Ռուբէն Դարբինեան. «Մեր Պատասխանը Յովհաննէս Քաջազնունիի», մաս 5

1189

Հայկական ուսումնասիրությունների ԱՆԻ կենտրոնը շարունակում է մաս-մաս ներկայացնել ՀՅԴ երևելի դեմքերից մեկի՝ Ռուբէն Դարբինեանի «Մեր Պատասխանը Յովհաննէս Քաջազնունիի» գիրքը, որը պատասխան է Հայաստանի Առաջին Հանրապետության առաջին վարչապետ Հովհաննես Քաջազնունու «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնն Անելիք Չունի Այլեւս» զեկուցագիր-գրքի՝ նախ ուղղված ՀՅԴ 1923 թ. խորհրդաժողովին, ապա և տպագրված առանձին գրքով Բուխարեստում 1923-ին: Ռուբէն Դարբինեանը (Արտաշես Չիլինգարյան, 1883Ախալքալակ- 1968, Բոստոն) եղել է Հայաստանի Հանրապետության արդարադատության նախարարներից, երկար տարիներ խմբագրել ՀԱՅՐԵՆԻՔ հանդեսը: 

X

Դաշնակցական իր մեկ բարեկամին ուղղուծ արդէն ծանօթ նամակին մէջ, որ կցուած է մեզ այժմ զբաղեցնող գրքոյկին, Քաջազնունի նոր «գիւտ» մը եւս կ’ընէ.

«Ուզո՞ւմ ես մի խօսք էլ ասեմ, որպէսզի վերջնականապէս համոզուիս, որ ես խելառել եմ: Ահա այդ խօսքը. հայ բոլշեւիկները դաշնակցականներ են, միակ դաշնակցականները այսօր, աւելի դաշնակցական, քան դու եւ ես»:

Ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս,- զարմանքով պիտի հարցնէ ընթերցողը: Եւ Քաջազնունի կը պատասխանէ. «Որովհետեւ այնտեղ, ուր ես ու դու անզօր ենք այլեւս, նրանք փոխարինել են մեզ ու կատարում են մեր կայնքի գործը»:

Անցեալ տարի, ինչպէս տեսանք, Խորհրդային իշխանութիւնը օտար բռնակալութիւն մըն էր Քաջազնունիի աչքին եւ ան բնաւ չէր խաբուեր իրերու արտաքին երեւոյթներէն: Իսկ այժմ հայ բոլշեւիկները արդէն դաշնակցականներ են դարձեր, նոյնիսկ միակ դաշնակցականները, եւ իբր թէ կը կատարեն «մեր կեանքի գործը», թէեւ հայ բոլշեւիկներու ըրածը ուրիշ բան չէ, բայց եթէ նուիրագործել կարմիր սուիններու բերած նոր ստրկութիւնը հայ ժողովրդի:

Եթէ Քաջազնունի հետեւողական լինէր, պիտի ըսէր նոյնպէս, թէ ժամանակին ցարական պաշտօնեաներն ալ Հայաստանի մէջ լաւագոյն դաշնակցականներն էին, որովհետեւ անոնք ալ այն ատեն զօրաւոր էին հոն, ուր մենք, իսկական դաշնակցականներս, անզօր էինք դեռ:

Սակայն ինչի՞ մէջն էր ցարական պաշտօնեաներու զօրութիւնը մեզ մօտ: Անկասկած, միմիայն ռուսական բանակի ներկայութեան մէջ:

Իսկ այսօր, բոլշեւիկներու օրով, մի՞թէ տարբեր վիճակ մը կը տիրէ Հայաստանի մէջ: Հարկաւ ոչ:

Հայ բոլշեւիկներու ալ միակ զօրութիւնը ռուսական այն բանակն է, որուն մէջքին վրայ իրենք եկած են Հայաստան: Անոնք չեն բերած հայ ժողովրդին ոչ քաղաքական ազատութիւն, ոչ տնտեսական բարօրութիւն եւ ոչ ալ ազգային զարգացման ազատ հնարաւորութիւն:

Ցարական պաշտօնենաերը գէթ տնտեսական բարգաւաճման աղբիւրները չէին ցամքեցներ այնպիսի քայքայիչ սիստեմով, զոր հայ բոլշեւիկները կը կիրարկեն ի փառս ռուսական կոմունիզմի:

Ազգային զարգացման տեսակէտով ցարական ռեժիմի ատեն հայութիւնը շատ աւելի ընդարձակ հնարաւորոոթիւններ ունէր քան այժմ: Քաղաքական ազատութեան տեսակէտով ալ ցարական ռէժիմը շատ աւելի մեղմ եւ թոյլատու էր, քան Խորհրդային կոչուածը:

Ի՞նչն է ուրեմն, որ այնքան հրապուրեր է այժմ Քաջազնունին:

Միմիայն եւ միայն ռուսական բանակը, որ կանգնած է Հայաստանի սահմաններու վրայ եւ կը պաշտպանէ հայ ժողովուրդը:

Սակայն, ատո՞ր համար պայքարեցաւ ազատատենչ հայութիւնը:

Արդեօ՞ք այնքան սնանկացեր է հայ քաղաքական մտածողութիւնը, որ օտար բանակի մը մեր երկրին բերած ստրկութիւնն ու կասկածելի ապահովութիւնը նկատէ միակ փրկութիւնը հայ ժողովրդի համար:

Եթէ այդպէս է, այն ատեն ցարական բանակը, որ շատ աւելի հզօր էր, քան ներկայ կարմիր զօրքը, եւ շատ աւելի ապահովութիւններ կուտար մեզի ֆիզիքական տեսակետով, քան բոլշեւիկներունը, Քաջազնունիի այժմեան հասկացողութեամբ իտէալական վիճակ մը ստեղծած էր Հայաստանի համար: Եւ մեզի ուրիշ բան չէր մնար ընել ուրեմն անցեալին մէջ, բայց եթէ բոլոր տրամադրելի միջոցներով ոյժ տալ ցարական բանակին եւ բռնակալութեան յարատեւման:

Այսքա՜ն կը խեղճանայ տրամաբանութիւնը բոլոր անոնց, որ կը զիջանին փաստաբանել բացայայտօրէն անիրաւ դատ մը…

«Մենք ունեցանք պատերազմներ Վրաստանի, Ադրբէյջանի ու Թուրքիայի դէմ,- կը շարունակէ Քաջազնունի իր փաստաբանութիւնը,- իսկ բոլշեւիկները պատերազմ չունեցան: Մենք ունեցանք անընդհատ ու բազմաթիւ ներքին կռիւներ…բոլշեւիկները ներքին կռիւներ չունեցան, բացի փետրուարեան ապստամբութեան հետ կից կռիւները:

Մենք շարունակ պահում էինք երկիրը զէնքի տակ, անընդհատ կռիւների մէջ, զբաղեցրել էինք բոլոր աշխատաւոր ձեռները պատերազմի դաշտերում, մինչդեռ ամենամեծ կարիք ունէինք շինարար աշխատանքների. բոլշեւիկները ազատեցին ժողովուրդը այդ աղէտից, այդ անտանելի ծանր բեռից»:

Տեսնենք այժմ, թէ ինչպէս է պատմական իրականութիւնը, երբ ան չի դիտուիր բոլշեւիկեան փաստաբանի մը ակնոցներով:

Այո, ճիշդ է, մենք ունեցանք թէ պատերազմներ եւ թէ ներքին կռիւներ ու ստիպուեցանք շարունակ խոշոր բանակ պահել:

Բայց մի՞թե բոլշեւիկները ազատ պահեցին մեր երկիրը պատերազմներէ եւ ներքին կռիւներէ:

Անոնք չէի՞ն, որ 1921թ. Փետրուարին Հայաստանի միջոցով եւ անունով արշաւանք սկսեցին անկախ Վրաստանի դէմ եւ քիչ մնա, որ առիթ տային հայկական ջարդի՝ Վրաստանի մէջ: Եւ այդ պիտի լինէր, անկասկած, եթէ Փետրուարի 18-ին Երեւանի մէջ չտապալուէր բոլշեւիկեան իշխանութիւնը եւ չփոխարինուէր Փրկութեան Կոմիտէով, որ մեղմեց վրացիներու կատաղութիւնը հայերու դէմ:

Բոլշեւիկները չէի՞ն, որ 1920թ. Մայիսէն սկսած՝ Ատրբէյջանի կողմէն գրեթէ անընդհատ կռիւներ մղեցին Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ Ղազախի, Զանգեզուրի եւ Նախիջեւանի ճակատներուն վրայ:

Անոնք չէի՞ն, որ առաջ քաշեցին քէմալական Թուրքիան եւ մղեցին Հայաստանի վրայ, որպէսզի, յետոյ, իրենք ալ միջամտեն եւ թուրքերու հետ բաժնեն Հայաստանը երկու մասի, վերջ տալով հայկական անկախութեան:

Անոնք չէի՞ն, որ 1920թ. Մայիսին օտար եւ օտարամոլ տարրերու միջոցով ապստամբութիւն առաջ բերին Հայաստանի մէջ եւ իրենց քանդիչ պրոպագանդով քայքայեցին մեր բանակը,- բան մը, որ մեր ապագայ պարտութեան գլխաւոր պատճառներէն մէկը դարձաւ քեմալական արշաւանքի ատեն:

Նոյն բոլշեւիկները չէի՞ն, որ քեմալական եւ ռուսական զօրքերու օգնութեամբ, Երեւանի մէջ իշխանութեան գլուխ անցնելէ ետքը՝ իրենց աննախընթաց բռնութիւններով յուսահատ ապստամբութեան մղեցին ամբողջ հայ ժողովուրդը 1921թ. Փետրուարին եւ այնքա՜ն աւելորդ արիւնհեղութեանց պատճառ դարձան:

Անոնք չե՞ն վերջապէս, որ այսօր ալ տակաւին կը հետեւին տնտեսական քաղաքականութեան մը, որ, Քաջազնունիի այժմեան իսկ կարծիքով, կործանարար է մեր երկրի համար եւ որ, նոյն Քաջազնունիի ներկայ համոզումով, անկարելի կը դարձնէ որեւէ շինարարութիւն Խորհրդային Հայաստանի մէջ:

Ճիշդ է, բոլշեւիկները մեր ժողովուրդէն չեն վերցներ այժմ այնքան զինուոր, որքան մեր կառաւարութիւնը ստիպուած էր ընել:

Բայց մի՞թէ ատիկա անպայման առաւելութիւն մըն է մեր ժողովրդին համար: Չէ՞ որ Սուլթան Համիտն ալ հայերէ զինուոր չէր վերցներ, բայց ատիկա պատճա՞ռ էր, որ մենք անկէ գոհ լինէինք:

Բոլշեւիկները պարզապէս չեն ուզեր, ինչպէս ցարը չէր ուզեր, պահել ազգային հայկական բանակ եւ կ’ուզեն ռուսական զօրքով (որուն մէջ կան միայն փոքրաթիւ հայեր, ինչպէս եւ ցարի ժամանակ) «պաշտպանել» մեր սահմանները: Սակայն կրնա՞նք վստահ լինել այդ տեսակ զօրքի վրայ եւ հաւատալ, թէ ամէն գինով պիտի պաշտպանէ մեր երկիրը եւ օր մը չպիտի լքէ մեզ Մոսկուայի թելադրութեամբ, երբ ռուսական շահերը այդպէս պահանջեն:

Ի՞նչ պիտի ընէ այն ատեն սեփական բանակէ զուրկ եւ անպաշտպան հայ ժողովուրդը:

1918թ. Ղարաքիլիսայի եւ Սարդարապատի մէջ կարողացանք դեռ զօրաւոր դիմադրութիւն մը ցոյց տալ արշաւող տաճկական բանակին, որովհետու մենք ունէինք արդէն պատերազմի ատեն մարզուած հայ կամաւորական խմբեր եւ յեղափոխութեան ամիսներուն կազմուած հայ կանոնաւոր զօրամասեր:

Իսկ այժմ, երբ բոլշեւիկները իրենց օտար զօրքով փախչին մեր երկրէն, ո՞վ պիտի դիմադրութիւն ցոյց տայ եւ մանաւանդ ո՞վ պիտի ղեկավարէ այդ դիմադրութիւնը:

Մտածե՞ր է այդ մասին Քաջազնունի:

Եթէ սեփական բանակ չունենալը այնպիսի մեծ առաւելութիւն մը լինէր մեզ պէս փոքր ազգերու համար, ինչպէս տրամադիր է կարծել Քաջազնունի, լաւագոյն չպի՞տի լինէր նաեւ, որ անոնք իրենց քաղաքական բախտն ալ յանձնեին առմիշտ մեծերու քմահաճոյքին եւ նորէն անոնց լուծին տակ մտնէին: Չէ՞ որ այն ատեն աշխատաւոր ձեռքերն ալ ազատ կը լինէին: Բայց մի՞թէ այդ պիտի նշանակէր անպայման, թէ այդ ձեռքերու կատարած աշխատանքը իրապէս աւելի շինարար պիտի լինէր ու աւելի պիտի ծառայէր իրենց ազգին:

Այսօր բոլշեւիկները թերեւս տասն անգամ նուազ թիւով զինուոր կը վերցնեն մեր ժողովուրդէն, քան դաշնակցականները, բայց կարո՞ղ է Քաջազնունի հանգիստ խղճով ըսել, թէ ազատ մնացած ձեռքերու աշխատանքը չի երթար բոլշեւիկներու ամենակուլ որկորը, իսկ զէնքի տակ եղած նուազագույն թիւով հայերն ալ բաւականաչափ ապահովութիւն մը կը ներկայացնեն վատթարագույն պարագային համար, երբ հայութիւնը հարկադրուի իր սեփական ոյժերով պաշտպանել ինքզինքը:

Եթէ Քաջազնունի լրջութեամբ իրեն տար այս հարցերը եւ ամենայն բարեխղճութեամբ ու անաչառութեամբ փորձէր անոնց պատասխան մը տալ, այն ատեն թերեւս չգար իր անհեթեթ եզրակացութեանց, որոնց մէջ ամէն բան կայ, բացի քաղաքական ողջմտութենէ եւ հեռատեսութենէ:

XI

Քաջազնունի այն միտքը կը պաշտպանէ, թէ մեր ժողովուրդը տակաւին հասունացած չէ անկախութեան համար եւ պէտք ունի օտար թեւարկութեան՝ պատրաստուելու համար:

«Փորձը ցոյց տուեց,- կ’ըսէ ան,- որ այժմ եւեթ՝ անկախ պետութիւն կազմելը, մանաւանդ քաղաքական այս աննպաստ պայմանների մէջ, հայ ժողովրդի ոյժերից վեր բան է: Պէտք է մի միջին դրութիւն, քաղաքական մի նախակրթարան՝ դաստիրակուելու, պետական կեանքին վարժուելու համար ապա՝ մեծ ցնցումներից, կոտորածներից ու աւերումներից յետոյ պէտք է հանգստութիւն՝ ոյժեր հաւաքելու ու կազմակերպելու համար: Իրերի բերմամբ, այդ շրջանը Հայաստան պիտի անցնի բոլշեւիկեան դրօշակի տակ: Թող այդպէս լինի»:

«Արդ՝ օգնել բոլշեւիկներին Դաշնակցութիւնը չի կարող, մնում է որ չխանգարի,- այդ կը լինի նրա օգնութիւնը: Իսկ չխանգարելու համար ունի մի միջոց միայն՝ հեռանալ ասպարեզից»:

Եթէ Քաջազնունի չսահմանափակէր իր մտքի հորիզոնները միմիայն Հայաստանով, իսկ Հայաստանի պետական փորձին ալ նայէր պատմական հայեացքով, այն ատեն իր յոռի եզրակացութիւնը մեր անկախութեան մասին չպիտի հանէր մեր ունեցած կարճատեւ փորձի անյաջող վախճանէն, որ արդիւնք էր ոչ այնքան ներքին, որքան արտաքին ոյժերու աննպաստ դասաւորման:

Մի՞թէ Ալպանիա իր գրեթէ ամբողջապէս անգրագէտ ու կիսավայրենի ժողովուրդով աւելի ընդունակ է անկախ պետական գոյութեան, քան Հայաստան: Մի՞թէ Յունաստան, Պուլկարիա եւ նոյնիսկ Սերպիա, իրենց անկախութեան առաջին շրջանին, աւելի հասունացած էին անկախութեան համար, քան մեր ժողովուրդը, որ իր քաղաքակրթական մակարդակով շատ աւելի բարձր էր 1918-1920 թիւերուն, քան էին Հայաստանի նման տկար ու փոքր այդ պետութիւնները իրենց գոյութեան առաջին տարիներուն: Եւ եթէ քաղաքական արտաքին պայմանները անոնց համար նոյնքան աննպաստ լինէին, որքան եւ Հայաստանինը, ամենայն հաւանականութեամբ անոնք ալ շուտով պիտի զրկուէին իրենց անկախութենէն:

Բայց արդեօ՞ք ատիկա իրաւունք պիտի տար յունական, պուլկարական կամ սերպական Քաջազնունիներուն անմիջապէս յուսահատուելու եւ ըսելու, թէ ազգը հասունցած չէ անկախութեան համար եւ կամ իրենց ազգի ոյժէն վեր է անկախութիւնը:

Հարկաւ ոչ:

Վերցնենք ուրիշ, աւելի պերճախօս, թարմ եւ մերձաւոր օրինակ մը՝ Վրաստանը:

Քաջազնունի անվիճելի կը նկատէ, որ Կովկասի մէջ քաղաքականապէս ամենէն հասունացած եւ լաւ կազմակերպուած ազգը վրացիներն են: Անոնց ղեկավարող կուսակցութեան մասին ալ ան շատ բարձր կարծիք ունի: Ու վստահ ենք, որ չպիտի կրնայ ժխտել, թէ Վրաստանի ոյժերէն վեր էր իր անկախութիւնը:

Եւ սակայն Վրաստանն ալ ինկաւ ու աւելի դիւրութեամբ եւ կարճ ժամանակի մէջ, քան Հայաստանը: Ինչո՞ւ: Մի՞թէ հոս ալ ներքին ոյժերու տկարութիւնը կամ անպատրաստ լինելն էր պատճառը: Պարզ է, որ ոչ:

Անկախութեան խնդրի մէջ ամենէն կարեւոր ազդակը արտաքին ոյժերու նպաստաւոր դասաւորումն է: Վաղը Քիւրտիստանն ալ, որոշ միջազգային պայմաններու մէջ, կրնայ անկախ պետութիւն մը դառնալ եւ ապրիլ: Բայց մի՞թէ այդ պիտի նշանակէ, որ քիւրտերը մեզմէ աւելի հասունացած են անկախ պետական գոյութեան համար: Հարկաւ ոչ: Երբ կը ստեղծուին արտաքին բարեյաջող պայմաններ անկախ Քիւրտստանի մը համար, ան յարութիւն կ’առնէ ու կը սկսի ապրիլ եւ աստիճանաբար զարգանալ:

Ո՞վ ըսաւ, թէ ազգերը օտար լուծի տակ ու ստրկութեան մէջ է, որ կը սովրին անկախ ապրիլ եւ ինքզինքնին կառաւարել: Քաջազնունի մի՞թէ չի հասկնար, թէ բոլշեւիկեան ռեժիմի նման արեւելեան թիփիկ բռնակալութիւն մը չի կրնար լինել յարմար քաղաքական նախակրթարան մը ոչ միայն մեր, այլեւ ոեւէ ազգի համար:

Ճիշդ է, անգլիականի նման ազատական թեւարկութիւն մը թերեւս ժամանակի մը համար կարող է օգտակար լինել եւ մեր ազգին համար, ինչպէս եղած է Եգիպտոսի, Հնդկաստանի կամ Պաղեստինի համար: Սակայն մի՞թէ բոլշեւիկեան տիրապետութիւնը յետամնաց ազգերու զարգացման տեսակէտով կրնայ ոեւէ համեմատութեան դրուիլ անգլիականի հետ:

Ի՞նչպէս կրնայ մեր ժողովուրդը դաստիրակուիլ քաղաքականապէս եւ վարժուիլ սեփական պետական կեանքի, երբ Մոսկուայէն նշանակուած պաշտօնեաներու խումբ մը՝ օտար բանակի եւ ոստիկանութեան վրայ միայն յենուած՝ ցարական եւ սուլթանական սիստեմը յիշեցնող, իսկ երբեմն նաեւ գերազանցող բռնութիւններով կը կառավարէ մեր երկիրը, անողոք կերպով խեղդելով ժողովրդական  կամքի ու կարծիքի ամէն ազատ արտայայտութիւն: Քաջազնունի մի՞թէ չի ըմբռներ, թէ արեւելեան թիփի ստրկական ռեժիմի մը տակ, ինչպիսին է անկասկած ցարիզմի հարազատ ժառանգորդ բոլշեւիզմը, ժողովուրդ մը կը վարժուի ոչ թէ անկախութեան, այլ ստրկութեան: Ճիշդ է, ստրկութիւնը կրնայ ստրկացման ենթակայ ժողովրդի սրտին մէջ արթնցնել ու ամբարել հսկայ ատելութիւն մը դէպի իր տէրերը, բայց մի՞թէ այդ բացասական զգացումները Քաջազնունի կրնայ անուանել լաւագոյն միջոց մը պետական առողջ եւ բնականոն դաստիրակման համար:

Քաջազնունի ինչո՞ւ կը մոռնայ, որ մինչեւ որ մէկը ջուրի մէջ չիյնայ՝ լողալ չի սովրի երբեք, այնպէս ալ ազգ մը, մինչեւ որ անկախ վիճակի մէջ չդրուի, չի կրնար հասուննալ անկախ պետական կեանքի համար: Միմիայն սեփական փորձով, աստիճանաբար, ազգ մը կրնայ սովրիլ ինքզինքը կառաւարել: Չէ՞ որ անկախ Հայաստանի կարճատեւ փորձը մանուկ մը տարիքը կը ներկայացնէր: Եւ ո՞վ ըսաւ, որ եթէ ան անգամ մը ինկաւ, պէտք է զայն բռնի ոյժով պահել ինկած վիճակի մէջ, մինչեւ որ մանուկը ինքնիրեն ոյժ հաւաքէ հաստատուն քայլերով կարենալ քալելու համար:

Բոլշեւիկները այսօր կը պահեն մեր ժողովուրդը զգետնուած վիճակի մէջ, իրենց երկաթէ թաթը ամուր դնելով անոր տկար մէջքին վրայ: Բայց մի՞թէ այդ կացութեան մէջ է, որ հայութիւնը պիտի կարենայ դաստիրակուիլ ու զարգանալ ազատ եւ ինքնիշխան գոյութեան համար:

Քաջազնունի կ’ուզէ – եւ ամենայն իրաւամբ,- որ մեր ժողովուրդը «մեծ ցնցումներից, կոտորածներից ու աւերումներից յետոյ» հանգստանայ՝ «ոյժեր հաւաքելու եւ կազմակերպելու համար»:

Բայց մի՞թէ ատոր ճամբան այն է, ինչ որ կը թելադրէ Քաջազնունի: Մի՞թէ ոյժեր հաւաքելու եւ կազմակերպելու համար ամէն բանէ առաջ պէտք է քանդել այն մեծագոյն կազմակերպուած քաղաքական ոյժը, զոր իր պատմութեան վերջին հինգ դարու ընթացքին հազիւ կրցած է հանել իր ծոցէն հայ ժողովուրդը յանձին Հ. Յ. Դաշնակցութեան: Եւ ինչո՞ւ քանդել, երբ տակաւին չկայ ուրիշ աւելի լաւ կազմակերպուած ու աւելի վստահելի քաղաքական ոյժ մը, որ կարենար փոխարինել Հ. Յ Դաշնակցութիւնը, ինչպէս Քաջազնունի ինքն ալ կը խոստովանէր դեռ անցեալ տարի:

Իրարու բերումով, այո՛, Հայաստան այսօր բոլշեւիկեան դրօշակի տակ է: Բայց մի՞թէ ատկէ պէտք է եզրակացնել, թէ հայ ժողովուրդին ուրեմն պէտք չէ երեսուն տարիներէ աւելի կեանք ունեցող հայ քաղաքական կազմակերպութիւնը, որ կրցեր է գէթ երկու կէս տարի իր սեփական ոյժերով կառաւարել Հայաստանը եւ դարեւոր ստրկութենէ յետոյ առաջին անգամ բարձրացնել հայ երկրի վրայ հայկական եռագոյնը:

«Օգնել բոլշեւիկներին Դաշնակցութիւնը չի կարող»,- կը պնդէ Քաջազնունի: Ուստի «մնում է, որ չխանգարի»,- կ’եզրակացնէ ան:

Դաշնակցութիւնը, ինչպէս եւ ամէն մէկ հայ քաղաքական կազմակերպութիւն, որ չի ուզեր դաւաճանել հայ ժողովրդին ու իր կոչումին, պարտաւոր է օգնել Հայաստանի մէջ հաստատուած ամէն մէկ իշխանութեան այն չափով միայն, որ չափով որ այդ իշխանութիւնը ինքը կը ծառայէ հայ ժողովրդին եւ հայ պետութեան: Եւ ընդհակառակը, Դաշնակցութիւնը պարտաւոր է պայքարել Հայաստանի ամէն իշխանութեան դէմ, այն չափով, որ չափով որ վերջինս կը դաւաճանէ հայ դատին, կը վտանգէ հայ ազգի գերագույն շահերը, ոտնակոխ կ’ընէ հայ ժողովրդի նուիրական իրաւունքները եւ կ’արհամարէ, կ’անտեսէ հայութեան պահանջներն ու ձգտումները:

Այս տեսակէտով ալ՝ կազմակերպուած ընդդիմադիր հայ ոյժի մը գոյութեան անհրաժեշտութիւնը անժխտելի է:

Եթէ իշխանութիւնը մը կազմակերպուած ընդիմադիր ոյժի մը մշտական սպառանալիքին տակ չլինի եւ անոր խարազանող, մերկացնող, սթափեցնող հարուածներուն ենթակայ չլինի, անտարակոյս անսանձ ու անզուսպ կերպով անձնատուր պիտի լինի փոքրիկ խմբակի մը կործանարար կամայականութեանց, միանգամայն ոտնակոխ ընելով ժողովրդի ամենակենսական շահերն ու իրաւունքները: Ընդդիմադիր կազմակերպուած ոյժի մը գոյութիւնը կրկնակ անհրաժեշտութիւն է ժողովրդի մը համար, որու գլխուն նստած է բռնակալ իշխանութիւնը մը. իսկ արդէն կենաց եւ մահու խնդիր կը դառնայ այդ ոյժի գոյութիւնն ու գործունէութիւնը ժողովրդի մը համար, որ օտար բիրտ եւ բռնակալ ոյժի մը ենթակայ է:

Մենք ալ չենք ուզեր ժխտել Քաջազնունիի հետ միասին, որ հայ բոլշեւիկներու մէջ ալ կրնան լինել եւ կան անշուշտ սրտացաւ հայ մարդիկ, որոնք կ’ուզեն ծառայել իրենց օտար տէրերէն աւելի՝ հայ ժողովրդին: Բայց ի՞նչ կը կարծէ Քաջազնունի: Ե՞րբ կը լինի այդ տեսակ ազգասէր հայ բոլշեւիկներու դիրքը ամուր: Արդեօ՞ք այն ատեն, երբ կը լինի հայկական զօրաւոր ընդդիմադիր կազմակերպութիւն մը, ինչպիսին է Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, որ կը մղէ ժողովուրդը ճիշդ նոյն ուղղութեամբ, թէ՞ այն ատեն, երբ այդպիսի ոյժ մը իսպառ կը բացակայի հայ իրականութաեն մէջ:

Եթէ Քաջազնունի քաղքականապէս մտածէր, չենք տարակուսիր, թէ պիտի ընդունէր, որ Հ. Յ. Դաշնակցութեան գոյութիւնն ու ընդդիմադիր աշխատանքը թէ երկրի եւ թէ արտասահմանի մէջ կրնան միայն զօրացնել հայ բոլշեւիկներու ազգայնական թեւը, ստիպելով Մոսկուան աւելի լրջութեամբ հաշուի առնել հայ ժողովրդի ազգայանական պահանջները: Այլապէս Մոսկուա պիտի արհամարհէր միանգամայն մեր ժողովուրդը, որ ոչխարային համակերպութեամբ մը պատրաստ է տանիլ ամէն տեսակի բռնութիւն եւ բռնաբարում: Հետեւանքը այն պիտի լինէր միայն, որ միշտ աւելի ու աւելի սանձարձակ պիտի դառնային դէպի ապայնազգայնացում եւ դիմազրկում մղող Մոսկուայի մոլեռանդ ծառաներու կամայականութիւնները եւ ճնշումները:

Արդէն Փետրուարեան ապստամբութիւնը լաւ դաս մը եղաւ Մոսկուայի համար, որ փութաց դահիճ Աթարբեկովները, Կասեանները եւ Աւիսները փոխարինել Մեասնիկեաններով եւ Լուկաշիններով: Եւ կարելի է վստահ լինել, որ եթէ վաղը Դաշնակցութիւնը փորձ ընէր հետեւելու Քաջազնունիի ազգավնաս խորհուրդին եւ դադարէր գոյութիւն ունենալէ, Հայաստանի մէջ նորէն գլուխ պիտի բարձրացնէին Աւիսներն ու Աթարբեկովները եւ վերստեղծէին նախափետրուարեան դժոխքը:

Քաջազնունի չարաչար կը սխալի. Դաշնակցութիւնը, ոչ թէ յանուն իր կուսակցական, այլ համահայկական գերագոյն շահերու, չի կրնար հեռանալ ասպարէզէ: Ընդհակառակը, աւելի քան երբեք ան պարտաւոր է այժմ արթուն պահակը լինել հայ ժողովրդի քաղաքական դատին: Եւ հայութիւնը ուրիշ միջոց չունի հաւաքելու իր ոյժերը, կազմակերպուելու եւ պատրաստուելու վաղուան յաղթանակին համար, բայց եթէ աւելի քան երբեք ամուր փարիլ Հ. Յ. Դաշնակցութեան ու համախմբուիլ անոր դրօշակին շուրջը: Որովհետեւ, ինչ ալ ըսէ այժմ Քաջազնունի, անտարակուսելի է, որ հայ ազգի մեծագոյն քաղաքական զէնքը Հ. Յ. Դաշնակցութիւնն է…

XII

Քաջազնունիի ներկայ հոգեբանութեան եւ տրամաբանութեան համար մեծապէս բնորոշ է անոր վերաբերմունքը դէպի թրքահայ դատը:

Իր գրքոյկի առաջին մասին մէջ Քաջազնունի կ’ըսէ, թէ «1922թ. սկսուեց թրքահայ դատի հոգեւարքը»:

Եւ ըստ երեւոյթին այդ չարաշուք թուականն է, որ բեկում է առաջ բերեր Քաջազնունիի հոգիին մէջ եւ այնքա՜ն հիմնիւոր շրջեր անոր մտածողութիւնը:

Այդպէս սակայն կրնար ազդուիլ, աւելի ճիշդը՝ ցնցուիլ մէկը, որ չափազանց միամիտ հաւատ մը պիտի ունեցած լինէր հանդէպ եւրոպական դիւանագիտութեան: Քիչ-շատ իրատես եւ ողջամիտ քաղաքագէտ մը իրաւունք չունէր լուրջ յոյսեր դնելու եւրոպական դիւանագիտութեան վրայ այն բոլոր սթափեցնող դէպքերէն յետոյ, որոնք տեղի ունեցան մանաւանդ 1920թ. յետոյ:

1920թ. մինչեւ 1922թ. Քաջազնունի իրաւունք չունէր լաւատես լինելու, յետոյ բոլորովին յուսահատուելու աստիճան, երբ գիտէր, թէ Դաշնակից երեք մեծ պետութիւններէն երկուքը՝ Իտալիա եւ Ֆրանսա, բացարձակապէս Թուրքիոյ կողմն էին անցած 1922թ. բաւականին առաջ: Իսկ ատկէ զատ Թուրքիոյ հաւատարիմ զինակիցն էր Խորհրդային Ռուսիան, որ միջոցներ չէր խնայեր անոր յաղթանակը ապահովելու համար:

Եւ, եթէ ամբոխը պէտք ունէր դեռ Լօզանի խայտառակ խեղկատակութեան՝ վերջնականապէս սթափուելու համար, գէթ Քաջազնունիի պէս մարդու մը, որ պետութեան մը վարչապետ եղած էր եւ ի վիճակի էր աւելի մօտէն ճանաչելու պետութեանց էնթիրկներին ու խաղերը Մերձաւոր Արեւելքի հարցին շուրջ, ներելի չէր ամէն պարագայի տակ աւելորդ յոյսեր սնուցանելու թրքահայ դատի մասին այն օրէն ի վեր, երբ կովկասեան Հայաստանը կորսնցուց իր անկախութիւնը:

Եթէ Քաջազնունի իրապէս այդքա՜ն բախտորոշ նշանակութիւն կուտայ արտաքին ոյժերու նպաստաւոր եւ աննպաստ դիրքին մեր հարցի լուծման համար, այն ատեն ինչո՞ւ այդքան շուտ անձնատուր է եղած յուսահատութեան:

Լօզանի քոնֆէրանսի շրջանին, այո, միջազգային ոյժերու փոխյարաբերութիւնը չափազանց աննպաստ կերպարանք մը ստացած էր մեզի համար եւ, ընդհակառակը, աննախաընթացօրէն նպաստաւոր՝ թուրքերուն համար: Բայց քաղաքական դասաւորումները կարելի՞ է տեւական նկատել, մանաւանդ պատմական այս յեղյեղուկ, փոթորկայոյզ տարիներուն, երբ ամբողջ մարդկութիւնը՝ մեծ պատերազմէն ցնցուած իր բոլոր հիմերուն մէջ՝ ահռելի վերվայրումներու երկարատեւ շրջանը մը կ’ապրի: Այն ատեն, երբ Վերսայլի պէս դաշնագրերն անգամ՝ հազիւ կնքուած եւ դեռ լիովին չգործադրուած՝ մահացու սպառնալիքի տակ են ամէն կողմէ, եւ միջազգային ընդհանուր կացութիւնը այնքան վտանգաւոր է դարձած, որ կարող է ամէն վայրկեան փլչիլ Վերսայլի հաշտութեան պէս վիթխարի շէնք մը, մի՞թէ քաղաքական կարճատեսութիւն չէ հաւատալ, որ Լօզանի դաշինքը կարող է հիմ կազմել յարատեւ խաղաղութեան մը, որ ի վիճակի լինի յուսահատեցնելու չափ երկար ժամանակով մը փակել թրքահայ եւ առհասարակ հայկական հարցը, պարտադրելով մեզ նոյնիսկ վար դնել մեր զէնքերը:

Քաջազնունի ինչո՞ւ չի ուզեր հասկնալ, որ միջազգային յարաճուն փոթորիկի այս շրջանին, միջպետական դաշնագրերը շատ կարճատեւ կեանք մը կրնան ունենալ – մանաւանդ Լօզանի պէս խախուտ դաշնագիր մը, որմէ ոչ ոք գոհ է բացի Թուրքիայէն, իսկ շահագրգռուած մեծ պետութիւնները աւելի պատեհ առիթ են միայն թողուած իրենց հաշիւները Թուրքիոյ հետ մաքրելու գործը: Բայց չէ՞ որ այդ պատեհ առիթը կրնայ ներկայանալ ամէն վայրկեան, նայած թէ ինչ ընթացք կը ստանան դէպքերը Եւրոպայի եւ Ռուսիոյ մէջ:

Հետեւաբար, ողջամիտ, շրջահայեաց եւ իրատես քաղաքագէտ մը ոչ հիմ ունէր աւելորդ յոյսեր կապելու Լօզանի հետ եւ ոչ ալ լուրջ պատճառ մը՝ կատարելապէս յուսահատուելու անոր բացասական վախճանէն: Ան երբեք չպիտի մոռնար, որ իրերու ընթացքը կարող է փոխուիլ եւ շատ հաւանական է, որ փոխուի հիմնապէս, ինչպէս եղաւ վերջին տասնամեակի ընթացքին քանի մը անգամ – մերթ դէպի լաւը եւ մերթ դէպի վատը մեզի համար: Քաջազնունի ինչո՞ւ չի ուզեր տեսնել միջազգային ներկայ հրաբորբոք վիճակի չարագուշակ թէ բարեգուշակ բոցերը գրեթէ բոլոր երկիրներու մէջ, բացի թերեւս Ամերիկայէն:

Քաջազնունի կը պատասխանէ մեզի հարցումով մը միայն. «Կարո՞ղ է մի քաղաքական կուսակցութիւն պահպանել իր գոյութիւնը մի անյայտ ապագայի համար, երբ ներկայում բան չունի անելու»:

Բայց, նախ, Քաջազնունի պէտք է նկատի առնէ, թէ այդ «անյայտ ապագան» միջազգային այժմեան անկայուն շրջանին մէջ շատ դիւրութեամբ եւ շատ արագ, անսպասելիօրէն արագ կրնայ դռնալ չափազանց յայտնի եւ որոշ ներկայ մը, իր կենաց եւ մահու պահանջներով: Եւ ապա՝ Քաջազնունի պէտք է չմոռնայ, որ զինադադարի շրջանը մը ոչ մէկի բանակի համար կրնայ կատարեալ անգործութիւն նշանակել, երբ կողմերը ժամանակ միայն կ’ուզեն վաստակիլ, նորանոր պատրաստութեանց եւ վերակազդուրման համար:

Հայկական ճակատի վրայ այսօր զինադադար է, այո: Բայց ո՞վ ըսաւ, թէ բան չունինք ընելու, երբ մեր քաղաքական պահանջներէն եւ ոչ մէկը իրականացած է տակաւին, ինչպէս Քաջազնունին ալ կը խոստովանի: Մի՞թե դադարի ատեն քաղաքական կուսակցութեան մը մեծագոյն գործը չէ պատրաստուիլ, ոյժեր հաւաքել ու կարգի բերել եւ պայքարի նոր միջոցներ խորհիլ, նոր յաղթականներու համար այն պարագային, երբ «անյայտ ապագան» բոլորովին մօտենայ մեզի եւ իր անողոք, անյետաձգելի ու թերեւս ճակատագրական պահանջները առաջադրէ:

«Թրքահայաստան չկայ այլեւս»,- կը բացականչէ Քաջազնունի եւ պատրանք կը համարէ այսուհետեւ անոր ետեւէ իյնալը:

Եթէ Քաջազնունիի յուսահատութիւնը բղխէր Թրքահայաստանի ամայացումէն եւ թրքահայ զանգուածի կոտորածէն կամ տարագրումէն, այն ատեն իրաւունք ունէինք սպասելու, որ 1915թ. արդէն Քաջազնունի ձեռնթափ եղած պիտի լինէր բոլորովին թրքահայ դատէն: Մինչդեռ իրականին մէջ Քաջազնունի ամբողջ եօթ-ութ տարի անտես առաւ հայ քաղաքական կեանքի եւ դատի այդ խոշորագոյն ու դաժանագոյն փաստը, եւ միայն 1922թ. սկսաւ սթափուիլ, որպէսզի 1923թ. քաջութիւն ունենայ վերջապէս հրապարակօրէն թաղելու Թրքահայաստանի դատը:

Եւ ահա այժմ միայն Քաջազնունի, կատարելապէս յուսախաբուելով Սեւրի դաշնագիրը ստորագրող եւ ապա զայն լքող պետութիւններէն, հարց կուտայ իրեն. «Ո՞վ պիտի խլի Թուրքիայի ձեռքից հայկական վիլայէթները, ուր մի հատիկ հայ չի մնացել այլեւս (կարծես թէ նոր է, որ Քաջազնունի կ’իմանայ այդ մասին – Ռ. Դ.): Ո՞վ պիտի դուրս քշի այնտեղից թրքական բանակը եւ քրդական աշիրաթները: Ո՞վ պիտի հաւաքի աշխարհի չորս կողմը ցրուած թրքահայութեան բեկորները, բերի տուն, շէնացնի աւերուած երկիրը, ապրելու եւ աշխատելու հնարաւորութիւն տայ: Ո՞վ պիտի պաշտպանի երկարաձիգ սահմանները ու արգելի թուրքերին ներսխուժել երկիր… Այդ բարդ ու շատ դժուար գործողութիւնները կատարելու համար ո՞վ պիտի մատակարարի Հայաստանին քաղաքական օգնութիւն, ռազմական ոյժ եւ վագոններով ոսկի»:

Քաջազնունի այս հարցերը կուտայ ըսելու համար, թէ խնդիրը բացարձակապէս անյուսալի է: Եւ այդ մտայնութեամբ ալ կը բացականչէ. «Միացեալ Հայաստանը մի անբովանդակ խօսք է, ուրիշ ոչինչ»:

Մէկ բան միայն Քաջազնունի կը նկատէ դեռ հնարաւութեան սահմաններուն մէջ՝ Խորհրդային Հայաստանի հողը «մի քիչ լայնեցնելու» կարելիութիւնը: Բայց այդ փոքրիկ յոյսն ալ կը կապէ Ռուսիոյ ոյժին հետ:

Իրաւունք չունի՞նք հարցնելու, որ, եթէ Ռուսիան է լինելու մեր սահմանները «մի քիչ» լայնացնողը, ապա ինչո՞ւ չի կրնար նաեւ շատ լայնացնել, այսինքն՝ գրաւել ամբողջ Թրքահայաստանը, ինչպէս կ’ուզէր ընել ցարական Ռուսաստանը:

Եւ իրաւ, եթէ օր մը Ռուսիա նորէն դէպի հարաւ տարածուելու ձգտում ունենայ, պիտի կարենայ յաջողիլ միմիայն գինու զօրութեամբ: Իսկ եթէ Ռուսիա զէնքով պիտի հողեր գրաւէ Թուրքիայէն, այն ատեն, յաղթութեան պարագային, ինչո՞ւ չի կրնայ նուաճել Կարսի շրջանի հետ միասին նաեւ ամբողջ Թրքահայաստանը կամ անոր այս կամ այն կարեւոր մասը:

Քաջազնունի հարկաւ չի կրնար ժխտել, որ եթէ Ռուսիա մեր սահմանները լայնեցնելու լինի, իր իսկ շահերուն պահանջով պիտի ընէ այդ, բայց ոչ երբեք հայերուն գոհացում տալու ձգտումով: Այդ պարագային, բնականաբար, թրքահայ վիլայէթներու մէջ հայ լինելը կամ չլինելը, վճռական դեր չի կրնար խաղալ ռուսական քաղաքականութեան մէջ:

Խնդիր է սակայն, թէ եւրոպական մեծ պետութիւնները, որոնք կենսական շահեր ունին Արեւելքի մէջ, պիտի ձգե՞ն, որ Ռուսիա իր տիրապետութիւնը աւելի եւս ծաւալէ դէպի հարաւ: Չէ՞ որ կրնայ պատահիլ, որ Եւրոպա շահ ունենայ հէնց ոյժ տալու անկախ Հայաստանի մը կազմութեան եւ հաշտուի անոր, բայց ոչ երբեք Ռուսիոյ սահմաններու ընդարձակման հետ:

Ինչո՞ւ Քաջազնունի կը մոռնայ, որ մինչեւ այսօր ալ եւրոպական պետութիւնները չեն ճանչցած Խորհրդային Ռուսիոյ սահմանները, որոնց խնդիրը դուրս է ձգուած նոյնիսկ Լօզանի դաշնագրէն: Ինչո՞ւ Քաջազնունի կը մոռնայ, որ ի վերջոյ, առանց շահագրգռուած մեծ պետութեանց համաձայնութեան, անկարելի է նուիրագործել եւ հաստատել տեւականօրէն ոեւէ միջազգային եւ սահմանային նոր դրութիւն. վաղ թէ ուշ Եւրոպայէն ճանչցուած ռուսական օրինաւոր կառաւարութիւն մը իրաւախոհութեան պիտի գայ նաեւ Կովկասի վիճակի մասին շահագրգռուած եւրոպական մեծ պետութեանց հետ: Իսկ եթէ նոր բաղխում մը տեղի ունենայ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ,- ինչ որ բնաւ անհաւանական չէ նոյնիսկ մօտիկ ապագային,- այդ պարագային ալ, առանց եւրոպական մեծ պետութեանց ուղղակի կամ անուղղակի միջամտութեան, հազիւ թէ վերջնականապէս կարելի լինի կարգադրել Կովկասի եւ Թրքահայաստանի քաղաքական բախտը:

Մէկ խօսքով, հազար ու մէկ նոր պայմաններ եւ պատեհութիւններ կրնան ստեղծուիլ նորէն հայկական անկախ պետութեան կազմութեան համար: Իսկ երբ այդ լինի, սահմաններու խնդիրը, եթէ անգամ սկզբէն չի լուծուի գոհացուցիչ կերպով, պիտի դառնայ ժամանակի հարց միայն: Ոչ մէկ անհաւանական բան կայ, որ օր մը՝ վաղ թէ ուշ, թէ՛ Ռուսիոյ, թէ՛ Եւրոպայի եւ թէ՛ Թուրքիոյ շահերը այնպէս մը դասաւորուին, որ Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի ստեղծումը քաղաքական անհրաժեշտութիւն և անխուսափելիութիւն դառնայ: Հարկաւ այդ բնաւ չի նշանակեր, թէ Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի կազմաւորման եւ հաստատման պրոցեսը տեղի պիտի ունենայ մէկ անգամով, ամենալայն սահմաններու մէջ եւ ամենակարճ ժամանակի ընթացքին: Այդ պրոցեսը կրնայ պահանջել երկար ժամանակ եւ յարատեւ, անդուլ պայքար:

Սակայն, եթէ այս բոլորը նոյնիսկ մէկ կողմ ձգենք, Միացեալ Հայաստանի քաղաքական նշանաբանին մէջ մեզի համար ներկայիս ամենէն թանկագինը եւ իրականը գաղափարն է, հայկական միութեան ստեղծագործ գաղափարը: Արեւելեան եւ Արեւմտեան Հայաստաններու հողերը կրնան միանալ աւելի կամ նուազ հեռաւոր ապագային մէջ, բայց արեւելահայ եւ արեւմտահայ ժողովրդական զանգուածները եւ տարրերը իրենց իրենց հոգիով, ազգային ձգտումներով եւ իտէալներով  այժմ իսկ պիտի միանան եւ միշտ աւելի սերտօրէն կապուին իրարու հետ, գործակցին իրար եւ կազմեն մէկ քաղաքական ամբողջութիւն:

Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը միակն է հայ քաղաքական կուսակցութանց մէջ, որ կրցած է ստեղծել համահայկական հզօր միութիւն մը՝ հաւասարապէս հարազատ ու նուիրական թէ կովկասահայի, թէ պարսկահայի եւ թէ թրքահայի համար: Եւ Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանը մեզի համար քաղաքական ՄԵԾ ԻՏԷԱԼ մըն է, որու իրագործումը Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմական թերեւս ամենակարեւոր եւ անկապտելի առաքելութիւնն է: Այսօր, հողէն աւելի, մեզի համար նուիրական է համահայկական միութեան կենդանի գաղափարը, որ անկասկած վաղն ալ պիտի տիրանայ հողին՝ բովանդակ հայութեան միացեալ ոյժերով եւ դիւցազնական ճիգերով:

Ահա թէ ինչու այն, ինչ որ Քաջազնունիներու համար «անբովանդակ խօսք» մըն է արդէն, մեր կենսունակութեան եւ ոյժի ամեմամեծ աղբիւրն է եւ մեր յաղթանակի ամենամեծ գրաւականը:

Առանց մեծ իտէալի մը՝ ոեւէ ազգ մեռած է: Եւ որքան ատեն որ Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի նուիրական իտէալը կենդանի եւ գործօն ոյժ մնայ մեզի համար, մենք պիտի ապրինք եւ ապահովաբար պիտի յաղթանակենք ի վերջոյ…

 

Շարունակելի, նախորդ հատվածը կարդալ՝ https://www.aniarc.am/2015/11/18/ruben-darbinian-part-4/