Սերժ Սարգսեանի համահայկական ուղեւորութիւնը. Փարիզ, Նիւ Եորք, Լոս Անճելըս, Պէյրութ ու Տոնի Ռոսթով

1398

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն

Քառասուներեքերորդ գլուխ, մաս 3

Արձանագրութեանց հրապարակումը

2009ի ամրան ընթացքին հայաստանցի պաշտօնեաները, ինչպէս նաեւ որոշ եւրոպացի դիւանագէտներ ժամանակ առ ժամանակ մտահոգութիւն կը յայտնէին, թէ թրքական իշխանութիւնները ետքայլ կը կատարեն: Օգոստոսի վերջին օրերուն Պի. Պի. Սի.ի հետ զրոյցին մէջ նախագահ Սարգսեանն ըսաւ, որ Թուրքիոյ կողմէ պայմանաւորուածութեանց կատարման ցանկութիւն կամ ձգտում չի տեսնէր:

Սակայն 31 Օգոստոսի ուշ երեկոյեան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնները հրապարակեցին երկու երկիրներուն միջեւ նախաստորագրուած երկու արձանագրութիւնները եւ անոնց իրագործման ժամանակացոյցն ու տարրերը, ինչպէս նաեւ տարածեցին յայտարարութիւն մը, թէ Երեւանն ու Անգարան համաձայնած են սկսելու ՙներքին քաղաքական խորհրդակցութիւններ նախաստորագրուած արձանագրութեանց շուրջ՚:

ՙՀայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութեանց հաստատման՚ եւ ՙՀայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութեանց զարգացման՚ զոյգ արձանագրութիւնները, ըստ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութեանց` ՙերկկողմ յարաբերութեանց կարգաւորման շրջանակ մը կը սահմանեն ողջմիտ ժամկէտի մէջ՚:

ՙՆերքին քաղաքական խորհրդակցութիւնները կ’աւարտին վեց շաբթուան ընթացքին, որմէ յետոյ երկու արձանագրութիւնները կը ստորագրուին եւ կը ներկայացուին համապատասխան խորհրդարաններուն` վաւերացման համար: Երկու կողմերը կը գործադրեն իրենց առաւելագոյն ջանքերը վաւերացման արագ յառաջընթացի համար` համաձայն իրենց սահմանադրական եւ օրէնսդրական գործընթացներուն՚,- կ’ըսուէր յայտարարութեան մէջ:

Վեց շաբաթը ճշգրտօրէն կը համապատասխանէր Թուրքիա-Հայաստան նախագահներու մակարդակի վրայ պատասխան հանդիպումին: Նախագահ Սարգսեանը հանդիպումէն մօտ 13 ամիս առաջ ընդունած էր Կիւլի հրաւէրը (ի տարբերութիւն Կիւլի, որ միայն հանդիպումէն երեք օր առաջ տուաւ Երեւան գալու իր համաձայնութիւնը), սակայն վերապահում մը ըրած էր. ՙՀայաստան-Թուրքիա յաջորդ ֆութպոլային խաղի ժամանակ ես կա’մ կ’անցնիմ բաց սահմաններով, կա’մ ալ հանդիպումը կ’ըլլայ ատոր նախօրեակին՚:

Քաղաքական խորհրդակցութիւնները չէին ենթադրեր որեւէ փոփոխութիւն նախաստորագրուած արձանագրութեանց մէջ, այսինքն` կողմերը կա’մ առանց տառ մըն իսկ փոխելու պէտք է ստորագրէին փաստաթուղթերը, կա’մ`չստորագրէին: Ընդ որուն, եթէ քաղաքական խորհրդակցութեանց համար սահմանուած էր յստակ ժամկէտ` վեց շաբաթ, ապա խորհրդարաններուն մէջ զանոնք վաւերացնելու (կամ չվաւերացնելու) համար կը նշուէր անչափելի ՙողջմիտ ժամկէտ՚ ձեւակերպումը:

Հայաստանի իշխանութիւնները կը պնդէին, որ նախաստորագրուած արձանագրութիւնները դիւանագիտական նուաճում է, իսկ փաստաթուղթին մէջ որեւէ նախապայման չկայ: Ընդդիմութիւնը, յատկապէս` Դաշնակցութիւնն ու ՙԺառանգութիւն՚ը, հակառակը կ’ըսէին. փաստաթուղթը պարտադրուած է հայկական կողմին, անիկա կը հակասէ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի պետական ու ազգային շահերուն, հետեւաբար` այդ տեսքով ստորագրելն անթոյլատրելի է:

Դաշնակցութիւնը կազմակերպեց մէկամսեայ հացադուլ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ նստացոյց` կառավարութեան շէնքին դիմաց, իսկ 10 Հոկտեմբերի նախօրեակին` բազմահազարնոց երթ Երեւանի գլխաւոր պողոտաներով եւ հանրահաւաք Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին: Հ. Յ. Դ.ն ու դէմ հանդէս եկող միւս քաղաքական ոյժերն ու անհատները երկու ակնյայտ եւ մէկ թաքնուած նախապայման կը նշէին:

Փաստաթուղթը քննադատողները կը մէջբերէին ՙհաստատելով երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող սահմանի փոխադարձ ճանաչումը, ինչպէս սահմանուած է միջազգային իրաւունքի համապատասխան պայմանագիրներով՚ նախադասութիւնը, եւ կը պնդէին, որ անորմով, ըստ էութեան, կը վերահաստատուի 1921ի Կարսի պայմանագիրը, որով Հայաստանը զրկուած է ո’չ միայն Արեւմտեան Հայաստանէն, այլ` Արեւելեան Հայաստանի շարք մը մասերէն (Կարսի մարզ եւ Սուրմալուի գաւառ):

Հայաստանի նախագահն ու արտաքին գործոց նախարարը յատկապէս սփիւռքի մէջ ամենախստօրէն ու անխնայօրէն կը քննադատուէին պատմաբաններու յանձնաժողով ստեղծելու թրքական առաջարկին համաձայնելու համար: Փաստաթուղթին մէջ ձեւակերպումը քիչ մը ուրիշ էր` ՙպատմական հարթութեամբ զբաղուող ենթայանձնաժողով` երկու ժողովուրդներուն միջեւ փոխվստահութեան վերականգնմանն ուղղուած երկխօսութեան իրականացման նպատակով, այդ թուին` պատմական փաստաթուղթերու եւ դիւաններու անկողմնակալ գիտական ուսումնասիրութիւն, առկայ խնդիրներու սահմանման ու առաջարկներու ձեւակերպման համար` հայ, թուրք, ինչպէս նաեւ զուիցերիացի եւ ուրիշ միջազգային փորձագէտներու մասնակցութեամբ՚:

Քննադատողներուն համոզումով` ղարաբաղեան հարցը եւս նախապայման է, թէեւ անուղղակի, քանի որ Թուրքիան անդադար կը յայտարարէր, որ այդ արձանագրութիւնները պիտի չվաւերացնէ, քանի դեռ հայկական կողմը Ատրպէյճանի նուազագոյն պահանջները բաւարարող տարածքային զիջումներ չէ ըրած:

Փաստաթուղթը եւ հոլովոյթը մեկնաբանողները կարելի է չորս կարգի բաժնել:

Առաջին խումբին մէջ` ստորագրուած արձանագրութիւններն ու հայ-թրքական հոլովոյթը անվերապահօրէն պաշտպանողներն են: Անոնք կը պնդեն, որ արձանագրութեանց մէջ նախապայմաններ չկան. այդ փաստաթուղթերն ստորագրելով, Հայաստանը դիւանագիտական լուրջ նուաճման հասած է եւ սեպ խրած թուրք-ատրպէյճանական յարաբերութեանց մէջ: Համաձայնական դաշինքին մաս կազմող բոլոր երեք կուսակցութիւնները` Հանրապետական, ՙԲարգաւաճ Հայաստան՚ եւ ՙՕրինաց Երկիր՚` հոլովոյթը կը պաշտպանեն:

Երկրորդ խումբին մէջ ընդգրկուածներն ալ կը պաշտպանեն արձանագրութիւնները, սակայն կ’ընդունին, որ փաստաթուղթին մէջ կան վտանգներ, ինչպէս նաեւ` նախապայմաններ, որոնց Հայաստանը լռելեայն համաձայնած է: Այնուամենայնիւ, անոնք կը պնդեն, որ միեւնոյնն է, Հայաստանը ընդունակ չէր ըլլար դիմադրելու կամ հակազդելու այդ նախապայմաններուն, հետեւաբար` կորուստն ու շահը համարժէք են:

Երրորդ խումբ ընդգրկուած են անոնք, որոնք ընդհանրապէս դէմ են Հայաստան-Թուրքիա մերձեցման, յարաբերութեանց բարելաւման, երկխօսութեան կամ որեւէ տեսակի յարաբերութեան` քանի դեռ Թուրքիան չի ճանչնար Հայոց Ցեղապանութիւնը եւ չի փոխհատուցէր ատոր հետեւանքները:

Չորրորդ խումբը կը կազմեն խորհրդարանի երկու ընդդիմադիր խմբակցութիւնները` Դաշնակցութիւնը եւ ՙԺառանգութիւն՚ը, ինչպէս նաեւ արտախորհրդարանական շարք մը քաղաքական ոյժեր, որոնք Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութեանց հաստատման կողմնակից են, բայց ո’չ ամէն գնով: Անոնք կը գտնեն, որ փաստաթուղթերուն մէջ եղած զիջումները չափազանց սուղ գին ունին: Այս ոյժերը կը քննադատեն արձանագրութեանց բովանդակութիւնը եւ վերոշարադրեալ դրոյթները կը մատնանշեն իբրեւ ապացոյց, թէ Հայաստանն ստիպած են ընդունելու Թուրքիոյ երեք նախապայմանները:

Լեւոն Տէր Պետրոսեանի գլխաւորած Հ. Ա. Ք.ի տարածած յայտարարութեան մէջ կ’ըսուէր, որ ՙհայ-թրքական յարաբերութեանց կարգաւորումը կը բխի երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու շահերէն՚, արձանագրութիւնները զգալի տեղաշարժ են այդ ուղղութեամբ, սակայն ՙանընդունելի է հայ եւ թուրք պատմաբաններու միջկառավարական ենթայանձնաժողովի ստեղծման դրոյթը, որը կասկածի տակ կը դնէ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը՚: ՙՄտահոգութիւն կը յարուցէ երկու երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ նշուած փաստաթուղթերու վաւերացման պայմանը, զոր Սերժ Սարգսեանին հնարաւորութիւն կու տայ ենթայանձնաժողովի ստեղծման պատասխանատուութիւնը կիսել խորհրդարանին հետ, իսկ Թուրքիոյ՝ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը լուծուած չըլլալու պատճառաբանութեամբ, ձգձգել վաւերացման հարցը եւ այդպիսով յետաձգել հայ-թրքական սահմանի բացումը՚:

1 Հոկտեմբերին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի նախագահութեամբ գումարուած ժողովին Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը ողջունեց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ՙառանց նախապայմաններու՚ դիւանագիտական կապերու հաստատման հոլովոյթը, ինչպէս նաեւ վերահաստատեց Հայոց Ցեղասպանութեան ՙանվիճարկելի իրողութիւնը՚, ՙԼ. Ղ. Հ.ի անկախութեան եւ արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքը՚:

ՙԹուրքիոյ հետ մեր ժողովուրդի պատմական դառն փորձառութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին մէջ Թուրքիոյ մերժողական քաղաքականութեան, Հայաստանի նկատմամբ դրսեւորած անհանդուրժողական կեցուածքի, ինչպէս եւ` հայ-թրքական յարաբերութեանց նախաստորագրուած արձանագրութիւններուն մէջ տարաբնոյթ մեկնաբանութեանց տեղիք տուող բանաձեւումներու եւ հոլովոյթի հետ կապուած թրքական կողմի հնչեցուցած անընդունելի յայտարարութեանց համաշարադրանքին մէջ, Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը բնական եւ հասկնալի կը նկատէ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ բնակող հայորդիներուն մտահոգութիւնները՚,- կ’ըսուէր հաղորդագրութեան մէջ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը խստօրէն քննադատեց եւ անընդունելի նկատեց ստորագրուած արձանագրութիւնները:

Ցիւրիխ. արձանագրութեանց ստորագրումը

10 Հոկտեմբերին, արձանագրութեանց ստորագրման համար նախատեսուած արարողութենէն քանի մը ժամ առաջ, Սերժ Սարգսեանը Հայաստանի ժողովուրդին եւ համայն հայութեան ուղերձ մը յղեց: Նախագահն ըսաւ, որ հանգամանքները արժեւորած է իրատեսօրէն, համոզուած է ձեռնարկուած քայլերու անհրաժեշտութեան ու ճշմարտացիութեան մէջ, եւ կը պնդէ, թէ որեւէ յարաբերութիւն Թուրքիոյ հետ ՙչի կրնար կասկածի տակ դնել հայ ժողովուրդի հայրենազրկման ու ցեղասպանութեան իրողութիւնը՚, իսկ ՙմիջկառավարական յանձնաժողովի համապատասխան ենթայանձնաժողովը պատմաբաններու յանձնաժողով չէ՚:

ՙՀայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ առկայ սահմաններու հարցը ենթակայ է լուծման` միջազգային իրաւունքի համաձայն: Արձանագրութիւնները անկէ աւելի բան մը չեն ըսեր: Այս յարաբերութիւնները որեւէ ձեւով չեն առնչուիր ու չեն կրնար առնչուիլ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման հետ, զոր անկախ ու ինքնուրոյն գործընթաց մըն է՚,- ըսաւ նախագահը` ընդգծելով. ՙԱնկախութիւնը պատասխանատու վճիռներ կայացնելու կամք ու վճռականութիւն, իրատեսութիւն ու հեռանկարին միտուած հետեւողական աշխատանք կը պահանջէ: Ես այդ ճամբան ընտրած եմ: Ընտրած եմ պատմական պահի պատասխանատուութեան խոր զգացումով ու մեր ժողովուրդի ապագային նկատմամբ մեծ հաւատքով՚:

a2c903b6f2ef6ccea25f13980170fdfb

Մինչ այդ` Հոկտեմբերի առաջին շաբաթը, նախագահ Սարգսեանը ձեռնարկեց համահայկական ուղեւորութիւն` կանգ առնելով Փարիզի, Նիւ Եորքի, Լոս Անճելըսի, Պէյրութի ու Տոնի Ռոսթովի մէջ: Նպատակն էր հանդիպիլ եւ լսել սփիւռքի մօտեցումներն ու կարծիքները հայ-թրքական յարաբերութեանց կարգաւորման շուրջ:

ՙԵս բոլորը համոզելու նպատակ չունիմ: Ես չեմ երթար համոզելու այդ մարդիկը, ես կ’երթամ այդ մարդիկը լսելու եւ իմ կարծիքն ըսելու՚,- այցի նախօրեակին նշած էր Սերժ Սարգսեանը:

Այս ուղեւորութիւնը յաջողած կարելի չէ նկատել. հայութիւնը նախագահը կը դիմաւորէր բողոքի տարբեր գործողութիւններով:

Փարիզի մէջ` Սենի ափին գտնուող Կոմիտասի արձանին մօտ նախագահ Սարգսեանը պէտք է ծաղկեպսակ դնէր: Տեղի հայութեան քանի մը հարիւր անդամներ` Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներ շրջափակած էին արձանը, որպէսզի Հայաստանի նախագահը մօտենալու ու ծաղկեպսակ դնելու հնարաւորութիւն չունենայ: Մօտ մէկ ժամ պահանջուեցաւ, որպէսզի ֆրանսական ոստիկանութիւնը ռետինէ մահակներու օգնութեամբ մարդիկը ծեծելով եւ գետնին քարշ տալով հեռացնէ Կոմիտասի արձանի տարածքէն: Ատիկա ծայր աստիճան տհաճ, անյարմար ու զգայացունց տեսարան էր: Նախագահ Սարգսեանի դէմքէն ցաւ, դառնութիւն եւ ափսոսանք կը թափէր: Հեռուէն լսուող վիրաւորական վանկարկումներուն տակ ան մօտեցաւ Կոմիտասի արձանին, գլուխ խոնարհեց ու հեռացաւ:

Փարիզէն Հայաստանի նախագահը Նիւ Եորք ու Լոս Անճելըս ուղեւորուեցաւ: Հոն ալ հայութիւնը հիմնականին մէջ դէմ կ’արտայայտուէր նախագահ Սարգսեանի ՙֆութպոլային դիւանագիտութեան՚: Այդ օրերուն, նախագահ Օպաման հեռաձայնեց Հայաստանի առաջնորդին` խրախուսելու եւ քաջալերելու զայն` շարունակելու յառաջընթացը Թուրքիոյ հետ յարաբերութեանց բարելաւման հոլովոյթին մէջ:

Հայութեան եւ նախագահ Սարգսեանի շփումները ամենալարուածն էին Պէյրութի մէջ: Համահայկական ուղեւորութեան միակ վայրը երեւի Տոնի Ռոսթովն էր, ուր Հայաստանի առաջնորդը դիմաւորեցին առանց լուրջ դժգոհութեանց:

Թուրքիոյ մէջ ալ քննադատութիւններ եղան իշխանութեանց հասցէին:

Հայ-թրքական մերձեցումը զայրոյթով ու երկիւղով ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի մէջ: Դեռ Ապրիլին Ալիեւը չեղեալ յայտարարած էր իր այցը Սթամպուլ, ուր պէտք է միջազգային հաւաքի մը մասնակցէր: Ատրպէյճանի զայրոյթը գագաթնակէտին հասաւ, երբ արձանագրութիւններն ստորագրուեցան 10 Հոկտեմբերին: Ցուցարարները Պաքուի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ այրեցին Էրտողանի նկարները, իսկ պաշտօնեաները հանեցին քաղաքին վրայ ծածանուող թրքական դրօշները:

10 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Հայաստանի ու Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Էտուարտ Նալպանտեանն ու Ահմէտ Տաւութօղլուն Զուիցերիոյ, ինչպէս նաեւ ղարաբաղեան կարգաւորման Մինսքի Խումբի եռանախագահող պետութիւններու` Ռուսիոյ, Ա. Մ. Ն.ի եւ Ֆրանսայի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեանց ղեկավարներու ու եւրոպացի բարձրաստիճան ուրիշ դիւանագէտներու ներկայութեան ստորագրեցին երկու արձանագրութիւնները:

Արարողութիւնն աւելի քան երեք ժամով յետաձգուեցաւ, եւ կրնար նոյնիսկ ձախողիլ, եթէ պետական քարտուղար Քլինթընի միջամտութիւնը չ’ըլլար:

ՙՈւաշինկթըն Փոսթ՚ թերթի` Զուիցերիոյ մէջ աշխատող լրագրողը այսպէս կը նկարագրէ. Քլինթընը նախանշուած ժամին մօտենալով Ցիւրիխի համալսարանին` կը տեղեկանայ, որ հայկական կողմը առարկութիւն ունի արձանագրութեանց յաջորդող թրքական յայտարարութեան բովանդակութեան նկատմամբ եւ ժամանելէ կը հրաժարի: Պետական քարտուղարին ինքնաշարժը շրջադարձ կը կատարէ եւ դէպի հայկական պատուիրակութեան գտնուած պանդոկը կ’ուղղուի:

ՙՔլինթընը չ’իջնէր իր սեւ BMW ինքնաշարժէն եւ մօտ մէկ ժամ երկու հեռաձայններով կը խօսի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն հետ: Վերջապէս, ան կ’իջնէ ինքնաշարժէն, պանդոկ կը մտնէ եւ Նալպանտեանին կ’առաջարկէ միասին երթալ համալսարան, ուր Տաւութօղլուն զայն կը սպասէր՚:

Ու մինչ տիկին Քլինթընը կը փրկէր արարողութեան տապալումը, այդ ընթացքին Ցիւրիխի համալսարանին մէջ Սերկէյ Լաւրովը, Խավիէ Սոլանան եւ Պեռնար Քուշնէրը միասին կը դիտէին Ռուսիա-Գերմանիա ֆութպոլային հանդիպումը:

Քլինթընի ու Նալպանտեանի գալուստէն յետոյ բանակցութիւնները կը վերսկսին ընդլայնուած կազմով. կողմերը կը համաձայնին արձանագրութիւններն ստորագրելու, պայմանով, որ յայտարարութիւններ պէտք չէ ըլլան:

Վերջապէս, Նալպանտեանն ու Տաւութօղլուն կը ստորագրեն փաստաթուղթերը: Անոնց ետին կանգնած հզօր երկիրներու դիւանագէտները լայնօրէն կը ժպտին: Ահա’ եւ Հայաստանի ու Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները իրարու ձեռք կը սեղմեն: Տաւութօղլուի դէմքին երջանկութեան շողշողուն ժպիտն է, թուրք դիւանագէտը չի կրնար եւ չ’ուզէր զսպել հրճուանքը: Նալպանտեանը նոյնպէս կը ժպտի, բայց այդ ժպիտին տակ լարուածութիւն, տխրութիւն եւ բարկութիւն կայ:

Նախագահ Սարգսեանը քանի մը անգամ ըսած էր, որ ֆութպոլային պատասխան հանդիպումը դիտելու համար Թուրքիա կը մեկնի, եթէ սահմանները բաց ըլլան կամ անոր նախօրեակն ըլլայ: Ցիւրիխեան արարողութենէն երեք օր յետոյ ան ուղեւորուեցաւ Պուրսա, ուր խաղը պիտի կայանար:

serzh-abdullah-gul-armenia-turkey-2

Պուրսա. կրկին ֆութպոլ, կրկին պարտութիւն

Պուրսայի օդանաւակայանին մէջ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլուն դիմաւորեց նախագահ Սարգսեանը: Ան նախ ուղեւորուեցաւ հայ ֆութպոլիստներուն իջեւանած պանդոկը` ոգեւորելու զանոնք: Ապա Սարգսեանը գնաց ուրիշ պանդոկ մը, ուր կայացաւ անոր հանդիպումը Կիւլի հետ:

Հայաստանի հաւաքականը, Երեւանի նման, պարտուեցաւ նոյն` 0-2 հաշուով:

Հանդիպումէն յետոյ մամուլին համար պէտք է յայտարարութիւն ընէին արտաքին գործոց նախարարներ Տաւութօղլուն ու Նալպանտեանը: Սակայն ներկայացաւ միայն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը: Նալպանտեանը կարեւորեց արձանագրութեանց վաւերացումը, ինչը ՙկը բանայ այն փակ դուռը, զոր երկար տարիներ մեր երկու երկիրներն ու ժողովուրդները իրարմէ բաժնած էր՚:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարն ըսաւ, որ Կիւլը ընթրիք մատուցած է ի պատիւ Սարգսեանի:

ՙԱյս կապակցութեամբ Անգարայէն յատուկ բերուած էր Թուրքիոյ նախագահին կնոջ պատրաստած ուտեստեղէնը: Այս քայլով նախագահ Կիւլը կը փափաքէր Հայաստանի նախագահի ընդունելութեան յատուկ ջերմութիւն հաղորդել՚:

Երկու արձանագրութեանց ստորագրումէն յետոյ նուազագոյն դարձաւ Հայաստանի ազդեցութիւնը եւ հսկողութիւնը հայ-թրքական հոլովոյթին վրայ: Ֆութպոլային բառապաշարով` գնդակը Թուրքիոյ դաշտին մէջ է, դարպասի (սահմանի) բանալիները` թուրքերու ձեռքին:

21 Հոկտեմբերին արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլուն Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ մանրամասնեց, թէ Անգարան Հայաստան-Թուրքիա ստորագրուած արձանագրութեանց բովանդակութիւնն ինչպէ՞ս կ’ընկալէ եւ կը մեկնաբանէ:

Ան նախ խորհրդարանի պատգամաւորներուն բացատրած է, որ Հայաստանը եւ Թուրքիան պէտք է ընդունին միմեանց սահմանները, եւ պնդումը, թէ իբր ՙՀայաստանը տարածքային պահանջներ ունի Թուրքիայէն՚ – ՙչնայած որեւէ երկիր նման բանի չի կրնար համարձակիլ՚-, փաստաթուղթին կէտերէն մէկով կը պարզաբանուի:

ՙԱրձանագրութեանց մէջ երկրորդ կէտ մը կայ, զոր նոյնպէս նուիրուած է սահմաններու ճանաչման, այսինքն` իրաւաբանօրէն անգամ մը եւս կը վաւերացուի, թէ Հայաստանը որեւէ հողային պահանջ չունի Թուրքիայէն: Այդ կէտը միջազգային պայմանագիր մը նկատի կ’ունենայ: Երբ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ քաղաքական եւ դիւանագիտական պատմութեան նայինք` սահմաններուն նուիրուած երկու պայմանագիր կը տեսնենք: Երրորդ պայմանագիր մը կամ արձանագրութիւն մը չկայ: Առաջինը 16 Մարտի 1921ի Մոսկուայի, իսկ երկրորդը` 13 Հոկտեմբեր 1921ի Կարսի պայմանագիրն է: Այս արձանագրութիւնով մենք անգամ մըն ալ կը վաւերացնենք մեր սահմաններուն ճանաչումը եւ Նախիջեւանի հարցին մէջ մեր ստանձնած միջնորդի դերը՚,- բացատրած է Տաւութօղլուն:

ՙԿը կարենա՞նք այս արձանագրութիւններով փոխել այսպէս կոչուած Ցեղասպանութեան գաղափարախօսութիւնը: Նախատեսուած է պատմաբաններու յանձնաժողովի ստեղծում, զոր երկու կառավարութեանց հսկողութեան տակ պիտի աշխատի եւ առարկայականօրէն ու գիտականօրէն պիտի ուսումնասիրէ բոլոր դիւանները: Անկողմնակալ եւ գիտական ուսունասիրութիւն ի՞նչ կը նշանակէ: Ան կը նշանակէ, որ այլեւս Հայաստանն ալ կ’ընդունի, թէ հնարաւոր չէ հարցերուն լուծումները միակողմանի ընկալմամբ գտնել՚,- շարունակած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Ըստ Տաւութօղլուի` մինչ կը շարունակուէին Թուրքիոյ եւ Հայաստանի բանակցութիւնները, ՙզուգահեռաբար եւ զարմանալիօրէն, 17 տարուայ ընթացքին տեղի չունեցածը պատահեցաւ. սկսաւ շարժ նկատուիլ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութեանց մէջ: Անցած ամիս ռազմական խումբ մը Լաչին երթալով ուսումնասիրեց տեղանքը եւ քննարկեց, թէ հարցի լուծման ժամանակ միջազգային իրաւունքով ի՞նչ ծաւալ պիտի ունենայ Լաչինի միջանցքը: Սա, ինչպէս կը նշեն մեր ատրպէյճանցի եղբայրները, շատ կարեւոր քայլ է եւ հարցի լուծման կը տանի: Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը սրբութիւն է մեզի համար, ինչպիսին է նաեւ մե’ր տարածքային ամբողջականութիւնը: Չկայ որեւէ ուրիշ երկիր, որ 17 տարուայ ընթացքին մեր նման զբաղած ըլլայ այս հարցով` խաղաղութիւն հաստատել երկու երկիրներուն միջեւ, եւ զայն այնպէս ընել, որ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը պահպանուի: Արձանագրութիւնը պէտք է այսպէ’ս ընկալել՚:

Դեկտեմբերի առաջին տասնօրեակին Միացեալ Նահանգներ այցի ընթացքին վարչապետ Էրտողանը հերթական անգամ յայտարարեց, որ եթէ ղարաբաղեան խնդիրին մէջ դրական զարգացումներ չ’ըլլան` թրքական խորհրդարանը դժուար թէ վաւերացնէ արձանագրութիւնները:

Հետեւեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան արձագանգը:

ՙՀայ-թրքական յարաբերութեանց կարգաւորման հոլովոյթին մէջ նախապայմաններու լեզուով խօսիլն անիմաստ է, եւ նման փորձ ընող կողմը իր վրայ կը վերցնէ ողջ պատասխանատուութիւնը՚,- յայտարարեց արտաքին գործոց նախարար Նալպանտեանը:

Նախագահ Սարգսեանը ձախողման դատապարտուած որակեց Անգարայի` հայ-թրքական յարաբերութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին հետ շաղկապելու փորձերը:

ՙԱյդ փորձերն ի սկզբանէ դատապարտուած են ձախողման: Հայաստանը պատրաստ է պատշաճօրէն կատարելու իր միջազգային պարտաւորութիւնները` վաւերացնել հայ-թրքական արձանագրութիւնները: Նոյնը Թուրքիայէն կ’ակնկալենք: Եթէ Թուրքիան արձանագրութեանց վաւերացումը ձգձգէ` Հայաստանն անպայման կ’օգտուի միջազգային իրաւունքէն բխող հնարաւորութիւններէն: Ես համապատասխան պետական մարմիններուն յանձնարարած եմ` լրացումներ նախապատրաստել մեր օրէնսդրութեան` միջազգային պայմանագիրներ ստորագրելուն, վաւերացնելուն եւ չեղեալ յայտարարելուն առնչուող մասին մէջ՚,- յայտարարեց ան:

Ելլելով իր հակահայկական քաղաքականութենէն ու տարածաշրջանային շահերէն, Թուրքիան հաւանաբար պիտի փորձէ արձանագրութեանց վաւերացումը ձգձգել: Միւս կողմէ, Հայաստանը համաձայնած է, որ խորհրդարանները պէտք է վաւերացնեն: Երբ խորհրդարանի քուէարկութեան կը համաձայնիս` այդ քուէարկութեան ամէն արդիւնքն ալ պիտի ընդունիս:

Իշխող ՙԱրդարութիւն Եւ Զարգացում՚ կուսակցութիւնը ցանկութեան պարագային կրնայ հասնիլ վաւերացման, քանի որ խորհրդարանին մէջ որակական մեծամասնութիւն ունի: Եթէ Թուրքիան Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելուն անկեղծօրէ’ն կը ձգտի` արձանագրութեանց վաւերացման կարիք չի մնար: Սահմանները բանալով` Թուրքիան Հայաստանին լաւութիւն չ’ընէր, այլ` մասամբ վերջ կու տայ իր թշնամական քաղաքականութեան:

Եթէ Թուրքիան որոշէ արձանագրութիւնները չվաւերացնել` Հայաստանը պէտք է խուսափի մեղաւոր ընկալուելէ միջազգային հանրութեան առջեւ: Կը թուի, թէ Թուրքիան կը ձգտի տպաւորութիւն ստեղծելու, որ արձանագրութիւններն ստորագրելով` մեծ զիջումներ ըրած է եւ կարգը Հայաստանինն է, որպէսզի ան ալ զիջումներու երթայ ղարաբաղեան կարգաւորման հարցին մէջ:

Յ. Գ. 

Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ), Կիւմրիի, Ստեփանակերտի, Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Արևմտահայերեն-Արցախեան-օրագիր

Փափուկ կազմ, 555 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2010, Անթիլիաս,
ISBN 978-995301815-7:
Գինը՝ 7.000 դրամ ($14.00):