Ռուբէն Դարբինեան. «Մեր Պատասխանը Յովհաննէս Քաջազնունիի», մաս 2

925

Հատված ՀՅԴ երևելի դեմքերից մեկի՝ Ռուբէն Դարբինեանի «Մեր Պատասխանը Յովհաննէս Քաջազնունիի» գրքից, որը պատասխան է Հայաստանի Առաջին Հանրապետության առաջին վարչապետ Հովհաննես Քաջազնունու «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնն Անելիք Չունի Այլեւս» զեկուցագիր-գրքի: 

II

Քաջազնունիի գրքոյկի առաջին կէսը նուիրուած է մեր մօտիկ անցեալին:

Հեղինակը կը սկսի իր պատմութիւնը 1914 թ., երբ պայթեցաւ համաշխարհային պատերազմը, որ ա՜յնքան ճակատագրական հետեւանքներ ունեցաւ մեր ազգի համար, եւ կը հասցնէ զայն մինչեւ Լօզանի չարաշուք քոնֆէրանսը, այսինքն՝ մինչեւ գրեթէ մեր օրերը:

Քաջազնունի քայլ առ քայլ, թռուցիկ կերպով, կանգ կ’առնէ վերջին ինը տարուայ նշանակալից ժամանակաշրջանին մէջ տեղի ունեցած գլխաւոր ազգային դէպքերուն վրայ, կ’անցնէ զանոնք իր անյուսալիօրէն յոռի տրամադրութեանց բովէն, եւ իր պատմական համառօտ ակնարկը կ’աւարտէ հետեւեալ յատկանշական խօսքերով. «Պետութիւնը (այսինքն՝ հայկական պետութիւնը) վերածուեց [Home] Հօմի, Հօմը վերածուեց գաղութների… Սիբիրում: Սարը մուկ ծնեց,- ոչ, սարը երկնեց անասելի տանջանքների մէջ, ցնցուեց հիմքերից, պատառ պատառ եղաւ, արեան հեղեղներ հոսեցրեց արգանդից եւ ծնեց ոչինչ, ոչ իսկ մի մուկ»:

Սակայn քիչ ետքը, երբ հեղինակը կ’անցնի իր գրքոյկին երկրորդ բաժնին, ուր կը խօսի ներկայի եւ մասամբ ալ ապագայի մասին, կ’իմանանք, որ հայկական սարը այսուհանդերձ ծնած է ոչ թէ ոչինչ, այլ շատ շօշափելի բան մը,- այն, որ այսօր կը կոչուի Խորհրդային Հայաստան, իբրեւ ժառանգութիւն Հ. Յ. Դաշնակցութեան ստեղծած Հայաստանի Հանրապետութեան:

Որ մեր ինը տարուայ քաղաքական պայքարի արդիւնքը շատ հեռու է ոչինչ լինելէ, կը խոստովանի հէնց ինքը Քաջազնունին, երբ կ’ուզէ բնորոշել ներկայ Խորհրդային Հայաստանի արժէքը: Պատասխանելով ընկերոջ մը նամակին, Քաջազնունի կ’ըսէ (իր պատասխանը, իբրեւ յաւելուած զետեղուած է նոյն գրքոյկին մէջ). «Ասում ես Հայաստան անկախ չէ: Ի հարկէ անկախ չէ: Բայց համեմատիր, անկախութեան տեսակէտից, իրերի այսօրուայ դրութիւնը նախապատերազմական դրութեան հետ եւ տե՛ս, թէ ի՛նչ մեծ թռիչք է կատարուած: Յիշիր, թէ պատերազմի նախօրեակին ի՜նչ ոգեւորութիւնով ողջունում էինք եւրոպական «կոնտրոլէորներ» հաստատելու ծրագիրը թրքահայ վիլայէթների մէջ եւ թէ ինչպէս երազում էինք զեմստվօյական ինքնավարութիւններ ստանալ Անդրկովկասեան Հայաստանի համար… բայց չէ՞ որ Մեասնիկեանի կամ Լուկաշինի կառավարութիւնը մի քիչ աւելի է, քան եւրոպացիների վերահսկողութիւնը թրքահայ վիլայէթների վրայ կամ զեմստվօյական հաստատութիւնները Անդրկովկասում… Անկախ չէ Հայաստան, այո՛, բայց մի շատ մեծ քայլ է արել դէպի անկախութիւն եւ հետեւեալ քայլը անելու համար, պէտք է ամրացնի արդէն նուաճուած դիրքերը»:

Այսպիսի ակնբախ եւ աղաղակող հակասութեան մէջ կ’իյնայ Քաջազնունի, ինքն իսկ հերքելով իր գրքոյկի երկրորդ մասի մէջ այն, ինչ որ ըսած է նոյն գրքոյկի առաջին մասի մէջ:

Այս հակասութիւնը, ինչպէս յետագային ալ պիտի տեսնենք, կը բղխի այն տարբեր տրամադրութիւններէն եւ չափերէն, որոնցմով հեղինակը կը մօտենայ մեր անցեալին ու ներկային: Անցեալը Քաջազնունիի աչքին Հ. Յ. Դաշնակցութիւնն է, որուն կատարած գործին արդիւնքը ան տրամադիր է հաւասարեցնել զէրօյի, ոչնչի: Մինչդեռ ներկան՝ բոլշեւիկեան կազմակերպութիւնն է, որուն հանդէպ ան նորընծայ հաւատացեալի մը ներողամիտ եւ երբեմն նոյնիսկ խանդավառ վերաբերումն ունի:

Ուրիշ խօսքով, Քաջազնունի կամայ թէ ակամայ տրամադրուած է ստորագնահատելու այն ամէնը, ինչ որ Դաշնակցութեան անմիջական դրոշմը կը կրէ, եւ ընդհակառակը, գերագնահատելու այն բոլորը, որ գէթ արտաքուստ բոլշեւիկներու հետ է կապուած:

Սակայն անցնինք:

Իր գրքոյկի երկրորդ մասին մէջն է, որ Քաջազնունի վերլուծման կ’ենթարկէ հայկական ներկայ իրականութիւնը, եւ ծանրակշիռ եզրակացութիւները կը հանէ ապագայի նկատմամբ: Եւ հոս է, որ հեղինակը կը ջանայ, նոր խօսք մը ըսած ըլլալու համար, մահուան դատավճիռ արձակելու Հ. Յ. Դաշնակցութեան, իսկ անուղղակի կերպով նաեւ հայ ազգային բոլոր կուսակցութիւններու հասցէին:

Բայց նախ, տեսնենք, թէ Քաջազնունի ինչպէս կը գնահատէ Խորհրդային Հայաստանը մեր ազգային քաղաքական իտէալներու տեսակէտէն:

«Հանրապետութիւնը (այսինքն՝ Խորհրդային Հայաստանը) անկախ չէ, նա կազմում է դաշնակցային Անդրկովկասի ու ապա՝ դաշնակցային Ռուսաստանի մի մասը. փաստօրէն՝ մի քանի ինքնավար նահանգ է Հայաստանը, Մոսկուայի հսկողութեան եւ հրամանատարութեան տակ»:

Կարո՞ղ է այս դրութիւնը բաւարարել մեզ, կը հարցնէ Քաջազնունի եւ կը պատասխանէ. «Ի հարկէ, ո՛չ»:

Ճիշդ է, հեղինակը կ’աւելացնէ, թէ անկախութենէ աւելի բաղձալի է մեզի համար ֆեդերացիան. բայց կը խոստովանի միաժամանակ, որ «մենք ուզում ենք այնպիսի ֆեդերացիա, որի մէջ դաշնակցող պետութիւնները մտնում են ազատ կամքով ու հաւասար իրաւունքներով: Ռուսաստանի ներկայ Ֆեդերացիան այդպէս չէ կազմուած»:

Այսինքն՝ Քաջազնունի կ’ընդունի ուրեմն, որ Հայաստան իր ազատ կամքով չէ միացուած Ռուսիոյ եւ ռուսական ներկայ ֆեդերացիայի մէջն ալ հաւասար իրաւունքներ չունի: Ուրիշ խօսքով, Հայաստանի ներկայ վիճակը հիմնուած է արտաքին ոյժի մը բռնութեան եւ անոր ստեղծած բռնի անհաւասարութեան վրայ, որ հարկաւ կրնայ պահպանուիլ միմիայն յարատեւ բռնութեամբ: Բնական է, որ այս դրութիւնը շատ հեռու է իրական ֆեդերացիայէն:

Քաջազնունին բոլորովին չի գոհանար նաեւ Հայաստանի ներկայ ներքին վարչաձեւով:

«Խորհրդային իրաւակարգը- կ’ըսէ հեղինակը- տեսականօրէն ենթադրում է՝ մինչեւ դասակարգերի անդառնալի վերացումը՝ պրոլետարիատի դասակարգային դիկտատուրա. իսկ իրականապէս՝ այսօրուայ Հայաստանի իշխանութիւնը կոմունիստական կուսակցութեան դիկտատուրա է»:

Այսպիսի վարչական սիստեմ մը անհանդուրժելի պիտի լինի հարկաւ ամէն ազատամիտ հայու համար:

Քաջազնունի անհանդուրժելի կը համարէ նաեւ կոմունիստական այն սկզբունքները, որոնցմով «վերաշինւում է, կամ փորձ է արւում վերաշինելու սոցիալ-տնտեսական կեանքը» Խորհրդային Հայաստանի մէջ: Ինչո՞ւ. որովհետեւ, ինչպէս կ’ըսէ Քաջազնունի, Հայաստան տակաւին հասունացած չէ սոցիալիզմի կամ կոմունիզմի համար եւ «ամէն մի ճիգ այդ ուղղութեամբ կանխօրէն դատապարտուած է անյաջողութեան ու յանցանք է՝ յատկապէս՝ հայ աշխատաւորութեան համար»:

Այսպիսով, կ’եզրակացնէ Քաջազնունի, «Խորհրդսային Հայաստանի ոչ քաղաքական վիճակը, ոչ վարչաձեւը, ոչ ալ ներքին սոցիալ-տնտեսական քաղաքականութիւնը չեն կարող բաւարարել մեզ. մենք ուրիշ բան ենք ուզում, քան այսօրուայ Հանրապետութիւնը»:

«Ուրեմն, ի՞նչ դիրք պիտի բռնենք այդ Հանրապետութեան, նրա ռեժիմի ու կառաւարութեան հանդէպ»:

Եւ Քաջազնունի կարճ եւ կտրուկ կը պատասխանէ. «Պիտի պայքարի՛նք»:

Սակայն այս հետեւողական ու միանգամայն տրամաբանական պատասխանը տալէ ետքը՝ Քաջազնունի զարտուղի ճանապարհներու կը դիմէ խուսափելու համար այն պայքարէն, զոր կը պարտադրեն իրեն իր իսկ քաղաքական եւ ընկերային իտէալները:

Այստեղ արդէն, պիտի ըսենք, կը լռէ քաղաքական շիտակ գործիչը եւ խօսք կ’առնէ փաստաբանը, որ յանձն է առեր պաշտպանելու ակներեւօրէն անիրաւ դատ մը:

Պարզ. Քաջազնունի կ’ուզէ ամէն գնով պաշտպանել պոլշեւիկներու դատը եւ այդ նպատակի համար կը ստիպուի դիմել այն ամէն սոփեստութեանց, որոնք, իր կարծիքով, կարող են ապացուցանել, թէ աւելորդ ու վնասակար է այլեւս ոեւէ պայքար բոլշեւիկներուն դէմ ոչ միայն այժմ, այլ եւ յետագային. հետեւաբար, պէտք է վերջ դնել բոլոր հայ ազգային կուսակցութեանց գոյութեան եւ մեր ազգի բախտը ամբողջովին ու առմիշտ յանձնել Խորհրդային իշխանութեան, այսինքն՝ Խորհրդային Ռուսիոյ:

III

Քաղաքական ինքնասպանութեան իր քարոզը Քաջազնունի կը հիմնաւորէ հետեւեալ գլխաւոր պատճառաբանութիւններով, որոնցմէ առաջինը ամփոփ կերպով կ’արտայայտէ այսպէս.

«Եթէ Խորհրդային կարգերը ճանաչէին քաղաքացիական ազատութիւններ, մենք՝ իբրեւ օպօզիցիա (ընդիմադիր ոյժ) համդէս կը գայինք մամուլի եւ հրապարակային ժողովների մէջ, կը քննադատէինք Խորհուրդների սխալ քաղաքականութիւնը, հասարակական կարծիք կը պատրաստէինք, մեր շուրջը համակիրներ կը հաւաքէինք, կը կազմակերպէինք դժգոհ ու ընդիմադիր տարրերը»:

«Եթէ Խորհրդային կարգերը ճանաչէին նաեւ քաղաքական իրաւունքների հաւասարութիւն, մենք կը մասնակցէինք ընտրական պայքարներին, կ’աշխատէինք տեղեր գրաւել Խորհուրդներում ու մեր ցանկացած ուղղութիւնները մտցնել օրէնսդրութեան ու վարչաձեւի մէջ»:

«Բայց Խորհրդային իշխանութիւնը չի ուզում ճանաչել ոչ քաղաքացիական ազատութիւններ, ոչ էլ քաղաքական իրաւունքների հաւասարութիւն,- կուսակցական (այսինքն՝ դասակարգային) դիկտատուրա է նա: Մենք կարող ենք շատ ցաւել այս առթիւ, գանգատուել, բողոքել, զայրանալ… բայց դրութիւնը չի փոխուի, փաստը կը մնայ փաստ. իբրեւ օրինական օպօզիցիա՝ մենք տեղ չունինք Հայաստանում»:

«Ասում եմ՝ Հայաստանում, որովհետեւ չեմ ըմբռնում օպօզիցիայի արժէքը Հայաստանից դուրս»:

«Ի հարկէ, գաղութներում մենք կարող ենք խօսել ու գրել, որքան կամենանք ու ինչ կամենանք: Դրա համար հարկավոր է միայն թուղթ ու տպարան, այսինքն՝ մի քիչ դրամ եւ ուրիշ ոչինչ: Բայց Խորհրդային Հայաստանի համար քանի՞ գրօշի արժէք ունի ռումանահայ կամ եգիպտահայ գաղութների հասարակական կարծիքը (ենթադրելով իսկ, թէ այդպիսի կարծիք իրօք կը յաջողուի ստեղծել):

«Գուցէ գաղտնի՞ մտցնել մեր տպագրական խօսքը Հայաստան…»:

«Անցեալներում, ցարական ռեժիմի տակ, մենք մտցնում էինք երկիր «Դրօշակ»ը եւ ուրիշ հրատարակութիւններ. Իսկ այսօր, եթէ չեմ սխալւում, սոցիալիստ-յեղափոխականները շարունակում են մտցնել Ռուսաստան իրենց արտասահմանեան գրականութիւնը: Չգիտեմ, ի՞նչ յոյսեր ունին սոցիալիստ-յեղափոխականները եւ որքա՞ն յաջողեցնում են գաղտնի պրոպագանդը: Բայց, հաշուի առնելով մեր իրականութիւնն ու կարողութիւնը, հարց եմ տալիս՝ ի՞նչ նշանակութիւն պիտի ունենան մեր թերթերը, որ գաղտագողի պիտի կարդայ մի քանի հարիւր մարդ՝ հանդէպ այն հսկայ գրականութեան, որով բոլշեւիկները հեղեղում են երկիրը: Վախենում եմ, որ մեր փորձի միակ հետեւանքը լինի այդ մի քանի հարիւր մարդու կեանքի կամ ազատութեան վտանգմում եւ ուրիշ ոչինչ»:

«Իսկ որ ամենից կարեւորն է՝ գաղտնի պրոպագանդի համար հարկաւոր են շատ որոշ, կտրուկ, հեշտ ըմբռնելի ու զանգուածներին ոգեւորելու ընդունակ բանաձեւեր՝ մի բան, որ մենք չունենք, չենք կարող ունենալ:»

Չափազանց տարօրինակ կը հնչէ Քաջազնունիի տրամաբանութիւնը:

Քանի որ քաղաքացիական ազատութիւններ եւ քաղաքական հաւասար իրաւունքներ չկան ներկայ Հայաստանի մէջ,- կը փաստաբանէ ան, -ուրեմն մենք պէտք է վար դնենք մեր զէնքերը ու չպիտի պայքարինք Խորհրդային իշխանութեան դէմ, թէկուզ այդ ազատութիւններեն ու իրաւունքները ձեռք բերելու համար: Քանի որ բոլշեւիկները իրենց հսկայ գրականութիւնով կը հեղեղեն մեր երկիրը, իսկ մենք կրնանք միայն սահմանափակ թիւով թերթեր ու գրքեր հասցնել հոն հակապրոպագանդի համար, ուրեմն պէտք է հրաժարուինք ամէն տեսակի պրոպագանդէ բոլշեւիկներու դէմ, որպէսզի աւելորդ տեղն ալ քանի մը հարիւր մարդոց կեանքն ու ազատութիւնը չվտանգենք:

Եթէ այս չքնաղ տրամաբանութեան հետեւէին նոյն բոլշեւիկները ցարական ռեժիմի ատեն, երբեք անոնք չպիտի կարենային իշխանութեան տիրանալ: Եթէ Քաջազնունիի խոհեմ խորհուրդին հետեւին այսօր ռուս յեղափոխական տարրերը, մի անգամ ընդմիշտ պիտի հաշտուին բոլշեւիկեան տաժանելի ու քանդիչ ռեժիմին հետ:

Եւ իրաւ Քաջազնունի այն աստիճան անյուսալի կը համարէ ոեւէ պայքար Խորհրդային իշխանութեան դէմ ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ Ռուսիոյ մէջ, որ թոյլ կուտայ իրեն հետեւեալ քաղաքական իմաստութիւններն յայտնելու.

«Այսօր եւրոպական քաղաքները լեցուն են ամէն գոյնի ռուս էմիգրանտներով (քաղաքական փախստականներով), մեզ պէս կեանքից դուրս ձգուած մարդկանցով (մարքսիստներից սկսած մինչեւ սոցիալիստ-յեղափոխականները): Սրանք բազմաթիւ թերթեր են հրատարակում, գրքեր են գրում, միտինգներ կազմում, կոչեր անում, բողոքում, սպառնում ու հայհոյում, հայհոյում՝ բոլշեւիկներին…»:

«Ես չգիտեմ մի ուրիծ «գործ», որ ա՜յնքան պարապ ու ողորմելի լինէր, որքան սրանց արածն է»:

«Այս բառային որոտ-կայծակներո՞վ է արդեօք, որ արտասահմանեան էմիգրանտները պիտի խորտակեն Խորհուրդների ոյժը, պայթեցնեն ժողկոմները, կտրեն չէկաների գլուխը…»:

«Սա պայքար չէ, այլ անճարակութեան մի խայտառակ ցուցադրութիւն: Բոլշեւիկների դէմ կռուողը ներսից պիտի զարնի, որպէսզի հարուածը տեղ հասնի. իսկ պատսպարուիլ սահմանի ետեւը ու ապահով հեռաւորութիւնից բռունցք ցոյց տալ,-սա մի ժեստ է, որ յամենայն դէպս վայել չէ Հ. Յ. Դաշնակցութեան»:

Քաջազնունի ինչո՞ւ կ’ուզէ մոռացութեան տալ, որ ցարական ռէժիմի դէմ պայքարը նոյնպէս ղեկավարուեր է արտասահմանէն, ուր եղեր են յեղափոխական կուսակցութեանց (եւ նոյն բոլշեւիկներու) կազմակերպչական կեդրոնները, ուր հրատարակուեր են բազմաթիւ թերթեր, գրքեր եւ բրօշիւրներ, ուր ամէն տեսակի դաւադրութիւններ են կազմակերպուեր, ուր վերջապէս ձեւաւորուեր են յեղափոխական ծրագիրները եւ կոփուեր են յեղափոխական կամքերը:

Եւ ո՞վ ըսաւ, թէ պայքարը բոլշեւիկեան ռէժիմի դէմ աւելի դժուար է, քան ցարական իշխանութեան դէմ, որ երեք հարիւր տարուայ անընդհատ կազմակերպութիւն մըն էր եւ ունէր տնտեսական շատ ամուր հիմեր, ինչպէս նաեւ խոր արմատներ էր ձգած ռուս ժողովրդի ճնշող մեծամասնութեան հոգիին մէջ:

Ինչո՞ւ կը դողար այսուհանդերձ ցարական կառավարութիւնը արտասահմանեան յեղափոխականներէն. ինչո՞ւ հսկայ գումարներ կը ծախսէր անոնց աշխատանքը խանգարելու. ինչո՞ւ չէր արհամարհէր «ապահով հեռաւորութեան» վրայ նստած յեղափոխական մարմինները, անոնց գործն ու ոյժը: Որովհետեւ ցարական իշխանութիւնը շատ լաւ կ՛ըմբռնէր, թէ ի՞նչ է յեղափոխական կազմակերպութեանց տիրական ազդեցութեան գաղտնիքը. գիտէր, թէ անոնք են, որ կը պատրաստէն դժգոհ ժողովրդական տարրերու միտքը եւ կը դարբնեն անոնց կամքը յեղափոխական պայքարներու եւ հարուածներու համար. փորձով գիտէր, թէ յեղափոխականի խօսքը կայծ մըն է, որ, թէկուզ «ապահով հեռաւորութենէն» եկած, կրնայ բոցավառել երկրի ժողովրդական զանգուածի հոգիին մէջ ամբարուած վառօդը եւ օր մը օդը ցնդեցնել իր գլխուն նստած ատելի իշխանութիւնը:

Այս բոլորը կը հասկնար ցարական կառավարութիւնը երէկ ու աւելի կը հասկնայ բոլշեւիկեան իշխանութիւնը այսօր, մահու չափ վախնալով ամէն ազատ խօսքէ եւ ընդդիմադիր կազմակերպութենէ:

Ցարական նախարարներէն աւելի բոլշեւիկեան կոմիսարները կը զգան, որ նստած են հրաբուխի վրայ: Եւ ատոր համար է, որ դրակոնական միջոցներով կը խեղդեն այն ամէնը, ինչ որ բոլշեւիկեան չէ. ատոր համար է, որ ցարերու նման ու անոնցմէ ալ շատ աւելի հսկայ գումարներ կը ծախսեն թէ՛ երկրի եւ թէ՛ արտասահմանի մէջ պրոպագանդի համար, որով կը ջանան կասեցնել իրենց հակառակորդներու յեղափոխական աշխատանքը. ատոր համար է, որ կը սարսափին ամէն տեսակի ազատութիւններէ, որոնց մէջ իրենց անխուսափելի մահը կը տեսնեն:

Անոնք՝ բոլշեւիկները, շատ հեռու են Քաջազնունիի պէս արհամարելէ ռուս ընդիմադիր կազմակերպութիւնները, որոնք, ճիշդ է, Քաջազնունիներու ներկայ տրամադրութիւնը ունեցող մարդոց միայն կրնան ծիծաղելի եւ ողորմելի թուալ իրենց այսօրուան անզօրութեամբ, ինչպէս կը թուային թերեւս պոլշեւիկները երէկ ցարական հաւատարիմ հպատակներուն, բայց վաղը կրնան կացութեան տէրը դառնալ յանկարծ, ինչպէս դարձան բոլորի համար անակնկալ կերպով վիլհելմեան վագօններով Ռուսիա մտած բոլշեւիկները:

Քաջազնունի չի ուզեր ըմբռնել, թէ արտասահմանի յեղափոխական փախստականներու ոյժը երկրի ժողովրդի տարերային համակրանքին եւ անոր հետ ունեցած անբաժանելի կապին մէջն է, որ դիւրութեամբ պայքարող կամքը կը դառնայ, ենթարկուելով արտասահմանի առաջնորդութեան: Քաջազնունի չի ուզեր հասկնալ, թէ երկրի մէջ վառօդն է, որ կը պատրաստուի, իսկ արտասահմանի մէջ՝ բոցավառող կայծերը, որոնք այնքան ալ աւելորդ, անզօր ու ողորմելի չեն, որքան կ’ուզէ ցոյց տալ Քաջազնունի:

Քաջազնունի չի ուզեր վերջապէս ըմբռնել, թէ քանի մը յեղափոխական «ողորմելի» թռուցիկները շատ աւելի հզօր, տիրական ազդեցութիւն կրնան գործել տաժանելի լուծի մը տակ տառապող ժողովրդական զանգուածներուն վրայ, քան ատելի իշխանութեան դրոշմը կրող «հսկայ գրականութիւնը», որ մահու չափ ատելի է դարձած բոլորին եւ միայն զզուանք կը յարուցանէ բոլոր շիտակ մարդոց հոգիին մէջ, իր կեղծիքով եւ մենաշնորհեալ վիճակով ու անխուսափելի ձանձրույթով…

Քաջազնունի ապրած է բռնապետական ռէժիմի տակ եւ չի կարող չճանաչել անբաղդատելի տարբերութիւնը յեղափոխական ազատ խօսքի, որ հալածանքի ենթակայ ըլլալով՝ անսահման հմայք կը վայելէ, եւ կառավարական խօսքի, որուն ոչ ոք չի ուզեր հաւատալ այլեւս:

Յետոյ Քաջազնունի կւ մոռնայ, որ ոչ մէկ իշխանութիւն, թէկուզ ամենաբռնապետական իշխանութիւնը, չի կարող ինքն ալ չազդուիլ ընդիմադիր ոյժի մը գոյութենէն ու քննադատութենէն եւ այս կամ այն չափով չմեղմել իր բռնութիւնը, չշիտկել իր սխալները, հաշուի չառնել անոր ձայնը: Իսկ հոն, ուր չկայ ոչ մէկ ընդդիմադիր ոյժ, կը տիրէ կատարեալ սանձարձակութիւն ու անսահման, անզուսպ, յուսահատեցնող բռնութիւն:

Չհասկանալ ընդդիմադիր ոյժի անփոխարինելի շինարար դերը ազգի մը քաղաքական կեանքին մէջ եւ վեր կենալ ու քարոզել անոր բացարձակ ոչնչացումը՝ կը նշանակէ զուրկ ըլլալ քաղաքական տարական հասկացողութիւններէ:

Ներելի՞ է այսպիսի թերութիւն մը քաղաքական գործիչի մը, որ պատիւ է ունեցած նոյնիսկ պետութեան մը վարչապետը լինելու:

Իսկ թէ ի՞նչ «որոշ, կտրուկ, հեշտ ըմբռնելի ու զանգուածներին ոգեւորելու ընդունակ բանաձեւեր» կրնայ ու պէտք է տայ հայկական ընդդիմադիր ոյժը մեր իրականութեան մէջ՝ այդ կը տեսնենք յետոյ, երբ հերթը այդ խնդրին գայ:

 

Շարունակելի, նախորդ հատվածը կարդալ՝ https://www.aniarc.am/2015/11/12/ruben-darbinian-part-one/