«Արցախի Հողին Վրայ Կը Գրուի Այսօրուան Հայոց Պատմութիւնը». Պետրոս Թերզեան

1437

«ՍԻՎԻԼՆԵԹ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ՊԵՏՐՈՍ ԹԵՐԶԵԱՆԻ ՀԵՏ

Վարեց՝ ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

 

Ուժանիւթի հարցերու միջազգային մասնագէտ, Ֆրանսայի Հայաստան հիմնադրամի պատասխանատու Պետրոս Թերզեան վերջերս Արցախ կատարած այցելութեան աւարտին հարցազրոյց ունեցած է «Սիվիլնե»չի լրագրող Թաթուլ Յակոբեանի հետ: Ստորեւ կու տանք Շուշիի «Եզնիկ Մոզեան» արհեստագործական ուսումնարանին մէջ տեղի ունեցած այդ տեսազրոյցէն գրաւոր հատուածներ:

 ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Դուք յաճախ կ՛այցելէք Հայաստան եւ Արցախ, սակայն ապրիլեան չորսօրեայ պատերազմէն ետք առաջին անգամն է, որ Շուշի կը գտնուիք: Ի՞նչ են ձեր տպաւորութիւնները:

 ՊԵՏՐՈՍ ԹԵՐԶԵԱՆ.- Երկու օրուան ընթացքին մենք հանդիպում ունեցանք վիրաւոր զինուորներու, Թալիշի շրջանի վիրաւոր քաղաքացիներու, հիւանդանոցներու անձնակազմերու, բժիշկներու, ինչպէս նաեւ պետութեան ներկայացուցիչներու, զինուորական պատասխանատուներու հետ՝ անհրաժեշտ կարիքներու մասին գաղափար կազմելու մտադրութեամբ: Անդրադարձանք թէ շտապ դեղորայքի կարիք կայ, եւ առ այդ անմիջապէս գումար յատկացուցինք, եւ քանի մը օրէն դեղերը կը հասնին Ղարաբաղ: Մենք կը պատրաստուինք նաեւ ձեռնարկելու վերաշինութեան գործին, անմիջապէս որ կացութիւնը կայունանայ: Նկատեցինք, որ ժողովուրդը վճռակամ է, բարձր տրամադրութիւն ունի, բայց միաժամանակ վրդոված է՝ նկատի ունենալով, որ դժբախտաբար Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի մէջ պէտք եղածը չի կատարուիր: Հայաստանը Ղարաբաղի գլխաւոր թիկունքն է, եւ հոն գոյութիւն ունեցող հարցերը անմիջականօրէն կ՛ազդեն Արցախի վրայ: Չորսօրեայ պատերազմին ի յայտ եկած թերութիւնները մտահոգիչ են եւ պէտք է անմիջապէս սրբագրուին: Միւս կողմէ պէտք է ըսել, թէ այդ թերութիւնները տրամաբանականօրէն զարմանալի չէին, որովհետեւ Հայաստանի մէջ քաղաքական եւ բարոյական առումով փտածութիւն կայ եւ կարելի չէ, որ այդ մթնոլորտին մէջ միայն խաւ մը հրաշքով անաղարտ եւ մաքուր գործէ… Ինչպէս ըսի, անմիջապէս պէտք է սրբագրել այդ բացթողումները, քանի որ անկարելի է այս ձեւով շարունակել:

Կայ նաեւ Սփիւռքի պարագան: Ճիշդ է, որ սփիւռքահայերու մաս մը գիտակցեցաւ կատարուածին, փողոց իջաւ եւ ցոյցերով իր զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախին: Բայց Սփիւռքի մէջ եւս թերացումներ կան: Օրինակի համար շատ զարմանալի է, որ մեծ կազմակերպութիւններ լուռ են, իրենց ձայնը լսելի չէ, անտեսանելի է իրենց ներկայութիւնը Ղարաբաղի մէջ՝ որպէս թիկունք ժողովուրդին: Երկրորդ թերութիւնը այն է, որ մենք Սփիւռքի մէջ՝ «շատ հայ ենք եւ քիչ քաղաքացի ենք»: Իմ օրինակը բերելով ըսեմ, թէ ես հայ եմ, բայց միաժամանակ Ֆրանսայի քաղաքացի եմ եւ առ այդ իրաւունքներ ունիմ: Իմ իրաւունքն է հարց տալ Ֆրանսայի պետութեան, թէ արդեօք կ՛անդրադառնա՞յ, որ Ղարաբաղի մէջ քաղաքակրթութիւն մը կ՛ապրի, կը ծաղկի եւ տեղւոյն ժողովուրդը կը հաւատայ Եւրոպայի արժէքներուն, հոն իրական ժողովրդավարութիւն մը կայ՝ ընդդիմութիւն եւ իշխող կուսակցութիւն միասին կ՛աշխատին, զիրար կը քննադատեն բայց միասնաբար կը գործեն: Արցախի մէջ արդար ընտրութիւններ կան, կաշառակերութիւն գրեթէ գոյութիւն չունի: Եւ մեր պարտականութիւնն է այս բոլորին մասին խօսիլ մեր ապրած երկիրներու պատկան իշխանութիւններուն հետ: Լաւ է, որ ցոյց կ՛ընենք Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դեսպանատուներուն դիմաց, բայց միաժամանակ պէտք է նաեւ ցոյցեր կազմակերպել Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան առջեւ եւ պահանջել որ փոփոխութեան ենթարկէ Արցախի նկատմամբ իր քաղաքականութիւնը: Դժբախտաբար այսպիսի հասկացողութիւնն է, որ տակաւին զարգացած չէ:

 ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Այդ չորսօրեայ պատերազմէն ի՞նչ դասեր կարելի է քաղել:

 ՊԵՏՐՈՍ ԹԵՐԶԵԱՆ.- Նախ պէտք է անդրադառնանք, որ հայոց պատմութեան էջերէն մէկը կը գրուի այս հողին վրայ: Պէտք է այս գիտակցութիւնը ունենանք, կատարուածին տարողութիւնը ըմբռնենք եւ ըստ այնմ շարժինք: Այսօր պահը հասած է, որ մենք նոյնիսկ մեր ամէնէն փոքր ուժը օգտագործենք: Օրինակ Սփիւռքի մէջ մեր ունեցած կարողութիւններուն հազիւ հինգ տոկոսը կ՛օգտագործենք: Սփիւռքի մէջ կայ հսկայական հատուած մը, որ որեւէ կապ ունի ո՛չ Հայաստանի եւ ոչ ալ Ղարաբաղի հետ, որովհետեւ անոնց լեզուով խօսողներ չունինք, որ բացատրութիւն տան իրողութիւններու մասին: Ներկայիս մենք յետսովետական միջոցներով կ՛աշխատինք: Պէտք է մեր մօտեցումներուն մաս կազմէ նաեւ համամարդկայինը: Պէտք է ցեղասպան պետութեան շահերը պաշտպանող երկիրներէն հաշիւ պահանջենք: Ասիկա թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ Հայաստանի պետութեան պատասխանատուութիւնն է:

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Իբրեւ ուժանիւթի հարցերու միջազգային մասնագէտ, կ՛ուզէի հարցում ուղղել, թէ արդեօք քարիւղի գինի շարունակական անկո՞ւմն էր, որ Ատրպէյճանը մղեց այս չորսօրեայ պատերազմին:

ՊԵՏՐՈՍ ԹԵՐԶԵԱՆ.- Ես այն համոզումը ունիմ, որ քարիւղի գինի անկումը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի արտադրութեան նուազումը այս պատերազմին գլխաւոր պատճառներն էին: 1990ական թուականներուն Ատրպէյճանը մեծ երազներով ճամբայ ելաւ եւ պէտք էր 2013 թուականին 70 միլիոն թոնի հասնէր իր արտադրութեան քանակը: 2011ին այդ թիւը 40 միլիոն թոնի հասաւ եւ հոն կանգ առնելով այնուհետեւ սկսաւ անկում ապրելու: Ասիկա առաջին հարուածն էր, որուն գլխաւոր յանցաւորը նոյնինքն Հայտար Ալիեւն էր, որ երբ 1993ին տապալելով Էլչիպէյը իշխանութեան գլուխ անցաւ, անկէ մէկ շաբաթ վերջ իր նախորդին ստորագրած պայմանագիրը չեղեալ համարեց եւ նոր պայմանագիր մը կնքեց, ուր հետեւեալ կարեւոր կէտը արձանագրուած էր. եթէ օտար ընկերութիւնները արագ արտադրեն քարիւղը ամէնէն բարձր շահաբաժինը կը ստանան, այսինքն երկու երրորդի վրայ մէկ երրորդ շահ կ՛ունենան: Օտար ընկերութիւններն ալ հազիւ չորս տարուան կարճ ժամանակէ ետք սկսան քարիւղ արտադրելու, առանց ձեռք առնելու հարկ եղած զգուշութիւնները, որպէսզի քարիւղի հորերը «ապրին իրենց բնականոն կեանքը», այսինքն պէտք չէ քարիւղի ճնշումը նուազի, որպէսզի կարելի ըլլայ արտադրել զայն: Հետեւաբար պատահեցաւ անխուսափելին, եւ 2011ին քարիւղի արտադրութիւնը սկսաւ անկում ապրելու: Այդ անկումը պիտի շարունակուի եւ Ատրպէյճանի քարիւղի հորերու պաշարներուն կէսը արդէն վերջացած է, եւ մնացած է երեք միլիառ տակառ, իսկ Ատրպէյճան կ՛արտադրէ տարեկան երեք հարիւր միլիոն տակառ: Այս ընթացքով միայն տասը տարուան պաշար ունի եւ չորս-հինգ տարի ետք Ատրպէյճանը որպէս քարիւղ արտադրող պիտի դառնայ բոլորովին երրորդական (եթէ ոչ չորրորդական) երկիր մը: Իսկ արտադրուող կազը ո՛չ որպէս եկամուտ եւ ոչ ալ որպէս քաղաքական խաղաքարտ, բացարձակապէս չի բաղդատուիր քարիւղին հետ: Լաւագոյն պարագային այս տարի Ատրպէյճանի քարիւղի եկամուտը չորս միլիառ տոլարի կը հասնի, որ երեք տարի առաջ 12 միլիառ տոլար էր: Ըստ իս, Ատրպէյճանի տնտեսական անկումը սկսած է արդէն եւ որուն պիտի հետեւին քաղաքական եւ ընկերային անկումները: Ազերի պետութիւնը լաւատեղեակ է այս հարցին եւ այդ պատճառով ալ առիթը օգտագործեց պատերազմելու, քանի որ երկու կամ երեք տարի ետք արդէն ուշ պիտի ըլլար:

Յամենայն դէպս մենք պէտք է մեր բոլոր միջոցները օգտագործենք բանակցութիւններու ճամբով խաղաղութիւն հաստատելու համար: Պէտք է զգաստանանք եւ աշխոյժ դիւանագիտութիւն վարենք: Պէտք է դարձնել այս էջը:

http://asbarez.com/arm/254397