Ռուբէն Դարբինեան. «Մեր Պատասխանը Յովհաննէս Քաջազնունիի», մաս 8

811

Հայկական ուսումնասիրությունների ԱՆԻ կենտրոնը շարունակում է մաս-մաս ներկայացնել ՀՅԴ երևելի դեմքերից մեկի՝ Ռուբէն Դարբինեանի «Մեր Պատասխանը Յովհաննէս Քաջազնունիի» գիրքը, որը պատասխան է Հայաստանի Առաջին Հանրապետության առաջին վարչապետ Հովհաննես Քաջազնունու «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնն Անելիք Չունի Այլեւս» զեկուցագիր-գրքի

XVII

«Հայ բոլշեւիկները,- կ’ըսէ Քաջազնունի,- մեր ժառանգորդներն են, որ շարունակելու են, ու արդէն շարունակում են մեր գործը: Նրանք անում են ու անելու են այդ՝ գիտակցին թէ չգիտակցին, ցանկանան թէ չցանկանան: Ինչպէս եւ մենք, նրանք էլ ժամանակաւոր մի գործիք են Մեծ վարպետի՝ պատմութեան ձեռքին: Մենք մերը արինք, լրացրինք մի որոշ շրջան: Շարունակութիւնը նրանց է պատկանում:

«Երախտապարտ պիտի լինենք բոլշեւիկներին. խորտակելով մեզ, նրանք՝ եթէ չասեմ փրկեցին, գէթ աւելի ապահով վիճակի մէջ դրին մեր կեանքի գործը: Նրանք եկան մեզ փոխարինելու ճիշդ այն օրհասական ժամին, երբ մենք ինքներս այլեւս չէինք կարող տանել մեր գործի ծանրութիւնը»:

Մտքերու այս ամբողջ կառուցուածքը հիմնուած է բացարձակապէս սխալ ենթադրութեան մը վրայ: Որովհետեւ Քաջազնունիի երեւակայութեան, բայց ոչ երբեք իրականութեան մէջ է, որ հայ բոլշեւիկները կը ներկայացնեն կամ կրնան ներկայացնել հայկական կուսակցութիւնը մը: Լինելով օտար, ռուսական հզօր կազմակերպութեան մէկ խղճուկ ճիւղը, հայ բոլշեւիկները ամբողջովին ենթակայ են այդ օտար կազմակերպութեան կեդրոնին եւ, ինչպէս քանիցս ըսած ենք, ուրիշ բան մը չեն, բայց եթէ այդ կեդրոնի հլու հնազանդ ծառաները:

Վրաց բոլշեւիկներու պատմութիւնը, անկախութեան վէճի առթիւ, չափազանց պերճախօս կերպով ցոյց տուաւ, թէ ի՞նչ իրական յարաբերութիւններ կան Մոսկուայի եւ հպատակ փոքր ազգերու բոլշեւիկներու միջեւ: Երբ վրաց բոլշեւիկներու Կ. Կոմիտէն յանդգնութիւն ունեցաւ Վրաստանի անկախութեան մասին տարբեր կարծիք ունենալ, քան Մոսկուան, վերջինս վրացական ամբողջ Կ. Կոմիտէն պաշտօնանկ ըրաւ եւ աքսորեց Ռուսիոյ խորքերը, իսկ անհնազանդներու փոխարէն զրկեց Թիֆլիս ուրիշ, աւելի հաւատարիմ վրացի բոլշեւիկներ, որոնք պատրաստ էին կատարելու Մոսկուայի հրամանները անվերապահօրէն ու ստրկօրէն:

Իրականին մէջ հայ բոլշեւիկներու կախումը Մոսկուայէն, վրաց բոլշեւիկներէն ալ աւելի մեծ է, թէկուզ այն պատճառով, որ հայ բոլշեւիկները աւելի տկար են, թէ առհասարակ եւ թէ իրենց երկրի մէջ:

Հետեւաբար, հայ բոլշեւիկներու կատարած գործը ուրիշ մը չէ, բայց եթէ այն, զոր կը թելադրէ, Մոսկուան, այսինք՝ հայ ժողովրդի համար օտար ոյժ մը: Եւ եթէ պատահաբար այդ գործը այս պահուս չափով մը կարող է համապատասխանել հայ ազգի ֆիզիքական ինքնապաշտպանութեան ներկայ պահանջներուն, կը նշանակէ՞ այդ արդեօք, թէ առհասարակ եւ անպայման բոլշեւիկներու կատարած գործը մեր գործն է կամ մերինի շարունակութիւնը:

Ուրիշ առիթով մը անգամ մը մենք ըսինք, որ, եթէ հետեւելու լինինք Քաջազնունիի տրամաբանութեան, այն ատեն պիտի ընդունինք նաեւ, թէ ցարական փոխարքաներն ալ մեր գործը կը կատարէին:

Բացարձակապէս կը հրաժարինք հասկնալու, թէ ի՞նչպէս օտար կառաւարութեան քմահաճոյքէն ամբողջովին կախուած ծառաներու խմբակ մը, որ հայ բոլշեւիկներէ բաղկացած է, կրնայ վստահելի ոյժ մը նկատուիլ հայ ազգային շահեր պաշտպանելու եւ մանաւանդ հայ ազգային իտէալներ հետապնդելու համար:

Քաջազնունի կ’ուզէ բոլորովին մոռացութեան տալ, որ հայ բոլշեւիկներու ոչ գիտակցութենէն եւ ոչ ալ ցանկութենէն ոեւէ բան կախուած է: Անոնք կը կատարեն Մոսկուայի կամքը պարզապէս: Ուրեմն, ինչպէ՞ս կրնայ լինել, որ հայ բոլշեւիկները, նոյնիսկ անկախ իրենց գիտակցութենէն ու ցանկութենէն, կատարեն մեր կեանքի գործը, այսինքն՝ ծառայեն նաեւ հայ ժողովրդին եւ անոր քաղքական ազատագրութեան:

Կարելի՞ է երկու տէրերու՝ Մոսկուայի եւ հայ ժողովրդին ծառայել միաժամանակ եւ հաւատարմօրէն:

Որ հայ բոլշեւիկները անպայման հաւատարիմ են Մոսկուային, ատոր մէջ ոչ ոք կրնայ կասկածիլ, ոչ իսկ Քաջազնունի: Ուրեմն, պարզ չէ՞, որ անոնք անհաւատարիմ են հայ ժողովրդին եւ անոր իտէալներուն հանդէպ, որոնք միշտ արհամարհելի են եղած հայ բոլշեւիկներու համար:

Քաջազնունի միանգամայն անտես կ’առնէ, որ իր քաղաքական անցեալով, իտէալով, ձգտումներով, շահերով եւ դիրքով մեր ազգին բոլորովին օտար կազմակերպութիւն մը չի կրնար ոեւէ համեմատութեան դրուիլ զուտ հայկական կազմակերպութեան մը հետ, որ պատմականօրէն բղխած է հայ ժողովրդի կենսական կարիքներէն, անբաժանելիօրէն կապուած է հայ ժողովրդին հետ, իր իտէալները վերցուցած է հայ ժողովրդէն եւ չի ծառայէր ոեւէ օտար տիրոջ կամ նպատակի:

Ինչո՞ւ չհասկնալ, թէ հայ բոլշեւիկի համար Հայաստանը ծառայութեան պատահական վայր մըն է, զոր ան ուրախութեամբ կը լքէ, երբ իրեն պատեհութիւն կը տրուի ուրիշ տեղերու մէջ ծառայելու «համաշխարհային յեղափոխութեան» կամ, աւելի ճիշդը, Խորհրդային Ռուսիոյ: Հայ բոլշեւիկը երբեք ապրած չէ հայ կեանքով, հայ ժողովրդի ցաւերով, գաղափարներով եւ իտէալներով: Հայ բոլշեւիկը անցողական հիւր մըն է Հայաստանի մէջ, ողորմածութեամբ ռուսական Կարմիր բանակի եւ Մոսկուայի ներկայ իշխանաւորներու: Ծագումով հայ լինելով, ան հայ չէ, իբրեւ քաղաքացի եւ իբրեւ հայ ազատագրութեան մարտիկ:

Հայ բոլշեւիկները ռուսական բանակի հետ եկան Հայաստան ոչ թէ զայն փրկելու, կամ ապահով վիճակի մէջ դնելու, այլ որովհետեւ Խորհրդային Ռուսիոյ շահը այդ պահանջեց: Վաղը հանգամանքները կրնան փոխուիլ, եւ նոյն հայ բոլշեւիկները, կրնան առանց դժուարութեան լքել մեր երկիրը ու քաշուիլ Ռուսիոյ խորքերը, որովհետեւ դարձեալ այդպէս կրնայ պահանջել Ռուսիոյ շահը, այդպէս կրնայ տրամադրել Ռուսիոյ տկարացած ոյժը:

Քաջազնունի պէտք է որ հասկնար, թէ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը փոխարինելու կոչուած կազմակերպութիւնը մը նախ եւ առաջ պէտք է լինի հայկական իր ոգիով, քաղաքական ձգտումներով եւ իտէալներով: «Համաշխարհային յեղափոխութեան» ետևէն ինկած եւ ռուսական տէրերուն հլու հնազանդ մարդիկ, թէկուզ հայ անուններով, չեն կրնար լինել այն ոյժը, որուն հայ ժողովուրդը կրնայ վստահիլ իր բախտը գիտակցաբար եւ իր բարի կամքով:

Ի՞նչ կը կարծէ Քաջազնունի, եթէ Մոսկուա վաղը քմահաճոյքն ունենայ, որ բնաւ անկարելի չէ, Մեասնիկեաններու եւ Սրապիոնեաններու տեղը Երեւան ղրկելու ռուս Իվանովներ եւ Պետրովներ, ատկէ ոեւէ բան պիտի փոխուի՞ Հայաստանի ներկայ վիճակին մէջ: Ոեւէ տարակոյս չի կրնայ լինել հարկաւ, որ ոչինչ պիտի փոխուի այդ պարագային, բացի թերեւս այն բանէն, որ իրերը պիտի ներկայանան իրենց լիակատար մերկութեամբ, առանց Քաջազնունիները մոլորեցնող քողին: Մի՞թէ այն ատեն ալ Քաջազնունի մեզի պիտի ըսէր, թէ բոլշեւիկները կը շարունակեն մեր կեանքի գործը եւ մեր պատմական ժառանգներն են:

Բայց, եթէ Քաջազնունի հետեւողական լինէր, այդ ալ պիտի ըսէր, որովհետեւ հայ ժողովրդի եւ Հայաստանի համար ոչ մէկ էական տարբերութիւն կայ բոլշեւիկ Մեասնիկեանի մը կամ Իվանովի մը միջեւ: Մի՞թէ բոլոր անոնք, որ ժամանակագրօրէն կրնան յաջորդել մեզ, բռնի ոյժով ընդհատելով եւ խանգարելով մեր ազգային ազատագրութեան գործը, պիտի նկատուին մեր պատմական ժառանգները:

Եթէ Քաջազնունի չտարուէր իրարու արտաքին, խաբուսիկ երեւոյթներէն, պիտի հասկնար, որ հայ բոլշեւիկներուն երախտապարտ լինելու բան մը չունինք երբեք, ինչպէս եւ երախտապարտ չենք կրնար լինել ռուս բոլշեւիկներուն, որոնք՝ քէմալական Թուրքիոյ հետ դաշնակցած՝ խորտակեցին հայկական անկախ հանրապետութիւնը եւ Հայաստանը նորէն վերածեցին ռուսական եւ թրքական գաւառներու, հաստատելով իրենց խեղդող, տաժանելի բռնակալութիւնը մեր երկրի մէջ:

Իսկ եթէ Քաջազնունի քիչ մը աւելի հետեւողական լինէր, նոյն անհեթեթ տրամաբանութեամբ պիտի ըսէր, մենք պարտաւոր ենք երախտապարտ լինելու նաեւ թուրքերուն, որոնք եկան մեզ ազատելու մեր գործի անտանելի ծանրութենէն…

————

Թեթեւամտութեան հասնող արհամարանքով մը Քաջազնունի կը վերաբերուի հայ քաղաքական կազմակերպութեանց գործունէութեան մեր գաղութներու մէջ, ուր հայ ժողովրդի գրեթէ կեսը կ’ապրի: Մինչդեռ Քաջազնունի չի կարող չգիտնալ, թէ ոչ միայն քանակը գաղութային հայութեան, այլեւ որակը այնպիսի կարեւոր արժէք մը կը ներկայացնեն համազգային շահերու տեսակէտով, որ պարզապէս յանցանք է զայն նկատի չառնել, իբրեւ գործօն ոյժ մեր քաղաքական դատի համար:

Մասնաւորապէս բոլշեւիկեան խեղդող բռնակալութեան շրջանին, երբ հայկական տնտեսութիւնը քայքայուած է երկրի մէջ եւ հայ մտաւորականութիւնը ցրուած կամ աննախըթացօրէն բռնադատուած է իր բոլոր ազգային քաղաքական իրաւունքներուն ու պարտականութեանց մէջ, աւելի քան երբեք հայ գաղութներուն վիճակուած է պատմական մեծ դեր մը հայ ազատագրական շարժման մէջ: Հայ գաղութներու մէջ է այսօր, որ աւելի քան երբեք կուտակուած է հայկական դրամագլուխը եւ հայ ստեղծագործ մտաւորականութիւնը: Հոս է, որ հայ քաղաքական միտքը կրնայ գործել ազատ՝ մեր ազգին համար եւ հայ քաղաքական կամքը կրնայ կազմակերպուիլ ու խտանալ ազատ՝ նոր միջոցներ կերտելու համար, ի նպաստ հայ ազատագրութեան:

Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը միակ հայ քաղաքական կազմակերպութիւնն է, որ գաղափարով եւ գործով կապեր է ու այսօր ալ կը կապէ գաղութներու հայութիւնը մայր Հայաստանի մէջ ապրող ժողովրդին հետ: Քանդել Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը՝ կը նշանակէ քանդել ե՛ւ այդ կապը, որ կենսական արժեք ունի մեր ազգային վերածնութեան համար, թէ կուլտուրական եւ թէ քաղաքական տեսակէտներով:

Իրերու բերումով գաղութներու մէջ է փախադրուէր հայ մտաւոր եւ քաղաքական ղեկաւարութեան կեդրոնը: Եւ այսպէս պիտի լինի այնքան ատեն, որքան ատեն որ հայ երկրի մէջ տիրէ բռնակալ ռեժիմը մը, որ զգետնած է հայ ժողովուրդը եւ ճզմած՝ հայ միտքն ու կամքը:

Գաղութներն են այսօր երկրի հայութեան լոյսի եւ յոյսի փարոսը: Անոնց հետ եւ անոնց գործօն օժանդակութեամբ է, որ Հայաստանի ժողովուրդը կրնայ օր մը ապահովել իր գոյութիւնը եւ վերանուաճել իր ազատութիւնն ու անկախութիւնը: Այն, ինչ որ օտար բռնակալներու ձեռքով այսօր կը քանդուի, կը փճացուի Հայաստանի մէջ, գաղութներու պահեստի ոյժն է, որ վաղը պիտի շիտկէ, լրացնեէ, վեաշինէ:

Միմիայն քաղաքական հայ կազմակերպութեանց եւ մասնաւորապէս Հ. Յ. Դաշնակցութեան ներզօր աշխատանքով է, որ գաղութները պիտի կարենան կատարել իրենց վրայ դրուած պատմական ծանր պարտականութիւնները՝ վաղուան մեր յաղթանակը նախապատրաստելու եւ ապահովելու համար երկրի մէջ:

Անցեալի մէջ մեր գաղութներու քաղաքական դաստիրակութեան պակասին հետեւանքով, երկրի մեր ժողովուրդը դժբախտաբար արտասահմանի հայութենէն ոչ միայն չստացաւ այն օժանդակութիւնը, որուն պէտք ունէր, այլ եւ յաճախ ենթարկուեցաւ անոր ամբոխային ծայրահեղ մղումներուն, որոնք վնասակար կերպով անդրադարձան մեր դատի ընթացքին վրայ: Այժմ անհարժեշտ է լրացնել այդ պակասը:

Եւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան վրայ կ’իյնայ գլխաւորապէս այդ ծանր պարտականութիւնը, զոր կարող է կատարել եւ պէտք է կատարէ, օգտուելով անցեալի խրատական, հրահանգիչ փորձէն: Մեր զանգուածներու քաղաքական դաստիրակութիւնը երկրի մէջ եւ արտասահման, դարձած է հրամայական պահանջ մը, անհարժեշտ նախապայմանն է ե՛ւ մեր ապագայ յաղթանակին:

Քաջազնունի սակայն այս բոլորը անտես կ’առնէ եւ ամէն բան կ’ուզէ թողուլ բախտի քմահաճոյքին եւ… բոլշեւիկներուն, որոնք, ինչպէս յայտնի է, քանդելու մէջ են վարժ, բայց ոչ երբեք շինարարութեան, մանաւանդ ազգային շինարարութեան:

Իրաւունք չունի՞նք այժմ ըսելու թէ Քաջազնունի այսպէս կընէ պարզ այն պատճառով, որ կը մօտենայ մեր կեանքի քաղաքական հրատապ հարցերուն ոչ թէ հայ ազգի գերագոյն պահանջներու տեսակէտով, այլ բոլշեւիկեան անհարազատ խմբակի մը հայութեան համար օտար շահերու ակնոցով…

Շարունակելի, նախորդ հատվածը կարդալ՝ https://www.aniarc.am/2015/11/23/ruben-darbinian-part-7/