէջ հայ-թրքական հակամարտութեան մասին հրապարակումներուն մատենագիտական ցուցակը: Եւ ահա՛ գիրքը պատրաստողին դժուարին աշխատանքը ամբողջ տասնամեակներ բեւեռագրող երկու օրաթերթերու մէջ հազարաւոր տեղեկութիւններ արձանագրող՝ օրը օրին կրնկակոխ հետեւելով փաստերուն, ուր անձնական եւ միութենական ձեռնարկներ կը խաչաձեւուին առանց մոռնալու նախաձեռնութիւններուն բազմազանութիւնը գաղութէ գաղութ:

Բերուած են հազարաւոր հրապարակումներու օրինակներ ու անոնց հրատարակչական տուեալները՝ հրապարակաման հեղինակին անունը, վերնագիրը, հրատարակած թերթին անունն ու տուեալ հրապարակման թուականը: Կազմողը ներկայացուցած է կեղծանուններով կամ անուան յապաւումներով հանդէս եկած հրապարակագիրներուն իսկական անունները՝ որքան որ ինք հնարաւորութիւն ունեցած է վերծանելու այդ կեղծանունները:

Զարմանալ կարելի է այսքան համբերատար աշխատանքին դիմաց, որ կ’ընդգրկէ 22 տարիներու ընթացքին տեղի ունեցած քաղաքական, պատմական եղելութիւններու արձանագրութիւններ, տօնախմբութիւններ, նշումներ, բողոքի ցոյցեր, թուրք դիւանագէտներու ահաբեկումներ, թրքական թիրախներու ռմբահարումներ, անձնասպանական գործողութիւններ եւ այլն, եւ այս բոլորին մէջ՝ Հայկական Հարց ու Հայ Դատ՝ վերածուած ֆութպոլային խաղի, ուր մե՛նք ենք կլոր գնդակը.  բայց ո՞վ է այդ գնդակը հարուածողը, կօլը որո՞ւն կողմէ ո՞ւր ուղղուած է: Մեծ ոյժերը պիտի չդադրին ծիծաղելէ մեր վրայ: Վերջապէս պիտի չգտնուի՞ միջոց մը, որպէսզի մենք եւս տիրանանք մեր իրաւունքներուն:

Գիրքը կազմողը այս հատորի առաջին էջին վրայ իսկ ցոյց տուած է մեր հարցը լուծելի դարձնող բանալին. Շահնուրեան բանալին ցոյց տուած է նաեւ Եանիգեանը, որ ունեցաւ իր հետեւորդները՝ մահը աչք առած կամաւորները, որոնք բզիկ-բզիկ ըրին ուրացումի վարագոյրը:

Դալար մնայ գրիչդ, Արթինեա՛ն:

 

Թորոս Թորանեան

Երեւան, 7 Յունիս 2016