Իսրայէլ Օրին Մոսկուայի մէջ. վերջը

923

Ծանոթ. – Հայկական ուսումնասիրությունների ԱՆԻ կենտրոնը ավարտում է հրապարակումների շարքը՝ նվիրված Իսրայել Օրուն և նրա գործունեությանը: Շարքի հեղինակը սփյուռքահայ պատմաբան Յարութիւն Քիւրտեանն է: Բոլոր հրապարակումները արտատպություններ են ՀԱՅՐԵՆԻՔ ամսագրից՝ 1955-1956թթ. համարներից: Այն, ինչ գրում և փորձում է ապացուցել Քիւրտեանը, շատերի համար գուցե նորություն լինի: Պատմաբանների մի մասը այս գրությունները կդիմավորեն սվիններով: Այս շարքի հրապարակումներից հետո մենք կներկայացնենք նաև խորհրդահայ պատմաբանների և հետազոտողների պատասխանները, որպեսզի պատկերն ամբողջական լինի: 

 

Իսրայէլ Օրիի մասին ժամանակակից վկայութիւններ օտար ուղեգիրներու քով

Օրիի 1709-ին Պարսկաստան այցելութեան առթիւ հոն գտնուող Լեհացի Յիսուսեան մը, Հայր Կրուզինսքի, իր կարեւոր պատմական գործին մէջ (The History of the Revolution of Persia. Memoirs of Father Krusinski. Dublin 1729, Vol. I, p. 127) կը գրէ Օրիի մասին.

«Այդ ատենները դեսպան մը հասաւ Շամախի, որ Պարսից արքունիքը կ’երթար Մոսկովի ցարէն: Ազնուականի անունն էր Իսրայէլ Օրի, հայ արկածախնդիր մը, ծնած Ղափանելու ի Պարսկաստան: Ֆրանսայի, Իտալիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ, ճամփորդելէ վերջ, բանակներուն մէջ սուրճ ծախելով, ան ինքզինքը զինուոր էր արձանագրած Լէոբոլտ կայսեր բանակին մէջ եւ սպայի աստիճանին բարձրացած: Դաւադրող մարդ մը ըլլալով՝ կրցած էր մուտ գործել Վիեննայի արքունեաց նախարարներուն մօտ. եւ, որովհետեւ շատ լաւ կը հասկնար Արեւելքի մէջ խօսուող գլխաւոր լեզուները, Կ. Պոլիս ղրկուած է՝ իմանալու համար թուրքերուն մտադրութիւնը՝ թէ ի՞նչ տեսակ խաղաղութիւն պիտի առաջարկուէր անոնց, ինչ որ յետոյ վերջացաւ Քառլովիցի դաշնագրութեամբ: Յետոյ անցած է ծառայութեան ցարին մօտ, որ Քառլովիցի դաշնադրութեան մէջ չըլլալով, իր կարգին, գործածած է (Օրին) ի Պոլիս, թուրքերուն հետ համաձայնութեան մը բանակցութեանց մէջ, չցանկալով իր կռնակին ունենալ զանոնք, մինչ պիտի պատերազմէր Շուէտացւոց թագաւորին դէմ, որուն վրայ շուտով յարձակելու մտադիր էր:

«Այս Հայը, Ցարին բանակացութիւնը գոհացուցիչ կերպով կատարած ըլլալով, ցանկանած է, որ, իբր ծառայութեան վարձք, ան իրեն շնորհէ Պարսկակստան դեսպանութիւն մը: Ասիկա, ամենայարմար կերպն էր, որ կրնար խորհիլ՝ կարճ ժամանակի մէջ հարստանալու համար, քանի որ դեսպանները Պարսկաստանի մէջ մաքս չեն վճարեր: Ան կը մտադրէ իրեն հետ տանիլ արժէքաւոր ապրանքներու մեծ քանակութիւն մը, որոնցմէ մեծ շահ կ’ակնկալէր, նկատի առնելով սովորական մաքսերէ զերծ մնալը: Անմիջապէս որ այդ շնորհը կը ստանայ Ցարէն, Վիեննա կ’երթայ, ուր իր անցեալը ծառայութեանց համար կը ստանայ նաեւ կայսրէն նամակներ Պարսից թագաւորին համար: Կ’անցնի Հռովմ, ուր ինքզինքը կը ներկայացնէ  իբր առաջնակարգ մարդ մը, որ մեծ ազդեցութիւն ունէր հերձուածող Հայոց վրայ, որոնք (Հռովմայ) Եկեղեցւոյն գիրկը պիտի դարձնէր: Ան այնքան յաջող կ’ըլլայ, որ կը կարողանայ ատոր համար թուղթ ստանալ Կղեմէս ԺԱ. Պապէն առ յիշեալ Պարսից թագաւորը»:

Առայժմ հոս կանգ առնենք Կրուզինսքիի վկայութեան վրայ:

Որոշ է, որ վկայութեան այս մասին Յիսուսեանը ականատես չէ եղած, այլ ականջով միայն իմացած է: Սակայն, ո՞վ կրնար տալ այսպիսի սխալ եւ իրականէն բոլորովին հեռու ծանօթութիւն մը Օրիի անցեալին մասին: Անտարակոյս, Կրուզինսքին չէր սխալ տեղեկութիւն տուողը, քանի որ ինք գոնէ այս մասին մէջ այդպէս ընելէն որեւէ շահ մը չունէր: Վկայութեան մէջ Օրին կարեւորութիւն մը կը ստանայ, որ սակայն, իրականութենէն հեռու է: Ուրեմն, Կրուզինսքիի տրուած այս սխալ տեղեկութեանց աղբիւրը հաւանաբար Օրին ինքն է կամ իր թարգման Աւետն է, որ Օրիի հետ էր այս ուղեւորութեան ատեն: Կամ, վերջապէս, մէկը Օրիի հետեւորդ արբանեակներէն, որոնք ամէն կերպով պաշտօնականութիւն մը կ’ուզէին շռայլել Օրիի այցելութեան:

Մենք, սակայն, վաւերաթուղթերով տեսանք թէ՝

1) Օրին Պարսից արքունիքը չէր երթար Մոսկովի Ցարէն:

2) Օրին Լէոբոլտ կայսեր բանակին մէջ զինուոր եւ սպայ չէր եղած:

3) Եթէ Օրին շատ լաւ կը հասկնար Արեւելքի գլխաւոր լեզուները, այն ատեն թարգմանի պէտք չունէր:

4) Օրին Կ. Պոլիս չէ ղրկուած, այլ ինքը այնպէս հաւատացուցած է, թէ հոն գացած է:

5) Օրին Քառլովիցի դաշնագրին ստորագրութեան հետ, անոր ստորագրութենէն առաջ կամ վերջ, որեւէ կապ չունէր: Պոլիս իբր թէ եկած էր Քառլովիցի դաշնագրի ստորագրութենէն վերջ: Դաշնագիրը ստորագրուած էր 1699 Յունուար 26-ին:

6) Օրին Ռուսերը չէ ներկայացուած թուրքերուն մօտ՝ իբր թէ բանակցութեան մը ատեն:

7) Մեծն Պետրոս երբեք Օրին Պարսից մօտ դեսպան չէ նշանակած:

8) Վիեննայի մէջ Լէոբոլտ կայսրէն նամակներ չէ ստացած՝ Պարսից թագաւորին համար:

Այս վերագրումները միայն Օրիին օգտակար կրնային ըլլալ, որով՝ երբեք Կրուզինսքիէն չէին կրնար յերիւրուիլ, միայն Օրիէն կամ իր արբանեակներէն:

Այժմ շարունակենք Կրուզինսքիի վկայութիւնը.-

«Բոլոր այս թուղթերով զինուած, ան  (Օրին) Շամախի հասաւ մեծ շքախումբով մը, բաղկացած Հայերէ, որոնք դեսպանութիւնը կը վարէին, եւ մոսկովներէ, որոնք յատկացուած էին Ցարին նաւերուն պաշտպանութեան, որ Շամախիէն ոչ շատ հեռու նաւահանգիստ մը կը գտնուէին եւ իրեն ընկերացած էին մինչեւ այս քաղաքը, դեսպանութեան աւելի փայլ մը տուած ըլլալու համար:

«Ես հոս մանրամասնութեանց մէջ չպիտի մտնեմ այս Հայուն ընթացքին մասին, որ աւելի վաճառական էր քան թէ դեսպան, եւ իր մասին աւելի բան չպիտի պատմեմ քան ինչ որ կապ ունիմ իմ նիւթիս հետ: Անհաւատալի է, թէ որքա՜ն այս աննշան դեսպանութիւնը վախ պատճառեց Իսֆահանի արքունեաց: Ատոր երկու բաներ մասնաւորապէս նպաստեցին. նախ՝ իր բազմաթիւ հետեւորդները, որոնց թիւը, սակայն, երբ ան Իսֆահան եկաւ, երկու հարիւրի իջած էր. Երկրորդ՝ Շամախի մէջ հրապարակաւ կատարած իր յայտարարութիւնը, ուր ըսած էր թէ ինքը հին հայ թագաւորաց սերունդէն էր, եւ հասկցուց, թէ ինքը այդ վեհապետութեան իր իրաւունքները չէ ժխտած: Բոլոր ասոնք սարսափեցուցին Պարսից արքունիքը, որ չէր հաւատար թէ Հայ մը, ծննդեամբ հպատակ մը Շահին, Մոսկուայի Ցարին նման հզօր իշխանէ մը հովանաւորուած էր եւ այնքան բազմաթիւ հետեւորդներով, զորս կ’ըսէին թէ Շամախիի մէջ ունէր, Պարսկաստան եկած էր՝ առանց գաղտնի մտադրութեան. քանի որ այս դեսպանը կը պարծենար, թէ ինքը բոլոր քարոզիչները Պարսկաստանէն արտաքսել պիտի տայ, համոզելով արքունիքը (Շահին), որ յանձնարարականները եւ նամակները, քրիստոնեայ իշխաններէ տրուած, որոնց շնորհիւ անոնք (Կաթոլիկ քարոզիչները) ապահովութիւն գտած էին Պարսկաստանի մէջ, բոլորն ալ կեղծ եւ յերիւրածոյ կտորներ էին: Այս յայտարարութիւնները ըրած էր հաճելի ըլլալու համար հերձուածող (իմա Լուսաւորչական) Հայոց, որոնք քարոզիչներուն լաւութիւնը չէին ցանկար:

«Եւրոպացիք, որ ասոնք (քարոզիչ կաթոլիկները) իրենց սրտին մօտիկ կը նկատէին, մանաւանդ Պրն. Միշէլ Ֆրանսացին, որ Պարսից արքունիքը զրկուած էր հանգուցեալ թագաւորէն՝ (Ֆրանսիայի Լութովիկոս ԺԴ.) առեւտուրի համար, խորհեցաւ, թէ կրօնքի (Պապական) աւելի մեծ ծառայութիւն մը չէր կրնար մատուցանել քան թէ համոզել արքունիքը (Շահին), որ չնդունի դեսպանը: Ասոր համար ան գործածեց հայուն յայտարարութեանց յարուցած վախը եւ զայն, նուազեցնելու տեղ, աւելցուց՝ մեծցնելով սովորական տեղեկութիւնները ի մասն ենթադրուած մարգարէութեանց, որոնցմով Հայերը ինքզինքնին կ’ուրախացնէին, իբր թէ իրենց դիւաններուն մէջ գտուած ըլլային թուղթեր, ուր կ’ըսուէր թէ օր մը Հայաստանի թագաւորութիւնը պիտի վերականգնի Մոսկովեաններու պաշտպանութեան տակ: Եւ որպէսզի ահազանգը աւելի ուժգին ըլլայ, դեսպանին անունին մէջ կը գտնուէին գրերը ԻԼ ՍԸՌԱ ՌՈՒԱ, այսինքն՝ ԹԱԳԱՒՈՐ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ (Իսրայէլ Օրի):

«Իրաւ է, բոլոր ասոր հաւատացին: Սակայն, արքունեաց մօտ անոր ազդեցութիւնը ցանկացուածին հակառակը եղաւ, որովհետեւ դեսպանին ենթադրած ծրագիրներուն համար խորհուեցաւ, թէ ան այնքան վտանգաւոր պիտի չըլլայ Իսֆահանի մէջ, եթէ կարենան զայն հոն բերել, որքան որ եթէ ան գաւառը մնար: Ասկէ զատ չէին կրնար դեսպանը ետ ղրկել՝ առանց վիրաւորելու իր տէրը՝ Ցարը, որուն հետ թշնամութիւն չէին կամենար, մասնաւորաբար այն գերակայութեան համար, զոր Շուէտի դէմ իր յաղթանակները շահած էին իրեն (Մեծն Պետրոսին) համար:

«Շամախի կառավարիչը հրաման ստացաւ դեսպանը Իսֆահան ճամբելու, ուր ան ընդունեցաւ պատուոյ նշաններով: Հոն իր գործերը ան շատ լաւ կատարեց ի մասին իր առեւտուրին: Ասկէ զատ, ան շատ ուղիղ վարուեցաւ եւ Եւրոպացիներուն հետ: Ան քանի մը տարի վերջ, մեռաւ Աստրախանի մէջ, անյողդողդ կաթոլիկ, յամօթ իր երկրի եպիսկոպոսներուն, որոնց մտիկ չէր ըներ եւ իր հետ գերեզման տարաւ ենթադրեալ յոյսերը ապագայ վերահաստատութեան (հայ) թագաւորութեան: Ասիկա ես խորհեցայ յարմար հոս յիշելու, որպէսզի ընթէերցողը հարցում չունենայ ի մասին դեսպանութեան մը, որ մեծ վնաս չտուաւ Պարսկաստանի այն կողմէն, ուրկէ դիմաւորուած էր: Սակայն, յետոյ ան անդարմանելի վնաս պատճառեց ուրիշ կողմէ մը, իրարանցումը, զոր այդ դէպքը (Օրիի Պարսկաստան գալու) պատճառած էր արքունեաց մէջ՝ Միր Վէյսի կողմէ օգտուագործուելով»:

Կրուզինսքիի վկայութեան այս մասը գրեթէ ճշտութեամբ կը խօսի Օրիի Պարսկաստան այցելութեան մասին: Սխալմունքը, որ ամէնէն կարկառունն է, Օրին Ցարի դեսպան նկատելուն մէջն է: Յետոյ պէտք է յիշել, որ մինչեւ Սպահան իրենց հետ եղած են նաեւ հայերէ զատ ուրիշներ ալ, ինչպէս կապիտէն (գնդապետ) Զաքարէ Վիշտօկ եւ իր կինը, անտարակոյս ազգաւ ռուս, գոնէ Ֆրանսացի մը՝ Պօռըկար, եւ ուրիշներ:

Կրուիզինսքիի վկայութիւնը մատի փաթթոց եղաւ հայ գրողներու կարգ մը հրապարակային արտայայտութեանց, մանաւանդ վերջերս: Որոշ է, որ անոնք չեն կարդացած իսկ (անտարակոյս, չեն հասկցած) Կրուզինսքիի գործն ու գոնէ այս վկայութիւնը, սակայն տգեղ ելոյթներ ունեցան անոր դէմ կամ անոր հեղինակութեան դէմ: Ինչպէս վերը տեսանք, Կրուզինսքի բաւականացած էր գրելով եղածին մասին՝ առանց իր նիւթին իրական սահմաններէն դուրս ելլելու:

Կրուզինսքի քով կայ նշանակելի հակասութիւն մըն ալ Օրիի կրօնական հակումներու մասին: Ան իր վերջին տողերուն մէջ, ինչպէս տեսանք, Օրին «անյողորդ կաթոլիկ» մը կը նկատէ մինչեւ մահը: Սակայն, Կրուզինսքի Օրին Շամախիի մէջ «հերձուածող Հայոց», այսինքն՝ Լուսաւորչական Հայոց հաճելի ըլլալու համար կ’ամբաստանէ: Նոյն ատեն Հայր Ուկոնէ Կարմեղեան աթոռակալին տեղեկագրէն տեսանք, որ Օրի Զատիկը Հայոց Ամենափրկչի վանքի եկեղեցւոյն մէջ անցուցած է եւ հոն խոստովանելէ վերջ, հողորդուած է:

Ժամանակակից երկրորդ գրող մըն է Իտալացի կարմեղեան կրօնաւոր եղբայր Լէանդրը, որ 1730-ին մասնաւոր պաշտօնով մը Արեւելք կը ղրկուի: Անոր «Ճանապարհորդութիւն ի Պաղեստին, ի Պարսկաստան եւ ի Միջագետս» իտալերէն, մեծադիր ու թանձր հատորը Հռովմ կը հրատարակուի 1753-57 թուականներուն, ըստ Հայր Եսայի Վ. Տայեցիի, որ հրատարակած է Օրիի մասին թարգամնութիւնը «Բազմավէպ»ի մէջ, 1914, էջ 30-32:

Այս մասը գրեթէ բացառի արտագրութիւնն է Կրուզինսքիի գրածին, որով աւելորդ է հոս յառաջ բերել: Կը պարունակէ նոյն սխալները Օրիի մասին: Միակ տարբերութիւնը սա հատուածն է. «1708ի վերջերը ի Շամախի հասաւ ռուսաց ցարին կողմանէ դեսպան մը, որուն անունն էր Իսրայէլ Օրի»: Մնացեալ մասը, ինչպէս ըսի, կատարեալ կրկնութիւնն է Կրուզինսքիի վկայութեան:

Սակայն, եղբայր Լէանդրի այս վկայութիւնը պէտք է սրբագրել: Օրին ոչ թէ 1708ի վերջերը Շամախի հասած է, այլ 1708 Փետրուար 5-ին, ինչպէս որ Հայր Չամբիոն կը տեղեկագրէր Հռովմ:

Ժամանակակից երրորդ վկայութիւնը կը գտնենք Անգլիացի առեւտրական Հանուէի (An Historical Account of the British Trade Over the Caspian Sea, by Jonas Hannway, London, 1754, Հանուէյ իր ճամբորդութիւնը կատարած է 1743-ին) գործին մէջ:

Հանուէյ կ’ընէ վերլուծումներ՝ աղբիւր ունենալով նոյն այն տեղեկութիւնները, զորս կը գտնենք Կրուզինսքիի մօտ: Ան շատ չնչին յաւելումներ ունի, որոնք անշուշտ փոքր մանրամասնութիւններ են, կ’երեւայ թէ Սպահան գտնուող Անգլիացիներէ հայթայթուած: Օրինակի համար՝ Օրիի հետեւորդներուն մէջ գտնուող ռուս նաւազներուն Բագու երթալը: Բագուն չէ յիշած Կրուզինսքին:

Հանուէյ իրաւացիօրէն դեռ այն ատեն (1743-ին) դիտել կուտար.

«Այս ցնորական գաղափարները հիմք չունէին, առիթ տրուած ըլլալով ատոնց դեսպանին (Օրիի) քանի մը ակնարկութիւններով, որ աւելի կը ցուցնէին անոր (Օրիի) յիմարութիւնը եւ ապուշութիւնը, քան թէ անոր այդ տեսակ որեւէ նպատակ ունենալը: Քանի որ արտաքոյ կերպով անհեթեթ էր հաւատալ թէ Մեծն Պետրոս, առանց կարիքի, Շահին ձեռքը յանձնէր թեկնածու ձեւացողը, եւ այդ դեսպանը, որ այնքա՜ն անձնական շահէր ունէր չյայտնուելու, պիտի սկսէր կամաւոր անխոհեմութեամբ հրապարակել իր նպատակին գործադրութիւնը, որուն բոլոր յաջողութիւնը լախեալ էր գաղտնապահութենէ եւ շրջահայեացութենէ»:

Տարակոյս չկայ, որ Մեծն Պետրոս երբեք չէր հաւատար Օրիի ազնուատոհմ, մանաւանդ թագաւորազուն ըլլալուն: Օրին եթէ Պռօշեան իսկ նկատուէր, երբեք Պռօշեանք թագավորական տուն մը չէին եւ նման յաւակնութիւն մը չէին ունեցած իրենց պայծառագոյն շրջանին, մինչդեռ Օրին իբր թագաւորազուն կը ներկայանայ հրապարակաւ, Պարսկաստան հազիւ ոտք  կոխած… Եթէ իրապէս եղած ըլլար, Մեծն Պետրոս ամէն գնով զայն իր ձեռքին տակ պիտի պահէր՝ ո՛չ թէ զայն Հայոց վրայ թագաւորեցնելու նպատակաւ, այլ զայն իր շահերուն համար գործածելու համար միայն: Հոս կարիք չկայ այս մասին ծանրանալու:

Այսպէս կ’աւարտի իմ քննութիւնը Օրիի կեանքին:

Աւելորդ չէ, աւարտելէ առաջ, մէկ երկու մէջբերումները ընել Օրիի մասին գրող հայ հեղինակութիւններէ, որոնց համար խանդավառութիւնը ըլլալու է Օրիի մասին իրենց գրած առասպելներուն աղբիւրները:

Օրինակի համար՝ առնենք Րաֆֆին:

«Օրին իւր Պարսկաստանի ճանապարհորդութիւնը կատարեց Հայաստանի վրայով, անցաւ Շամախու, Ղարաբաղի, Նախիջեւանի կողմերով, որպէսզի աւելի մօտիկից տեսնէ հայոց պատրաստութիւնները, խրախուսէ նրանց եւ գրգռէ Պարսից դէմ յօգուտ Ռուսաստանի:

«Բայց չնայելով, որ նրա դեսպանախումբը ծածկուած էր Հռոմի Պապի դեսպանութեան անմեղ անունով, որ Արեւելքում որեւէ քաղաքական շահեր ունել չէր կարող, այսուամենայնիւ մինչեւ Օրիի Պարսից մայրաքաղաք հասնելը, Շամախու կառավարիչ Մուսաբէկեան՝ Հիւսէին խանը (Ագուլեցի, ազգով հայ, դաւանափոխ մահմետական) իմացում տուեց Շահին, որ այդ Օրին աշխատում է հայոց թագաւորութիւն հիմնել, պարսիկների իշխանութիւնը ոչնչացնել, եւայլն: Այդ տեղեկութիւնները ստանալուց յետոյ, Շահն այն աստիճան վրդովուեցաւ, որ մինչեւ անգամ չէր կամենում ընդունել Պապի պատրուակել դեսպանութիւնը: Բայց Օրին մի լաւ քաղաքագէտի (դիպլօմատ) յատուկ ճարպկութեամբ կարողացաւ փարատել Շահի տարակուսանքները եւ Սպահանում փառաւոր ընդունելութիւն գտաւ:

«Օրին մնաց Սպահանում մի քանի տարի: Այդ միջոցներում նրան յաջողուեցաւ կատարել կայսրի զանազան յանձնարարութիւնները, յաջողեցաւ հաւաքել նրա ցանկացած բոլոր տեղեկութիւնները եւ գաղտնի ուղարկել Ռուսաստան իւր ընկեր Մինաս վարդապետին, որ իւր կողմից ներկայացնում էր կայսրին:

«Իւր դեսպանութեան խորհուրդը յաջողութեամբ կատարելուց յետոյ, Օրին վերադարձաւ Ռուսաստան, տանելով իւր հետ 200,000 ռուբլու արժէք ունեցող ընծաներ Պարսից Շահի կողմից Պետրոս Մեծին:

«Կայսրը այնքա՜ն գոհ մնաց դեսպանի գործակատարութեան համար, որ խոստացաւ տալ նրան 40 հազար զինուոր իւր հայրենիքն ազատելու համար,  իակ նրա Պարսկաստանից բերած ընծաները հրամայեց գործ դնել պատերազմական ծախքերի վրայ: Բայց Օրին ազնիւ մարդու յատուկ մեծահոգութեամբ հրաժարուեցաւ կայսրի ընծաներից, յայտնելով թէ հայերը կարօտութիւն ունին նրա ողորմածութիւնը միայն, իսկ զօրքեր իրանք պատրաստ ունին եւ, որքան էլ հարկաւոր լինի, կարող են պատրաստել:

«Բայց Ղարաբաղի մելիքները շուտով զրկուեցան այդ եռանդոտ հայրենասէրից, որովհետեւ Օրին, կայսրի մի այլ յանձնարարութեամբ Հաշտարխանից անցնելու ժամանակ, այնտեղ հիւնդացաւ եւ Հայաստանի վերականգման բոլոր ցանկութիւնները իւր հետ գերեզման տարաւ (1711)»: («Խամսայի Մելիքութիւնները», Վիեննա, 1906, էջ 24-25)

Րաֆֆի այս ամբողջ գրածին մէջ միակ իրողութիւնը Օրիի՝ 1711 թ. Աստրախանի մէջ մեռնիլն է: Եւ, սակայն, Օրիի համար Րաֆֆի աղբիւր նկատուած է:

Օրիի այս դեսպանութեան մասին առասպելներ միայն հայ հեղինակները չեն որ կը պատմեն: Հետեւութեանց բուրգեր շինողներու շարքին է Մոռիս Միւռէ, եւ ուրիշ մեր շրջանի գրողներ, օրինակ՝ Անգլիացի պատմաբան Սայէս, որմէ սա վկայութիւնը բաւ կը սեպեմ.

«1708-ին Մեծն Պետրոս դեսպանութիւն մը ղրկեց Սպահանի արքունիքը, գլխաւորուած Իսրաէլ Օրի անուանուած Հայէ մը: Այս բախտախնդիրը իրեն ընկերացած ունէր 700 հետեւորդներ: Ատոնցմէ շատերը վաճառականներ էին, որոնք առիթէն օգտուեցան՝ մաքս տալէ խուսափելու համար: Դեսպանութեան խոշորութիւնը եւ ցարին նախայարձակ նկարագիրը մեծ ահազանգ մը եղաւ Սպահանի մէջ, եւ տարաձայնութիւն սփռուած էր, որ ան (ցարը) մտադիր է Վրաստանը եւ Հայաստանը գրաւել: Դեսպանութիւնը, սակայն, բոլոր պատիւներով ընդունուեցաւ, հակառակ իր կէս առեւտրական հանգամանքին»: (History of Persia. By P. M. Sykes, London, 1915, Vol. II, p. 303).

Հարկ կա՞յ հոս ճշդելու, թէ Օրին Մեծն Պետրոսէ ղրկուած դեսպանութիւն մը չէր, թէ այն ատեն Մեծն Պետրոս դեռ չէր արտայայտուած, Վրաստան եւ Հայաստան գրաւելու մասին, թէ Հայաստան խոշոր մասով մը թրքաց տիրապետութեան տակ, էր,- երկիր մը, զոր Մեծն Պետրոս երբեք չփորձեց ձեռք բերել, եւ թէ Օրիի դեսպանութիւնը 700 անդամ չունէր եւ հազիւ 50 հոգիէ կը բաղկանար: Սակայն, հատորներ պիտի չբաւեն, եթէ բոլոր Օրիի մասին գրողներուն այս կամ այն  չափազանցութիւնները, անհիմն տեսութիւնները, բացատրութիւնները, հետեւութիւնները եւ սխալները ստիպուինք մի առ մի հոս նկատի առնել եւ ճշդել: Գոհանանք հոս միայն Օրիի կեանքին քննական ժամանակագրութեամբ:

Երբ առիթ ունենամ քննապէս նկատի առնելու Օրիի յարաբերութիւնը Ռուսաց հետ, այն ատեն զատ գլուխ մը պիտի նուիրեմ Օրիի՝ Հայոց և Հայաստանի մասին ունեցած ծանօթութեան, անոր կարծիքին Պարսկաստանի մասին, իր ըրած խոստումներուն նշանակութեան եւ արժէքին: Բնական է, որ այս մասին մէջ պիտի ըլլայ Հայ եւ Ռուս օրիենտացիայի պատմական քննութիւնը եւ ներկայացուած արժէքը: Բնական է, որ այս մասով մենք որոշ կերպով պիտի տեսնենք Օրիի քաղաքական ըմբռնումը, պետական հասկացողութիւնը, դիւանագիտական պատրաստութիւնը:

Սակայն, աւարտելէ առաջ, հոս աւելորդ չեմ սեպեր ըսելու, թէ որեւէ չափանիշով կարելի չէ արդարացնել Օրին իր գործելակերպին եւ ընթացքին մէջ, զոր ցոյց կուտայ իր գործերուն փաստացի քննութիւնը: Պիտի ըսուի, թէ նպատակը կ’արդարացնէ միջոցները: Սակայն, ի՞նչ էր Օրիի նպատակը: Եթէ պիտի ըսուի, որ Օրիի նպատակը Հայութիւնը եւ Հայաստանը ազատելն էր բռնակալ լուծէ, ատիկա շատ անորոշ նպատակ մըն է, աւելի ճիշդ՝ խորագիր մըն է, որ ուսումնասիրութեան պէտք ունի: Կը հարցնեմ՝ ինչպէ՞ս Հայաստան կամ հայութիւն ազատ պիտի ըլլար՝ առանց պետական կազմի եւ պետական պատրաստութեան: Այդ օրերուն ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի կազմակերպէր պետական վարչութիւն, բանակ, տնտեսութիւն: Ասիկա անտարակոյս կեղծուած թուղթեր պատրաստելու, բերնին եկածը կամ թագաւորը խաբելու, ստելու, ինքզինքը իբր Պռօշեան եւ նոյնիսկ արքայազուն կլլեցնել տալու պէս միջոցներով չէր կարելի ընել: Գրեթէ չորս միլիոն հայութեան մը գոյութիւնը պահելու պատասխանատվութիւնը սուտերով եւ ցուցամոլութիւններով կարելի չէր գլուխ բերել:

Կ’ընդունիմ, որ տեղ մը մէկը պէտք է սկսէր հայ ազատագրութեան գործը: Անտարակոյս, կարելի չէր ամէն շրջահայութիւն նկատի առնել եւ յանդգնութիւն պէտք էր այդ գործին համար: Սակայն, յանդգնութիւն եւ նոյնիսկ շատ շրջահայեցութիւն չունենալ՝ չի նշանակեր Օրիի պէս անպատասխանատու եւ գրեթէ վտանգաւոր կերպով յիմար ըլլալ: Տարակոյս չկայ, որ հայ ազատագրութեան ռահվիրայ մը ըլլալու ոչ մէկ կարողութիւն կը ներկայացնէր Օրին:

Մենք պիտի տեսնենք, որ Օրին ինքնակամ  գործել ուզեց, որուն տալ ուզեց արդէն գոյութիւն ունեցող կազմակերպութիւն, որպիսին էր հայ եկեղեցին, որ թէեւ անյաջող, բայց գէթ կազմակերպեալ կերպով ջանացած էր հայ ազատագրութեան հարցը հետապնդել: Օրին ոչ համարումը եւ ոչ ալ գործակցութիւնը հետապնդեց կամ շահեցաւ արդէն կարկառուն հայ ազատատենչ ներկայացուցիչներուն: Եւ եթէ կաթողիկոս մը (Եսայի Աղուանից) Օրիի հետ կը գտնենք վերջին պահուն, ատիկա զուրկ է նշանակութենէ, նախ՝ որովհետեւ Եսայի ոչինչ կը ներկայացնէր, ոչ ալ որոշ հայ համայնք մը, եւ հազիւ սովորական վանահօր մը դիրքն ունէր:

Ինչո՞ւ Օրին յարաբերութեան մէջ չէր Երեմիա Չէլէպիի եւ նման ուրիշներու հետ: Ինչո՞ւ կապ չունէր եկեղեցական հաստատութեանց հետ եւ իրեն նման Մինաս վարդապետի մը գործակցութեամբ կը խորհէր որոշ դիրք, առաջնորդութիւն, կազմակերպութիւն ունեցող հայութեան մը տիրանալ:

Ո՛չ Օրին Աբգար դպիր մըն էր, ո՛չ ալ Մինաս վարդապետը՝ Ստեփանոս Սալմաստեցի մը: Օրին Ապետիկ մը չէր եւ աչ ալ Մինաս վարդապետ՝ Մխիթար Սեբաստացի մը: Ինչ որ ըրին Աբգար դպիր, Ապետիկ, Ստեփանոս Սալմաստեցի եւ Մխիթար Սեբաստացի, իբր անհատ դարձեալ կապ պահեցին իրենց գործին արժէքին, իրենց բարոյական պատասխանատութեան միջեւ,- բան մը, որ Օրին եւ Մինաս վարդապետ բոլորովին անտես առին, իբր թէ բոլոր հայերը ու ամբողջ հայութիւնը իրենց ստորադասեալ ողորմելիներու ջոլիր մը ըլլար, զուրկ ազգային կազմակերպութենէ, զուրկ հայրենասիրութենէ եւ ազգասիրութենէ: Անոնք, որ անցեալին եւ հիմա ալ ամէն գնով կ’ուզեն պաշտպանել Օրին իբր ազգային գործիչ մը, երազատես, խակ եւ նոյնիսկ քիչ մը անմարսելի, պէտք է նկատի առնեն, որ մենք արդէն երկար ժամանակ առաջ եւ Օրիի օրով ու անկէ վերջ ալ ունէինք բառին բուն նշանակութեամբ ազգային գործիչներ, որոնք գործունէութեան զանազան կերպեր ընդգրկելով հանդերձ՝ երբեք ո՛չ ազգը եւ ո՛չ ալ իր անհատները ստորադասեցին իրենց անձին ու գործունէութեան:

Ունէինք մենք ամէն տեսակ ազգային գործիչներ: Սալմաստեցի մը, որ եկեղեցին լծակ ըրաւ իր ազգային ազատագրական ըմբռնումին: Աբգար դպիր մը, որ օտար դուռներ բախեց: Մխիթար Սեբաստացի մը, որ հայ լուսաւորութեան, զարգացման, որով ե՛ւ ազատագրութեան համար մշակոյթի կանթեղը վառեց: Դաւիթ Բէկ մը, որ զէնքին փարեցաւ: Շամիրեան մը, որ դրամին ամենակարողութեամբ ջանաց ազատագրել իր ազգը: Եւ դեռ ուրիշներ, որոնք, սակայն, միշտ կապ պահեցին իրենց ազգին հետ, անոր համար գործեցին անաղարտ նուիրումով եւ աշխատանքով:

Օրին ինքնուրոյն, կղզիացեալ եւ անընդունելի է գործիչ մըն է, եթէ երբեք կարելի է զինք գործիչ նկատել: Անհիմն է իր գործունէութեան նպատակը, այպանելի՝ միջոցները: Բանդագուշակութիւններով կարելի չէ ոչ ազգային գործունեութիւն ունենալ եւ ոչ ալ ազգային նպատակ յաջողացնել: Օրին բանդագուշակութիւններ ըրաւ եւ գործեց որոշ կերպով իրեն համար՝ ցանկալով աւելի իրեն ազնուականի մը երեւոյթը տալ քան թէ հայ գործիչ մը ըլլալ: Դեսպանութեանց ձեռնարկեց, որոնցմէ ոչ մէկ կերպով կրնար օգտուիլ իր նպատակին համար: Ծիծաղելի է ըսել, թէ Օրին Պարսկաստան գնաց լրտեսելու համար կամ հայերը գրգռելու համար: Օրիի Պարսկաստան երթը լոկ անձնական ցուցամոլութիւն մըն էր, ինքնահաւան ընթացք մը, մեծամոլութեան նմոյշ մը, իր նպատակին համար անարժէք եւ նոյնիսկ վտանգաւոր:

Որեւէ ատեն Էջմիածինը կամ Հայ Եկեղեցին կրնար հայթայթել հարկ եղած ամէն տեղեկութիւն, եթէ իրապէս Ռուսիան այն ատեն մտադիր էր Հայութիւնը ազատագրելու: Նոյնը կրնային ընել նաեւ հայ վաճառականները, որոնց ծանօթութիւնը Պարսկաստանի զինուորական, տնտեսական եւ այլն վիճակին գերազանց էր Օրիի ողբալի ծանօթութիւններէն: Երբ առիթը ներկայացաւ, Հայ Եկեղեցին իսկապէս ալ իրմէ ակնկալուածը ըրաւ, օրինակ՝ Ներսես Աշտարակեցիի օրով:

Ոչ մէկ արդարացում կայ Օրիի կեղծուպատիր դեսպանութեան համար, բացի անոր ցուցամոլութենէն, որմէ բնական է, թէ ոչ մէկ օգուտ կրնար գալ հայութեան կամ անոր ազատագրութեան համար: Աւելին. եթե Աղուաններու ապստամբութիւնը չգար, որ վերջ դրաւ Սավաֆեան տան ու անոր վերջին ներկայացուցիչ Շահ Հիւսէինին, կասկածի ենթարկուած ամբողջ հայութիւնը Պարսկաստանի մէջ հաւանաբար ենթարկուէր սեղմումներու եւ այդպէս պատժուէր Օրիի անմտութեան երեսէն: Միր Վէյիս եւ իր Աղուանական շարժումը օգտուեցան Օրիի շռնդալից ելոյթէն: Եւ, ո՜վ գիտէ, մի գուցէ եթէ Օրիի այս այպանելի դեսպանութիւնը Պարսկաստան չգար, Միր Վէյիս առիթ չէր ունենար Շահին հսկողութենէն ազատելու եւ Աղուանական ապստամբութիւնը չէր կատարուեր ու Սպահանի հայութիւնը չէր վտանգուեր ու վնասուեր անդարմանելիօրէն:

Բնական է, որ դէպքերուն այս ընթացքը այն ատեն կարելի չէր գուշակել, սակայն այսօր կրնանք գէթ հետեւանքը տեսնել:

Յարութիւն Քիւրտեան

ՀԱՅՐԵՆԻՔ ամսագիր, Ապրիլ, 1956