Իսրայէլ Օրին Մոսկուայի Մէջ

1971

Ծանոթ. – Հայկական ուսումնասիրությունների ԱՆԻ կենտրոնը շարունակում է հրապարակումների շարքը՝ նվիրված Իսրայել Օրուն և նրա գործունեությանը: Շարքի հեղինակը սփյուռքահայ պատմաբան Յարութիւն Քիւրտեանն է: Բոլոր հրապարակումները արտատպություններ են ՀԱՅՐԵՆԻՔ ամսագրից՝ 1955-1956թթ. համարներից: Այն, ինչ գրում և փորձում է ապացուցել Քիւրտեանը, շատերի համար գուցե նորություն լինի: Պատմաբանների մի մասը այս գրությունները կդիմավորեն սվիններով: Այս շարքի հրապարակումներից հետո մենք կներկայացնենք նաև խորհրդահայ պատմաբանների և հետազոտողների պատասխանները, որպեսզի պատկերն ամբողջական լինի: 

 

1704 Փետրուար 2-ին Օրին կը դիմէ Մեծն Պետրոսի գանձապահ Գոլովինին՝ քանի մը խնդրանքներով, որոնք առնչութիւն ունէին իր Վիեննա եւ Դիւսէլտորֆ մեկնումին հետ: Հոս կուտամ ռուսերէն այդ թուղթին թարգմանութիւնը Աշոտ Աբրահամեանի հրատարակութենէն Էջմիածին, 1950, Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր:

«Շնորհակալ եմ Նորին Կայսերական Գերափայլ Մեծութիւն Ամենաողորմած թագաւորից եւ Ձերդ Գերազանցութիւնից, որ բարեհաճել էք ինձ շնորհել այն, ինչ ես խնդրել էի, որի համար ես, իմ մարդկանց հետ, յաւիտեանս շնորհապարտ պիտի գտնուիմ:

«Նորին Կայսերական Գերափայլ Մեծութեան եւ Ձերդ Գերազանցութեան շնորհիւ, կարգադրուել է նշանակել ռոճիկ պարէնի համար՝ որքան ժամանակ ես գտնվում էի Մոսկվայում: Բայց իմ գնալուցս յետոյ հարկաւոր է թողնել այստեղ Մինաս վարդապետին, որպէսզի եթէ մեր երկրից մարդիկ գան այն գործով, որի համար մենք եկել ենք, զեկուցանէ Ձերդ Գերազանցութեանը, ինչպէս եւ ինձ իրազեկ դարձնի: Այժմ ես նրան օգնելու ուրիշ միջոց չունեմ, քան Նորին Կայսերական Մեծութեան Գերափայլ թագաւորի ռոճիկը: Ուստի եւ խնդրում եմ Ձերդ Գերազանցութիւնից, որպէսզի այն օրապահիկը, որը սահմանուել է օրական 5 ալտին (ոսկի), թոյլատրուի տալ յիշեալ վարդապետին, որպէս օրապահիկ՝ իբր յաւելումն նրա նախկին օրապահիկի: Այդ նոյն վարդապետի մօտ ես թողնում եմ նաեւ իմ թարգմանիս, երկու մարդկանց եւ խոհարարիս ու ձիս, եւ (խնդրում եմ), որպէսզի թողնուած մարդկանց եւ ձիուս տրուի Ամենաողորմած թագաւորի օրապահիկը, որը տրւում էր նրանց իմ այստեղ եղած ժամանակ:

«Դարձյալ խնդրում եմ Կայսերական Գերափայլ Մեծութիւն Ամենաողորմած թագաւորից եւ Ձերդ Գերազանցութիւնից, որպէսզի թոյլատրուի (տանել) հետեւեալ իրերը, որովհետեւ Գերափայլ Էլեկտորը սիրում է այնպիսի իրեր, որոնք հազուագիւտ են, ինչպիսին սիբիրական փափուկ մուշտակեղէնն է հանդիսանում: Խնդրում եմ Մեծ Թագաւորից եւ Ձերդ Ողորմածութիւնից, որ թոյլ տրուի, թէկուզ ե՛ւ քիչ քանակով, տանել հետեւեալը՝ սամոյրների, սպիտակ արջերի, սպիտակ եւ սեւ աղուէսների, կզաքիսների, յովազների, սկիւռների եւ ջրաշների մուշտակներ, որոնցով Կուրֆիւրստը սիրում է ծածկել իր ձիաններին, թէկուզ փոքր քանակութեամբ: Կուրֆիւրստը ազնիւ մարդ է, եւ դրա համար Ձերդ Գերազանցութեանը վարձահատոյց կը լինի, որի համար ես պարտաւոր եմ փութեռտանդ հոգ տանել:

Եթէ Ձերդ Գերազանցութիւնը կամենում է Ֆրանսերէն լեզուն ուսանելու համար երկու երեք գրագիրներ ուղարկել ինձ հետ, ես ուրախ կը լինեմ նրանց վերցնել հետս եւ տալ սովորելու այն դպրոցը, ուր իմ երեխաներս են սովորում, եւ վերադարձիս հետս բերել իմ ծախսով: Ես ուրախ կը լինեմ, որ գործը գլուխ բերելուց յետոյ, շուտ յետ վերադառնամ Մեծ Թագաւորի ծառայութեանը:

Խնդրում եմ, որ Ձերդ Գերազանցութիւնը հաճի հաւատալ, որ այն գործը, որին ես պիտի ձեռնարկեմ, հոգով ուրախ եմ կատարելու, ինչ որ ցոյց կը տայ ինքը՝ ժամանակը:

Ձերդ Գերազանցութեան ստորնագոյն ստրուկ՝ Իսրայէլ Օրի»:

Հետաքրքրական է նամակը քանի մը կէտերով: Ատոնցմէ գլխաւորագոյնն է Օրիի ամուսնացած եւ զաւակներու տէր ըլլալը: Ըստ երեւոյթին, մանչ զաւակներ, որոնք Եւրոպայի մէջ անծանօթ տեղը մը կ’ուսանին: Այս վայրը Ռուսաստանէն դուրս է: Նամակը այդ մասին տարակոյս չի թողուր: Օրիի երեխաներուն գտնուած դպրոցը, կ’երեւայ թէ, Օրիի այցելելիք վայրերուն մէկուն մէջ է: Ինչպէս որ պիտի տեսնենք, ան կ’երթայ Վիեննա, Լվով, յետոյ Դիւսելտորֆ եւ, վերջապէս, Հռովմ: Պէտք է խորհիլ, որ Օրիի զաւակները կը գտնուէին Վիեննայի, Լվովի կամ Դիւսէլտորֆի դպրոցի մը մէջ:

Այլուստ ոչ մէկ տեղեկութիւն ունինք Օրիի զաւակներ ունեցած ըլլալուն կամ նոյնիսկ ամուսնացած ըլլալուն մասին: Ե՞րբ եւ ուր կամ որո՞ւ հետ էր ամուսնացած, ցարդ ոչ մէկ ծանօթութիւն հասած է: Միայն 1704-ի այս նամակին շնորհիւ է, որ գիտենք թէ Օրի զաւակներու տէր էր եւ, բնականաբար, ամուսնացած:

Այս թուղթէն կ’երեւայ նաեւ, որ Օրին ուղղակի ՊՖալցի իշխանին այցելելու մտադիր էր եւ առ այդ կը ցանկար իր հետը տանիլ նաեւ զանազան թանկարժեք մորթեր:

Օրին բան մը չ’ըսեր, թէ ինչո՞ւ համար ՊՖալցի իշխանին մօտ կ’երթայ: Հայ ազատագրութեան իր ձեռնարկը Մինաս վարդապետի աջակցութեամբ, նաեւ իր թարգմանով (թուղթին մէջ անանուն), որ հաւանաբար Աւետիքն է, իբր կազմակերպութիւն Մոսկուա կը մնայ: Օրին միայն կ’ըսէ թէ՝ «այն գործը, որին ես պիտի ձեռնարկեմ, հոգով ուրախ եմ կատարելու, ինչ որ ցոյց կը տայ ինքը՝ ժամանակը»: Ասիկա արդեօք իր արդէն ծանօթ ազատագրական գործէն զատ մը չէ՞: Կրնայ ըլլալ, որ Օրին իրեն մօտ պահած էր Պապէն ստացած յանձնարարական մը՝ Պարսկաստան երթալու համար:

Զարմանալի է, որ Օրի իր այս ճամփորդութեան ընթացքին չի թղթակցիր իր գործակից Մինաս վարդապետին հետ, որ, ինչպէս տեսանք, Մոսկուա կը մնայ:

Օրի Մոսկուայէն կը մեկնի մօտաւորապէս Փետրուար 10, 1704-ին: Սակայն մինչեւ նոյն տարուն Նոյեմբեր 3-ը երկու նամակ կը գրէ Մինաս վարդապետին: Այս նամակներէն մին Լվովէն (Լէմպէրկ) ուր խոշոր հին հայ գաղութ մը կար, իսկ միւսը՝ Վիեննայէն:

Մինաս վարդապետ, 1704 Նոյեմբեր 3-ին նամակ մը գրելով, կը գանգատի Օրիին վերջնոյն ժուժկալ թղթակցութեան համար: Այդ նամակէն կ’իմանանք, որ Օրի վտանգի հանդիպեր է Վիեննա հասնելէն առաջ: Այդ մասին Մինաս վարդապետ կը գրէ.-

«Ինչ նեղութիւն որ հանդիպեր է ձեզ, իմացայ: Աստուծոյ հազար անգամ գոհութիւն, որ այս խառնակ ժամանակին սալամաթ հասեր ես ի Վիեն»:

Մինաս վարդապետ, սակայն, այս նամակին մէջ կը գրէ քանի մը տողեր, որոնք լաւ չեն խօսիր իրենց յարաբերութեան մասին: Այսպէս ան կը գրէ. «Մահանա (պատճառ) չանես, թէ չեմ կարիլ գրել: Քօ մտօք կ’ասես, թէ կարող եմ ամէն բան մին պատճառիւ խաբել, եւ թէ զիս խաբես, Աստուած ո՛չ կարես խաբել, ամենայն ինչ ի ձեռինս Նորա է… Պարտ է, որ ամենայն ինչ ճարտար ինձմէ իմանաս. ես կուգամ մունէթով նոցանէ իմանամ: Աստուած էդպէս ընկերութիւն չի վերցնիլ»:

Այս խիստ խօսքերուն պատճառը այն է, որ Օրին ուրիշներուն նամակ գրեր է եւ տեղեկութիւն տուեր՝ փոխանակ Մինաս վարդապետին ուղղակի գրելու: Որով՝ վարդապետը ստիպուեր է կողմնակի անձերէ տեղեկութիւն ստանալ Օրիի մասին, փոխանակ նոյնիսկ Օրիէն ստանալու: Ամէն պարագայի տակ Մինաս վարդապետին խոսքերը խիստ քննադատելի կը ներկայացնեն Օրին իբր ճշմարտախօս:

Դարձեալ, կ’երեւայ թէ, լաւ ճանչնալով Օրին՝ վարդապետը անոր կը յիշեցնէ նոյն նամակին մէջ. «Կու խնդրեմք ի քեզնէ, որ ինչ ասացեր ես այս տեղս վեզիրին, ջանք դնես, որ սուտ չելնուս, ամենայն ինչ հրաման մեզ պիտանի, ի ձեռինս նորա է (վեզիրին, այսինքն՝ Գոլովինի): Աստուծով, ինչպէս որ կամի, կարող է առնել, եփ որ կամի, շուտով կու բանայ զմեր դուռն, այլ ամենեքեան՝ ոչի՛նչ, ուտելուց բարեկամք են»:

Մինաս վարդապետի հաւաստման համաձայն, Գոլովինն է հայկական ազատագրութեան այս ձեռնարկին տէրն ու տիրակալը եւ, առանց անոր, գործը չէ կարելի գլուխ հանել:

Գալով միւս պաշտօնատարներուն՝ Մինաս վարդապետ զանոնք պարզապէս լաւ օրերու սեղանակից ոչնչութիւններ կը նկատէ: Կ’երեւայ նաեւ, որ Օրին խոստումներ ըրած է Գոլովինի, որոնց ինչ հանգամանք ունենալը ինծի անծանօթ կը մնայ: Ոչ ալ յայտնի է, թէ Օրին իր վերադարձին կրցա՞ծ է իր խոստումները կատարել:

Մինաս վարդապետի այս նամակին մէջ շահեկան է նաեւ ուրիշ կէտ մը, այն է՝ որ իր եւ Օրիի միջեւ ԻՐԵՆՑ ԻՍԿ ՀԱՅԵՐԷՆ ՁԵՌԱԳՐՈՎ ԳԱՂՏՆԱԳԻՐ  յաարբերութիւն կար: Մինաս վարդապետ կը գրէ. «Այն, որ առանձին բան մըն է, դու միտ ածելով, իմ գրին օրինակովն (ստորագծեալ մասը իմս է՝ Յ. Ք.), քո ձեռովն ինձ գրէ, որ ես իմանամ, թէ ի՞նչ պէտք է մեր բանին»:

Արդեօք ասիկա բոլորովին երկու արբանյակներուն միջեւ գաղտնի գործունեութէան մասի՞ն է: Այսինքն՝ օրինակ՝ Անգեղակոթի թուղթերուն պէս ուրիշ թուղթեր կեղծելու, յարմարացնելու:

Անտարակոյս, ազատագրութեան համար չէր, որ Մինաս վարդապետ գաղտնի տեղեկութիւն կ’ուզէր: Ատոր հարկ չկար, որովհետեւ ոչ ոք կրնար վտանգուիլ: Շահը լրտեսներ չունէր մինչեւ Մոսկուաները: Դարձեալ, ոչ ոք կրնար վտանգուիլ երկրին մէջ, քանի որ խիստ տարակուսելի է Օրիի համախոհներ ունենլը Պարսկաստանի մէջ: Այս մասին, սակայն, երբ խօսքին Օրիի Ռուսիոյ գործունէութեան մասին: Վերջապէս, Օրին պահելիք բան մը չէր կրնար ունենալ իսկապէս, բացի իրեն գաղտնագործ երեւոյթը տալէ, քանի որ ինքն իսկ ի ձայն փողոյ եւ թմբկի Պարսկաստանի մէջ իսկ կ’աղմկէր իր գործին մասին, ինչպէս որ պիտի տեսնենք:

Գիտենք, որ Թարղուլ հայ վաճառականն է, որ նիւթապէս օգնած է Օրիի: Սակայն, Թարղուլ երբեմն զգացած է իր սխալը եւ ջանացած է իր տրամադրած գումարները ետ ստանալ: Նոյնիսկ գժտութիւն եղած է: Ասոնց մասին, սակայն, ստիպուած եմ խօսիլ ռուսական յարաբերութեանց կարգին, քանի որ ատոնց հետ ամբողջութիւն մը կը կազմէ այդ նիւթը:

Օրին, շնորհիւ ՊՖալցի իշխանի խոստովանահայր Փօթթիէի, յանձնարարական մը կը ստանայ, որուն միջոցաւ ան դարձեալ Հռովմ կը դիմէ: Փոթթիէ, արդարեւ, կարեւոր տեղ մը կը գրաւէ Օրիի Պապէն յանձնարարական մը ստանալու գործին մէջ:

Օրին ստիպուած էր վերստին ներկայանալ Հռոմի Պապին: Անգեղակոթի կարծեցեալ ժողովին թուղթը ան ներկայացուցած էր, ինչպէս Րոշքան ալ կը վկայէ, Իննովկէնտեանոս Կղէմէս ԺԱ. Պապին, որ մեռած էր Օրիի անոր ներկայացած տարին իսկ, այսինքն՝ 1700-ին: Այս անգամ նոր Պապի մը հետ գործ ունէր Օրի:

Օրին Կղէմէս ԺԱ. Պապին կը ներկայանայ եւ կը հաւաստէ, որ ինք Պարսկաստան երթալու վրայ է, ուր ինք պիտի կարենայ համոզել որ Լուսաւորչական հայերը Պապականութիւն ընդունին: Պապը մանաւանդ կը յուսայ, որ Օրին պիտի բարեխօսէ արդէն պապական դաւանանքը ունեցող պարսկահայերու վիճակին բարելավման համար: Օրին դարձեալ կը յաջողի ինքզինքը իբր կարեւոր եւ ազդեցիկ անձնաւորութիւն մը ընդունել տալ պապական իշխանութեան, որ, ո՜վ գիտէ, ինչո՞ւ համար շատ չի քրքրեր Օրիի անցեալը գոնէ իր դիւաններուն մէջ: Հաւանաբար Փօթթիէի միջնորդութիւնը բաւ կը համարէ:

Կղէմէս ԺԱ. Պապէն Օրին կը ստանայ սա ՅԱՆՁՆԱՐԱՐԱԿԱՆԸ , Պարսից Շահին ուղղեալ, զոր առաջին անգամ հայերէնի թարգմանելով՝ ես հրատարակեցի Չօպանեանի «ԱՆԱՀԻՏ» 1947 Յուլիս-Դեկտեմբեր թիւին մէջ «Կղէմէս ԺԱ. Պապը եւ Իսրաէլ Օրի» խորագրով: Այս յանձնարարականը իր պատմական կարեւորութեան համար հոս կը բերեմ դարձեալ.-

«Կղէմէս ԺԱ. Պապէն առ գերապանծ եւ հզօր թագաւորն Պարսից: Գերապանծ եւ ամենազօր թագաւոր, ողջոյն եւ սուրբ շնորհաց լոյս… Քանի որ մեր սիրելի որդին՝ Իսրաէլ Օրի մասնաւորաբար արժանի է Մեր Պապական բարձր ուշադրութեան իր բացառիկ անկեղծութեան եւ պատուաւոր նկարագրով, որոնցմով պարգեւեալ է, ինչպէս նաեւ իր հաւատարմութեամբ եւ խոհեմութեամբ, մենք կը ցանկանաք զինքը զօրացնել, մինչ ինք այդ կողմ կ’ուղեւորի, մեր այս նպաստաւոր կարծիքով եւ վկայագրով, որով մենք կը յայտարարենք Ձեզի թէ շնորհապարտ պիտի ընէք մեզ, եթէ Դուք մեր յանձնարարութեան վրայ զինքը կամաւորապէս ընդունիք, զինքը քաղցրութեամբ լսէք եւ իրեն օժանդակէք այն խնդիրներուն մէջ, զոր՝ համաձայն արդարութեան եւ բանականութեան՝ ան Ձեզի պիտի ներկայացնէ:

Սակայն, այսպիսի առիթով մենք չենք կրնար ցոյց չտալ Ձեզի անկեղծօրէն, որ մեզի եւ ուրիշ քրիստոնեայ իշխաններու համար շատ լուրջ եւ նեղացուցիչ է, որ այն անձերէն ոմանք, որոնք Ձեր անուամբ կը կառավարեն այդ ընդարձակ երկրին գաւառները, վատ կերպով կը վերաբերին քրիստոնեայ բնիկներու եւ բնակիչներու հետ, որոնցմէ մեծ մաս մը, քանի որ զգացին ու տեսան ինքզինքնին անդադրում կերպով ենթակայ դաւադրութեանց եւ սուտ ամբաստանութեանց, նախընտրեցին ազատութիւն եւ խաղաղութիւն՝ ստացուածքներու եւ կալուածներու տեղ, եւ Ձեր երկրէն գաղթելով ջանացին ուրիշ իշխաններու մօտ ապաստան գտնել: Իրերու այս վիճակը, Ձեր օրէնքներուն եւ շահերուն ծայրայեղ կերպով վնասակար ըլլալէ զատ, որեւէ կերպով Ձեր համբաւին յանձնարարութեան չի նպաստեր, եւ ոչ նուազ չափով Ձեզմէ կ’օտարացնէ, ինչպէս որ մենք ըսած ենք, սրտերը իշխաններու եւ թագաւորներու, որոնց եւ Ձեր միջեւ բարեկամութիւն գոյութիւն ունի: Որովհետեւ անոնք գէշ կ’ազդուին, որ նոյն այն կրօնքը, զոր իրենք կը հաւատան իբր մասնաւորապէս Աստուծոյ հաճելի եւ մարդոց օգտակար, հոդ նկատուի արհամարելի եւ ատելի:

Արդ, թէեւ մենք, Ձեր մասին արդարութեամբ դատելով, համոզուած ենք, որ բոլոր (հալածանքը) ոչ միայն չէ կատարուած Ձեր հրամանով, այլ բոլորովին առանց Ձեր գիտութեան, կամ գոնէ, առնուազն, երբ Դուք նախապաշարուած էիք քրիստոնէից դէմ եղած սուտ ամբաստանութիւններով, քանի որ ինչո՞ւ համար Դուք, որ կը ցանկաք համբաւ ունենալ արդար եւ բարի ինքնակալի մը, անմեղները պատիժի պիտի ենթարկէք: Որպէսզի կարենաք Ձեր արդարասիրութեան համբաւը պահել, կենսական է, որ Դուք բացէ ի բաց արգիլէք Ձեր ստորադասեալներուն անզուսպ գործունեութիւնը: Որպէսզի ամէնուն յայտնի ըլլայ թէ բոլոր անոնք, որ պատրաստ են հպատակելու արդար օրէնքներու (եւ քրիստոնյաներու ապրելու կերպը հաստատ կերպով այդպէս է), կրնան Ձեր պետութեան մէջ ապահով բնակիլ: Նոյն ատեն յուսալով, որ հարկ եղած աջակցութիւնը պիտի տրուի Ձեր կողմէն ամէն խորհուրդի համար, որ կը բխի բարեսրտութենէ եւ անկեղծ զգացումէ Պապին, մենք կրկին եւ կրկին կը յանձնարարենք Ձեզի նոյն Իսրաէլ (Օրին), որ պիտի բացատրէ Ձեզի աւելի մանրամասնութեամբ մեր նպատակը, նաեւ խնդրելով Ձեր Բարձրութեան համար ամենակարող Աստուածմէն իրական փրկութիւն, որ առանց Անոր գոյութիւն չունի:

«Տրուած ի Սբ. Մարի Մաժօր, Հռովմ, 15 Յուլիս 1705»:

Հոս շատ պարզ է, որ Օրին ինքզինքը կը ներկայացնէ Պապին իբր Պարսկաստան մեկնելու վրայ եղող մարդ մը եւ այդ առթիւ Պապէն կը ստանայ յանձնարարական մը, Շահին ուղղեալ: Օրին յաջողեր է համոզել Պապը, թէ ինք պիտի կարենայ Պարսկաստանի պապական հայութեան ծանր կացութիւնը մեղմել՝ անձամբ Շահին հետ տեսնուելով եւ անոր բացատրելով կացութիւնը:

Հոս Պապէն ղրկուած դեսպանութեան ոչ մէկ խօսք կամ դոյզն ակնարկութիւն կայ: Սակայն, Օրմանեան եւ Յովսէփեան Սրբազանները, Լէօ եւ ուրիշներ, չեմ գիտեր ի՞նչ ապացոյցով, նման դեսպանութեան մը մասին կը խօսին:

Պէտք չէ խորհիլ, որ Օրին իր բախտախնդութիւնը այնքա՜ն նուազեցուցած էր, որ կը գոհանար պապական յանձնարարականով մը, Շահին ուղղեալ: Անմիջապէս պիտի տեսնենք, որ Օրին նպատակ ունէր այդ լատիներէն բնագրով յանձնարարականը ծայրագոյն կերպով իր այպանելի մտադրութեան համար գործածել:

Պապական 15 Յուլիս 1705 թուակիր այս յանձնարարականով Օրի կը վերադառնայ Մոսկուա 1706-ին, երբ այդ տարուան Հոկտեմբերին կը դիմէ Մեծն Պետրոսին՝ անկէ խնդրելով դեսպանական պաշտօն մը՝ ռուսական շահերը հետապնդելու համար Պարսկաստանի մէջ: Ինչպէս ըսինք, այս մասին պիտի խօսինք Օրիի ռուսական գործունէութեան մասին մէջ: Մեծն Պետրոս, կ’երեւայ թէ, վերահասու իրողութեան, կը բաւականանայ Օրին Շահին յանձնարարելու, իբր Պապէն յանձնարարեալ մը…

Մեզի հասած է նաեւ Մեծն Պետրոսին յանձնարարականը, Իսրայէլ Օրիի տրուած առ Պարսից Շահ Հիւսէին: Այս թուղթը Աշոտ Յովհաննէսեան գտած է Մոսկուայի դիւաններուն մէջ ուրիշ վեց պարսկերէն թուղթերու հետ, գրուած թուրքերէն:

Փրոֆ. Հ. Աճառեան թուղթերու այս հաւաքածոն հրատարակած է «Վաւերագիր հայ-պարսկական յարաբերութեանց մասին», Երեւան, 1927-ին, ուր հրատարակուած է նաեւ անոնց թարգմանութիւնը, բնագիրներուն հետ: Այս հրատարակութիւնը եղած է միայն 40 ապակետիպ օրինակով եւ հազուագիւտ է: 1951 «Պայքար»ի Նոր Տարուայ Բացառիկին մէջ ան վերստին հրատարակուած է: Այդ Բացառիկէն առնելով՝ ատիկա հոս կը վերահարատարակեմ.-

«Գովեալն ու բարձեալն Աստծոյ օգնութեամբ եւ ողորմութեամբ, մենք, վեհափառ, հզօր եւ մեծափառ թագաւոր եւ մեծ իշխան Պետրոս Ալէքսիէվիչ, ամբողջ Մեծ եւ Փոքր եւ Սպիտակ Ռուսիոյ ապաւէնը, Մոսկուայի, Կիեւի, Վլատիմիրի, Նովգորոտի եւ Կազանի թագաւոր, եւ Աստրախանի արքայ, եւ Սիբերիոյ Խաքան եւ Վիատկայի թագաւոր եւ Սմոլենսկի մեծ իշխան, եւ Տվերի, Եօղուրի, Պերմի, Վիատի եւ Բուլղարիոյ (այսինք՝ Հին եւ ոչ թէ Պալքանեան՝ Յ. Ք.) եւ այլոց եւ Նովգորադի թագաւոր եւ մեծ իշխան, եւ ցածը կողմի Չերնիկովի եւ Ռեազանի եւ Ռոստովի եւ Եարոսլաւի եւ Բիլավերզի եւ Օդուրի եր Օրդուրի եւ Կոնդինի եւ ամբողջ հիւսիսային կողմի թագաւոր, եւ ուրիշ շատ երկիրների եւ հողերի, արեւելքի, հիւսիս եւ արեւմուտքի ի նախնեաց անտի թագաւոր եւ արեւմուտքի ի նախնեաց կողմանց նուիրական եւ բարձր երկրակալ, բարձր, առաւել հաստատուն է, մշտատեւ երրկարատեւ լինի, եւ վաղեմի պարսիկ խաքանների ընդարձակութեան եւ ծաւալման (…անընթեռնելի՝ բնագրին մէջ՝ Աճառեանէ) եւ ինքնակալը, եւ միւսլիման սուլթանների մէջ երեւելին եւ մեծանուն, եւ շատ միւսլիման ազգերի հրամայող, եւ Պարսկաստանի եւ Շիրւանի շրջակայից մեծափառ եւ բարի մեր հարեւան Հիւսէին Շահի Մեծութեան իսկական բարեւներ մատուցանելով, Մեզ, վեհափառ թագաւորին Մեծութեան պաղատանօք յայտարարելու պատճառաւ, նախապէս մեր ծառայութեան մէջ գտնուող գնդապետ Իսրաել Օրի անուն (անձը) Կըզըլ Ալմայի (Հռովմի) Պապից Ձերդ վեհափառութեան Մեր եղբայր Շահի մեծութեան ուղարկուած մի քանի հարցերին մասին, յատկապէս քրիստոնեայ հպատակներից Ձեր երկրում բնակողները, որպէսզի նրանց վրայ գութ ունենաք, եւ յիշեալ անձը Մեզ, Վեհափառ թագաւորի Մեծութեան, անարգանօք (այսպէս) եւ նուաստութեամբ խնդրելու եւ աղերսելու պատճառով, որպէսզի Մենք, Վեհափառ թագաւորի Մեծութիւնս յատուկ մի նամակ օգնելու շնորհել եւ Շահի Մեծութեան ուղարկել (այսպէս), եւ անկեղծ սիրելի եւ հարեւան լինելու պատճառաւ, հրամայեցի, որ այս նամակը տրուի, եւ իր աղաչանքը ըստ հարկին կատարել ընդունելի եղաւ մեզ մօտ: Ձեր Վեհափառութիւնից փափաքս ու ցանկութիւնս այն է որ՝ ինչպէս պէտք է, մեր նախնեաց եւ մեր միջեւ եղած ամրապինդ բարեկամութեան հիման վրայ, մեր եղբայր Շահի Մեծութիւնից խնդրւում է, որ յիշեալ գնդապետ Իսրաէլ Օրի անուն (անձը) մեր այս նամակով ըստ արժանաւոյն յարգուի եւ Վեհափառ Գահի առաջ պատասխանը ընդունիլ հրամայուի եւ մօտը գտնուած նամակը բարեկամաբար հասկացուի, եւ յիշեալ Իսրաէլի Օրու վրայ օգնութիւն եւ ողորմութիւն չխնայուի: Մեզ, Վեհափառ թագաւորի Մեծութեան համար յայտնելու եւ յիշեալի վրայ իր գերդաստանի համաձայն շնորհ անելու մասին, Մենք Մեծափառ թագաւորի Մեծութիւնս, մեր Եղբայր Շահի Մեծութեան եթէ մեզ վերաբերեալ մի այսպիսի հարց ծագի, վարձատրութիւնը որոշուած է:

«Գրուած է մեր մայրաքաղաքում, աստուածապահ Մեծն Մոսկուա, Քրիստոսի ծննդեան 1707 թուին, Փետրուար ամսի սկզբին, մեր թագաւորութեան սկսելու 25-րդ (…մնացեալը անընթեռնելի Աճառեանէն)»:

Հոս ոչ մէկ տարակոյս, որ Օրին ցարէն կը յանձնարարուի իբր Պապէն Շահին ղրկուած յատկապէս պապական քրիստոնեաներուն վերաբերող քանի մը հարցերուն համար եկող մէկը, որ նախապէս իր ծառայութեան մէջ կը գտնուէր իբր գնդապետ:

Օրին, ինչպէս ըսինք, 1706 Հոկտեմբերին ցարին կը դիմէ՝ անկէ յանձնարարական մը խնդրելով: Անիկա ճիշդ այսպէս ալ դիմած էր Պապին՝ անկէ յանձնարարական մը խնդրելով՝ իբր թէ իր Պարսկաստան կատարելիք ճամբորդութեան համար: Վերջապէս, տեղի տալով անոր աղաչանքներուն՝ Մեծն Պետրոսի դիւանը Օրիին կուտայ խնդրուած յանձնարարականը չորս ամիս յետոյ միայն, այսինքն՝ 1707 Փետրուարի սկիզբը:

Միայն Օրին նման թուղթերով կրնար ինքզինքը էլչի (դեսպան) ներկայացնել Ռուսաց ցարէն կամ Պապէն: Ու ան ճամբայ կ’ելլէ Մոսկուայէն դէպի Պարսկաստան: Ճամբորդութեան այս մասը մինչեւ Պարսկական նոյնպէս կը թողում Օրիի Ռուսաց հետ յարաբերութեան շրջանի պատմութեան:

Օրիի Պարսկաստան հասնելուն, հոն մնալուն եւ անկէ մեկնելուն ժամանակագրութիւնը եւ պատմութիւնը նոյնպէս մնացած էին մութ մինչեւ այժմ մեր մատենագրութեան մէջ: Այս պատճառաւ կան Յովսէփեան եւ Օրմանեան սրբազաններուն, Լէոյի եւ ուրիշներուն գրութեանց մէջ թուականի սխալներ, զորս աւելորդ կը սեպեմ հոս սրբագրել, այլ կը բաւականանամ հոս տալով պատմական վաւերագրութիւններ միայն, որոնք որեւէ տարակոյս չեն թողուր թուական եւ այլ սխալներու մասին:

Օրի կը հասնի Շամախի Փետրուար 5-ին: Ասիկա կ’ապացուցի Ճէզուիդ Հայր Չամբիոնի Շամախիէն Հռովմ զրկած տեղեկագրով, զոր հոս կուտամ.-

«Իսրայէլ Օրի, ցեղով հայ մը, Շամախի հասաւ 1708 Փետրվար 5-ին, առնելով երեւոյթը դեսպանի Պապէն առ Պարսից թագաւորը: Իմ յարգանքներս (Օրիի) մատուցանելու գացած ըլլալով, դեսպանը ինծի ըսւ, թէ 1700 Սուրբ Տարին, Փալաթինի կայսրընտիրի Հռովմ զրկուած ըլլալով, ան հոն շատ մը գաղտնի տեսակցութիւններ ունեցած է Կարտինալ Ալբանիի հետ: Հոն թղթածրարներու քարտուղարը եւ Իննովկենտիոս ԺԲ. Պապը իրեն տուած են նամակ մը, Պարսից Շահին ուղղեալ, այդ կողմերու կաթոլիկ կրօնքի վիճակին բարելաւման համար: Բայց այն ատեն ան կարող չէր Պարսկաստան ուղեւորել, ինչու որ Փալաթինի կայսրընտիր զինքը ղրկեց Մոսկովի ցարին՝ կայսեր շահերուն համար: Նոյն ատեն Իննովկենտիոս ԺԲ. Պապը մեռած ըլլալով, իր յաջորդը Կղէմէս ԺԱ. գրած էր Պարսկաստանի Շահին ուրիշ նամակ մը, որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը կը յայտարարէր թէ ինչ որ Մոնսիէօ Իսրաէ Օրի յայտնէ Նորին Բարձրութեան, արդարութեան համաձայն յանուն Նորին սրբութեան կատարուած պիտի ըլլայ: Մեր տիրոջ Կղեմէս ԺԱ.ի առ Մոնսիէօ Իսրայէլի Օրի գրած նամակին պարունակութիւնը ան (Օրի) գրաւորապէս ինծի յանձնեց: Ես խօսակցութեան միջոցին դիտեցի, որ Մ. Իսրայէլ Օրի Հայը իրական հերետիկոս մըն է եւ իր ժամանման ատեն թոյլ տուաւ, որ հերետիկոս Հայերը իրենց եկեղեցիին մէջ յայտարարեն Պապէն ղրկուած քարոզիչներու արտաքսումը, հաւաստելով, որ արտաքսեալները աւազակներ եւ ստախօսներ են, եւ արգիլեցին ոեւէ Հայու անոնց հետ տեսնուիլ»:

Օրի Շամախիի մէջ Ճէզուիդ Հայր Չամբիոնին բոլորովին տարբեր բան կը պատմէ 1700-ի Հռովմ իր այցելութեան մասին: Իրականութիւն է, որ Օրին այն ատեն Հռովմ կ’երթար Մինաս վարդապետի հետ Անգեղակոթի կարծեցեալ ժողովին ինքնաստեղծ իշխաններուն նամակով, որ, ինչպէս տեսանք, Րոշքան կը թարգմանէր (հաւանաբար լատիներէն): Ո՛չ Անգեղակոթի նամակը Օրին կ’ակընկալէր Պապը իրեն պաշտօն տայ յանձնելու Շահին եւ ոչ ալ Օրին այն ատեն նման գաղափար կամ ցանկութիւն ունէր: Գիտենք նաեւ, որ ինքը ՊՖալցի իշխանէն դեսպան չէր ղրկուած Ռուսաց ցարին՝ «կայսեր (Լեօբոլտի) շահերուն» համար: Վատիկանի դիւաններուն մէջ գոյութիւն չունի 1700-ին իբր թէ Պապ Իննովկենտիոս ԺԲ. Օրիին տրուած նամակ մը Շահին ուղղեալ:

Հաւանաբար այս Պապին մահը նոյն այդ 1700 թուականին առիթ չտուաւ նման որեւէ գրութեան, նոյնիսկ եթէ ատիկա լոկ քաղաքավարական պատասխան մը ըլլար Անգեղակոթի կարծեցիալ Հայ մեծ իշխաններուն: Սակայն, Օրին յաւիտենական մեծամտութեամբ չի քաշուիր այլեւս իրեն համար սովորական խեղաթիւրեալ բացատրութիւններ տալ:

Իրականութիւնը այն է, որ Օրիի ընթացքը փոխուեցաւ, երբ Պարսկաստան եկաւ: Հաւատարիմ պապասէրը, երբ Շամախի հասաւ, անտարակոյս Լուսաւորչական Հայերուն (որոնց հերետիկոս կոչումը կուտայ Հայր Չամբիոն) հաճելի ըլլալու եւ թերեւս իր պապասէր համբաւին պատճառաւ Լուսաւրչական Հայոց տուած հակառակութիւնը չէզոքացնելու համար, սկսաւ խօսիլ իբր հակահռովմէական մը: Այս մասին ունինք ուրիշ վկայութիւններ ալ, զորս պիտի ներկայացնենք:

Սակայն, ինչ որ հոս կարեւոր է, սա է, թէ Հռովմ շուտով իմացաւ Օրիի այս հակառակ ընթացքին մասին: Անմիջապէս միջոցներ ձեռք առնուեցան (որոնց մասին, իր կարգին)՝ Օրին չէզոքացնելու համար: Նոյն ատեն քննութիւն կատարուեցաւ թէ ի՞նչ պայմաններու տակ Օրին ստացած էր իր յանձնարարականը:

Այս մտադրութեամբ Հաւատոյ Տարածման Սբ. Ժողովին քարտուղար Կարտինալ Փալուչի 1708 Փետրուար 19 թւակիր գրութեամբ մը իշխանաց Նամակներու դիւանին մէջ փնտռտուք կատարել կուտար՝ «տեսնելու համար, որ 1700-ին նամակ մը կամ պապական կոնդակ մը գրուա՞ծ էր Փալաթինի կայսրընտիրին կամ Պարսից թագաւորին՝ յանձնարարելով Հայ մը, Իսրայէլ Օրի, ու խնդրելով որ (Օրիի) հաւատ ընծայուի ինչ բան որ ան (Օրի) ներկայացնէ յանուն Նորին Սրբութեան (Պապին) եւ Սուրբ Գահին (Հռովմայ), եւ գիտնալու համար թէ նման նամակ մը տրուա՞ծ էր Կղեմէս ԺԱ.ի գահակալութեան սկիզբը: Պատճառը այն է, որ լուր եկած է թէ ան (Օրի) այդ նամակներով կ’երթայ հալածելու կաթոլիկ եւ մնացեալ Հայերը, սուտ կերպով հաւաստելով, որ ատիկա Պապին ցանկութիւնն է»:

1700-ին նման նամակ կամ կոնդակ գոյութիւն չէ ունեցած: Եւ քարտուղարութիւնը 1708 Յուլիս 13 թուականով կը պատասխանէ. «Իսրայէլ Օրիի համար գրուած նամակը գրուած է Փալաթինի կայսրընտիրին խնդրանքով»:

Անտարակոյս, 1700-էն Վատիկանի դիւաններուն մէջ պէտք է գոյութիւն ունեցած ըլլայ Օրիի մասին արձանագրութիւն մը, երբ ան Անգեղակոթի թուղթը ներկայացուած է՝ հաւանաբար պապական իշխանութեան մէկ կամ միւս ճիւղէն ընդունուելով Մինաս վարդապետին հետ: Գուցէ օր մը կարելի ըլլայ պրպտումով երեւան հանել 1700 թուականին Օրիի եւ Մինաս վարդապետի մասին հարկ եղած մանրամասնութիւնները:

Յարութիւն Քիւրտեան

ՀԱՅՐԵՆԻՔ ամսագիր, Փետրուար, 1956