Հարիւրամեակէն անդի՛ն, եւ՝ ի՛նչ. խմբագրական Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի 35րդ հատորի

2023

Հայոց դէմ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան առանցքը կը կազմէ. անոր շուրջ յիրաւի կը դառնան անցնող հարիւրամեակի հայութեան պատմաքաղաքական, տնտեսական, ժողովրդագրական, մշակութային, ընկերային, բարոյահոգեբանական եւ այլ զարգացումները։

Հետեւաբար, Հայոց Ցեղասպանութիւնը է ու կը մնայ արդի հայագիտութեան օրախնդիր, մանաւանդ որ ցեղասպանութիւնը եւ անոր հետեւանքները չեն յաղթահարուած հայկականօրէն եւ մարդկայնօրէն: Առանց Ցեղասպանութեան յետնախորքը թափանցելու եւ երեւոյթները առաւելագոյն համակողմանիութեամբ ու հիմնաւոր ուսումնասիրելու եւ բացայայտելու՝ դժուար է հայ ժողովուրդի գիտական ամբողջական պատմութեան ընկալումը, որուն շնորհիւ կարելի կ’ըլլայ յստակօրէն տեսնել եւ ըմբռնել հայ ժողովուրդի մերօրեայ գոյութենական խորհուրդը, եւ ըստ այդմ՝ ռազմավարել հայ ժողովուրդի երթի տեսլականը՝ պետական եւ սփիւռքեան առումով։ Ասոր ուղենիշ կրնայ հանդիսանալ հայ ազգի բոլոր բաղադրատարրերու մասնակցութեամբ դարբնուած Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Համահայկական Հռչակագիրը:

Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման ամենատարբեր միջոցառումները՝ միջազգային ընտանիքի եւ պետութիւններու այլաբնոյթ մասնակցութիւններով եւ դրսեւորումներով, քանակական եւ որակական առումներով լայնածիր եղան եւ անկիւնադարձային ըլլալու նախանշանները կու տան:

Այս ասպարէզին մէջ իր ներդրումը ունեցաւ նաեւ Հայկազեան Համալսարանը, 31 Յունուար-1 Փետրուար 2015ին կազմակերպուած գիտաժողովով, սոյն հատորով եւ այլ ձեռնարկներով: Այս հատորը, որ նաեւ յարգանքի տուրք մըն է մեր կողմէ, իր նիւթերու բազմազանութեամբ փորձ մըն է յաւելեալ լոյս սփռելու Մեծ Եղեռնի ուսումնասիրութեան բարդ ու բազմաշերտ խնդրի տարբեր կողմերու գիտական հետազօտման:

Սակայն ո՛չ այս հատորը, ո՛չ ալ այլ հրատարակութիւններ կրնան յաւակնիլ տուած ըլլալ Հայոց Ցեղասպանութեան համապարփակ գիտական պատմութեան ամբողջական պատկերը:

Անցնող հարիւր տարիներուն (մանաւանդ` երկրորդ կիսուն) լոյս տեսան Մեծ Եղեռնի պատմութիւնը արտայայտող բազմաթիւ երկեր ու աշխատութիւններ եւ արժանի աշխատանք կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ փաստաթուղթերու եւ նիւթերու ծանրակշիռ ժողովածուներու հրատարակման: Սակայն Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան ոչ բոլոր ոլորտները արժանացան համաչափ եւ համարժէք ուսումնասիրութեան: Վերոյիշեալ իրագործումները, թէ այլ յաջողումներ կատարուեցան թէ՛ պետականօրէն, թէ՛ հաստատութենական միջոցներով եւ թէ՛ անհատական նախաձեռնութիւններով: Այդուհանդերձ նորորա՛կ եւ առաւե՛լ իրագործումներու յանձնառու պարտին ըլլալ նոյն այդ օղակները:

Արդարեւ, հայագիտութիւնը՝ իբրեւ հայագիտակցութիւն եւ ներգործութիւն հայութեան վրայ, ունի կարելիութիւնն ու իրաւունքը աւելի՛ն իրացնելու:

Յուժ կարեւոր է որ խարսխուելով ցարդ իրագործուածին վրայ, ԻԱ. դարու հայոց ցեղասպանագիտութիւնը իր ուշադրութիւնը սեւեռէ հետեւեալ խնդիրներուն վրայ.-

  • Հայոց Ցեղասպանութիւնը իբրեւ մարդկային եւ ազգային դատ, համաշխարհային առաջնահերթութիւն տեղափոխումը եւ իրաւական դաշտ փոխանցումը.
  • Իրաւապահանջութեան գաղափարի զարգացումը եւ միջազգային ճանաչման համազգային, համախումբ մօտեցումի ձեւաւորումը.
  • Հայութեան մարդկային, նիւթական, հողային եւ հոգեւոր կորուստներու տարողութեան եւ հետեւանքներու հայեցակարգի մշակումը.
  • Ցեղասպանութեան տակաւ շեշտաւորուող նոր հետեւանքներու վերլուծութիւնը.
  • Հատուցման բազմաշերտ եւ յստակ բնորոշումը.
  • Հայոց Ցեղասպանութեան եւ այլ նմանատիպ ոճիրներու բաղդատական ուսումնասիրութիւնը.
  • Սփիւռքի ծնունդը եւ կազմաւորումի ջանքերուն ու միջոցներուն ուսումնասիրութիւնը.
  • Արեւմտահայ հողերու վրայ գոյատեւող թէ Պոլսոյ հայոց մնացորդացին ուսումնասիրումը.
  • Թրքական ժխտողական քաղաքականութեան գործընթացը.
  • Հայ-թուրք յարաբերութիւններու գործընթացը:

Հետեւաբար, հրամայական է կենսունակ պահել հայագիտութիւնը, որուն հիմնական բնագաւառներէն մին դարձած է Ցեղասպանութեան ուսումասիրութեան կալուածը:

Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ուղենշային այս հանգրուանին, միջազգային ցեղասպանագիտութեան ուսմունքին մէջ հայոց ցեղասպանագիտութեան առաւել միջազգայնացումը եւ անոր առաւել կենսաւորումը մարտահրաւէր է հայագիտութեան եւ նորահաս հայ սերունդին, իսկ անոր քաղաքական իրաւամշակումին յառաջմղումը՝ հայ պետականութեան եւ հայ միտքին:

ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ԽՄԲԱԳԻՐ

Հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեան

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԿԱԶՄ

Արտա Էքմէքճի (ի պաշտօնէ), Արշալոյս Թոփալեան, Արմէն Իւրնէշլեան, Անդրանիկ Տագէսեան (պատ. քարտուղար)

ԽՈՐՀՐԴԱՏՈՒ ՄԱՐՄԻՆ

Սիլվիա Աճէմեան, Ժիրայր Դանիէլեան, Երուանդ Երկանեան, Հրանոյշ Խառատեան, Մուրատ Հասրաթեան, Հրաչ Չիլինկիրեան, Մկրտիչ Պուլտուքեան, Սեդա Տատոյեան, Սուզըն Փեթի, Պերճ Ֆազլեան

Հայաստանի Մէջ ՀՀՀի Ներկայացուցիչ՝ Արծուի Բախչինեան