Ռուբէն Դարբինեան. «Մեր Պատասխանը Յովհաննէս Քաջազնունիի», մաս 7

747

Հայկական ուսումնասիրությունների ԱՆԻ կենտրոնը շարունակում է մաս-մաս ներկայացնել ՀՅԴ երևելի դեմքերից մեկի՝ Ռուբէն Դարբինեանի «Մեր Պատասխանը Յովհաննէս Քաջազնունիի» գիրքը, որը պատասխան է Հայաստանի Առաջին Հանրապետության առաջին վարչապետ Հովհաննես Քաջազնունու «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնն Անելիք Չունի Այլեւս» զեկուցագիր-գրքի

XV

Շատ պարզունակ եւ ամբոխամիտ կերպով Քաջազնունի կ’ուզէ լուծել մեր կեանքի ամենէն բարդ քաղաքական խնդիրները:

Իրեն կ’ըսեն, թէ բոլշեւիկները օր մը կրնան լքել Հայաստանը եւ իրենց տունը՝ Ռուսիա վերադառնալ, ինչպէս ըրին 1918թ.՝ թողելով մեր ժողովուրդը երես առ երես մեր կովկասեան հարեւաններու եւ տաճիկներու հետ: Արդ՝ ի՞նչ պիտի ընէ այն ատեն հայութիւնը, ինչպէ՞ս պիտի պաշտպանէ իր գոյութիւնը, եթէ չունենայ Հ. Յ. Դաշնակցութեան պէս կազմակերպութիւն մը:

Քաջազնունիի պատասխանը կարճ եւ անառարկելի ձեւ մը ունի: Կը պնդէ, թէ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը չէ յամենայն դէպս այն ոյժը, որ կարող է յարմար եւ ձեռնահաս դերակատար մը լինել այդ նեղ կացութեան մէջ:

Հարց կը ծագի սակայն, եթէ չլինեն բոլշեւիկները, որոնց հետ Քաջազնունի կապեր է իր բոլոր յոյսերը, չլինի նաև Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, զոր բոլշեւիկներու նորընծայ փաստաբանը ամէն գնով կ’ուզէ քայքայել,- հապա ո՞վ պիտի ղեկավարէ հայութեան քաղքական բախտը, պայքարը:

Այս կենսական հարցին սակայն Քաջազնունի ոչ մէկ դրական պատասխան կուտայ: Իր քաղաքական իմաստութիւնը միայն մէկ թելադրութիւն ունի մեզի ընելու, այն է՝ երբ գայ կարիքը, կը գտնուին եւ մարդիկ: Ամեն բան ուրեմն Քաջազնունի կ’ուզէ թողուլ պատահականութեան, ճակատագրին. ինչ որ պէտք է լինի, կը լինի:

Քաջազնունիի սքանչելի տրամաբանութեամբ, պէտք չէ նախօրօք պատրաստուիլ, նախատեսել ոեւէ բան, կազմակերպուել, մարզուել, ամէն ուղղութեամբ ինքնապաշտպանութեան դիրքեր բռնել եւ միջոցներ ձեռք առնել. պէտք չէ, քանի որ Քաջազնունի գտած է արդէն փրկութեան միակ եղանակը – ամէն բան թողուլ բարեխնամ բոլշեւիկներու բարձր հոգածութեան. իսկ եթէ, հակառակ իր բոլոր սպասելիքներուն, անոնք օր մը լքեն մեր ժողովուրդը, այն ատեն Աստուած ողորմած է՝ յարմար եւ ձեռնահաս մարդիկ հրապարակ կուգան ելք մը գտնելու համար:

Որո՞նք են սակայն այդ մարդիկը, որտեղէ՞ն պիտի բուսնին անոնք եւ ինչպէ՞ս,- այդ հարցումներուն պատասխանելու նեղութիւնը Քաջազնունի չի ուզեր այժմ յանձն առնել, այլ կ’ուզէ թողուլ ապագային: Մէկ բան միայն անոր նախատեսութիւնը կը թելադրէ շատ որոշ, կտրուկ եւ անվերապահ կերպով,- այն, որ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, ինչ ալ պատահի ապագային, ոչ մէկ պարագայի կրնայ այլեւս օգտակար լինել հայ ժողովրդին:

Ո՞վ պիտի յարաբերութիւններ մշակէ հակաբոլշեւիկեան ռուս ոյժերուն հետ:

Ո՞վ պիտի կարենայ, գերագոյն վտանգ մտահոգութեամբ, ինքնապաշտպանութեան միջոցներ ձեռք առնել նախօրօք՝ Թուրքիոյ մահացու հարուածը կասեցնելու կամ ըստ կարելւոյն տկարացնելու համար:

Ո՞վ պիտի ընդհանուր լեզու գտնէ մեր բախտակից կովկասեան ազգերուն հետ եւ ի հարկին անոնց գործակցի մեր ազգային գոյութիւնը ապահովելու եւ մեր ազատուիւնը վերանվաճելու համար:

Ո՞վ պիտի օգտագործէ Եւրոպայի կամ Ամերիկայի կողմէ գալիք պատեհութիւնները ի նպաստ մեր ժողովրդի քաղաքական դատին:

Ո՞վ պիտի, վերջապէս, արթուն պահակը եւ առաջապահը լինի այսուհետեւ հայ ազգի ազատագրական պայքարին:

Եւ կենաց ու մահու չափ կարեւոր այս հարցումներուն համար ի զուր պիտի փնտռէք ոեւէ դրական պատասխան Քաջազնունիի մօտ:

Կարո՞ղ է ողջամիտ, շրջահայեաց, իրատես ու հեռատես հայ պետական գործիչ մը, որ պատասխանատուութեան ոեւէ զգացում ունի իր հոգիին մէջ, հանգիստ խղճով ինքնասպանութեան վճիռ արձակել հայ ազգի մեծագոյն քաղաքական կազմակերպութեան, որ, իր բոլոր թերութիւններով հանդերձ, գէթ առայժմ ամենէն ձեռնհաս գործօն ոյժն է մեր իրականութեան մէջ: Ո՞վ կարող է Հ. Յ. Դաշնակցութենէն բացի, պաշտպանել հայութեան այն բոլոր քաղաքական դիրքերը եւ օգտագործէ այն բոլոր քաղաքական միջոցները, որոնք դուրս են բոլշեւիկներու կարողութեան եւ հասողութեան սահմաններէն: Ոչ ոք: Հանցաւոր թեթեւամտութիւն չէ՞ ուրեմն փճացնել ուզել քաղաքական այն մեծ գործիքը, զոր տասնեակ տարիներու անդուլ պայքարով եւ զոհողութիւններով կրցեր է ստեղծել իրեն համար հայ ժողովուրդը յանձին Հ. Յ. Դաշնակցութեան: Աւելի եւս աններելի թեթւամտութիւն չէ՞ ընել այդ, առանց նոյնիսկ վստահ լինելու, թե կրնայ առաջ գալ ուրիշ, եթէ ոչ աւելի, գէթ նոյնաչափ ձեռնահաս եւ հասուն ոյժ մը, որ կարենար կատարել մեր կեանքի մէջ Դաշնակցութեան մինչայժմեան ղեկաւար դերը:

Տարի մը առաջ Քաջազնունի, քննադատելով հանդերձ Հ. Յ. Դաշնակցութեան գործունէութիւնը անցեալի մէջ շատ լաւ գիտէր, թէ հայ իրականութեան մէջ չկայ անկէ աւելի ձեռնահաս եւ կարող քաղաքական կազմակերպութիւնը մը. կը հասկանար այն ատեն, թէ Հ. Յ. Դաշնակցութեան անցեալի սխալները, թերութիւններն ու սայթաքումները նոյն հայ անփորձ ժողովրդի սխալները, թերութիւնները եւ սայթաքումներն են. յստակօրէն կը գիտակցէր, թէ Հ. Յ. Դաշնակցութեան միջոցով է դարձեալ, որ հայութիւնը պիտի կարենայ այսուհետեւ եւս ոեւէ քայլ ընել իր ազատագրութեան ճամբուն վրայ:

Իսկ այժմ Քաջազնունի՝ մոռցած այդ բոլորը՝ մէկ բան կ’ուզէ գիտնալ միայն, այն՝ որ պէտք է քանդել Դաշնակցութիւնը, առանց անոր տեղ նոր բան մը շինելու:

Քաջազնունի չի ուզեր ճանչնալ ոեւէ հայ քաղաքական կուսակցութեան գոյութիւն գաղութներու մէջ: Երկրի մէջն ալ բոլշեւիկները չեն ուզեր ճանչնալ:

Ուրե՞մն, բոլշեւիկներէն բացի, հայ ազգը ուրիշ քաղաքական կազմակերպութիւն չպիտի՞ ունենայ եւ լուծմա՞ն պիտի ենթարկէ մեր բոլոր կուսակցութիւնները:

Եթէ հետեւինք Քաջազնունիի իմաստուն խորհուրդին, մեր կազմակերպական բոլոր շէնքերը պիտի քանդենք, միմիայն այն պատճառով, որ գոյութիւն ունին բոլշեւիկները, որոնք, Քաջազնունիի կարծիքով, կ’ընեն ու պիտի ընեն այն ամէն կարելին, ինչ որ պէտք է հայ ժողովրդին: Հետեւաբար, միւս բոլոր հայ կուսակցութեանց գոյութիւնը կը դառնայ աւելորդ ու նոյնիսկ վնասակար:

Շատ բնորոշ է, որ Քաջազնունիի ամբողջ քաղաքական մտածողութիւնը անբաժանելիօրէն կապուած է ներկայ վայրկեանի հետ, որուն կատարեալ գերին է: Իսկ ապագայի վերաբերմամբ Քաջազնունի բացայայտօրէն ճակատագրապաշտ (ֆատալիստ) է. ոչինչ կ’ուզէ նախատեսել, ոչ մէկ հաւանական փոփոխութեան համար անհրաժեշտ կը նկատէ պատրաստուիլ եւ կազմակերպուիլ ու պայքարիլ. եւ ամէն բան կ’առաջարկէ թողուլ անորոշ վիճակի մէջ, մինչեւ որ գայ վերջին պահը, որ եւ պիտի ծնի իսկոյն անհարժեշտ միջոցներն ու մարդիկ…

Իրականին մէջ Քաջազնունի կը յայտաբերէ ապաքաղաքական (ապոլիթիկ) մտածողութեան շատ բնորոշ հակումներ: Տեսակ մը բութ անտարբերութիւն կը զգացուի իր դատողութիւններու մէջ մեր ազատագրական պայքարի եւ իտէալներու մասին: Բալշեւիկները իրեն համար կոչուած են նախախնամութեան մը դերը կատարել եւ անոնց բարի կամեցողութեան է որ Քաջազնունի կ’ուզէ յանձնել մեր ժողովրդին բախտը ամբողջութեամբ՝ կարծես ազատուելու համար մի անգամ ընդ միշտ քաղաքական այնքա՜ն ծանր ու հոգեմաշ մտահոգութիւններէն:

«Երբ ներկայ քաղաքական պայմանները փոխուին հիմնովին կամ խոշոր չափերով,- կ’ըսէ Քաջազնունի,- հաւանական է, որ Խորհրդային իշխանութիւնը՝ իբրեւ անհարազատ ու անհամապատասխան հայկական իրականութեան՝ հարկադրուած լինի տալ իր տեղը ուրիշ ոյժերի, ուրիշ քաղաքական ու հասարակական խմբակցութիւնների. նա եւս կատարած ու աւարտած կը լինի իր դերը: Բայց Դաշնակցութիւնը չէ, որ պիտի փոխարինի բոլշեւիկներին:

«Նոր դրութիւնը նոր պահանջներ կ’առաջադրի:

«Քաղաքական (ու մանաւանդ յեղափոխական) կուսակցութիւնները չեն կարող կերպարանափոխուիլ անվերջ, ամէն օրուայ պահանջի համեմատ: Նրանք ծագում են որոշ շրջաններում՝ որոշ գործ որոշ միջոցներով կատարելու համար. երբ դրութիւնը փոխւում է հիմնովին, պէտք է փոխուին եւ քաղաքական խմբումները: Կուսակցութիւնը չէ կարող ազատուիլ իր անցեալից, որքան էլ կամենայ. անցեալը միշտ անդրադառնալու է ներկայի վրայ, կաշկանդելու է այն: Կան յիշողութիւններ, սովորութիւններ, կապեր, համակրութիւններ եւ հակարութիւն, որոնք, նոյնիսկ ակամայից ու անգիտակցօրէն, յայտ են գալու ու մի տեսակ անաքրոնիզմ մտցնելու աշխատանքների մէջ:

«Նոր գինին չի կարելի լցնել հին տիկերի մէջ. գիտէք, որ տիկերն էլ կը պատռուեն, գինին էլ կը թափուի…»:

Ուրեմն Քաջազնունի կը ընդունէ, որ օր մը բոլշեւիկները կրնան տեղի տալ «ուրիշ ոյժերի, ուրիշ քաղաքական ու հասարակական խմբակցութիւնների» առջեւ, բայց չի ուզեր ընդունել, որ այդ ոյժերէն կամ խմբակցութիւններէն մէկը կրնայ լինել Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը:

Ինչո՞ւ: Որովհետեւ «նոր դրութիւնը նոր պահանջներ» պիտի առաջադրէ: Եւ միմիայն նոր դրութեան մէջ եւ նոր պահանջներու համաձայն է, որ Քաջազնունիի կարծիքով, վերջին պահուն պիտի կազմուին անմիջապէս այն ոյժերն ու խմբակցութիւնները, որոնք կարող են փոխարինել բոլշեւիկները: Ուեէ անցեալ ունեցող ոյժեր կամ խմբակցութիւններ չպիտի լինին անոնք, որովհետեւ անոնց անցեալը կրնայ վնասակար կերպով անդրադառնալ անոնց մտայնութեան եւ գործելակերպի վրայ: Եւ որպէսզի անոնք իրենց անցեալով «մի տեսակ անաքրոնիզմ» չմտցնեն իրենց «առօրեայ աշխատանքների» մէջ, Քաջազնունի կը թելադրէ, որ նոր գինին անպատճառ լեցուի նոր տիկերու մէջ:

Ուրիշ խօսքով, Քաջազնունի կ’ուզէ, որ քաղաքական ղեկավար կազմակերպութիւն մը երեւան գայ միայն այն վայրկեանին, երբ «նոր գինին» արդէն պատրաստ կը լինի: Միմիայն այդ պարագային է, որ անցեալի ծանր բեռէն ազատ եւ մօր արգանդէն նոր ծնած կազմակերպութիւն մը կրնայ լինել Քաջազնունիի պահանջած նոր տիկը՝ նոր գինին իր մէջ պահել կարենալու համար:

Քաջազնունի միամտութիւն ունի կարծելու, թէ բոլորովին նոր ծնած կազմակերպութիւն մը կարող է աւելի ձեռնահաս լինել վարելու ազգի մը ճակատագիրը, անոր կեանքի ամենածանր վայրկեաններուն մէջ, քան տասնեակ տարիներու փորձառութիւն եւ պատմական անցեալ ունեցող կուսակցութիւն մը: Քաջազնունի չի ուզեր ըմբռնել, որ իւրաքանչիւր քաղաքական կազմակերպութիւն, ինչպէս եւ անհատ, ժամանակի եւ փորձառութեան պէտք ունի հասուննալու համար, եւ որ հարուստ անցեալը վերջին հաշուով աւելի շուտ առաւելութիւն մըն է, քան պակասութիւն մը ոեւէ կուսակցութեան համար:

Քաջազնունի կը մոռնայ նաեւ, որ, եթէ անցեալ ունեցող կազմակերպութիւն մը կարելի լինի նոյնիսկ համեմատել հին տիկի հետ, այսուհանդերձ ոչ մէկ խելահաս մարդ չի պատռեր իր հին տիկը, քանի դեռ չունի նոր մը՝ իր գինին պահելու համար: Հին գինին, որ շատ աւելի թանկագին է, քան նորը, կը պահուի հին տիկերու մէջ, իսկ երբ լինի նոր գինի, այն ատեն ոչինչ կը խանգարէ, որ նոր տիկ մըն ալ ձեռք բերուի նոր գինին պահելու համար:

Այն ատեն ալ սակայն նոր տիկը պէտք է նախ փորձել. չէ՞ որ սկիզբէն իսկ կրնայ ծակուած ու անպէտք լինել: Բայց մի՞թէ խելագարութիւն չէ պատռել հին տիկը եւ թափել հին գինին միմիայն այն պատճառով, որ նոր գինի է ելեր, որուն համար նոյնիսկ տակաւին նոր վստահելի տիկ մըն ալ չկայ մէջ տեղ…

Եւ սակայն հէնց այդ խելագարութիւնն է, որ կ’ուզէ գործել տալ մեզի Քաջազնունի՝ քանդել առաջարկելով Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը…

XVI

Իր գրքոյկին մէջ Քաջազնունի շատ անողոք կերպով կը քննադատէ Հ. Յ. Դաշնակցութեան անցեալի սխալներն ու թերութիւնները:

«Պետութիւն կազմելու ու պետական կեանքը ղեկավարելու գործը,- կ’ըսէ հեղինակը,- մեր ոյժերից շատ վեր է եղել»:

Քաջազնունի, ճիշդ է, կ’ընդունի, որ «Հայաստանի դրութիւնը եղել է բացառիկօրէն ծանր ու մեր աշխատանքի պայմանները՝ բացառիկօրէն անբարեյաջող», բայց եւ անհերքելի կը նկատէ, որ խոշոր դեր է կատարեր «նաեւ մեր սեփական անկարողութիւնը, պետական գործեր վարելու անձեռնհասութիւնը»: Եւ շարունակելով զարգացնել իր միտքը՝ Քաջազնունի կ’ըսէ. «Եթէ ճիշդ է, որ կառաւարել՝ ասել է նախատեսել, ապա ուրեմն՝ մենք միանգամայն անպէտք կառավարիչներ ենք եղել, որովհետեւ հէնց այդ նախատեսնելու ընդունակութիւնն է, որ չենք ունեցել բնաւ»:

Ապա հեղինակը կը մեղադրէ Դաշնակցութիւնը այն բանի մէջ, որ «չէ ունեցել որոշ ու յստակ գիտակցութիւն մեր անելիքի մասին, չէ ունեցել ղեկավարող սկզբունք ու տեւողական, հետեւողական համակարգ. գործել է կարծես յանկարծակի ու պատահական ներշնչումների տակ, տատանուիլ է, պատից-պատ ընկել, կէս-կուրօրէն շօշափելով իր ոտների տակի հողը»:

Ասկէ զատ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, Քաջազնունիի կարծիքով, «չէ ճանաչել ու յաճախ գերագնահատել է մեր կարողութեան չափը, չէ հասկացել դժուարութիւնների մեծութիւնը, արհամարել է հակառակ ոյժերը եւ թեթեւամտութեան աստիճանի անփոյթ է եղել մեզ սպառնացող վտանգների հանդէպ»:

Եւ, վերջապէս, Դաշնակցութիւնը «չէ կարողացել տարբերել պետութիւնը կուսակցութիւնից, ու կուսակցական մտայնութիւն է մտցրել մեր պետական կեանքի մէջ»:

Կարո՞ղ է սակայն Քաջազնունի մեր ամբողջ իրականութեան մէջ ցոյց տալ քաղաքական այլ կազմակերպութիւն մը, որ այսուհանդերձ, Հ. Յ. Դաշնակցութենէն աւելի ձեռնահս, աւելի նախատեսող, աւելի փորձառու եւ աւելի հասունացած լինէր աւելի յաջողութեամբ վարելու համար մեր ազգի եւ պետութեան ճակատագիրը մեր պատմութեան ամենաողբերգական այս շրջանին:

Քաջազնունի, եթէ նոյնքան շիտակ լինէր այժմ, որքան էր անցեալ տարի, պիտի խոստովանէր, որ չի կայ եւ որ այդ էր մօտիկ անցեալի մէջ ոչ միայն Հ. Յ. Դաշնակցութեան, այլ հայ ժողովրդի կարողութեան չափը:

Որտե՞ղ է տեսնուած, որ դարերով ստրկութեան մէջ ապրած ժողովուրդ մը, առանց ազատ եւ անկախ կեանքի յարատեւ փորձառութեան մը, մէկ անգամէն յայտնաբերէ քաղաքական հասունութեան անհրաժեշտ յատկութիւնները:

Որտե՞ղ է տեսնուած, որ այդպիսի ժողովուրդի մը ծոցէն ելած քաղաքական կազմակերպութիւն մը զերծ լինի նոյն այդ ժողովրդի թերութիւններէն եւ բոլորովին տարբեր բան մը ներկայացնէ, քան ինքը ժողովուրդը: Որտե՞ղ է վերջապէս տեսնուած, որ քաղաքական կազմակերպութիւն մը, երկնային զօրութեամբ, առանց անողոք փորձի բոլոր տաժանելի աստիճաններն անցած լինելու, տիրացած լինի արդէն ամենադժուար արուեստին՝ կառաւարելու արուեստին:

Քաջազնունի շա՞տ կրնայ ցոյց տալ եւրոպական ազգերու մեջ անգամ կուսակցութիւններ, որոնք կրցան մեծ պատերազմի վերիվայրումներու ատեն եւ մանաւանդ անոր հետեւող աննախընթաց տագնապի ընթացքին յայտնաբերել Հ. Յ. Դաշնակցութենէն աւելի նախատեսելու ընդունակութիւն: Ո՞ր եւրոպական կազմակերպութիւնը ամենակոպիտ սխալները չգործեց վերջին փոթորկայոյզ տասնամեակի շրջանին, երբ հիմնիվեր շրջուեցին իրեն ու սովորական հասկացողութիւնները:

Քաջազնունի աններելի կերպով կը խեղաթիւրէ, կ’աղաւաղէ իրեն ու երեւոյթները, երբ կ’ուզէ այնպէս մը ներկայացնել զանոնք, որ իբր թէ հայ բոլշեւիկներն է որ կրցան ընել այն, ինչ որ մենք  չկրցանք:

Բացարձակապէս անհիմն եւ անարդար է այդ: Որովհետեւ բոլշեւիկներու ըրածը բոլորովին տարբեր բան մըն է, քան մենք կ’ընէինք:

Հարկաւ, եթէ մենք ալ անոնց պէս հրաժարէինք մեր քաղաքական իտէալներէն ու հողային պահանջներէն եւ բոլոր վիճելի կէտերու մէջ, առանց պայքարի, զիջէինք մեր մեծ ու փոքր հարեւաններուն, այն ատեն մենք ալ շատ դիւրութեամբ կրնայինք թերեւս խուսափիլ շատ մը արիւնահեղութիւններէ, կռիւներէ եւ բարդութիւններէ: Յետոյ, չէ՞ որ Հայաստանի ներկայ գլխաւոր դերակատարները հայ բոլշեւիկները չեն, այլ անոնց տէրերը Մոսկուայի մէջ եւ ռուսական բանակը:

Կարո՞ղ է Քաջազնունի պնդել, թէ հայ բոլշեւիկները ի վիճակի են միս մինակ գէթ ամիս մը կառաւարել անգամ այսօրուան փոքրիկ Հայաստանը՝ առանց ռուսական բանակի պաշտպանութեան եւ Մոսկուայի իշխանութեան հրամաններուն: Հարկաւ չի կարող, որովհետեւ իրենք հայ բոլշեւիկներն ալ շատ կհասկնան եւ յաճախ նոյնիսկ խոստովանած ալ են, որ ի վիճակի չեն մէկ օր իսկ իշխանութեան գլուխ մնալ Հայաստանի մէջ, եթէ իրենց ետեւը անմիջապէս կանգնած չլինեն ռուս զօրքերն ու ռուս կառավարական մեքենան:

Հայ հասարակ ժողովուրդը երկրի մէջ Քաջազնունիէն շատ աւելի լաւ էր կրցեր ըմբռնել Հայաստանի իշխանութեան մէջ կատարած փոփոխութիւնը, երբ հայ բոլշեւիկներու վարչութիւնը տեսնելէ ետքը կ’ըսէր. «Երէկ մեր կառավարութիւնը գոնէ վարժապետներու ձեռքն էր (Դաշնակցութեան օրով), իսկ այսօր աշակերտներու ձեռքն ենք ընկել»:

Եւ իրաւ. հայ բոլշեւիկները՝ դաշնակցականներու հետ համեմատած, աւելի բան մը չեն, քան աշակերտներ ուսուցիչներու առջեւ: Ու եթէ հայ բոլշեւիկները, Դաշնակցութեան նման հարկադրուծ լինէին հայկական միջոցներով եւ ոյժերով կառավարել մեր երկիրը, Քաջազնունի հազիւ թէ ոեւէ, նոյնիսկ արտաքին հիմ ունենար սքանչանալու անոնց «հմտութեամբ» եւ «հասունութեամբ»:

Ո՞վ կը մնայ ուրեմն հրապարակի վրայ՝ ռամկավարնե՞րը: Բայց չէ՞ որ անոնք զուտ գաղութային կազմակերպութիւն են, բոլորովին անհարազատ են մեր երկրին ու ժողովրդին եւ նոյնպէս անընդունակ են օր մը իսկ մինակ կառաւարելու Հայաստանը: Իսկ հնչակեաններու մասին Քաջազնունի չպիտի ուզէր անգամ լրջօրէն խօսիլ:

Այսպիսի պայմաններու մէջ քանդել Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը՝ չպիտի՞ նշանակէր արդեօք պարզապէս գլխատել, անդամալուծել իր ազատութեան եւ գոյութեան համար մարտնչող հայութիւնը:

Դիւրին բան է քանդելը, բայց ոչ շինելը: Եւ ինչո՞ւ քանդել, երբ գիտես, որ բացարձակ ամայութեան մը մահասարսուռ վտանգը կը սպասէ ազգիդ: Թերեւս մասամբ տանելի լինէր այդ, եթէ հայ բոլշեւիկները հայկական անկախ եւ ինքնիշխան կազմակերպութիւնը մը ներկայացնէին եւ ողորմելի խաղալիք մը չլինէին օտար բռնակալ ոյժի մը ձեռքին:

Մի՞թէ Քաջազնունի այնքա՜ն է կուրացեր արդէն, որ ամբողջ հայ ժողովուրդի բախտը կ’ուզէ վստահիլ այդ օտար ոյժի քմհաճոյքին:

Ինչո՞ւ Քաջազնունի կը մոռնայ, որ քաղաքական կազմակերպութիւնները լաւագոյն դպրոցներն են քաղաքական դաստիրակութեան եւ փորձառութեան համար: Եւ չէ՞ որ որքան աւելի հարուստ է կազմակերպութեան մը անցեալը պայքարներով, յաղթանակներով եւ նոյնիսկ պարտութիւններով, այնքան աւելի արժէքաւոր ու անփոխարինելի կրնայ լինել անոր դերը իր ազգի քաղաքական կեանքին մէջ:

Աւելին. քաղաքական կազմակերպութիւնները, որոնք մեծ անցեալ ունին, կը ներկայացնեն խոշոր բարոյական դրամագլուխ մը իրենց ժողովրդին համար,- դրամագլուխ մը, որ ամբարուած, կուտակուած է հսկայ ճիգերու եւ զոհողութեանց գնով: Մի՞թէ խելագարութիւն չէ, յուսահատութեան դժբախտ վայրկեանի մը, ինքնաբերաբար փճացնել ուզել այդ դրամագլուխը, առանց որուն ազգ մը, մանաւանդ մեզ պէս փոքր եւ թշուառ ազգ մը կրնայ բոլորովին աղքատ եւ անօգնական վիճակի մը մատնուիլ:

Քաջազնունի կը մոռնայ նաեւ, որ քաղաքական ամէն մէկ կազմակերպութիւն ոյժ ու զէնք է, որոնք կենսապէս անհրաժեշտ են ժողովրդի մը գոյութեան եւ ազատութեան պայքարին մէջ: Այդ ոյժն ու զէնքը հարկաւ կրնան երբեմն լաւ չգործուածիլ, բայց մի՞թէ ատկէ անոնք կը կորսնցնեն իրենց թանկագին յատկութիւնները:

Կը հասկնանք, երբ քաղաքական գործիչ մը կը թելադրէ կազամակերպութեան մը իր ոյժն ու զէնքը գործածել այս եւ ոչ այն ուղղութեամբ, ասոր եւ ոչ անոր դէմ, նկատի ունենալով ազգի կամ ոեւէ գաղափարի գերագոյն շահերն ու պահանջները: Բայց բնաւ չենք կրնար հասկնալ շարառիթները հայրենասէր երեւացող մարդու մը, որ, ինչպէս Քաջազնունի, ամէն գնով կ’ուզէ քանդել քաղաքական հզօր կազմակերպութիւն մը, առանց իսկ խորհելու, թէ ատով պարզապէս զինաթափ կ’ընէ իր ժողովուրդը:

«Քաղաքական կուսակցութիւնները չեն կարող կերպարանափոխուել անվերջ ամէն օրուայ պահանջի համեմատ,- կը բացականչէ Քաջազնունի: Նրանք ծագում են որոշ շրջաններում՝ որոշ գործ որոշ միջոցներով կատարելու համար: Երբ դրութիւնը փոխւում է հիմնովին, պէտք է փոխուին եւ քաղաքական խմբումները»:

Այսքա՜ն ընդհանուր եւ այսքա՜ն վիճելի խօսքերով է, որ Քաջազնունի կ’ուզէ ապացուցել, թէ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը պարտաւոր է հրապարակէն քաշուիլ:

Քաղաքական կուսակցութիւնները, այո՛, չեն կարող անվերջ կերպարանափոխուիլ: Բայց ինչո՞ւ չեն կարող յարմարուիլ շարունակ կեանքի յարափոփոխ պահանջներուն, առանց շեղուելու իրենց հիմնական նպատակներէն:

Քաղաքական կուսակցութիւնները կը ծագին, այո՛, որոշ շրջաններու մէջ որոշ գործի համար: Բայց ո՞վ ըսաւ, թէ անոնք պարտաւոր են անպատճառ նաեւ որոշ միջոցներ գործածել իրենց նպատակներուն հասնելու համար: Ինչո՞ւ անոնք չեն կարող՝ ժամանակի, տեղի եւ պայմաններու համաձայն, փոխել նաեւ իրենց պայքարի միջոցները:

Երբ դրութիւնը կը փոխուի հիմնովին, այո՛, պէտք է փոխուին եւ քաղաքական խմբումները: Բայց մի՞թէ մեր ժողովրդի դրութիւնը հիմնովին փոխուած է այն օրէն, երբ ծայր է տուեր մեր ազատագրական շարժումը եւ առաջ են եկեր մեր քաղաքական կուսակցութիւնները: Միթէ առաջուայ նման հայութեան ֆիզիքական գոյութիւնը վտանգուած չէ: Մի՞թէ առաջուայ նման հայ ժողովուրդը չի ապրիր ստրկական վիճակի մէջ, ծարաւի՝ ազատութեան եւ անկախութեան: Մի՞թէ այն նպատակները, որոնց համար կեանքի են կոչեր մեր քաղաքական կազմակերպութիւնները եւ մանաւանդ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, արդէն իրականացած են:

Դժբախտաբար, մեր ազգի քաղաքական դրութեան մէջ ոչ մէկ հիմնական փոփոխութիւն է տեղի ունեցեր, բացի Թրքահայաստանի ամայացումէն, հետեւաբար՝ Քաջազնունի ինչպէ՞ս կ’ուզէ, որ հայ ժողովրդի գոյութիւնը պաշտպանելու եւ հայ ազգի ազատութիւնն ու անկախութիւնը նուաճելու համար հրապարակ եկած կուսակցութիւնները՝ դեռ իրենց նպատակին չհասած, կամովին վար դնեն իրենց զէնքերը եւ ինքնասպանութիւն գործեն:

Մի՞թէ այդպիսի քայլ մը ոճիր չպիտի լինէր հայութեան գերագոյն շահերուն դէմ…

 

Շարունակելի, նախորդ հատվածը կարդալ՝ https://www.aniarc.am/2015/11/20/ruben-darbinian-part-6/