«Թռչնոց Բոյն»-Էն Փողոց, Ապա Համերգասրահի Բեմ Ու ՄԱԿ-ի Ամպիոն. Վարդան Մելքոնեան

1066

Վարդան Մելքոնեանին կեանքի պատմութիւնը կրնայ նոր սերունդներուն համար դաստիարակիչ ըլլալ եւ, հաւանաբար, մարդկային արժէքներու ջատագովման ծառայող շարժանկարի մը համար լաւ հիմնաքար մը:

Մելքոնեան 1950-ական թուականներու սկիզբը, մինչեւ ութ տարեկան ըլլալը, ապրած է Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն» որբանոցին մէջ, որմէ ետք խումբ մը ճակատագրակիցներու հետ իր կեանքը շարունակած է Պէյրութի փողոցներուն մէջ փնտռելով «հանապազօրեայ հաց»-ը եւ գիշերուան համար ալ` ծածկ մը: Այդ տխուր ու անհեռանկար վիճակէն կրցած է դուրս գալ շնորհիւ երաժշտութեան, որ մխիթարութիւն մը ըլլալուն կողքին, վերածուած է անոր փրկութեան լաստին: «Ես երաժշտութիւնը չընտրեցի, այլ երաժշտութիւնն էր, որ զիս ընտրեց», կ՛ըսէ Մելքոնեան` պատմելով, որ չորս տարեկանին, «Թռչնոց բոյն» ուղարկուելէ ետք, անմիջապէս հմայուած է տեղւոյն դանիացի միսիոնարներուն սորվեցուցած հոգեւոր երգերով, որոնք դաշնաւորուած ու բազմաձայն էին եւ սկսած է փորձ կատարել զանոնք իր դաշնաւորումով կատարելու: «Չեմ գիտեր, թէ ո՛ր մէկը ատոր ծննդեան պատճառն էր, ինքնեկ երաժշտական տաղա՞նդս, թէ՞ ինծի պարտադրուած երաժշտութիւնը», կ՛ըսէ ան:

VE_VartanՓողոցը յայտնուելէ ետք Մելքոնեան իր շուրջ հաւաքած է իր նման այլ «փողոցի մանուկներ» եւ հակառակ անոր որ նոյն լեզուն չէին խօսեր, անոնցմէ կազմած է երգչախումբ մը, որուն անդամները բացառապէս վոքալիզ կը կատարէին, աւելի ճիշդ` իրենց քիթին տակէն կ՛երգէին: Այս «փողոցի տղոց» երգչախումբը հանրածանօթ կը դառնայ եւ ժողովրդականութիւն կը վայելէ մասնաւորաբար ամերիկացի նաւաստիներու մօտ: Հետագային Մելքոնեան իր երաժշտական ասպարէզը կը շարունակէ շարք մը երաժշտական խումբերու մէջ` մինչեւ իսկ ելոյթ ունենալով «Քազինօ տիւ Լիպան»-ի մէջ, որ օրին վերապահուած էր միայն արտասահմանեան խումբերու: 1972-ին կը գաղթէ Մեծն Բրիտանիա, ուր երաժշտական ասպարէզը շարունակելով եւ հակառակ որեւէ երաժշտանոց յաճախած չըլլալուն, շնորհիւ դասական երաժշտութեան նկատմամբ իր ունեցած մեծ սիրոյն, Մեծն Բրիտանիոյ եւ արտասահմանի մէջ իբրեւ խմբավար ելոյթներ կ՛ունենայ աշխարհի  դասական երաժշտութեան ամէնէն ականաւոր նուագախումբերուն` Լոնտոնի ֆիլհարմոնիքի, Լոնտոնի սիմֆոնիքի, Լոնտոնի արքայական ֆիլհարմոնիքի եւ «Ֆիլհարմոնիա»-ի հետ:

Երաժշտութեան այս նոր ու բարձր մակարդակին վրայ իր առաջին ելոյթը ունեցած է 1985-ին, երբ Լոնտոնի արքայական սիմֆոնիք նուագախումբը ղեկավարելով` կատարած է Պեթհովենի վեցերորդ համանուագը: Այդ կտորին ընտրութիւնը պատահականութեան մը արդիւնքը չէր, այլ անոր արմատը կը գտնուէր «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ, ուր, Մելքոնեանի վկայութեամբ, Մարիա Ճէյքըպսըն յաճախ կ՛ունկնդրէր օրին փոքրիկն Վարդանի համար անծանօթ եւ խորհրդաւոր, սակայն դանիացի միսիոնարին նախասիրած երաժշտական այս գոհարը:

2005-ին Մելքոնեան Լոնտոնի սենեկային նուագախումբին հետ Մարիա Ճէյքըպսընի յիշատակին նուիրուած ելոյթի մը ընթացքին ներկայացուցած է դանիացի մարդասէրին գործունէութիւնը եւ ի պատիւ անոր` անգամ մը եւս կատարած է այս երաժշտական կտորը, ինչպէս նաեւ` Մոցարթի 40-րդ համանուագը, որ դարձեալ Ճէյքըպսընի նախասիրածներէն մէկը եղած է: «Երաժշտական ակադեմական կրթութիւն ստացած չըլլալուս համար այլ կերպ կը մտածեմ այդ հաստատութիւնները աւարտածներէն, ինչ որ, կը կարծեմ, արուեստիս շուրջ հետաքրքրութիւն ստեղծած է», կը նշէ ան:

2010-ին, օրին Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Ճոն Մէյճըրի կողմէ նշանակուած է Փողոցի մանուկներու ընկերակցութեան հովանաւոր, պաշտօն մը, որ կը շարունակէ վարել նախկին վարչապետ Մէյճըրի կողքին, ինչպէս նաեւ` ՄԱԿ-ի մօտ ընկերակցութեան դեսպան, եւ իբրեւ այդպիսին` 2 նոյեմբեր 2011-ին ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած ժողովին ընթացքին խօսք արտասանած է, իսկ 20 նոյեմբեր 2012-ին Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանին մէջ արտայայտուելով ի նպաստ փողոցի մանուկներու պաշտպանութեան վերաբերող 16/12 բանաձեւի որդեգրման:

Մելքոնեան յայտնեց, որ այս նոր պաշտօնը չի խանգարեր երաժշտական ասպարէզին, այլ զայն կ՛ամբողջացնէ: Այդ նշանակումը պատահականութեան մը արդիւնքը չէ եղած: ՄԱԿ-ի Մարդասիրական հարցերու գրասենեակը տարիներով ուզած է գտնել անձ մը, որ «փողոցէն եկած» է եւ կրցած է կեանքի մէջ յաջողիլ եւ ընկերութեան մէջ արժէքաւոր ներդրում մը ունենալ: Լսելով իր մասին` անոնք իր համերգներուն ուղարկած են «լրտեսներ», որոնք ունկնդրած են անոր կատարողական արուեստն ու բացման խօսքերը. յանկարծ օր մըն ալ զինք ճաշի հրաւիրած են Մեծն Բրիտանիոյ Լորտերու պալատ ու խորհրդարան, ինչ որ օրին Մելքոնեանին համար «խորհրդաւոր» թուած է, եւ օր մըն ալ անոր զրուցակիցները ըսած են. «Կ՛ուզենք վերջ տալ այս բոլորին. կ՛ուզենք, որ ՄԱԿ-ի մօտ փողոցի մանուկներու դեսպանը ըլլաս»:

Ան իր համամտութիւնը տուած է, որմէ ետք է, որ նշանակուած է Փողոցի մանուկներու ընկերակցութեան հովանաւոր, պաշտօն մը, որ մեծապէս կը խօսի Մելքոնեանի սրտին: Մտածելով այս բոլորին մասին` ան կ՛եզրակացնէ, որ փողոցի մանուկները ունին որեւէ այլ մանուկի չափ ներուժ, որ ինքզինք պիտի արտայայտէ, եթէ այդ մէկը կատարելու առիթ տրուի: «Առիթները բազմաթիւ են եւ իբրեւ երէցներ` մեր պարտականութիւնն է մանուկներուն տալ այդ առիթները», կ՛ըսէ Մելքոնեան:

Մելքոնեան տարեկան 2-3 անգամ կ՛այցելէ Լիբանան, եւ երբ կ՛այցելէ «Թռչնոց բոյն», կ՛ապրի խառն զգացումներ` ուրախութիւն ու տխրութիւն, որ անբացատրելի է եւ կարելի չէ զայն մէկ բառով բացատրել: «Չեմ կարծեր, թէ աշխարհի մէջ շատ են այն մարդիկը, որ միատեղ ուրախութիւն եւ տխրութիւն կը զգան», կը նշէ ան:

Մելքոնեան կը շարունակէ կապ պահել «Թռչնոց բոյն»-ի իր դասընկերներուն հետ, որոնք կը նկատէ իր անմիջական ընտանիքը: «Ռուբէնը Դանիա կը գտնուի, Յովհաննէսը` Հոլանտա: Անոնք իմ տարեկիցներս էին, որոնց հետ Պէյրութի փողոցներուն մէջ կ՛ապրէինք: Շաբաթական դրութեամբ անոնց հետ կը խօսիմ եւ յաճախ անոնց կ՛այցելեմ: Մեր «աւազակախումբի» անդամներէն Գարեգինը, ցաւօք, 7 ամիս առաջ մահացաւ, եւ ես շատ տխուր կը զգամ, որ «հոգեւոր» եղբայրներէս մէկը կորսնցուցի», կը յայտնէ ան:

Պատասխանելով «ուրեմն կարելի՞ է ըսել, որ անոնցն ալ կեանքի մէջ յաջողութեան պատմութիւն է», հարցումին Մելքոնեան ըսաւ. «Որոշ ձեւով` այո՛. անոնք Եւրոպա գացին եւ այդտեղի հասարակութեան հետ համարկուեցան: Յաջողութիւնը բազմաթիւ տարբեր ձեւերով կարելի է արժեւորել: Անոնք անկասկած յաջողած են. առնուազն չմնացին փողոցը, անտուն եւ առանց ինքնութեան: Անոնք յաջողեցան, որովհետեւ հայ էին. երբ հայ ես` աքսորի մէջ ես եւ շարունակ կը ջանաս ձեռքբերում մը արձանագրել, չես գիտեր` ինչպէ՛ս, եւ այդ մէկը քեզ յառաջ կը մղէ յաջողելու քու գործիդ մէջ: Կը կարծեմ, որ ատիկա անոնց, նաեւ իմ եւ սփիւռքի ոեւէ անհատի մղիչ ուժն է»: Ան մաղթեց, որ այդ մղիչ ուժը կենդանի մնայ սփիւռքահայերու սրտերուն մէջ, եւ անոնք ինքնագոհութեան չյանձնուին, որովհետեւ` «հայերը հասարակութեան մեծ բան ունին տալիք»:

Խօսելով կեանքի դասերուն մասին` Մելքոնեան կը յայտնէ. «Մանկութեանս փորձառութենէն սորված դասս ընկերներու եւ ընտանիքի հետ ունեցած կապի կարեւորութիւնն է, կարիքի պահուն զանոնք պաշտպանելը եւ անոնց կողմէ պաշտպանուած ըլլալու յոյսը: Ասոնք են, որ սորված եմ ոչ թէ ջանք թափելով, այլ` վերապրելու կարիքի բերմամբ: Բարեկամութիւնը եւ անկեղծութիւնը ասոնք են կարեւորը. ի վերջոյ կրնանք ոեւէ մէկուն մօտ վատ կէտեր գտնել, եթէ զանոնք փնտռենք: Կարեւորը տեսնելն է մարդոց բարի արարքները եւ մարդիկը արժեւորել անոնց բարի արարքներով. այդ մէկը կատարելով` դուն եւս լաւ մարդ մը կը դառնաս»:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ, ԱԶԴԱԿ

http://www.aztagdaily.com/archives/209883