Ռուբէն Դարբինեան. «Մեր Պատասխանը Յովհաննէս Քաջազնունիի»

859

Հատված ՀՅԴ երևելի դեմքերից Ռուբէն Դարբինեանի «Մեր Պատասխանը Յովհաննէս Քաջազնունիի» գրքից, որը պատասխան է Հայաստանի Առաջին Հանրապետության առաջին վարչապետ Հովհաննես Քաջազնունու «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնն Անելիք Չունի Այլեւս» զեկուցագիր-գրքի: 

XXI

Մենք անհրաժեշտ սեպեցինք մանրամասն վերլուծման ենթարկելու Քաջազնունիի քաղաքական ինքնասպանութեան առաջարկին բոլոր գլխաւոր կէտերը եւ տեսանք, թէ որ աստիճան անոնք անհիմն, անլուրջ, անհետեւողական եւ վնասակար են ոչ միայն Հ. Յ. Դաշնակցութեան, այլ եւ բովանդակ հայութեան ազգային շահերու տեսակէտով:

Մենք աւելորդ նկատեցինք սակայն նոյնքան մանրամասն քննութեան առնել Քաջազնունիի գրքոյկին պատմական մասը, ուր Հայաստանի անդրանիկ վարչապետը փորձ կ’ընէ վեր հանելու Հ. Յ. Դաշնակցութեան անցեալի սխալներն ու թերութիւնները: Այդպէս մենք վարուեցանք այն պարզ պատճառով, որ անցեալի քննադատութեան մէջ բնաւ չէ Քաջազնունիի մտքերուն էութիւնը, այլ ներկայի եւ մանաւանդ ապագայի գնահատութեան մէջ: Ներկայէն ու ապագայէն է, որ Քաջազնունի կ’ուզէ հանել իր մահուան դատավճիռը Հ. Յ. Դաշնակցութեան հասցէին, եւ ոչ երբեք անցեալէն, որուն հանդէպ, հակառակ իր բոլոր մատնանշած սխալներուն եւ թերութեանց, խորունկ յարգանք ունի միայն:

Մեր հակառակորդներու որոշ մասին մէջ մասնաւորապէս ձգտում մը կը նկատուի առանձին կարեւորութիւն ընծայելու Քաջազնունիի՝ մեր անցեալին վերաբերուող «խոստովանութեանց»: Սակայն մեր այդ հակառակորդները կը մոռնան, թէ Հայաստանի անդրանիկ վարաչապետին ըրած «խոստովանութեանց» մէջ Հ. Յ. Դաշնակցութեան անցեալ գործունեութեան մասին՝ գրեթէ չի կայ ոեւէ աչքառու կէտ, որ այս կամ այն ձեւով, երբեմն նոյնիսկ աւելի խիստ կերպով վեր հանուած չլինի մեր կուսակցական մամուլի եւ յատկապէս «Հայրենիք» Ամսագրի մէջ:

Այնպիսի կենդանի եւ կենսունակ կուսակցութիւն մը, ինչպիսին է Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, երբեք ոեւէ հիմ չունի վախենալու ու չէ ալ վախցած քննադատութենէ եւ նոյնիսկ խստագոյն քննադատութենէ: Սեփական սխալներն ու թերութիւնները գիտակցելու եւ չծածկելու քաջութիւնը ինչպէս անցեալի մէջ, այժմ ալ ունի մեր կազմակերպութիւնը. եւ ատոր մէջն է մեր ապագայ նոր յաջողութեանց գրաւականներէն մէկը: Առողջ եւ անաչառ քննադատութիւնը կրնայ միայն օգնել մեզ՝ շիտկելու անցեալի սխալնները եւ ազատուելու մեր ունեցած թերութիւններէն: Եւ այդպիսի քննադատութեան համար մենք միայն շնորհակալ կրնանք ըլալ ոեւէ մէկուն:

Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը ամբողջ 33 տարի եղած է հայ ազատագրական պայքարի առաջաւոր դիրքերուն վրայ, և միշտ ալ իր բովանդակ ոյժով, գործեր է անդադար ու անդուլ եւ կատարեր է հոյակապ գործեր, որոնցմէ մէկը միայն՝ հայկական անկախ պետութեան ստեղծումը բաւական է յաւերժացնելու համար անոր անունը եւ արդարացնելու համար անոր շատ մը ակամայ սխալներն ու վրիպումները: Եւ կուսակցութիւն մը, որ շարունակ գործեր է եւ ոչ թէ մնացեր հեռուէն դիտողի ու բամբասողի դերին մէջ միայն, ինչպէս, օրինակ, մեր հակառակորդէն շատերը, հարկաւ չէին կրնար սխալներ չգործել. սխալներ չի գործեր ան, որ ոչինչ կ’ընէ:

Ուրեմն, մենք պատճառ մը չունինք սիրով եւ երախտագիտութեամբ չընդունելու ամէն մէկ քննադատութիւն, որ կը ծառայէ վերջին հաշուով մեր կուսակցութեան եւ ազգային շինարարութեան: Եւ որ չափով որ մեր անցեալին վերաբերուող քննադատութիւն մը չի անցնիր այդ սահմանէն, մենք ոեւէ հիմ չենք զգար երախտապարտ չըլլալ նաեւ Քաջազնունիի, երբ ան, իր հասկցած եղանակով, կուգայ լուսաբանելու ու գնահատելու անցեալի իրադարձութիւնը եւ մատնանշելու մեր թերութիւններն ու սխալները:

Դժբախտաբար, սակայն, Քաջազնունի կ’անցնի առողջ ու ստեղծագործ քննադատութեան սահմանէն եւ, գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար, կը ձգտի բացարձակ քանդումի ու ինքնասպանութեան: Քաջազնունի կը մոռնայ այժմ այն, ինչ որ ինքն իսկ ըսեր էր հրապարակով «Ճակատամարտ»ի մէջ հազիւ տարի մը առաջ, երբ Հ. Յ. Դաշնակցութեան սխալներուն եւ թերութիւններուն մեծագոյն մասը ամենայն իրաւամբ կը վերագրէր մեր երկրի դժնդակ պայմաններուն, մեր պատմութեան դժբախտ ընթացքին եւ մեր ժողովրդի քաղաքական տհասութեան:

Այն ատեն Քաջազնունի լաւ կը հասկնար, թէ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը «հայ ժողովրդի հարազատ զաւակն է, արիւնը՝ նրա արիւնից եւ ոսկորը՝ նրա ոսկորից», հետեւաբար զերծ չէին կրնար ըլլալ անոր բոլոր թերութիւններէն: Գերազանցապէս ժողովրդական, զանգուածային կուսակցութիւն մը ըլլալով՝ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը բնականաբար աւելի քան ոեւէ հայ կազմակերպութիւն, պիտի կրէր իր վրայ տիրական դրոշմը հայ ազգի զանգուածային հոգեբանութեան եւ աւելի քան ոեւէ այլ հայրութիւններուվ:

Բայց Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը իր սրբազան կազմակերպութիւն պիտի բեռնաւորուած ըլլար անոր բնազդային հակումներով ու աւանդական, թե պարտքն է սեպեր միշտ ըլլալու հոն, ուր է մեր ժողովուրդը, եւ չբաժնելու ինքզինքը անկէ ոեւէ վիճակի մէջ: Այդ պատճառով ալ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, երբեմն նոյնիսկ հակառակ իր վերին մարմիններու որոշումներուն, տարուեր է ժողովրդական հսկայ շարժումններու յորձանքէն եւ ստանձներ է անոնց ղեկաւարութիւնը՝ գէթ չափով մը սանձելու եւ կանոնաւորելու համար անոնց տարերային ու վնասակար թափը: Այդպէս վարուեր է կամաւորական շարժման ատեն 1914թ., այդպէս վարուեր է եւ 1921թ. Փետրուարեան մեծ ապստամբութեան օրերուն: Ուրիշ խօսքով, վատթարագոյնէ ազատելու համար մեր ժողովուրդը՝ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, իբրեւ կազմակերպութիւն, երբեմն գերադասեր է հաշտուիլ վատին հետ, որուն առաջքն անկարող է եղեր առնել:

Այս պարագան կը խոստովանի եւ ինքը Քաջազնունի իր ներկայ գրքոյկին մէջ, երբ կը խօսի կամաւորական շարժման կամ Փետրուարեան ապստամբութեան մասին:

«Պարապ բան կը լինէր հարց դնել այսօր,-կ’ըսէ ան,- թէ պէ՞տք է արդեօք ասպարէզ գային մեր կամաւորները: Պատմական երեւոյթներն ունին իրենց սեփական ու անխորտակելի տրամաբանութիւնը: 1914 թ. աշնան հայ կամաւորական խմբերը կազմուեցին ու կռուեցին թուրքերի դէմ, որովհետեւ չէին կարող չկազմուել ու չկռուել. սա բնական ու անխուսափելի հետեւանք էր մի հոգեբանութեան, որով սնուել էր հայ ժողովուրդը առնուազը մի քառորդ դար, մի ամբողջ սերունդ. այդ հոգեբանութիւնը պէտք է գտնէր իր արտայայտութիւնը, ու գտաւ»:

«Եւ Դաշնակցութիւնը չէր, որ պիտի կասեցնէր շարժումը, եթէ նոյնիսկ ցանկանար: Նա կարող էր օգտագործել եղած տրամադրութիւնը, ընթացք ու ելք տալ կուտակուած ցանկութիւններին, յոյսերին ու յոյզերին, կազմակերպել պատրաստի ոյժը,- այդքան կարողութիւն եւ հեղինակութիւն ունէր: Բայց հակառակիլ հոսանքին ու իր սեփական գիծը տանել,- անընդունակ էր, անընդունակ էր թէկուզ այն միակ պատճառով, որ Դաշնակցութիւնը ինքը՝ մասսա (զանգուած) է, բնազդներով ուժեղ, բայց գիտակցութիւնով թոյլ»:

Մէկ բան սակայն անտես կ’առնէ Քաջազնունի եւ ատով սխալ մեկնութեանց տեղի կուտայ:

Իւրաքանչիւր մասսայական (զանգուածային) քաղաքական կազմակերպութիւն, մանաւանդ յեղափոխական կազմակերպութիւն – որ երկրի մէջ ալ լինի ան – միշտ ալ պիտի լինի «բնազդներով ուժեղ, բայց գիտակցութիւնով թոյլ»: Գիտակցութիւնով զօրեղ կրնան լինել միմիայն վերին, այն ալ բարակ խաւերը քաղաքական կուսակցութեան մը, որքան ալ զարգացած եւ հասուն լինի ան: Բայց այդ վերին խաւերու գիտակցութիւնը բաւական չէ մղելու համար կուսակցական կամ ժողովրդական զանգուածը նպատակայարմար, բաղձալի ուղղութեամբ. բաւական չէ մանաւանդ այն պահերուն, երբ զանգուածի բնազդները համապատասխան չեն վերին խաւերու գիտակցութեան:

Այդպիսի բաղխումներ բնազդներու եւ գիտակցութեան միջեւ մէկէ աւելի անգամներ են տեղի ունեցեր Հ. Յ. Դաշնակցութեան անցեալի մէջ, մեր ժողովրդի պատմութեան ամենապատասխանատու, բախտորոշ շրջաններուն, բայց մեր կազմակերպութեան ղեկավար տարրը, երբ անկարող է եղեր իր գիտակցութեան ուղղութեամբ շարժել զանգուածը, չէ բաժնուեր անկէ, չէ լքեր զայն, թողելով բախտի քմահաճոյքին, այլ ինքը ընդառաջ է գնացեր զանգուածի բնազդներուն, ջանալով հնարաւոր չափով օգտագործել զանոնք ի նպաստ մեր ժողովրդին եւ դատին: Ուրիշ խօսքով, Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, իբրեւ կազմակերպութիւն, երբեք չէ մաքառեր ժողովրդական տարերային հոսանքի դէմ, կամ չէ քաշուեր մէկ կողմ՝ միայն դիտողի եւ քննադատողի դիւրին դերի մէջ մտնելու համար, այլ միշտ գերադասեր է ժողովրդական հոսանքին գլուխն անցնիլ եւ կազմակերպել զայն ու առաւելագոյն արդիւնքն հանել անկէ: Ոչ թէ ամբոխաւարութիւնը, այլ պատասխանատուութեան ծանր զգացումն է որ – ուղիղ թէ սխալ – հարկադրեր է այդպէս վարուիլ, որովհետեւ անկազմակերպ եւ անգլուխ տարերքը շատ աւելի ահաւոր վտանգ մը նկատեր է, քան կազմակերպուածը եւ կազմակերպման միջոցով չափով մը զսպուածն ու կանոնաւորուածը:

Հարկաւ կարելի է վիճել այն մասին, թէ որքան նպատակայարմար եւ արդիւնաւոր է այդպիսի քաղաքականութիւն մը: Սակայն անկարելի է ժխտել,- ինչպէս չէր ժխտած եւ ինքը Քաջազնունի իր անցեալ տարուայ յօդուածաշարքին մէջ,- որ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը միշտ եղած է հաւատարիմ հայ ժողովրդին եւ ըրած է իր լաւագոյնը անոր ինքնապաշտպանութեան ու ազատագրութեան համար:

Եւ այս է ամենէն կարեւորը, բայց ոչ երբեք այն, որ հայ մարտական կուսակցութիւնը սխալներ է գործած անցեալի մէջ, երբեմն նոյնիսկ ծանր սխալներ, որոնց համար սակայն միանգամայն անարդար պիտի լինէր մեղադրել միմիայն Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը: Չէ՞ որ մեր նորագոյն պատմութեան բոլոր վճռական շրջաններուն հայ ժողովրդի ճնշող մեծամասնութեան կամքն է միայն, որ արտայայտեր է Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, եւ իր գործօն օժանդակութեամբ իր սեփական կնիքը դրեր՝ անոր ամէն մէկ քայլի վրայ:

Քաջազնունիի մատնանշած սխալներէն երբեք կարելի չէ եզրակացնել, թէ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը անպէտք է եւ վնասակար, թէկուզ այն պատճառով, որ Քաջազնունի չի ցուցներ եւ չի կրնար ցուցնել հայկական ուրիշ կուսակցութիւնը մը, որ ընդունակ լիներ նոյն պայմաններու մէջ մեր կազմակերպութենէն նուազ սխալներ գործելու եւ աւելի նպաստաւոր արդիւնքներ ձեռք բերելու: Դարձեալ նոյն Քաջազնունին էր, որ տարի մը առաջ հրապարակով կը խոստովանէր, թէ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, իր բոլոր սխալներով ու թերութիւններով հանդերձ, «ամենից մեծ եւ ամենից լաւ կազմակերպուած ոյժն է, որ մինչեւ այսօր կարողացել է ասպարեզ հանել հայ ժողովուրդը»:

Տարի մը ետքը, գրելով իր վերջին գրքոյկը, Քաջազնունի չկրցաւ սակայն ոչ մէկ փաստ բերել, որ ապացուցեր իր այս մտքին հակառակը, ցոյց չտուաւ ոեւէ ուրիշ հայ քաղաքական կազմակերպութիւն, որ աւելի մեծ կարողութիւն եւ հասունութիւն ունենար, քան Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, հայ ազգային դատը պաշտպանելու եւ հայ ազգային իտէալները իրականացնելու համար:

Ահա թէ ինչու, երբ Քաջազնունի քաղաքական ինքնասպանութիւն կ’առաջարկէ Հ. Յ. Դաշնակցութեան, իրականին մէջ ինքնասպանութեան իր հրաւէրը կ’ուղղէ ամբողջ հայ ազգին:

Շարունակելի, նախորդ հատվածը կարդալ՝ https://www.aniarc.am/2015/11/28/ruben-darbinian-part-9/