Իրավիճակը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի մէջ. 1992

1393

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն

Տասնհինգերորդ գլուխ

1992. անկախութեան առաջին ամիսները, մաս 2 եւ 3

Իրավիճակը Ատրպէյճանի մէջ

Ատրպէյճանի ներքաղաքական անկայունութիւնն ուղղակիօրէն կ’ազդէր բանակի` ռազմական խմբաւորումներուն վրայ: Իրականութեան մէջ` բանակ, որպէս այդպիսին, Ատրպէյճանը չունէր: Քանի դեռ գոյութիւն ունէր Խորհրդային Միութիւնը, Ատրպէյճանը եւ անոր համայնավար ղեկավարութիւնը Ղարաբաղը հնազանդեցնելու պայքարին մէջ կը յենէր նոյն ինքն Մոսկուայի օգնութեան վրայ: Կայսրութեան վերացումէն յետոյ խորհրդային զօրքերը հեռացան եւ Ատրպէյճանը փաստօրէն մինակ մնաց Լեռնային Ղարաբաղի եւ վերջինիս թիկունքին կանգնած Հայաստանի դէմ պատերազմին մէջ:

Սկզբնական շրջանին` Ղարաբաղի եւ յարակից տարածքներուն մէջ ռազմական գործողութիւններ ներգրաւուած հիմնական ոյժերը ոստիկանական խմբաւորումներն էին, որոնք կը միաւորուէին ազգակցական, տարածքային, յաճախ` յանցաւոր անցեալ ունենալու սկզբունքով: Նախկին ժողճակատային Ալիաքրամ Կումմաթովը Լենքորանի մէջ ձեւաւորած էր թալիշական զօրագունդը (պրիկատ): Ամենայայտնի ոստիկանական խմբաւորումը Կեանճայի զօրագունդն էր, զոր կը գլխաւորէր բուրդի գործարանի տնօրէն Սուրէթ Հուսէյնովը: Նոյնիսկ համալսարանական զօրագունդ մը ստեղծուած էր, զոր կապուած էր Էթիպար Մամէտովի Ազգային Անկախութիւն Կուսակցութեան հետ, կը գրէ այդ տարիներուն Պաքուի մէջ հաստատուած ամերիկացի լրագրող Թոմաս Կոլցը:

Աղտամի մօտակայքը ձեւաւորուած էր նախկին քանդակագործ Մամէտ Մամէտովի զօրագունդը: Չորս երախաներու հայր 42ամեայ Մամէտը արհեստաւորի իր գործիքը փոխարինած էր ՙՔալաշնիքով՚ ինքնաձիգով եւ նոր ընտանիք մը` 600 հոգինոց զինուած միաւորում մը կազմած: Անոնք իրենք զիրենք ՙՄիւտաֆաի Շահինլարի՚ (ՙՊաշտպան Բազէներ՚) կ’անուանէին եւ յայտնի էին մօտակայ հայկական դիրքերուն վրայ ինքնագլուխ յարձակումներով: Մամէտը խաբէութեամբ կանչեցին Պաքու, ուր ձերբակալուեցաւ թշնամիին հետ համագործակցութեան եւ դաւաճանութեան կասկածանքով, ապա` սպանութեան մեղադրանքով: Մամէտի ձերբակալութենէն յետոյ հետախուզուեցաւ Աղտամի քաղաքային գերեզմանոցին մէջ գտնուող անոր յենակայանը. պարզուեցաւ, որ ան տասնեակներով ատրպէյճանցի սպաննուած երիտասարդ զինուորներու դիակներ կը պահէ յատուկ պահեստի մը մէջ եւ զանոնք ծնողներուն ՙկը ծախէ՚: Բայց այս դէպքը տեղի ունեցաւ աւելի ուշ, իսկ 1992ի սկիզբները Մամէտը Ատրպէյճանի հերոսներէն էր:

1991ի Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կազմաւորուելէն սկսեալ եւ պատերազմի ողջ ընթացքին երկիրը մէկ, միասնական հրամանատարութեան տակ գործող բանակ այդպէս ալ չունեցաւ: Վեց ամիսներու ընթացքին` 1991ի Սեպտեմբերէն մինչեւ 1992ի Մարտը, Ատրպէյճանի մէջ փոխուեցաւ պաշտպանութեան չորս նախարար` Վալեհ Բարշատլի, Թաճէտտին Մեհթիեւ, Թահիր Ալիեւ եւ Ռահիմ Ղազիեւ:

Մասնագիտութեամբ մաթեմատիկոս Ղազիեւը հրթիռային երկու ՙԿրատ՚ համակարգ տեղակայած էր Շուշիի մէջ, ուրկէ Ստեփանակերտն անդադար կը ռմբահարուէր: Ատրպէյճանցի սպայ Ազայ Քերիմովն ըսած է. ՙՆախորդ օրուան գիշերը խմելէն ետք ամէն ոք կրնար առաւօտեան խումհարի մէջ արթննալ եւ ՙԿրատ՚ով Ստեփանակերտի վրայ աննպատակ, առանց յստակ տեղորոշիչներ ունենալու կրակել, կրակել, կրակել՚:

Ստեփանակերտը կը ռմբահարուէր ո’չ միայն Շուշիէն, այլեւ` Խոճալուէն եւ Մալիպէյլուէն: Փետրուարի ընթացքին ղարաբաղեան ոյժերը չէզոքացուցին հակառակորդին կրակակէտերը Մալիպէյլուի եւ Շուշիի շրջանի Ղուշչիլար, Մարտունիի Ղարատաղլու եւ Եուխարի Վէյսալու գիւղերուն մէջ: Ատրպէյճանական կողմը կը պատասխանէր հիմնականին մէջ Ստեփանակերտի վրայ արկեր նետելով: 16էն մինչեւ 23 Փետրուարն ինկած օրերուն Շուշիի եւ Խոճալուի դիրքերէն ռմբահարումներու հետեւանքով Ստեփանակերտի մէջ մօտ 50 շէնք աւերուեցաւ, տասնեակներով խաղաղ բնակիչներ սպաննուեցան ու վիրաւորուեցան:

ՙԱկնյայտ են աւերածութիւններն ինչպէս Ստեփանակերտի մէջ, այնպէս ալ քիչ չափով, Շուշիի տարածքին: (Ե. Ա. Հ. Խ.ի) խումբը Ստեփանակերտի զինուորական հիւանդանոցի դիարանին մէջ տեսած է վերջին զոհերուն մարմինները, որոնք նախորդ գիշեր սպաննուած էին հրետանահրթիռային կրակով: Զինուորական հիւանդանոցին վարիչը պատուիրակութեանն ըսաւ, որ նախորդ գիշեր 17 մարդ սպաննուած է: Ղարաբաղի իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ մարտնչելու են անկախութեան համար` ինքնորոշման իրաւունքի հիմքով՚,- կ’ըսուի Ե. Ա. Հ. Խ.ի առաքելութեան միջնաժամկէտ զեկոյցին մէջ:

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի անկախացումով` ղարաբաղեան հակամարտութիւնը միջազգայնացուեցաւ: Ե. Ա. Հ. Խ.ի մէջ Ա. Մ. Ն.ի դեսպան եւ ղարաբաղեան բանակցային գործընթացին մէջ ամերիկացի ներկայացուցիչ Ճոն Մարեսքան ըսած է, որ Խ. Ս. Հ. Մ.ի փլուզումէն յետոյ ինքը Ե. Ա. Հ. Խ.ին խորհուրդ տուած է խորհրդային հանրապետութիւնները կառոյց ներառել:

ՙՈրոշ դիմադրութենէ յետոյ` առաջարկս ընդունուեցաւ, աւելի յստակօրէն` 30-31 Յունուար 1992ին` Ե. Ա. Հ. Խ.ի Փրակայի հանդիպման ժամանակ: Այդ նոյն հանդիպման ժամանակ նշուած է, որ Կովկասի մէջ կայ Ե. Ա. Հ. Խ.ի նոր անդամներու ներգրաւուածութեամբ հակամարտութիւն մը, եւ առաջարկ եղաւ, որպէսզի Ե. Ա. Հ. Խ.ն յատուկ համաժողով գումարէ եւ փորձէ խաղաղ լուծում մը գտնել: Պելառուսի կառավարութիւնը համաձայնեցաւ այդ համաժողովը իր մօտ գումարելուն, եւ այդ ժամանակէն ի վեր այդ դեռեւս չկայացած միջոցառումը կոչուեցաւ ՙՄինսքի համաժողով՚: Մենք նաեւ համաձայնեցանք, որ Ե. Ա. Հ. Խ.ի անդամ շահագրգռուած երկիրներու ներակայացուցիչներէն կազմուած պատուիրակութիւնը հակամարտութեան գօտի այցելէ: Ա. Մ. Ն.ի ռազմածովային ոյժերու օդանաւով թռանք Պաքու եւ Երեւան, իսկ ապա, ռուսական բանակի ուղղաթիռով` Ստեփանակերտ՚,- ըսած է Մարեսքան:

Ե. Ա. Հ. Խ.ի աւագ պաշտօնեաներու կոմիտէն ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ 28 Փետրուարին որոշում կու տայ` կողմերը յորդորելով ՙանյապաղ զինադադար յայտարարել Ատրպէյճանի Լեռնային Ղարաբաղի շրջանին մէջ…, եւ կը պահանջէ կիրառել այն համաձայնութիւնները, որոնք ձեռք բերուած են Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու` 20 Փետրուար 1992ին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ՚:

Իրավիճակը Հայաստանի մէջ

Լեռնային Ղարաբաղի եւ յարակից տարածքներուն կողքին` պատերազմական գործողութիւնները կը շարունակուէին հայ-ատրպէյճանական սահմանին երկայնքով: Սակայն հիմնական պայքարը Ղարաբաղի մէջ եւ Ղարաբաղի համար էր: Նորանկախ երկու դրացիները արիւնահեղութեան ներքաշուած էին փաստօրէն: Ատոր ողբերգական ապացոյցը Երեւանի, Ստեփանակերտի եւ Պաքուի, միւս բնակավայրերուն մէջ օր օրի աւելցող հողաթումբերն էին, որոնց տակ կը հանգստանան հայրենասէր տղոց վիրաւոր մարմինները:

Ղարաբաղեան պատերազմին մէջ Հայաստանի դերը Զօրի Բալայեանն այսպէս կը ներկայացնէ. ՙԼեւոն Տէր Պետրոսեանի հանդէպ անձնական վերաբերմունքս որեւէ ձեւով չի կրնար խանգարել անաչառօրէն գնահատելու Հայաստանի դերը Ղարաբաղին օգնելուն մէջ: Շատ յստակօրէն կը գիտակցիմ, որ Հայաստանի կողմէ ՙԿրատ՚ չղրկուելու պարագային` մեր բանավէճերն անիմաստ պիտի ըլլային… Վառելանիւթը, հացը, ռազմամթերքը, դեղամիջոցները` այդ ամէնը նոյնպէս ՙԿրատ՚ են: Ու այդ ամէնը կը ստացուի անօթի ու մրսող Հայաստանէն, որ իր պատմական եւ մայրական պարտքը կը կատարէր ստոյիկօրէն՚:

Սփիւռքահայութիւնն իրական ու նաեւ կորուսեալ հայրենիքի հանդէպ իր պարտքն արժանապատիւ կերպով կը կատարէր: 1992ի Մարտին Լոս Անճելոսի մէջ կազմակերպուած միջոցառման ընթացքին ի նպաստ Արցախի հանգանակուեցաւ 3.5 միլիոն տոլար, որմէ 3 միլիոնը նուիրաբերեց Քըրք Քըրքորեանը: Մինչեւ 1992ը ու 1992էն յետոյ ալ, սփիւռքի բոլոր կառոյցները` կուսակցութիւնները, եկեղեցիները, բարեգործական միութիւնները, Քըրքորեանի նման անհատները հանգանակութեանց եւ ուրիշ միջոցներով անուրանալի ներդրում ունեցան Հայաստանի եւ Արցախի վերածննդի գործին:

Վազգէն Սարգսեանը պատերազմի աւարտէն յետոյ, երբ արդէն Հայաստանի ու Արցախի մէջ լոյս կար, կը յորդորէր խաւարէն բողոքելու փոխարէն մոմ մը վառել: 1997ին, հեռատեսիլի ամերիկահայ ակնդիրներու համար իր ելոյթին մէջ ան կ’ըսէր. ՙՊատերազմող երկրի մասին պէտք է դատել պատերազմի արդիւնքով: Ընդամէնը 10 տարի յետոյ պիտի չյիշեն, թէ 1991-1993ին Հայաստանի մէջ որքա՞ն կազ կար, չկար, քանի՞ ծառ կտրուեցաւ: Ի վերջոյ, այդ ամէնը վերականգնուող բան է: Մեր մասին պիտի յիշեն` մեր երկիրը պահպանուեցա՞ւ, թէ՞ ոչ, յաղթեցի՞նք, թէ՞ պարտուեցանք, անկա՞խ ենք, թէ՞ ոչ, ի վերջոյ կրցա՞նք ժողովրդավարական պետութիւն դառնալ, մարդկային, ազգային արժէքները պահպանուեցա՞ն մեր մէջ, թէ՞ ոչ՚:

Տասը տարի յետոյ, սակայն, Հայաստանի մէջ դեռ կը յիշէին ու կը յիշեցնէին խաւարի ու ցուրտի տարիները: 16 Նոյեմբեր 2007ի հանրահաւաքին Լեւոն Տէր Պետրոսեանը տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներուն կը բացատրէր, թէ ինչո՞ւ մութ ու ցուրտ էր իր նախագահութեան մէկ շրջանին` 1992-1994ին, որոնք ՙաստղաբաշխական ճշգրտութեամբ կը համընկնին արցախեան պատերազմի տարիներուն՚: Նախկին նախագահը կ’ըսէր, որ պատերազմի, զէնքի, զինամթերքի, տիզելային վառելիքի հայթայթման, բանակի մատակարարման, սահմանամերձ շրջաններու պաշտպանութեան վրայ այնքան գումար ծախսուած է, որ լիուլի կը բաւարարէր ապահովելու թէ’ լոյսով եւ թէ’ ջերմութեամբ:

ՙՀայաստանի իշխանութիւնները, մեծ զրկանքներու ենթարկելով քաղաքացիները, հայթայթած սուղ միջոցներն ամբողջովին ներդրին Արցախի գոյութիւնն ու անվտանգութիւնն ապահովելու գործին: Ես երջանիկ եմ, որ մեր ժողովուրդին մեծամասնութիւնը 1992-1994 տարիները կը նկատէ ՙցուրտի ու մութի՚ տարիներ, ինչը կը նշանակէ, որ ան իր մաշկին վրան չէ զգացած պատերազմին արհաւիրքները: Մինչդեռ Արցախ գացած հազարաւոր հայաստանցի կամաւորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն, սահմանամերձ շրջաններու բնակչութեան համար ատոնք եղած են արեան, դիակներու, վիրաւորներու, ռմբակոծումներու եւ աւերումներու տարիներ` զոհողութիւններ, որոնց գինն ազատագրուած Արցախն է: Սերունդները ՙցուրտի եւ մութի՚ տարիները պիտի գնահատեն իբրեւ հերոսական մաքառման եւ յաղթական պատերազմի տարիներ: Բայց կը հասկնամ նաեւ, որ բացատրութիւններս շատերուն կասկածները պիտի չփարատեն: Ուստի ինծի կը մնայ միայն ներողամտութիւն հայցել մեր ժողովուրդէն` յանուն Արցախի փրկութեան անոր պատճառած տառապանքներուն համար՚:

Տէր Պետրոսեանի առաջարկով` Վազգէն Մանուկեանը պատերազմի ամենածանր շրջանին` 1992-ի աշնանն ստանձնած էր պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Ան Տէր Պետրոսեանը մեղադրած է շատ հարցերու համար, բայց ո’չ` մութի եւ խաւարի, տնտեսական զրկանքներու, մարդոց տառապանքներուն համար:

ՙՂարաբաղն ազգը միաւորող հարց էր: Նախորդ հարիւրամեակներուն ընթացքին հայերը բարդութաւորուած էին, որովհետեւ տարածքներ եւ մարդիկ կորսնցուցած էին: Ղարաբաղը միայն տարածքի, աւելի ճիշդ` տարածքի հարց չէր: Կարծես կ’ուզէինք մեր մեղքերը քաւել եւ մեր հայրենակիցները պաշտպանել, հայ ժողովուրդին պատկանող տարածքը պահել: Վերջին բեկորն էր մնացած: Հոգեբանական տեսակէտէն` Ղարաբաղի նշանակութիւնը շատ աւելի մեծ էր, քան որեւէ ուրիշ հարցի, եւ այդպէս ալ կը մնայ, որովհետեւ եթէ Ղարաբաղը կորսնցնենք` նոյն բարդոյթներուն մէջ պիտի իյնանք: Ղարաբաղը հայ ժողովուրդն ՙազատագրեց՚ բարդոյթներէն: Ղարաբաղի բանակը, ղարաբաղցիները շատ մեծ դեր կատարեցին, բայց առանց Հայաստանի` բան մը հնարաւոր չէր՚:

Հայաստանն ու Ղարաբաղը, նաեւ Ատրպէյճանը տնտեսական առումով չափազանց ծանր ժամանակներ կ’ապրէին: Խորհրդային Միութեան հանրապետութիւնները, բացի պալթեան երկիրներէն, անկախութիւն ձեռք բերին (ստացան) մեկնարկային գրեթէ նոյն պայմաններուն մէջ` տնտեսական խոր ճգնաժամ, արժեզրկուած դրամ, առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու բացակայութիւն օրէ ցօր պարպուող խանութներուն մէջ: Բայց Հայաստանի մէջ վիճակն ամենածանրն էր. Ատրպէյճանն արդէն շրջափակման ենթարկած էր Հայաստան մտնող ճամբաները եւ կազատարը, ղարաբաղեան պատերազմը կը վերածուէր նաեւ Երեւան-Պաքու դիմակայութեան, քանի մը հարիւր հազար հայեր տունը կորսնցուցած էին 1988ի դեկտեմբերեան երկրաշարժին պատճառով, քանի մը հարիւր հազար հայեր ալ արտաքսուած էին Ատրպէյճանէն ու անոնց մէկ մասը հաստատուած էր Հայաստանի մէջ:

Ըստ Հայաստանի նախկին վարչապետներէն Խոսրով Յարութիւնեանի (1992-1993)` արտադրութիւնը կաթուածահար վիճակի մէջ էր, տնտեսական համակարգը` անգործունեայ, ընկերային վիճակը` մտահոգիչ: Ժողովուրդը շփոթած էր, եւ ատիկա` անկախութեան առաջին իսկ տարին: Մարդիկ կը հարցնէին` սա՞ էր անկախութեան գինը:

ՙԱսոր զուգահեռ` Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Ատրպէյճանի հետ առճակատումը կանոնաւոր պատերազմի բնոյթ կը ստանար աստիճանաբար: Ատոնք կամաւորական խումբերու բախումներ չէին: Ուզե՞նք ըսել, թէ՞ ոչ` արդէն անկախ երկու պետութեանց միջեւ առճակատում էր, եւ հոս` պետական կառոյցները կը բախէին՚,- կ’ըսէ ան:

Մէկ ուրիշ նախկին վարչապետի` Հրանդ Բագրատեանի (1993-1996) մօտաւոր հաշուարկներով` պատերազմական տարիները խլած են ՙՀայաստանի պետական միջոցներուն 65-70 տոկոսը, իսկ մարդկային առումով կորուստներն անդառնալի էին՚:

Ըստ Բագրատեանի` Հայաստանը ճիշդ ժամանակին եւ շատ արագօրէն որդեգրեց գիներու ազատականացման քաղաքականութիւնը: ՙՀողը գիւղացիներուն տալը ճիշդ էր, հողն անմշակ չմնաց: Հայաստանի մէջ տնտեսական անկումը մեծ եղած է թէ’ երկրաշարժին եւ թէ’ պատերազմին պատճառով: Եթէ 1990ին որեւէ տնտեսագէտի կամ գործիչի հարցնէիր, թէ ինչպէ՞ս կը տեսնեն Հայաստանի վիճակն անկախանալէն ետք, բոլորը միաբերան կը պնդէին, որ անկախութիւնը Հայաստանին պէտք չէ: Բայց խնդիրն ատիկա չէր, այլ այն, որ անկախութիւնն անխուսափելի է՚:

Նորանկախ երկիրը պատերազմի, ցուրտի, խաւարի ու գաղթի տարիներ կը մտնէր: Հայաստանը եւ Լեռնային Ղարաբաղը պիտի յաղթանակէին պարտադրուած եւ անխուսափելի թուացող պատերազմին մէջ: Այդ յաղթանակին համար չափազանց սուղ գին պիտի վճարուէր: Բայց ատիկա’ է ազատութեան ու անկախութեան գինը, իսկ անոր համար չվճարող ժողովուրդները անխօս կերպով կը հեռանան պատմութեան թատերաբեմէն:

Յ. Գ.

Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ), Կիւմրիի, Ստեփանակերտի, Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Արևմտահայերեն-Արցախեան-օրագիր

Փափուկ կազմ, 555 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2010, Անթիլիաս,
ISBN 978-995301815-7:
Գինը՝ 7.000 դրամ ($14.00):