5 նոյեմբեր 2015-ին, Մարոնի եկեղեցւոյ պատրիարքութեան շրջափակին մէջ, Պքերքէ, տեղի կ’ունենայ համաքրիստոնէական հաւաք մասնակցութեամբ քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետերուն եւ ներկայացուցիչներուն, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Անտիոքի եւ Համայն Արեւելքի մարոնի եկեղեցւոյ ամենապատիւ կարտինալ Պշարա Ռայի պատրիարքին:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած հայկական խաչքարի բացման արարողութեանը ներկայ պիտի ըլլայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա:
Այս ձեռնարկին մտայղացումը կը պատկանի ազգային բարերար Սարգիս Պուտագեանին: