In Memoriam. Կորիւն Արք. Պապեան (1941-2015)

1512

Մայիս 21, 2015, Լիբանանի մէջ վախճանած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երէց միաբաններէն` Գերշ. Տ. Կորիւն Արք. Պապեան:

Վերջին օծման ու թաղման կարգը պիտի կատարուի Շաբաթ, 23 Մայիս 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին։ Ապա, Սրբազան Հօր մարմինը պիտի ամփոփուի Կիլիկեան Ուխտի միաբանական դամբարանին մէջ, Մայրավանքի շրջափակէն ներս։

Աւազանի անունով Վարդգէս, ծնած է Պուրճ Համուտի Նոր Արագած թաղամասին մէջ։ Յաճախած է Նոր Սիսի Աքսոր Գասարճեան – այդ օրերուն Լուսինեան – Ազգային երկսեռ վարժարանը։ Իր միջնակարգ ուսումը կատարելէ ետք Պէյրութի Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանին մէջ, 1957-ին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Ժառանգաւորաց բաժնի աւարտական դասարանը եւ 1958-ին ձեռնադրուած է Սարկաւագ։ Այնուհետեւ երեք տարիներ հետեւած է Դպրեվանքի Ընծայարանի դասընթացքներուն եւ ձեռնադրուած է Կուսակրօն Քահանայ, ձեռամբ Տ. Տ. Զարեհ Ա. Կաթողիկոսին, 28 Մայիս 1961-ին եւ վերակոչուած՝ Տ. Կորիւն Աբեղայ։

Տարի մը Դպրեվանքին մէջ ուսուցչական պաշտօն վարելէ ետք, առաքելութեամբ մը կը ղրկուի Գամիշլի՝ որպէս ուսուցիչ հայերէն լեզուի եւ կրօնական նիւթերու՝ տեղւոյն Ազգային Միջնակարգ վարժարանին մէջ, միաժամանակ ունենալով շրջաններու այցելու հոգեւոր հովիւի պաշտօնը։

1963-ին Բերիոյ Թեմի Քաղաքական եւ Կրօնական Ժողովներու կողմէ կը կոչուի Ճէզիրէի շրջանի Առաջնորդական Փոխանորդութեան պաշտօնին։    Նոյն տարին աւարտելով Յովաննէս Պատմաբան Կաթողիկոս Դրասխանակերտացիի կեանքին եւ գործին նուիրուած իր Վարդապետական աւարտաճառը, ձեռամբ Տ. Տ. Խորէն Ա. Կաթողիկոսին կը ստանայ Վարդապետական գաւազանի իշխանութիւն։

1967 թուին կը մեկնի Անգլիա, հետեւելու աստուածաբանական եւ հայագիտական բարձրագոյն ուսմանց Օքսֆորտի համալսարանի մէջ։ Աւարտելով իր B. Lit. տիտղոսի աշխատանքները, կը վերադառնայ Անթիլիաս 1973-ի աշնան եւ Դպրեվանքին մէջ կը դասաւանդէ եկեղեցագիտական, աստուածաբանական եւ լեզուական նիւթեր, միաժամանակ յառաջ տանելով իր ուսումնասիրական-բանասիրական աշխատանքները։ 1977 թուականի ամրան կը տիրանայ Աստուածաբանութեան եւ Արեւելագիտութեան ճիւղերէն Օքսֆորտի Համալսարանի տոքթորայի տիտղոսին, իրեն նիւթ ունենալով Հայ եւ Վրաց եկեղեցիներու փոխ-յարաբերութեանց (The Relations Between The Armenian and Georgian Churches) եւ այլ յարակից խնդիրներու պատմութիւնը՝ 224-620 թուականներու։

1978-ին կը մեկնի Նոր Ջուղա, Սպահան, որպէս Առաջնորդական Տեղապահ եւ նոյն տարին Տ. Տ. Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսի ձեռամբ կը ստանայ Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճան։ 1978-ին Սպահանի Թեմի 23-րդ Պատգամաւորական Ժողովը զինք կ’ընտրէ Առաջնորդ։ 1980-ի Մայիս 18-ին ան կը ստանայ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում ձեռամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսի։ Իսկ 19 Յունիս 1986 թուականին, դարձեալ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Սրբատառ Կոնդակով ան կը ստանայ Արքութեան տիտղոս և պատիւ։

2002 թուականին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ կը նշանակուի Քուէթի եւ Ծոցի երկիրներու Կաթողիկոսական փոխանորդ, ուր կը ծառայէ մինչեւ 2011 թուական։ 2011-ին ան կը վերադառնայ Սուրբ Աթոռ՝ Անթիլիաս եւ կը նուիրուի բանասիրական աշխատանքներու։

Հոգելոյց Սրբազանը աշխատակցած է հայ մամուլին եւ ունի գրական, քերթողական գործեր եւ բանասիրական բազմաթիւ աշխատասիրութիւններ և յօդուածներ։

http://www.armenianorthodoxchurch.org/archives/12254