Ստորեւ` լեզուաբան, մանկավարժ, դասագիրքերու հեղինակ Յարութիւն Քիւրքճեանի զեկոյցը, որ ընթերցուած է «Արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մերձեցման խնդիրները» նիւթով գիտաժողովին:
Ներածութիւն
Լեզուական Փոփոխութիւնները Կարելի` Միայն
Բնական Հոլովոյթով
Լեզուն` առհասարակ, հոգեմտաւոր եւ ընկերաբանական երեւոյթ, իր մշակուած-կարգաւորուած վիճակին մէջ յանգած է գիտական-տրամաբանական կառոյցներու, այնուամենայնիւ կը մնայ ենթակայ բնական, ինքնավար ընթացքի, հոլովոյթի: Խօսելով յատկապէս կենդանի լեզուներու մասին, անոնց այդ հոլովոյթն է, մասամբ ինքնաբեր ու «անկարգ», որ յետադարձ, a posteriori հսկողութեամբ կը փորձեն հակակշռել, կարգաւորել հիմնարկութիւններ, ինչպէս ակադեմիաներ կամ անոնց համապատասխան նման հաստատութիւններ:
Գրաւոր ուրոյն յենարանէ եւ մշակութային վաւերացեալ հիմնագանձէ զուրկ, կամ այդպիսին նկատուած լեզուական տեսակներ, այլապէս թերաճ լեզուներ, կրնան մնացած ըլլալ զուրկ` բնական, ինքնավար ընթացքի այս կարելիութենէն, ենթարկուած a priori որոշ ճնշումի եւ ընթացափոխման: Չափով մը, նոյնպիսի բռնադատումի կրնան ենթարկուած ըլլալ մեծապետական հալածանքի զոհ լեզու-մշակոյթներ. կամ` գաւառաբարբառներ ու բարբառային մշակոյթներ, որոնք տուեալ պահու մը կը կրեն նոյնազգի գրական միակ լեզուի մը ստեղծման ընկերացող ճնշումը: Նոյնիսկ այս վերջիններու պարագային, ճնշուող լեզուներու կամ բարբառներու հարթումը, կատարուող` մշակութային այլազանութեան հաշուոյն եւ բոլոր պարագաներու` ափսոսալի, տեղի կ՛ունենայ աստիճանաբար, յաճախ տարածուելով սերունդի կամ սերունդներու կեանքի ժամանակին վրայ: Բացի ասոնցմէ, լեզուի ընդհանրութեան, կամ անոր այս կամ այն մարզին վերաբերող բռնի արագացման պարագաներ, այսպէս ըսած` հրամանագրային, «դեկրետային» բնոյթի, յատուկ մենատիրական վարչակարգերու, չափազանց հազուադէպ են եղած պատմութեան մէջ, իրենց բացասական հետեւանքներով:
Այսպէս, խօսելով հայերէնի ընդհանրական հոլովոյթին մասին` նոր ժամանակներու մէջ, պարզ է, որ մեր լեզուի գրական զոյգ լեզուաճիւղերու գոյութեան փաստը, հետեւանք` պատմա-քաղաքական բազմադարեան անբնական պայմաններու, յաճախ արծարծուեր է` մերձեցման, նոյնիսկ համաձուլման ջանքերու ծիրի մը մէջ, բայց եւ նոյնքան յաճախ շեշտուեր է այդպիսի մասնակի a priori փորձերու արուեստակեալ եւ անիրագործելի բնոյթը: Տիրող է եղած տեսակէտը` ի նպաստ ներազգային հոգեմտաւոր հաղորդակցութեան, շփումներու սերտացման, որոնց պէտք է ապաւինիլ, որպէսզի աստիճանաբար յառաջանայ լեզուա-մշակութային մերձեցման բնական ընթացք մը:
Հետեւելով մեր պատմութեան միայն վերջին հարիւրամեակի ընթացքին, քննելով Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան եւ հետեւող խորհրդայնացման սկզբնական տարիները եւ անոնց պարփակած իրադրութիւնը` «արեւմտահայ» զանգուածի մը գաղթն ու համախառնումը «արեւելահայ» ազգաբնակչութեան մը հետ, այս ժամանակաշրջանը կարելի է նկատել աննախընթաց առիթ` վերացնելու վերը նշուած լեզուա-մշակութային երկճղումը, եթէ աւելի բնականոն պայմաններու մէջ տեղի ունենար: Եւ այն ատեն հաւանօրէն մեր պետական հայերէնը, թէեւ գերակշիռ արեւելահայերէն տարրերով` բնականօրէն, չափով մը տարբեր ուղղութիւն ստանար: Բայց արեւմտահայ գաղթականութեան բաղադրութիւնը (մեծ մասամբ որբեր եւ ճղակոտոր ընտանիքներ), նաեւ անոնց ընկերա-տնտեսական կացութիւնը, բայց մանաւանդ, աւելի եւս, խորհրդայնացումէն ետք ստեղծուած համահարթիչ պայմանները, բացառեցին այդպիսի փոխհարստացման կարելիութիւն: Ներկայ արեւելահայերէնի ստացած ուղղութեան վրայ այլապէս ազդեցին նաեւ խորհրդային գործիչներու մէկ զգալի մասի ապազգային դիմագիծը, եւ առաջին տարիներու ու տասնամեակներու մշակոյթի շեշտօրէն ռուսամէտ կնիքը, շատ աւելի ուժեղ ու կաշկանդիչ, քան վաթսունականներէն ետք վերահայացման շարժումը: Սրբագրուած, բայց եւ մասամբ անդառնալի հետեւանքներով:
Ուղղորդելի Լեզուական Մարզեր.
Բառամթերք, Դարձուածքներ…
Հիմա՛. եթէ բանաւոր թէ գրաւոր լեզուի ընդհանրական բնորոշ գիծ է դուրս մնալ a priori ծրագրումէ եւ կարգաւորումէ, կա՞ն տարրեր, լեզուական մարզեր, լեզուական խաւեր, որոնց վրայ կարելի ըլլայ ազդեցութիւն բանեցնել. տարրեր, որոնք կարելի ըլլայ քաջալերել, նպաստաւորել, ուղղորդել: Եւ որո՞նք են ասոնք:
– Նախ` հարկ է մեր քննարկումէն հեռացնել ձեւաբանական կառոյցներն ու մեքենականութիւնները առհասարակ` իբրեւ լեզուի կաղապարուած եւ անփոփոխելի տարերք: Այս հեռացումին բնականօրէն պիտի հետեւի նաեւ հեռացումը այդ կառոյցներով ստեղծուող շարահիւսական ոլորտին: Ուրիշ խօսքով, լեզուն` իբրեւ բանաւոր թէ գրաւոր օրկանական էութիւն, իբրեւ կենդանի մարմին, տեղ չունի մերձեցումի ուղղակի փորձերու դաշտին մէջ: Եւ կը մնայ տեսնել մասնակի-անուղղակի ճամբաներ` այդպիսի փորձերու համար:
– Բառամթերք. ընդհանրութեան մէջ` անիկա միեւնոյնն է մեր երկու լեզուաճիւղերուն համար. բայց, գիտենք, կան զոյգեր, որոնցմէ մէկը չի գործածուիր տուեալ լեզուաճիւղին մէջ կամ կը գործածուի տարբեր առումով, տարբեր գործածութեամբ: Սպիտակ-ճերմակ, թողել-ձգել…
– Դարձուածքներ, ոճաբանական ընկալեալ ձեւեր. հոս` լեզուաճիւղէ լեզուաճիւղ ձեւերը բաւական կը տարբերին, եւ համախումբ գոյութեան պայմաններու տէր` հայրենի լեզուաճիւղն է, որ աւելի հարուստ է անոնցմով: Նաեւ անկէ աւելի` արեւմտահայերէնին պիտի անցնին, կ՛անցնին արդէն, ձեւեր:
Առաջարկ.- Այս երկու խաւերու պարագային` երկուստեք աւանդել, փոխադարձաբար ծանօթացնել այդ գործածութիւնները կամ առումները: Թողնելով, որ բնական փոխթափանցում տեղի ունենայ, ինչ փոյթ` հաւանօրէն (ու բնականաբար) արեւելահայերէնի գերակշռութեամբ:
Հնչաբանութիւն. Եռաստիճան Բաղաձայններու Խնդիր
Հոս հարց կը բխի եռաստիճան բաղաձայններու, այսինքն ասոնց առաջին երկու աստիճաններուն (բ-պ, գ-կ, դ-տ, ձ-ծ եւ ջ-ճ)` արեւմտահայերէն առոգանական համակարգին մէջ կրած ծանօթ ձեւափոխումէն: Հարց, որ կը ներկայանայ քանի մը մարզերու մէջ.
– Փոխադարձ հասկացողութեան հարց, այսինքն բանաւոր հաղորդակցութեան շփոթ կրնան ստեղծել նմանաձայն բառեր: Պատասխանատուն` ասոնց տարբեր հնչումն է արեւմտահայերէնի մէջ (բառ-պար, տար-դար-թառ, դանակ-թանաք, բարդութիւն- պարտութիւն…). արտասանութեան` պէտք է աւելի ուշադիր ըլլայ արեւմտահայը, իսկ «սխալ»-ը ճիշդ ընկալելու փոյթ ընէ արեւելահայը: Իրեն կրնայ օգնել փաստը, որ հնչական որոշ մասնաւոր դասաւորումներու մէջ` ինք եւս, արեւմտահայուն պէս, ձեւափոխուած կ՛արտասանէ բ, գ, դ, ձ եւ ջ «մեղմ» բաղաձայնները, ինչպէս բառավերջին կամ կցուած որոշ բաղաձայններու` կարագ, վերջ, դարձ):
– Որոշ յատուկ անուններ, որոնց արտաբերման ուշադրութիւն պէտք է դարձնէ արեւմտահայը. Գագիկ, Գարեգին… Իսկ արեւելահայը ուշադիր պիտի ըլլայ ճիշդ արձանագրելու արեւմտահայաւարի արտասանուած անուններ, եւ բարեկամիս` Կիրակոսին անունը անձնագիրին մէջ չգրէ Գիրագոս` երկու Գ-ով, այլ Կ-երով` Կիրակոս:
– Հոս կ՛արժէ նաեւ փափաք յայտնել եւ խնդրել պահանջելու պէս, որ իբրեւ տառանուններու ճանաչման եւ շփոթներու վերացման կողմնակի քայլ` արեւելահայերէնի կրթական համակարգը հրաժարի այբուբենի տառերու անուանակոչման ա-բը-գը-դը-ի «անգրագէտ» ձեւէն եւ վերադառնայ աւանդական անուանակոչման` այբ, բեն, գիմ, դա, ինչպէս էր արդէն նոյնինքն արեւելահայերէնի կիրարկած ձեւը` դարասկիզբին:
Առաջարկ.- Հոս եւս, ինչպէս վերը, երկուստեք աւանդել, փոխադարձաբար ծանօթացնել տարբերութիւնները: Թողնելով, որ բնական փոխթափանցումը իր ընթացքը վարէ:
Օտար Տեղանուն- Անձնանուններու Տառադարձում
Մնալով միշտ եռաստիճան բաղաձայններու հնչական տարբերութեան ծիրին մէջ, պէտք է հոս դիմագրաւել օտար տեղանուններու եւ անձնանուններու տառադարձման տարբերութիւնները` նոյն հնչական տարբերութենէն բխող: Գիտենք, արեւմտահայերէնը այս անունները ճիշդ արտաբերելով հանդերձ, զանոնք կ՛ուղղագրէ բաղաձայններու արտաբերման իր եղանակով` Ատանա, Արժանթին, Պաղտատ, Պաքու, Պոսֆոր, Ք-Գանատա, փոխան Ադանա, Արգենտին(ա), Բաղդադ, Բաքու, Բոսֆոր, Կանադա… ձեւերուն: Այս վերջինները ըլլալով հայրենի (եւ իրանահայ) հայերէնի կիրարկած ձեւերը, աւելի մօտ` տուեալ բաղաձայններու աւանդական- գրաբարեան արտասանութեան:
Ճիշդը անշուշտ այն պիտի ըլլար, որ միաձեւութեան սիրոյն` արեւմտահայը ուղղագրէր Ադանա, Բաղդադ, Բոսֆոր, Կանադա եւ այլն: Բայց քանի լեզուի բերանացի-բնական ընթացքը կառավարելի չէ «հրամանագրային» ոճով, ան պիտի շարունակէր արտասանել «ճիշդ», բայց իրեն անհամապատասխան գրելաձեւով: Արդէն առանց ատոր ալ` արեւմտահայը այսպիսի անհամապատասխանութիւններ ունի տեղ-տեղ, դասական ծագումով որոշ տեղանուններու պարագային (Դամասկոս, Բեթլեհեմ, որ յաճախ կ՛արտասանէ Տամասկոս, Պեթլեհեմ, գործածելով հանդերձ դասական Դ-ն եւ Բ-ը):
Անշուշտ վերապահութիւն մը պէտք է ընել որոշ` ռուսերէնի կամ այլ զարտուղի, ոչ-հարազատ ճամբով հայերէնի մէջ կիրարկուող տեղանուն-անձնանուններու պարագային, ինչպէս Արգենտինա, Աիդա: Նման պարագաներու, լաւ պիտի ըլլար գտնել հարազատագոյն երրորդ ձեւ մը, ընդհանրական չափանիշներ բաւարարող:
Ուրեմն, փափաքելին պիտի ըլլար արեւմտահայերէնի համար որդեգրել հնչական դասական համակարգը, այսպէս գոնէ մասամբ, եւ սկսելու համար` գրելաձեւի մակարդակին, մօտենալով արեւելահայերէնին, ինչպէս եւ գրաբարին: Կարեւոր նուաճում մը կ՛ըլլար ատիկա` մատչիլ միաձեւ ճիշդ գրութեան, աւելի կարեւոր, քան յեղյեղուկ եւ փոփոխական արտասանաձեւը: Նոյնիսկ, անգամ մը եւս, իր գրելաձեւին եւ արտաբերման ձեւին միջեւ տարամէտութիւն բերելու գինով:
Եռաստիճան Բաղաձայններու Հարցէն Անդին`
Յատուկ Անուններու Ուղղագրման Ընդհանրական Խնդիր
Բայց, նախքան այդպիսի յարակարծային, պարադոքսալ փորձ մը կատարելը, լաւ կ՛ըլլար արծարծել յատուկ անուններու գրելաձեւի ընդհանրական խնդիրը, այնպէս, ինչպէս ըրած է երկու տարի առաջ սփիւռքի նախարարութիւնը, առնելով օգտակար նախաձեռնութիւնը` յատուկ անուններու (օտար եւ հայկական անձնանուններ եւ տեղանուններ) զոյգ ցանկեր յղելով առ ի քննութիւն: Այդ ընդհանրական ծիրին մէջ, օտար տեղանուններու եւ անձնանուններու խնդիրը, մանաւանդ եռաստիճան բաղաձայններու վերոնշեալ հնչական տարբերութեան տեսանկիւնէն բռնուած, կը գրաւէ շատ փոքր, սահմանափակ տեղ մը:
Որովհետեւ, ինչպէս արդէն յայտնուեցաւ յիշեալ ցանկերու քննութենէն, զոյգ լեզուաճիւղերուն միջեւ շեղումները շատ աւելի յաճախ կը բխին աբեղեանասեւակեան եւ դասական գրելաձեւերու տարբերութիւններէն, քան եռաստիճան բաղաձայններու ծանօթ տարբերութենէն: Ի դէպ, հոս, «դասական» բնորոշումը պիտի գործածեմ նախախորհրդային ժամանակաշրջանին կիրարկուած ընդհանրական ուղղագրութեան ձեւին համար, իբրեւ յարմարագոյնը, ի հեճուկս տեղ-տեղ գործածուող անճիշդ, երբեմն մոլորեցուցիչ «աւանդական» կամ «արեւմտահայ» բնորոշումներուն: Այդ «դասական»-ը, նոյնիսկ եթէ լրիւ չի համապատասխաներ նախնական գրաբարէն մեզի աւանդուած ձեւերուն, անկասկած որ ամենամօտ մնացողն է անոր:
Այսպէս, յատուկ անուններու զոյգ ցանկերու քննարկումէն կ՛եզրակացուի.
ա.- Աբեղեանասեւակեան փոփոխումներուն` արեւելահայերէն գրելաձեւին բերած անպատեհութիւնները յատկապէս զգալի կ՛ըլլան` դասական անուններու տառադարձման պարագաներու, ինչպէս Հորդանան (Jordan-էն տառադարձուած` պէտք էր ըլլար Յ), Հունաստան (Ionia-ի արմատէն` պէտք էր ըլլար Յ), Տավրոս (Taurus-էն, պէտք էր` աւ), Պողոս (Paul` պէտք էր ըլլար օ, այսինքն` աւ), Հովսեփ (Jos-էն` պէտք էր ըլլար Յ, դեռ չհաշուած` է-ն), Հովնան (Jon-էն, պէտք էր ըլլար Յ), Եվգինէ (Eug արմատէն` պէտք էր ըլլար Եւգ)… Կարելի չէ, միաձեւութեան սիրոյն, տառադարձական-դասական «որոշ» կանոններ առաջարկել եւ անտեսել ուրիշներ` նոյնքան ու աւելի կարեւոր…
բ.- Այլապէս խնդրայարոյց են` ոչ-տառադարձեալ, հայկական դասական անուններ` Ռուբեն-ը, փոխան Ռուբէն-ի (Ռուբինեան…), Ներսես-ը` փոխան Ներսէս-ի (Ներսիսեան…), Արտաշեսը` փոխան Արտաշէս-ի (Արտաշիսեան…)
գ.- Բայց այլապէս անընդունելի կրնան թուիլ, մանաւանդ գրաբարի վարժ աչք-ականջներու, նաեւ բառիմաստ պարունակող զուտ հայերէն յատուկ անուններ` իրենց ձեւափոխեալ վիճակով` Ադրինե, Աղավնի, Ապավեն, Հարութիւն, Վրեժ: Կամ` ձայնաւորներու անհարազատ զուգորդումով գրուող Աիդա-ն, Նաիրի-ն (մէկը` Այդա, միւսը` Նայիրի): Կամ դեռ` բառամէջի վ-ի հարց ստեղծող Երվանդ-ը:
Զոյգ Գրելաձեւերու Կամ «Ուղղագրութիւններու»
Խնդիրը` իր Ընդհանրութեան Մէջ
Ճիշդ է, որ վերջին այս նշումները մեզ ուղղակի կ՛առաջնորդեն աբեղեանասեւակեան գրելաձեւի եւ դասական գրելաձեւի երկուութեան խնդիրին` ուղղագրական երկուութեան խնդիրին: Տառադարձութեան հարց եւ ուղղագրութեան ընդհանրական հարց, ուզենք թէ չուզենք, սերտօրէն կ՛առնչուին իրարու: Եւ հոս կարելի չէ չանդրադառնալ երկուութեան այս խնդիրին, նոյնիսկ եթէ անիկա գերզգայնութիւններ կ՛արթնցնէ երկուստեք, բայց մանաւանդ հայրենի մշակութային-ակադեմական շրջանակներու մէջ, կարելի չէ չանդրադառնալ, քանի մեր առջեւ «արեւելահայերէն-արեւմտահայերէն մերձեցման» հարցն է, որ կը դրուի:
Խնդիրը, ճիշդ է, բարդ է: Մէկ կողմէ, հայերէնի հայրենի գրելաձեւը, թէեւ օրին` հրամանագրային աքթով պարտադրուած, բայց այսօր գրեթէ հարիւրամեայ տէ ֆաքթօ իրողութիւն է դարձած, որուն փոփոխումը` հակառակ ուղղութեամբ տրուած որոշումով մը` կրնայ իր կարգին ձեւով մը անբնական խախտում կայացնել կամ նկատուիլ այդպիսին: Եւ անոր պետականօրէն ընդունուած գրելաձեւի հանգամանքը, հոգեբանական-մշակութաբանական հասկնալի արժեւորումով մը, զինք կը դարձնէ այսպէս ըսած` տէ ֆաքթօ գերադաս դասական ուղղագրութենէն, որ այսօր կը պահպանուի Պոլիսէն սփիւռք ցրուած արեւմտահայութեան մը եւ փոքր համրանք կազմող արեւելահայախօս իրանահայութեան մը կողմէ միայն:
Իսկ դասական գրելաձեւը կամ ուղղագրութիւնը, իր կողմէ, ունի անվիճելի, կենսական մէկ առաւելութիւն. հայերէնի արմատներուն հետ, գրաբարի գրելաձեւին հետ կապի անխաթար, գրեթէ անփոփոխ պահպանումը. բառերու ստուգաբանական հետեւումի ապահովումը. ինչ որ, պարզ է, մեզի կը զլանայ աբեղեանասեւակեան գրելաձեւը, իր բացած փոսով` իր եւ աւանդական-արմատականին միջեւ:
Ասով կը բացատրուի, որ լեզուա-մշակութային դասական աւանդութեան ու մատենագրական գանձի տէր ոչ մէկ ժողովուրդ յախուռն որոշումով փոխած ըլլայ իր ուղղագրութիւնը, սկսած լատիներէնէ ճիւղաւորուած անգլօ-սաքսոն լեզուներէն, ներառեալ «բիզնեսական» գործնականութեամբ բնորոշուած անգլերէնը` իր զոյգ գլխաւոր ճիւղերով` անգլիական եւ ամերիկեան: Հազուագիւտ պարագաներու, ինչպէս իտալերէնին համար, լատիներէնէն առնուած հեռաւորութիւնները լրիւ պատմական-բնական հոլովոյթի անխուսափելի հետեւանք են եղած:
Ճիշդ է, որ աբեղեանասեւակեան գրելաձեւի բոլոր փոփոխումները «խանգարիչ» չեն գրաբարեան արմատներու հետ կապի տեսակէտէ: Բայց այս մասին` աւելի վար, այս հատուածի առաջարկներու բաժինին մէջ:
Պէ՞տք է եւ կարելի՞ է` բան մը փոխել զոյգ տարամէտ գրելաձեւերու առկայութեան ներկայ տէ ֆաքթօ վիճակէն, առանց կոպիտ, միակտուր դիրքորոշումներու, առանց յախուռն (հակա) քայլերու: Կը հաւատամ, որ կա՛յ ատոր կարիքը, անհրաժեշտութիւնը նոյնիսկ:
Մանաւանդ որ հարցը չի վերաբերիր փաստացի իրողութեան մը` թէ դասական գրելաձեւը ունի՛ կամ չունի կիրարկողներ, թէ ի՛նչ համրանք կը ներկայացնեն անոնք, կամ` պիտի ներկայացնեն վաղը կամ վաղայաջորդ օր: Այլ խօսքով, այդ գրելաձեւի ապահոված կամրջումը հայերէնի ներկային եւ մեր ողջ անցեալի մատենագրական գանձին հետ` էական յատկութիւն մըն է, կապ չունի արեւմտահայախօս (եւ արեւելահայախօս-իրանահայ) մշակոյթի կրող սփիւռքի գոյատեւման կամ անհետացումին հետ: Նոյնիսկ այս վերջին դժբախտ ենթադրութեան պարագային, հայրենի լեզուաճիւղին եւ մշակոյթին համար, ուղղագրութեան խնդիրը` իր ներկայ դրուածքով եւ իր ստեղծած ստուգաբանական խառնարանով, պիտի մնայ ամբողջ, զայն պառակտելով իր անցեալէն:
Մերձեցման Ընդհանուր Ուղղութիւններ
ա.- Մերձեցման ուղի մը պիտի ըլլար` հայրենի ժողովուրդը ընտելացնել դասական գրելաձեւին հետ, այն իմաստով, որ աւանդական սփիւռքի հայութիւնը ընտելացած է, կ՛ընտելանայ աբեղեանասեւակեան գրելաձեւին` առօրեայ մօտ թէ հեռակայ շփումով, մամուլով, մետիա-միջոցներով, իրաւական թէ այլ գործառութիւններու առիթով: Դասականի հետ ընտելացման դաշտը բնականաբար պիտի ըլլայ աւելի սահմանափակ, մասնաւոր: Կրթական համակարգի մէջ ծանօթացման նպատակայարմար ձեւերու որոնման կողքին, բացառապէս դասական ուղղագրութեամբ կարելի է, եւ կը հաւատամ` արդար է, կատարել հրատարակումը արեւմտահայ-սփիւռքահայ (ուրեմն եւ իրանահայ-արեւելահայ) հին թէ նոր հեղինակներու: Հաւանօրէն կարիքն ալ չըլլայ հրատարակչատուներ մասնագիտացնելու այս գործին, որուն համար պիտի բաւէ ուղղագրութեան համակարգչային փոխարկիչ-ծրագիրներու կիրարկումը: Այսքանը` դեռ չառաջարկելու համար ամբողջ նախախորհրդային հայ գրականութեան հրատարակումը դասական գրելաձեւով, այնպէս, ինչպէս անոնք հրատարակուեր են սկզբնապէս: Ճիշդ` ինչպէս ատիկա կը կիրարկուի գրաբար գործերու:
բ.- Մերձեցման աւելի հիմնական ուղի մը պիտի ըլլար հասարակաց գետինի մը որոնումը` ընդմէջ երկու գրելաձեւերուն, թերեւս ի վերջոյ բոլորին կողմէ որդեգրելի: Հարցին լրջութեան անգիտակ չեմ, եւ ատոր համար անիկա հոս, առաջարկէ աւելի, պիտի ներկայացուի իբրեւ շատ ընդհանրական ուղղութիւն մը, գաղափար մը, որ շահեկան պիտի ըլլար ենթարկել նաեւ մասնագիտական քննարկում-վիճարկումի: Նախքան դեռ խօսիլը` մանրամասն, բազմակողմանի մշակումի եւ հիմնաւորումներու մասին, երբ կամ եթէ տեղը գայ…
Ի՞նչ է ուրեմն հոս առաջադրուածը: Վերը նկատուեցաւ, որ աբեղեանասեւակեան գրելաձեւի բոլոր փոփոխումները չեն խախտեր, կամ նոյնքան չեն խախտեր, կապը գրաբարեան արմատներու հետ: Որո՞նք են փոփոխման այս «թեթեւ» պարագաները, որոնց պահպանումը խզումի տեղիք չի տար.
ա.- Դասականի մէջ եա, իւ, ոյ (բառամէջ), այ կամ ոյ (բառավերջ) հնչա-տառակապակցումները, որ աբեղեանասեւակեան գրելաձեւով կը դառնան յա, յու, ույ, ա կամ ո (վերջինները` առանց համր յ-ի): Օրինակ` սենյակ, սյուն, լռություն, տղա, անբարո…
բ.- Դասականի ուա, ուե, ուէ, ուո եւ այլ տառակապակցումները (հնչուող` ւա, ւե, ւէ, ւո եւ այլն), որոնք աբեղեանասեւակեան գրելաձեւով կը դառնան վա, վե, վէ, վո…):
Նոր գրելաձեւի բերած ա. կէտի փոփոխութիւնները «թեթեւ» են անով, որ չեն վերաբերիր բառակազմական մարզի, չեն խաթարեր արմատական կառոյցներ: Ատով եւս` կրնային նկատուիլ բնական հոլովոյթի հաւանական տարրեր: Նոյնը` բ. կէտի (ուա, ուե…) պարագային, ուր իրանահայ արեւելահայերէնի կիրարկած ւա, ւե, ւէ, ւո… ձեւերը` հաւանօրէն ըլլային իրաւախոհական ձեւ մը. ն(ը)ւագ` փոխան նվագի կամ նուագի, ստւեր` փոխան ստվերի կամ ստուերի եւ այլն:
գ.- Հարցը լրիւ տարբեր է` ե-է զոյգի պարագային: Նկատի առած արմատներու մէջ այս երկու ձայնաւորներու կարեւոր ներկայութիւնը, նաեւ նոյնա-նմանաձայն բառերու կամ բարդացում-ածանցումի այլեւայլ պարագաներու անոնց շփոթումէն բխող շփոթը, ուրիշ ձեւ չկայ տուեալ կացութեան սրբագրումին համար` բացի վերականգնելէ անոնց դասական գրելաձեւի համակարգը:
դ.- Հարցը, պարզ է, նոյն ձեւով կը դրուի ո-օ ձայնաւորներու զոյգի պարագային: Անոնց վերականգնումը եւս անխուսափելի է, եթէ կ՛ուզենք կամրջուիլ գրաբարեան բառագանձին հետ եւ բառերու հետեւումը ընել` մինչեւ արմատ ու ծագում:
ե.- Այլապէս, բայց նոյնքան կարեւոր կը ներկանայ հարցը հ եւ յ բաղաձայններու զանազան կիրարկումներուն համար, յատկապէս ասոնցմէ երկրորդի հոլովական նախադաս մասնիկի դերակատարութեան պատճառով` բառասկիզբին: Օրինակներ` յետադարձ, յանկարծ…
***
Այս պատկերացումը կրնայ «ուտոփիական» (երազային-Խմբ.) երեւիլ, բայց անիկա կը հիմնուի հայերէն լեզուի եւ հայ մշակոյթի անվիճելի միութեան չափանիշին վրայ` այսօրուընէ դէպի իր տասնհինգդարեան անցեալը: Եւ, կ՛արժէ կրկնել, ոչ մէկ ձեւով կը յղուի արեւելահայերէն-արեւմտահայերէն կամ Հայաստան-Սփիւռք որեւէ երկուութեան. հայրենի հայերէնին ուրոյն, էական խնդիրն է` անցեալի եւ աւանդութեան հետ կապի իմաստով:
Յամենայն դէպս, եթէ անիկա անընդունելի նկատուի այս կամ այն դրդումով, կը մնայ կիրարկել երկու գրելաձեւերու զուգահեռ գոյակցութեան ձեւը, արդէն նշուած` հիները հրատարակել բացառապէս դասականով, անոր ընտելացնելու` հայրենի ժողովուրդը:
Այսպիսի գոյակցութիւն «անգրագէտ» պիտի չդարձնէ, խառնաշփոթ չստեղծէ ժողովուրդի մշակեալ խաւին համար, ինչպէս չի դարձներ գրաբարի մէջ անոր կիրարկումը` զայն ճանչցող մշակեալ խաւին համար: Ընդհակառակը, կը տրամադրէ գրելաձեւի ընտանի պատկեր մը, երկրորդ գրելաձեւ մը, կապը` նախորդ մէկ-երկու դարերու գրական գանձին հետ, ընդլայնելով հայաշխարհի անոր ընկալումը` հայրենի ներկայի վերջին հաշուով անձուկ սահմաններէն անդին, թէկուզ, բարեբախտաբար, պետականութեան կարգավիճակով:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ
ԱԶԴԱԿ, 5 Սեպտեմբեր, 2015թ.