Սրտի Խօսք Տ. Խորէն Սրբազանին Մասին. Սագօ Արեան

1496

Տ. Խորէն Եպս. Տողրամաճեանի Յիսնամեակին Առթիւ

Խորէն Սրբազանին համար Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ծառայելը նուիրական ուխտ է:

Լիբանանի ծովաբնեայ Ժիպէյլ (Պիպլոս) քաղաքին մէջ իր աչքերը բացած Սրբազան հայրը, իր հոգեմտաւոր կրթութիւնը ստացած է Պիքֆայաի բարձունքին գտնուող Զարեհեան դպրեվանքին մէջ: Ան կուսակրօնութիւնը ընդունելով քայլ առ քայլ կը յառաջանայ իր եկեղեցանուէր կեանքին մէջ ու կը կոչուի Յունաստանի թեմի Առաջնորդութեան պաշտօնին:

Տարբեր հանգրուաններու բազում պարտականութիւններ ստանձնած Սրբազան հայրը այսօր ունի բարեկամներու, սիրելիներու փաղանգ մը, որ ուշի ուշով կը հետեւի իր քայլերուն: Խորհրդաւոր է այդ սիրոյ աղբիւրը: Այդ սիրոյն ընդմէջէն կարտացոլայ իրական սէրը, հանդէպ ՝ հայ եկեղեցւոյ: Ու այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ մեր ժողովուրդին համար հիմնարար է Սրբազանին ու իր նմաններուն ընդմէջէն մօտենալ Հայոց եկեղեցիին: Գաղտնիք չէ, որ մեր ժողովուրդի զաւակներէն շատեր դարաւոր մեր եկեղեցւոյ արժէքը, անոր կշիռը, էական ներկայութիւնը մեր հաւաքական կեանքէն ներս կը դատեն անոր խորաններուն վրայ ու տաճարներուն մէջ ծառայութեան ասաներով ունեցող հոգեւորականներով:

Քրիստոնէաութիւնը մեծ բառերու եւ փիլիսոփայական վէճերու կրօնը չէ: Անոր խորունկներուն մէջ կը բնակի սէրը, ու այդ սէրն է, որ կարողացած է պահել ու պահպանել այս կրօնը: Քրիստոնէութիւնը քաղաքական պատգամներու եւ ազգերը իրարմէ վեր կամ վար դասելու ատեանը չէ ու ատոր համար է նաեւ, որ դարձած է վէմ մը, որուն վրայ բոլոր ժողովուրդները հաւասարութեամբ կու գան բաշխել իրենց սիրտը եւ ողորմածութիւնը:

Այս նախաբանը ըրի ըսելու համար, որ այսօր ալ մենք հեզ ու նուիրեալ եկեղեցականներ ունինք: Մեզի համար հաճելի է խօսիլ միայն բաժակին դատարկ բաժնին մասին: Շատ կը սիրենք յոռին տեսնել ու ընդհանարացնել: Շատ կը սիրենք քնննադատել ու ըսել, որ մեր եկեղեցին փուլ եկած է, որովհետեւ անոր ծառայութեան կոչուած հայրերէն շատ- շատեր հեռացած են Քրիստոսի իրական ուսմունքէն ու սրտէն: Ճիշդ է, որ չափազանցուած են այս խօսքերը, բայց եւ այնպէս մեր եկեղեցին այսօր եւս կարիքն ունի բարենորոգչական ոգիով ըլլալիք վերանորոգումի: Այս նախադրեալները անշուշտ, որ երկար քննարկումներու առարկայ պէտք է դառնան բայց եւ այնպէս պէտք է բաց աչքերով տեսնել ու գնահատել այն կրօնաւորները, որոնք նուիրումի ոգիով կը ծառայեն: Հայաստան աշխարհի մէջ քիչ կը պատահի, որ մեր ժողովուրդը արտայայտէ իր սէրը եկեղեցականի մը հասցէին:

Անոնցմէ է Տէր Խորէն Սրբազանը: Ապահով եմ, որ Խորէն Սրբազանն ալ կը հաւատայ սիրոյ «զէնք»ին: Քրիստոսի էութիւնէն բխող ու ամենակալի տնօրինութեամբ լսելի դարձած «Աստուած սէր է» «զէնք»ը ուժը ունի բանալու բոլոր փակ դռներիը: Սէրը բանալի է: Սէրը այսօր մեր աշխարհը արեան մէջ խեղդող հրթիռներու ու արկերու ուժէն շատ աւելի հզօր էութիւն է: Անոր պիտի ապաւինիլ ու անով պիտի սնանիլ շարունակելու համար այս կեանքը: Ու չպէտք է մոռնալ այդ բանալիին տէրերը, որոնք կոչուած են հովուել մեր «փոքր ածու»ն: Քրիստոսի լուսեղէն պատկերով ապրողներուն համար կարեւորը «պալատներ»ը չեն: Ոչ ալ բարձր պաշտօնները:

Խորէն Սրբազան անոնցմէ , որուն հանդէպ եղած սիրոյ արտատայութիւնը լոյսին կը տրուի առանց պատուէրի: Բանաստեղծները իրենց բառը Աստուծով կընեն, երբ իրենց գրած մատեանը կը ձօնեն անոր անունին: Սէրը պատուէրով չի ծնիր: Սէրը պատուէրով չըլլար: Ու այս բոլորին հետ պէտք է նաեւ շեշտին մեծը դնել Խորէն Սրբազանի մեր երկրին հանդէպ ունեցած սիրոյն վրայ: Մեր երազներու եւ նուիրումներու անօթին՝ Հայաստանի հանդէպ անոր ունեցած զգացումները, պատկանելիութիւնը, հոգատարութիւնը եւ կապուածութիւնը ինքնեկ դրոյթներ են: Ու ինք լաւ գիտէ, որ առանց այսօրուան Հայաստանին անհեթեթ են մեր բոլոր պայքարները: Այս հողին վրայ աճող եկեղեցին կոչուած է դառնալ մեր փրկութեան իսկական լաստը: Ու հակառակ եղած բոլոր անհիմն խօսքերուն այսօր ալ ճշմարտութիւնը մէկ է:

Մենք ունինք մէկ Հայաստան եւ անկէ դուրս եղող բոլոր ցամաքները ժամանակաւոր արբանեակներ են: Մեր արեւը Հայաստանն է, ու անոր համակարգին մէջ եղող բոլոր աստղերն ու մոլորակները կրնան մարիլ: Այս խորհուրդէն է, որ կը բխի Խորէն Սրբազանի սէրը եւ կը շրջանցէ բոլոր բաժանումները, բոլոր երկուութիւնները, բոլոր անջատումները: Սիրոյ օրինակով ապրող Սրբազան հօր յիսնամեակին առթիւ գրուած այս տողերը վաղուան հաշւոյն մեծագոյն ապացոյցն են, որ ան Քրիստոսի սիրոյ «զէնք»ով պիտի գրաւէ մեր ժողովուրդի սիրտը: Եւ պիտի շարունակէ հաւատքի մակոյկով հովուել Հայոց պատմադրոշմ եկեղեցին: Հաւատքի նուիրումով ամրացած ծառայութիւնը աշխարահագրական պատկանումներէ վեր է: Ու շատ յաճախ փոքր տաճար մը մեր իսկական հաւատքին կայմը կը դառնայ:

http://zilkhosk.com/2016/03/10/