Ռուբէն Դարբինեան. «Մեր Պատասխանը Յովհաննէս Քաջազնունիի»

763

Հայկական ուսումնասիրությունների ԱՆԻ կենտրոնը ներկայացնում է ՀՅԴ երևելի դեմքերից մեկի՝ Ռուբէն Դարբինեանի «Մեր Պատասխանը Յովհաննէս Քաջազնունիի» գրքի վերջին մասը: Այս գիրքը պատասխան է Հայաստանի Առաջին Հանրապետության առաջին վարչապետ Հովհաննես Քաջազնունու «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնն Անելիք Չունի Այլեւս» զեկուցագիր-գրքի: Բարի երթ դեպի տպարան: 

XXII

Քաջազնունի շատ յուսախաբուած կ’երեւի Հ. Յ. Դաշնակցութեան Վիեննայի խորհրդաժողովի ընդունած քաղաքական բանաձեւէն: «Միմիայն ոտի տակ հողը կորցրած կուսակցութիւնը- կ’ըսէ ան- կարող էր հանել այդպիսի անբովանդակ, հակասական, ոչինչ չասող, ոչինչ չպարտադրող ու ամէն բան պարունակող որոշումներ: Գործ ծրագրող ու գործի ընդունակ կուսակցութիւնը այդպիսի որոշումներ չէր հանի: Որոշումները ցոյց են տալիս, որ կուսակցութիւնը չգիտէ իր անելիքը, չունի անելիք եւ ի զուր փորձեր է անում՝ բառային ֆորմինւլների տակ քողարկել իր անկենդանութիւնը»:

Ի՞նչ կ’ուզէր սակայն Քաջազնունի աւելի, քան ըսած է Վիեննայի մեր խորհրդաժողովը: Ընդհակառակը, ան թերեւս ըսեր է աւելի քան նոյնիսկ պէտք էր ու կարելի էր պահանջել, որովհետեւ հասկանալ ուզողի համար հոն շատ որոշ, շատ պարզ եւ շատ բովանդակալի մտքեր են յայտնուած:

Արդարեւ, ի՞նչ կարող էր աւելի որոշ, պարզ եւ բովանդակալի լինել քան Վիեննայի բանաձեւի այն հիմնական մասը, որ կ’ըսէ, թէ այսուհետեւ եւս Միացեալ, Ազատ եւ Անկախ Հայաստանի պահանջը կը մնայ ղեկավար սկզբունքը Հ. Յ. Դաշնակցութեան քաղաքական գործունէութեան:

Այս է մեր գլխաւոր նպատակը, ծրագիրը եւ ուղեցոյցը: Եւ ասկէ է որ պիտի բղխին մեր յետագայ քայլերը՝ նայած տեղին, ժամանակին եւ յարափոփոխ պայմաններուն:

Այս էական ու տիրական սկզբունքը անգամ մը եւս հանդիսաւոր կերպով հաստատելէ ետքը, Վիեննայի խորհրդաժողովը տուած է նաեւ շարք մը շատ որոշ հրահանգներ, որոնցմով ղեկավարուելու են մեր կուսակցութեան գործադիր մարմինները իրենց յետագայ քաղաքականութեան մէջ՝ հարթելու համար հայ ժողովրդի ճամբան դէպի մեր գերագոյն ազգային նպատակը, այսինքն՝ Միացեալ, Ազատ ու Անկախ Հայաստանի ստեղծումը:

Այս հրահանգներն են, որ, ըստ երեւոյթին, հակասական կը թուին Քաջազնունիի: Մինչդեռ անոնց մէջ հակասական ոչինչ կայ:

Խորհրդային Ռուսիոյ եւ անոր կողմէ Հայաստանի մէջ հաստատուած ներկայ ռեժիմի հանդէպ, Վիեննայի քոնֆերանսը կը թելադրէ խուսափիլ զէնքի պայքարէ, որքան ատեն որ այդպիսի պայքար մը կրնայ առաջ բերել մեր ժողովրդական ոյժերու ապարդիւն վատնում, այսինքն՝ որքան ատեն որ մեր երկիրը շրջապատող միջազգային քաղաքական պայմանները հիմնովին փոխուած չեն: Սակայն, Հ. Յ. Դաշնակցութեան վերջին խորհրդաժողովը միաժամանակ կը շեշտէ, որ ներկայ պայմաններու մէջ եւս պիտի շարունակէ քաղաքական պայքարը Խորհրդային ռեժիմի դէմ լոյեալ ընդդիմադիր ոյժի մը կողմէ կիրառուող բոլոր միջոցներով:

Մեր դիրքը Խորհրդային տիրապետութեան հանդէպ ուրեմն բացասական է, միայն անոր դէմ պայքարելու միջոցներու մէջ է, որ ժամանակաւոր սահմանափակում մը մտցուցած է, նկատի ունենալով ներկայ պայմանները: Երբ պայմանները փոխուին, հարկաւ կրնան փոխուիլ եւ պայքարի միջոցները, աւելի ընդարձակուելով կամ թերեւս աւելի սահմանափակուելով: Ասիկա կախուած է դէպքերու յետագայ ընթացքէն:

Երկրորդ կարեւոր քաղաքական հրահանգը, որ տրուած է քոնֆէրանսի կողմէն մեր ղեկավար մարմիններուն, այն է, թէ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը իր քաղաքականութեան հիմնաքարը պիտի դարձնէ համերաշխութիւնն ու համագործակցութիւնը մեր հարեւան ժողովուրդներուն եւ մասնաւորոպէս Վրաստանի ու Ատրպէյճանի հետ: Ուրիշ խօսքով, հայ ժողովուրդը, իբրեւ Առաջաւոր Ասիայի ժողովուրդ, պիտի ջանայ իր սեփական ազատագրութեան գործը սերտօրէն կապել Մերձաւոր Արեւելքի բոլոր ազգերու ազատագրական շարժման հետ:

Առանձնապէս շեշտելով այս կէտը, Վիեննայի մեր քոնֆէրանսը չէ ուզեցեր նաեւ բոլորովին հրաժարուիլ մեծ պետութեանց աջակցութենէն, ինչպէս կ’ընեն, օրինակ, բոլշեւիկները ու այժմ ալ կ’ուզեն ընել ռամկավարները, բացառութիւն համարելով միայն Ռուսիան: Բանաձեւը կը թելադրէ միայն գործիք չդառնալ մեծ պետութեանց ձեռքը՝ մեզի օտար շահեր պաշտպանելու համար, ինչպէս կ’ուզեն դառնալ հայ բոլշեւիկներն ու ռամկավարները Խորհրդային Ռուսիոյ ձեռքը:

Խորհրդաժողովը կ’ընդգծէ նաեւ գործակցութեան առանձին կարեւորութիւնը Եւրոպայի սոցիալիստական կազմակերպութեանց հետ, որոնք վաղը դիւրութեամբ կրնան իշխանութեան գլուխ անցնիլ իրենց երկիրներու մէջ, հետեւաբար կրնան նոյնպէս ի վիճակի դառնալ կատարելու խոշոր դեր մը ի նպաստ մեր դատին:

Այս շատ յստակ հրահանգներէն զատ Վիեննայի բանաձեւը կ’ընդունէ, որ հայ ժողովրդի գոյութիւնն եւ ապահովութիւնը հաստատուն հիմերու վրայ դնելու համար՝ անհրաժեշտ է միջոցներ գտնել հաշտեցնելու հայ եւ թուրք ժողովուրդները: Այս նպատակով ալ քոնֆէրանսը կը յանձնարանէ ջանալ համաձայնութեան լեզու գտնել թրքական այն տարերուն հետ, որոնք ընդառաջ կ’երթան հայ ժողովրդի քաղաքական պահանջներուն:

Վերջապէս, Վիեննայի բանաձեւը, իր այս զուտ քաղաքական հրահանգներուն հետ միասին, կը թելադրէ բոլոր հնարաւոր միջոցներով ոյժ տալ Հայաստանի տնտեսական եւ կուլտուրական վերաշինութեան:

Սակայն, Լօզանէն յետոյ, Քաջազնունիի ականջին դատարկ կը հնչեն թէ՛ Միացեալ, Ազատ ու Անկախ Հայաստանի պահանջը, եւ թէ՛ քաղաքական այն բոլոր միջոցները, զորս կը յանձնարանէ Վիեննայի մեր կուսակցական ժողովը՝ այդ պահանջը կարենալ իրականացնելու համար: Այդ պատճառով է, որ Քաջազնունիին՝ «անբովանդակ» ու «ոչինչ չասող» կը թուին Վիեննայի քոնֆէրանսի որոշումները, որոնք շատ բան կ’ըսեն, այո՛, բայց չեն ըսեր այն, ինչ որ ան կը նկատէ այժմ մեր փրկութեան միակ միջոցը, այսինքն՝ անձնատութիւն ազգովին՝ օտար մեծ պետութեան մը, Խորհրդային Ռուսիոյ:

Լօզանէն յետոյ ստեղծուած միջազգային պայմաններուն հանդէպ մեր կուսակցական խորհրդաժողովը իր քաղաքական բանաձեւին մէջ չէր կրնար աւելի պարզ եւ որոշ բաներ ըսել, քան ըսած է արդէն: Մնացածը գործադիր գերագույն մարմիններու կամ մարմնի գործ է: Աւելին ըսել՝ կը նշանակէր յաւակնութիւն ունենալ վար իջեցնելու ապագայի թանձր վարագոյրները եւ ենթադրական տեսութիւներով կաշկանդել կուսակցութեան պատասխանատու օրկաններու ձեռքերը, ի վնաս գործին:

Ահա թէ ինչո՞ւ իրաւունք ունինք ըսելու, թէ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Վիեննայի խորհրդաժողովը վարուած է այնպէս, ինչպէս պէտք է վարուէր «գործ ծրագրող եւ գործի ընդունակ կուսակցութիւն» մը:

————–

Իր գրքոյկին մէջ ուրիշ տեղ մը, Քաջազնունի, երբ կ’ուզէ հաւատացնել, թէ Հ. Յ. Դաշնակութիւնը ոեւէ ընելիք չունի այլեւս, իրեն յատուկ կտրական ձեւով մը կը յայտարարէ, թէ մեր կուսակցութիւնը չունի այլեւս ե՛ւ ոչ մէկ նշանաբան, որ կարողանար շարժել մեր ժողովրդական զանգուածները, խանդավառել զանոնք եւ գործի ու անձազոհութեան մղել:

Եւ սակայն հոս ալ Քաջազնունի չի ուզեր տեսնել միայն, որ այդպիսի նշանաբան կայ արդէն եւ բնաւ պէտք չէ աւելորդ տեղը միտք մաշեցնել զայն հնարելու համար: Այդ նշանաբանը ուրիշ բան մը չէ, բայց եթէ դարձեալ Միացեալ, Ազատ եւ Անկախ Հայաստանի գաղափարը: Այդ գաղափարի հմայիչ խորհրդանշանը հրաշունչ գոյներով դրոշմուած է հայ ժողովրդի հոգիին մէջ՝ հայկական եռագույնը:

Ահա ա՛յդ է մեր զանգուածները շարժող դրօշակը, որ շատ որոշ, շատ պարզ եւ շատ բովանդակալի քաղաքական ծրագիր մըն է նաեւ բովանադակ հայութեան համար:

Երբ գայ բախտորոշ վայրկեանը, բաւական է միայն, որ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը կրկին բարձրացնէ հայկական սրբազան եռագոյնը, ե՛ւ ամբողջ ազատատենչ հայութիւնը, մէկ մարդու պէս, նորէն ոտքի պիտի կանգնի իր ազատութիւնը, անկախութիւնը եւ ազգային միութիւնը նուաճելու համար իր պատմական հայրենիքին մէջ:

Որքա՜ն միամիտ պիտի ըլլայ մարդ մը, որ կը կարծէ, թէ օր մը բոլշեւիկներն ալ կրնան պարզել հայկական եռագոյնը՝ իրագործելու համար մեր ազգային իտէալները, որոնք այսօր ծաղրի ու ծանակի առարկայ են անոնց մօտ:

Ինչո՞ւ Քաջազնունի այդքա՜ն շուտ կը մոռնայ հայկական եռագոյնի հրաշագործ ոյժը անմոռանալի Փետրուարին՝ հայ ժողովրդի դիւցազնական ընդվզումի օրերուն: Ոեւէ ժողովուրդ Կովկասի կամ նոյնիսկ համայն Ռուսիոյ մէջ ընդունակ եղա՞ւ նման հոյակապ ապացոյց մը տալու քաղաքական ազատութեան, անկախութեան եւ միութեան իր անսահման սիրոյն: Անգամ մը միայն հայ ժողովուրդը իր պատմական անցեալին մէջ այդպիսի հրաշալի գործ մը եւս կատարած է Վարդանանաց պատերազմով՝ յանուն իր կրօնական եւ ազգային ազատութեան ու անկախութեան:

Անցեալ տարի, մեր հանրապետության հինգերորդ տարեդարձի առթիւ արտասանած իր գեղեցիկ ճառին մէջ, Քաջազնունի սրբազան ցասումով մը կը խարազանէր բոլոր անոնք, որ, ճնշուած մեր ազատագրական պայքարի տաժանելի ծանրութեանէն, վաղաժամ յուսալքումի եւ փոքրոգի յուսահատութեան գիրկն էին ինկեր: «Մի՞թէ պետութիւն կազմելը- կը հարցներ ան-այնպիսի գործ է, որ 24 ժամուայ ընթացքին վերջանայ, այն ալ դաժան պայմանների մէջ: Մի՞թէ մենք երկնային ոյժերի կը սպասենք, որպէսզի ծաղիկներով զարդարուած մեզ հրամցնեն մեր պետութիւնը: Պետութիւնը ծանր երկունքներով կը ծնի: Հոգիով սնանկներն են, որ կրնան լքել անկախութեան գաղափարը…»:

Այս սքանչելի խօսքերը արտասանելու ատեն Քաջազնունի կարո՞ղ էր երեւակայել, թէ հազիւ տարի մը անց, ինքն ալ պիտի իյնայ նոյն «հոգիով սնանկների» շարքը:

Քաջազնունի շատ կը ջղայնանայ ու կը վրդովուի, երբ իր Դաշնակցական ընկերը կը յիշեցնէ իրեն, թէ որքա՜ն ան շուտ է փոխեր իր հաւատը: «Մի ետ նայիի ու տես,- կը պատասխանէ Քաջազնունի, ջանալով արդարացնել ինքզինքը- թէ ինչ երկար ճամբայ ենք անցել՝ մինչեւ Թիֆլիսից Երեւան ենք եկել, Երեւանից՝ Զանգեզուր, Զանգեզուրից՝ Թաւրիզ ու Թաւրիզից… չգիտեմ ուր հասել: Այդ երկար ճամբան մի բան պիտի սովորեցնէ՞ր մեզ, թէ ո՞չ»:

Դժբախտաբար, իր դասերը անցեալէն Քազազնունու ազատագրական շարժմանց հետ: Քաջազնունի առեր է ոչ թէ այդ երկար ճամբու ընթացքէն, այլ շատ կարճ ճամբայ մը կատարելու ատեն, որ զինքը Պոլսէն հասցուցեր է Պուքրէշ,- այսինքն՝ այն վայրէն, ուր տպեր է իր անցեալ տարուայ ոգեւորիչ յօդուածաշարքը «Մեր Ուղին» վերնագրով, եւ արտասաներ իր նոյնքան խանդավառող ճառը Հայաստանի անկախութեան տարեդարձի առթիւ, մինչեւ այն վայրը, ուր, մենութեան մէջ, գրեր է իր ներկայ գրքոյկը քաղաքական ինքնասպանութեան քարոզի համար:

Պոլիս եղած պահուն, դեռ մէկ տարի առաջ, Քաջազնունի կասկած չունէր, որ «վաղուայ Հայաստանի հայկական կառավարութեան մէջ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը նորից կանչուած պիտի լինի բերելու իր աշխատանքը, թերեւս նորից ղեկավարող դեր ստանձնելու: Սա մի պարտականութիւն է, որից չի կարող խոյս տալ ոչ մի քաղաքական  կուսակցութիւն»: Իսկ այսօր, Պուքրէշի մէջ, Քաջազնունի արդէն եկած է այն եզրակացութեան, թէ Հ. Յ. Դաշնակցութեան գործը լմնցած է անդառնալիօրէն:

Այն ատեն, երբ Քաջազնունի կը կտրէր իր իսկապէս երկար ու դժուարին ճամբան- Թիֆլիսէն Երեւան, Երեւանէն Զանգեզուր, Զանգեզուրէն Թաւրիզ եւ Թաւրիզէն ալ մինչեւ Պոլիս,- մեր տաժանելի իրականութեան պատմական զգայացունց դէպքերը կարծես թէ ոչինչ կրցան փոխել անոր քաղաքական աշխարհահայացողութեան մէջ. իր հաւատը դէպի մեր անկախութեան սրբազան դատն ու անոր դրօշակակիր Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը մնաց անսասան եւ արտայայտուեցաւ նոյնիսկ այնքա՜ն պերճախօս կերպով իր Պոլսոյ յօդուածներուն եւ նշանակալից ճառին մէջ: Բայց բաւական էր, որ Քաջազնունի կատարէր այնուհետեւ շատ փոքրիկ ճամբորդութիւն մը՝ Պոլսէն դէպի Պուքրէշ, ու յանկարծ ամէն ինչ հիմնիվեր շրջուեր է Քաջազնունիի հոգիին մէջ:

Այդ դժբախտ ճամբորդութեան ընթացքին սակայն ուրիշ բան մը չէր պատահեր, բայց եթէ դիւանագիտական խեղկատակութիւն մը, Լօզանի քոնֆերանս անունով:

Մի՞թէ այդ խեղկատակութիւնն է, որ Քաջազնունիի մէջ կրցեր է արթնցնել ինքնասպանութեան մտքերն ու մղումները, մէկ անգամէն մարելով ազատութեան սրբազան կրակը իր հոգիին մէջ:

XXIII

Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, կ’ըսէ Քաջազնունի, կարող է եւ պէտք է կազմալուծուի, բայց անոր գաղափարն ու գործը կը մնան կենդանի:

Իսկ թէ ի՞նչ է այդ կենդանի գաղափարն ու գործը, կը բացատրէ նոյն Քաջազնունին իր գրքոյկի մէկ ուրիշ մասին մէջ հետեւեալ գեղեցիկ ու ճիշդ խօսքերով.

«Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, իմ խորին համոզումով, միշտ եղել է ու միշտ մնացել- գիտակցօրէն թէ անգիտակցօրէն- հայ քաղաքական ազատագրման մարտիկը, իսկ այդ ազատագրման վերջին կայանը անկախ պետութիւնն է: Մեր կուսակցութեան էութիւնը, գոյութեան իմաստը, պատմական կոչումը, ոյժն ու արժէքը- այդ է եղել ու միայն այդ: Չի եղել ու չկայ ոչ մի իսկական դաշնակցական- ինչ հովերով էլ տարուած լինի նա, ինչ ֆրազէոլոգիա էլ ունենայ բերանում- որ ներշնչուած չլինի անկախութեան գաղափարով, աւելի ճիշդը՝ լեցուած չլինի անկախութեան բնազդով: Եւ այդ իմաստով մեր կուսակցութեան սահմանները շատ աւելի ընդարձակ են, կուսակցականների թիւը շատ աւելի մեծ է, քան արձանագրուած է կոմիտէական տետրակների մէջ»:

Այսպիսի համոզում ունենալով հանդերձ, Քաջազնունի ոչ միայն հնարաւոր, այլ անհրաժեշտ կը գտնէ Հ. Յ. Դաշնակցութեան ինքնասպանութիւնը:

Դուրս կուգայ, որ Քաջազնունիի համար Հ. Յ. Դաշնակցութան կենդանի գործն ու գաղափարը բաժանելի են անոր կազմակերպական մարմնէն, որ իր կարծիքով, արդէն մաշուած ու անպէտքացած է: Կամ Քաջազնունի հնարաւոր կը գտնէ սպաննել Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, իբրեւ կազմակերպութիւն, բայց պահել ու զարգացնել անոր գաղափարն ու գործը:

Եւ հոս է, որ Քաջազնունի չարաչար կը սխալի, անհասկացողութեան մը զոհ երթալով:

Հ. Յ. Դաշնակցութեան նման պատմական մեծ անցեալ ունեցող ժողովրդական կազմակերպութիւն մը, օրինապէս, անքակտելիօրէն կապուած է այն կենդանի գաղափարին ու գործին հետ, որոնց ծնունդ է տուեր: Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, իր գաղափարի ու գործի հետ միասին խոր արմատներ է ձգած ժողովրդական լայն զանգուածի հոգիին մէջ, ձուլուելով, նոյնանալով անոնց հետ: Երբ ժողովուրդը կ’ըսէ Դաշնակցութիւն, ան կը հասկնայ ոչ միայն ազգային կազմակերպութիւն, այլ եւ ազգային միութիւն, ազատութիւն եւ անկախութիւն: Այդ իմաստով է, որ Դաշնակցութեան կուսակցութեան թիւը անհամեմատ աւելի մեծ է, քան արձանագրուած է մեր կոմիտէական տետրակներուն մէջ:

Դաշնակցութիւնը պարզ բաժնետիրական ընկերութիւն մը չէ, որ, երբ բաժնետէրերը հաւաքուին ու որոշեն վերջ տալ իրենց ընկերութեան, ընկերութիւնն ալ անմիջապէս լուծուի, մեքենականօրէն: Դաշնակցութիւնը կենդանի մարմին մըն է, որուն գլուխն է միայն կազմակերպութիւնը, իսկ իրանն ու ոտքերը խրուած են հայ ժողովուրդ կոչուած գետնի մէջ այնքան խոր կերպով, որ անկարելի է ոչնչացնել Դաշնակցութեան մարմինը՝ առանց փճացնելու ե՛ւ այդ գետինը: Եւ եթէ օր մը, խումբ մը Քաջազնունիներ իրենց խօսքը մէկ ըրած միամիտութիւն ունենային փորձել քանդելու մեր կազմակերպութիւնը, կարելի չէ կասկածիլ, որ հէնց այն Դաշնակցական բիւրաւոր անհատները, որոնք կը կորսուին անյայտութեան մէջ, որովհետեւ իրենց անունը արձանագրուած չէ կոմիտեական տետրակներու մէջ, հրապարակ պիտի գան եւ նորէն կանգնեցնեն աւելի փառաւոր շէնք մը՝ նոյն Դաշնակցութիւնը մարմնաւորելու եւ յավերժացնելու համար:

Երբ բոլշեւիկները առաջին անգամ Հայաստան մտան, անոնք եւս այն միամիտ հաւատն ունէին, թէ բաւական է քանի մը հարիւր աչքի իյնող դաշնակցականներ բանատարկել, աքսորել կամ գնդակահարել, եւ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը արմատախիլ կը լինի: Եւ չեզոքացուեցան անոնց կողմէ ամէն տեսակ բռնութիւններով ոչ միայն քանի մը հարիւր, այլ մօտ երկու հազար դաշնակցականներ, որոնք կը կազմէին Հայաստանի Հ. Յ. Դաշնակցութեան կազմակերպութիւնը: Մեր գիւղական ու քաղաքային կոմիտէներու ամբողջ կազմը վերցուեցաւ մէջտեղէն: Եւ սակայն Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը ճիշդ այդ օրերուն աւելի կենդանի ու զօրաւոր էր, քան ոեւէ այլ ատեն: Որովհետեւ երբ բռնի ոյժը անողոք կերպով վերցուց Դաշնակցութեան վերնաշէնքը, այսինքն՝ կազմակերպութիւնը, ցնցուեց, շարժուեց Դաշնակցութեան ներքնայարկը, գետինը, այն անանուն դաշնակցականներու խոշոր զանգուածը, որուն համար Դաշնակցութիւն ըսել է՝ ազգային միութիւն, ազատութիւն եւ անակախութիւն:

Քաջազնունի կը կարծէ, որ, եթէ կարողանայ համոզել կուսակցական քոնֆէրանսի մը հաւաքուած խումբ մը ընկերներ՝ լուծուած յայտարարելու Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, ատիկա արդէն բաւական պիտի լինի իսկապէս վերջ տալու համար մեր կուսակցութեան կեանքին:

Ճիշդ նոյնքան միամիտ եւ գռեհիկ ըմբռնում ունին այսօր մեր կազմակերպութեան էութեան եւ ոյժի մասին Մոսկուայի ներկայ Կարմիր իշխանաւորները, երբ Քաջազնուննի պէս նախկին դաշնակցականններէ կազմուած կեղծ համագումարներու վրայ պարտականութիւն կը դնեն լուծուած յայտարարել Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը: Այն, ինչ որ Քաջազնունի կ’ուզէր ընել Վիեննայի մէջ, այժմ կը փորձեն ընել բոլշեւիկները Մոսկուայի մէջ: Եւ սակայն քաղաքական մանուկ պէտք է լինել լրջօրէն հաւատալու համար, թէ այդ տեսակ արհեստական, բռնազբօսիկ եւ խեղճ միջոցներով կարելի է մահուն դատապարտել Հ. Յ. Դաշնակցութեան պէս կուսակցութիւն մը:

Քանի՜ քանի՜ անգամներ, Հ. Յ. Դաշնակցութեան 33 տարուայ փոթորկալի գոյութեան ընթացքին, տասնեակ եւ նոյնիսկ հարիւրաւոր դաշնակցականներ, երբեմն նոյնիսկ շատ ականաւոր ու տաղանդաւոր դաշնակցականներ հեռացան մեր կազմակերպութենէն այն միամիտ համոզումով, թէ իրենց հեռանալով, պիտի քանդուի ե՛ւ կուսակցութիւնը: Եւ սակայն ոչինչ պակսեցաւ Դաշնակցութեան ոյժէն, կենսունակութենէն եւ հմայքէն: Ընդհակառակը, դէպքերը անակնկալ կերպով միշտ ալ ցոյց կուտային, որ կուսակցութիւնը ա՛լ աւելի թափ կ’առնէր եւ ա՛լ աւելի խոր ու ընդարձակ արմատներ կը ձգէր մեր ժողովրդի հոգիին մէջ: Եւ ամէն անգամ Քաջազնունիները, ինչպէս սրամիտ կերպով նկատեր էր վերջերս մեր ընկերներէն մէկը, իրենց հետ կը տանէին միայն իրենց ստուերները, թողելով կենդանի գործն ու գաղափարը իրենց ետեւը, ճիշդ այն կազմակերպութեան մէջ, զոր լքեր էին այնքա՜ն անմիտ ու անխորհուրդ կերպով: Եւ այսօր ալ կարելի է վստահ լինել, որ ոչ թէ Քաջազնունին մինակ, այլ քանի մը հարիւր Քաջազնունիներ, եթէ անգամ քով քովի գան Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը քանդելու անզուսպ ցանկութեամբ, անզօր պիտի լինին մահացու հարուած հասցնելու մեր կազմակերպութեան, որ պիտի ապրի ու չի կարող չապրիլ, որքան ատեն որ անոր գաղափարն ու գործը կենդանի են:

Եւ իրաւ. այն, ինչ որ Քաջազնունիէն առաջ ու անջատ կ’ընէին ու այժմ ալ կ’ընեն բոլշեւիկները, մի՞թէ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը քանդելու անդուլ եւ անդադար ճիգ չէ: Բայց հասա՞ծ են իրենց նպատակին ոեւէ չափով, կրցա՞ծ են հայ ժողովրդի սրտէն փրցնել հանել Դաշնակցութեան հետ անբաժանելի կերպով կապուած ազգային միութեան, ազատութեան ու անկախութեան անսահման, մոլեգին տենչը, յաջողած են փճացնել տեւականօրէն դաշնակցութեան գէթ կազակերպական մեքենան:

Երբե՛ք: Բանտարկուած, աքսորուած կամ գնդակահարուած ամէն մէկ դաշնակցականի տեղ կը բուսնին տասնեակ նոր դաշնակցականներ, պատրաստ շարունակելու իրենց նախորդի նուիրական գործը ալ աւելի մոլեռանդութեամբ եւ անձնուիրութեամբ:

Քանդուած ու ցրուած ամէն մէկ կոմիտէի տեղ առաջ կուգան քանի մը նորերը՝ շարունակելու համար իրենց նախորդի ընդհատուած գործը:

Ինչո՞ւ: Որովհետեւ, ինչպէս ուրիշ տեղ մը մենք ըսած ենք, «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը նոյնինքն ազատատենչ հայութիւնն է, որ կ’ուզէ իր վրայէն նետել դարերու ստրկութեան շղթաները, ապրիլ ինքնօրէն ու ինքնիշխան իր պատմական հայրենիքին մէջ: Հ. Յ. Դաշնակցութեան դիւցազնական սերունդին թողած յեղափոխական աւանդութիւններն ու ներշնչումները աւելի քան երբեք կը հրահրեն հայ երիտասարդութեան հոգին նոր պայքարներու եւ նուիրումներու համար: Տասնեակ տարիներու ընթացքին հայ մարտական կազմակերպութեան ցանած գաղափարական սերմերը հարուստ բերք մը կուտան դաշնակցական նորանոր անձնուրաց դրօշակակիրներու եւ մարտիկներու: Եւ կասկած չի կայ, որ Հայաստանի մէջ կ’աճի ու կը զօրանայ յեղափոխական նոր սերունդ մը, որը երբեք թոյլ չպիտի տայ, որ Հ. Յ. Դաշնակցութեան սկսած մեծ գործը անաւարտ մնայ, եւ որը պատեհ վայրկեանին իր ծանրակշիռ ու բախտորոշ խօսքը պիտի ըսէ հայ աշխարհի մէջ»:

Ի՞նչ ընդհանուր կապ կրնայ ըլլալ այս ազատատենչ սերունդի եւ հայ բոլշեւիկներուն միջեւ, որոնք՝ օտարներէ սերուած եւ օտար, անհարազատ գաղափարներով սնուած՝ իրենց հոգիին մէջ ատելութիւնն եւ արհամարանք ունին միայն ամբարած հայ ազատագրութեան գործերուն եւ իտէալներուն հանդէպ:

Ո՜րքան պէտք է կուրացած լինել՝ հաւատալու համար, թէ հայ բոլշեւիկներն են որ պիտի ժառանգեն Հ. Յ. Դաշնակցութեան գործը եւ իրականացնեն Հ. Յ. Դաշնակցութեան գաղափարը…

XXIV

«Մեր ապրումներից յետոյ- կ’ըսէ Քաջազնունի- ո՞վ յանդգնութիւն կ’ունենայ պարծենալու, թէ պահել է անխախտ իր մտքի կատարեալ հաւասարակշռութիւնը»:

Մենք չգիտենք, թէ ուրիշները ինչպէս են, բայց Քաջազնունի գէթ իր մասին, իր վերջին գրքոյկով, կուգայ արդէն ապացուցելու շատ ցցուն կերպով, թէ ինքը ամէն պարագայի տակ ամենէն քիչ իրաւունք ունի պարծենալու, որ կրցեր է անխախտ պահել իր մտքի հաւասարակշռութիւնը: Աղաղակող հակասութիւններով լեցուն իր պատճառաբանութիւններն ու ինքնարդարացումները շատ գէշ վկայական մըն են իր մտքի առողջութեան եւ պայծառութեան մասին:

«Ես կուսակցական մարդ չեմ (բառի նեղ իմաստով) ու երբեք էլ չեմ եղել,- կը խոստովանի Քաջազնունի,- եւ այդ է պատճառը, որ այնքան տարի մեկուսի եմ մնացել կուսակցութեան մէջ»:

Այս խոստովանութիւնը շատ ճիշդ է: Քաջազնունի կուսակցական մարդ չէ եղեր երբեք, առաւել եւս երբեք չէ եղեր կուսակցական ղեկավար, որովհետեւ իրեն պակսեր է միշտ ոչ միայն կուսակցական ոգին ու նախանձախնդրութիւնը, այլ եւ քաղաքական գործիչի մտածողութիւնը: Իր ներկայ գրքոյկը պերճախօս ապացոյց մըն է իր ապաքաղաքական (ապոլիտիկ) մտայնութեան:

Պատահական կերպով, իբրեւ հիւր, Քաջազնունի մտեր է Հ. Յ. Դաշնակցութեան մէջ, ինչպէս մտեր են շատ մը ուրիշներ՝ այլեւայլ պարագաներու մէջ, այլեւայլ դիպուածներով: Եւ Քաջազնունի իրաւացի է միանգամայն, երբ կ’ըսէ, թէ ինքը «պարզապէս մի հայ մարդ է եղել»: Բայց չէ՞ որ այդքանը միայն բաւական չէ քաղաքական կամ կուսակցական ղեկավար լինելու համար:

Քաջազնունի աւելի զգացմունքի, քան մտքի մարդ է, ինչպէս ինքն ալ կը խոստովանի անուղղակիօրէն: Ուստի եւ զարմանալի չէ, որ մեր կեանքի ներկայ դժնդակ շրջանի մէջ, իր յոռի զգացումներուն զոհ երթալով, կորսնցուցեր է «մտքի կատարեալ հաւասարակշռութիւնը» եւ ընկճուեր դէպքերու կապարէ ծանրութեան տակ, ինչպէս շատ մը ուրիշ հայ մարդիկ, որոնց հոգին ճզմուեցաւ վերջին աղետնէրու ատեն եւ չկրցաւ անխախտ պահել իր հաւատը դէպի Մեծ Գործը:

Քաջազնունի ցասումով ետ կը մղէ իրեն դէմ ուղղուած ամէն մեղադրանք հաւատափոխութեան կամ կրօնափոխութեան մէջ եւ կը ջանայ համոզել իր ընթերցողները, թէ եկեղեցին չէ որ ինք փոխեր է, «այլ միայն քահանան ու ժամկոչը»: Կուսակցութիւնը ուրեմն իրեն համար եղեր է պարզ քահանայ մը կամ ժամկոչ մը եւ ուրիշ ոչինչ: Ուստի եւ հաւատի խնդիր ալ իբր թէ չի կայ մէջտեղ, այլ միայն ծխասէր քահանայի կամ ժամկոչի փոփոխութիւն:

Այսքա՜ն անլուրջ, ծիծաղելի ըլլալու չափ անլուրջ կը դառնայ մարդ, երբ ամէն գնով կ’ուզէ արդարացնել իր գործած մեղքը:

Իսկ եթէ պահ մըն ալ մտիկ ընենք Քաջազնունիի, հաւատափոխը ոչ թէ ինքն է, այլ մենք, որ իրեն հետ միասին չենք ուզեր փոխել մեր «քահանան ու ժամկոչը»:

«Դաւաճանում էք դուք, որովհետեւ գործիքը սիրում էք աւելի, քան գործը»,-կ’ըսէ Քաջազնունի, իր պաշտպանողական դիրքէն անցնելով յարձակողականի:

Եւ կարծես աւելի եւս հաստատելու համար մտքի հաւասարակշռութեան խախտման մասին ըրած իր խոստովանութիւնը, Քաջազնունի կը բացականչէ.

«Երիտասարդ ընկերներ, գիտէ՞ք, որ յաճախ թւում է ինձ, թէ ձեր մէջ միակ ես եմ մնացել երիտասարդ, իսկ դուք բոլորդ վաղաժամ ծերեր էք…»:

Արդարեւ չափազանց «երիտասարդ» պէտք է ըլլալ բոլշեւիկ պատանիներու ետեւէն կարենալ վազելու համար…

«Երիտասարդութիւնը, նոր սերունդը մեզ հետ չէ այլեւս, ինչպէս էր 20-25 տարի առաջ,- կ’ըսէ Քաջազնունի: Թարմ, ոգեւորութիւնով ու հաւատով լի ոյժեր չեն գալիս շատացնելու մեր շարքերը, փոխարինելու յոգնածներին, ինքնավստահութիւնն ու հաւատը կորցրածներին: Ընդհակառակը, փախչում են մեզանից, լքում են կուսակցութիւնը կամ, որ շատ աւելի վատ է, մնում են միայն անուանօրէն, իներտ, անտարբեր, աշխոյժից ու ոգեւորութիւնից զուրկ, աշխատանքի անընդունակ, մահուան ցուրտը սրտերի մէջ ու հեգնական ժպիտը շրթունքների վրայ»:

Քաջազնունի մէկ բանի մէջ իրաւունք ունի միայն. իրեն պէս «երիտասարդները», այո՛ մեզ հետ չեն այլեւս, իրեն պէս «երիտասարդները», յոգնած եւ ինքնավստահութիւնն ու հաւատը կորսնցուցած ըլլալով, կը փախչին մեզմէ, կը լքեն մեր կուսակցութիւնը, որովհետեւ այլեւս անընդունակ են աշխատանքի, որովհետեւ մահուան ցուրտն ունին իրենց սրտերուն մէջ ու հեգնական ժպիտը՝ շրթունքներուն վրայ: Այսպիսի «երիտասարդներ» մեզ պէտք չեն սակայն եւ բարով թող երթան:

Բայց Քաջազնունի չարաչար կը սխալի, երբ Պուքրէշի իր մենութեան մէջ չի տեսներ իսկական երիտասարդներու, հոգիով եւ մարմնով երիտասարդներու այն անվերջ շարքերը, որոնք անընդհատ կուգան դէպի մեզ, կը խմբուին մեր կազմակերպութեան մէջն ու շուրջը՝ իրենց թարմ ոյժերով, իրենց անսահման հաւատով ու ոգեւորութեամբ եւ իրենց կենդանի շունչով շարունակելու համար նուիրական այն Մեծ Գործը, զոր ստեղծած է ազատատենչ հայութեան դիւցազնական սերունդը: Ինչպէս եւ 20-25 տարի առաջ, երիտասարդութիւնը, առողջ ու հայրենասէր հայ երիտասարդութիւնը Հ. Յ. Դաշնակցութեան հետ եւ անոր սրբազան գաղափարներով տոգորված: Ինչպէս եւ 20-25 տարի առաջ, հայ երիտասարդութեան, հայ մտաւորականութեան լաւագոյն, կենսունակ եւ չայլասերուած տարրը անդիմադրելիօրէն նորէն կը մղուին դէպի մեր կուսակցութիւնը, որ անդաւաճան ու աննկուն կերպով կը շարունակէ ծառայել հայ դատին, հայ ժողովրդին եւ հայ իտէալին:

Մենք մեղաւո՞ր ենք, որ Քաջազնունի չի տեսներ կամ չի ուզեր տեսնել իրականութիւնը եւ իր հեռանալը նշան կը սեպէ երիտասարդներու հեռացման՝ մեր կուսակցութունէն…

Մեր դաշնակցական երիտասարդ ընկերներէն մէկը հետեւեալ շատ բնորոշ տողերը կը գրէ մեզ Քաջազնունիի գրքոյկին առթիւ.

«Գրքոյկը, մանաւանդ անոր եզրակացոութեանց մասը, հակառակ իր լուրջ ու ծանրախոհ արտաքին տարազին, իմ համեստ կարծիքով, շատ անլուրջ գործ մըն է: Քաջազնունին իր այս գրքոյկով կը ներկայանայ ինծի իբրեւ հարազատ մէկ զաւակը ռուսական հիւանդոտ գրականութեան: Ան ինծի կը յիշեցնէ մասնաւորապէս Դոստոեւսկիի հերոսները- տատամսոտ, անվճռական, կէս ճամբէն ետ դարձնող եւ իրեն ունեցած ու չունեցած մեղքերու քաւութիւնը անմիտ թէ միամիտ խոստովանութիւններու մէջ որոնող:

«Ոչ իմ մէջ եւ ոչ ալ ինձ շրջապատող երիտասարդ ընկերներուս մէջ այս գրքոյկը ոչ մի բեկում կամ քանդում առաջ չբերաւ: Փաստեր, փաստարկութիւններ, տրամաբանական դատողութիւններ՝ որքան կ’ուզէք. բայց ինչ որ արհեստական, բռնազբոսիկ բան կայ այդ բոլորին մէջ. կարծես ամբողջ գործը տրամաբանութեան ճեմարանական մարզանք մըն է»:

Ահա ուրիշ երիտասարդ դաշնակցական ընկերոջ մը նոյնպէս յատկանշական կարծիքը.

«Քաջազնունի կը խօսի խղճի անունով: Բայց այդ մարդը կամքի, նկարագրի տկարութիւնը խիղճ կը կոչէ, անձնատուր ըլլալ իր տրամադրութիւններու հիւանադագին յուզումներուն եւ մղումներուն: Բայց մի՞թէ արդար է ներկայացնել հիւանդագին յուզումները իբրեւ խղճի թելադրութիւն… Ափսո՜ս, հազար ափսոս, որ այդպիսի տկար նկարագրի տէր մարդոց այնքա՜ն պատասխանատու պաշտօններ են յանձնուած եղեր…»:

Այս է անկեղծ ու անշահախնդիր ձայնը այն երիտասարդներուն, որոնք, Քաջազնունիի կարծիքով, կը փախչին մեր կուսակցութենէն, հարկաւ իրեն հետեւելուհ ամար: Բայց կարելի է վստահ ըլլալ, որ մեր նոր սերունդը Քաջազնունիներէ շատ աւելի առողջ ոգի, ամուր ջիղեր ու կամք, անխախտ հաւատ ու հաստատուն նկարագիր ունի:

Եւ ասիկա լաւագույն երաշխիքն է, որ Քաջազնունիներու հեռացումով մեր կուսակցութիւնը պիտի շահի միայն:

«Այն  ժողովուրդը,- ըսեր է մեր տաղանդաւոր ընկեր Ն. Աղբալեան Ալեքսանդրիա վերջերս արտասանած իր ճառին մէջ- որ հայրենիք մը ստեղծեց Արարատի փէշերուն տակ, կարող է մի անգամ եւս ստեղծել. այս յոյսը կորած չէ, մենք հաւատքը ունինք այդ բանին:

«Մենք կ’ուզենք մեր ձգտումները, վաղուան մեր երազները յանձնել այն սերունդին, որ պիտի յաջորդէ մեզ եւ պիտի փարի գործին աւելի բորբոք, աւելի պայծառ խանդավառութեամբ:

«Անհատներու մի կապէք ձեր բոլոր յոյսերը. որովհետեւ անոնք առանձին այնքան ալ արժէք մը չեն ներկայացներ: Եթէ Դաշնակցութիւնը կրցեր է ապրիլ, պատճառներէն մէկն ալ այն է եղեր, որ ան երբեք իր յոյսը չէ դրեր սոսկական արժէքներու, կամ անհատական ուժին վրայ: Անհատը ինքնին մեծ բան մը չարժէր, եթէ ան չունենայ, իբրեւ յենարան, ամբողջութիւնը: Շատերը եկեր ու գացեր են, շատերը կրնան գալ ու երթալ, բայց ինքը կուսակցութիւնը կայ ու կը մնայ, որքան ատեն ան իտէալի մը կը նայի…»:

Այսպես է, որ այո՛, Քաջազնունիները պիտի գան ու երթան, բայց Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը պիտի մնայ անխախտ ու կենդանի, որքան ատեն որ իրականացած չէ անոր Մեծ Իտէալը, որ է նաեւ հայ ժողովրդի իտէալը…

 

ՎԵՐՋ, նախորդ մասը կարդալ՝ https://www.aniarc.am/2015/12/01/ruben-part-10/