Ռուբէն Դարբինեան. «Մեր Պատասխանը Յովհաննէս Քաջազնունիի», մաս 6

1089

Հայկական ուսումնասիրությունների ԱՆԻ կենտրոնը շարունակում է մաս-մաս ներկայացնել ՀՅԴ երևելի դեմքերից մեկի՝ Ռուբէն Դարբինեանի «Մեր Պատասխանը Յովհաննէս Քաջազնունիի» գիրքը, որը պատասխան է Հայաստանի Առաջին Հանրապետության առաջին վարչապետ Հովհաննես Քաջազնունու «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնն Անելիք Չունի Այլեւս» զեկուցագիր-գրքի՝ նախ ուղղված ՀՅԴ 1923 թ. խորհրդաժողովին, ապա և տպագրված առանձին գրքով Բուխարեստում 1923-ին: Ռուբէն Դարբինեանը (Արտաշես Չիլինգարյան, 1883Ախալքալակ- 1968, Բոստոն) եղել է Հայաստանի Հանրապետության արդարադատության նախարարներից, երկար տարիներ խմբագրել ՀԱՅՐԵՆԻՔ հանդեսը: 

XIII

Իր բարեկամի այն հարցին, թէ ուրեմն անկախ Հայաստանը ցնո՞րք ու խելագարութի՞ւն է, Քաջազնունի կը պատասխանէ.

«Ոչ ցնորք, ոչ խելագարութիւն, այլ շատ առողջ, առաջադիմական, կենսունակ ու կենսատու գաղափար, մի հասունացած պահանջ, որ իրականանալու է անխուսափելիորէն ու արդէն իրականացած է խոշոր չափերով»:

«Բառերով չխաղանք»:

«Անկախութիւն ասուածը մի absolu չէ, որ արժէք ունի միայն որոշ ձեւերի մէջ ու ամբողջական չափերով, իսկ դրանից դուրս՝ զրօ է: Եթէ պահանջենք absolu-ն՝ դա իրաւ որ խելագարութիւն կը լինի: Հայաստանը Անգլիա չէ, ոչ իսկ Զուիցերիա – չէ ու չի կարող լինել՝ այսօրուայ մեր մտքին մատչելի ապագայում, նրա անկախութիւնը անհրաժեշտօրէն պայմանաւորուած պիտի լինի որոշ սահմանափակումններով: Մեր գործն է՝ գնալ այդ ճամբով այնքան հեռու, որքան թոյլ են տալիս արտաքին պայմաններն ու մեր սեփական կարողութեան չափը, օգտագործել բոլոր հնարաւորութիւնները, ասպարէզ տալ բոլոր ոյժերին եւ, յամենայն դէպս, խոչընդոտ չհանդիսանալ, եթէ մէկը գալիս է անելու այն, ինչ որ չենք կարողացել ու չենք կարողանում անել ինքներս»:

Եւ հիմն ի վեր շրջելով աներկբայելի այն փաստը, որ բոլշեւիկները զրկեցին մեր հայրենիքը անկախութենէ եւ նորէն կապեցին բռնի ոյժով Ռուսիոյ հետ, Քաջազնունի կը շարունակէ իր փաստաբանութիւնը.

«Իրօ՞ք այդպէս է, թէ՞ հակառակը՝ կապելով մեզ Ռուսաստանի հետ, բոլշեւիկներն ապահովեցին անկախութեան այն աստիճանն ու ձեւը, որոնք միակ հնարին են այսօրուայ պայմանների մէջ ու դրանով իսկ փրկեցին ապագան»:

Այսպիսի սոփեստութիւններ գրեթէ ամէն օր մենք կը լսենք ռամկավար մամուլի էջերէն, երբեմն նոյնիսկ նոյն խօսքերով: Բայց ինչ որ ներելի է մեր իրականութենէն բոլորովին կտրուած եւ անոր յաճախ միանգամայն անծանօթ ռամկավարներուն, երբեք ներելի չէ Քաջազնունիին, որ չի կարող չքմեղանալ կատարեալ անտեղեկութեամբ:

Քաջազնունի չի ուզեր եւ չի կրնար ժխտել, թէ անկախութիւնը ոչ միայն առհասարակ, այլ եւ մեզի համար ալ «կենսունակ ու կենսատու, մի հասունացած պահանջ» է: Բայց բացարձակապէս կը կեղծէ իրականութիւնը, երբ կ’ըսէ, որ մեր անկախութիւնը «արդէն իսկ իրականացած է խոշոր չափերով»: Այլապէս պիտի ստիպուած լինինք եզրակացնելու, որ Քաջազնունի շատ աղօտ եւ շատ թերի հասկացողութիւն մը ունի անկախութեան էութեան մասին: Ան կը խնդրէ «բառերով չխաղալ», բայց հէնց ինքն է, որ կը խաղայ բառերով:

Անկախութիւնը,- ինչպէս եւ ազատութիւնը – այո՛, անսահման ու բացարձակապէս անպայման գաղափար չէ եւ կրնայ ունենալ նաեւ իր ոչ ամբողջական ձեւերը: Բայց յամենայն դէպս ան ունի շատ որոշ եւ շատ հիմնական յատկանիշներ, առանց որոնց անկախութիւնը կը դադարի անկախութիւն լինելէ եւ կը դառնայ իրեն հակառակ բան մը, ինչպէս եւ ազատութեան գաղափարը: Անկախութեան համար, որ աստիճանի եւ ձեւի ալ լինի ան, էական է օտար ոյժի մը անմիջական բռնակալութենէն զերծ լինելու պայմանը գէթ կառաւարելու մէջ: Երբ ժողովուրդ մը իր բախտը տնօրինելու գործին մէջ ոչ մէկ իրական ձայն ունի եւ ամբողջովին ենթակայ է օտար կեդրոնի մը կամքին ու քմահաճոյքին նոյնիսկ իր ամենակենսական ներքին պահանջներու արտայայտման եւ գոհացման մէջ, ին՞չ խօսք կրնայ լինել անկախութեան մասին:

Ժողովուրդ մը կրնայ ներքնապէս ազատ չլինել, բայց եւ այնպէս լինել անկախ, ինչպէս են բռնապետակլան եւ սակաւապետական երկիրները, ինչպէս է, օրինակ, հէնց նոյն Խորհրդային Ռուսիան:

Բայց ժողովուրդ մը կրնայ գրեթէ բոլորովին ազատ լինել ներքնապէս, բայց անկախ չլինել, ինչպէս է այսօր, օրինակ, Իրլանտան:

Խորհրդային Հայաստանը սակայն, ասոնցմէ եւ ոչ մէկը կը ներկայացնէ, ոչ իսկ հեռաւոր չափով կամ աստճանով:

Եւ իրաւ. Երեւանի մէջ նստած հայանուն իշխանութիւնը չի բղխիր ոչ հայ ժողովրդի, ոչ ալ անոր ոեւէ շօշափելի մասի կամքէն եւ չի յենուիր հայկական ոեւէ ոյժի վրայ՝ նոյնիսկ իր գոյութիւնը կարենալ պահպանելու համար: Խորհրդային Հայաստանի իշխանութեան աղբիւրը Մոսկուայի կառավարութիւնն ու անոր բանակն է բացարձակապէս:

Ո՞րն է ուրեմն այն խոշոր չափը, որով, ինչպէս կ’ուզէ հաւատացնել Քաջազնունի, Հայաստան այսօր իբր թէ անկախ է:

Ինչո՞ւ Քաջազնունի կը շլանայ կամ կ’ուզէ ուրիշները շլացնել անկախութեան կամ ինքնաւարութեան այն կեղծ զգեստով, զոր հագցուցեր է Հայաստանին Մոսկուայի կառաւարութիւնը՝ պարզապէս խաբելու համար մեր ժողովուրդը եւ դրսի միամիտ աշխարհը: Եւ Քաջազնունի այդ կ’ընէ այն ատեն, երբ ինքն ալ շատ լաւ գիտէ ու չի կարող չգիտնալ, որ հայ ժողովուրդը այսօր բացարձակապէս իրաւազուրկ եւ ստրկական վիճակի մէջ կ’ապրի, փաստօրէն նոյնիսկ աւելի իրաւազուրկ եւ ծանր վիճակի մէջ, քան էր անգամ ցարերու ժամանակ:

Ճիշդ է, անկախութիւն մը կրնայ սահմանափակուած լինել այս կամ ային չափով, այս կամ այն պայմաններով, բայց մի՞թէ սոփեստութիւն չէ անկախութեան ոեւէ աստիճան փնտռել հոն, ուր սահմանափակումնները արդէն ոչնչացուցեր են անկախութեան էութիւնը ամբողջովին, թողելով միայն դատարկ ու անբովանդակ անուն մը: Չէ որ սահմանափակումներն ալ սահման մը ունին, որմէ երբ անցնին՝ հիմնովին կը փոխեն երեւոյթի էութիւնը:

Մենք դեռ կը հասկնանք, օրինակ, իրական անկախութեան այնպիսի տանելի սահմանափակումներ, որոնց ենթակայ է այսօրուան Իրլանտան կամ Եգիպտոսը: Բայց կարո՞ղ են Իրլանտա եւ Եգիպտոս, որոշ կախում ունենալով հանդերձ Անգլիայէն, ոեւէ չափով իսկ համեմատուիլ Խորհրդային Հայաստանի հետ, որ իր անկախութեան եւ ազատութեան իրաւունքի մէջ կատարելապէս բռնաբարուած է Ռուսիոյ կողմէ: Մինչ Իրլանտան եւ Եգիպտոս միմիայն համեմատաբար չնչին պայմաններով են սահմանափակուած իրենց ազատութեան եւ անկախութեան մէջ, իսկ ատկէ դուրս բոլորովին ազատ են իրենց ուզած ձեւով ինքզինքնին կառաւարելու, Խորհրդային Հայաստան ամէն տեսակներով ենթակայ է Մոսկուայի կամքին եւ հայ ժողովուրդը իր երկրի մէջ ոչ մէկ հնարաւորութիւն ունի իր կամքն արտահայտելու, որ մնաց թէ կառավարուելու իր ուզած ձեւով:

Հայաստան Անգլիա չէ եւ ոչ իսկ Զուիցերիա,- կ’ըսէ Քաջազնունի:

Թող այդպէս, բայց մի՞թէ Հայաստան Իրլանտա մը կամ Եգիպտոս մը իսկ լինելու ընդունակ չէ անկախութեան եւ ազատութեան տեսակէտներով, թէկուզ ներկայ արտաքին պայմաններու եւ հայ ազգի կարողութեան ներկայ սահմաններու մէջ:

Քաջազնունի չարաչար կը սխալուի, եթէ կը կարծէ, թէ Խորհրդային Հայաստան այսօր անկախութեան ոեւէ աստիճանը կը ներկայացնէ: Որովհետեւ քաղաքական կեանքի մէջ էականը ոչ թէ այն է, որ գրուած է թղթի վրայ, այլ այն, որ փաստօրէն գոյութիւն ունի:

Թղթի վրայ, օրինակ, գրուած է, որ իշխանութիւնը Ռուսիոյ մէջ կը պատկանի բանւորներուն եւ գիւղացիներուն: Բայց իրականին մէջ այդպէ՞ս է: Հարկաւ ոչ: Եւ Քաջազնունի պէտք է, որ գիտնայ, թէ բանուորներու եւ գիւղացիներու անունով միայն փոքրիկ խումբ մը արեւելեան թիփի բռնակալներու կը կառաւարէ ներկայ Ռուսիան եւ նոյն խմբակը՝ յենուած ռուսական բանակի վրայ եւ իր հայ գործակալներու միջոցով ու «բանուորա-գիւղացիական հայ զանգուծներու» անունով կը կառաւարէ նաեւ Հայաստանը:

Միթէ սակայն այսքա՞նն է հնարաւոր այսօրուայ պայմաններու մէջ եւ միթէ ա՞յդ է միայն մեր սեփական կարողութեան չափը:

Եթէ Քաջազնունի ուղղակի ըսէր, թէ հայ ժողովրդի ֆիզիքական գոյութեան համար մենք պէտք է հաշտուինք ամենավատթար տեսակի բռնակալութեան հետ անգամ, այն ատեն խնդիրը պարզ կը լինէր ամենուն համար, եւ մենք ալ տարբեր եղանակով մը պիտի խօսէինք իրեն հետ: Բայց Քաջազնունի այդքան շիտակ եւ ուղղամիտ չէ. ան կ’ուզէ ամենավատթար տեսակի բռնակալութիւնը, այն ալ օտար բռնակալութիւնը ներկայացնել մեզի իբրեւ հայկական անկախութիւն մը «խոշոր չափերով», օգտուելով միմիայն բոլշեւիկեան կեղծ պաճուճանքներէն, որոնք միայն քաղաքական մանուկներու համար կրնան լուրջ նշանակութիւն ունենալ: Եւ յանուն իր այդ «խոշոր չափերով անկախութեան», որ իբր թէ գոյութիւն ունի այժմ Հայաստանի մէջ, Քաջազնունի կը պահանջէ մեզմէ խոչնդոտ չհանդիսանալ այն ոյժին, որ եկեր է մեր երկիր՝ «անելու այն, ինչ որ մենք չենք կարողացել ու չենք կարողանում անել ինքներս»:

Քաջազնունի այս տեղ ալ կ’ուզէ անտես առնել, թէ Հայաստան նուաճած օտար բռնակալական ոյժը մեզմէ շատ տարբեր նպատակներ կը հետապնդէ ու պիտի հետապնդէ եւ յամենայն դէպս բնաւ մտադրութիւն չունի իրագործելու այն, ինչ որ մենք չը կրցանք պահպանել արտաքին ոյժերու աննպաստ դասաւորման հետեւանքով: Ընդհակառակը, եթէ Քաջազնունի քիչ մը աւելի ուշադիր եւ խորունկ հայեացքով դիտէր իրերու ընթացքը հէնց բոլշեւիկեան տիրապետութեան առաջին օրերէն սկսած մինչեւ մեր օրերը, պիտի տեսնէր, որ մեր երկրին տիրացած օտար ոյժը յարաճուն ձգտում մը ունի հետզհետէ միշտ աւելի սեղմելու Հայաստանի նոյնիսկ այն իրաւունքները, որոնք գրուած են միայն թղթի վրայ:

Այսպէս, օրինակ, երբ բոլշեւիկները նոր մտան Հայաստան, յայտարարեցին զայն «անկախ Խորհրդային հանրապետութիւն», եթէ ոչ իրականին մէջ, գէթ թղթի վրայ: Ապա, երբ քիչ մը աւելի ամուր զգացին ինքզինքին, այդ «անկախութիւնը» վերցուցին եւ միացան Խորհրդային Վրաստանի ու Ատրպէյճանի հետ, կազմելով Կովկասեան «Ֆեդերացիան», որ իր ամբողջութեան մէջ միայն «անկախ» կրնար նկատուիլ: Վերջապէս, մօտաւորապէս տարի մը առաջ, երբ աւելի եւս ամրացաւ իրենց դիրքը, բոլշեւիկները այդ «անկախութեան» ալ վերջ տուին եւ միացան Խորհրդային Ռուսիոյ հետ, մտնելով այս անգամ բացայայտօրէն համառուսական «Ֆեդերացիայի» մէջ:

Եւ այսպէս աստիճանաբար Հայասատնի «անկախութիւնը» նոյնիսկ թղթի վրայ կորսուեցաւ, միշտ աւելի մօտենալով իր իրական քօղազերծ էութեան, որ ուրիշ բան մը չէ, բայց եթէ վերադարձը դէպի ցարական օրերուն իրաւական վիճակը: Եւ կասկած չկայ, որ այդ ձգտումը միշտ աւելի պիտի մերկանայ իր Խորհրդային զարդարանքներէն եւ Մոսկուայէն իշխող ոյժը միշտ աւելի սանձարձակ ձեւով մը պիտի արմատախիլ ընէ մեր անկախութեան վերջին, գէթ անուանական մնացորդները, որոնք որոշ պայմաններու մէջ թերեւս կրնային արժէքաւոր եւ իրական բովանդակութիւնը մը ստանալ:

Ինքնին հասկանալի է, որ որքան աւելի տկար լինի ընդիմադիր ոյժը Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանէն դուրս, այսինքն՝ որքան աւելի տկար լինի Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, այնքան աւելի անզուսպ ու անարգել կերպով բոլշեւիկները պիտի մաքրեն մեր «անկախութեան» բոլոր ձեւերը: Եւ եթէ Քաջազնունի ըմբռնէր այս բոլորը, իր ըսածին ճիշդ հակառակը պիտի պնդէր, այն է՝ որ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը իր ամբողջ զօրութեամբ խոչընդոտ պիտի հանդիսանայ այն յարաճուն ձգտումին, զոր եկած են իրագործելու Հայաստանի բոլշեւիկները, քայլ առ քայլ քանդելով, փչացնելով մեր ազգի ուրոյն զարգացման բոլոր հիմերն եւ մեր ինքնորոշման իրաւունքի բոլոր արտայայտութիւնները:

Այս կրնայ միայն թելադրել քաղաքական առողջ տրամաբանութիւնը եւ իրատեսութիւնը:

XIV

Պատասխանելով իր դաշնակցական բարեկամի այն դիտողութեան, թէ քաղաքական կեանքի մէջ անհրաժեշտ են շերտաւորումներ, տարբեր հոսանքներ, որոնք կարող են զիրար լրացնել եւ փոխադարձաբար ապահովել ժողովուրդը միակողմանիութենէ բղխող վտանգներէ, ինչպէս եղաւ, օրինակ, 1914թ., երբ մեր ազգը ամբողջովին յարեցաւ Ռուսիոյ,- Քաջազնունի կ’ըսէ. «Նոյն այդ պահանջը դնում էի ես, երբ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը միահեծան տէրն էր դրութեան, աշխատում էի համոզել կուսակցական յաղթանակներով արբածներին, թէ որքան վտանգաւոր բան է դա երկրի ու հէնց իրեն՝ կուսակցութեան համար:

«Այո՛, շերտաւորումները պէտք են, բայց երկու պայմանով:

«Առաջին. շերտաւորումները պէտք է բղխեն կեանքի պահանջներից, համապատասխանեն իրական դրութեան, գան լրացնելու ոեւէ հասունացած ու լուրջ կարիք: Բոլշեւիկեան շերտաւորումը… կենսական կարիք է այսօր ու պէտք է, որ գոյութիւն ունենայ: Նոյնը չենք կարող ասել մեր մասին. Դաշնակցութիւնը (իբրեւ կազմակերպութիւն, լաւ հասկացիր խօսքս) անցեալի մնացորդ է, մի աւելորդ օրգան, որին կարիք չունի այլեւս օրգանիզմը: Այն կարծիքը, որ մատնանիշ ես անում դու, իրական կարիք չէ, այլ սոսկ ենթադրութիւն: Իսկ մի քաղաքական կուսակցութիւն չի կարող արդարացնել իր գոյութիւնը ներկայում՝ ենթադրեալ ապագայում գործելու համար. երբ գործը գայ, հանդէս կը գան նաեւ գործողներ…

«Երկրորդ. շերտաւորումը պէտք է լինի երկրի ներսը եւ ոչ երկրից դուրս: Դրսի ոյժերը, լաւագույն դէպքում, կարող են միայն օժանդակել, բայց ոչ երբեք՝ ղեկավարել երկրի գործերը: Դու ինքդ հակառակ ես գաղութային կուսակցութիւնների. միայն չես ուզում տեսնել, որ ուրիշ ապագայ չունի Դաշնակցութիւնը, որ նա արդէն գաղութային է:

«Այստեղ ես հանդիպում եմ մի լուրջ դժուարութեան: Դու իրաւացիօրէն հարցնում ես ինձ, թէ ի՞նչ «օբէկտիւ տուալներ» ունիմ ես պնդելու, որ Դաշնակցութիւնը մեռած է երկրում: Ես կտրուծ եմ երկրից, տեղեկութիւն չունեմ, թէ ի՞նչ է կատարւում այնտեղ: Դու ասում ես, որ տեղեկութիւններ ունես…»:

Եւ այդ տեղեկութիւնները, որոնք Քաջազնունիի ըսածին ճիշդ հակառակը կը պնդեն, մեր քննադատ հեղինակը շատ դիւրութեամբ «կը ջրէ», անվերապահօրէն յայտնելով, թէ ինք պարզապէս չի հաւատար իր բարեկամի ունեցած տեղեկութեանց:

Ինչո՞ւ: Որովհետեւ անոնք կը հակասեն իր «գիտցածին ու տեսածին», կը հակասեն «իրերի դրութեան ու տրամաբանութեան»:

Արժէր կանգ առնել նաեւ Քաջազնունի մտքի այս գոհարններու վրայ:

Քաջազնունի, ինչպէս տեսանք, կ’ընդունի, որ քաղաքական շերտաւորումները անհրաժեշտ եւ օգտակար են, բայց  չի ուզեր, որ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը ոեւէ տեղ ունենայ այդ շերտաւորմանց մէջ, այն «հիման» վրայ, թէ, իր համոզումով, մեր կուսակցութիւնը արդէն «աւելորդ օրգան» է մեր ժողովրդական օրկանիզմի մէջ:

Կարճ եւ անողոք պատասխան: Եւ սակայն, շատ յատկանշական է Քաջազնունիի տրամաբանութիւնը:

Ան կը մատնանշէ եւ անվերապահ կերպով կը պաշտպանէ փաստօրէն մէկ շերտաւորւոմ միայն՝ բոլշեւիկեանը, պնդելով, որ անիկա այս պահուս «կենսական կարիք» է մեր ազգին համար, մինչդեռ կը խուսափի ցոյց տալու միաժամանակ երկրորդ անհարժեշտ շեշտաւորում մը այն անլուրջ առարկութեամբ, թէ «երբ գործը գայ, հանդէս կը գնա գործողները»: Ուրիշ խօսքով, իրականին մէջ Քաջազնունի հակառակ է ներկայիս երկրորդ շերտաւորման մը, որով ուրեմն ինքն իսկ կը ժխտէ տարբեր շերտաւորումներու անհարժեշտութեան մասին ըրած իր խոստովանութիւնը: Եւ այդ կ’ընէ պարզապէս անոր համար, որ հարկադրուծ չլինի ճանաչել Հ. Յ. Դաշնակցութեան գոյութեան անհրաժեշտութիւնը:

Ոեւէ ազգի քաղաքական կեանքի մէջ երկրորդ քաղաքական շերտաւորումը կամ հոսանքը կ’արդարացնէ իր գոյութիւնը թէկուզ անով, որ հակադիր ոյժ մըն է իշխող հոսանքին և եթէ անգամ որոշ դրական ծրագիր մը չունի ան, բաւական է գէթ այն, որ, ընդդիմադիր ոյժ մը ըլլալով, կրնայ շիտկել իշխող հոսանքին սխալները, սթափեցնել զայն, եւ, եթէ պէտք լինի, նաեւ անոր տեղը բռնել, երբ վերջինս ոեւէ պատճառով հարկադրուի քաշուիլ հրապարակէն: Բայց ահա Քաջազնունի հանդէս կուգայ եւ սոփեստութեանց միջոցով կ’ուզէ հաւատացնել, թէ, այսպիսի ընդդիմադիր հոսանք մը պէտք չէ մեզի, քանի որ «չի կարող արդարացնել իր գոյութիւնը ներկայում՝ ենթադրեալ ապագայում գործելու համար»:

Ուրեմն, Քաջազնունիի կարծիքով, երբ կ’իշխէ մէկ շերտաւորում (այժմ բոլշեւիկեան), երկրորդը, անոր հակադիրը, պէտք չէ մինչեւ այն օրը, երբ կեանքը անմիջապէս պահանջէ այդ հրամայականօրէն, այսինքն՝ երբ առաջինը կը տապալուի եւ պէտք կը լինի իսկոյն փոխարինել զայն երկրորդով մը: Քաջազնունիի քաղաքական իմաստութիւնը հետեւաբար կը պահանջէ ամէն բան թողուլ վերջին վայրկեանին: Այդ ատեն է միայն, որ ըստ երեւոյթին, մոգական գաւազանի մը շարժումով չեղած տեղէն մէջտեղ պիտի գան նոր «գործողները», նոր շերտաւորում: Իսկ մինչ այդ՝ Քաջազնունի չի ուզեր թոյլ տալ, որ այդպիսի ոյժ մը առաջուընէ պատրաստուի թէկուզ միայն «ենթադրեալ ապագայում գործելու համար»:

Ասկէ պարզ կ’երեւի, որ Քաջազնունի կը գնահատէ քաղաքական երեւոյթները ոչ թէ ազգային ընդհանրութեան գերագույն շահերու պահանջին համաձայն, այլ բոլշեւիկներու նեղ կուսակցական հաշիւներու տեսակէտով: Որովհետեւ ոչ թէ հայ ժողովրդին, այլ միմիայն բոլշեւիկեան խմբակին է պէտք, որ հայ քաղաքական կեանքի մէջ չլինի երկրորդ շերտաւորում մը, որ բնականաբար հակառակ պիտի լինի բոլշեւիկեան ներկայ հոսանքին: Եւ քանի որ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, հայ կեանքի մէջ միակ կազմակերպուած ոյժն է այսօր, որ կրնայ այդպիսի երկրորդ, ընդիմադիր շերտաւորման մը պաշտօնը կատարել ոչ միայն գաղութներու, այլ եւ բուն երկրի մէջ, ուստի անհարժեշտ է քանդել եւ այդ ոյժը, որպէսզի ոչ ոք չկարողանայ խանգարել բոլշեւիկներու հանգիստը եւ վաղն ալ, երբ մեր ազգին համար կենաց եւ մահու անհրաժեշտութիւն դառնայ հակաբոլշեւիկան կազմակերպուած ոյժի մը հրապարակ գալը, ոչ ոք գտնուի մէջտեղ:

Քաջազնունի, քաղաքականօրէն մտածելու պարագային, պիտի հասկնար, որ, եթէ բոլշեւիկեան շերտաւորումը այսօր «կենսական կարիք» է մեր ազգին համար, նոյնքան ու թերեւս աւելի կենսական կարիք է անոր ճիշդ հակամարտ հոսանքի մը գոյութիւնը, զոր կրնայ ներկայացնել մեր իրականութեան մէջ միմիայն Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը եւ ուրիշ ոչ ոք: Եւ ասիկա ճիշդ այնպէս, ինչպէս դաշնակցական իշխանութեան օրով Քաջազնունի անհրաժեշտ կը գտնէր հակադաշնակցական կազմակերպուած ոյժի մը գոյութիւնը:

Այսպիսով Քաջազնունիի դրած շերտաւորման առաջին պայմանը բնաւ չի կրնար ժխտել այն փաստը, որ Հ. Յ. Դաշնակցութեան գոյութիւնը հէնց կը բղխի «կեանքի պահանջներից, համապատասխան է իրական դրութեան» եւ կու գայ լրացնելու «հասունցած եւ լուրջ կարիքը», այսինքն՝ լինելու իշխող հոսանքին ընդդիմադիր հոսանք մը:

Գալով Քաջազնունիի բերած երկրորդ պայմանին, այն է՝ երկրի ներսը եւ ոչ միայն գաղութներու մէջ գործելու անհրաժեշտութեան, հոդ ալ ան բացարձակապէս կ’ուզէ ժխտել աներկբայելիօրէն գոյութիւն ունեցող փաստ մը:

Քաջազնունի ոչ միայն կտրուած է երկրէն եւ չունի ոչ մէկ տեղեկութիւն երկրի քաղաքական տրամադրութեանց, ոյժերու և աշխատանքներու մասին, այլեւ կը մերժէ նկատի առնել իրեն ներկայացուած անվիճելի իրողութիւնները միմիայն այն պատճառով, որ անոնք կը հակասեն իր անձնական ցանկութիւններուն եւ ենթադրութիւններուն: Ուոստի համոզելու համար, որ ինք չարաչար կը սխալի, երբ կը պնդէ, թէ «Դաշանկցութիւնը մեռած է երկրում», կը մնայ մէկ միջոց միայն, այն է՝ ուղարկել Քաջազնունի Հայաստան: Եւ վստահ ենք, որ հոն երթալով, ան իսկոյն պիտի տեսնէ, թէ որքա՜ն բթացած է եղել իր քաղաքական հոտառութիւնը արտասահմանի մէջ եւ որքան աղաղակող կերպով մեղանչեր է ճշմարտութեան եւ իրականութեան դէմ: Այն ատեն Քաջազնունի պիտի հասկնայ նորէն, որ հայ ժողովրդի ճնշող մեծամասնութիւնը կը շարունակէ դարձեալ Հ. Յ. Դաշնակցութեան հետ մնալ միշտ ոչ միայն գաղութներու, այլեւ երկրի մէջ:

Քաջազնունի անկասկած պէտք ունի երկրի կենդանացող շնչին՝ նորէն իր կորսնցուցած հաւատը վերականգնելու համար: Բարեբախտաբար, իր գրքոյկը վերցած է իր դէմ եղած արգելքները Հայաստան երթալու մասին, լայն բանալով իր ճամբան դէպի երկիր: Անկեղծօրէն կ’ուզենք, որ Քաջազնունի փութար օգտուիլ այդ պատեհութենէն՝ իր սեփական աչքերով տեսնելու եւ իր սեփական ականջներով լսելու համար այն, ինչ որ այնքա՜ն կամայական եւ անիրաւ կերպով կ’ուզէ ժխտել հոս, արտասահմանեան իր աքսորին մէջ: Երկրի մէջ, մենք վստահ ենք, թերեւս հէնց իրենք՝ բոլշեւիկ իշխանաւորները անհերքելի փաստեր ներկայացնեն Քաջազնունիին՝ համոզելու համար, թէ որքա՜ն անուղղելի կերպով հայ ժողովուրդը տակաւին «Դաշնակ» է…

Շարունակելի, նախորդ հատվածը կարդալ՝ https://www.aniarc.am/2015/11/19/ruben-darbinian-part-5/