Յասմիկ Պապեան եւ Բարսեղ Թումանեան հմայեցին հանդիսականները. երաժշտական երեկոյ նուիրուած 100-ամեակին

1233

Կիրակի, 19 Յուլիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան 100-ամեակի նուիրուած Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան, եկեղեցական արարողութիւններուն եւ ձեռնարկներուն համար աշխարհի չորս կողմերէն Լիբանան ժամանած ուխտաւորները եւ Լիբանանի երաժշտասէր հանրութիւնը լեցուցած էին Պիքաֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի շրջափակը: Անոնք եկած էին ունկնդրելու եւ ըմբոշխնելու հայ երաժշտութիւնը:

117

Հանդիսութիւնը կը հովանաւորէր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը եւ կը նախագահէր Ազգային Բարերար Տէր եւ Տիկ. Ալեքքօ Պէզիքեան: Ներկայ էին Կաթողիկոսութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն հրաւիրուած եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը եւ ներկայացուցիչները, որոնք ժամանած էին, Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն, Ափրիկէէն, Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկաներէն եւ Հնդկաստանէն:

Fazlian

Պէյրութի սիմֆոնիք նուագախումը ղեկավարութեամբ մայսթրօ Յարութ Ֆազլեանին մեկնաբանեց Արամ Խաչատրեանի եւ այլ հայ երաժիշտներու գործերը: Երեկոն յատուկ հմայք ստացաւ երբ աշխարհահռչակ սոփրանօ Յասմիկ Պապեան եւ թենոր Բարսեղ Թումանեան իրենց թովիչ ձայներով հմայեցին հանդիսականները: Սուրբ Աստուածածին Վանքի Հայոց Ցեղասպանութեան երկնասլաց յուշարձանը, որուն հովանիին տակ տեղի ունեցաւ համերգը, կարծէք միջնորդ կը հանդիսանար դէպի երկինք փոխանցելու Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը պանծացնող հայ հանճարներուն ստեղծագործութիւնները:

Barsegh

Արդարեւ, պատմութիւնը վկայ եղաւ, որ հայ ժողովուրդի ստեղծագործ ոգին է, որ յաղթահարեց ու կը շարունակէ յաղթահարել պատմութեան բոլոր ոսոխներուն: Շուրջ մէկ ու կէս ժամ տեւող համերգի աւարտին ներկայ հազարաւոր ժողովուրդը յոտընկայս ծափողջոյններով գնահատեց նուագողներուն ու մենակատարներուն բացառիկ կատարողութիւնը:

hamerg

Երաժշտական երեկոյին փակումը կատարելով, Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց սիմֆոնիք նուագախումբի ղեկավար մայսթրօ Յարութ Ֆազլեանին, աշխարհահռչակ երգչուհի եւ երգիչ Յասմիկ Պապեանին եւ Բարսեղ Թումանեանին, ինչպէս նաեւ նուագախումբի բոլոր անդամներուն, որոնք հայ երաժշտութեան առթած յուզմունքներով ու խոյանքներով լիցքաւորեցին ներկաները:

BEZIKIAn

Ապա, Նորին Սրբութիւնը բեմ հրաւիրեց Սուրբ Աստուածածին Վանքի նահատակաց ու վերածննդեան յուշարձանի համալիրի, Թռչնոց Բոյնի Հայոց Ցեղասպանութեան «Արամ Պէզիքեան» Որբերու թանգարանի եւ Անթիլիասի Նահատակաց մատրան բարերար Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանը, ընտանիքի անդամներով: Բարձր գնահատելէ ետք Պէզիքեան ընտանիքի իշխանական բարերարութիւնը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով հայ ժողովուրդին, «Ասպետ»ի կարգի շքանշանով պարգեւատրեց Տիար Զարեհ Պէզիքեանը (յայտնենք որ մի քանի տարիներ առաջ Վեհափառ Հայրապետը «Իշխան»ի կարգի շքանշանով պարգեւատրած էր Տիար Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանը):

234-1024x720

Նորին Սրբութիւնը նաեւ գնահատանքով անդրադարձաւ Կաթողիկոսարանի Կալուածոց յանձնախումբի կատարած աշխատանքին, որ մօտէն եւ կամաւոր կերպով հետեւած էր ընդհանրապէս Կաթողիկոսարանի շինարարական աշխատանքներուն եւ յատկապէս վերոնշեալ շինարարութիւններուն, եւ ապա, «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց ճարտարապետներ Վահէ Գալինճեանը եւ Վազգէն Չէքիճեանը (յայտնենք որ Վեհափառ Հայրապետը պարգեւատրած էր նոյն յանձնախումբի անդամներէն ճարտարապետ Յակոբ Աթէշեանը եւ 2006-ին ճարտարապետ Յակոբ Շամլեանը):

http://www.armenianorthodoxchurch.org/archives/13220